Սերովբէ
վարդապետ
երեսունհինգ
տարու
հազիվ
կար,
թէեւ
ալեխառն
մօրուք
մը
կը
զարդարէր
իւր
լայն
կուրծքը.
բարեձեւ
գլուխ
ու
բարեկազմ
մարմին
ունէր.
խստակրօն
էր
առանց
աններող
ըլլալու,
ինչ
որ
հազուագիւտ
է,
ու
կատարեալ
կրօնաւոր
էր,
առանց
դադրելու
կատարեալ
մարդ
լինելէ,
ինչ
որ
բնաւ
չի
պատահեր։
Կապոյտ
թաւշէ
չէր
անոր
գլխարկը
պճնասէր
եկեղեցականներուն
գլխարկին
պէս,
այլ
սեւ
չուխայէ
շինուած
էր
իր
անպաճոյճ
վերարկուին
նման։
Կը
սիրէի
իւր
ոգեւորեալ
խօսակցութիւնը,
մշակեալ
միտքն
եւ
ուղիղ
դատողութիւնը,
մանաւանդ
կը
յարգէի
անոր
անձնուէր
ու
ազգասէր
ոգին։
Տարիէն
աւելի
էր
որ
կը
տեսնուէի
հետը,
առանց
ուր
տեղացի
լինելը,
որ
ընտանիքին
վերաբերիլը
գիտնալու.
իր
մաքուր
ու
քաղցր
արտասանութենէն
կ՚զգայի
միայն
թէ
դրսեցի
չէր։
—
Ի՞նչ
է
ձեր
մականունը,
Հայր
Սուրբ,
հարցուցի
օր
մը
իրեն։
—
Մականուն
չունիմ,
բարեկամս,
պատասխանեց
ինձ
տրտմութեամբ
ժպտելով։
Հետաքրքրութիւնս
աւելցաւ։
—
Աստուածդ
սիրես
շիտակը
զուրցէ,
կրկնեցի
անոր,
ապահով
եմ
որ
Պոլսեցի
ես,
կարելի
է
որ
ճանչուոր,
թերեւս
ազգական
ըլլանք։
Իւր
մականունը
հասկնալ
ուզելով,
վարդապետին
կենաց
պատմութիւնն
էր
զոր
կը
հարցնէի
անգիտութեամբ.
մտերմութիւննիս
կատարեալ
ու
անկեղծ
էր
եւ
չի
զլացաւ
իւր
հետաքրքրաշարժ
անցեալը
պատմել։
Մեր
գրեթէ
բոլոր
վարդապետներուն
պէս
Սերովբէ
վարդապետն
ալ
ուսուցչական
ասպարէզի
զրկանքներէն
անցեր
էր,
կրօնական
կենաց
մահացումներուն.
մարդոց
խօսքը
տղոց
քարոզեր
էր,
Աստուծոյ
խօսքը
մարդոց
քարոզելէ
առաջ։
Թէեւ
ունեւոր
մարդու
եւ
ծանօթ
ու
անուանի
ընտանեաց
զաւակ,
բայց
տղայ
հասակէն
չքաւորութեան
մէջ
մնացեր
էր
իւր
հօրը
մահուամբ,
որոյ
բոլոր
հարստութիւնն՝
առեւտրական
ընկեր
եղող
հօրեղբօր
կողմէն
կողոպտուած
էր.
իւր
մօր,
տկար
ու
հիւանդոտ
կնոջ,
բերնէն
լսած
էր
այդ
անխիղճ
յափշտակութեան
պատմութիւնն,
երբ
Զատկի
ու
Ծնունդի
առթիւ
այս
ազգականին
երթալով
ձեռք
պագնելու
ու
թերեւս
փոքրիկ
նուէր
մը
ստանալու
համար՝
տուն
կը
դառնար
հօրեղբօր
ապարանքին
ճոխութեան
ու
փարթամութեան
վրայ
սքանչացած։
—
Այդ
բոլոր
քեզ
շլացնող
հարստութիւնը
քու
հօրդ
էր,
զաւակս,
կ՚ըսէր
հէք
կինը։
Մինչդեռ
անդին
հօրեղբայրն
իւր
եղբօրորդին
տեսնելուն՝
աշխարհի
մէջ
միայն
մուրացիկ
ազգականներ
ունենալու
վրայ
կը
գանգատէր։
Ինք
ի՞նչպէս
դասախօս
դարձեր
էր.
պարզապէս
դպրոցական
շրջանն
աւարտելուն
լաւագոյն
գործ
մը
չի
գտնելէն
եւ
իւր
այրի
մօր
ապրուստն
հոգալու
հարկէն
ստիպեալ։
Ո՞չ
ապաքէն
օրապահիկ
ճարելու
անխուսափելի
հարկն
եղած
է
միշտ
հայ
ուսուցիչներ
հասցնող
վարժապետանոցը։
Երիտասարդն,
առանց
հմուտ
հայագէտ
մը
լինելու,
քաջ
ծանօթ
էր
ազգային
մատենագրութեան.
զրկանքներով
մեծցած
ըլլալուն՝
գրական
զբաղմանց
մէջ
սփոփանք
մը
գտնելու
վարժուած
էր
եւ
գրական
ուսմանց
վրայ
ունեցած
ծանօթութիւններն
հին
վարժապետաց
յատուկ
եղող
նախապաշարումներէն
զերծ
կացուցեր
էին
զինքը։
Ինքն
ալ
հետզհետէ
կապուեր
էր
այս
ակամայ
ընդունած
ասպարէզին,
դասախօսական
կենաց
բոլոր
տաղտուկին
եւ
մեր
ազգին
մէջ
անբաժանելի
դարձած
բոլոր
նուաստացուցիչ
հանգամանացը
տակ,
դիւրաւ
նշմարեր
էր
այս
պաշտօնին
գերազանցապէս
վսեմ
գաղափարը։
Դասասրահին
մէջ,
իւր
համարձակ
լեզուն,
իւր
ազատ
գաղափարները
լսողները՝
չի
պիտի
ճանչնային
փողոցը
հանդիպած
աննշան
երիտասարդին։
Բարձրագոյն
կարգի
աշակերտաց
համար,
նա
պարզ
հայերէնի
դասատու
մը
չէր.
գրագիտութիւն
ու
մատենագրութիւն
դասախօսելով
ամեն
դիւրութիւն
ունէր
իւր
նիւթէն
խոտորելու
եւ
սրտերնին
զգացմանց
նոր
բացուող
իւր
պատանի
աշակերտաց
քարոզելու,
յառաջդիմութիւնն
ու
ազգասիրութիւնն,
երկու
ցնորքներ,
երկու
բեւեռնե՛ր
որոց
շուրջը
կը
դառնար
միշտ
իւր
խանդավառ
հոգին։
Երրորդ
ցնորք
մը,
երրորդ
բեւեռ
մը
պիտի
ըլլար
Երուանդի
սրտին
(այս
էր
երիտասարդ
դասախօսին
անունը)
աշակերտուհւոյ
մը
աղէտալի
սէրը։
Տունը
կ՚երթար
հայերէնի
դասեր
տալու
նմա,
երբ
դեռ
16
տարեկան
աղջիկ
մըն
էր
եւ
օր
մը
միայն
—
երեք
տարիէ
վերջը
—
օր
մը
միայն
յանկարծ
նշմարեր
էր
թէ
որքա՜ն
գեղանի
էր
իւր
աշակերտուհին։
Հիմա
որ
տարիքն
ու
փորձառութիւնն
աւելցած
էր,
կրնար
ապահովութեամբ
ըսել
որ
հրաշալի
գեղեցկութիւն
մը
չունէր.
բայց
այն
ատեն
չքնաղ
արարած
մը
թուեցաւ
իւր
աչքին։
Մանկութեան
տարիներէն
սկսեալ
տնական
հոգերը
մէկ
կողմէն,
դպրոցական
աշխատութիւնները
միւսէն,
ժամանակ
չէին
թողած
սիրային
կապակցութիւններու։
Իրենց
անմարդի
ու
առանձին
թաղին
մէջ,
ծեր
ու
թոռմած
կիներէ
ի
զատ
ուրիշ
դէմք
չէր
տեսած,
մինչդեռ
իւր
վեհերոտ
բնութիւնը
կ՚արգիլէր
իրեն
փողոցի
մէջ
գոնէ
երիտասարդ
կնոջ
մը
դէմքը
տեսնելու։
Ուրեմն
ամեն
գաղափարէ
զուրկ
էր
կանանց
մասին
երբ
առաջին
անգամ
աղջկան
մը
դասախօսելու
կանչուեցաւ։
Անթիւ
բազմութեան
մը
ներկայութեան
քննութիւն
տալու
պահուն
ոչ
այնչափ
դողաց
որչափ
այս
աղջկան
առաջին
հեղ
դասի
սկսելուն։
Դպրոցական
շրջանէ
դուրս
ո
եւ
է
յարաբերութիւն
կամ
ծանօթութիւն
չունենալուն՝
կը
վախնար
որ
ծաղրելի
կամ
անպատշաճ
բան
մը
կ՚ընէր։
Ուշիմ,
ծոյլ,
չարամիտ
ու
բարեսիրտ
աղջիկ
մ՚էր
այս
նոր
աշակերտուհին,
այնքան
զուարճախօս
որքան
ինք
լուրջ,
այնքան
համարձակ
որչափ
ինք
վեհերոտ
էր։
Պատանուհին,
տարօրինակ
հետաքրքրութեամբ,
մանրախոյզ
ու
գաղտնի
ակնարկով
մը
գլխէն
մինչեւ
ոտքը
քններ
էր
զինքը.
եւ
կ՚երեւի
թէ
բաւական
պակասութիւններ
գտած
էր
վրան,
ըստ
որում
քանիցս
արհամարհոտ
ձեւով
մը
շրթունքը
երերցուցեր
էր.
բայց
քիչ
քիչ
դասատուին
վայրենի
ձեւերն
անշուշտ
զբօսալի
թուեցան
իրեն,
եւ
գոնէ
սկիզբները,
կատակերգութիւն
մը
տեսնելու
անհամբեր
անձի
մը
պէս
կ՚սպասէր
անոր
գալստեանը։
Այս
տարօրինակ
դիրքն
աւելցուց
դասատուին
շփոթութիւնը,
բայց
տակաւ
առ
տակաւ
ինքն
ալ
վարժուեցաւ
անոր
եւ
անհաւատալի
անտարբերութեամբ
մը
սկսաւ
իւր
դասերը։
Խելացի
աղջիկ
մ՚էր
Արուսեակ.
մինչեւ
այն
ատեն,
ուրիշներէ
առած
չոր
ու
ցամաք
քերականութեան
դասերն
անտանելի
նեղութիւն
ու
ձանձրոյթ
միայն
պատճառեր
էին
իրեն.
երիտասարդին
ընտրած
եղանակը՝
նուազ
ձանձրալի
պարտ
էր
լինել
քանի
որ
ուսման
սէրն
անոր
ծուլութեան
յաղթեց,
եւ
քիչ
մը
ատենուան
մէջ
ըրած
զգալի
յառաջդիմութիւնը
նպաստաւոր
գաղափար
մը
տուաւ
դասատուին
վրայ։
Այսպէսով
իրենց
յարաբերութիւնները
բարուոքեցան
եւ
հետզհետէ
կատարեալ
բարեկամութեան
մը
ձեւն
առին,
մինչդեռ
իւր
բնաւորութեան
ծանրութեամբը
վարժապետն
արդէն
ծնողաց
վստահութիւնը
կը
վայելէր։
Ընտանիքը
մեկուսացեալ
ապրողներէն
չէր.
իրենց
տան
մէջ
գրեթէ
անպակաս
էին
երեկոյթներն
ու
ընդունելութիւնները
որոց
Երուանդ
շատ
անգամ
հրաւիրուելու
պատիւը
կ՚ունենար,
առանց
օգուտ
քաղելու
այդ
հրաւէրներէն։
Արդարեւ
ի՞նչ
ընել
պիտի
երթար
այդ
ցուցամոլ
ու
նանրամիտ
ընկերութեանց
մէջ՝
ուր
փայլելու
ամեն
առաւելութենէ
զուրկ
էր
եւ
ծաղրելի
դառնալու
ամեն
յատկութիւն
ունէր.
նախեւառաջ
ուսուցիչ
մը
ըլլալը
կը
բաւէր
բոլորովին
ծառայական
դիրք
մը
տալու
իրեն
որ
իւր
արժանապատուութեանը
կը
դպչէր.
նամանաւանդ
իւր
ստացած
դաստիարակութիւնը
հիմնովին
կը
տարբերէր
այդ
անձանց
ապրելու
ու
մտածելու
եղանակէն։
Իւր
փոքրիկ
հմտութեամբը՝
կարող
էր
անշուշտ
ազգային
կամ
օտարազգի
մատենագրութեան
վրայ
ճառելու,
դարուս
իմաստասիրական
շարժման
վրայ
կարծիք
մը
յայտնելու,
կամ
տեղեկութիւն
հաղորդելու
նոր
գիւտի
մը
վրայօք.
բայց
կատարելապէս
անկարող
էր
շնորհքով
ու
վայելուչ
բարեւ
մը
տալու
կամ
ճաշակաւոր
մեծարանք
մը
ընելու
տիկնոջ
մը
եթէ
դիպուածը
բերէր
որ
կնոջ
մը
խօսք
ուղղելու
առիթն
ունենար։
Հագուստի
կապուստի,
զբօսանաց
նոր
միջոցներու,
խաղի,
պարի
ու
բամբասանքի
կը
վերաբերէր
հոն
ընդհանուր
խօսակցութիւնը,
ուստի
լիովին
իրաւունք
ունէր
հեռու
մնալու
այդ
ընկերութիւններէն
որոց
ունայնութիւնն
յանչափս
ախորժելի
էր
իւր
աշակերտուհւոյն
աչքին։
Անոր
շուրջը
ծառայող
պատանիներ
ու
երիտասարդներ
լեցուն
էին
հոն։
Այդ
տղաքը
կը
կազմէին
այն
թաղին
ճաշակի
ու
վայելչութեան
խնդիրներու
գերագոյն
ատեանը։
Մտքերնին
պարապ,
քսակնին
հայրական
առատաձեռնութեամբ
լեցուն,
պաճուճանքի
ու
նորաձեւութեանց
սիրահար,
բոլոր
ունակութիւննին
տիկնանց
հաճելի
լինելու
յատկացուցած,
ամենէն
աւելի
ծաղրելի
ըլլալով
հանդերձ՝
ամենէն
շատ
ուրիշի
վրայ
խնդացող,
նախամեծար
համարելով
գործածել
ֆրանսերէնն
զոր
չեն
հասկնար,
մայրենի
լեզուէն
զոր
ուղիղ
խօսելու
կարող
չեն,
զմայլող
Բաթթիի
կամ
Սառա
Պեռնարի
վրայ,
առանց
գոնէ
ի
փոխարէն
գիտնոյ
մը
կամ
իմաստասէրի
մը
անունը
գիտնալու,
իբրեւ
փոքրիկ
կապիկներ
Եւրոպայի
անառակ
ու
ազնուական
երիտասարդաց.
ի
մի
բան,
անօգուտ
էակներ
իրենց
ազգին
ու
համայն
մարդկութեան
համար.
ահա
այս
կերպ
էին
իր
աշակերտուհին
շրջապատող
երիտասարդաց
խումբը։
Երուանդ,
իր
անաչառ
ուղղամտութեամբը,
կը
զարմանար
թէ
ի՞նչպէս
կարելի
էր
ախորժիլ
այս
փճախօս
անձերէ։
—
Չէք
գիտեր,
որքան
կ՚զբօսնում
անոնց
հետ,
կ՚ըսէր
Արուսեակ
երբ
իր
դասատուն
անցողակի
դիտողութիւն
մ՚ընէր
այդ
մասին։
Վասն
զի
փոքրիկ
ակնարկութենէ
մը
աւելին
ընելու
արտօնութիւն
չունէր
անշուշտ,
քանի
որ
ամեն
ինչ
հօրը
հաճութեամբ,
թերեւս
այդ
խումբէն՝
որուն
վրայ
խեղճ
մարդը
կ՚սքանչանար՝
փեսայ
մը
գտնելու
փափաքովն
էր
որ
տեղի
կ՚ունենար։
Անցան
երեք
տարիներ
եւ
Արուսեակ
տասնինը
տարու
աղջիկ
մ՚եղաւ,
բարձրահասակ,
կայտառ
ու
սիգաճեմ.
իւր
իմացական
կարողութիւնն՝
եռանդուն
երեւակայութեանը
պէս
զարգացած
էր.
երիտասարդն
անհուն
գորով
մը
կը
տածէր
անոր
վրայ
այն
պարտիզպանին
պէս
որ
իւր
ձեռօքը
խնամած
տունկին
վրայ
հոգի
կուտայ.
դասի
օրերուն
կ՚սպասէր
անբացատրելի
անհամբերութեամբ
եւ
պարզ
ու
սովորական
դասախօսութիւն
մը
չէր
զոր
կը
տանէր
իւր
աշակերտուհւոյն.
հմտալից
ու
յանհունս
ախորժելի
խօսակցութիւն
մը
ուսկից
դիւրաւ
կը
նշմարուէր
իւր
սրտազեղ
խանդաղատա՛նքը,
խանդաղատանք՝
զոր
իւր
պարկեշտ
պարզմտութեամբն
եղբայրական
մտերմութիւն
մը
միայն
կը
համարէր,
երեք
տարիներու
բարեկամութեամբ
հաստատուած։
Եւ
յիրաւի
բոլորովին
մտերմացած
էին
ալ.
Արուսեակ
խիստ
մեծ
գաղափար
ունէր
իւր
Վարպետին
արժանեացը
վրայ։
—
Մաքուր
ու
առաքինի
սիրտ
եւ
մեծ
տաղանդ
ունի,
կ՚ըսէր
միշտ
ամենուն
յանձնարարելով
զանի։
Երբեմն
անոր
արդուզարդին
դիտողութիւն
կ՚ընէր.
—
Ուսեալ
մարդիկ
հագուստի
կարեւորութիւն
չեն
տար.
բայց
դուք
ալ
բոլորովին
տէրվիշ
էք
դարձեր,
կ՚ըսէր
անոր
եւ
հոգածու
ու
գգուալի
շարժմամբ
կուգար
անոր
փողկապը
շտկելու
կամ
ֆէսը
մաքրելու
որ
սովորաբար
իւր
ձեւը
կորսնցուցած
էր։
—
Գիտէ՞ք,
կ՚ըսէր
օր
մ՚ալ,
շատ
գեղեցիկ
անձ
էք,
պարոն
դասատու.
հագուստնիդ
փոխելու
պայմանաւ,
կ՚աւելցնէր
խնդալով։
—
Տղայական
խօսքեր
մի՛
ըներ,
տեսնենք,
այսօր
քեզի
հաճելի
դաս
մ՚ունիմ.
Ալիշանի
մէկ
ոտանաւորը
պիտի
ուսումնասիրենք
ի
միասին,
կը
պատասխանէր
դասատուն
իր
լրջութիւնը
պահելով։
Պիտի
հաւատացուի՞
եթէ
ըսենք
որ
ամենաչնչին
պատճառ
մը
այս
երջանիկ
անդորրութիւնը
վրդովեց
—
բարձի
վրայ
թողուած
մետաքսեայ
սիրուն
ու
կապոյտ
ծնրակապ
մը,
հեշտաբոյր
այն
բոլոր
նիւթերուն
պէս
որ
Արուսեակի
կը
վերաբերէին,
բաւ
եղաւ
իւր
ցնորքը
փարատելու.
կնոջ
մարմնոյն
այնքան
մօտէն
դպչող
այդ
փոքրիկ
զարդը
հեշտաւէտ
խոստումներ
կը
կրէր
իւր
վրայ,
զոր
երիտասարդն
ի
զուր
չի
հասկնալ
ջանաց
եւ
ի
զուր
փորձեց
իւր
մոլորեալ
մտածութիւններն
ուղղել.
անդիմադրելի
զօրութիւն
մը
կար
այդ
շողշողուն
մետաքսին
վրայ։
Յանկարծ
երեւցաւ
անոր
գեղանի
տիրուհին.
երբեք
այնքան
անդիմադրելի
էակ
մը
չէր
եղած
նա
որքան
այդ
խռովեալ
պահուն.
աղջիկ
մը.
ո՛չ
հրապուրիչ
կին
մ՚էր,
աշխոյժ
ու
սիրավառ
որ
դէպի
իրեն
կը
յառաջանար։
Այն
ատեն
միայն
իւր
աչքը
ճշմարտութեան
բացուեցաւ
եւ
ճանչցաւ
սարսափով
թէ
այն
եղբայրական
գորովը,
ամեն
օր
տեսնելու
անհամբերութիւնը,
անոր
մօտ
անցուցած
կարճատեւ
ժամերուն
երանութիւնը՝
խորին
ու
ճշմարիտ
սէր
մ՚էր
միայն։
Երկար
պատմելու
հարկ
կա՞յ
դժբաղդ
սիրոյ
մը
բոլոր
տառապանքը։
Դէմ
առ
դէմ
նստիլ
ժամերով
առանձինն
ու
խօսիլ
պաշտեցեալ
անձի
մը
հետ.
սրտիդ
խորը
անհուն
գորովէ
ի
զատ
բան
մը
չունենալ
եւ
լեզուիդ
ծայրը՝
այդ
խոստովանութենէն
ի
զատ
ամեն
ինչ
ունենալ.
ի՜նչ
կեղծիք։
Աղքատիկ
վարժապետ
մը
ըլլալ
ու
փարթամ
աշակերտուհւոյն
աչք
վերցնել.
ի՜նչ
յանդգնութիւն։
Յիմար
ու
տենդայոյզ
երիտասարդ
ըլլալ
ու
անզգայ
ծերունւոյ
մը
սառնութիւնը
պատրել.
ի՜նչ
դժբաղդութիւն։
Այն
վայրկեանէն
վերջը
ի՞նչ
կերպով
կարող
եղաւ
արդեօք
իւր
դասերը
շարունակելու.
հարկ
է
միայն
ըսել
որ
Արուսեակ
աւելի
գուշակեց
քան
թէ
իմացաւ
անոր
վիճակը.
զգացման
խնդիրներու
մէջ
ամեն
աղջիկ
ի
բնէ
աւելի
հմուտ
է
քան
թէ
երիտասարդն.
անկեղծ
բարեկամութեամբ
կը
սիրէր
իւր
անփորձ
ու
պարկեշտ
դասատուն.
բայց
հայր
մ՚ունէր
որուն
հնազանդութիւն
կը
պարտէր,
եւ
այնպիսի
ընկերութեան
մէջ
կ՚ապրէր
որուն
պատշաճիցը
համակերպիլ
միշտ
ախորժելի
էր
իրեն։
Ոչինչ
աւելի
պիտի
երջանիկ
ընէր
զինքը
քան
թէ
իւր
դասատուն,
յանկարծ
լաւ
դիրքի
մը
տէր
դառնալով
ամուսնութեան
կոչէր
զինքը.
բայց
աղքատ
ու
անօթի
վարժապետի
մը
(որքան
ալ
տաղանդաւոր
լինէր
այդ
անձն)
կինն
լինել
յաւիտեան
ծաղրելի
գաղափար
մը
պիտի
մնար
իրեն
համար։
Ուստի
անուղղակի
ձեւերով
եւ
այն
փափկութեամբ
որ
կանանց
յատուկ
է,
իւր
համակրութիւնը
յայտնելով
հանդերձ
այդ
սիրոյ
երազին
իրականալի
դառնալու
պայմանը
չի
ծածկեց.
ապաքէն
իրաւունք
ունէր
այսպէս
վարուելու
գիտնալով
իւր
հօրը
բնաւորութիւնը
որուն
աչքին
դրամէ
զատ
ամեն
առաւելութիւն
արժեք
ու
նշանակութիւն
չունէր
բնաւ։
Այն
ատեն
Երուանդին
համար
ալ
սկսան
այն
հազար
ծրագիրները,
խորհուրդներն
ու
մտածումները,
որք
վեր
բարձրանալու
տենչէն
վարակուող
ամեն
մարդ
ուզէ
չուզէ
կ՚ունենայ։
Հարստանա՜լ
եւ
շուտով
հարստանալ,
ծաղրելի
ու
անխուսափելի
առեղծուած
զոր
ի
զուր
փորձեց
լուծել.
լսեր
էր
շատեր
որք
մէյ
մէկ
հանք
գտնելով
հարստացեր
էին
մէկէն,
ուրիշներ
որոց՝
արհեստական
փոքրիկ
գիւտ
մը
տուած
էր
այնչափ
ստացուածք
եւ
ուրիշներ
որք
վիճակահանութիւններէ
շահեր
էին
մեծամեծ
պարգեւներ,
ու
իւր
չնչին
խնայողութիւնները
յատկացան
այս
զանազան
միջոցներէն
մին
ի
կատար
հանելու։
Պահ
մը
մեքենական
փորձերու
ետեւ,
պահ
մը
բաղդատոմսերու
հետամուտ,
ստուեր
մը
հալածող
յիմարի
մը
պէս
շրջեցաւ
այս
անիրականալի
խորհուրդներուն
շուրջը,
մինչդեռ
յոյսն
ու
յուսաբեկութիւնն՝
իրարու
կը
յաջորդէին
միշտ
իւր
գաղտնի
ու
մթին
որոճումներուն
մէջ։
Ի՜նչ,
այդ
գիւտը
ընողները՝
իրմէ՞
աւելի
խելացի
էին
միթէ,
այդ
բաղդի
պարգեւները
շահողները՝
իրմէ
աւելի՞
անհրաժեշտ
պէտք
մ՚ունէին
անոր.
Նախախնամութիւնը
չի՞
կար
վերջապէս
աշխարհիս
վրայ.
պատրալից
հարցումներ,
որոց
բացասական
պատասխանները
չուշացաւ
ըմբռնելու։
Այն
ատեն
մութ
յուսահատութիւն
մը
պատեց
զինքն,
ընկերային
վիճակը՝
ուսկից
ոչինչ
ունէր
սպասելու,
խաբեբայ
դաշնակցութիւն
մը
երեւցաւ
իւր
աչքին
եւ
առաքինութիւնն
ու
արժանիքն՝
անողոք
ու
ծաղրածու
հեգնութիւններ
իւր
թշուառ
կացութեան
դէմը։
Ու
այս
սեւ
գաղափարներով
պաշարուած,
օրն
ի
բուն
կը
վազէր
դպրոցէ
դպրոց,
տունէ
տուն,
խանի
մը
սենեակէն
ուրիշ
սենեակ
մը,
դաս
մ՚աւելի
տալու,
մէճիտ
մ՚աւելի
շահելու
յոյսով.
ստակը՝
մինչեւ
այն
ատեն
աննշան
մետաղ,
յանկարծ
մեծազօր
ու
ահարկու
նշանակութիւն
մը
ստացաւ
իւր
աչքին.
մէկէն
ի
մէկ
խնայող,
կծծի
ու
ագահ
դարձաւ,
ցորեկները
չի
ճաշեց
այլեւս,
զգեստի
ստակ
չի
տուաւ
ու
իւր
գունատ
ու
իւղոտ
բալթօն
ամիսներով
չնորոգեց։
Բայց
ասոնց
եւ
ոչ
մին
յաջողեցաւ.
թշուառը
կը
մտածէր
որ
վեց
ամսուան
մէջ,
անտանելի
նեղութեամբ
հաւաքած
դրամը
երկու
հազար
ղռուշը
չէր
անցած
տակաւին
մինչդեռ
աճապարանօք
Ղալաթիայէն
անցած
ատեն,
դասախօսութեան
ժամ
մը
չի
կորսնցնելու
ջանքով,
երկաթուղւոյ
բաղդատոմսեր
վաճառող
Հրէան՝
կարծես
իրեն
համար
կը
պոռար
խոստմնալից
ու
ապահով
ձայնիւ
որ
իւր
ծախած
ո
եւ
է
տոմսին
տէրը՝
վեց
հարիւր
հազար
ֆրանք
ունէր
հետեւեալ
օրն
ստանալիք։
Վեց
հարիւր
հազար
ֆրա՜նք.
այս
բաղդի,
այս
երջանկութեան,
այս
կենաց
կոչումը
տարօրինակ
յամառութեամբ
մը,
իւր
բոլոր
կամքին
հակառակ,
կը
հետեւէր,
կ՚ընկերանար
իրեն
ամեն
կողմ,
իբրեւ
խաբեբայ
ու
պչրասէր
անձնաւորութիւն
մը,
ուսկից
ի
զուր
կը
ճգնէր
բաժնուիլ
եւ
Հրէայ
պոռացողին
ձայնն՝
անլուր
արձագանգով
մը
կը
թնդար
դեռ
իւր
սրտին
խորն,
երբ
շատոնց
արդէն
հեռացեր
էր
անկէ։
Երուանդի
աշակերտուհին,
սիրուն,
ուսեալ,
յարմար
տարիքի
ու
լաւ
օժիտի
տէր,
կ՚սկսուէր
ամեն
կողմէ
փնտռուիլ,
եւ
զարմա՜նք
որ
ունեւորներն
աւելի
հետամուտ
գտնուեցան
անոր
մօտ
քան
թէ
այդ
օժիտին
իրօք
կարօտ
եղողներն։
Հարուստն՝
աղքատէն
աւելի
դրամը
կը
սիրէ,
ուր
որ
ըլլայ
ինչ
ձեւի
մէջ
ալ
որ
ներկայանայ,
զարմանալի
ձգողութեան
օրէնք
որու
հիմը
կը
կազմէ
մարդկային
անյագութիւնն։
Երուանդի
հօրեղբայրը՝
ծակաչք,
լաւ
դիրքի
թէեւ
անշահ
զաւկի
տէր,
շատոնց
իւր
որդւոյն
յամար
դատեր
էր
այս
միութիւնն՝
որու
առաւելութիւններն
ակներեւ
էին։
Երուանդի
բերնէն
գովեստներ
միայն
լսած
էր
անոր
մասին
եւ
աղջկան
օժիտը
երկու
հազար
ոսկիէն
վար
չէր։
Այս
ամուսնութեան
խօսքերուն
հաստատութիւն
գտնելուն
հետ,
տան
դուռը
փակուեցաւ
երիտասարդ
դասատուին
դէմ,
քանի
որ
անպատշաճ
էր
որ
նշանուելու
վրայ
եղող
աղջիկ
մը
դեռ
դաս
առնելով
զբաղէր.
նամանաւանդ
երբոր
ապագայ
հարսին
աներհայրն
էր
որ
դասատուն
ճամբելու
պէտքը
զգացուցեր
էր։
Իրաւ
է
որ
ամեն
ոք
պահ
մը
զարմացեր
էր
այս
առաջարկութեան
վրայ,
անոնց
մէջի
ազգականութեան
կապը
յիշելով,
եւ
կերպ
կերպ
ենթադրութիւններ
ըրեր
էին
ամենքը։
Շաբաթ
օր
մ՚էր
երբոր
աղջկան
հայրը
ամսականներու
հաշիւը
կարգադրելով՝
—
Եկու
նորէն
մեզ
երբեմն
տեսնելու,
ըսաւ
անոր։
Երուանդ
ճամբու
դրուած
էր։
Երիտասարդը՝
ապշած
ու
շուարած
տուն
դարձաւ.
իւր
յուսահատութեան
սաստկագոյն
վայրկեանին
այս
մօտալուտ
օրը
չէր
գուշակած.
այսքա՛ն
շուտով…
եւ
ոչ
ժամանակ
տուին
իրեն
որ
վերջին
ճիգ
մը,
գերագոյն
փորձ
մը
ընէր
իւր
սիրուհւոյն
արժանանալու
համար.
ամեն
ինչ
լմնցած
էր
այլեւս։
Խեղճին
մայրը՝
սարսափեցաւ
անոր
այլայլած
երեսը
տեսնելով
եւ
յուսալով
իւր
որդւոյն
վրդովումը
մոռցնել,
որուն
պատճառը
չէր
գիտեր.
—
Գիտե՞ս
տղաս,
ըսաւ
անոր,
հօրեղբօրորդիիդ
հետ
նշանուէր
է։
—
Այսօր
իմացայ
ու
զիս
ալ
ճամբեցին,
ա՛լ
դասի
պէտք
չունին
եղեր։
Թոթուեց
քան
թէ
պատասխանեց
այս
բառերը։
Ուրեմն
բաւ
չէր
որ
հօրեղբայրն՝
հայրական
ժառանգութիւնը
յափշտակելով
զինքն
ու
իւր
մայրը
չքաւորութեան
դատապարտեր
եւ
հիմա
ճիշդ
այդ
կողոպտած
հարստութեանը
շնորհիւ
իւր
մէկ
հատիկ
սիրեցեալն
ալ
կը
յափշտակէր
եւ
իւր
որդւոյն
կուտար։
Ապաքէն
այս
մարդը՝
ոխերիմ
հակառակորդի
մը
պէս,
իւր
դէմը
ելած
էր
մանկութենէն
մինչեւ
երիտասարդութիւնն
եւ
մի
առ
մի
փճացուցած
էր
իւր
ամենէն
նուիրական
յոյսերն
ու
իրաւունքներն։
Սպառնալից
խորհուրդներ
անցան
մտքէն
այս
անխիղճ
մարդուն
դէմ
որ
հասարակութեան
մէջ
ուղիղ,
պարկեշտ,
եկեղեցասէր
մարդու
համբաւ
կը
վայելէր.
ու
ազգին
խորհուրդներուն,
ժողովներուն
մէջ՝
պատուաւորագոյն
պաշտօնը
միշտ
անոր
պահուած
էր
իբրեւ
առատաձեռն
բարերարի
մը։
Ապուշ
ու
անմիտ
ազգ
որուն
բարերարից
դասը
մտնելու
համար
դրամն
եղած
է
միշտ
ապահով
անցագիր։
Վայրկեան
մ՚իսկ
մտքէն
չանցուց
իւր
սէրը
պատմելու
եւ
գերագոյն
շնորհ
մը
խնդրելու
այդ
անսիրտ
մարդէն
որոյ
գթութիւնը՝
ողորմածութիւնը
ամենուն
բերանն
էր։
Անոր
ծաղրող
ու
լկտի
դէմքը
կը
բաւէր
ամեն
աղերս
կասեցնելու
իւր
շրթանցը
վրայ։
Յայնժամ
ակնարկը
սեւեռեցաւ,
իւր
սիրեցելոյն
կորուստովը՝
աննպատակ
դարձող
կենացը
վրայ։
Դասախօսական
ասպարէզը
երեւցաւ
յանկարծ
իւր
բոլոր
անօգուտ,
ապերախտ
ու
ծաղրելի
գոյներովը.
այն
ժամուն
միայն
հասկցաւ,
թէեւ
շատ
ուշ,
որ
տղոց
լեզուն
խօսած
պահուն
մոռցած
էր
մարդոց
լեզուն
հասկնալ.
աշխարհիս
մէջ
դարձեալ
իրաւունքը
եւ
յաջողութիւնը
կը
մնար
զօրաւորագունին,
ոչ
մէկ
օրէնք
կը
պաշտպանէր
զինքը՝
իր
կրած
զրկանաց
եւ
մատնուած
յաւիտենական
դժբաղդութեան
փոխարէն.
ընկերական
անիւը
կը
դառնար
անողոք
ճշդութեամբ
եւ
ինքն
էր
որ
տակը
կը
ճզմուէր,
անոր
ատամներուն
մէջ
թողլով
իւր
բովանդակ
յոյսն
ու
երջանկութիւնը։
Ո՞րքան
տեւեց
իւր
անտանելի
վիճակը.
ստոյգը
չի
պիտի
կրնար
ըսել,
միայն
թէ
մեծագոյն
աղէտ
մը,
իւր
մօրը
հիւանդութիւնը
ու
մօտաւոր
մահուանը
նախագուշակ
նշանները՝
մոռցնել
տուին
իւր
անձը
ու
իւր
ցաւերը.
յաջողութեան
պէս՝
դժբաղդութիւնն
ալ
մէկ
կողմէ
միայն
չէր
գար
իրեն
եւ
Երուանդ
անդուլ
ու
անօգնական
ջանքերէ
վերջը
քիչ
օրուան
մէջ
իւր
մայրը
կորսնցուց։
Արցունքներ
եկան
վարդապետին
աչքը
իւր
մայրը
յիշած
ատեն.
—
Մինակ
ու
չոր
գլուխ
մնացած,
յուսաբեկ
ու
կեանքէ
դառնացած
ինչո՞ւ
չի
թողուցի
արդեօք
այս
կեանքը
ես
ալ,
շարունակեց
նա
հառաչելով.
մօրս
գերեզմանին
քով,
երբոր
ցանցառ
յուղարկաւորները
հեռացան,
աղօթած
ու
արտասուած
ատենս
միայն
գերագոյն
սփոփանքի
մը
ձայնը
հնչեց
սրտիս
մէջ.
Աստուծոյ
ձայնն
էր
զոր
ճանչցայ
եւ
որուն
հնազանդեցայ.
հայրենիք
մ՚ունէի
ինձմէ
աւելի
թշուառ,
ազգ
մ՚ունէի
ինձմէ
աւելի
ողորմելի,
անոնց
որոշեցի
յատկացնել
կենացս
մնացորդը.
մինչեւ
ցայն
վայր
կրօնքի
մասին
թերահաւատ,
աշխարհիս
ունայնութիւնները
տեսած
ու
ամեն
յենակէտի՝
ձեռքիս
տակ
փշրուիլը
զգացած
ատենս,
երկնային
ապաւէնի
մը
անհրաժեշտ
հարկը
ճանչցայ։
Վարդապետ
ձեռնադրուեցայ,
յաւիտեան
մոռնալու
պայմանաւ
թողլով
իմ
անունս
եւ
այն
ատելի
մականունը
զոր
հօրեղբայրս
կը
գործածէր
եւ
որ
կենացս
աղէտները
կը
յիշեցնէր
միայն
ինծի.
ահա
թէ
ինչու
համար
ըսի
որ
ընտանեկան
մականուն
չունէի.
չի
կեցայ
ալ
Պոլիս
եւ
Հայաստանի
մէջ
ճամբորդութիւնս
երկարեցաւ
ութ
տարւոյ
չափ
եւ
ուսկից
հազիւ
տարի
մ՚է
որ
վերադարձայ.
չի
հարցուցի
զանոնք
որք
իմ
դժբաղդութեանս
պատճառ
եղած
էին.
Աստուծոյ
մխիթարութիւնը
զոր
կը
վայելեմ
այդ
մարդկային
տկարութենէն
արգիլեց
զիս։