Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յետոյ փոթորիկին յիշատակը միայն մնաց։

Տիկինը մէյ մըն ալ իրիկունները չելաւ ծովուն վրայ շրջագայելու. ի զուր նաւավարը ամեն ապահովութիւն տուաւ իրեն. հեռուն չի պիտի երթային, ո՛չ ծովեզերքը միայն. մակոյկը դիմացկուն ու վստահելի էր։ Հանըմը իր որոշման վրայ հաստատ մնաց։ Այն գիշերուընէ ի վեր իր նաւավարին երեսը տեսնել չէր ուզեր կարծես. կ՚զգուշանար անոր հանդպելէ եւ երբ պարտաւոր էր խօսք մը ուղղել իրեն, ցամաք ու հրամայական շեշտ մը ունէր միշտ։

Զայրոյթ մը կար հիմա իր սրտին մէջ անձնատուր ըլլալուն համար այս պատանի սպասաւորին. այդ վայրկեանն որուն ախտաբորբոք անհամբերութեամբ մը սպասած էր ատեն մը, ամօթ ու արատ մը կը թուէր այժմ իր յագեցեալ սրտին։ Իրեն հաւասարներէն շատերու աղերսներն արհամարհած էր ու կը զարմանար այս ռամիկ տղուն յաջողութեան համար։

Փոթորիկն իր գլխուն վրայ եւ իր հոգւոյն մէջ գոռացեր ու անցեր էր. ու մոռնալ կ՚ուզէր ալ այդ վրդովեալ գիշերը, մինչդեռ նաւավարն ընդհակառակն յիշել ու յիշեցնել կը ջանար այդ երանաւէտ ու արհաւրալից վայրկեանները. իր տիրուհւոյն շուրջը կը դառնար շարունակ, կենդանի յանդիմանութեան մը պէս անտանելի դառնալով։ Չէր կրնար երբեք պատմել իր երջանկութիւնն ու բաղդը, չէր համարձակեր իր տիրուհւոյն խօսիլ անոր նուաղման միջոցին պատահածներուն վրայ. եւ իր սրտին ու մտքին մէջ ամփոփուած այդ երջանիկ նուաղումը իրականութենէ աւելի երազի մը նման պարզապէս երեւակայական բան մը կ՚ըլլար, բայց ոչ առանց խորապէս վրդովելու իր նոր արթնցող երիտասարդի հոգին։

Վայրկեաններ կուգար ուր ժամերով լռիկ նստելէ վերջ իր խոհանոցի քովի փոքրիկ խուցին մէջ, ու աչքերովը պատկերացնելէ վերջն իր անհաւատալի երազին բոլոր մանրամասնութիւններն, անդիմադրելի բան մը կը մղէր զինքն իր հանըմին երեսն ի վեր ըսելու իր սիրատոչոր իղձերն ու տառապանքը. վերջապէս այդ ձիւնաթոյր ու ջերմիկ մարմինն ինքն էր փրկած ծովուն անդունդներէն եւ իրենը պէտք է լինէր ամեն բանէ առաջ։

Լռին, առանձնակեաց ու վայրենի կը դառնար հետզհետէ. գործ չի կար տանը մէջ իրեն համար. մակոյկը չէին նստեր. եւ աւելի իրեն վարձք մը տալու համար վար դրած էին զինքը քան թէ իրական ծառայութեան մը ակնկալութեամբ. կ՚զգար զայս ու կը տրտմէր. այս ողորմութիւնը ծանր կուգար իր սրտին. շատոնց պիտի խոյս տար այս տունէն եթէ իր հանըմին տեսքէն կարօտ մնալը դժնդակ ու մահացու զրկում մը չի թուէր իրեն։ Իրաւ է որ անվտանգ ազատեր էին փոթորիկէն, բայց մահուան այսքան մօտ դեգերիլը պակասութեան մը արդիւնք համարուած էր տանը մէջ ու նաւավարն աչքէ ինկած կ՚զգար ինքզինքը. յանցաւորի մը պէս զայն մեղքնալնուն համար միայն չէին պատժեր. անշունչ ու անտեսանելի մնալու կը ջանար ալ. երբեք մտքէն չանցաւ որ ապերախտութիւն մ՚էր տնեցոց զինքն այսպէս լքանելն. հիմա անօգուտ, բայց ատենօք անձնուէր եղող շան մը պէս չէին վռնտեր զինքը, բայց չէին ալ ուզեր։

Այս ցաւը՝ փոթորկին սարսափին եւ անոր պարգեւած երանութեան ու անհամար իղձերուն յաջորդելով՝ խանգարեց իր տկար իմացականութիւնը։

Վրան մէրաք եկաւ, կ՚ըսէին զինքը մեղքնալով, մինչդեռ երիտասարդ այրին իր անտարբեր ու խուսափող վարմունքը կ՚աւելցնէր. խօսքը եղած ատենն այդ վիճակին ծանրացումէն վախ կը յայտնէր միշտ. միւսներուն՝ չափազանց կը թուէր այդ յոռետեսութիւնը. իր վախին վրայ կատակ կ՚ընէին, կը զուարճանային։

Չելլայ յանկարծ ճիտդ փաթթուի։

Մ՚ըսէք, դող կ՚ելլամ։

Կը խնդային։

Դէպքերն իր վախին արդարացի ըլլալը հաստատեցին. նաւավարին մտային վիճակը հետզհետէ ծանրացաւ. ինչպէս հիմունքը խախտած շէնքի մը մէջ զանազան մասերն իրարու վրայ կը զետեղուին խառն ի խուռն, միեւնոյն բանը կը պատահէր գաղափարներուն ու զգացումներուն մէջ զորս ի հիմանց դղրդեր էին. տօքթօրը կանչեցին, քառորդի մը չափ խօսեցաւ հետը զանազան նիւթերու վրայ. բայց միշտ փոթորկին վրայ էին նաւավարին տուած պատասխանները. բժիշկը խելագարութիւնը հաստատեց եւ առանց վարանելու պատճառը ցոյց տուաւ. փոթորկին գիշերն երկիւղէն խանգարում յառաջ եկած էր խեղճ տղուն մտքին մէջ։

Բայց վախնալիք բան մը չի կայ, կ՚աւելցնէր բժիշկը, աւելի ապշութեան մէկ տեսակն է։

Չէ՛, չէ՛, տօքթօր, տան մէջ վտանգաւոր է, այնպէս չէ՞, կը պնդէր այրին։

Վերջապէս ճամբու դրին, մօրը տունը ղրկեցին ապուշը. կեանքը ազատած էր, բայց իր հոգին արդէն կորուսած էր փոթորկին մէջ։