Նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
12 <Առ «Օրագիր»>
       Մ. [եծապատիւ ] խմբագիր.
       Անցեալ ձմեռ Մայրաքաղաքիս Թուրքո֊Հայկական թատերախմբին յուշարար Տիգրան Գալեմճեան անուն անձը իմ հեղինակութիւնքն եղող երկու Ազգային թատերախաղ ընդունեց ինէ, որոց անուանքն են ՍԵՒ ՀՈՂԵՐ ԵՒ ԿՈՐ ԾԱՆՈՒՄՆ ԱՆԻ ՄԱՅՐ ԱՔԱՂԱՔԻՆ ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԵԱՆ, սա պայմանով, որ նոցա արժէգինքը անպատճառ պիտի վճարէր Պ. Տիգրան՝ յիշեալ թատերախաղաց ներկայացման միջոցին: Վերոյիշեալ թատերախաղերը անցեալ ձմեռի վերջերը ներկայացուեցան եւ, ըստ սովորութեան, արգոյ Հայ հասարակութեան կողմէն ջերմ ընդունելութիւն գտին՝ ըստ վկայութեան իմ հանդիսատես բարեկամաց, վասնզի դժբախտաբար հիւանդութեան պատճառաւ, ես ինքնին չը կրցի վերոյիշեալ ներկայացմանց ներկայ գտնուիլ եւ ծափահար հասարակութեան իմ անկեղծ շնորհալիքն արտայայտել: Պ. Տիգրան մինչեւ հիմա թատերախաղերս գրեթէ անվճար թողելէ զատ վասնզի պահանջէս դուզնաքեայ մաս մ՚եմ միայն դեռ ընդունած խաղատետրերս ալ իր ճանկը անցուցած՝ թէ զանոնք ինձ վերադարձնելու եւ թէ նոցա արժէգինքը ամբողջ ինձ յանձնելու մասին նենգամիտ դժկամութիւն մը կը յայտնէ:
       Ուստի, այս օրէն ներկայիւս կը յայտարարեմ թէ առանց յիշեալ թատերախաղուց արժէգինքը ամբողջապէս ինձ վճարելու՝ նոցա գալիք բոլոր ներկայացմանց իրաւունքը իրաւանց զօրութեամբ ինձ կը վերապահեմ իբրեւ հեղինակ, եւ եթէ Պ. Տիգրան անիրաւաբար իմ այս յայտարարութեան ականջ խցելու յանդգնի կամ վերոյիշեալ թատերախաղերը ինձ չը վերադարձնէ եւ կամ նոցա արժէգինքը ինձ չը վճարէ՝ պատասխանատու կը հրատարակեմ զինքը Դատաստանական բարձրագոյն ատեանի առջեւ:
       Պ . Դուրեան
       30 Սեպտ. 1871
Սկիւտար