Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Լրագիրները՝ արգանդի ու ջղային հիւանդութեանց մասնագէտ Տօքթօր Տիլպէրեանի անվերջանալի ազդարարութիւններովը լեցուն են։

Մասիսի մէջ, փոխաբերութեանց սիրահար խմբագիր մը՝ Հայոց գիտական հորիզոնին վրայ նոր աստղ ծագած լինելը կ՚աւետէ, ու կը թախանձէ մեծանուն բժիշկն որ զիջանի Պոլսոյ հիւանդներն ալ դարմանել։

Մեծ բոմբիւնով գործի կ՚սկսէր այս բժիշկը. Պոլիս վերադարձին հեռաւոր ազգականի մը մահուամբ չորս հարիւր ոսկւոյ գումար մը պատեհ ժամանակին ձեռքը կուգար՝ Բերայի մէջ տուն, կահ կարասիք, սպասաւոր, գրքատուն, բժշկական գործիք, ամեն ինչ ունենալու համար։

Իր ընտանիքը՝ Պոլսոյ մէջ ծանօթ ընտանիքներէ մին՝ տօքթօրին աննման ճարտարութենէն ի զատ ուրիշ խօսք չունի բերանը։

Տաճիկ առած մը կ՚ըսէ որ ժամանակը՝ անպիտաններուն է։ Տօքթօր Տիլպէրեան այս առածին կենդանի օրինակն եղաւ. քիչ ատենուան մէջ իր համբաւը՝ շատ աւելի հին, շատ աւելի ճարտար բժիշկներունը գերազանցեց։

Ինքզինքն արգանդի ու ջղային հիւանդութեանց մասնագէտ հռչակելով անօգուտ ու ծաղրելի սնապարծութիւն մը ցոյց տալ չէր իր նպատակն, այլ ստոյգ ու շահաւէտ հաշիւ մը՝ որ «մէկ մէկ ալ երկուք կ՚ընէ»ի պէս պարզ ու բացայայտ էր. կանանց յատուկ եղող այս հիւանդութեանց մասնաւորապէս աշխատածն ըլլալն յայտարարելով, իր յաճախորդաց մեծագոյն մասն իգական սեռէն պիտի ըլլար, որոց մօտ բժշկական հմտութենէն աւելի իր բարիզեան ձեւերն ու գեղանձն երիտասարդի անդիմադրելի ազդեցութիւնը՝ բարերար եւ առողջարար ազդեցութիւն մը պիտի ունենային։

Տօքթօր Տիլպէրեան սխալած չէր իր յոյսերուն մէջ, իգական սեռի տկարութեան ճանաչողութեանը մէջ, քանի որ քիչ ատենուան մէջ Բերայի ամենէն փնտռուող բժիշկներէն մէկն էր հիմա։

Իր արհեստակիցներն ի զուր անոր յաջողութեան գաղտնիքը կ՚որոնէին, ի զուր անոր դարմանելու յոռի ու սխալ եղանակները կը քննադատէին. այս բժիշկը գեղեցիկ սեռին հաճելին, վստահելին կը մնար միշտ. կանայք կը պաշտպանէին զինքն ու այսպէս հոլանի պարանոցներու ու հեշտաւէտ կուրծքերու կռնակը պատսպարուած կը դիմադրէր ամեն յարձակումներու. ի՜նչ կը հասկնային այդ բժիշկները ջղային եւ արգանդի հիւանդութիւններէ, միթէ իրեն պէս մասնագէ՞տ էին անոնք ալ. ո՛չ, ո՛չ, անոնց պատասխանելու չէր զիջաներ բնաւ. ինքը շատերու պէս չորս տարիէն բժիշկ դարձած չէր, այլ տասնըչորս տարի գործնականապէս աշխատեր էր մեծ վարպետներու քով, որոնք իր տաղանդին վրայ հիացած Ֆրանսայի մէջ կեցնել ուզեր էին զինքը. Շառքօի առաջին աշակերտն էր ինք եւ զինքը լսելու համար ժողվուած տիկնաց եւ օրիորդաց կը բացատրէր Շառքօի ո՛վ ըլլալը։

Իգական սեռն իր կողմն էր. բոլորն ալ անոր օգուտները կը տեսնէին ու անով միայն առողջանալու կարելիութեան կը հաւատային։

Այրերն այս կոյր հաւատքին դէմ մաքառելու անկարող էին. Տօքթօր Տիլպէրեանի գործած հրաշքներուն թուումը՝ ամեն պայքար անօգուտ կը դարձնէր. միթէ Տօքթօր Տիլպէրեան չէ՞ր որ օրիորդ Շամլեանի գլխուն ցաւը աղէկցուցեր էր, միթէ Տօքթօրը չէ՞ր որ տիկին Քարտաշեանի անհանգստութիւնը դարմաներ էր եւ ասոնց պէս անթիւ պատմութիւններ, որոնց ներքեւ, ջրհեղեղի մը տակ մնալու պէս, էրիկ մարդոց տկար դիտողութիւնները կ՚անհետանային։

Հետեւաբար Տօքթօր Տիլպէրեան իր ճամբան գտեր էր. ուր որ հրաւիրուէր՝ թէ՛ փորի ցաւ ըլլար, թէ՛ գլխու ցաւ, վարժուեր էր ջղային կամ արգանդի վերաբերեալ նկատելու հիւանդութիւնը։ Պատահեցաւ որ յայտնի թոքախտաւոր աղջկան մը քով տանին զինքը եւ Տօքթօրը չի վարանեցաւ յայտնելու թէ ջղային թոքախտէ կը տառապէր հիւանդը։

Թէ որ իր դարմանումն արհեստական եւ գիտական տեսակէտով շատ անգամ անյարմար ու երբեմն վտանգաւոր իսկ լինէր, Տօքթօրն այդ փոքրիկ թերութիւնը՝ խօսուածքին քաղցրութեամբն ու վարմունքին վայելչութեամբն անշուշտ կը լեցնէր. կատարեալ սալօնի մարդ էր եթէ ոչ Ակադեմիայի. բժշկական խոժոռութիւն չի կար իր դէմքին վրայ, ու երբեմն առժամանակեայ ու անհրաժեշտ ծանրութեամբ մը հանդերձ, Բարիզի պուլվառներուն վրայ ճեմողի մը հովեր կային վրան որ կիները կը յափշտակէր։

Նամանաւանդ կանանց ամենէն վատթար սովորութեանց անվնասութեան, թերեւս օգտակարութեան կողմնակից բժիշկ մ՚էր. դէմքի վրայ մազի վրայ քսուելիք ներկերու կամ քօռսէի կուսակից բժիշկներն հազուագիւտ են եւ Տօքթ. Տիլպէրեան ալ աւելի կը սիրուէր այս ներողամիտ սկզբանց համար։

«Սիրուն մարդ է» կ՚ըսէին կանայք անոր վրայ խօսած ատեննին եւ այցելութեանը կ՚սպասէին աւելի ախորժելի խօսակից մը տեսնելու անհամբերութեամբ քան թէ բժիշկ մը։

Իր տեսակ տեսակ արկածներով բեղմնաւոր անցեալէն, 14 տարի վարած բարիզեան կեանքէն փոքրիկ հատուած մ՚ունէր միշտ ընծայելու իր հիւանդին. նամանաւանդ հաճելի եւ ճաշակաւոր մեծարանքներով կը համեմէր իր բժշկական քննութիւնը.

Ի՜նչ քնքոյշ թեւ մ՚ունիք, Տի՛կին, կ՚ըսէր միոյն բազկերակը բռնելով։

Երկրորդի մը`

Ձեր մարմինը գիտական տեսակէտով ամենէն բարեձեւն է, կ՚ըսէր այնպիսի ժպիտով մը որ հիւանդին սրտին մինչեւ խորը կը թափանցէր։

Եւ այսպէս կը վաճառէր իր գեղեցիկ երիտասարդի եւ բժիշկի արուեստն։ Իր մտած ելած տուներուն մէջ ամեն գաղտնեաց եւ ամեն գայթակղելի դիպուածոց տեղեակ՝ գաղտնապահ ու անհրաժեշտ մարդ մը համարուած էր։

Բայց այցեգինի վրայ կատակէ չէր ախորժեր. իր կարծեօք ամեն հիւանդ մէկ մէկ դրամի հանք էր զոր շահագործելու գաղափարն ունէր միայն։ Հիւանդներ ունէր որոց վրայ աւելի կը վստահէր քան թէ կալուածատէր մը իր եկամուտին վրայ։

Օր մը Օրթագիւղ ոսկերչի մը տունն հրաւիրուեցաւ, անոր հիւանդ կինը դարմանելու համար։

Քառասունը հազիւ անցուկ, գիրուկ, ուժեղ, էրկնէն դժգոհ, գեղանի խարտիշուհի մ՚էր. բոլոր բժիշկները սրտի հիւանդութիւն մը գտած էին անոր վրայ. Տօքթօր Տիլպէրեան արգանդի տկարութիւն մը տեսաւ երկար դարմաններու կարօտ։

Առանց հարուստ ըլլալու, ազնուական ընտանեաց զաւակ էր ամուսինն եւ պատրաստ իր ունեցածը ծախսելու՝ կնօջը խանգարեալ առողջութիւնը վերադարձնելու ու անոր յաւիտենական գանգատներէն ազատելու համար։

Սօֆիկ հանըմ, իր տարիքին հակառակ, հեշտութեան ու սիրոյ անսպառ գանձեր կը պահէր իր սրտին մէջ թաղուած. իր անզգայ ու տգեղ ամուսինը՝ որոյ հարուստ ամիրայի զաւակ ըլլալէն հրապուրուեր էր, հազիւ երկու երեք տարի արժանացեր էր գորովանաց։

Եւ սակայն Յակոբիկ աղան այս կնոջ հետ ամուսնանալուն համար միայն հարկադրուեր էր թողուլ իւր ընտանիքն ու զրկուիլ հայրենի ժառանգութենէն. ու ընտանեացը ծոցէն վտարուած՝ անձնական աշխատութեամբը ու սորված արհեստին շնորհիւ կը հոգար իր ապրուստի համեստ միջոցները, մինչ անդին իւր եղբարքը կը տիրանային հօրը թողած բոլոր հարստութեանը։

Բարեմիտ, ուղղամիտ եւ հաստատամիտ մարդ էր այն վայրկեանէն յորում իւր հայրը Զարֆճեան Պօղոս ամիրան՝ ամեն ճշմարիտ ամիրայի պէս անողոք ու բռնաւոր, իր բացարձակ արգելքին հակառակ որդւոյն ամուսնութիւնը լսելով զայրացեր ու ապտակ մը զարնելով տունէն դուրս վռնտեր էր զինքը. նոյն վայրկեանէն իր հօրը, իր ընտանեաց անունը բերանը չէր առած անգամ մ՚ալ ու տարիներ անցեր էին. հայրն իր հայրական ու ամիրայական իշխանութեան դէմ գործուած անարգանքը, որդին իր կերած ապտակը ու տեսած նախատինքը չէին մոռցած եւ միեւնոյն արիւն կրող այս երկու մարդիկն օտարական ու հակառակորդ մնացեր էին իրարու։ Միւս եղբարքն որոց այս գժտութիւնը հայրենի ժառանգութեան ամբողջութիւնը կ՚ապահովէր, ջանք խնայած չէին անդարձ ու վերջնական ընելու այս հեռաւորութիւնը։

Պօղոս ամիրան՝ խստակրօն մարդ՝ որ հաւատքի ու կրօնական պարտաւորութեանց մէջ փախուստի ճամբայ գտնել չէր գիտեր, այս քէնը սրտին մէջ այլեւս հաղորդութիւն չէր կրցած առնուլ. ինքն որ ամիս մը առանց խոստովանութեան ու հաղորդութեան անցուցած չէր եւ իր բարեպաշտ սովորութեան համեմատ ամեն կիւրակէ առաւօտ կ՚երթար եկեղեցին պատարագ տեսնելու, այդ սուրբ խորհուրդէն զինքն ի բաց վանող արգելքն յիշելով ամեն անգամ աւելի զայրացած կը դառնար տուն։ Ա՜հ, թէ որ մէկը միջնորդէր այդ ըմբոստ որդւոյն համար, զոր միւսներէն աւելի սիրած էր միշտ, եթէ նոյն ինքն Յակոբիկն իր ոտքով գար հայրական աջն համբուրելու Զատկի առտու մը, Պօղոս ամիրան մարդոց երջանկագոյնը պիտի ըլլար։

Զատիկն ու Ծնունդը կը յաջորդէին ու ոչ ոք կ՚երեւար, ու ոչ ոք կը բարեխօսէր այս կորուսեալ որդւոյն նկատմամբ որ իր հայրական ու քրիստոնեայ սրտի համար մշտատեւ ու անդրմանելի վիշտ մը կը մնար։

Այս խորին ցաւն իր կեանքը դառնացուց. օր մը յանկարծ Յակոբիկին աղջիկ զաւակը տեսնել ուզեց. հրաման ըրաւ որ երթան անմիջապէս իրեն բերեն զայն. զինքը շրջապատող որդիքն ապշեցան ու վախցան. տունէն բաժնուած օրէն զայրացեալ հօրերնուն յարգանք մը ցոյց տալու պատրուակաւ Յակոբիկին խօսքն արգիլուած էր տանը մէջ։ Անոր զաւակ մ՚ունենալն առաւելագոյն իրաւամբ գաղտնի, բոլորովին գաղտնի պահուած էր. եւ ահա ամիրան անունն անգամ սորվեր էր եւ տեսնել կը փափաքէր մանկուհին։

Թող Օրթագիւղ երթան ու Երանիկը ինծի բերեն, ըսեր էր։

Օրթագիւղ ըսած էր՝ Յակոբիկին անունը չի տալու համար։

Մանկուհին բերին ու Պօղոս ամիրա սիրեց, պագաւ ու գիրկն առնելով իր ընդարձակ ապարանքին բոլոր սենեակները ցուցուց. պարտէզ տարաւ ու ջերմոցին է՛ն հազուագիւտ ծաղիկներն ու պտուղները փրցուց անոր տալու համար, թէեւ շարունակ իր քով գտնուող միւս թոռանը երեսն անգամ չէր համբուրած։

Մարդ չի համարձակեցաւ դիտողութիւն ընելու, մինչդեռ Երանիկ իբրեւ թէ գիտնար թէ իրն ալ էր այդ բոլոր ճոխութիւնն, այդ մեծ ապարանքն, այդ ծաղկալից ու ընդարձակ պարտէզն իր բոլոր շատրուաններովը, մէկէն մտերմացեր էր իր պապուն հետ եւ շատախօս հետաքրքրութեամբ, որ ծերունի հաւուն զմայլանք կ՚ազդէր, ամեն բան հասկնալ կ՚ուզէր։

Պօղոս ամիրան երջանիկ էր այս հարցումներուն պատասխանելով. ինքը տկար ու չորաբեկ ծերունի ո եւ է յոգնութիւն չզգաց կարծես ժամերով գիրկը առնելուն այդ մեծ ու սեւ աչերով, յստակ ու խրոխտ նայուածքով մանկուհին որ հայրական ցեղը կը յիշեցնէր։

Սրտայոյզ զուգաւորութիւն մ՚էր պապուն խորշամած դէմքն ու աղեբեկ մազերն թոռան վարդագոյն մանկական երեսին ու խարտեաշ խոպոպեաց քով։ Կէս դար կը բաժնէր այս երկու մանուկները։

Հոս կը կենաս այս գիշեր, ըսաւ կամացուկ մը մանկուհւոյն ականջն ի վար, ասիկա քուկին տունդ է։

Իմ տունս հայրիկիս տունն է, պատասխանեց փոքրիկ աղջիկն առանց գիտնալու թէ որքան մահացու հարուած մը կուտար ծերունւոյն սրտին։

Ծերունին ալ չի կրկնեց առաջարկը։

Իրիկուան դէմ Երանիկը տարին ու Պօղոս ամիրան ա՛լ աւելի յուսահատ ու անմխիթար մնաց։

Այս սրտի ցաւերով իր օրերը կարճցան, կաթուած մը ունեցաւ օր մը եւ ա՛լ ոտքի չի կրցաւ ելլել։

Մանկուհին երկրորդ անգամ մ՚ալ տեսնել ուզեց իր անկողնոյն մէջ, բայց չի ցուցուցին իրեն. հիմա իր ձայնը, որ ատեն մը սարսափ կը պատճառէր, մտիկ ընող չի կար. սպասաւոր մը միայն թողած էին անոր քով որ մինչեւ վերջը կը քնանար կամ տրտնջալով դժգոհալով կը ծառայէր։

Մէկը չունէր գանգատելու, ոչ ոք արտօնութիւն ունէր սենեակը մտնելու։ Տեսած արհամարհանքը կաթուածէն աւելի մահացու եղաւ իրեն։

Այս մեծ ամիրան, այս գոռոզ մարդն, որ վաթսուն տարի իր տան մէջ միահեծան իշխեր էր բռնակալի մը պէս, պատն երեսին, լքեալ եւ անոքիկ մեռաւ, ո՞վ պիտի հաւատար ասոր, մանկական զուարթ դէմքի մը, իր փոքրիկ սիրուն թոռանը, Երանիկին կարօտը քաշելով։

Ամեն բան առաջուց կարգադրուած էր։

Յակոբիկ աղային եղբարքը լուր տարածեցին ամեն կողմ թէ ժառանգութենէ զրկուած էր նա եւ յատուկ թուղթ ու ստորագրութիւն ցոյց տուին իրենց հօրը կնիքովը կնքուած, զոր հիւանդութեանը ժամանակ գողցած էին։

Յակոբիկ աղան ո՛չ կամք եւ ո՛չ միջոց ունէր անոնց հետ դատավարելու. եղբարքն ու աշխարհ զարմացան որ ո եւ է ժառանգական պահանջում չի լսեցին. ձեռք առած զգուշութիւննին աւելորդ էր։

Սօֆիկ հանըմ չէր ըմբռնած երբեք այս չափազանց վեհանձնութիւնը։

Թող եղբայրներդ ամառը Վոսփոր, գարունը Կղզիներն երթան ու հոս մենք տանը մէջ տանջուինք, կ՚ըսէր ամուսնոյն աղքատութիւնն ու անխելքութիւնն երեսին զարնելով։

Ամուսինը մեղմութեամբ կը պնդէր իր որոշման վրայ.

Ի՞նչ պիտի շահինք բան մը պահանջելով. անոնք ամեն բան խորհած են մեր իրաւունքն յափշտակելու համար. պարապ տեղը պզտիկ իյնալ չեմ ուզեր։

Սօֆիկ հանըմ գոնէ լուր ղրկելու, դատ բանալու, սպառնալիք ընելու կողմն էր։

Տեսնաս ինչպէս պիտի վախնան, կ՚ըսէր էրկանը, շարունակ այս խնդրոյն վրայ բերելով խօսակցութիւնը, գոնէ քիչ մը բան ձեռք կ՚անցունենք։

Աղքատներն իրաւունք չեն կրնար շահիլ այս աշխարհիս մէջ, իրենց թող ըլլայ գողութեան վաստակը, կը կրկնէր Յակոբիկ աղան որ այս մասին զիջողութիւն ըրած չէր երբեք կնոջն։

Եւ այր ու կին տասն տարիէ ի վեր, յորմէհետէ Պօղոս ամիրան մեռած էր, երկուստեք անյողդողդ կը շարունակէին այս վէճն ու կռիւը։

Եւ ահա քսանեւմէկ տարի կ՚ըլլար ամբողջ որ միասին կ՚ապրէին եւ Սօֆիկ հանըմ կը կատղէր մտածելով որ հարսնացու աղջկան մը տէր եղած, գրեթէ ծերացած էր առանց գոնէ երեսը տեսնելու այն երջանկութեան զոր իր դիւրաբորբոք բնաւորութիւնը երեւակայել կուտար իրեն աղջիկ եղած ատենը։

Այս միակ զաւակը մեծնալով հետզհետէ աչքէն ելած էր. տանը մէջ, ամեն վայրկեան իր աչքին առջեւ իր շուրջը դարձող, պտըտող, խնդացող, երգող այդ պարմանուհին կարծես թէ իր ծերութիւնը շարունակ երեսը զարնելու համար կը ծիծաղէր։ Առանց անոր ներկայութեան Սօֆիկ հանըմ իր կլորիկ դէմքովը, խրոխտ ու մսոտ կուրծքովը ու վայելուչ հասակովը դեռ երիտասարդ կին մ՚էր, տարիքը տասը տարի պակաս ցոյց տալու կարող. բայց իր աղջիկը՝ կենդանի ծննդեան վկայագրի մը պէս իր քովն էր միշտ որ իր ընդունայն անցած օրերուն դառնութիւնը կը յիշեցնէր։

Այս յարատեւ նեղութենէն ու զայրոյթէն երեւան ելեր էին սրտի հիւանդութեան մը սկզբնաւորութիւններն. այն ատեն ալ իր դժգոհանքը չափ չէր ունեցեր. օրն ի բուն ինքզինքն էրկանը ձեռքը մատնուած մարտիրոսուհի մը կը նկատէր։ Ոչ հայազգի, ոչ օտարազգի բժիշկները օգուտ ըրին անոր մոլեգին սրտին. Տօքթօր Տիլպէրեան բացառութիւն մը եղաւ բժշկաց անկարողութեան մէջ։

Առջի այցելութենէն, Սօֆիկ հանըմ յայտնեց թէ բարւոքում մը կ՚զգար իր վիճակին մէջ. երկրորդ ու երրորդ այցելութիւնք այս համոզումը շարունակեցին. ամուսինն այցեգիները կը վճարէր անտրտունջ առանց հարցնելու փնտռելու, մինչդեռ կինն յաղթական ու յանդիմանական եղանակաւ կը գոչէր.

Տեսա՞ք մի բժիշկը, մէկ անգամեն ճանչցաւ հիւանդութիւնս, իբրեւ թէ ուզէր ամուսինը պատասխանատու բռնել առաջուց Տօքթօր Տիլպէրեանը չի բերելուն։

Էրիկը գլուխը կ՚օրօրէր այս խօսքերուն դէմ. մեծ վաստակի տէր չէր ու հէք մարդը կը մտածէր թէ իր ամսական շահը Տօքթօրին այցեգիները վճարելու չէր բաւեր։

Մտքէն անգամ չանցուց իր կնոջ առաջարկելու որ վերջ տայ անոր այցելութեանց. առջի բառէն կը գուշակէր սպառնալից փոթորիկ մը որ իր գլխուն պիտի պայթէր. ապաքէն ամուսնանալէն ի վեր փոխադարձ հակակրութիւն մը եղած էր իրենց յարաբերութիւնը. միայն իր աղջկան ծնունդն սփոփանք մը եղած էր իրեն առանց անդորրութիւն կարենալ բերելու տանը մէջ. եւ էրիկը լուռ ու անձայն իր բոլոր գորովն ու սէրը այս մէկ հատիկ զաւկին յատկացուցեր էր, զոր մայրն անհաւատալի անտարբերութեամբ կը լքանէր կամ կրթելու պատրուակաւ կը ծեծէր։ Յակոբիկ աղա՝ հայր ու մայր եղած էր միանգամայն իր զաւկին։

Մայրդ է, աղջիկս համբերելու է, կ՚ըսէր անոր երբ մանկուհին կը գանգատէր օրն ի բուն մօրը ձեռքէն քաշած նեղութիւններէն։

Ու կը համբերէին, մինչդեռ Սօֆիկ հանըմ իր վէճերով, կռիւներով, գանգատներով տունը կը լեցնէր. սպասաւորները խոյս կուտային ու դրացիներն՝ անոր անյանդուրժելի բնաւորութեան տեղեակ՝ չէին տեսնուեր հետը։ Այս կերպով ինքզինքը միայն կ՚սպառէր իւր անվերջ սրտմտութեամբը։

Տօքթօր Տիլպէրեան մեղմացուց այս դժգոհ ու դիւրագրգիռ հիւանդը. իր պատուէրները գերազանցապէս ախորժելի էին։

Դուք ազատութեան, սրտի հանգստութեան պէտք ունիք Տիկի՛ն, կ՚ըսէր բժիշկն երկարօրէն մտիկ ընելով անոր մերկ ու դողդոջուն կուրծքը. նեղութիւն ու մտմտուք չի գար ձեզի, նամանաւանդ բնաւ դող ելլելու չէք։

Դող չելլե՞լ, Տօքթօր, ամեն օր զիս յատկապէս կը բարկացնեն։

Ո՛չ, ո՛չ, չըլլար, կը կրկնէր բժիշկն անոր ձիւնաթոյր պարանոցին վրայ հակելով իր գեղեցիկ գլուխն ու իր քննութիւնը շարունակելով։

Եւ պատուէրները կը շարունակուէին, մինչդեռ հիւանդը քաղցրալուր եղանակի մը ունկնդրելու պէս մտիկ կ՚ընէր բժշկին ձայնին։

Դուն զիս պիտի ազատես, Տօքթօր, կ՚ըսէր աննման հաւատքով մը։

Ամիսները կը սահէին այս հաճելի տեսակցութիւններով, թէեւ ամեն անգամ բժշկին տուած հրահանգը նոր ծախքի դուռներ կը բանար ամուսնոյն. այսօր կառքով շրջագայելու հարկ կը տեսնէր, վաղը շոգենաւով, ուրիշ անգամ մը կը պատուիրէր Կղզին օթէլ մը երթալ առանձին, վասն զի իբրեւ տան բժիշկ՝ էրիկ կնոջ մէջ եղած յարատեւ գժտութեան տեղեակ էր։

Առանձին երթալ պատուիրեց բժիշկը, կը կրկնէր իրիկունը հիւանդն իր ամուսնոյն, որ ամեն ընդդիմութենէ յուսակտուր՝ տեղի կուտար։

Յակոբիկ աղան այն պարզամիտ ու համակերպող անձերէն էր որք ընդհանրապէս խաբեբաներու ու մասնաւորապէս կանանց զոհը լինելու դատապարտուած են։ Շուկային մէջ առուտուր չի կար. իր դրամագլուխը խորելով ուրեմն այս բոլոր անօգուտ ծախքերը կը հոգար. իր կինն առանձին օթէլ ղրկելու գաղափարն՝ առջի անգամ տարօրինակ երեւցաւ, բայց բժշկին հրամանը բացորոշ էր։

Գրեթէ տարի մ՚ամբողջ այսպէս անցաւ ու ոսկերչին անձկութիւնն երթալով աւելցաւ։ Շաբաթն երկու անգամ բժիշկն անվրէպ կուգար սահմանեալ ժամուն։ Ալ հիմա ընտանի մարդ էր գրեթէ։ Յակոբճան աղայի դրամական կարողութիւնը գիտէր կնիկէն առած տեղեկութեամբը. իբրեւ խորհուրդի եւ ծրագրի մարդ անմիջապէս Յակոբ աղայի համար ընտանեացը հետ հաշտուելէ ուրիշ փրկութեան միջոց չէր տեսած։

Ի՜նչ հարկ անտեղի հպարտութեամբն հայրենի ժառանգութիւնը չի պահանջել ու իր հիւանդութիւնը դարմանելու անկարող մնալ։

Բերանդ պագնեմ, Տօքթօր, կը գոչէր Սօֆիկ հանըմ, բժշկին շահաւէտ խորհուրդներէն յափշտակուած, եկու տէ սա մարդուն հասկցո՛ւր։

Իր առողջական վիճակը սակայն իր բոլոր յայտարարութեանց հակառակ ո եւ է բարւոքում ցոյց չէր տար. բայց ասի աւելի իր էրկանը պէտք էր վերագրել քան թէ Տօքթօրին։

—Քառլսպատ պատուիրեց բժիշկը, կ՚ըսէր դիտողութիւն ընողներուն. հոս մնալով անկարելի է առողջանալ. ի՞նչ յանցանք ունի մարդը, թէ որ իր պատուէրները չենք կրնար գործադրել։

Ու այսպէս ստակը կ՚երթար ու օգուտը չէր տեսնուեր։ Յայնժամ այր ու կնոջ մէջտեղ կռիւ ու վէճն սկսաւ աւելի սաստկութեամբ։

Սօֆիկ հանըմ նախամեծար կը համարէր մեռնիլ քան թէ այնքան օգուտները տեսած բժիշկէն բաժնուիլ։

Դրացին ու գիւղացին, ազգականն եւ օտարականն ա՛լ բամբասել կ՚սկսէին այս տարօրինակ հիւանդն որ իր անօգուտ ու երիտասարդ բժշկէն չէր կրնար անցնիլ։

Էրիկն այս ամօթալի խօսքերը լսեց ու զայրացաւ. կինն ինքն ալ ապշեցաւ այս տարապարտ կասկածներուն վրայ։

Ի՜նչ զրպարտութիւններ են ասոնք, գոչեց բարկութենէն կասկապուտ կտրած. այսքան օր է տունս կուգայ կ՚երթայ, բնաւ անպատշաճ բան մը ըրած չէ. չա՞մչնար այդ Էլպիս հանըմը որ այս տեսակ խայտառակ խօսքեր կը հանէ. եղբօրդ կինը պիտի ըլլայ. ասոր անոր վրայ աղտ քսելուն թող քեզմէ յափշտակած ստակնին վճարեն. անկէ վերջը քիչ մ՚ալ իր վրայ ըսուածներուն ականջ տայ. մարդ չէ գտեր սպասաւորներուն հետ ժամանակ անցնելու ելեր է. բերանս չի բանամ։

Սօֆիկ հանըմ յուզեալ ու դողդոջուն իր բոլոր զայրոյթը դուրս կը թափէր հրաբուխի նման. իր ներոջը բոլոր գայթակղալից պատմութիւնները կրկնելով ըստ կարի իր վրէժը կը լուծէր։ Եւ յիրաւի ինք ախորժելէ, թերեւս չափազանց ախորժելէ աւելի հեռուն գացած չէր Տօքթօր Տիլպէրեանի մասին, մինչդեռ իր ները Պէօյիւքտէրէի քարափն ամենէն տարօրինակ ու ամենէն անամօթ յարաբերութիւններով լեզու հանած էր։

Ներքնապէս սակայն ինքն ալ մեղադրեց Տօքթօրին հետ ստացած չափազանց ընտանութիւնը։

Ի՞նչ ընեմ, կ՚ըսէր ասոր անոր, ուրիշ մասնագէտ մը չի կայ. ուզեմ չուզեմ անկէ զատ մէկը չեմ կրնար կանչել։

Բայց ոչ ոք կ՚ընդունէր այդ ծաղրելի բացատրութիւնն ու բամբասանքը երթալով կը շատնար։

Այն ժամանակ Սօֆիկ հանըմ աւելի խելքի մօտ միջոց մը որոնեց բժշկին հետ իր մտերմութիւնն արդարացնելու ու պահպանելու համար։

Տօքթօրը Երանիկին շատ հաւնած է, ըսաւ էրկանը. ամեն անգամ անոր գովեստը կ՚ընէ, կարելի է ուրիշ դիտաւորութիւն մ՚ունի։

Յակոբ աղան յանհունս կը սիրէր իր զաւակն։ Երանիկ եկեր հասեր էր, ինքը վերջին տարիներուն ձախորդութենէն օժիտ մը չէր կրնար յատկացնել անոր ամուսնութեան. աղջիկը կարգել, գոհ ու երջանիկ տեսնել ու ապա մեռնիլ, այս էր իր միակ մտմտուքն ու միակ փափաքը այս բարի մարդուն, այս անձնուէր հօր, ու այս փափաքին իրականութիւնն երթալով անհաւանական՝ գրեթէ անկարելի կ՚երեւէր որքան ժամանակը կը մերձենար. իր երջանկութեան երազն ստուէրի մը պէս խոյս կուտար իրմէ որքան որ ինք անոր ետեւէն կ՚իյնար։ Տօքթօր Տիլպէրեանի իր զաւակը ուզելուն հաւանականութիւնը լսելով, Յակոբիկ աղան վարանեցաւ ու երկու սուրի մէջ մնաց։

Աղէկ գիտե՞ս գոնէ, հարցուց կնոջը։

Եւ այնուհետեւ Տօքթօրին այցելութիւններն աւելի համակիր ընդունելութեան հանդպեցան։