Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Իր սովորութիւնն էր իրիկուան ճաշէն վերջը շրջագայութիւն մը ընել ծովուն վրայ. կը սիրէր ծովն. անոր հետ, անոր քովը մեծցեր էր Տիւրիւկ իրենց տանը մէջ. հարս երթալէն վերջն երկու տարի միայն հեռու ապրեր էր անկէ, Բերայի աղմուկին ու փոշիին մէջ բանտարկուած, զզուած անոր աղտոտ մթնոլորտէն, իր ծովեզերեայ տանը կարօտը քաշելով, եւ միշտ փնտռելով անոր ազատ ու լայնատարած հորիզոնն եւ կապուտակ ալիքները։

Երկու տարուան հարս էր երբոր, այրի մնացած՝ պարտաւորեցաւ հօրը տունը դառնալ, չի կրնալով համաձայնիլ իր կեսրոջը հետ, որ չէր ներեր իրեն ողջ մնալը զաւկին մեռնելէն վերջը։

Այս վերադարձէն շատեր նոր ամուսնութիւն մը գուշակեր էին։

Կէնճ է, կ՚ըսէին կիներ։

Աղուոր է, կ՚ըսէին էրիկ մարդիկ։

Գեղեցիկ ու երիտասարդ էր. բայց վէս ու առնական գեղեցկութիւն մը, որ դիմացինը կը շփոթէր ու յառաջնալէ կ՚արգիլէր։

Իր սեւ աչքերը թաքուն կայծակներով լեցուն կը թուէին, եւ ոչ ոք կը համարձակէր անոնց խորը նայիլ։

Հպարտ ու առանձին կը մնար իր երիտասարդ այրիի սուգին մէջ քաշուած, գլուխ չի դարձնելով երբեք երիտասարդաց շաղակրատ ու սեթեւեթեալ խօսքերուն։

Չորս տարիէ ի վեր որ հօրը տունն էր, սուգէ չէր ելած դեռ ու բամբասող կիները՝ նախանձաբեկ անոր ազդած բացառիկ հրապոյրէն՝ կ՚ըսէին իրարու.

Սեւերը կը վայլէ, անոր համար չի հաներ։

Արդարեւ կը վայլէր իրեն սեւը. ճերմակ մորթին փափկութիւնը կը շեշտէր. իր առատ մազերուն սեւաթոյր փայլին կը յարմարէր. բարձր ու վայելուչ հասակին բոլոր առաւելութիւնը կը ճշդէր։

Աղջիկները չէին քաշեր զինքն. անոր շուրջը դարձող արանց բազմութիւնը կը յուսահատեցնէր զիրենք. այս երիտասարդ կինն իրենց իրաւունքներն ու յոյսերը կ՚ոչնչացնէր. կը բողոքէին.

Թո՛ղ կարգուի ու ասանկ բոլոր էրիկ մարդիկը գլուխը չի ժողվէ։

Եւ սակայն Տիւրիւկ ձեռքէն եկածը կ՚ընէր զանոնք հեռացնելու համար։ Բարձր ու գոռոզ սարի մը պէս անմատչելի կը կենար իր գեղւոյն ու սուգին մէջ։