Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՈՄԻՒՆԻՍՏ ԲԱՐԵԿԱՄՍ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՄԻՒԶԷՆ ՆԱՄՈՒՍ ՑԵԿԱ (ՄԱՄՈՒԼԻ ԲԱԺԻՆ)

Միւզէները՞... բայց ո՞րը ընտրենք։ Անհնարին է տրամադրելի օրերուն մէջ այցելել բոլոր միւզէները... Երթա՛նք յեղափոխութեան միւզէն։ Օրը Կիրակի է եւ ընկերս ինձ կը զգուշացնէ. կիրակի օրերը շատ խճողուած են միւզէները։

Բոլոր անոնք, բանւոր թէ գիւղացի, ժողովուրդի ամենաստուար զանգուածները որ հին կարգերուն մէջ կապրէին անգիտակից եւ անտեղեակ, այժմ արթնցած են... անյագ են սորվելու, տեսնելու. գունդ առ գունդ կուգան միւզէները, նոյն իսկ հեռու տեղերէ, յաճախ քալելով...

Լա՛ւ ուրեմն, երթա՛նք միւզէ։ Միթէ՞ այդ երեւոյթը տեսնել ըստ ինքեան նոյնքան հետաքրքրական չէ՞ որքան միւզէին բովանդակութիւնը։

Տա՛, տա՛...

Կոմիւնիստ բարեկամս, ընկեր Ս. . . սիրալիր եւ փութկոտ մարդ է, պայմանաւ որ իր կատարածը համարէ իր պարտականութեան սահմանին մէջ։ Ճիշդ է որ անիկայ շատ լայն կերպով մը կը հասկնայ իր պարտաւորութիւնները բայց այսու ամենանիւ երբեմն կը պատահի որ փոքրիկ թիւրիմացութիւններ յառաջ գան։ Այսպէս, օրինակի համար, ինձ կօգնէ համբերութեամբ եւ կատարեալ անձնուիրութեամբ այն բոլոր բաներուն մէջ որ իս գործս կը համարէ, բայց անմիջապէս ինձ իմ բաղդիս կը թողու երբ անձնական նոյն իսկ թեթեւ ծառայութիւն կայ ընելիք։

Երկու ժամ ունիմ տրամադրելի... կարող եմ ձեզ ընկերանալ. ի՞նչ էք ծրագրեր.

Նախ, կը խնդրեմ, այս նամակները... հաճեցէք ռուսերէն լեզուով գրել հասցէները։ Թերթի համար են։

Բաժալստա՛...

Յետոյ ունիմ հեռագիր մը... Եթէ ուզէիք ինձ նամակատուն... տանը պիտի իմացնեմ որ...

Կարող էք դիմել հիւրանոցի ֆրանսախօս պաշտօնեային..

Ընկեր Ս... չափազանց զբաղած մարդ է եւ դեռ պէտք է շնորհապարտ ըլլալ որ իր ծանրաբեռն օրերու ընկերներէն մէկը ինձ ծանօթացուցեր է իրեն եւ անիկա ամէն ջանք կընէ որ իմ Մոսկուա անցուցած օրերս ըլլան արդիւնաւոր։

Ամէն անգամ որ դրանս կը զարնէ, մեծ հաճոյք կզգամ եւ ուրախութեամբ կը տեսնեմ զինքը բայց ան երբ ինձ սեղանիս առաջ կը գտնէ, աշխատութեան մէջ՝ անմիջապէս կը յայտարարէ.

Միամիտ եղէ՛ք, շատ ժամանակ չեմ խլեր ձեզմէ... տասը րոպէ, եթէ ձեզ չեմ խանգարեր...

Աշխատութեան համար ունի այնպիսի խոր յարգանք մը որ ամէն ինչ կարելի է ըսել իրեն այդ պատրւակով։

Բայց ես կը նախընտրեմ ընդհատել աշխատութիւնս եւ զրոյց ընել իրենց հետ, որովհետեւ, յաճախ, սա շատ աւելի արդիւնաւոր գործ է ինձ համար։ Իրմով ըմբռնեցի շատ բան, դիւրութեամբ. իր անձին մէջ կարծեցի տեսնել մարմնացումը այն մտքի աշխատաւորին, (բանւորական ֆակիւքտէի քիմիական լապորատորիայի մէջ կը ծառայէր իբր օգնական) որ դուրս եկած խոնարհ ծագումէ, արտակարգ ճշդութեամբ եւ յստակութեամբ կըմբռնէ իր դասակարգային իրաւունքները, կատարելիք դերը, գերիշխանութիւնը։

Սովոր էի Ընկեր Ս... խօսիլ անվերապահ պարզութիւնով իմ կատարած ուսումնասիրութիւններուս եւ կրած տպաւորութիւններուս մասին։

Անիկա գլուխը հակած, ինձ մտիկ կընէր եւ ամէն մէկ խօսքիս հաւանութիւն կը յայտնէր, ըսելով.

Տա՛... տա՛... տա՛...

Այդ տա երը կամբողջացնէին կերպով մը իմ խօսքս եւ նաեւ կը վաւերացնէին եզրակացութիւններս։ Իսկ երբ մէկ խօսքս կը մնար առանց այդ տա ին կը հասկնայի որ չեղաւ.

Ճիշդ չէ՞, ընկեր։

Ո՛չ, կը սխալի՛ք, ճիշդ չէ՛...

Եւ մեծ համբերութեամբ կը ջանար լուսաբանել խնդիրը։

Ի՜նչ ջերմութիւն իր ձայնին մէջ, ի՜նչ եռանդ՝ համոզիչ եւ հասկնալի դառնալու։ Կարծես ծանրակշիռ բաներ կախում ունէին իմ հասկնալէս կամ չհասկնալէս։

Երբեմն ալ ինձ կը պատմէր յեղափոխական բուռն կռիւներու օրերէն դրուագներ։ Իր ընկերներէն լսեր էի որ ինքը անձամբ մասնակցած է այդ կռիւներուն, բայց երբէք իր մասին խօսք չէր ըներ։ Կարծես իբր հանդիսատես ներկայ եղած էր այդ դէպքերուն։

Հետզհետէ ընկեր Ս. . . աւելի ընտանեցաւ ինձ հետ եւ բաց սրտով կը խօսէր այն դժուարութիւններուն մասին որոնց պէտք էր յաղթէին աւելի արագ կատարելուն նուաճումներ։ գործունէութեան զանազան ճակատներու վրայ։ Երբեմն ալ, երբ ես ինքս բուռն տպաւորութեան մը ազդեցութեան տակ, հիացումով կը խօսէի այս կամ այն բանի մասին, անկեղծ եւ լիաթոք կը ծիծաղէր եւ կը խօսէր.

Ի՜նչպէս կը տաքանանք.

Դիտեր էի որ իր նկատողութիւնները թերիներու, անբաւականութիւններու մասին, չունէին բնաւ տխրութեան շեշտ եւ ոչ ալ յոռետեսութիւն կը բովանդակէին։ Ընդհակառակը՝ ... համոզուած էր որ խորհրդային Միութեան աշխատաւորութիւնը միացեալ ուժերով պիտի յաղթէր բոլոր արգելքներուն եւ պիտի կառուցանէր սոցիալիսմը։

Այդ հաւատաւոր եւ խիստ լրջութիւնով տոգորւած երիտասարդը որուն յոգնած դէմքը կը յայտնէր սպառիչ աշխատութիւն, այնքան գիշերներ, որուն մաշած հագուստները անբաւական էին իր թոյլ կազմւածքը պաշտպանելու ցուրտին դէմ, ու այդ ցրտահատ ձեռքերը, ու նայուածքը երբեմն յոգնած ու կրտուկ որուն բիբերը յանկարծ կընդլայնէին կարծես աւելի բան ընդգրկելու, աւելի լայն տեսնելու համար ու գունատ շրթները որոնք երբեմն դժուարաւ կարտաբերէին վանկերը, այդ բոլորը այսօր կը վերադառնան յիշողութեանս, իմաստ մը կըստանան եւ ինձ կօգնեն որ աւելի խոր ըմբռնեմ իրողութիւններ եւ կացութիւններ որոնք այդքա՜ն անհասկանալի կը մնան օտարականներու։

Կօմիւնիստ բարեկամս երբէք չի գիտցաւ անշուշտ թէ ինչքա՜ն մեծ նպաստ բերաւ ինձ իր անձին օրինակը, իր ուղղամիտ եւ ճիշդ նկատողութիւնները եւ լուսաբանութիւնները։ Երբէք չի գիտցաւ նաեւ թէ որքան խոնարհութեամբ կը լսէի զինքը, հակառակ որ չեմ գիտեր ինչո՞ւ անիմաստ վերապահութեամբ ամէն ճիգ կընէի որ ունենամ անփութութիւնով եւ ի միջի այլոց, լսելու երեւոյթը։

Կասքէդին ճակատամասը քաշած դէպ ի աչքերը ընկեր Ս. . . կը քալէ քովէս լռին։ Յանկարծ կը բռնէ թեւէս եւ կը քաշէ մէկ կողմ. ի՞նչ կայ արդեօք... պարզապէս պիտի անցնինք փողոցին միւս կողմը։ Քիչ առաջ համբերութիւնը կորսնցնելով ինձ պատասխանեց զայրոյթով, իմ մէկ դիտողութեանս (որ կենթադրեմ թէ անիմաստ դիտողութիւն էր եւ իր զայրոյթը՝ արդար)։

Դատարկ խօսքեր են այդ բոլորը, դատարկ եւ սնամէջ խօսքեր...

Ինձ դէմ չէ որ զայրացած է այլ այն մտայնութեան դէմ որ կարող է թելադրել այդպիսի անիմաստ դատողութիւն։

Կուզեմ կատակով վերջացնել մեր վէճը, բայց անիկա խնդալու փափաք չունի։ Ամէն ինչ լուրջ է իրեն համար եւ ծանրակշիռ։ Անիկա չի ըմբռներ սրամտութեան մը աղը, բարատօքսալ խօսքի մը ներշնչած երկդիմիհաճոյքը եւ ատելով կը վանէ իրմէ որ եւ է հեգնական տրամադրութիւն։ Իր թարմ, մատղաշ, արթուն իմացականութիւնը պարզ, հիւթեղ եւ դիւրամարս սնունդի պէտք ունի, ոչ թէ գրգռիչ աղանդերներու։

 

Բարեբաղդաբար հասած ենք միւզէին առաջ եւ ընկեր Ս. . . ինչպէս թէ ոչինչ պատահած ըլլար, անմիջապէս կ՚ստանձնէ իր առաջնորդի դերը։

Մեծապէս հետաքրքրական է Յեղափոխութեան միւզէն ուր կը գտնենք համայնապատկերը անցեալ դարերու գիւղացիական շարժումներէն մինչեւ մեր ժամանակներու ըմբոստութիւնները եւ մեծ յեղափոխութիւնը, նկարներով, կենդանագիրներով, անտիպ եւ տպուած վաւերաթուղթերով եւ գաղտնի հրատարակութիւններու նմոյշներով։ Ոչինչ չէ մոռացուած ոչինչ չէ զեղջուած։ Ահա եւ հայ ազգային ու դասակարգային շարժումներու վրեաբերյալ օրկաններ, նամակներ, յեղափոխական գործիչներու եւ հրապարակագիրներու պատկերներ, ձեռագիրներ Մ. Նալբանտեանէն մինչեւ Շահումեան։

Սուր հետաքրքրութեամբ կը հետեւիմ այն պատկերներուն եւ վաւերաթուղթերուն որոնք կը վերաբերին հոկտեմբերեան յեղափոխութեան։ Ահա այն Յեղափոխական Կոմիտէն որ վճռեց անցնիք պայքարի, յեղափոխութեան իրականացմամբ։ Ահա՛ դէմքերը անոնց որ բաղդորոշ դերեր կատարեցին այդ փոթորկալի օրերուն։ Եւ եղելութիւնները որոնք աշխարհս սարսեցին իր հիմունքներէն, Լենինկրատի եւ Մոսկուայի փողոցներուն մէջ՝ եւ ամենուրեք Լենինի դէմքը ինչպէս գերագոյն արտայայտութիւն յաղթական յեղափոխութեան։

Կանցնինք մէկ սրահէն միւսը եւ կանգ կառնեմ կին դէմքերու առաջ որոնք ԺԹ դարու ընթացքին, արտակարգ թռիչքով եւ հերոսական թափով մասնակցեր են Ձարական բռնապեհութեան դէմ պայքարին։ Կան որ գեղեցիկ են ու երիտասարդ, կան որ փափկակազմ են եւ նուրբ, բայց մաշեր են իրենց լաւագոյն տարիները ստորերկրեայ եւ վտանգալի գործունէութեան մէջ, թաղեր են իրենց երիտասարդութիւնը եւ գեղեցկութիւնը բանտերու եւ բերդերու քստմնելի նկուղներուն մէջ, գացեր են աքսոր, քալեր են դէպ ի կախաղան, ներշնչուած, հաւատքով եւ արիութեամբ լիքը։ Եւ ժամանակներու ընթացքին ինչ որ ռուս մեծ ժողովուրդը ունեցեր է ազնուագոյն, անվեհեր, անձնուրաց ահա այդտեղ են համախմբուած, ինչպէս մեծ եւ դիւցազնական ընտանիք։

Ռուս մեծ ժողովուրդը, Պրոմէթէոս շղթայուած, կողերը պատառատուն գիշատիչ եւ արիւնարբու անգղերէ, որ այսու ամենայնիւ երբէք չէ հրաժարեր ազատագրուելէ, որ միշտ կրծեր է իր շղթաները, որ ունեցեր է յանկարծական ցնցումներ, օրհասական գալարումներ, ահա այսօր յաջողեր է վերջապէս խզելու իր գերութիւնը... Պրոմէթէոս շղթայազերծ եւ ազատագրուած, անիկա պատրաստ է արդէն իր անշէջ հուրը փոխանցելու ամբողջ մարդկութեան...

Միւզէին բոլոր սրահները լիքն են։ Ամէն տեսակի աշխատաւորներ, բանուորներ, գիւղացիներ, արհեստաւորներ, ուսանողներ եւ աշակերտներ խումբ խումբ կը յառաջանան, կանգ կառնեն պատերու առաջ. իրենց հետ միշտ միշտ կայ տեղեակ եւ հմուտ առաջնորդ մը որ կը բացատրէ ամէն ինչ, որ միեւնոյն ատեն կը դասաւանդէ յեղափոխութեան պատմութիւնը անցնելով մէկ ժամանակաշրջանէն միւսը, լուսաբանելով ամէն մէկ շարժումի նշանակութիւնը իր վայրին եւ ժամանակին մէջ եւ այն օղակաւորումը որով բոլոր ջանքերը եւ զոհողութիւնները իրենց նպաստը բերեր են այսօրուան յեղափոխական Ռուսաստանին եւ չեն կորսուեր անհետ։

Վառ աչքեր, ուշադիր եւ ինքնամփոփ դէմքերու վրայ, կը դառնան դէպ ի նշխարները, պատկերները, փաստաթուղթերը։ Եւ այդ ջերմեռանդ եւ հաւատաւոր խումբերը կազմուած են երկու սեռէ, ամէն տարիքի մարդիկներով։ Անոնց մէջ կան պատանիներ եւ ալեհեր ծերունիներ։

Սրահներ կան այնքան խճողուած, որ դժուար է ճամբայ բանալ եւ անցնիլ եւ դեռ կուգան նոր խումբեր, մարդկային նոր ալիքներ։

Կը մտնենք այն սրահը որ յատկացուած է Լենինին. պատկերներ եւ արձաններ ամէն դիրքի մէջ եւ դիմացթ տեսակ մը կարմիր բեմ՝ ծանրաբեռնուած այն նուէրներով որ զանազան արհեստակցական Միութիւններ բերեր են Լենինի յուղարկաւորութեան։

Բազմութիւնը այնքան խիստ է այս սրահին մէջ որ անկարելի է մանրամասն դիտել այնտեղ հաւաքուած առարկաները, ամէնքն ալ Լենինի վերաբերեալ։ Բայց կը յաջողինք վերջապէս տեղ բանալ եւ կանգ առնել ապակեփեղկի մը առաջ ուր ամփոփուած են Լենինի աքսորի գործածած հագուստները եւ այդ ժամանակի մէջ գրած ձեռագիրներու տետրակները։

 

* * *

Երեկոյին տիկին Իւզբաշեանի հետ կերթանք Նամուս ի ներկայացման էքրանի վրայ։ Խուռն բազմութիւն լեցուեր է սինէմայի առաջին սպասման սրահը, հակառակ որ բազմաթիւ «կինո»ներ երկու երեք շաբաթէ ի վեր Մոսկուայի մէջ անդադար կը ներկայացնեն Շիրվանզատէի թատերախաղէն առնուած այդ կինոնկարը որը պատրաստեր է Հայկինոն (Հայաստանի սինեմաթոկրաֆիկական սթիւտիօն) հայ դերասաններով եւ հայկական սթիւտիօի միջոցներով։

Շամախիի հին եւ արեւելեան բարքերը մեծապէս կը հետաքրքրեն Մոսկուայի աշխատաւորութիւն։ Հետաքրքրական է նաեւ այն մասնաւոր գոյնկ որ Անդրկովկասի կեանքին մէկ երեսը, հայ կեանքը, կը ներկայացնէ որը իր ընդհանուր գիծերուն մէջ շատ տարբեր չէ եղած նոյն ժամանակի Ազրբեջանեան եւ Վրացական կեանքէն։

Կսպասենք մեր հերթին ներկայացման սրահը մտնալու համար։ Բազմութիւնը հետզհետէ կստուարանայ։ Պատերուն վրայ ամէն կողմ, կը տեսնենք Նամուսի զանազան տեսարաններէ մեծադիր պատկերներ եւ լւոսանկարներ. հայ շինականի տիպը իր սպառնական տարազով, կուրծքը ցցուն փամփշտակալներով, արծաթեայկոթով դանակը գօտիին մէջ, դէմքը դաժան, անհամբոյր. հայ հին մատղաշ կինը, պատանուհի եւ հարս, հեզիկ եւ տխուր, համակերպած իր ճակատագրին, որուն գեղեցկութիւնը պիտի կազմէ իր դժբաղդութեան աղբիւրը. հայ մայրերը, անզօր եւ թախծոտ, որոնց դէմքին ամէն մէկ խորշոմը կը ցուցադրէ տղամարդու բիրտ տիրապետութեան տակ կքած կնոջ, անմռունչ կրած տառապանքներու ակօսները։

Վերջապէս ներկայացման սրահէն դուրս կուգայ մարդկային լինքը, ելքի դռներէն։ Կը մտնենք մեր կարգին եւ տեղ կը գրաւենք։ Էկրանի վրայ պատկերները կը յաջորրդեն իրարու։ Անհետացած, բայց դեռ մեզ այնքան մօտիկ կեանքի մը բարացուցական դրուագներկ կը հետեւին իրարու ճարտար դասաւորումով։ Կարգ մը տեսարաններ տաժանելի են անշուշտ բայց այդ այդպէս է եղեր եւ եռ հեռաւոր եւ մութ անկիւններու մէջ կը շարունակէ այդպէս ըլլալ. լաւագոյն է տեսնել կոպիտ իրականութիւնը ճշտութեամբ պատկերացած։

Երբ դուրս կուգանք ներկայացումէն, նորէն սպասման սրահը լիքն է անհամբեր բազմութիւնով։ Հեռուէն կը լսենք սազանտարի լարային նուագը եւ մեզ ծանօթ պարի մը ռիթմը։ Կուղղուինք այն կողմը։ Արեւելեան գորգերով սարքաւորուած սրահի մը մէջ կը պարեն Շամախիի պարեր։ Հանդիսականներու բազմութիւնը այնքան խիտ է որ չենք յաջողիր ո եւ է բան տեսնել եւ կը հեռանանք. որոշ ատեն կարծես մեր քայլերուն կընկերանայ ծանօթ եւ յատկանշական րիթմը, շեշտուած ներբաններու ուժգին եւ համաչափ հպումներէ։

 

* * *

Ցեկայի (Կեդր. Կոմիտէ) շէնքը մտնել ոչ կուսակցական ճամբորդի համար դժուար է եթէ ոչ անկարելի, բայց ընկեր Ս. . . վճռեր է որ ինձ համար «այդ հարկաւոր է»։ Կուզէ ինձ առաջնորդել Մամուլի բաժինը ուր տեղեկութիւններ եւ փաստեր կրնամ ունենալ Խորհ. Միութեան վարքագծի մասին դէպ ի խորհրդ. հանրապետութիւնները եւ ազգային փոքրամասնութիւնները ինչ կը վերաբերի լուսաւորութեան եւ մշակութային գործերու։

Ընկեր Ս. . . ի հետ կը քալենք ուրեմն եւ կանցնինք փողոցներէ եւ հրապարակներէ եւ վերջապէս կը հասնինք Ցեկայի շէնքին առաջ, որու մուտքին դրան կողքին, տեսակ մը նախասրահի մէջ, կիշէներու առաջ, բազմաթիւ պոչեր կազմուած են։ Այդ մարդոց մէջ կան գիւղացիներ եւ զանազան հեռու վայրերէ եկած կիներ ու տղամարդիկ։ Ամէնքն ալ, մէկ, մէկ պէտք է անցնին կիշէի մը առաջ, ցոյց տան իրենց կուսակցական քառդը, մուտքի արտօնագիր ստանալու համար։ Ես կը կենամ մէկուսի, որոշ չափով թերահաւատ եմ ստանալիք արտօնութեանս մասին։ Ընկեր Ս. . . կը դիմէ կիշէ մը որուն ետեւ կանգնած պաշտօնեան իրեն ծանօթ է։ Պահ մը կը խօսին իրար հետ եւ կիշէի դէմքը կը յառաջանայ, կը դառնայ դէպի ինձ, կարծես անձամբ ստուգելու համար իմ մասին ըսուածները։ Այդ միջոցին ես կեցած եմ պատի լրագրի մը առաջ եւ այնպէս կը ձեւացնեմ որ խորասուզուած եմ ընթերցանութեան մէջ բայց իմ կողմնակի եւ գաղտագողի նայուածքը կը հանդպի սուր եւ փայլատակող ակնարկի մը։

Վերջապէս ընկեր Ս. . . կստանայ հարկ եղած արտօնագիրները եւ անմիջապէս կանցնինք Ցեկա. մեր թուղթերը ցոյց կուտանք այնտեղ պահակ կեցած ընկերներու, որոնք նոյնպէս ծանօթ են բարեկամիս, եւ ոտքով կը բարձրանանք սանդուղքներէ։ Վերելակը մեր քթին տակ կը բարձրանայ բեռնաւորուած գիւղացիներով։

Յարկերուն վրայ, կիսաբաց դռներէ կը տեսնեմ ներքնասենեակներու շտապ եւ խառն աշխատանքը։ Մարդիկ կը մտնեն, կելլեն, կանցնին մէկ յարկաբաժինէն միւսը, ձեռքերնին բեռնաւոր թուղթերու տրցակներով։

Յոգնեցա՞ք... կը հարցնէ ընկեր Ս. . . անսովոր հոգածութեամբ (իրեն համար ֆիզիքական յոգնութիւնը հաշուի առնելիք բան չէ) որուն մէջ կը նշմարեմ ծաղրական շեշտ մը։

Յոգնած չեմ, բայց շնչասպառ եմ մտածելով որ այն շէնքին մէջ եմ ուր կը գտնուի ղեկը համամիութենական հսկայ կեանքին. կը բարձրանամ սանդուղներէն այն շէնքին որ կեդրոնական հանգոյցն է այն անսահմանօրէն տարածուած ցանցին որ կընդգրկէ միջին եւ ծայրագոյն արեւելքի սահմաններէն մինչեւ հիւսիսային եւ արեւելեան Եւրոպայի բազմացեղ երկիրները եւ բազմատեսակ ժողովուրդները։

Պահ մը կանգ կառնենք փակ դրան առաջ.

Այստեղ է որ կաշխատի Սթալին...

Անդադար, վերելակները կը բարձրանան եւ կիջնեն եւ ամէն յարկին դուրս կը բերեն գիւղացիներ, բանւորներ, ամէն կատեկորիայի մարդիկ։ Ոչխարի մորթէ գլխանոցով գիւղացի մը, մոլորուն նայուածքով դուռ մը կը փնտռէ։ Ընկեր Ս. . . կանգ կառնէ, կը հետաքրքրուի, կը զննէ գիւղացիին թուղթերը եւ կուտայ հարկ եղած տեղեկութիւնները։ Ընկեր Ս. . . գիւղացիին հետ խօսած ատեն դառձեր է հեզ եւ բարեհամբոյր ու իր գորշ աչքերը կը ժպտին մեղմութեամբ։ Կարծես բարի ուսուցիչ մըն է նորեկ աշակարտ մը հետ։

Երբ կը մտնենք մամուլի բաժինը ընկեր Ս. . . ինձ կը ներկայացնէ ընկերներու որոնցմէ մէկը հայախօս է եւ միւսը՝ ֆրանսախօս եւ յանկարծ, առանց այլ եւ այլի կը յայտնէ որ ինձ պիտի թողու եւ մեկնի անմիջապէս, որովհետեւ ստիպողական ժամադրութիւն ունի։ Բերանաբաց կը մնամ բայց ինձ կը մնայ համակերպիլ։ Մոսկուայի ո՞ր կողմը գտնուիմ, ի՞նչպէս պիտի գտնեմ վերադարձի ճամբաս, բայց առ այժմ մոռնանք այդ թեթեւ մտահոգութիւնները եւ մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք ամբողջովին մեր գործին։

Կ. Կ. Մամուլի բաժինը ունի երեք ճիւղեր. օրաթերթ, պարբերական հանդէսներ եւ գիրքեր։ Այս երեք ճիւղերն ալ ունին ազգային բաժիններ։

Անհնարին է մէկ ակնարկով ընդգրկել այն հսկայական արդիւնքը որ Կ. Կ. ի Մամուլի բաժինը իրականացուցած է համեմատաբար կարճ միջոցի, քանի մը տարուան ընթացքին։

Այդ գործունէութեան տարողութիւնը մասնաւորաբար ուշադրութեան արժանի է յետամնաց Խորհ. Հանրապետութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութեանց օգտին։ Բայց այդ բոլորը իր լրիւ արժանիքինմ մէջ ըմբռնելու համար պէտք չէ աչքէ հեռացնել այն վիճակը որ գոյութիւն ունեցած է նախ քան հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնը։

Հին կարգերու օրով, բազմացեղ եւ բազմալեզու Ռուսաստանի մէջ կը հրատարակուէին 8-10 լեզուով թերթեր եւ պարբերականներ։ Հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն ի վեր հրատարակութիւններ կըլլան, 48 լեզուով 190 թերթ եւ պարբերական։

Բացի մամուլը (օրաթերթ եւ պարբերական) Խորհ. Միութեան մաս կազմող հանրապետութիւններու մէջ այսօր գոյութիւն ունին 33 պետհրատներ (Պետական Հրատարակչութիւն)։

Այսու ամենայնիւ այս ընդարձակացաւալ եւ բազմակողմանի գործունէութիւնը դեռ չէ հասած ընդգրկելու իր առաջ դրուած բոլոր նպատակները։ Ազգութիւններ կան որոնց լեզուն դեռ կը մնայ անմշակ եւ որուն մաս կազմող աշխատաւորութիւնը իր մտաւոր սնունդը ստիպուած է ստանալ երկրորդ լեզուի մը միջոցաւ։ Անդուլ անդադար հոգ կը տարուի այդ բացերը լրացնելու, ազգային մշակոյթի հարցը լուծելու, հետապնդելով այդ ուղղութեամբ գործունէութիւնը մինչեւ իր գերագոյն աստիճանները եւ Կ. Կ. ի մամուլի բաժինը աներեւակայելի բարդ գործ ունի կատարելիք երբ հաշւենք այն բոլոր ցեղերը եւ լեզուները որ գոյութիւն ունին Խ. Մ. մաս կազմող երկրամասերուն մէջ. օրինակ. Տաղստան ունի վեց, Ուքրանիա նոյնպէս վեց, Միջին Ասիա ինը լեզուներով ազգաբնակչութիւն։

Կան փոքրամասնութիւններ որ նոյնիսկ գիր չունին (ինչպէս պարզեցինք ուրիշ առթիւ) եւ որոնց համար պէտք էկազմել այբուբէններ։ Կան ժողովուրդներ որ մայրենի լեզուով առաջին գիրքերը ունեցած են խորհրդային վարչաձեւը հաստատուելէ յետոյ։

Ազգային մայրենի լեզուով գրականութիւն եւ դպրոց ունեցան Հոկտեմբերեան Յեղափոխութենէն յետոյ Չէչէնները, Ինկուշները, Կապարտիէներ, Գալմուքները, Եակութները եւ դեռ շարք մը ժողովուրդներ որոնք կը կազմեն տասնեակ միլիոններու հասնող զանգուածներ։

Բնական է նաեւ որ այս ժողովուրդները որ մինչեւ հոկտեմբերը ապրեր են անգիտակից իրենց ազգային արժէքներուն եւ անփոյթ են եղեր անոնց մշակման, չեն կարող լծուիլ աշխատութեան առանց նախապատրաստութեան։

Ազգային փոքրամասնութիւններու եւ յետամնաց ժողովուրդներու նախաձեռնական ոգին արթնցնելու նպատակաւ, մեծ հոգ կը տարուի մշակութային կեանքը կազմակերպելու տեղւոյն վրայ։ Բայց այդ գործունէութիւնը իր լրիւ արդիւնքը կուտայ երբ այդ փոքրամասնութեանց պատկանողներտէր կը դառնան կացութեան։ Պէտք է ուրեմն սորվեցնել, պէտք է տալ այդ ժողովուրդներուն իրենց ծոցէն իսկ դուրս եկած խմբագիրներ, օրագրողներ, գրականագէտներ, պէտք է, մէկ խօսքով պատրաստել քատրեր փոքրամասնութեանց մշակութային ճակատին համար։

Համամիութենական Պետական Ժուրնալիստական Ճեմարանը մեծ չափով կը նպաստէ այդ նպատակին իրականացման։ Այդ ճեմարանի աշակերտութեան 40%ը փոքրամասնութեանց պատկանող ազգութիւններէն են որոնց ընդհանուր թիւը կը հասն 220ի ասոնց շարքին է 19 տարեկան իւզպէքուհի մը որ ցոյց կուտայ արտակարգ ընդունակութիւն։

Աւելի լայն եւ աւելի արագ արդիւնքի հասնելու համար ծրագրուած է բանալ նոր ճեմարան մասնաւորապէս պատրաստելու համար քատրեր ազգային փոքրամասնութեանց մշակութային գործին։

Բացի այդ դպրոցները հաստատած են վեցամսեայ եւ մէկտարուայ դասընթացքներ ուր վերամշակման կենթարկուին լուսաւորութեան զանազան մարզերու մէջ աշխատողները։

Ոչ նուազ օգտակար գործ է այն հետեւողական վերամշակումը մօտ 30-35. 000 բանուոր եւ գիղացի թղթակիցներու որոնք կը մարզուին իրենց գործին մէջ եւ կը դառնան ոչ միայն փորձ եւ որակաւոր թղթակիցներ այլ եւ հասարակական գործիչներ իրենց բնակավայրերուն մէջ։ Թղթակիցներու համամիութենական համագումարները որոնց մասնակցող պատգամաւորները կը ներկայացնեն շուրջ 300. 000 թղթակիցներ տարուէ տարի ցոյց կուտան այն մեծաքայլ յառաջդիմութիւնը որ Միութեան բանուորագիւղացիական աշխատաւորութիւնը կը կատարէ հետզհետէ աւելի աշխուժանալով եւ դառնալով գիտակիցիր դերին։

Երկու խօսակիցներս նոյն եռանդուն պատրաստակամութեամբ, որուն հանդիպեր էի արդէն ուրիշ հիմնակներու մէջ, ինձ կը պարզեն Կ. Կ. ի Մամուլի բաժնի պատասխանատու, լայն եւ բազմակողմանի գործը։ Լուսաւորութիւնը տարածել մինչեւ ամենէն յետին եւ աշխարհէս չի կասկածուած անկիւնները, լոյս աշխարհ բերեր թաքուն ուժեր, շարժման մէջ դնել դեռ չի յայտնւած զօրութիւններ, ձայն տալ համր շրթներու, մղում եւ կամք՝ բազուկներու եւ... այդ պահուն խօսքերէ անդին ընդնշմարելով հսկայական եւ ընդարձակածաւալ գործը երբ կը մտածեմ հակախորհրդային առարկութիւններուն, խծբծանքներուն, որքա՜ն տժգոյն, ճղճիմեւ փոքրոգի կը թուին անոնք։

Ինչպէս մութ գիշերի մէջ կայծակի փայլատակումով, պահ մը կը տեսնեմ լուսաւորութիւնը տարածուած հեռու, հեռու, տափաստաններու մէջ, մինչեւ անանմատչելի լեռնաշղթաներ եւ դեռ անոնցմէ անդին ուրիշ տափաստաններ, մինչեւ ուրիշ լեռնաշղթաներ... կը տեսնեմ միլիոնաւոր մարդկային զանգուածներ, արթնցած իրենց դարաւոր թմբիրէն, ոտքի կանգնած եւ պատրաստ օգտագործելու իրենց անհաշիւ ուժերը, իրենց անսահման կարելիութիւեները... ու ահա հին թշուառ եւ խաւար կեանքը կանհետի ինչպէս մղձաւանջ եւ անոր հետ՝ մգլոտած խրճիթները եւ ոջլոտ ցնցոտիները եւ խաւար մտքերը, որջացած՝ խաւար թագստոցներու մէջ... եւ պայծառ, ճերմակ ու լուսաւոր քաղաքները եւ շէները որ պիտի կառուցուին որ կը կառուցուին իրենց երկրաչափական գիծերու ուրուանկարը կը կառուցանեն, լաստակերտներու գօտիներով ընդմիջւած, ուղիղ եւ հարթ ճամբաներու վրայ, որոնց այերական զարդերը կը կազմեն ելեկտրական թելերու խաչաձեւումները եւ հանգոյցները... ու երէկի Գալմուկը, Իւզպէքը, Եագուտը...

Կարծես հեռաւոր ճամբորդութենէ կը վերադառնամ երբ խօսակիցներէս մէկը ինձ կը ներկայացնէ թուական փաստեր, վաւերաթուղթեր։

Ազգային գրողի հարցը, կըսէ անիկա, խորհրդային կառաւորութեան անմիջական ուշադրութեան առարկայ եղող հարցերէն մէկն է։ Հեղինակներու նիւթական դրութիւնը պէտք է ապահովուի որպէսզի անոնք կարենան անկաշկանդ մտքով նուիրուիլ իրենց ստեղծագործական աշխատանքին։ Պէտք է կազմակերպել պաշտպանել նաեւ գրական խմբակցութիւնները որոնք ինքնաքննադատութեան եւ ինքնուսուցման վառ կեդրոններ կը դառնան։ Արդէն կը տեսնենք որ նոր ուժեր կը յայտաբերուին նոյն իսկ նախնական մշակոյթ ունեցող ժողովուրդներու մէջ. պէտք է առաջ քաշել այդ ուժերը, քաջալերել եւ դնել կեանքի ճամբու վրայ։

Որքա՜ն մեծ տարբերութիւն արդէն այս վերջին տարիներուն, կ՚աւելցնէ երկրորդ խօսակիցս. յետամնաց ժողովուրդներու մէջ սովոր չէին գիրք գնել եւ առաջին շրջանին գիրքերը կը հրահարակուէին Պետութեան հաշւոյն։ Այժմ գիրք կարդացողներու թիւը շատցած է մեծ համեմատութեամբ։ Զանգուածները կը խլրտին եւ դուրս կուգան իրենց անշարժութենէն։ Շատ տեղեր սկսած են իրենք իսկ կազմակերպել տպարաններ, ծախքերթ հայթայթելով տեղւոյն վրայ։ Ազգային ինքնուրոյն մշակոյթը մեծապէս կը նպաստէ յետամնաց ժողովուրդներու զարգացման...

Հապա ապազգայնացման վտանգը՜ որու մասին այնքան կը խօսին հակախորհրդային Անդրկովկասեան կուսակցութիւնները արտասահմանի մէջ։

Խօսակցիս շրթներուն վրայ արհամարհական ժպիտ մը կուրուագծուի.

Յետամնաց ժողովուրդներու մէջ ազգային զգացումը թոյլ է, ստիպուած ենք քաջալերել, իրենց հին մշակոյթը վերակենդանացնել...

Նոր թուական փաստեր, վաւերական տեղեկութիւններ։

Երկրորդ խօսակիցս վաւերաթուղթերը կը հաւաքէ եւ լայն շարժում մը կընէ։

Զանգուածները կը հասկնան եւ ընդ առաջ կուգան մեր գործունէութեան...

 

Այո՛, այո՛, անպատճա՛ռ, վերադարձիս երբ կրկին անցնիմ Մոսկուայէն, հաճոյքով կայցելեմ ձեզ եւ եթէ թոյլ կուտաքաւելի հանգամանօրէն կը կատարեմ ուսումնասիրութիւն...

Կը սեղմեմ ձեռքերը այդ երիտասարդներուն, սրտագին շնորհակալութիւն յայտնելով իրենց պատրաստակամութեան եւ ջերմ հիւրընկալութեան համար։

Կիջնամ Ցեկաի սանդուղներէն խռովուած տարօրինակ զգացումով մը։

Խորհրդային Միութեան ներքին էութիւնը ինչպէս բարկ գինի արբեցութիւնով կը լեցնէ ինձ եւ կարծես թէ կը քալեմ երազի մը մէջ։