Պրոմեթէոս ազատագրուած

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Արուեստի եւ Գիտութեան ակադեմիա. Խորհրդային Միութեան ժողովուրդներու Պետական Կեդրոնական Հրատարակութիւնը. Մանկանց Տունը։

 

Առանց յուզումի չէ որ կը մտնեմ Արուեստի Գիտութեանց Ակադեմիայի շէնքէն ներս, ուր նախագահը, Բրօֆէսէօր Կոկան ինձ ժամադրութիւն նշանակած է։ Ինձ ընկերացող Տիկինը կը բացատրէ թէ այդ շէնքը եղած է մեծահարուստ մասնաւորի մը տունը ուր կուտակուած են եղեր գեղարուեստական մեծ արժէք ունեցող առարկաներ, նկարչական պատկերներ, հին թէ նոր, մարմարակերտ կամ պղնձէ արձաններ, հնութիւններ, հաւաքածոներ եւլն։ Անմիջապէս աչքերս կը դառնան պատերուն որոնք զարդարուծ են մեծարժէք նկարներով, բայց ժամանակ չունինք դանդաղելու. ճիշդ, րոպէ առ րոպէ հասեր ենք նշանակուած ժամին։

Սպասման սրահին մէջ երկու տասնեակ մը մարդիկ կ՚սպասեն եւ մենք մեր կարգին կուզենք տեղ բռնել երբ երիտասարդ մը կուգայ մեզ դիմաւորելու եւ մեր այցեքարտերը կուզէ։ Անմիջապէս մեզ կը հրաւիրեն անցնիլ նախագահի առանձնասենեակը։

Նախագահը ինձ կընդունի եղբայրակցական սիրալիրութեամբ եւ ինձ լսելէ ու նպատակներուս տեղեակ ըլլալէ յետոյ, ինքը անձամբ ինձ կուտայ ընդհանուր տեսութիւն մը, ֆրանսերէն լեզուով, ռուսական նոր գրական շարժումի մասին, հոկտեմբերեան յեղափոխութենէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը։ Ինքը կը խօսի, ես կը նօթագրեմ եւ ամէն րոպէ երախտապարտութեամբ կ՚անդրադառնամ որ այդ բազմազբաղ նախագահը, ինձ համար եւ ինձմով հայ ընթերցողներու համար ամբողջ դասախօսութիւն մը կընէ որ կը տեւէ մէկ ժամէ աւելի։

Որոշ տարիքի, նիհար եւ թխորակ անձնաւորութիւն մըն է բրօֆէսէօր Կոկան, վառ եւ խանդագին աչքերով։ Նուիրական հուրը ոգեւորութիւն կուտայ իր խօսքին։ Երբեմն, երբ կանդրադառնայ որ խմբակցութեան մը կամ գրողներու անուան ծանօթ եմ, կը ժպտի բարեկամաբար։ Եւ ինչքա՜ն մեծ նշանակութիւն կը պարունակէ այդ ժպիտը։ Յեղափոխական Ռուսաստանի նոր կերտուող մշակոյթին ճառագայթման հաւաստիքն է որ այդ բաւականութիւնը կը պատճառէ. նոյն զգացումն է որ զինքը կը մղէ ինձ հարցումներ ուղղելու խորհրդային գիծէն դուրս ապրող հայերու մշակութային կեանքի մասին եւ թէ հոկտեմբերը ի՞նչ անդրադարձում ունեցած է արեւմտահայ նոր գրականութեան վրայ։

Մէկ քանի հապճեպ տեղեկութիւններ զինքը կը հետաքրքրեն. կառաջարկէ ինձ դասախօսութիւն մը ընել արեւմտահայ յետ-հոկտեմբերեան գրականութեան մասին, ֆրանսերէն լեզուով քանի որ ռուսերէն չեմ գիտեր եւ կը խոստանայ ինձ շուտով կազմակերպել եւ ամէն ինչ կարգադրել այդ նպատակով։

Սա կը լինի շատ հետաքրքրական մեզ համար. ի հարկէ կ՚օգտուին միայն ֆրանսերէն գիտցողները, բայց տարակոյս չիկայ որ կ՚ունենանք լիքը սրահ։

Դժբախտաբար չի նախատեսելով այդպիսի առաջարկութիւն ոչ հարկ եղած նիւթերը ունիմ, ոչ ալ բաւականին ժամանակ, պատրաստուելու։ Կը խոստանամ ուրիշ առթիւ կատարել այդ դասախօսութիւնը։

Այս եւ ուրիշ առիթներով կ՚անդրադառնամ թէ ինչքան ջերմ եւ ուշադիր հետաքրքրութիւն կայ դէպ ի մեր ժողովուրդը։ Ակամայ բաղդատութիւններ կը ներկայանան մտքիս եւ այնքան զգացուած եմ որ կը զգամ թէ ձայնս կը դառնայ յուզումնալի։

Յետոյ պահ մը կը խօսինք նաեւ ֆրանսական ժամանակակից գրականութեան վրայ եւ մասնաւորապէս գերիրապաշտ (surréaliste) շարժումի մասին. երբ կը պարզեմ իմ տեսակէտներս, գլխով յաճախ հաւանութեան նշաններ կընէ. յետոյ հակադրելով Եւրոպական գրական նոր հոսանքները յեղափոխական Ռուսաստանի գրական նոր հանգրուաններուն կը յայտարարէ խանդագին համոզումով.

Այլ եւս անցեր ենք այն շրջանէն երբ մեր գրողները իրենց ներշնչումը կստանային միայն յեղափոխական բուռն շարժումներէն. յեղափոխութեան փոթորիկը քանդեց արդէն ինչ որ պէտք էր քանդել եւ այժմ մտեր ենք կառուցման շրջանի մէջ, կը կատարենք սոցիալիսմի կառուցումը։ Մեր գրողները կարտայայտեն այս նոր շրջանի տրամադրութիւնը յեղափոխական րէալիսմով. պէտք է դառնալ իրական եւ առօրեայ կեանքին եւ յեղափոխական ակտ կատարել կեանքի ամենափոքր մանրամասնութիւններու մէջ...

Հրաժեշտ կառնեմ յարգելի բրօֆէսէօր Կոկանէն սրտագին զգացումներով։ Անիկա ինձ կուտայ նաեւ կարգ մը հրաւիրագիրներ զանազան գրական երեկոյթներու համար եւ կը խոստանայ ինձ յարաբերութեան մէջ դնել գրական խմբակցութիւններու հետ։

Մեկնելէ առաջ, կը հրաւիրէ ինձ Ակադեմիոյ բաժանմունքներու մէջ ընել ինձ պէտք եղած բոլոր պրպտումները եւ առհասարակ ինքզինքս զգալ ազատ, ինչպէս իմ տան մէջ։

Զանազան հաստատութիւններու մէջ կատարած այցելութիւններուս ընթացքին ինչպէս եւ անձնաւորութիւններու հետ տեսակցած միջոցիս, անդրադարձեր էի այն մասնաւոր հոգնածութեան, այն ուշադիր վերաբերմունքին որ խորհրդային Միութիւնը ունի դէպ ի Միութեան մաս կազմող ազգութիւններու մշակոյթը։ Հետզհետէ ես ինքս մասնաւոր հետաքրքրութեամբ տեղեկացայ Խորհ. Միութեան որդեգրած վարքագիծին դէպ ի ազգային փոքրամասնութիւններ եւ Միութեան յետամնաց հանրապետութիւնները։ Այս նիւթը առանձին ուսումնասիրութեան արժանի անսպառ նիւթ է։

Մտադրեցի ուրեմն, ապագային աւելի հանգամանօրէն զբաղիլ անով եւ մասնաւոր ուսումնասիրութիւն մը կատարել ճամբորդութիւններ ընելով եւ տեղերու վրայ հաւաքելով նօթեր, վաւերական տեղեկութիւններ, թիւեր եւ այլն։

Այս մտադրութեանս մասին խօսեցայ ընկ. Աբրամեանին որ ինձ առաջարկեց, սպասելով լաւագոյն առիթներու, այցելել Խորհ. Միութեան Ժողովուրդներու Պետական Կեդրոնական հրատարակութիւնը որուն հայկական բաժինին վարիչն է ինքը։

Դուք այնտեղ թիւեր եւ տեղեկութիւններ կը ստանաք, ըսաւ ինձ, փոքրամասնութիւններու օգտին կատարուած հրատարակութիւններու մասին։

Ժամադրութիւն` առաւօտեան ժամը 10-ին։ Հիմնարկը հեռու չէ իմ հիւրանոցէս եւ հաճոյքը ունիմ ինքնիրենս գտնելու թողոցը եւ թիւր հակառակ Աբրամեանի հեգնական ակնարկներուն որ առասպելական գաղափարներ ունի իմ փողոցներու մէջ կորսուելու ընդունակութեանս մասին։ Միամտութիւնը ունեցեր էի իրեն պատմելու որ օր մը մինակս փողոցներու մէջ թափառելով եւ անզգալօրէն հեռանալով, գիշերը ուշ ատեն դժուարութիւն կրեր էի տուն վերադառնալու որովհետեւ... մոռցեր էի հիւրանոցիս ճիշդ անունը։ Այդ օրէն ի վեր ընկ. Աբրամեան, հակառակ իր խիտ զբաղումներուն կը կարգադրէր որ «անպաշտպան չի մնամ»։

Կը բարձրանամ հիմնարկութեան սանդուղներէն եւ քանի մը անգամ մոլորուելէ յետոյ անվերջ նրբանցքներու մէջ վերջապէս կը դիմեմ հայկական բաժինը ուր եւ կը գտնեմ Աբրամեանը։ Այնտեղ կան եւ ուրիշ անձեր։ Աբրամեանի գրասենեակը տեսակ մը ժամադրավայր է զանազան շրջաններէ պաշտօնով Մոսկուա եկող հայերու ուրյետոյ միշտ հաճոյքով կը մտնէի եւ ուրկէ դուրս կուգայի թանկագին տեղեկութիւններով եւ յաճախ նաեւ լուսաբանուած ինձ մութ մնացած կէտերու մասին։ Պիտի ուզէի աւելի յաճախ անցնիլ Աբրամեանի մօտ, բայց խղճահարութիւն կունենայի զինքը ժամավաճառ ընելու։ Ինչքա՜ն խանդով փարած էր իր գործին, ինչքա՜ն հեւ ի հեւ հետեւէր գործերու կատարման... Երբեմն առանձին խումբ կազմած կը խօսակցէինք եկուորներու հետ, բայց ինքը շունչ առնելու ժամանակ չունէր եւ իր մտամփոփ եւ խիստ դէմքը կարտայայտէր լարուածութիւն, շտապ, ինչպէս եթէ ամէն ինչ կախուած ըլլար իրմէ։ Բայց այդ տպաւորութիւնը յաճախ կրած եմ յետագային ուրիշ անձերէ, ուրշ հանգամանքներու մէջ։ Ամէն մէկը կը վարուէր այնպէս ինչպէս եթէ ամէն ինչ կախուած ըլլար իրմէ, առանձնապէս իր աշխատանքէն։ Եւ ահա այդպիսի միլիոնաւոր աշխատաւորներու կուտակուած ջանքն է որ կարելի դարձուցէր է այն հսկայական արդիւնքը որ մեզ կը զարմացնէ երբ հաշւենք որ այդ բոլորը իրականացած է համեմատաբար կարճ ժամանակի մէջ, տասնեակ մը տարիներու ընթացքին։

Բայց այդ առաջին օրը ընկեր Աբրամեանի գործերէն մէկն է ինձ տալ տեղեկութիւններ եւ առաջնորդել զանազան բաժիններ։

Խօսակցութեան ընթացքին անիկա յաճախ իմ զարմացական արտայայտութիւններս կընդհատէ ինձ անդրադարձնելով որ այդ բոլորը շատ պարզ է եւ բնական։ Ամէն ինչ պարզ է իրեն համար։ Խնդիրը այն է որ մարդիկ հասկնան թէ ո՞րն է իրենց իսկական շահը։ Այսպէս ուրեմն. Միութեան կուլտուրապէս յառաջացած ժողովուրդները ծահագրգռուած են որ յետամնաց ժողովուրդները նոյնպէս ենթարկուին մշակոյթի որպէսզի տնտեսական եւ մտաւորական զարգացում ձեռք բերելով ի վիճակի ըլլան իրենց սեպհական շահերը գնահատելու եւ գիտակից կերպով ամրացնեն այն դաշինքը որ աշխատաւոր ժողովուրդները կը կապէ իրարու եւ որոնց միացած ուժը ամէն մէկը կը դարձնէ ամպարտելի ո եւ է ոտնձգութեան դէմ։

Եւ յետոյ ի՜նչ անսահման դեռ անկոխ դաշտեր, այդ ազգութիւններէն ոմանք, որ իրենց մէջ կը պարունակեն թաքուն եւ թարմ ուժեր, թերեւս մարդկութեան յառաջադիմութեան սատարող ապագայ գիտուններ, արդիստներ... ինչո՞ւ չարժեքաւորել այդ բոլորը։ Ձարական րէժիմը իր շահը կը հետապնդէր նոյն իսկ ինքնաբերաբար զարգացման շւղի մէջ մտնող ազգութիւններու մշակութային կեանքը խափանելով, ուրիշները պահպանելով տգիտութեան եւ խաւարի մէջ. Խորհրդային Միութիւնը ընդհակառակը ամէն շահ ունի լուսաւորութիւնը տարածելու, դուրս բերելու նոր արժէքներ, նոր ուժեր։

Այո՛, ամէն ինչ պարզ է եւ յստակ։ Բայց ես եկեր եմ հին աշխարհէն եւ բաղդատութիւններ կը ներկայանան մտքիս. ի՞նչ կայ տարօրինակ երբ այդ պարզ իրողութիւնները իրենց բովանդակութեամբ եւ կատարման ձեւերով զարմանալի կը թուին ինձ... նոր աշխարհ մը կը բացուի իմ առաջ եւ աչքերս շլացած են...

Ընկեր Աբրամեանի քննադատական ակնարկը ինձ ուշադիր կը դարձնէ փաստական տեղեկութիւններու. 1922-ին հաստատուեր է երկու հրատարակչութիւն Ա. Արեւելեան ժողովուրդներուն եւ Բ. Արեւմտեան ժողովուրդներուն համար որոնք կապուած էին Ազգութիւններու Ժողովրդական Կոմիսարիատին։ Խորհրդային Միութեան կազմութենէն յետոյ, 1923-ին, կազմուեցաւ բոլորի մասնակցութեամբ համամիութենական Գործադիր Կոմիտէն ուրկէ բղխող Ազգութիւններու Խորհուրդին կապուած է ժողովուրդներու պետական հրատարակութիւնը. այս վերջինը ուրեմն Ազգութիւններու Խորհուրդին օրականն է։ Որոշ կերպով ներկայացնելու համար այս Հրատարակութեան տարուէ տարի ստացած գործունէութեան թափը, արձանագրենք քանի մը թիւեր։

1922-23 հրատարակուած է 322 գիրք. 1923-24`  626 գիրք. 1924-25` 2201 գիրք. իսկ 1925-26` 2789 գիրք. իւրաքանչիւր գիրքը կը հրատարակուի 3-5000 օրինակ։

Նախ քան միւս բաժինները անցնիլը կը հետաքրքրուիմ հայկական բաժնի գործունէութեամբ։

Հայկական բաժինը մասնաւոր ուշադրութիւն կը դարձնէ հայ աշխատաւոր զանգուածներուն տալու դեքնիքական բովանգակութեամբ գիրքեր, քաղաքական լուրջ գրականութիւն, գեղարուեստական գրականութիւն ինքնուրոյն կամ թարգմանական, հանրագիտական, առողջապահական եւ մանկական գրականութիւն։ Այդ հրատարակութիւնները կը կատարուին նախապէս համաձայնութեամբ Խորհրդային Հայաստանի հետ։ 1924-1925 հայկական բաժինը հրատարակած է 65 հատոր որոնք ամենքն ալ սպառած են գրեթէ, այնքան պահանջը մեծ է եւ տարուէ տարի ընթերցողներու թիւը կը շատնայ։

Կ՚անցնինք ուրիշ բաժիններ եւ կը ստանամ ուրիշ տեղեկութիւններ։

Հիւսիսային Կովկասի ազգութիւններու համար կը կատարուին հրատարակութիւններ Չէրքէզ, Չէչէն, Օսեթին, Ինկուշ եւլն. ժողովուրդներու մայրենի լեզուով։

Ուշադրութիւն կը դարձուի նաեւ Վոլկայի շրջանի Գերման եւ Միութեան մէջ եղող Բոլոնիացի, Լատիշ, Հրեայ, Պուկար, Չեխ ազգային փոքրամասնութեանց մայրենի լեզուով գրականութեան։

Ազրպեջանի բաժնին մէջ մասնաւորապէս կը հետաքրքրուիմ Լատին գիրերու գործածութեան մասին. հակառակ կրօնական եւ ազգային նկատումներու, ժողովրդական մեծ շարժում կայ դէպ ի լատինական տառերը որ մեծապէս կը դիւրացնէ անգրագիտութեան վերացումը. նախապէս փորձ եղեր է պարզացնելու արաբական տառերը բայց այդ միջոցը անբաւական էր եւ լատինական տառերու որդեգրումը կատարուած է Ազրպեջանի յառաջացած աշխատաւորութեան ցանկութեամբ, հարկադրիչ պահանջէ մղուած, արագ եւ դիւրին միջոցով ընդհանրացնելու լուսաւորութիւնը։

Խորհրդային Միութեան Ժողովուրդներու Կեդրոնական Հրատարակութիւնը լոյս կընծայէ ուրեմն գիտական, գրական, կրթական, քաղլուսվարական, գիտական ընդհանրացումի գիրքեր 42 ազգութեանց լեզուներով։ Ասոնց մէջ կան ազգեր, որոնց անունը հազիւ լսած ենք, ինչպէս Կոմի Զրեանի, Մարի, Եակուդ, Պաշկիր, Մորտվա եւլն։

Այս ժողովուրներէն ոմանք գիր չունին եւ հետեւաբար որբէք գիրք չեն ունեցած։ Միութիւնը իր համապատասխան հիմնարկներու միջոցաւ կուսումնասիրէ հարցը եւ խօսակցութեան լեզուի հնչակութեան համեմատ գիրեր կորոշէ եւ առաջին այբենարանները կը հրատարակէ լատինական տառերով։ Դիւրին է երեւակայել որ անգրագիտութեան վերացման հարցը այս պայմաններու մէջ ի՜նչ հսկայական եւ բարդ հարց մըն է Խորհրդային Միութեան համար։ Տգիտութեան դէմ պայքարը խօսք մը չէ այլ շատ կնճռոտ իրականութիւն մը։

Այս բազմատեսակ ժողովուրդներու մէջ կան որ ունեցած են անցեալ. նոյն իսկ երբեմն շքեղ անցեալ եւ իրենց ազգային մշակոյթը, բայց այսօր այդ ժողովուրդները անգիտակից են իրենց սեպհական մշակութային հարստութեան, ինկած են յետին տգիտութեան մէջ եւ հեռաւոր յիշողութիւնն իսկ չունին այդ մասին, ինչպէս Իւզպէքները, Թիւրքմէնները, Եակուպիները եւ այլն։ Շատ տեղեր նոյն իսկ ազգային զգացում չունին։ Հարկ կըլլայ արթնացնել եւ քաջալերել այդ զգացումը որպէսզի յետամնաց ժողովուրդները անդրադառնան ինքզինքնուն, հաւաքական ինքնութեան զգացումը ստանան։

Դեռ կանցնինք ուրիշ եւ ուրիշ բաժիններ... ։ Ամէն մէկ պաշտօնեայ այնքան ոգեւորուած է իր գործեվ որ անպատճառ կուզէ տեղեկացնել ամէն բանի. քանի՜ անգամներ ո եւ է թիւ ճշդելու համար դարաններէ դուրս կուգան ծանր մատեաններ, քանի՜ անգամներ բաժնի վարիչը կը թղթատէ դէգերով թուղթ որ եւ է փաստաթուղթ գտնելու, որ եւ է տեղեկութիւն ճշդելու համար։ Ի՜նչ նախանձախնդրութեամբ եւ ճշդութեամբ պատասխանելու հարցերուն, այլ եւ բան չի մոռնալու, ամէն ինչ բացատրելու հանգամանօրէն։

Ինչ որ կը յուսայի ստանալ այդքան քիչ ժամանակի մէջ, գործին ընդհանուր գիծերու մասին տեղեկութիւններ էին, բայց ահա նօթերս կը կուտակուին եւ հետզհետէ կը բեռնաւորուիմ տեղեկութիւններով, հրատարակութիւններով, որ իբր նմոյշ ինձ կուտան։ Բայց այդ թանկագին նիւթերէն դուրս աւելի թանկագին բանի մը կը համոզուիմ եւ այդ համոզումս որ ստացայ Խ. Մ. Ժ. Պ. Հրատարակչութեան գրասենեակներուն մէջ այլ եւս անխախտ համոզում է եւ որուն հաստատութիւն պիտի յետագային լսածներս եւ տեսածներս։ Այդ այն է որ հաւաքական գործի լծուած մարդիկ որ հասարակական շահ մը կը հետապնդեն, շատ աւելի ներուժ ոգեւորութեամբ կպած են իրենց գործին քան թէ այն մարդիկ որ անհատական շահերով է որ կը ղեկավարուին։ Քանի՜ քանի՜ անգամներ, հին աշխարտի մէջ, լսած եմ այն առարկութիւնը թէ մարդկային բնաւորութեան մէջ չէ հետեւողական ոգեւորութեամբ զբաղիլ եւ հետաքրքրուիլ գործով մը երբ անձնական շահ չի կայ ծայրը եւ հետեւաբար...

Այս առարկութիւնը կը յիշեմ ճիշդ այն րոպէին երբ խարտիշահեր ռուս մը իր կապոյտ աչքերը լոյսով վառած էինձ կը խօսի Եագուպիներու մասին... եւ ինչքան նիհար է ու տժգոյն, կարծես հիւծուած սպառիչ յոգնութենէ, ու աչքերս ակամայ կը տեսնեն նաեւ իր հագուստ կապուստին աւելի քան համեստութիւնը... բայց նաեւ ի՜նչ շքեղութիւն այդ անձնուրաց եռանդը, այդ անշէջ հուրը որ համոզիչ ջերմութիւն կուտայ իր շրթներուն եւ պայծառութեամբ կը վառէ իր երկնագոյն աչքերը...

Նրբանցքին մէջ կուզեմ սրտազեղ բառ մը ըսել ընկեր Աբրահամեանին իմ գոհունակութիւնս եւ շնորհակալութիւնս յայտնելու համար, բայց անիկա հապճեպ հրաժեշտ կառնէ ինձմէ եւ կը դիմէ իր բաժինը ուր գործերը կուտակուած պէտք է ըլլան։

 

Հակառակ տեղատարափ անձրեւին, կորոշենք չի յետաձգելմեր այցելութիւնը Մանկանց Տունը, որու համար ժամադրութիւն տուեր ենք Ամերիկացի նկարչուհին, Շուետացի մանկավարդ մը, Գերմանացի օրագրող մը եւ ես։ Վոկսի հիւրասենեակին մէջ հաւաքուած՝ կը պատրաստուինք մեկնելու։ Մեզ պիտի ընկերանայ անգլիախօս առաջնորդ մը, որովհետեւ այդ երեք օտարականներն ալ անգլիերէն գիտեն։ Վերջի պահուն Վոկսի ընդհանուր քարտուղարը պատահմամբ տեղեկանալով որ ես անգլիերէն լեզուին ծանօթ չեմ, մերխումբին կը միացնէ ֆրանսախօս երիտասարդ մը։

Հովանոցները կը բանանք եւ ճամբայ կ՚ելլենք. հանրակառք պիտի վերցնենք մօտակայ կայանէ մը։

Շուետացին եւ Ամերիկացին սրունքները կը բանան եւ կը յառաջանան. անգլիախօս առաջնորդը կը ճգնի իրենց հասնիլ. ես եւ Գերմանացին, հակառակ մեր արագ քայլերուն ետեւ կը մնանք. ինձ ընկերացող ֆրանսախօս երիտասարդը կը քալէ մեր կողքին. յետոյ քիչ մը կը բացուի։

Քանի՞ օր է որ այստեղ էք, կը հարցնէ ինձ օրագրողը.

Հազիւ չորս օր է.

Ի՜նչպէս... չորս օր միա՜յն... եւ կարծես ամէն բանի ընտանի էք...

Այո՛, տարօրինակ կերպով ընտանի եւ հարազատ կզգամ այս միջավայրը... իսկ դո՞ւք։

Գերմանացի օրագրողը Մոսկուա է երեք շաբաթէ ի վեր. այցելեր է գործարանները, բանուորական բնակարանները, ուղղիչ տուները (բանտ), հանրակացարանները եւ մասնաւորապէս հետաքրքրուեր է ֆիզիկ կուլտուրայով։ Իմ բոլոր հարցումներուս կը պատասխանէ բացագանչութիւններով.

Զարմանալի՜... տարօրինա՜կ... ապշեցուցի՜չ...

Տեսակ մը զուսպ յուզմունք կայ իր մէջ եւ նաեւ վերապահութիւն. թերեւս ֆրանսերէն լեզուի անվարժութիւնն է որ զինքը կը դարձնէ զգոյշ, չի գործածելու համար որ եւ է անյարմար սահմանում իր տպաւորութիւնները որակելու համար։

Պահ մը կը քալենք անխօս։

Անձրեւը միշտ կը տեղայ բայց աւելի մեղմութեամբ տեսակ մը խոնաւ մշուշկը ծփայ մթնոլորտին մէջ. ամպամած երկնքի ծանրութեան տակ, տեղ, տեղ, կը յայտնուի քաղաքի մէկ հեռանկարը. ոսկեզոծ գմբէթներ, հանգուցաւոր աշտարակներ եւ այդ գունագեղ նրբերանգներով գունտերը, որոնց վրայ հակառակ մաղուող անձրեւին արեւի ժլատ ճաճանչներ կիյնան, կը բոցավառին եւ կը մարին։

Ամէն պարագային, կըսեմ, լռութիւնը խզելով, ամէն ինչ վերին աստիճանի հետաքրքրական է։

Հետաքրքրակա՞ն... կ՚ընդմիջէ խօսակիցս, c՚est renversant... absolument renversant! (շշմեցուցիչ, կատարելապէս շշմեցուցիչ)։

Թերեւս, կ՚ըսեմ վարանելով, բաւականին նախապատրաստուած չենք ամէն ինչ ըմբռնելու համար իր ճիշդ տարողութեամբ։

Գբերմանացի օրագրողը խուսափուկ ակնարկ մը կ՚ուղղէ իմ կողմս. իր սեւ աչքերը աւելի կը մթնան եւ դէմքը կը դառնայ կնճռոտ։

Շատ ենք բեռնաւորուած, կը մրմնջէ հազիւ լսելի ձայնով։

Կը կարծեմ հասկնալ իր միտքը եւ կըսեմ.

Այո՛, այսքան հիմնովին տարբեր իրաց վիճակ մը դիմաւորելու համար, պէտք է նախ մոռնալ ինչ որ գիտենք, յետ սովորել մտքի ունակութիւններ, դատողութեան որոշ չափեր... ազատագրուիլ...

Գերմանացին կանգ կառնէ եւ իր խոր ու թափանցող նայուածքը կը սեւեռէ աչքերուս. տեսակ մը տանջալի արտայայտութիւն կայ իր դէմքին վրայ որուն նշանակութիւնը չեմ կրնար ըմբռնել։ Բայց այդ բոլորը կը տեւէ ակնթարթ մը եւ անիկա կրկին կը մտնէ իր վերապահութեան մէջ։

Բայց այդ օրէն յետոյ, սակայն, յաճախ կը պատահիմ իրեն. կուգայ այն նոյն ճաշարանը ուր ես կը ճաշեմ, երբեմն ալ հիւրանոցիս հասարակաց սրահը. ամէն անգամ ինձ կը մօտենայ ինչպէս հին ծանօթ, կը խօսի իր տեսակցութիւններուն եւ կատարած ուսումնասիրութիւններուն մասին, գրչակիցի անսեթեւեթ պարզութեամբ։ Հաճոյակատար փութկոտութեամբ ինձ կը հաղորդէ իր նօթերը որոնց փոխարէն ես ինքս կուտամ իմ քաղած նօթերէս։ Ռուսական արդի գրականութեան մասին խմբագրած յօդուածս կ՚ընդօրինակէ բառացի կերպով ինչպէս եւ նօթեր ազգային փոքրամասնութեանց վերաբերեալ։ Բայց այլ եւս ոչ մէկ խորհրդածութիւն՝ ոչ մէկ դատողութիւն. Մոսկուայէն մեկնելէս օր մը առաջ միայն, երբ կը յայտնեմ թէ պիտի երթամ Անդրկովկաս, իր սովորաբար տժգոյն դէմքը կը գունաւորուի եւ ինձ կը յայտնէ որ ինքը եղեր է Վրաստան, Գերմանական գրաւման օրերուն։

Իբր օրագրո՞ղ...

Ուղղակի չի պատասխաներ, բայց ալ աւելի շառագունելով կը կրկնէ.

Պանծալի չէր ... ա՜հ ոչ պանծալի չէր... (Ce n՚était pas glorieux... Ah non, ce n՚était pas glorieux!)

Եւ ինձ կը հաւաստիացնէ որ այժմ ամէն ինչ փոխւած պիտի գտնեմ, հիմնովին փոխուած...

 

Հանրակառքը մեզ կը տանի Մոսկուայի բազմամբոխ փողոցներէն, հեռու հեռու... Շուետացին ամբողջովին գրաւեր է անգլիախօս առաջնորդը եւ անվերջ հարցեր կուղղէ եւ կը նօթագրէ։ Ամերիկուհին դժգոհ է որովհետեւ ինքն ալ պատրաստ է նօթագրելու բայց իր նօթատետրին էջերը ճերմակ կը նման. իրեն կը յանձնեմ իմ առաջնորդս, որովհետեւ այդ պահուն կը նախընտրեմ շուրջս նայիլ եւ վստահիլ իմ տեսողական տպաւորութիւններուս։ Մոսկուայի թաղերը իրենց այլազան երեւոյթներով կը յայտնուին յաջորդաբար։ Կոոբերատիվներու ցուցափեղկերը ճոխ եւ բազմատեսակ ապրանքներով, ուշադրութիւն կը գրաւեն. ամէն ինչ հետաքրքրական է եւ երբեմն անսպասելի. ահա հին կարգերէն մնացած մուրացիկը որ ծունկի կուգայ մայթին վրայ, ճակատը կը դնէ սալայատակին եւ պահ մը կը մնայ այդպէս գետնամած... յետոյ կը կանգնի, քանի մը քայլ կառնէ ու կրկին կը ծնրադրէ. տարեց կիներ, գլուխնին ծածկած թաշկինակով, ողորմութիւն կուտան ու կանցնին. մէկը կը խաչակնքէ. երիտասարդներ եւ երիտասարդուհիներ աշխոյժ քայլերով կանցնին կերթան անուշադիր... Բայց ահա հասեր ենք ու կիջնանք հանրակառքէն։

Դեռ կը քալենք բաւական մինչեւ կը հասնինք Մանկանց Տունը որ նախկին վանք մըն է, այժմ վերածուած մանկանոցի։ Վանքը իր նոր գործածութեան յարմարցնելու համար նորոգութեան ենթարկուած է եւ դեռ կան անաւարտ մասեր. կապոյտ դեղին մոզաիկներով դրուագուած գմբէթներու կողքին նորաշէն տանիքները տարօրինակ հակադրութիւն կը կազմեն։ Բակը խճողուած է շինուածանիւթերով եւ թանձր ցեխը կը դժուարացնէ մեր քայլերը. աչքերս սեւեռած գետնին կը յառաջանամ խումբին հետ եւ ամէն քայլիս գետնի ցեխին մէջ կը նշմարեմ դեղին ու կապոյտ յաճխապակիի փշուրներ։

Մանկանց Տունը տիպար հաստատութիւն է որուն մանկավարժական եւ ուղղիչ փորձարկութիւններուն արդիւնքները կը կիրառկուին նմանօրինակ ուրիշ հաստատութիւններու մէջ։

Խորհրդային կառավարութիւնը որոշած է հաշուեյարդարի ենթարկել անապաստան երախաներու հարցը, աստիճանաբար հաւաքելով այդ անտէր երախաները փողոցներէն ուր թողուած իրենց բաղդին, կը դառնան ապասոցիալ տարրեր։ Այդ երախաները արդիւնք են պատերազմի, քաղաքացիական կռիւներու, բայց մանաւանդ սովին, որ ամբողջ շրջաններ մատներ է դեռ մօտ անցեալի մէջ, ահաւոր թշուառութեան եւ աղէտի։ Հազիւ մտեր ենք գրասենեակ, երբ հարթապահ քարտուղարը կերթայ լուր տալու որ հիւրեր եկած են. մեր այցելութիւնը անակնկալ է եւ մենք կը մտնենք Մանկանց Տունը այնպիսի ժամու մը որ ոչինչ ունի տօնական։ Երեք կիներ կուգան գրասենեակ եւ մեզ կը բարեւեն ու բարի գալուստ կը մաղթեն։ Կիներէն մէկը ուշադրութիւնս կը գրաւէ. նիհար, տժգոյն մանրուկ կազմուածքով. նշաձեւ աչքերուն մէջ սեւ եւ լայն բիբերուն հանդարտ նայուածքը երբեմն կանգ կառնէ սեւեռակէտին վրայ եւ իրեն կուտայ մտախոհ մէկու մը երեւոյթը. սեւ մազեր, բնականէն գանգուր՝ կը տամկանան քունքերուն վրայ. լիքը շրթները գունատ են եւ երբ կը ժպտի, լինտերուն տժգունութիւնը կը յայտնէ սակաւարիւնութիւն։ Չի գիտեմ ինչ մասնաւոր բան մը ունի որ զինքը կը տարբերակէ իր ընկերակիցներէն, որոնք հուժկու, լիքը կազմուածքով կիներ են, ճերմակ մորթով, խարտեաշ կապոյտ աչքերով։ Անիկա հագուած է գրեթէ մաշուած եւ գունաթափ հագուստ եւ կօշիկները՜...

Շուետացին անընդհատ իր նօթատետրին էջերը կը սեւցնէ եւ իմ թարգմանս ինձ կը դառնայ մեզ ընդունողներու, որոնք զանազան բաժիններու վարիչներ են, քաղաքավարական խօսքերը թարգմանելու. բայց իմ ուշադրութիւնս այդ նշաձեւ աչքերուն է կեդրոնացած եւ ահա յանկարծ միտք մը կը յղանամ եւ ուղղակի կը դիմեմ իրեն.

Հա՞յ էք...

Այո՛... դո՞ւք էլ...

Ամէնքը կը զարմանան այս զուգադիպութեան վրայ. կը ճամբեմ իմ թարգմանս որուն այլեւս պէտք չունիմ եւ ընկեր Օ. . . ի հետ կը կատարեմ իմ այցելութիւնս Մանկանց Տան մէջ։

Ընկեր Օ. . . Ձարական րէժիմի օրերուն ձերբակալուեր է իբր յեղափոխական։ Բանուորական շրջաններու մէջ գաղտնի գործունէութեան յանցանքով դատապարտուեր է աքսորի եւ ղրկուեր է Սիպերիա։ Մնացեր է աքսորավայր տարիներ ու տարիներ, խզուած իր ընկերներէն, կտրուած ամէն բանէ։ Ձարական րէժիմի տապալումէն յետոյ վերադարձեր է Ռուսաստան ուր եւ անձամբ մասնակցեր է յեղափոխական բուռն պայքարին բալշեւիկներու կողքին։ Երկու տարի է ի վեր յանձներ են իրեն պաշտօն Մանկանց Տան մէջ ուր կատարեալ նուիրումով կը զբաղի անապաստան երախաներու վերամշակութեան գործով իբր նախկին փորձ մանկավարժուհի։ Իր քանի մը տուած բացատրութիւնները որոնք խլեցի իր շրթներէն լուսաբանեցին ինձ իր անձնական չքաւորութեան մասին. կստանայ բաւականին ռոճիկ, բայց...

Այնքա՛ն դեռ թշուառութիւն կայ մեր ընկերների շրջանում, երբ մանաւանդ բեռնաւորուած են ընտանիքով, երախաներով...

Ինչքա՜ն պիտի ուզէր երթալ աւելի մեղմ կլիմայով տեղ, թոքերը թոյլ են, աքսորի կեանքը եղեր է սպառիչ. ինքը բնիկ Կովկասցի է, այնտեղ ունի ազգականներ, բայց եւ այնքա՜ն գործ կայ կատարելիք այստեղ... եւ յետոյ, այստեղ թէ այնտեղ... միեւ նոյնը չէ՞...

-----------

Մանկանց Տունը կը պատսպարէ 600 երկսեռ երախայ, (300 աղջիկ, 300 մանչ)։ Բաժանումները կը կատարուին ոչ ըստ սեռի այլ ըստ տարիքի. պատսպարեալներուն մէջ կան 3էն մինչեւ 18 տարեկան պատանիներ։ 3էն 9 տարեկան երախաներէ կազմուած է մանկապարտէզ մը ուր խաղի, երգի եւ մարմնամարզի մեծ տեղ կը տրուի, ուր ջանք կըլլայ երախաներու հետաքրքրութիւնը արթնցնել իրենց շրջապատի մէջ գտնուող իրերով եւ դէմքերով եւ տալ նախնական գիտելիքներ առանց ուսումնական որոշ ծրագրի, (հետեւելով երախաներու ինքնաբուխ հետաքրքրութեան եւնախաձեռնութեան)։

9 տարեկանէն վեր երախաները իրենց ցոյց տւած նախասիրութիւններուն համեմատ կը վարժուին տեքնիքական եւ գիւղատնտեսական գործնական եւ մասամբ տեսական ուսմունքի. որ եւ է կրթութեան բացարձակապէս անընդունակ երախաները (յամառ փորձերէ յետոյ միայն) կը ղրկուին համապատասխան մանկանց տուներ։

Բոլոր երախաները անխտիր փողոցէն հաւաքուած անչափահասներ են, անհայր, անմայր որբեր. մեծ դժուարութիւն կը ներկայացնեն մեծերը որոնք իրենց դժբաղդ եւ տարուբեր կեանքի ընթացքին ստացած են յոռի սովորութիւններ եւ գրեթէ արմատացած ունակութիւններ. հաստատութեան ղեկավարները Կոստրէֆ եւ Էտինդով որ պահ մը կընկերանան մեզ, կը բացատրեն թէ ինչպէս շնորհիւ մարմնական աշխատութեան եւ որոշ րէժիմի յաջողած են ուղղել անուղղայ համարուած պատանիներ. մեզ կառաջնորդեն աշխատանոց մը ուր պողպատով կաշխատին խումբ մը պատանիներ վերին աստիճանի եռանդով. անոնցսէ երկուքը որ այժմ դարձած են խղճամիտ աշխատաւոր որոնք նոյն իսկ կը հսկեն նորեկներու վրայ, կը սովորեցնեն եւ աշխատանոցին կարգապահութեան հոգ կը տանին, եղեր են ամենէն արատաւորներէն։

Խումբ մը երախաներ բաց օդին կ՚զբաղին ֆիզիքական կուլտուրայի մարզանքներով. նրբանցքէ մը անցած միջոցնուս կանգ կառնենք պատուհաններու առաջ եւ կըդիտենք. մարզիչները նոյնպէս անապաստան երախաներ են որոնք տարի մը սթաժ ունին արդէն Մանկանց տան մէջ. երեւոյթը տարօրինակ է. երախաները մաքուր հագուած, խնամքով սանտրուած, կը թուին բարեկիրթ պատանիներ. ի՜նչ տարբերութիւն այն երախաներէն որ դեռ փողոցներն են. դէմքերը հանդարտ են եւ մանկունակ. այն կանխահաս կնճռոթեամբ դէմքերը, անհանգիստ աչքերը որոնք այնքան տաժանելի տպաւորութիւն կը թողուն փողոցներուն մէջ անցորդին վրայ, անհետացած են այստեղ։ Մարզիչին դիտողութիւններուն անսալով երախայ մը կուղղէ իր շարժումը եւ յաջողելով ստանալ հարկ եղած կեցուածքը կը ժպտի գոհունակութեամբ։

Կանցնինք սղոցարանը ուր կը մնանք բաւականին երկար եւ հետաքրքրութեամբ կը հետեւինք աշխատութեան մէթոտներուն։ Այստեղ կը կիրարկեն Աշխատութեան Կեդրոնական Էնսթիթիւի տեսութիւնները եւ փորձարկութիւնները. արդիւնքները որ կստանան կարձանագրեն որպէսզի պարբերաբար կարենան հակակշիռ մը կազմել իրականացումներու մասին եւ զեղջել այն ինչ որ ապացուցուած է անյարմար։

Պիվլիքով, որ սրահին ղեկավարն է, մեզ կը բացատրէ մանրամասն, բանին էութիւնը։ Ֆիզիքական աշխատութիւնը պէտք է դառնայ հաճելի մարզանք մը, տեսակ մը սբոռ. այդ արդիւնքին հասնելու համար ոչ միայն պէտք է ապահովել աշխատութեան վայրին բարեհարմարութիւնները լոյս, ջերմութիւն, լայն տեղ եւ այլն, ինչպէս եւ աշխատաւորին հագուստի յարմարութիւնը այլ եւ կանոնաւորել աշխատութիւնը ընդհատելով պարտադրիչ եւ որոշ հանգիստներով։ Ասոնցմէ զատ մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւններ կատարելով Աշխատութեան Պետական Էնսթիթիւի մէջ կը յաջողին զեղջել բոլոր անօգուտ շարժումները որոնք մկանունքային աւելորդ յոգնութիւն յառաջ կը բերեն եւ ի զուր սպառում. երբ աշխատութեան այդ րէժիմը կը փորձուի չափահաս աշխատաւորներու վրայ, որոշ դժուարութիւնները կը ներկայանան որովհետեւ ստացւած սովորութիւնները արմատացած են եւ աշխատաւորը անգիտակցաբար վերստին կը կատարէ, գործի տաք եռանդին մէջ, անօգուտ եւ կողմնակի շարժումներ։ Երախաներու հետ շատ աւելի ստոյգ եւ տեւական արդիւնք ձեռխ կը բերուի, եւ համեմատաբար՝ կարճ ժամանակի մէջ։ Ամէն աշխատութիւն իր րիթմը ունի. պէտք է որ այդ ռիթմը դառնայ այնքան ընտանի որ վերածուի տեսակ մը սովորութեան։ Երբ մարմինը մարզուած է աշխատանքի այդ րիթմին, ֆիզիքական յոգնութիւնը կը դառնայ աննկատելի եւ բանւորին արտադրողական կարողութիւնը կը բազմապատկուի այն համեմատութեամբ որ ֆիզիքական յոգնութիւնը կը վերածուի նուազագոյն չափի։

Ընդարձակ եւ լուսաւոր սղոցարանին մէկ կողմը գործասեղանները շարքով կերկարին մէկ ծայրէն միւսը որոշ եւ հաշուած հեռաւորութիւններով. երախաները 10-12 տարեկան կանգնած են իրենց տեղերը, սղոցները ձեռքը. գործասեղաններու վրայ զետեղուած են տախտակներ նախապէս սղոցուած. որովհետեւ այդտեղ խնդիրը այն է որ երեխաները կատարեն սղոցելու համար հարկ եղած րասիօնալ շարժումներուն մարզանքը։ Ղեկավարը մեզ կը յայտնէ որ երախաները արդէն ֆիզկուլտուրայի միջոցին ըրած են նախապատրաստական նոյն մարզանքները որ անհրաժեշտ են իրենց մարմինները ճկունցնելու եւ մէջքի եւ բազուկի որոշ եւ արագ շարժումներու մարզուելու համար։

Մարզիչի նշանին վրայ բոլոր երախաները կատարեալ ներդաշնակութեամբ եւ րիթմիկ շարժումներով սղոցը կը տարուբերեն տախտակներու ճեղքին մէջ. մէ՛կ, երկո՛ւ, երե՛ք... մէ՛կ, երկո՛ւ, երե՛ք... Երբ մարզիչը կարագացնէ, շարժումները կարագանան յետոյ նոյն կարգով կը դանդաղին... Տեսակ մը հաւաքական րիթմ յառաջ կուգայ, ամբողջ սրահը կարծես մէկ մարմին է, բազմաթիւ բազուկները կերթան կուգան ինչպէս մէկ բազուկ...

Աշխատութիւնը կը տեւէ 5 րոպէ ուրկէ յետոյ 2 րոպէ դադար եւ այդպէս շարունակաբար. մարզիչը որ կը ղեկավարէ աշխատութիւնը կարծես նուագախումբի շէֆ մըն է... աշխատութեան րիթմը կը տիրապետէ միջոցին, անլսելի համանուագ մը անօրինակ երաժշտութեամբ կը համակէ մեզ... եթէ ինքզինքնիս չի զսպենք մենք ալ պիտի շարժինք նոյն րիթմական շարժումով...

Կսթափինք մեր զարմացական ուշադրութենէն, եւ դուրս կուգանք արհեստանոցէն ուր մարզանքը կը շարունակուի. մէկ, երկու, երեք... մէկ, երկու, երեք...

Ղեկավարը մեզ կը յայտնէ որ այդ շրջանէն անցնելէ յետոյ երախաները կը սովրին, միշտ րիթմական շարժումներով, կտրել իրապէս տախտակներ եւ յետոյ ուրիշ սրահներու մէջ կը պատրաստեն կարասիներ եւ այլն։ Այդ աշխատանոցներու երախաները այժմ զբաղած են դասարանները, ընդհանուր ուսմունքի։

Անոնք որ նախնական կրթութիւն ունին կաշխատին արհեստանոցներու մէջ օրական չորս ժամ. իսկ անոնք որ դեռ չեն լրացուցած, օրական երկուքուկէս ժամ միայն. վարժ աշխատողներու համար աշխատութիւնը բաժնուած է հետեւեալ կերպով. 45 րոպէ աշխատութիւն 15 րոպէ դադար. իսկ բոլորովին նոր սկսողները՝ 1 րոպէ մարզանք, 1 րոպէ դադար. մեր տեսած երախաները բաւականին մարզուած էին եւ կրնային 5 րոպէ անընդհատ մարզանք կատարել 2 րոպէ դադարով։

Այն երախաները (մեծերը) որ կը կատարեն արդէն արդիւնաւոր աշխատութիւն, կստանան վարձատրութիւն։

Ղեկավարը մեզ կը յանձնէ ուրիշ անձի մը եւ կ՚առաջնորդուինք կարի արհեստնաոցը. Շուետացին եւ Ամերիկուհին վէճի բռնուած են.

Լա՛ւ, բայց ի՞նչ կընէք անհատական նախաձեռնութիւնը... ըսէ՛ք կը խնդրեմ, միթէ չե՞նք սպաններ անհատական նախաձեռնութիւնը. . . Շուետացին անայլայլ կը նայի յուզւած Ամերիկուհիին։ Կողքիս, ծանրակշիռ եւ մտամփոփ՝ կը քալէ Գերմանացին. ինձ կը թուի որ անուշադիր է. բայց յանկարծ անսպասելի պոռթկումով կը միջամտէ. կըխօսի անգլիերէն եւ որոշ չեմ հասկնար բայց կըմբռնեմ որ մեղադրանք մը կը շպրտէ Ամերիկուհիին երեսին։

Ամերիկուհին կակաչի պէս կարմրած է եւ այնքան յուզուած որ համր կը մնայ. Գերմանացին ինձ կըսէ ցած ձայնով...

Եւ դեռ կը համարձակին... երբ իրենց երկրին մէջ...

Յետոյ տարտամ շարժում մը կընէ կարծես կիսատ խօսքը ամբողջացնելու համար։

Բարեբաղդաբար մտեր ենք կարի արհեստանոցը. պատանուհիներ ընդ առաջ կուգան մեզ, կառաջնորդեն աշխատանոցները. մաս մը աղջիկներ կը սովորին, ուրիշներ արդէն կը կատարեն դուրսէն ստացուած պատւէրներ. ելեկտրաշարժ կարի մեքենաներ անշշուկ կը կարեն. ընդարձակ սեղանի մը վրայ կը կտրեն աշխատութեան վերնաշապիկներ, որոշ մէթոտով. այստեղ եւս կայ ստացուած րիթմ մը. աւելի մեղմ, աւելի դանդաղ եւ որը երբեմն կարծես կընդհատուի մեներգներով։

Յետոյ կանցնինք կազմատունը, դարբնոցը եւ ուրիշ աշխատանոցներ։ Բոլոր սրահներուն պատերը կը կրեն յեղափոխութեան ղեկավարներու պատկերները եւ միշտ ամէն տեղ, սրահին ճակատին՝ Լենինի պատկերը որ կարծես կը նախագահէ աշխատութիւններուն երբեմն խոժոռ, երբեմն պահանջկոտ, երբեմն պատգամախօս. ու այսու ամենայնիւ ժպիտ մը կայ, աննշմարելի ժպիտ մը՝ այդ պատմական մեծ առաջնորդի դէմքին վրայ... Ժպիտ մը որ թերեւս իր պատկերներուն վրայ չի կայ բայց որ մեր աչքերը կը տեսնան երբ թուխ ու խարտեաշ պատանիներու գլուխներէն կը բարձրանան դէպ ի այդ դէմքը որ իր ներկայի փոթորկալի օրերուն այնքան հաստատ համոզումով, այնքան պայծառութեամբ տեսեր էր ապագան։ Պատերուն վրայ կան նեւ վերտառութիւններ որոնց բոլորին թարգմանութիւնները անգլիախօս առաջնորդը հարկադրուած է ընել Շուետացիին նօթագրութիւններուն համար։ Ընկեր Օ... որ միշտ ինձ կընկերանայ կը թարգմանէ կազմատան սրահին մէկ արձանագրութիւնը.

«Գիրքը միտքի պահարանն է»։

Կանցնինք ննջարանները, մաքուր, համեստ բայց յարմար անկողիններով, ճերմակ սաւաններով . . . եւ թո՛ղ ճամբաներու եւ փողոցներու մէջ խոշտանգուած խեղճ երախաներուն, անդամները հանգստանան այդ անկողիններու մէջ կը մտնենք վանքի մատուռը որ վերածուած է հաւաքատեղիի, ուր տեղի կունենան դիւպամատչելի դասախօսութիւններ, ներկայացումներ, գրական եւ երաժշտական երեկոյթներ։Մէկ բաժինէն միւսը անցած ընկ. Օ... կուտայ ինձ լրացուցիչ տեղեկութիւններ. ըստ նախատեսուած ծրագրի շուտով, բոլոր անապաստան երախաները պիտի պատսպարուին եւ այդ ցաւոտ հարցը կը լուծուի. այդ պէտք է ընել ոչ միայն ներկայի այլ եւ ապագայի համար... ի՜նչ կը դառնան այդ երախաները երբ մեծնան այդպէս, անպաշտպան եւ ենթակայ ամէն կարգի մոլութիւններու... Ոչ միայն Միութեան սահմաններու մէջ եղող անապաստան երախաները կը հաւաքուին այլ եւ ետ կը վերադառնան անոնք որ տարուած են ուրիշերկիրներ։ Այդպէս սովի օրերուն, Չեխ կառավարութիւնը վերցուցեր էր 250 երախայ, այժմ մաս մաս կը վերադառնան։

Երախաները կը մնան Մանկանց Տունը մէկ կամ երկու տարի եւ մշակման եւ կամ վերամշակման ենթարկուելէ յետոյ երբ կը դառնան բնականոն երախաներ, կը ղրկուին ուրիշ դպրոցներ եւ հաստատութիւններ։ Երբեմն կարելի կըլլայ 6 ամիս յետոյ դուրս բերել Մանկանց Տունէն, նայելով երախային առանձին յատկութիւններուն եւ վերամշակման արագ արդիւնքին։ Այդ երախաներէն ստուար մաս մը կերթայ գիղատնտեսական գաղութները որոնք կը գտնուին քաղաքէն դուրս։

Մանկանց Տունկ ունի ուսումնական բաժին ուր երախաները կստանան առաջին աստիճանի դպրոցներու ուսում. (նախակրթարան) եւ լրացուցիչ դասարաններ իսկ անոնքոր ուսումնքի բացառիկ ընդունակութիւն ցոյց կուտան կուղղուին երկրորդ աստիճանի դպրոցներ...

Ա՜հ, կըսէ, ընկեր Օ... մեր պահանջքները շատ մեծ են, միջոցները նուազ... տնտեսակական պլոքիւսը մեզ կը հարկադրէ խնայողական րէժիմի, բայց ոչի՜նչ...

Սեւ, լայնաբիբ աչքերը կը փայլատակեն եւ ամբողջ դէմքը կը լուսաւորեն հրայրքով...

Այսու ամենայնիւ կը յաղթենք բոլոր դժուարութիւններին եւ կիրականացնենք մեր նպատակները... թո՛ղ այդ մէկը հաստատ իմանան...

Կը մտնենք այն բաժինը ուր երախաները կընդունուին առաջին անգամ. այդ պահուն կան 75 մանչ եւ 25 աղջիկ նորեկներ։ Այդ առաջին օրերուն, քանի մը շաբաթ, երախաները բաժնուած են ըստ սեռի եւ կը գտնւին կնոջ մը եւ տղամարդու մը վերին հսկողութեան տակ, առանձին բաժիններու մէջ։ Մինչեւ ընտելանան նոր կեանքին, ազատ են որ եւ է պարապմունքէ եւ շրջապատուած բացառիկ գուրգուրանքով. լուսաւոր ճաշասրահները, ննջարանները լիքն են մանուկներու ճռուողումով։ Անմիջապէս նորեկները կըստանան լոգանք, կը հագուին մաքուր հագուստներ, կանցնին բժշկական քննութենէ, կը կշռուին եւ կըստանան մասնաւոր խնամք եւ դարման եթէ հարկ է։ Որ եւ է տարափոխիկ կամ կասկածելի հիւանդութիւն ունեցողները կը կղզիացուին, կը ղրկուին դարմանատուն։

Մանչերու բաժնին վերակացուն մեզ կընդունի սիրալիրութեամբ. ուրկէ՞ գտեր են այդ մարդը որ կարծես հայրութիւնը կը մարմնացնէ. ի՜նչպէս դուրեկան է դէմքը, գորշ ժպտուն աչքերով, բարի շրթներով, որոնք կարծես միայն բարեացակամ բառեր կրնան արտասանել։ Մէկ քանի տղեկներ խոժոռ եւ ինքնամփոփ նստեր են սեղանի մը առաջ. մէկը ինձ կը նայի շիլ աչքերով, մաքրուած են եւ նոր հագուած բայց դեռ կը կրեն թշուառութեան դիմակը իրենց դէմքերուն. այլամերժ եւ թշնամական՝ կարծես կը խոկան եւ որ եւ է չարիքի մասին կը մտածեն. նման են թակարդը ինկած վայրի անասուններու։ Ինչքա՜ն համբերատար խնամք, ինչքան ուշադիր փափկանկատութիւն անհրաժեշտ է որպէսզի այդ երախաները ստանան վստահութիւն, ընտանենան եւ դառնան ընկերային, բնականոն արարածներ։

Կայցելենք դասարաններ եւ դարձեալ դասարաններ. իւրաքանչիւրը կը պարունակէ 60-65 երկսեռ աշակերտներ։ Երգի դասին, վարժութիւն։ Ուսուցչուհին դաշնակի առաջ է եւ կը սորվեցնէ Էնթարնասիօնալը. մանկական շրթներ կարտասան միջազգային յեղափոխականի երգի վանկերը, յետոյ կերգեն դաշնակի ընկերակցութեամբ. «Այս է պայքարը վերջին... » դարձեալ կրկնութիւն, դարձեալ ու դարձեա՛լ... Աննկատելի կը սողոսկինք դուրս, որովհետեւ մեր ներկայութիւնը կը խանգարէ դասը ու բազմաթիւ չարաճճի եւ հետաքրքիր աչքեր կը դառնան մեր կողմը։ Քիմիական լաբորատորիայի մէջ 4 հոգինոց խումբեր փորձեր կը կատարեն. կանցնինք ուրիշ դասարաններ. կանգ կառնեմ ֆրանսերէնի դասաւանդութեան. պատկերներու օգնութեամբ ուսուցչուհին կը սորվեցնէ բառեր. արտասանութիւն, կարդալ, գրել միեւնոյն ատեն. կան երախաներ որ բաւական յառաջացած են. կը կազմեն անսխալ նախադասութիւններ եւ կը գրեն տախտակի վրայ։ Մինչեւ այդ նարի Ֆրանսերէն լեզուի դասը եղեր է պարտաւորիչ բոլոր երախաներուն, յառաջիկայ տարի պիտի դառնայ ոչ պարտաւորիչ, միայն ցանկացողներու համար։

Ինչո՞ւ

Խնայողական րէժիմ. պէտք է կրճատենք դասարաններ...

 

Նրբանցքին մէջ իրար կը գտնենք եւ որոշենք այլ եւս մեկնիլ. բայց մեզ կառարկեն որ դեռ շատ բան կայ տեսնելիք եւ տեղեկանալիք. չէի՞նք ուզեր արդեօք տեսնել երախաներու աշխատութեանց արդիւնքը, ներկայ ըլլալ այս ինչ դասին, այն ինչ ցուցադրութեան... Բայց մենք սպառեր ենք մեր տրամադրած ժամերը եւ պէտք է մեկնինք հասնելու համար ուրիշ ժամադրութիւններու։ Մեծերուն եկեր միացեր են եւ խումբ մը երախաներ ու իրենց մանկական ժպիտներով, իրենց եռանդագին արտայայտութիւնով մեզ կը հրաւիրեն դեռ մնալ իրենց Տան մէջ... Ուրեմն ամէնքը, ամէնքը լեցուած են տարօրինակ բուռն տենվանքով մեզ տեղեկացնելու, մեզ հաղորդակից ընելու իրենց փորձերուն, ձեռք բերած արդիւնքներուն...

Նո՛յն նախանձախնդրութիւնը ինչպէս ուրիշ հիմնարկներու մէջ, ամէն ինչ ցոյց տալու, նո՛յն ուղղամտութիւնը առանց դառնութեան բայց ճշմարտութեամբ ծանրանալու բացերուն վրայ, խոստովանելու անյաջող փորձերը, ապարդիւն ջանքերը, բայց եւ փափաք՝ յաղթանակի ուրախութեամբ հաղորդելու կատարուած նուաճումները։ Տեսակ մը անդիմադրելի պահանջք՝ ճառագայթելու, մինչեւ հեռուները տարածելու իրենց լոյսը, իրենց ջերմութիւնը, առատաձեռնութեամբ վարակելու իրենց համոզումներով եւ իւրացուցած գաղափարներով ամէնքը, ամէնքը, ամէնքը... եւ թո՛ղ աշխարհս փրկուի իր կապանքներէն, թո՛ղ մարդկութիւնը ազատուի այն բանտէն որ ինքը իրեն համար կառուցեր է... թո՛ղ տգիտութիւնը եւ թշուառութիւնը վերանան ինչպէս ընկերային քստմնելի հիւանդութիւններ...

Գիտեմ որ մարդիկ կան որ կը կարծեն թէ այդ բոլորը կըլլան քաղաքական բրօբականտի համար. որոշ դիտումով, որոշ նպատակներով, ուրիշ ոչինչ։ Թողո՛ւնք պահ մը մէկ կողմ, մեր, հին աշխարհի մարդոցս, զառամ կասկածամտութիւնը, որ թանձր վարագոյրի պէս կը կախուի մեր արդար դատողութեան եւ իրողութեան մէջ եւ այնքա՜ն կը խեղաթիւրէ մեր իսկ աչքերով տեսած իրականութիւնը։

Թողո՛ւնք մէկ կողմ արմատածաթ ունակութիւնները, նախապաշարումները եւ թարմ աչքերով դիտենք այս անխարդախ ոգեւորութեամբ վառուած զանգուածները։ Ինչքա՜ն մարդիկ նրենց գլուխները կը շարժեն տարակոյսով նոյն իսկ բացայայտ ճշմարտութեան առաջ, որովհետեւ խայթուելով ունայնամիտ մտահոգութենէն թէ չըլլայ որ միամիտ մարդու տեղ անցնին, կամովին կը հրաժարին ընդունիլ իրականութիւնը։ Բայց մանաւանդ, ինչքա՜ն հոգածու են որ չըլլայ թէ խախտենք այն յոռետեսութիւնը որ ունինք աշխարհի բաներու մասին եւ որը մեզ կուտայ բանիմաց մարդուկեղծ երեւոյթը։ Այլ սակայն աւելի վեր քան մեր կարծեցեալ իմաստութիւնը, աւելի խոր քան մեր զգացական սովորոյթները, անկշռելի բան մը կայ որուն հետ հաղորդակցութեան կը մտնենք այս տարօրինակ երկրին մէջ եւ որը աւելի իրական է որովհետեւ աւելի գերիվեր իրականութեան մը ապացոյցն է։ Ինչո՞ւ կունենանք այդ անսպասելի յուզումները որ կը խռովեն մեզ ինչպէս անսահմանելի յայտնութեան մը առաջ, ուրկէ՞ կը բղխին այն ստուգութիւնները որ կայծակի պէս կը փայլատակեն երբեմն մեր շփոթութիւնով եւ տարակոյսներով լիքը մտքին մէջ... նման ենք ծովը չիտեսած մարդոց որոնք լայն ծովի շունչը կը շնչեն, բարձրացող ալիքներու րիթմը կզգան, կոհակներու մրմունջը կը լսեն, դեռ ծովափ չի հասած...

Նոր կեանք մը կը կերտուի իր ուրոյն էրէնքներով, իր ուրոյն ներդաշնակութեան մէջ եւ մենք ապշած հանդիսատեսներն ենք այդ եղելութեան ու երբ օր մը վերադառնանք հին աշխարհը եւ ուզենք մեր անձամբ կրած տպաւորութիւնները, մեր աչքերով տեսած եւ մեր ականջներով լսած իրականութիւնը հաղորդել, ինչքան զառամ գլուխներ պիտի շարժին տարակոյսմվ եւ թերահաւատութեամբ եւ ինչքա՜ն «իմաստուն» մարդիկ պիտի ուզեն մեզ սթափեցնել մեր ոգեւորութենէն, ի փոխարէն մեզ վերադարձնելու համար քանի մը խեղճուկ դատողութիւններ եւ որդւոց որդի անցած հիւծած եւ վտիտ գաղափարներ...

Ինչքա՜ն հեռու եմ այդ բոլորէն, կարծես տարբեր մոլորակի մէջ...