Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԵՒԱՆԸ ՁԻՒՆԻ ՏԱԿ

Դանդաղ եւ հանդարտ ձիւնը կիջնայ քաղաքին վրայ։ Երեկոյեան դէմ բաթիլները կը մանրանան եւ աւելի խիտ ու աւելի արագ, կը տեղան անդադար Փողոցին մէջ մարդոց գլխանոցները եւ ուսերը կը ճերմակնան եւ վեր բարձրացած օձիքներու ու մինչեւ ականջներկ իջած բաբախներու մէջէն կարմրած դէմքեր իրարու կը ժպտին կարկամած շրթներով։

Անդադար ձիւնը կը տեղայ, հետզհետէ աւելի արագ։ Թէյարաններու, ակումբներու, հիմնարկներու պատուհաններէն դուրս եկող լոյսերը կը ճեղքգն թեւ օդը եւ դեղնորակ մշուշ մը կը կազմեն։ Աբովեան փողոցի ելեկտրական լոյսերը ամպամած աստղերու պէս կը խեղդուին ճերմակ եւ շարժուն միջոցին մէջ։ Այսու ամենայնիւ փողոցները լիքն են եւ երիտասարդներու շարաններ կը դիմեն իրենց սովորական զբաղումներուն։

Առաւօտուն կանուխ տեսարանը անօրինակ է։ Արեւելեան քաղաքը իր տափակ տանիքներով ծածկւած է ձիւնի տակ։ Ծալ, ծալ սպիտակութիւնը կը փռուի փողոցներուն մէջ։ Կառքերը անհետացեր են եւ բալխիրներ՝ լիքը աղջիկներով եւ պատանիներով կը սահին ձիւնի թանձրութիւններու վրայ իրենց բոժոժներուն զուարթ հնչիւնը ցանելով իրենց հետքին։ Խումբ մը երախաներ ձիւնէ գնդակ կը խաղան։ Նալբանդեան փողոցի վրայ, եզան սայլեր, բեռնաւորւած իրեղէններով շարք են բռներ։ Քաղաքէն դուրս ձիւնը բարձրացեր է մինչեւ մէկ մէթր... ցուրտ, փուք եւ բորան... գայլի պատմութիւններ...

Հրաշքը այն է որ ահա այս ձիւնապատ եւ ցուրտ քաղաքին վրայ արեւը կերեւայ եւ կը շողշողայ պայծառութեամբ եւ համատարած սպիտակութիւնը կը փոխուի անօրինակ եւ շքեղ պերճանքի մը։ Ամէն ինչ կը պսպղայ, կը փալփլի, կարտացոլայ։ Մարդուս աչքերը կը շլանան, չեն դիմանար լոյսի այդ գերագրգռութեան։ Կարծես երկրի վրայ չենք այլ առկախ՝ եթերային բարձրութեան մը մէջ։ Ոչ թէ կը քալենք, այլ կը սահինք, աւելի ճիշդ կը ծածանինք անկայուն քայլերով։

Հորիզոնին վրայ Արարատը, աւելի խիտ ճերմակ, կը քօղարկուի սպիտակ մէգի մը մէջ եւ ահա լոյսի ճաճանչ մը կը սլանայ իր կողքէն սլաքի մը նման։

Կապոյտ երկնակամարը հետզհետէ կը տժգունի, կարծես կը ցածնայ. արեւը կանհետի յանկարծ եւ ձիւնը կսկսի կրկին տեղալ հանդարտ ընթացքով, ինչպէս եթէ այլեւս երբէք չի պիտի դադարէր իջնալէ։

Գիշերին մէջ բալխիրի մը բոժոժներու զուարթ նօթերը եւ խումբ խումբ երիտասարդներու հնչեղ ուրախութիւնը։

Հեռուն քայլերգի նման առոյգ երգ մը որ հետզհետէ կը մարի։

Ձիւնը դադրեցաւ բայց ի փոխարէն ճերմակ եւ սառած քաղաքին մէջ ցուրտը իջաւ զէրօէն վար մինչեւ 23։

Կայարանն եմ բարեկամի մը մեկման առթիւ։ Օդը գրեթէ անշնչելի է։ Մարդիկ կը հասնին պեխերը ճերմկած սառէ քիստերով։ Քարափին վրայ ի զուր ոտքերս կը զարնեմ ընդարմացման դէմ պայքարելու համար։ Վերադարձ՝ ձիւնով ծածկուած դաշտերու մէջէն։ Ամէն կողմ շլացուցիչ սպիտակութիւն։ Վազուն ջուրի մը մակերեսէն շոգին կը բարձրանայ, պահ մը կը ծփայ եւ կանշարժանայ սառուցիկ մթնոլորտին մէջ։ Փշախոտեր այլազան բիւրեղացումներով զարդարուած՝ կը ցցուին ճերմակ եւ քարացած դաշտերուն մէջ։ Կառքին ձիերը կը մխան հետզհետէ թանձրացող գիշերին մէջ որուն մթութիւնը կաղօտի եւ կը տժգունի երկրիս սպիտակութենէն։ Երկու սեւ շուներ կը տապլտկին եւ կը խաղան իրար հետ. հետզհետէ կը մօտենան. ձիերը կը վրնջեն, կառապանը կը հայհոյէ մտրակելով։ Արդեօք գայլե՞ր են... կուզեմ հարցնել բայց կը նախընտրեմ չի գիտնալ։

Ահա կը մօտենանք քաղաքին։ Բոլոր ջրդոնները սառած ջուրի խուրձ մը ունին իրենց բերանները։ Լոյսերը վառուած են եւ քաղաքը իր սովորական եռանդուն կեանքը կապրի անսովոր ձմեռին եւ ցուրտին տակ։

Զինւորական քայլերգ եւ ահա կարմիր բանակայիններու երթը։ Կառապանը ետեւ կը դառնայ եւ ուրախ ձայնով կըսէ.

«Կարմիր Բանակի տարեդարձն է»։