Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՄԲՈՐԴՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽՕՐԵԱԿԻՆ

Մասնաւոր կարգադրութիւն եղած է իմ մասին, բայց այսու ամենայնիւ պէտք է ներկայանամ Բարիզի խորհրդային հիւպատոսարանը թուղթեր լեցնելու եւ կարգ մը ձեւակերպութիւններ լրացնելու համար։ Հակառակ վերին աստիճանի զգոյշ վարմունքիս, անխուսափելի միջադէպ մը յառաջ կուգայ, հիմնուած թիւրիմացութեան մը վրայ որ այդ պահուն անյարմար կը համարեմ լուսաբանել։

Կը նայիմ չորս կողմս եւ կը դիտեմ պատկերը զարդարող մեծադիր պատկերները անոնց՝ որոնք առաջնորդները եղան ռուսական յեղափոխութեան։ Հաստատութեան խստաշունչ մթնոլորտը, հիւպատոսարանի աւագ պաշտօնեաներէն մէկուն բարձրաձայն սաստումները եւ հարցումներու արագ շարքը, որոնք կարծես պատասխանի կարօտ չեն, սպասման սրահին մէջ նստած մարդոց ոմանց ցաւակցական եւ ոմանց հեգնական ակնարկները ինձ կը ներշնչեն այն զգացումը որ անզօր եւ անպաշտպան, դէմ առ դէմ կանգնած եմ, անյաղթելի անգելքներու։

Մտահոգ բայց ոչ յուսահատ կը դիմեմ բարեկամի մը։ Թիւրիմացութիւնը կը պարզուի նոյն օրն իսկ եւ հետեւեալ առաւօտուն անցագրիս վիզան պատրաստ է, նախ քան իմ հիւպատոսարան հասնիլս։

 

Ուրեմն ամէն ինչ պատրաստ է ճամբորդութեանս համար։ Սանձարձակ ուրախութիւն մը կը տիրապետէ ինձ որ սակայն ազատ չէ կարգ մը կնճիռներէ։ Քիչ չեն մարդիկ որ բաներ կը փսփսան ականջիդ «քու աղէկութեանդ համար»։ Կան եւ ուրիշներ որ հետիդ կը խօսին յուղարկաւորութեան գացող մարդու տխրած նայուածքով, ինչպէս եթէ անխուսափելի վտանգի մը առաջ ըլլայիր։ Քիչ չեն նաեւ անոնք որ մինչեւ դեռ երէկ ստուգութեամբ կը խօսէին եւ որ յանկարծ դառձեր գն են խուսափուկ, երկդիմի... «կրնայ պատահիլ որ ... » եւլն. եւլն։

Ոմանց համար այդ ճամբորդութիւնը կատարելը արտակարգ հերոսութիւն է, ոմանց համար համարժէք՝ անձնասպանութեան։ Եթէ լսեմ բոլոր շշուկներուն եւ «խորհուրդ»ներուն պէտք է առայժմ յետաձգեմ ճամբորդութիւնս. ամէն կողմերէ, անսպասելի անկիւններէ կը հասնին ինձ ազդարարութիւններ, զգուշութեան խորհուրդներ։ Ինչքա՜ն սրտակից եւ ինձ հոգացող բարեկամներ ունեցեր եմ որոնց մասին չէի գիտեր մինչեւ այսօր... ։

Որոշեր եմ ճամբորդութիւնս եւ պիտի կատարեմ, բայց պէտք է ենթարդրել որ իմ մէջ սպրդեր են վարանման տարրեր։ Գիշերը կ’անցունեմ խռովուած եւ հակառակ բոլոր ջանքերուս չեմ յաջողիր տիրապետել անորոշ եւ անձեւ զգացումներու։

Առաւօտուն ցրուիչը ինձ կը բերէ նամակ մը ուր «անկեղծ բարեկամ» մը ինձ կը նախզգուշացնէ եւ խորհուրդ կուտայ առայժմ յետաձգել ճամբորդութիւնս։ Բայց այս վերջին եւ ալ աւելի ազդեցիկ միջամտութիւնը բուռն հակազդեցութիւն յառաջ կը բերէ իմ մէջ... ։ Ճիշդ ուրեմն պիտի կատարեմ ճամբորդութիւնս առանց այլեւ այլի եւ կը տեսնե՛նք... ։ Չէ՞ մի որ իմ նպատակս էր անձամբ տեղեկանալու կացութեան։

Եւ որպէսզի տատանման ոեւէ հնարաւորութիւն չքանայ, կը դիմեմ այն աժանսին ուր պիտի ստանաեմ տոմսակ։ Ամէն ինչ պատրաստ է ուրեմն եւ արդէն մտած եմ ճամբորդի հոգեբանութեան մէջ։

Կը քալեմ ինձ ընտանի փողոցներէն ինչպէս օտարական, կապերս աստիճանաբար կը խզուին հին աշխարհին հետ, տանս մէջ հիւր եմ... արդէն ճամբայ ելած եմ մեկնելէ առաջ. հոգիս անդորր է եւ լինքը՝ ակնկալութիւններով։