Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՅԹԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Քանի մը օրերէ ի վեր Մոսկուա եմ եւ աւելի մօտէն կը հետեւիմ քաղաքի կեանքին։ Տեւական տպաւորութիւնս այն է որ Մոսկուա էականապէս արեւելեան նկարագիր ունի։ Տեսակ մը անսահմանելի նմանութիւն՝ բիւզանդական-արեւելեան ոստանի հետ։ Մարդոց դիմագիծը, շարժուձեւը, հագուստ կապուստը կը շեշտեն այն զգացումը, բայց մանաւանդ հոտը. այն տեսակ մը բուրմունքը, մուշկի, պղպեղի, կաշիի, թարչինի արտաբերումներու խառնուրդ, որուն կուգայ կը միանայ երբեմն խորովածի տարտամ եւ ծխոտ շունչ մը։

Այլ սակայն Մոսկուա գեղեցիկ եւ յատկանշական քաղաք է իր յատուկ ոճով եւ մթնոլորտով։ Հնամենի պարիսպներ ժանիքաւոր եզրերով կը պարփակեն յաճախ շէնքերու եւ բնակարաններու հիմնայարկերը։ Տեղ տեղ բիւզանդական հեռանկար մը, ոսկէզօծ գմբէթներ, սլացիկ աշտարակներ, գունագեղ հանգոյցներով։ Մշուշապատ հեռաւորութեան մէջ ոսկիի ցոլքեր կը վառին եւ կը մարին անընդհատ, հոծ ամպերու դանդաղ շարժումին ընդմէջէն արձակուող ճառագայթներու շնորհիւ։

Մինակս կը քալեմ փողոցներու մէջ եւ կը փորձեմ գնումներ ընել։ Օտարական ըլլալը յանցանք մը չէ այստեղ, ընդհակառակը, ամէն ոք կը ջանայ հասկնալ եւ հասկնալի դառնալ սիրալիր համբերութեամբ։ Կը նշմարեմ նաեւ որ կենսամթերքները առատ նե, բազմատեսակ եւ գիները մօտաւորապէս համարժէք՝ մեզ ծանօթ գիներու։ Եթէ պանդոկը եւ պանդոկներու ճաշարանները շատ թանկ են օտար ճամբորդներու համար, պէտք է մտածել որ եւրոպայի համապատասխան պանդոկները նոյնքան թանկ են եթէ ոչ աւելի։

Կեանքը եւ գործունէութիւնը կ՚եռան ամէն կողմ։ Կին թէ այր, ժիր շարժումներով կերթան, կուգան, անձնատուր իրենց զբաղումին։ Թրամուէյները անընդհատ կ՚անցնին հոծ բազմութիւններով։ Մայթերուն վրայ ամէն րոպէ կը հանդիպինք զինուորներու, երկար վերարկուով, մէջքերնին սեղմած. ասդինանդին կապուտաչուի եւ խարտեաշ երախաներ անապաստան երախաներ, որոնց հետ խառն եւ նոյն թշուառութեան մէջ եղբայրացած թխորակ գլուխներ, մոնկոլեան դէմքերով։

Դուրսը, թէ սենեակիս մէջ առանձնացած, իմ տեւական եւ գլխաւոր զգացումս ապահովութեան զգացումն է։ Հանգիստ եմ եւ ազատ։ Գաղափարներս եւ մտածումներս կը բանաձեւեմ, կամ կը խօսիմ մարդոց հետ անկաշկանդ կերպով։ Չի կան այլ եւս այն հարկեցուցիչ պատճառները որ մեզ կը ստիպէին որ եւ է մտածում արտայայտել այնպիսի ձեւով մը որ մարդոց նախապաշարումներուն հետ շատ ուժգին բաղխում մը յառաջ չի բերեն։ Այդ վստահութեան եւ ապահովութեան զգացումը խոր ուրախութիւն կը պատճառէ տեւական կերպով. մարդ ինքզինքը կզգայ ընտանի եւ բնականոն կեանքի մէջ։

Բնականոն բայց ոչ սովորական։ Առաջին պահէն իսկ կզգամ տարբեր բան մը, տարբեր րիթմ մը, տարբեր շունչ մը։ Որքա՛ն հեռու ենք եւրոպական քաղաքի մը կեանքէն։ Կզգաս որ մարդիկ իրար կապուած են ընդհանուրին եղող զգացումներով։ Այն ցրիւ, տարալոյծ ամէն մարդ ինքզինքին համար ժողովուրդը որ կը տեսնենք մեծ քաղաքի մը մայթերուն վրայ, այստեղ գոյութիւն չունի։ Մարդիկ մօտ են իրարու նոյնիսկ իրենց արտաքինով, հագուստ կապուստով, վիճակի մերձաւորութիւններով։ Այդ մօտիկութիւնը կարտայայտուի շատ մը բաներով։ Իրարու կ՚օգնեն ինքնաբուխ կերպով, անծանօթներ իրար հետ կը խօսին ընկերական պարզութեամբ։ Այն թեթեւսօլիկութիւնը, կոկոզավիզ գոռոզութիւնը, ամբարտաւանութիւնը որ յատուկ է դաս մը մարդոց, իսպառ անհետացած է այստեղ։ Չէ կարելի անշուշտ երեւակայել որ մեծ քաղաքի մը փողոցներէն անցնող բազմութիւնը միատարր է եւ ամէնքն ալ նոյն համոզումները եւ գաղափարները ունին։ Բայց ինչ որ անուրանալի է, այն է որ ընդհանուր բաները որ մարդիկ ունին աւելի են քան թէ այն մասնաւորները որոնք մարդիկ իրարմէ կը հեռացնեն։ Պէտք է ենթադրել որ քաղաքացիական բուռն կռիւներու շրջանը վեր ի վայր շրջած է ամէն բան եւ անոնց հետեւանք թշուառութիւնը, մահուան յարատեւ վտանգը զգաստացուցած են ամենէն թեթեւամիտներն իսկ։ Մարդիկ մէկ կամ միւս ճամբով իրար գտած են, համերաշխ են, դարձած են աւելի մարդկային, աւելի ընկերական։

Մասնաւոր ուշադրութիւնս կը հրաւիրեն կիները։ Յայտնի է իրենց դէմքի արտայայտութենէն, քալուածքէն, արդուզարդէն որ անոնք իրաւատէր քաղաքացիներ են։ Ոչ մէկ աւելորդ պերճանք եւ ոչ մէկ պչրող կեցուածք։ Ոչինչ այնքան ուղղակի կերպով չազդարարեր կնոջ ազատագրումը, ստրուկ էգի անփառունակ վիճակէն, որքան իր արդուզարդի պարզութիւնը։ Դէմքերը մաքուր են եւ ընդհանրապէս առանց շպարի։ Կապոյտ, իմացական, պայծառ աչքեր շեշտակի կը նային մարդոց։ Այս չի նշանակեր որ կանացի շնորհ եւ առ հասարակ կանացիութիւն չկայ։ Անշուշտ թէ կայ. նոյն իսկ երբեմն կը յայտնուին լաւ հագուած կիներ։ Բայց այդ էլէկանսը աւելի սբորդական է քան թէ կիսաշխարհիկ։ Նկատեցի նաեւ որ կիները մեծ մասամբ պահած են իրենց մազերը եւ անոնք որ կտրած են, բնաւ չունին ջուրէն նոր դուրս ելած ջրագայլի գլուխներ, որովհետեւ որոշ չափով մազերը երկար կտրուած են եւ սանտրով մը բռնուած գլխուն ետեւը։

Փողոցին մեծ զարդերն են գունագեղ եւ արդիսդիք աֆիշները եւ հանրային պարտէզները։ Աֆիշները գեղարուեստական գործերու արժէքը ունին։ Մեծ կտաւներու վրայ կը բանան տեսարան մը, ինչպէս թատրոնի խորանկար։ Կան նաեւ ցուցապատկերներ. նկարւած տախտակներու յաջորդական զեղումներով։

Ամէն կողմ կը տարածուին, ի միջի այլոց «Նամուս» սինէմայի ծանուցումները։

Հասարակաց պարտէզները որ բազմապատկուած են յեղափոխութենէն ի վեր շատ հետաքրքրական երեւոյթ մը կը պարզեն։ Կայ ընդհանրապէս կեդրոնական ածու մը որ բրգաձեւ կը բարձրանայ եւ որուն կողերը երեսներ կը կազմեն։ Արդիստ պարտիզպաններ այդ երեսներուն վրայ, զանազան երանգի գաճաճ բոյսերու շնորհիւ կազած են յիշատակարան պատկերներ։ Թատրոնի հրապարակի պարտէզին մէջ հիացումով կը դիտեմ Ճէրճինսքիի կենդանագիր պատկերը կատարեալ նմանութեամբ եւ մեծ սեռի արուեստով շինուած։ Գոյնի տեղ բոյսեր որ մոզաիքի պէս տնկուած են հողի մէջ։ Պատկերը կազմող տարրերը կենդանի են, կ՚ապրին, կը շնչեն եւ այդ մեծապէս զգալի է։ Տպաւորութիւնը անօրինակ է։

Այս զարմանալի պատկերին առաջ ժողովուրդը անտարբեր չէ ինչպէս պիտի ըլլար միւզէի պատկերի մը առաջ։ Անիկա կենդանի գեղեցկութեան տարր մըն է իր ամենօրեայ ճամբուն վրայ եւ անիկաիրեն մատչելի է արտակարգ անմիջականութեամբ։

Ամէն տեղ պտղավաճառներ իրենց լաւ յարդարւած կողովներով հաճելի եւ գունագեղ նօթ մը կ՚աւելցնեն փողոցի տեսարաններուն։

Ախորժելի է քալել ու դիտել ու լսել նաեւ ռուս լեզուի րիթմիկ եւ արտայայտիչ հնչականութիւնը։

Քաղաքը վերաշինութեան թափի մէջ է եւ ամէն կողմ նորոգութիւն ու շինարարութիւն կը տեսնուի։ Կը բարձրանան բազմայարկ տուներ որոնք պիտի դառնան ուսանողական կամ բանւորական հանրակացարաններ կամ բնակարաններ։

Ասոնք կառուցուած են ճարտարապետական նոր ոճով եւ քաղաքը տեղ տեղ կստանայ մասնայատուկ կերպարանք մը։ Նոր քաղաքը, հսկայական գաղափարի մը ճարտարապետական մարմնացումը, հետզհետէ տեղ կը գրաւէ հին քաղաքին վրայ։ Երկու իրար դէմ բարձրացող նորաշէն հաստատութիւններու հեռանկարին մէջ, հորիզոնին վրայ քիչ մը կանաչ, քիչ մը ոսկի, քիչ մը մանիշակագոյն կը հալին լուսեղէն մշուշի մէջ։ Եւ որոշապէս մարդ կզգայ որ Մոսկովեան նոր հոգին կը բարձրանայ առաջին բլանի վրայ։