Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻՆ ԲԱԺԻՆՆԵՐԸ ԳՐԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅԹ
ՄԵԿՆՈՒՄԻ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՍ

Վոկսի մէջ ինձ համար ժամադրութիւն կարգադրեր են Վառվառա Գասպարովայի հետ որ Կ. Գ. Կ. ի կից Կին Բաժնի Արեւելեան երկիրներու Կին Բաժիններու ընդհանուր վարիչն է։

Վառվառա Գասպարովա այնտեղ է արդէն եւ ինձ կը ծանօթանայ անմիջապէս։ Իմացական կնոջ մասնայատուկ համակրելի դէմքով, աշխուժ եւ եռանդուն, անիկա համբերութեամբ ինձ կը պարզէ արեւելեան եւ յետամնաց երկիրներու մէջ կիներու մշակոյթին համար կատարուած ջանքերը, եւ այն միջոցները որ կիրարկուած են եւ արդիւնքները որ ձեռք բերուած են մինչեւ այժմ։

Մեր խօսակցութիւնը կը սկսինք միտքեր փոխանակելով եւրոպացի կանանց ազատագրութեան փորձերուն եւ առհասարակ ֆէմինիստական շարժումներու մասին։

Դեռ շատ կանուխէն, դպրոցական տարիներէս շատ որոշ ըմբռներ եմ որ կանանց ազատագրութեան հարցը առանձին հարց չէ եւ թէ անիկա երբէք մասնաւոր լուծում չի կրնար ստանալ։ Այդ իսկ պատճառով ոչ մէկ ժամանակ հակում չեմ ունեցած զբաղելու կամ մասնակցելու ֆէմինիստական շարժումներու։ Միւս կողմանէ ինձ համար գաղտնիք չէ այն օրինական, ընտանեկան եւ այլ կաշկանդումները որոնց խիտ ցանցին մէջ բռնուած, կինը, նոյն իսկ եւրոպական տեմոկրնտիկ երկիրներու մէջ երբէլ չի կրնար իր կարողութիւններուն լրիւ զարգացումը ստանալ, եւ իրեն ինկած դերը կատարել հասարակական կեանքի մէջ։ Հեռուէն լսած եւ տեղեկացած էի որ խորհրդային կարգերը միայն իրաւապէս եւ իրապէս ազատագրած են կինը եւ աշխատաւորուհին հաւասար իրաւունքներով եւ պարտականութիւններով կը մասնակցի նոր աշխարհի կառուցման գործին։ Բայց բաւական չէ որ օրինական իրաւունքները վերցնեն բոլոր արգելքները կնոջ զարգացման եւ լայն գործունէութեան առաջ։ Պէտք է որ կինը ի վիճակի ըլլայ իրեն տրուած իրաւունքներուն տէր դառնալու եւ գիտակցի իր պարտականութիւններուն։

Ձարական րէժիմի ժամանակ, եթէ Ռուս կիը հիանալի թռիչքով մը յաղթահարած է մասամբ օրինական արգելքներուն եւ արհամարհելով նախապաշարումները եւ սովորոյթները, որոնք դարերու ընթացքին օրէնքի ուժ ստացած են, յաջողած է գալ հասարակական կեանքի առաջին բլանի վրայ, նոյնը չէ եկած կացութիւնը գիւղական ստուար շրջաններուն, ծայրագաւառներուն եւ յետամնաց ժողովուրդներու պատկանող կիներուն, որոնք թանձր տգիտութեան եւ խաւար կեանքի մէջ կորսուած, կենթարկուէին քաղաքական, դասակարգային, կրօնական եւ ընտանեկան բազմատեսակ ճնշումներու։ Խորհրդային վարչաձեւը ազատագրելով կինը պէտք էր եւ անմիջապէս զբաղէր կնոջ դաստիարակութեամբ, նախապատրաստութեամբ։

Այս հսկայական աշխատանքի ղեկավարութիւնը յանձնուած է Կին Բաժիններու որոնք գոյութիւն ունին բոլոր խորհրդային հանրապետութիւններու Կ. Գործադիր Կոմիտէներու կողքին եւ ունին իրանց ստորաբաժանումները երկրի մը նահանգներու եւ գաւառներուն մէջ։

Կին Բաժինը, ինչպէս լուսաւորութեան գործին յարակից բաժինները, կը միտին աշխատաւորութեան կէսը կազմող աշխատաւորուհիներու մշակմամբ եւ վերամշակմամբ, որպէսզի այս վերջինները աշխուժանալով իրենց զանգուածային գործակցութիւն բերեն գերագոյն նպատակի, սոցիալիսմի կառուցման գործին մէջ։

Կին Բաժիններու կատարած մեծ եւ ընդարձակածաւալ գործկ ըմբռնելու համար լաւագոյն էր տեղեկանալ յետամնաց ժողովուրդի մը մէջ ձեռք բերուած արդիւնքներուն, այդ նպատակով իմ հարցումներս կուղղեմ արեւելեան միւսլիւման ժողովուրդներու մասին։

Արեւելեան երկիրները՜...

Վառվառա Գասպարովա լայն շարժում մը կընէ։ Դիւրին է երեւակայել թէ գործը որքան փափուկ, նուրբ եւ բազմատեսակ դժուարութիւններով կնճռոտ գործ է։

Պէտք էր դուրս բերել կիները դարերու ընթացքին ստացած անկենդանութենէն, պէտք էր յաղթել եւ տղամարդու դիմադրութեան որ հաշտ աչքերով չի կրնար նայիլ իր ձեռքին տակ հլու, հնազանդ գերի դարձած կնոջ ազատագրութեան եւ այդ բոլորը կատարել առանց բաղխելու իրենց աւանդական եւ կրօնական սովորոյթներուն...

Վերցնե՛նք ժողովուրդ մը, օրինակ Թիւրքմէնները եւ հետեւինք այն գործնական քայլերուն որ առած են Կին Բաժինները ի նպաստ թիւրքմէն կնոջ մշակոյթին։

Նկատի ունեցէք որ հրամանագրերը (decret), օրէնքները կը մնան թուղթի վրայ, կ՚ըսէ խօսակիցս, եթէ գործնական միջոցներու չի դիմենք որ օրէնքը կիրարկուի կեանքի մէջ... Կը հետաքրքրուի՞ք Թիւրքմէնիստանով... ձեզ խորհուրդ կուտամ այցելել... բայց պէտք էր գիտնալ նախորդ վիճակը հաստատելու համար թէ ի՞նչ հիմնական փոփոխութիւններ յառաջ եկած են, ի՜նչ նւաճումներ կատարուած են։

Երբ խորհրդային կարգերը հաստատուեցան, ամբողջ Թիւրքմէնիստանի մէջ քանի մը տասնեակ հոգիներ կային միայն կարդալ գրել գիտցող... Այդքան յետամնաց ժողովուրդի մը մէջ, կինը, դիւրին է երեւակայել, թէ ի՞նչ օրի էր։ Անիկա երբէք դուրս չէր գար իր բակէն ու ամբողջ կեանքը կանցունէր ամուսնոյն բացարձակ բռնակալութեան տակ։ Թիւրքմէնուհին կամուսնացնէին 9 տարեկաննին եւ եթէ մարդը մեռնէր, անոր գոյքերուն հետ կինը կամ կիները ժառանգութիւն կը մնային մեռնողին եղբօրը որը այդ կիները կը տրամադրէր ինչպէս որ կամենար։ Անտէր մնալու պարագային կինը կը դառնար մուրացկան. սովորութիւնները այնքան խիստ էին որ այդ թշուառ կիները հարկադրուած էին ոչ միայն իրենց դէմքը ծածկել այլ եւ ձեռքը՝ որ կերկարէին ողորմութիւն խնդրելու։ Այդ խաւար ժողովուրդները կապրէին կեղտի եւ թշուառութեան մէջ։ Մահերու թիւը աներեւակայելի համեմատութիւններու կը հասնէր։ Ունէին զազրելի բարբարոսական սովորութիւններ։ Տղաբերքի մէջ եղող կինը կը պառկեցնէին եւ դայեակը կը նստէր փորին վրայ իր մարմնի ամբողջ ծանրութիւնով առաջացնելու համար երկունքը։ Երախան ծնելէն անմիջապէս յետոյ մայրը կը վերսկսէր իր գրաստի կեանիքը... Որ եւ է հիւանդութեան պարագային կը դիմէին միայն կախարդներու, աղօթողներու... Աչքի դիւրաբուժելի հիւանդութիւններ ենթական կառաջնորդէին մինչեւ կուրութիւն։

Այսպիսի պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդի մէջ պէտք էր գործել մեծ զգուշութեամբ եւ տակտով։ Ոչինչ չի հարկադրել որպէսզի յառաջ չի գայ իրենց մէջ այն կարծիքը թէ բռնութիւն կը գործադրուի զիրենք հեռացնելու համար իրենց ցեղային աւանդութիւններէն եւ հաւատալիքներէն...

Փորձով տեսանք, կըսէ Վառվառա Գասպարովա, որ լաւագոյն միջոցն էր կատարել այնպիսի գործեր որոնք գործնական արդիւնք կուտան եւ որոնք կը նպաստեն այդ ժողովուրդներու տնտեսական մշակոյթին։

Գիւղական շրջաններու մէջ ոռոգման գործը մեծապէս նպաստած է այդ ուղղութեամբ։ Տգէտ եւ կասկածամիտ գիւղացին վերջ ի վերջոյ համոզուած է որ նոր կարգերը կը նպաստեն որ իր չարքաշ եւ տաժանելի կեանքը թեթեւնայ, աշխատութեան պայմանները դիւրանան։ Յառաջադիմութեան անմիջական ազդակներ եղած են նաեւ գործարաններու կառուցումը։

Գիւղացիական եւ նախնական կեանքէն հետզհետէ դուրս գալով, թիւրքմէն աշխատաւորը կը դառնայ բանուոր եւ բանուորական շրջանի մէջ աստիճանաբար աչքերը կը բացուին նոր կեանքին։

Այսօր արդէն հազարաւորներ գիտեն կարդալ գրել, հիմնուած են երկսեռ դպրոցներ, տեքնիքումներ ուր կը պատրաստուին զանազան մասնագիտութիւններու համար գիւղացիական շերտերէ առնուած ընդունակ պատանիներ։

Բարձրացնել տնտեսական կեանքը որպէսզի կարելի ըլլայ բարձրացնել այդ յետամնաց ժողովուրդներու մտաւորական մշակոյթը։

Բայց եւ տնտեսական կեանքի բարձրացումը զուգընթաց կը յառաջանայ երկու սեռէ աշխատաւորութեան որակի բարձրացման հետ։ Ո՞վ պիտի իրականացնէ տնտեսական կեանքի զարգացումը երբ զանգւածները անկենդան են եւ որուն կէսը, կինը, անդամալոյծ վիճակի մէջէ։

Աւելի յառաջացած ժողովուրդներու մէջ, կըսէ Վառվառա Գասպարովա, անմիջապէս որ օրինական արգելքները կը վերանան, կիները ինքնաբերաբար կը մտնեն հիմնարկները եւ կը գործեն, բայց արեւելեան երկիրներու մէջ այդպէս չէ պատկերը։ Առաջին հերթին ուրեմն, վերցուցինք անտէր կիները եւ անոնց համար կազմակերպեցինք արհեստանոցներ ուր կը պարապէին գորգաշինութեան եւ զանազան ձեռագործ աշխատանքներով։

Նախ վախվխալով բայց հետզհետէ համարձակութեամբ անտէր կիներ կուգային արհեստանոցները ուր իրենց օրապահիկը կ՚ապահովէին։ Արհեստանոցը յաճախող կիներուն կը սորվեցնեն կարդալ գրել, կուտան տեքնիքական ծանօթութիւններ։ Այժմ ամէն կարգի կանայք կուգան արհեստանոցները։ Որպէսզի երախայ ունեցողները չի զրկուին, կը հաստատեն մսուրներ ուր եւ երախաները կը խնամուին։ Կը հաստատեն ճաշարաններ եւ աննկատելի կերպով հաւաքական կեանքը կը կազմակերպուի այնպիսի վայրերու մէջ ուր մինչեւ այժմ լուսաւորութեան որ եւ է գործ չէր կատարուած։

Օրինակը կը տարածուի, զանգուածները կ՚արթննան, կը հասկնան իրենց շահը։ Արհեստանոցները իրենց իրաւագիտական, բժշկական բիւրօներով, լիկ կայաններով կը դառնան մշակութային կեդրոններ ուր յաճախող կանայք փորձով կը տեսնեն որ իրենց իրաւունքները կը պաշտպանուին իրականութեան մէջ։

Առողջապահական Կոմիսարիատը կը տրամադրէ շրջուն բժիշկներ որոնք հիւանդները կը դարմանեն եւ մայրերուն կը սորվեցնեն խնամել իրենց երախաները։ Պատրաստուած են արդէն թիւրքմէն դայեակներ որոնք կը մտնեն ամենէն խուլ անկիւնները եւ աստիճանաբար վերջ կը տրուին բարբարոս սովորութիւններու։ Ի հարկէ դեռ չկան այնքան թիւով սովորած դայեակներ որոնք պէտք է, բայց անոնց թիւը կ՚աճի ամէն տարի եւ ինչ որ կարեւոր է առողջապահական պայմաններու կիրառումը կը տարածուի հետզհետէ։

Այժմ, կ՚աւելցնէ Վառվառա Գասպարովա, յաղթական նայուածքով, թիւրքմէն կինը իր մղումը ստացած է եւ նա կերթայ իր ճանապարհով։ Նա այլեւս չի հանդուրժեր որ տղամարդը բռնանայ իր վրայ։ Եթէ պատահի որ հակառակ օրէնքի մարդը ծեծէ իր կինը անիկա կը դիմէ իրաւագիտական բիւրօյին եւ գանգատ կը ներկայացնէ ուր որ հարկ է։ Այժմ թիւրքմէնիստանի մէջ կան 55 երկսառ կլիւբներ, պիոներական խուբեր թիւրքմէն աղջիկներով կազմուած որոնք բացի ընդհանուր ուսմունքէ կստանան նաեւ քաղաքացիական կրթութիւն... Որովհետեւ ամենէն կարեւորը այն է որ այդ յետամնաց ժողովուրդներու մէջ գործելու համար դուրս գան իրենց ծոցէն իսկ ղեկավարներ, մարզիչներ։ Սա պիտի ըլլայ առաջին հանգրուանը։ Պատրաստել գործող կանայք եւ տղամարդիկ որ ձեռք առնեն իրենց հասարակական կեանքի վարչական գործերը, դառնան իրապէս, ոչ թէ միայն օրէնքով, ինքնուրոյն, ինքնավար։

 

Կը խօսինք դեռ պահ մը ուրիշ արեւելեան երկիրներու Կին Բաժիններու գործունէութեան մասին եւ ահա Վառվառա Գասպարովա ոգեւորութեամբ կանգ կառնէ Ազրպեջանի թուրք կանանց կատարած մեծ յառաջդիմութեան վրայ։

Ազրպեջանի մէջ կան կին արդիսդներ, դերասանուհիներ, երգչուհիներ որոնք բաց դէմքով բեմ կուգան։ Թէ գիւղական եւթէ բանուորական շրջաններու մէջ Ազրպեջանցի կինը հաստատ եւ վստահ քայլերով կը յառաջճանայ, իր արժանի տեղը կը բռնէ հասարակական կեանքի մէջ։ Կիները կերթան բանուորական կլիւբները, հիմնարկները եւ տղամարդոց հետ կը գործեն արիութեամբ եւ եռանդով։

Ա՜հ, պիտի երթա՞ք Ազրպեջան... Շատ լաւ կընէք։ Այցելեցէ՛քանպատճառ Ալի Պայրամօֆի անւան կանանց կլիւբը, եւ այնտեղ, տեղւոյն վրայ, ձեզ կուտան բոլոր տեղեկութիւնները։

Հրաժեշտի պահուն խօսակիցս կը կրկնէ յանձնարարութիւնը։

Չի մոռնաք այցելել Ալի Պայրամօֆի կլիւբը։

 

* * *

Սեղանս բեռնաւորուած է բազմաթիւ հրաւիրատոմսերով, թատրոններու տոմսակներով, դասախօսութիւններու եւ երեկոյթներու հրաւիրագիրներով։ Վերջին երեկոն է որ Կանցընեմ Մոսկուա. վաղը պիտի մեկնիմ Անդրկովկաս. դէպ ի Խորհրդային Հայաստան։

Ճաշարանը կը հանդիպիմ ընկեր Ս. . . ի որ ինձ տեղ կուտայ. բայց քիչ յետոյ ցոյց տալով ուրիշ սեղան մը ինձ կըսէ։

Այնտեղ կան հայ ընկերներ, կուզէ՞ք ձեզ առաջնորդեմ իրենց մօտ։

Այո՛ եւ ոչ։ Նախ ճաշենք։

Թէյը կառնենք հայ ընկերներու սեղանին շուրջ բոլորուած։

Անոնցմէ մէկը Լենինականի Գաւառական Կեդր. Գործադիր Կոմիտէի անդամ է, միւսը Մոսկուա բնակող, բանաստեղծ։

Երբ կը լսեն թէ պիտի երթամ Հայաստան, կը սկսին կարգ մը նկատողութիւններ ընել։

Եւրոպական կեանքի սովորող մարդու համար կեանքը դժուար է այնտեղ. չի կան յարմարութիւններ...

Ոչինչ կարող է իմ պաղարունութիւնս կորցնել տալ քան այդ դատողութիւնը. կակաչի պէս կը կարմրիմ եւ կզգամ արեանս արավ շրջանը քունքերուս մէջ։

Դուք այնտեղ ապրեր էք. այնքան մարդիկ կապրին այդ դժուար պայմաններու մէջ։... ինչո՞ւ կենթադրէք որ ինձ համար բացառապէս դժուար պիտի ըլլայ։

Ընկեր Ս. . . կը հասկնայ որ ինչ որ բան կայ։ Ռուսերէն պահ մը կը խօսին։ Կզգամ որ հազիւ նկատելի ծաղրական ժպիտ մը կանցնի իրենց շրթներուն վրայ։ Ընկեր Ս. . . ինձ կը բացատրէ։

Եղեր են ուրիշ այցելողներ որոնք... միայն տեսեր են անյարմարութիւնները։

Լենինականցին կը յայտարարէ։

Այդ երկիրները գացողը պէտք է լինի նախապատրաստուած. ուրեմն պիտի երթալ ամուր հոգիով եւ տոկուն կազմով։

Միթէ՞ կը կարծէք որ կը ճամբորդեմ ինչպէս պիտի ընէի զբօսական պտոյտ մը։ Եւ ինչո՞ւ մտածել որ ես անկարող եմ տանիլ անյարմարութիւնները... ու յետո՛յ, աւելորդ է խօսիլ այդ բոլորի մասին... կը տեսնե՛նք։

Ընկեր Ս. . . կրկին կը միջամտէ ռուսերէն լեզւով։

Ու այդ րոպէէն սկսեալ կը խօսակցինք բարեկամաբար։

Կորոշեմ երեկոյին երթալ ընկեր Ս. . . ի հետ Պրոլետ Գրողներու խմբակցութեան մը երեկոյթին որ տեղի պիտի ունենայ բօլիթէքնիքի միւզէի մէկ սրահին մէջ։

Մենք տոմսակներ ունինք, բայց կը հետաքրքրուիմ մուտքի պայմաններով. կան տոմսակներ մէկէն մինչեւ երկու րուպլի գնով, բայց բանւորները, ուսանողները եւ մտաւորականները (գրող, նկարիչ, բեմական արտիսդ) կը վճարեն միայն 30 կոպէկ։ Ասկէ զատ հիմնարկներուն կը յատկացուին որոշ թիւով տոմսակներ։

Նրբանցքները եւ սրահները լիքն են ստուար բազմութիւններով. պիւֆէի մը առաջ թէյ կը խմենք շտապով եւ կը մտնենք երեկոյթի սրահը որ ընդարձակ եւ խոր սրահ մըն է, նստարանները աստիճանական բարձրութեան զետեղուած։ ամփիթատրոնի նման։ Դիմացը՝ լայն բեմ՝ ուր հետզհետէ կուգան երկու կողմերը տեղ բռնելու գրական խմբակցութեան պատկանող երկու սեռէ անդամներ։

Քանի մը րոպէ յետոյ սրահը կը լեցուի. պարապ մնացած տեղ չի կայ։ Հանդիսականները կը պատկանին ամէն կատեկորիայի, բայց բանուորները եւ ուսանողները ստուար մեծամասնութիւն կը կազմեն։ Կը դիտեմ նաեւ որ այստեղ չի կայ այն ձնաձրալի հանդիսաւորութիւնը որուն մէջ քարացած կը մնան եւրոպական որ եւ է լուրջ երեկոյթի հանդիսականները։ Մի ինչ որ աշխուժ, ալեկոծ կենդանութիւն կայ ներկաներուն մէջ որը կը վերածուի անմիջապէս եռանդուն հետաքրքրութեան երբ նախագահը, Բրօֆ. Կոկան կը յառաջանայ բեմին վրայ։

Նախագահը նախ կը խօսի ֆրանսացի յայտնի գրողի մը մասին որ շուտով պիտի հասնի Մոսկուա (ընկեր Ս. . . գրեթէ բառացի կերպով ինձ կը թարգմանէ երեկոյթի ամբողջ տեւողութեան խօսուածները եւ արտասանուածները)։ Անիկա կընէ բաղդատութիւնը այն ընդհանուր տարբեր տրամադրութիւններուն որոնց արտայայտիչներն են արեւմտեան Եւրոպայի եւ խորհրդային երկիրներու գրողները։ «Տ. . . միայն կը մտածէ դէպքերու եւ եղելութիւններու մասին առանց մասնակցելու անոնց. անիկա իր անհատական հայելիին, իր եսին միջոցաւ է որ կը տեսնէ արտաքին աշխարհը եւ անոնց իր մէջ յառաջ բերած հոգեկան ապրումներն են որ առաջնակարգ նշանակութիւն կստանան։ Մեր մէջ այդ մասին մտածող չի կայ, մեր մէջ լիրիքական գրողներ չի կան որովհետեւ անձնական հոգեբանութիւնը մէկուսի չի կրնար զարգանալ։ Մեր մօտ հերոսները կստեղծագործեն, կեանքըկը կերտեն եւ ժամանակ չունին մեներգելու իրենց անձնական ցաւերը եւ ուրախութիւնները... »

Դասախօսը կանդրադառնայ նաեւ այն բանին որ արեւմտեան Եւրոպայի մտաւորականութիւնը մինչեւ այժմ որ եւ է լուրջ փորձ չէ ըրած մօտէն տեղեկանալու խորհրդային կեանքի բովանդակութեան. «Անոնք մեզ կը ճանչնան մեր տարագիր գրողներով եւ հազիւ իրենց ուշադրութիւնը կը դարձնեն միայն մեր ուղեկիցներուն»։

Բայց տարագիր ռուս գրողները աւելի օտար են Խորհրդային Ռուսաստանի քան թէ օտարականները։

«Յեղափոխութեան սկիզբը Բեթրոկրատ էի. ժողւըւեր էին բոլոր հին գրողները եւ չէին գիտեր ի՞նչ ընեն, ի՞նչ գրեն։ Անոնք զգացին որ կտրուած են ժողովուրդէն եւ չեն կրնար արտայայտել ժողովուրդի հոգին։

Հետզհետէ խորհրդային գրականութիւնը կը դառնայ բազմակողմանի, անիկա կը զարգանայ ոչ միայն յեղափոխութեան իրականացումներու եւ նուաճումներու հետ այլ եւ կը բանայ մեր ապագայի ճամբաները... »

Ծափահարութիւններով ներկաները իրենց համամտութիւնը կը յայտնեն դասախօսին։

Կարճ դադարէ մը յետոյ բանաստեղծներ կուգան անձամբ արտասանելու իրենց երկերէն. Անտրէ Պէլիէն եւ Լիտինէն յետոյ բեմ կուգայ Ուտքին, համակրելի երիտասարդ մը, գրեթէ պատանի, որ յաջորդաբար կարտասանէ Մօրը երգը, Ժամադրութիւն, եւ ողջո՜յն արիութեան պոէմները. ժողովուրդը բուռն ոգեւորութեամբ կողջունէ պատանի բանաստեղծը։ Այդ միջոցին կողմնակի դռնէ ոը կոյր մը կը մտնէ եւ խարխափելով կը յառաջանայ բեմին առաջքէն եւ յետոյ կը նստի բեմ բարձրացնող սանդուղին մէկ աստիճանին վրայ, իր դէմքըկը դարձնէ դէպի արտասանողը եւ տեսանելի յուզումով կը հետեւի բանաստեղծութեան։

Միջնարարին կերթանք կրկին պիւֆէն եւ ընկեր Ս. . . ինձ կը խօսի պրոլետ գրողներու մասին երբեմն ցոյց տալով յայտնի դէմքեր։ Ահա Վոեվոլոտ Իվանօֆ, Վերա Ինպեր եւ ուրիշներ։ Կը նշմարեմ որ սեղաններու շուրջ բոլորուած բանուորներ եւ ուսանողներ նոյնպէս կը խօսին շահագրգռութեամբ արտասանուած պոէմներու մասին, կարծիք կը յայտնեն, տպաւորութիւններ կը փոխանակեն։ Եւ ինչ որ կարելի է հասկնալ այդքան արագ ակնարկով մը աչքերուս առջեւ պարզուած իրականութենէն, որը սակայն գլխաւոր նշանակութիւն մը ունի, այն է որ բանաստեղծներու հանդիսականներու մէջ սերտ յարաբերութիւններ կան որ առաջինները արտայայտիչներն են զանգուածներու հոգեբանութեան իղձերուն թռիչքներուն, որ այստեղ, խորհրդային աշխարհի մէջ բանաստեղծը անմատչելի, հեռաւոր եւ ինքն իրմով սնող ամուլ պերճանիք մը չէ, այլ անմիջական եւ գերագոյն արտայայտութիւններէն մէկը հազար հազարաւորներու, ընտանի ժողովուրդին, անոր կողքին կանգնած, անկէ դուրս եկած եւ այդ բոլորով կենդանի տարր հաւաքական օրկանիսմի մէջ եւ անհրաժեշտ անոր առօրեայ կեանքին։

Այդ տպաւորութիւնը կը շեշտուի երբ կը տեսնենք մէկ կամ միւս բանաստեղծը խառնուած աշխատաւորներու եւուսանողներու, սեղանակից մէկ կամ միւս խումբին։ Ու երբ զանգակը կը հնչէ ու բազմութիւնը կշտապէ տեղ գրաւել, մէկ, մէկ օրուան արտասանողները կը բաժնուին ու կուղղուին դէպի բեմը։ Երեկոյթը կը վերջանայ երգիծաբան Ռօմանօֆ Բանթէյլէմօի արտասանութեամբ, «Անհասկանալի երեւոյթ» որու միջոցին ամբողջ սրահը կը խնդայ եւ օվասիօններով իր բաւականութիւնը կը յայտնէ բանաստեղծին։

Ու ուրախ դէմքերը կը պայծառանան լոյսով, ու Մոսկուայի յաղթական պրոլետարիատը կը զբօսնու... գրական երեկոյթի մը մէջ, իր բանաստեղծները լսելով։

 

* * *

(Քաղուած մերձաւոր մէկու մը գրուած նամակէն)

 

Սիրելի Հ. . . վաղը կը մեկնիմ Մոսկուայէն։ Ուշ գիշերին ծրարներս կապեցի եւ սենեակիս առանձնութեան մէջ դեռ պահ մը ուզեցի աշխատիլ. բայց կը տեսնեմ որ չեմ կրնար կեդրոնանալ որովհետեւ չափազանց խռովայոյզ վիճակի մէջ է միտքս։

Այսպէս ուրեմն, բաղդը ունեցայ իրականացնել ինչ որ շատ, շատերու համար անիրականալի երազ է։ Քալեցի այն փողոցներուն մէջ, անցայ այն հրապարակներէն որոնք պատմական դարձած են եւ քանի մը օր ապրեցայ այն ժողովուրդին մէջ որ համարձակեցաւ իր ամենաբարձր իղձերը իրականացնել...

Անշուշտ այսքան կարճ բնակութիւն Մոսկուայիմէջ, բաւական չէր նոյն իսկ հարեւանցի գաղափար մը ունենալու համար ռուսական յեղափոխութեան բոլոր իրականացումներու մասին։ Այդպիսի յաւակնութիւն չունիմ, ընդհակառակը. ինքզինքս կզգամ խոնարհ ու յայտնաբերուած եւ հազիւ ընդնշմարուած հսկայ իրականութեան մը առաջ։

Ինչպէս արագ տեսիլքի մը մէջ, տեսայ նոր աշխարհ մը, նոր կեանք մը իր յատուկ դասաւորումով իր առանձին ներդաշնակութեան մէջ։ Տեսայնոր մարդկութիւն մը, վառուած երիտասարդական բուռն եռանդով, անձնուրաց եւ արի, հաւատաւոր եւ վստահ իր ուժին եւ որ ճամբայ ելած է հասնելու համար շքեղ նպատակներու։

Բայց այստեղ ամէնինչ շահեկան է, ամէն ինչ հետաքրքրական, որովհետեւ ամէն բանի մէջ, նոյն իսկ ընթացիկ առօրեայ կեանքի մէջ կը տեսնենք մէկ արտացոլումը այն մեծ իրականութեան որ խորհրդային կեանքի ներքին էութիւնը կը կազմէ։

Եւ այժմ, սիրելի Հ. . . պէտք է թափանցել այդ իրականութեան, պէտք է հասկնալ եւ հասկնալով սիրել կամ ատել, ընդունիք կամ մերժել։ Այսքան ծանրակշիռ հարցի մը մէջ որ ամբողջ մարդկութեան առաջ կը ցցուի տիրականօրէն, չէ կարելի տատանիլ երկու եզրերու մէջ։ Ամբողջապէս այո, կամ ամբողջապէս ոչ։

Իմ յուզման մէջ եղող իմացականութիւնս անյագ հետաքրքրութեամբ իր շօշափուկները կերկարէ ամէն ուղղութեան. հետեւինք անոնց ազդարարութիւններուն։ Բայց այդ կարենալ ընելու համար պէտք է մոռանալ ինչ որ կը կարծենք թէ գիտենք. պէտք է մէկ կողմ դնել գաղափարներու, դատողութիւններու այն ծանր բեռը որով բեռնաւորուած ենք եւ որոնց քարացած կաղապարներուն մէջ սովոր ենք թափել ինչ որ մեր սեփական միջոցներով կստանանք թարմ, անխարդախ եւ մաքուր։

Առանց այդ կանխապատրաստութեան, ի՞նչպէս պիտի ընդունէինք, օրինակի համար այն անօրինակ գործունէութիւնը որ համամիութենական հիմնարկները կը կատարեն հառաւոր եւ յետամնաց ժողովուրդներու օգտին։ Մեր հին աշխարհէն բերած չափերով եւ կշիռներով անկարող պիտի ըլլայինք գնահատել այդպիսի գործունէութեան մը բուն ոգին։ Մտածէ՛ որ այն նիւթական եւ մարդկային ուժերը որ կը տրամադրուին մշակոյթը տարածելու համար, աւելի յառաջացած ժողովուրդներ կրնային տրամադրել իրենց մշակոյթի խորացման։ Ի՞նչպէս պիտի ըմբռնէինք նաեւ այն զմայլելի անձնուրացութիւնը որը բացառիկ երեւոյթ չէ, որուն հանդիպեցայ ամէն տեղ եւ ամենուրեք եւ որը կարծես դարձեր է հոգեբանական վիճակ, աւելին, տեսակ մը հաւաքական կեանքի բնազդ...

Եւ դեռ խօսքը չեմ ըներ ուժերու այն նոր դասաւորումին որ աշխատաւոր դասակարգի գերիշխանութիւնը կապահովէ եւ որը ամէն ինչ կը դարձնէ արտակարգ կերպով բեղուն, ամէն գործունէութիւն արդիւնաւոր, հիանալիօրէն տրամաբանական եւ արդար։

Բայց եւ այդ է առանձքը ամէն բանի։ Նոր դասակարգի մը վերելքն է այդ թարմ եւ երիտասարդ ուժերու յայտնաբերումը, այդ խիզախ սլացումը դէպ ի առաջ... Սանոր բացուող արշալոյսի մը շողշողուն լոյսն է, մեր վերջալուսային մթնշաղին սովոր աչքերուն առաջ։

Ինչ որ տեսայ այստեղ պիտի ծառայէ իբր նախապատրաստութիւն եւ կը մտածեմ որ անդրկովկասի մէջ ուր աւելի երկար պիտի մնամ եւ շնորհիւ այն հանգամանքին որ գիտեմ տեղական լեզուներ ինձ հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի խոր թափանցել խորհրդային իրականութեան։ Կերթամ ուրեմն Հայաստան, երիտասարդական ոգեւորութիւնով եւ անսահման ցանկութիւններով։