Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄՈՍԿՈՒԱ
(ԱՌԱՋԻՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ)

Մոսկուա՜ . . . . կը հասնինք իմ հաշուած ժամէս առաջ, այսինքն յանկարծակի։ Կը նայիմ գնացքի պատուհանէն դուրս եւ կայանի բազմութիւնը, գիւղացիներու եւ քաղաքացիներու կերպարանքը ինձ կ’անդրադարձնէ իրականութեան։ Անյագ աչքերով կը դիտեմ շուրջս, կը նայիմ դէմքերուն եւ իրերուն եւ արդէն համակերպած եմ ինքնիրենս իջնել գնացքէն, երբ ձայն մը ետեւէս իմ անունս կուտայ։ Ետեւ կը դառնամ եւ դէմ առ դէմ կը գտնուիմ բարձրահասակ, ռուսական մթագոյն շապիկ հագած, խստադէմ մէկու մը հետ։ Խ. Մ. Ժողովուրդներու Պետակ. Կեդրոնական հրատարակութեան Հայկական Բաժնի վարիչ՝ Վարդան Աբրահամեանն է որ եկած է ինձ դիմաւորելու։ Ձեռքը կը սեղմեմ մտերմական եւ ջերմ զգացումով, կարծես թէ վաղուց ծանօթ ըլլամ իրեն։ Իր ձայնին շեշտը կը մեղմացնէ դէմքին խիստ արտայայտութիւնը. խորաթափանց նայւածքը կը սեւեռի աչքերուս, բայց ինչ որ անորոշ բանով մօտ եւ ընտանի կը զգամ զինքը. ամէն պարագային այդ առաջին հանդիպումը մեծապէս հաճելի է ինձ։

Ինքնաշարժ մը մեզ կ’առաջնորդէ քաղաքին մէջէն։ Ամէն րոպէ, խօսակիցս ինձ ցոյց կուտայ վայրեր եւ շէնքեր ուր մեծ դէպքեր պատահած են։ Յեղափոխական բուռն փոթորիկը անցած է այդ տեղերէնեւ անոնք թատերաբեմ դարձած են այնպիսի դէպքերու որոնց հետեւանքները նշանակութիւն ունին ամբողջ աշխարհիս համար։

Կը հասնինք Յեղափոխութեան հրապարակը ուր կարմիր շէնքը՝ Տուման կանգնած է մէկ կողմ եւ որ, ինչպէս խօսակիցս կը յայտնէ, կեդրոնական շէնքը եղած է ուրկէ մեծ ղեկավարները ուղղութիւն տուած են յեղափոխական կռիւներուն։

Կանգ կ՚առնենք Մոսկուայի առաջնակարգ հիւրանոցներէն մէկուն առաջ։ Իմ վարանումիս նշանակութիւնը հասկանալի կ’ըլլայ Վահան աբրահամեանին որ անմիջապէս կը յայտարարէ որ Մոսկուայի մէջ հիւրն եմ Խորհրդային Հայաստանի Լուսաւորութեան Կոմիսարիատին եւ թէ ո եւ է բանով պէտք չէ մտահոգուիմ. այս յայտարարութիւնը ինձ կը լեցնէ շնորհապարտութեան անսահմանելի եւ յուզումնալի զգացումով մը որը կը ջանամ սակայն զսպել, այնքա՛ն խօսակիցս շատ սովորական բան մը ըսելու երեւոյթը ունի։ Այսպիսի վերաբերմունքը անսպասելի, անյուսալի նորութիւն մըն է մեր մտաւորականի չարքաշ եւ դժուարին կեանքի մէջ եւ ես այդ կ’ընդունիմ ոչ թէ անձնապէս այլ իբր մեծարանք մը ուղղուած բոլոր մեր գրողներուն։ Կը մտածեմ նաեւ որ այս րոպէէս մասնակից եմ յեղափոխութեան արդիւնքներուն, ես որ մասնակից չեմ եղեր պայքարի անձկալի եւ անստոյգ օրերուն։

Սենեակիս մէջ պահ մը խօսակցութիւն Աբրամեանի հետ եւ արագ կերպով կ’ունենանք գաղափարներու փոխանակութիւն։ Յետոյ, որովհետեւ Մոսկուա անցնելիք օրերս սահմանափակ են, կը գծենք գործունէութեան ծրագիր մը։

 

Առաւօտուն կանուխ անհամբեր եմ մինակս դուրս գալու եւ թափառելու փողոցներուն մէջ։ Ոչինչ այնքան դիւրաւ եւ արագութեամբ օտար ճամբորդը հաղորդակցութեան մէջ կը դնէ նոր քաղաքի մը հետ որքան առանձին թափառումները փողոցներուն մէջ։ Պատուհանիս առաջ կեցած, կը նայիմ դուրսը եւ կորոճամ մինակս դուրս գալու դիտաւորութիւնս։ Այգուն մշուշապատ օդին մէջ, կարմիր մեծ շէնքը որ հիւրանոցիս ճիշդ դիմացը կանգնած է, ուշադրութիւնս կը կեդրոնացնէ ։ Չեմ յիշեր որոշ կերպով ի՞նչ տօնի նախօրեակն է եւ կարմիր լայն դրօշակը կը ծածանի կաթնային մթնոլորտին մէջ։

Ժամը 8 ին դուրս կուգամ եւ մինակս կը շրջիմ պանդոկին մերձակայ փողոցներուն մէջ։ Սուր ցուրտ մը կը թափանցէ մինչեւ երակներս. ամէն անգամ որ կը շնչեմ, կարծես ծանր գործ մը կը կատարեմ։

Փողոցները լիքն են անցորդներով։ Հապճեպ քայլերով, կիներ եւ տղամարդիկ, մեծ մասամբ ոչխարի մուշտակէ օձիքով եւ գլխանոցով կ’անցնին կ’երթան իրենց գործին։ Այդ ժամուն բազմութիւնը կազմուած է աշխատաւորներէ։ Ոչ ծայրայեղ պերճանքի ցուցադրութիւններ, եւ ոչ ալ անգործ եւ ունայնամիտ մարդիկներու թափառումներ։ Ամէնքն ալ լուրջ եւ հանդարտ երեւոյթ ունին. ոմանք հագուած վայելչութեամբ, բայց պարզութեամբ, մաքուր, կոկիկ, եւ ժիր։ Երիտասարդներ կանցնին մարտական եւ խրոխտ քայլերով. կարմիր բանակայիններ, իրենց սրածայր եւ աստղազարդ գլխանոցներով, կարմրեն անցորդները, լուրջ եւ քաղաքավարի։ Ոչ մէկ ջղագրգռութիւն, ոչ մէկ կոպտութիւն։ Մէկը կը սայթաքի մայթին եզերքը, չորս հինգ հոգի կը փութան իրեն օգնելու եւ ընկերաբար կը խօսակցին։ Կին մը փողոց մը կը հարցնէ անցորդի մը, երրորդ մը կը միջամտէ եւ աւելի մանրամասն կը բացատրէ։ Երիտասարդ աղջիկներ, գունաւոր թաշկինակ կապած գլուխնին (ընդհանրապէս կարմիր) սիրուն եւ վառ դէմքերով, լայն կապոյտ աչքերով, կանցնին, կ’երթան հպարտութեամբ։ Իրենց շարժուձեւի ազատութիւնը ցոյց կուտայ որ զերծ են այդ կարգ մը անախորժ հանդիպումներէ որոնք այնքան սովորական են մեծ քաղաքներու մէջ։ Կզգաս որ ամէն ոք ազատ է, բայց մարդոց փոխ յարաբերութիւնները աւելի սեղմ են, աւելի կարգաւորուած եւ որոնց օրէնքներուն դէմ չէ կարելի մեղանչել։ Ահա այդ հաւաքական կեանքի խիստ կարգապահութիւնն է որ, կը մտածեմ, կը համարուի ոմանց կողմէ անհատական ազատութեան պակաս։

Աչքերս կը թափառին բազմութեան վրայ, կը սեւեռեն կարմիր այտեր, կապոյտ պայծառ աչքեր, յետոյ կը սուզուին լայն փողոցներու հեռանկարներուն մէջ։ Եկեղեցիներու կանաչ, դեղին, ոսկի եւ մանիշակագոյն գունդերը, աշտարակներու նրբութեան վրայ, կարծես խոշոր պղպջակներ են, առկախ` օդին մէջ։ Երկինքը աւելի պայծառ է, տժգոյն կապոյտ։ Արեւի ճառագայթ մը կը վառէ հեռուն, գմբեթի մը ոսկին։ Դաշն, ջինջ, արծաթահունչ, զանգակներու նօթերը այերական երաժշտութիւն մը կուրուագծեն։ Մէկ, մէկ, նօթեր կ’իյնան գետին։ Յանկարծ, նոր բարձրացող շէնքի մը սիլուէթը կը ցցուի դիմացս. բանուորական կամ ուսանողական հանրակացարան կամ թերեւս պետական հիմնարկութիւն մը։ Նոր ճարտարապետութեան ժուժկալ գիծերը խիստ հակադրութիւն կը կազմեն հեռաւոր կապոյտ, դեղին, ոսկի պղպջակներուն, որոնց երանգները հետզհետէ կը մարին արեւի պայծառ ճառագայթներուն մէջ։

 

Ինչ որ կարելի է վճռականօրէն ըսել, այն է թէ մէկու մը համար որ կանխակալ կարծիքներ չունի, Մոսկուա, կարմիր քաղաքը, յեղափոխութեան վառարանը, սարսափը ամբողջ աշխարհիս, ոչինչ ունի սարսափելի եւ ոչինչ` անախորժ։ Ընդհակառակը, նոյն իսկ առաջին եւ հարեւանցի տպաւորութիւնը որ կը կրեմ ինձ կը ներշընչէ հանգիստի եւ ապահովութեան զգացում։ Ասկէ զատ կզգամ որ իմ մէջ կը վերահաստատուի, աստիճանաբար, խանգարուած ներդաշնակութիւն մը։

 


 

Հիւրանոց վերադարձիս, ֆրանսախօս պաշտօնեան ինձ կը յայտնէ որ մէկը հեռաձայնով հարցուցեր է ինձ։

Տասը րոպէ չանցած, սեղանիս վրայ, հեռաձայնը կը հնչէ։ Լսելիքը կը դնեմ ականջիս։

Մէկը մաքուր ֆրանսերէնով կը խօսի եւ հաստատելէ յետոյ թէ ես եմ լսողը, կը յայտնէ որ նկատի առնելով իմ Մոսկուա այցելութեանս նպատակը, ինձ համար ժամադրութիւն մը նշանակուած է Վոկսի մէջ։

Վո՞կս Կը հաճիք ըսել թէ ի՞նչ է Վոկսը։

Արտասահմանի հետ կուլտուրական կապեր հաստատող ընկերութիւնը, այնտեղ կը գտնէք ամէն կարգի դիւրութիւններ եւ աջակցութիւն։ Ձեզ կօգնեն որպէսզի ձեր ծրագիրը կարենաք գործադրել արագ կերպով։ Բոլոր օտար մտաւորականները որ կը հասնին Մոսկուա, կը դիմեն Վոկսին. այնտեղ կը հանդիպիք նաեւ Ֆրանսիացի ճամբորդներու, եղբայրակիցներու…

Մեծապէս շնորհակալ եմ… Բայց պարտաւոր կը համարիմ ձեզ յայտնելու որ ես հայ եմ…։

Գիտե՛մ… եւ նոյն իսկ այդ նկատողութեան առնելով, յայտնեցինք արեւելեան բաժնի վարիչին, Նազարեանին, որ ձեզ ընդունի։

Շուտ, շուտ, հասցէն կը գրեմ թուղթի վրայ եւ կշտապեմ երթալ դէպ ի Վոկս։

Մալայիա Նիկիտսքայա, նոմեր շեսթ…։

Մէկ հոգինոց կառք է, բարձրադիր անիւներուն վրայ թառած. կառապանը իր ուաթինէ լայնածաւալ եւ կանանչորակ հագուստին մէջ կորսուած հեգնութիւնով կը լսէ իմ սոսկալի որտասանութիւնս, բայց կարեւորը այն է որ հասկցաւ։ Հազիւ տեղաւորուած նստարանին վրայ, մտրակը կը շաչէ եւ ես ամէն րոպէ վախնալով որ դուրս պիտի նետուիմ իմ բարձր դիրքէս, կը գլտորիմ Մոսկուայի նկարչագեղ եւ հետաքրքրական փողոցներուն մէջ։ Վերջապէս կանգ կառնենք հիմնարկութեան փակ դրան առաջ։