Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Բ
       Նաւաստին, գրկած իւր աճառապինդ բազուկներուն մէջ թեթեւ Տօմինօն, կը սուրային ծածկուած վալսի փոշիներով։ Եթէ կարելի լինէր վայկեան մը ականջ դնել անոնց սրտի բաբախմանց, պիտի համոզուէինք թէ՝ նոյնիսկ վալսի չափագիտական հաշիւներուն մէջ սիրտը ժամանակ կը գտնէ տրոփելու։ Բայց ամէն հաճոյք իւր վախճանն ունի. միայն բարեբաստ են նոքա, ոյք միեւնոյն ժամու մէջ կարող են փոփոխել իրենց հաճոյից տեսակներն։ Այս բարեբաստութիւնը վայելեցին Տօմինօն եւ նաւաստին։ Բաւական խոնջ, քաշուեցան փոքրիկ սենեակներէն մին, զովացուցիչ ըմպելիք խմելու։ Վար առին իրենց դիմակները, կարծես նոր աշխարհ եկան, ժպտելով իրարու երես նայեցան։
       —Է՜հ, տիկին, ըսաւ նաւաստին, ըմբռնեցի՞ք այժմ, թէ ինչո՛ւ այնքան կը փափաքէի այդ պարահանդէսի յաջողութեան եւ թէ ինչո՛ւ այնքան աշխատեցայ այդ յաջողութեանը նպաստելու։
       Տիկինը ժպտելով պատասխանեց.
       —Կը կասկածէի։
       Նաւաստին առանց երկար ձեւակերպութեանց իւր ձեռքերուն մէջ առաւ Տօմինօյին ձեռքերն եւ դրոշմեց անոնց վրայ ջերմեռանդ համբոյր մը։ Տօմինօն թուի թէ հեշտութիւն կ՚զգար այդ համբոյրներէն, վասնզի թէպէտ ետ քաշեց ձեռքն՝ բայց քիչ մը հանդարտութեամբ։
       —Արա՛մ, միշտ խնդրած եմ քենէ, որ մեր յարաբերութիւններն անկեղծ բարեկամութեան սահմանները չանցնին։
       —Ի՞նչ մեղք գործեցի , Սաթինի՛կ։
       —Շրթունքներդ շատ տաք են, ձեռքերս այրեցին, ահա՛ մեղքդ։
       —Սաթինի՛կ, հաւատա՛յ, թէ ինչ որ քեզ համար կ՚զգամ, զուտ հոգեկան է։ Գորով, խանդաղատանք, սէր, գրաւած են քեզ համար սիրտս։ Այդքան երիտասարդ, այդքան սիրուն եւ աշխարհս արդէն քեզ համար գերեզմա՞ն մը պիտի նկատես. չէ՛, այդ չըլլար։
       Արամ կ՚ըսէր այս խօսքերն ու զմայլած կը նայէր Սաթինիկի երեսն։ Մեղմիկ մելամաղձութեան մը ստուէրը կը քօղարկեր Սաթինիկի տխրանուշ աչերն։
       —Սաթինիկ, գիտես թէ մէկ երազ մը միայն ունիմ. զքեզ երջանիկ ընել։ Գաղափարներս քեզ ծանօթ են. քու վիճակդ զիս կը տանջէ։ Չեմ կրնար ըմբռնել, թէ ինչո՞ւ թշուառ պիտի ըլլաս։ Պէտք է որ միատեղ ըլլանք, պէտք է որ զքեզ երջանիկ ընեմ։
       —Արա՛մ, վերստին կը կրկնեմ, եթէ չես ուզեր, որ մեր բարեկամութիւնը վերջ գտնէ, այդպէս մի՛ խօսիր։— Դուն ալ երիտասարդ ես, դուն ալ ապագայ ունիս, ընտանիքի տէր ես, դուն ալ զքեզ պէտք է հոգաս։ Մի՞թէ կը կարծես, որ քու դժբախտութեամբդ կրնաս զիս երջանիկ ընել։ Գիտես թէ ես չեմ կարող քու կինդ կոչուիլ, այդ անհնար է։ Դու պիտի շիկնիս մինչեւ իսկ երբ քու ներկայութեանդ իմ վրաս խօսին, միշտ գլուխդ կախ պիտի լինի։ Ձգէ՜, արդէն շատ չպիտի ապրիմ։ Ի՞նչ հարկ քեզ նեղացնել եւ զիս ալ կրկին դժբախտ ընել։
       Կ՚արտասանէր Սաթինիկ այս խօսքերը յուզեալ, ցած ձայնիւ, շատ ցած ձայնիւ։ Արամ, որ սուր միտք ունէր եւ սկսած էր ճանչնալ աշխարհս, հասկցաւ, թէ ելակն, արդէն հասած, պատրաստ էր իյնալ։ Սաթինիկ կ՚ուզէր տրամաբանութեամբ խղդել իւր սրտին ձայնը. կարելի՞ էր։ Արամ Սաթինիկի վերջին խօսքերէն զգաց, թէ ինքն արդէն հմայած էր զնա. ինքնիրմէն դուրս ելած, վերստին ափերուն մէջ առաւ Սաթինիկի ձեռքերն, այն գրգանոյշ ձեռքերը պինդ սղմեց իւր ափերուն մէջ։ Կը համբուրէր զայնս զմայլմամբ, հեշտութեամբ կը համբուրէր։ Սաթինիկի երեսները կարմրցած էին։ Երակներուն մէջ հուր կ՚ընթանար, բայց լեզուն բռնուած էր, ոչինչ կարող էր արտասանել։ Ելաւ կայնեցաւ, դիմակը դրաւ.
       —Երթա՛նք, երթա՛նք , ըսաւ։
       Դուրս ելան. Սաթինիկ եղբայրը գտաւ։
       —Տրդա՛տ, զիս տուն ձգէ, ըսաւ Սաթինիկ եղբօրը։
       —Ինչո՞ւ, ի՞նչ կայ, անհանգի՞ստ ես։
       —Անհանգիստ եմ, չեմ կարող կենալ։
       Անհանգիստ էր. գլուխը կրակի մէջ էր, համբոյրներն այրած էին զինքը։ Գնացին. Արամին աչքն անոնց ետեւէն էր, եւ սակայն չուզեց ձգել երթալ։ Թէ գիտնա՜ր Սաթինիկ։ Եւ ինչո՞ւ երթար. կ՚զգար թէ իւր յաղթանակը վերջապէս ապահով էր. ո՞վ կը տրտմի յաղթանակի մը յուսով։ Պարեց, ցատկեց, խաղաց. հագուրդ կուտար քսաներկու տարեկան աշխոյժին։
       Արշալոյսը նոր ծայր կու տար, երբ Նոր Թատրոնի ջահերն սկսան նուաղիլ։ Օթեակներն արդէն վաղուց պարապ էին։ Քանքանը վերջացաւ. ամէն ոք դուրս ելաւ։ Ձմրան ցուրտ աղւոր առաւօտ մ՚էր։ Արամ տաքցած, քրտնած, վիզը կրկնոցին օձիքներուն մէջ երագ երագ կ՚ընթանար. հասաւ տուն, անկողին մտաւ. գոհ էր, ուստի նիրհեց արդարոց քունով։