Այլ նորավէպեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մրրիկն իր բոլոր զայրոյթին ու կատաղութեանը հասած էր ա՛լ. ծովը հետզհետէ լեռնաձեւ ալիքներով չորս կողմէն կը պաշարէր փոքրիկ մակոյկը զոր իր աղի ջուրերովը լեցուցած էր։ Մութին մէջ աներեւոյթ դարձող ցամաքն իրարու յաջորդող փայլակներուն ցոլացման մէջ կը տեսնուէր հանդարտ ու անքոյթ. տուներն ու ապարանքներն իրենց կարմիր ու զուարթ լոյսերը վառած էին ու ալեաց մէջ կորսուող մակոյկն անիրականալի երազի մը պէս հեռուէն կը դիտէր ցամաքին այս հաստատ ու ապահով երջանկութիւնը։

Սահակ կը շարունակէր իր գերմարդկային ճիգերը, վտանգը կը կրկնապատկէր անոր ճարտարութիւնը. բոլոր ջանքը կը կայանար նաւակին կողը չընծայելու ալեաց յարձակման, ու խաւարին մէջ ճերմակ փրփուրներէն կոհակաց գալուստը տեսնելով՝ ձախ թիակով իր ուղղութիւնը կը պահէր. խոյս տալու մէջ չէր փրկութիւնն, այլ անխոհեմ դիրքով մը չընդդիմանալու փոթորիկին զայրոյթին. եւ այսպէս հալածական ու հնազանդ կը մղուէին ալեաց կատարներուն ու խորութեանց մէջ։

Երիտասարդ կինը նաւակին մէջ սարսափէն նուաղած, ընկողմանեալ կը մնար, իր արդուզարդին գրգռիչ ու շնորհալի անկարգութեանը մէջ։

Ումուր Եէրիի ծոցը կը մտնէր մակոյկը հիմա. այս սեղմուած եզերքներուն մէջ ծովն աւելի կը բարձրանար, կ՚ուռէր սպառնալից ու մահագոյժ կը դառնար. նաւավարը կ՚զգար կորուստն անխուսափելի. ալիքները կիսովին թրջած էին զինքն ու իր տիրուհին. աղի համ մը, այդ ջուրերէն ելլող դառնութիւն մը կը լեցնէր իր շնչասպառ կուրծքը, խեղդամահ կորսուելուն սկզբնաւորութեանը պէս այս ջուրէ գերեզմանին մէջ։

Իր ուղղութիւնը պահելու ստիպուած՝ ալեաց կը նայէր դեռ ու միջոց մը փայլակին լուսովը տեսաւ նաւակը մօտեցած եզերքին զոր փրփուրներու սպիտակութիւնը՝ ձիւնապատ դաշտի մը նման բոլոր երկայնութեամբը կը գրաւէր։

Այլ անկարելի էր չի փշրուիլ այդ ծովուն ու ցամաքին մաքառմանը մէջ անկարելի ետ դառնալ բացը նետուելու համար. այն ատեն աղաղակ մը բրդաւ իր կուրծքէն, օգնութի՜ւն կոչելու ձայն մը, աղիողորմ եւ յուսահատ գոչիւն մը զոր ծովն իբրեւ թէ անակնկալ աջակցութիւն մը արգիլելու դիտմամբ իր մռնչիւնովը ծածկեց։ Ցամաքէն տասը գրկաչափ բացն էին, ծովն օրօրոցի մը պէս առաջ ու ետ կը մղէր զիրենք եւ իր խուլ նուագներովը քնացնել կ՚ուզէր այս դատապարտեալները։

  Այս մահուն տարուբերին մէջ ալիք մը անհնարին մոլեգնութեամբ գրկեց բարձրացուց մակոյկն իր լոյծ կուրծքին վրայ. մանրերկրորդ մը վարանեցաւ կարծես որոշում տալու համար, յետոյ անհաւատալի զօրութեամբ ցամաք նետեց զայն, հոն հաւաքուած աւազներուն վրայ, ու ետ քաշուեցաւ։

Այս ալիքն որ իր անօրինակ ուժգնութեամբը ստոյգ կորուստ մը պարտ էր բերել, իրենց փրկութիւն եղաւ. չափազանց սաստկութիւնը խորտակելու տեղ ազատեց զիրենք եւ իր նպատակին ներհակ արդիւնք մը արտադրեց. այս պարագային մէջ ծովուն վարմունքը մարդոց վարմունքին համաձայն գտնուեցաւ։

Նաւավարը դուրս նետուեցաւ ու ամեն բանէ առաջ իր պրկուած ու ոյժաթափ մատներովն ալ աւելի դէպի ցամաք քաշեց թեթեւ մակոյկն ու յետոյ տիրուհին դուրս հանել ջանաց։

Մթութեան մէջ կ՚որոշէր անոր վախէն թալկացած դէմքն ու մարմնոյն բոլոր զմայլելի գծագրութիւնը զոր թրջուած շրջազգեստը բոլորովին յայտնի կ՚ընէր։

Այն ատեն բռնեց այդ լեցուն ու հրաշագեղ մարմինն, իր գիրկին մէջ, իր ուսերուն վրայ առաւ՝ առանց թեւերուն մէջ կարենալ ամփոփելու այդ հարուստ իրանը, առոյգ բարձունքը. մանկամարդ կինն այս հպումով, այս ջերմութեամբ սթափեցաւ. չի զարմացաւ սակայն ինքզինքն այս բազկաց մէջ տեսնելով. կիսովին փարատուող նուաղմանը մէջ, երազի մը, երջանիկ ու փափաքուած երազի մը տպաւորութիւնը ունեցաւ. իբրեւ թէ Պէօիւքտէրէի իրենց ապարանքին մէջ իր քաղցրաբոյր ննջասենեակին անուրջներովը ու երիտասարդ կնոջ իղձերով խռովուած ու բորբոքուած ըլլար այս վայրկենիս, ուզեց որ այդ երազը շուտով չի վերջանայ ու երկարի։

Ու այս պատրանաց անձնատուր, հողուն գալարեաց վրայ ուր գրկելով տարած էր զինքն իր նաւավարը, նսեմաստուեր ու խոնաւ, երկնքին տակ, փոթորիկին յօրինած տարօրինակ ու տիտանեան եղանակներովն, ամպրոպին ահարկու ձայներուն մէջ, չզարթուլ ձեւացուց, անպաշտպան թողլով վարդագոյն դարձող այտերն ու նուագելու պատրաստ քնարի մը պէս բոլորովին դողդոջուն այս մարմինը, մինչեւ որ, այս երազն որ այնքան կը նմանէր իրականութեան, շարունակուէր ու ամբողջանար։