Երանիկ
տասնեւութ
տարեկան
կար,
իր
մօր
նման
գեղանի
խարտիշուհի
մը,
աւելի
փափուկ,
աւելի
թարմ,
աւելի
քնքոյշ
ու
վեհերոտ
աղջիկ
մը,
իր
կուսական
անմեղութեան
մէջ։
Հօրը
պէս
հաստատամիտ,
պարկեշտ
ու
հեզահամբոյր
էր.
թէեւ
համեստ
վիճակով
մեծցած,
բայց
մեծահարուստ
օրիորդի
մը
պարզասէր
ճաշակն
ու
վեհանձն
անտարբերութիւնը
կար
իւր
վրայ։
Ամիրայի
թոռ
էր։
Ինքը
միայն
խելահաս
եղած
ատենը
հօրը
իրաւունք
տուած
էր
պապուն
ժառանգութիւնը
մերժելուն։
Յակոբիկ
աղայի
ընտանիքն
առանձնակեաց
եղած
էր
միշտ,
եւ
Տօքթօրն
առաջին
վայելուչ
երիտասարդն
էր
զոր
Երանիկ
նշմարած
էր,
այն
տարիքէն
ի
վեր
յորում
աղջիկ
մը
ուշադրութիւն
կը
դարձնէ
երիտասարդի
մը։
Իր
միամիտ
ու
անփորձ
ակնարկին
առջեւ
կատարելութեան
ու
բարեկրթութեան
տիպարն
էր
այս
երիտասարդ
ակնոցաւոր
բժիշկն
որուն
երկայն
ու
փայլուն
գլխարկն
այնքան
աղուոր
կը
վայլէր
իր
բարեձեւ
գլխուն։
Ամենուն
բերնէն
գովեստ
միայն
լսած
էր
անոր
վրայօք
եւ
իր
սրտին
խորը
կիսաստուածի
մը
յատուկ
յարգանքով
շրջապատեր
էր
անոր
սրտագրաւ
պատկերը։
Իր
գաղտնիքը
սակայն
եւ
ոչ
մէկուն
հաղորդած
էր.
բժշկին
գալուն՝
երբեմն
դրան
մօտ,
երբեմն
սանդուխին
վրայ
կը
հանդիպէր
անոր
ու
«ի՞նչպէս
էք,
աղէ՞կ
էք
օրիորդ,
—
շնորհակալ
եմ»
մը
կը
փոխանակէին,
վասն
զի
բժիշկը
գտնուած
պահուն
Երանիկ
երբեք
իւր
մօրը
սենեակը
մտած
չէր։
Այս
էր
ընդամենը
իր
բոլոր
յարաբերութիւնն
անոր
հետ.
բայց
ամեն
նորահաս
աղջկան
պէս
գաղտագողի
միջոցներով
ուսումնասիրած
էր
զնա։
Բժիշկն
ամեն
գալուն
սովոր
էր
բառտըսիւն
դուրս
ձգելու
եւ
Երանիկ
անմեղ
հետաքրքրութեամբ
կը
քննէր
այդ
թեթեւ
զգեստին
կերպասն,
աստառը,
կոճակները,
կարող
դերձակին
անունը.
երբեմն
գրպանները
խառնելու
չափ
կը
յանդգնէր,
չի
բռնուելու
համար
չորս
դին
նայելով,
առանց
որոշ
կերպով
գիտնալու
թէ
ինչ
կ՚ուզէր
գտնել.
ու
կը
պատահէր
որ
մետաքսէ
կամ
վուշէ
թաշկինակ
մը
գտնէր
անոր
անուան
սկզբնատառով
զարդարուած
եւ
որուն
վրայէն
Տօքթօրին
սիրած
հոտը,
Նիւ—մօն—հէյի
մուզին
հոտը
կը
բուրէր։
Անկէ
ի
վեր
ինքն
ալ
այդ
բոյրն
սկսեր
էր
գործածել,
չէր
գիտեր
ինչու
համար։
Այսպէս
հազար
չնչին
բաներով,
գաղտնապէս,
անզգալապէս
ծներ
ու
մեծցրեր
էր
իւր
մաքուր
ու
անբիծ
սէրը,
առանց
մէկու
մը՝
նոյն
իսկ
մօրը
կասկածն
հրաւիրելու։
Երանիկ
Տօքթօրը
կը
պաշտէր
ինչպէս
որ
սուրբի
մը
պատկերը
կը
պաշտեն,
առանց
փոխադարձ
գգուանք
մը
կամ
համակրութեան
ցոյց
մը
սպասելու։
Այսչափ
ատենուան
մէջ
ձեռքը
չէր
բռնած
Տօքթօրին։
Իր
սէրն,
ամեն
առաջին
սէրերու
պէս,
կոյր,
վստահ
ու
քիչով
գոհացող
սէր
մ՚էր.
Տօքթօրը
շաբաթը
մէկ
երկու
անգամ
տեսնելու
յոյս
ունէր
ու
ասկէ
աւելի
խնդրելու
բան
մը
չէր
գտներ
իր
կուսական
պարկեշտ
պահանջումներուն
մէջ։
Բժիշկը
տեղեա՞կ
էր
արդեօք
որ
Յակոբճան
աղայի
ընտանեաց
մէջ
իրեն
աղջիկ
տալու
դիտաւորութիւն
կար.
առանց
որոշ
բան
մը
ըսելու,
մասամբ
մը
գուշակած
էր
այս
փափաքը.
եւ
ո՞ր
տունը
գացած
էր
առանց
այս
կերպ
յոյս
մը
զարթուցանելու։
Օժիտ
չի
տուողները՝
միջնորդ
կանանց
բերնով՝
ստակ
ունեցողները՝
մետաղին
հնչուն
ու
համոզող
ձայնով
աղջիկնին
առաջարկեր
էին
եւ
ինքն
այս
անխուսափելի
ընծայումներէն
պաշարուած,
փորձ
ռազմագէտի
մը
պէս
շարժեր
էր
միշտ
օգուտ
քաղելով
իր
դիրքէն։
Ոմանք
մինչեւ
իսկ
իր
տունը,
իր
խորհրդակցութեան
սենեակը
բերած
էին
իրենց
աղջկունքը,
մէկ
մէկ
պատրուակաւ
Տօքթօրին
ցոյց
տալու
համար։
Երկուշաբթի,
չորեքշաբթի
եւ
շաբաթ
օրերն
յորում
հիւանդներն
իր
Բերայի
տան
մէջ
կ՚ընդունէր,
իգական
սեռը
կը
խռնուէր
հոն,
Սամաթիացի
Փառանձեմ
տուտուէն
սկսեալ
մինչեւ
Բերացի
տիկինները.
եւ
Տօքթօրը
գիտէր
զամենքն
գոհացնելու
ճամբան.
մէկուն
անոյշ
խօսք
մը,
միւսին
կատակ
մը,
երրորդի
մը
ակնարկ
մը
ուղղելով
եւ
ոչ
մէկուն
սիրտը
կը
կոտրէր։
Եւ
իրիկուան
ժամը
12-ին
երբ
ա՛լ
վերջին
հիւանդը
կը
մեկնէր,
Տօքթօրը
մէճիտիէներու
կոյտ
մը
կը
գտնէր
իր
դարակին
մէջ։
Յակոբճան
աղայի
տան
մէջ
իր
կացութիւնն
աւելի
ձախող
էր
անշուշտ։
Կինն
իր
խուսափելու
վրայ
եղող
երիտասարդութեան
ու
հրապոյրին
բոլոր
ուժգնութեամբն,
աղջիկը
նորածիլ
սրտի
մը
բոլոր
անձնուիրութեամբն
ու
բոլոր
խանդաղատանօքը
կը
շրջապատէին
զինքը։
Ցանկութիւնն
ու
սէրն
ախոյեան
կը
կանգնէին
իրարու
դէմ։
Մօր
եւ
զաւկի
միմեանց
ոսոխ
ըլլալէն
աւելի
ի՞նչ
դառն
ու
կսկծալի
բան
կայ։
Տօքթօր
Տիլպէրեանի
համար
այս
դիրքն
իր
յատուկ
հաճոյքն
ունէր։
Մօրը
կը
ցանկար,
աղջիկէն
կ՚ախորժէր
ու
ամուսնէն
կը
վճարուէր։
Այս
էր
հաշուեկշիռն
իր
պժգալի
պարզութեամբ։
Երանիկ
միայն
դժբաղդ
կը
մնար
ամենուն
մէջ։
Իր
անմեղ
սիրտը
կ՚ըմբոստանար։
Անմեղութիւնն
յաւիտեան
բողոքող
ու
ապստամբող
պիտի
մնայ։
Հիմա
մանկութենէ,
պատանութենէ
անցած
կին
ու
կատարեալ
կին
եղած
էր,
եւ
իր
խռովեալ
երեւակայութեան
մէջ,
մայրը
չէր
տեսներ
իր
դէմ,
այլ
անողոք
ոսոխուհի
մը
որ
իր
պաշտած
միակ
անձն
իր
ձեռքէն
յափշտակելու
կը
ճգնէր։
Երանիկ
անհանդուրժելի
կը
գտնէր
այս
ընթացքն.
երբեմն
Տօքթօրն
ալ
յանցաւոր
կը
դատէր
իր
երկդիմի
վարմանցը
համար.
իր
սրտին
խորն
ո՜րքան
գեղեցիկ
յատկութիւններով,
ո՜րքան
վեհանձնութեամբ
ու
անկեղծութեամբ
օժտեր
էր
անոր
պատկերն
եւ
իրականութեան
մէջ
ի՜նչ
մեծ
տարբերութիւն
այդ
պատկերէն.
իր
կիսաստուածն՝
երթալով
պարզ
մահկանացուներու
վատթարագոյնը
կը
թուէր։
Տրտում
ու
տխուր
էր
հիմա.
սէրն՝
իր
բոլոր
պատրանքներովը,
կսկիծներովը
կը
ծանօթանար
իրեն։
Քաջութիւն
եւ
տոկունութիւն
չունէր
յուսահատութեան
ժամերու
դէմ.
առջի
հարուածէն,
առջի
բաղխումէն,
իր
դիւրաբեկ
սիրտը
փշրեր
ու
աւերակ
դարձեր
էր։
Եւ
սակայն
այդ
կործանեալ
խորանին
մէջ,
առաջին
սիրով
նուիրագործեալ
պատկերը,
Տօքթօր
Տիլպէրեանի
պատկերը
կը
մնար
կանգուն,
զոր
Երանիկ
Տօքթօրին
դէմ
զայրանալով
հանդերձ
անգիտութեամբ
կը
պաշտէր
դեռ։
Իսկ
ընդհանուրին
մէջ
ի՜նչ
աղտոտ
չարախօսութիւններ
տարածուեր
էին
եւ
իր
անբիծ
անունը
նշաւակ
դարձուցեր
ամեն
գռեհիկ
զրոյցներու։
Բամբասանքը
կանանց
բերնին
մէջ՝
ձիւնի
մէջ
թաւալող
գնտակի
մը
կը
նմանի.
շարունակ
գլորելով
կ՚ստուարանայ։
Այս
չարախօսներու
մէջ
ամենէն
անխիղճն
Երանիկի
հօրեղբարց
ընտանիքն
էր
որ
քսու
ու
կեղծաւոր
կարեկցութեան
մը
դիմակին
տակ
կը
ծաւալէր
ամեն
զրպարտութիւնները։
Սկիզբէն
ի
վեր
Յակոբ
աղային
իրենց
մասին
ցոյց
տուած
անտարբերութիւնն
ու
արհամարհանքը
նախատալից
թուած
էր
իրենց։
Հարուստները
միշտ
պիտի
փափաքին
որ
ամեն
ոք
կարօտ
ու
աղաչաւոր
դիրք
մ՚ունենայ
իրենց
քով։
Տօքթօրին
Երանիկին
հետ
ամուսնութեան
լուրն՝
իրենց
սրտմտութեան
չափը
լեցուց։
Իրենք
ալ
աղջիկ
մը
ունէին,
այն
զոր
Պօղոս
ամիրան
չէր
կրցած
երբեք
սիրել.
քսաներկու
տարեկան
կար
այս
օրիորդն
եւ
հազիւ
տասնեւեօթը
տարու
կ՚երեւէր.
իր
մեծ
ու
անհեթեթ
գլխով,
գեղեցիկ
ու
առատ
մազերով,
բարակ
ու
չորուկ
հասակովը
սաղարթաւոր
աքասիայի
մը
կը
նմանէր.
հպարտ
էր
ինչպէս
պարտ
էր
լինել
ամեն
հարուստի
աղջիկ
որ
տղայ
հասակէն
ամբարտաւան
հօր
մը
յոռի
կրթութիւնը
կ՚ստանայ.
գիտէր
որ
էրիկ
մը
պիտի
առնէր
ճիշդ
ինչպէս
սպասաւոր
մը
կ՚առնեն.
հարուստ
չէ՞ր
միթէ։
Կենաց
պայքարին
մէջ
ոտք
չի
կոխող
այս
աղջիկը՝
ամենէն
քաջ
տեղեակ
էր
դրամին
ամեն
առաքինութիւն
փոխարինելու
կարողութեանն։
Ոչ
ոք
կը
մերձենար
սակայն
իր
ահագին
գլխուն
ու
առատ
ոսկիներուն.
երիտասարդ
գրագիր
մը,
սնանկանալու
մօտ
վաճառական
մը,
հարուստ
բայց
ծերունի
կալուածատէր
մը,
այս
կերպ
էին
իւր
հրապոյրներուն
զարնուողները.
եւ
օրիորդ
Ագապի
ահաւասիկ
վեց,
ճիշդ
վեց
տարիէ
ի
վեր
էր
որ
կ՚սպասէր
անհամբեր
ու
ուզածը
չէր
գտած
դեռ։
Այս
աղջիկն
իր
լեցուն
օժիտով
աղէկ
կը
վայլէր
Տօքթօրին
քան
թէ
Երանիկ
իր
բոլոր
գեղեցկութեամբը.
այսպէս
մտածեցին
իր
ծնողքն
եւ
հարուստներու
յատուկ
լրբութեամբ
ամեն
պատշաճութիւն
արհամարհելով
որոշեցին
Տօքթօրին
առաջարկել
իրենց
աղջիկը։
Գարնան
սկիզբները
Երանիկ
երջանիկ
եղաւ
հիւանդ
ըլլալով.
բաւական
ատենէ
ի
վեր
ուրիշ
յոյս
կամ
փափաք
չէր
տածեր.
անկողին
իյնալու
չափ
հիւանդ
ըլլալ՝
այս
էր
իր
միակ
ակնկալութիւնը։
Քիչ
մ՚ատենէ
ի
վեր
պզտիկ
նեղութիւն
մը
կ՚զգար
կուրծքէն
եւ
զարմանալի
յոգնութիւն
մը
բոլոր
մարմնոյն
մէջ.
բանի
տեղ
չէր
դրեր
այս
չնչին
անհանգստութիւնն,
որուն
վրայ
հիմակ
աւելցած
էր
չոր
ու
ընդհատեալ
հազ
մը
ու
իրիկուան
դէմ
փոքրիկ
տենդ
մը։
Երկուշաբթի
օր
մը
չի
կրցաւ
անկողնէն
ելլել.
հայրն,
ահաբեկ
այս
անծանօթ
ցաւէն,
գործի
չիջաւ
ու
հիւանդին
անկողնոյն
քով
հսկեց։
Տօքթօրն
եկաւ
ու
երկարօրէն
զննեց
ու
մտիկ
ըրաւ
իրեն
համար
միայն
բաբախող
այս
թշուառ
սիրտն.
ի՞նչ
գտաւ
հոն
արդեօք.
հօրը
բան
մը
չըսաւ,
բայց
դուրս
ելած
ատեն
երկարօրէն
տեսակցեցաւ
Սօֆիկ
հանըմին
հետ.
բժիշկը
չէր
կարող
դեռ
վերջնական
բան
մը
յայտնել.
տեսնե՜նք,
կ՚ըսէր
գլուխն
օրօրելով,
օրիորդ
Երանիկին
կազմն
ու
կուրծքը
խիստ
առողջ
էր
եւ
ամառուան
վրայ
գալովն
հիւանդութեան
պիտի
դիմադրէր։
Այս
էր
Տօքթօրին
կարծիքը,
զոր,
իր
պաշտօնական
ձեւերը
ձեռք
առնլով,
կը
բացատրէր,
մինչդեռ
մայրն
աւելի
այս
քաղցրալուր
ձայնին
կ՚ունկնդրէր
քան
թէ
իր
զաւկին
կենաց
համար
զուրցուած
այս
չարագուշակ
խօսքերուն։
Տակաւ
առ
տակաւ
հիւանդութիւնն
աղէտալի
կերպով
ծանրացաւ
եւ
Երանիկի
երջանկութիւնը
կարծես
թէ
կատարեալ
դարձուց։
Երիտասարդ
աղջիկն
իր
հիւանդութեան
շուտով
անցնելէն
ի
զատ
վախ
չունէր.
իր
հոգւոյն
մանկական
անմեղութեամբն,
հիւանդութիւն
մը,
ծանր
ու
երկարատեւ
հիւանդութիւն
մը
միայն
երազեր
էր
իբրեւ
միակ
միջոց
Տօքթօրին
խնամքը,
խօսքն
ու
տեսութիւնը
վայելելու
համար։
Ի՜նչ
փոյթ
եթէ
մինչեւ
մահուան
առաջնորդէր
այդ
երանաւէտ
ցաւը։
Եւ
բժիշկն
անփոյթ
ու
անտարբեր
կը
շարունակէր
իր
այցելութիւնները
ժամացոյցի
մը
ճշդութեամբ,
ցորչափ
իր
այցեգները
կը
վճարուէին։
Իր
հինաւուրց
անառակի
անցեալովը
շատ
ու
շատ
տեսած
էր
կանացի
ամեն
պչրանքները.
բայց
այս
մանկամարդ
աղջիկն՝
իր
բոլոր
ամօթխած
ու
անփորձ
համակրութեան
մէջ,
անծանօթ
հրապոյր
մը
ունէր
կարծես։
Անդին
հիւանդութիւնը
կը
յառաջանար
հաստատ
ու
արագ
քայլերով,
քրտինքը
եւ
հազն
օր
օրէ
կ՚աւելնային։
Ժամը
ութէն
կ՚սկսէր
տենդն
երեսի
կարմրութեամբ
մը
որ
վերջալոյսի
շառագունութեան
պէս
տխուր
ու
հրապուրիչ
էր.
հիւանդին
երկար
ու
ոսկեգիսակ
մազերն,
անխնամ
կերպով
ցրուած
բարձին
վրայ,
առաւել
եւս
կը
շեշտէին
դէմքին
դեղնագոյն
դալկութիւնն
ու
տանթէլներով
զարդարուն
շապկէն
երեւցող
լանջքին
աննման
սպիտակութիւնը։
Շատ
նիհարցած
էր.
բարակ
ու
վտիտ
մատունքը
կարծես
թափանցիկ
դարձեր
էին.
աչերը,
այն
հրուտ
աչերը
մարեր,
նուաղեր
էին.
եւ
վերմակին
բացուածքէն
կը
տեսնուէր
որ
անոր
քնքոյշ
ու
ձիւնաթոյր
ուսէն
ոսկորը
միայն
մնացեր
էր
մորթին
տակ։
Հալեր
ու
մաշեր
էր
մէկ
բառով
եւ
երակներն
իրենց
կապոյտ
ուղիներով
մի
առ
մի
կը
համրուէին
հիւանդին
դողդոջուն
բազկին
վրայ։
Սկիզբները
մահացու
կարծելէ
հեռի
էր
զինքը
տանջող
անիմանալի
ցաւը,
բայց
այժմ
որ
հազին
սաստկութեանը
մէջ
թուքը
բոսորագոյն
կը
ներկուէր
թաշկինակին
վրայ.
ա՛լ
չէր
խաբեր
ինքզինքն
եւ
անողոք
ախտը
կը
ճանչուէր
անբոյժ
եւ
անդարման։
Այն
ատեն
Տօքթօրին
այցելութիւնները
բոլորովին
անհրաժեշտ
եղան
իրեն
համար.
մերձակայ
մահուան
գալուստէն
քաջալերեալ,
աւելի
համարձակութիւն
մը
ստացաւ
իբրեւ
թէ.
պատշաճութիւնները
իրեն
համար,
օրհասական
հիւանդին
համար
չէին,
հո՜գը
թէ
որ
մեռնելէն
վերջն
ալ
չարախօսէին
իւր
վրայ։
Հայրն
ու
մայրն
ալ
բոլորովին
գժտեր
էին
իրարու
հետ.
աղջիկնին
մինչեւ
աստիճան
մը
միութեան
գիծ
մը
եղած
էր
այս
երկու
ներհակ
բնաւորութեանց
մէջ.
Սօֆիկ
հանըմ
իր
անձնական
ցաւին
ու
հիւանդութեանը
զբաղած՝
ժամանակ
չունէր
Երանիկը
խնամելու.
առտու
եւ
երեկոյ
միայն
կուգար
անոր
սենեակն
որպիսութիւնը
հարցնելու
եւ
հետը
քիչ
մը
խօսակցելու
համար։
Հայրը
միայն,
հայրական
սիրոյ
յուսահատ
համառութեամբը,
գիշերն
ի
բուն
կը
հսկէր,
դեղերը
կուտար,
քրտինքը
կը
սրբէր
հիւանդին.
նամանաւանդ
սիրտ
ու
քաջութիւն
տալ
կ՚ուզէր
անոր,
երբ
թշուառն
ինք
ա՜յնքան
պէտք
ունէր
քաջալերութեան
խօսքերու։
Իր
հայրական
ծածկատես
հոգածութեամբը
դիւրաւ
նշմարեր
էր
որ
իր
զաւակն
յափշտակող
հիւանդութենէն
աւելի
անհուն
ու
դժբաղդ
սէր
մը
կար
որ
կ՚սպառէր
անոր
սիրտն։
Ու
վիրաւորեալ
առիւծի
մը
պէս
դեռ
կ՚ուզէր
մաքառիլ
անծանօթ
ու
ծանօթ
այս
թշնամւոյն
դէմ.
բժիշկը
չբերել
կը
մտածէր
պահ
մը
եւ
կը
վախնար
որ
զաւկին
մահը
փութացուցած
չըլլայ։
Առաւօտ
մը
որոշեալ
ժամուն
Տօքթօրը
չերեւցաւ.
ժամ
մը.
երկու
ժամ
սպասեցին.
երբեք
իր
խոստման
մէջ
թերացած
չէր.
բացառիկ
արգելք
մը
կար
անշուշտ։
Հետեւեալ
օրը
լուր
ղրկեցին
բժշկին
տունը.
դուրս
ելած
էր
ու
Պէօիւքտէրէ
Զարֆճեաններուն
գացած
էր
այցելութեան.
այն
օրն
ալ
մինչեւ
երեկոյ
սպասեցին.
հետեւեալ
օրը
դարձեալ
չեկաւ.
հիւանդը
ձայն
չէր
հաներ,
բայց
տարաբաղդ
հայրն
անոր
թաշկինակն
արցունքներով
թրջած
կը
գտնէր
բարձին
տակէն։
Ի՞նչ
պատճառ
կար
չի
գալու
համար.
գրեթէ
երկու
տարիէն
ի
վեր
փոխանակագիր
մը
հատուցանելէ
աւելի
ճշդութեամբ
վճարուած
էին
անոր
այցեգիները.
տանը
բժիշկն
էր
այս
մարդն
եւ
այս
յուսահատական
վայրկեանին
իր
զաւակը
լքանելն
Յակոբ
աղային
աչքին
սարսափելի
ու
վայրենի
ոճիր
մը
թուեցաւ։
Ինք
անձամբ
գնաց
աղաչելու
որ
գայ
եթէ
ոչ
փրկելու՝
գէթ
սփոփելու
համար
հիւանդը.
բժիշկը
մերժեց։
—
Խղճիս
կը
դպչի
ձեր
ստակը
առնուլ,
պատասխանեց
Տօքթօրը.
ես
անոնցմէ
չեմ
որ
միայն
ստակ
առնելու
համար
հիւանդները
կը
փնտռեն.
ի՜նչ
օգուտ,
ամեն
ջանք
ի
գործ
դրի,
բայց
հիւանդութիւնն
անդարմանելի
է.
հազիւ
շաբաթ
մը
կեանք
ունի…
Յակոբ
աղան
խոյս
տուաւ
աւելին
չի
լսելու
համար
այս
անողորմ
գուշակութիւններէն։
Տօքթօրը
արդէն
առջի
վայրկեանէն
ամեն
կողմ
իմացուցեր
էր
Երանիկի
հիւանդութիւնն
իր
բոլոր
պարագաներովն
որպէս
զի
ապագային
իրեն
յանցանք
մը
չի
վերագրուի.
բժշկական
գաղտնապահութիւնն
իր
համբաւին
պահանջումներէն
վերջը
կուգար.
արդէն
երբեք
այդ
գաղտնապահութեան
չէր
կրցած
վարժեցնել
իւր
շատախօս
լեզուն։
—
Գիտէի
որ
չի
պիտի
գար,
մրմնջեց
հիւանդն
երբ
տեսաւ
որ
միայնակ
կը
վերադառնար
իր
հայրը։
—
Ո՛չ,
ո՛չ,
պիտի
գայ,
բայց
քիչ
մը
զբաղեալ
էր։
—
Մի՛
խաբեր
զիս,
անուշիկ
հայրս,
գիտեմ
որ
չի
պիտի
գայ.
բժիշկները
հիւանդաց
մահուան
մօտ
օրերը
գալ
չեն
ուզեր,
վատե՜ր
որ
ճիշդ
վտանգի
ժամուն
կը
փախչին։
Երանիկի
վերջին
օրերը
անցան
ամեն
ճգնաժամի
օրերու
պէս
շփոթութեամբ,
յուսահատութեամբ
եւ
արցունքով
խառնուած։
Ինչ
որ
ալ
ըրին,
հիւանդն
ա՛լ
ուրիշ
բժիշկ
չընդունեց
իր
քով։
Յայտնի
է
որ
ցաւագին
տառապանաց
վերջը
մերձեցած
էր.
հայրն
անկողնոյն
մօտն
էր
ու
հիւանդին
հրավառ
ու
նիհար
ձեռքն
իր
ձեռաց
մէջ
էր
մինչեւ
վերջը։
Երանիկ
չէր
խօսեր.
բայց
հօրը
անսահման
խնամոցը
փոխարէն
երբեմն
անոր
ձեռքը
կը
քաշէր
իրեն
ու
կը
համբուրէր.
լռին
ու
գերագոյն
շնորհակալութիւն
մ՚էր
ու
թերեւս
վերջին
հրաժեշտ
մը.
հայրն
ա՛լ
չէր
վրդովեր
անոր
հանգիստը.
առջի
բառէն
կը
վախնար
որ
հեծկլտանքն
իր
ձայնը
խեղդէին.
արդէն
հազիւ
կարող
էր
ծածկել
իր
արտասուելէ
կարմրած
ու
ուռեցած
աչքերը։