Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԲ
       Անցեալ տարի, աշնան, մեր բարեկամաց խումբին վերադարձած էր Շահնազար, փաստաբանական ուսումն աւարտած ի Բարիզ։ Շահնազար չոր փաստաբան մը չէ, այլ ընկերութիւն սիրող փայլուն երիտասարդ մը։ Այնքան գրագէտ է, որքան փաստաբան եւ սիրահար գեղարուեստից։ Աշխոյժ , սիրուն, զուարթ, Շահնազար մեր աշխատանաց եւ մանաւանդ զբօսանաց պատուական աջակից մը եղաւ։ Օր մը զինքը ու Արամը իրարու ներկայացուցի. երկուքն ալ օրէնսգէտ, շուտ հասկցան իրարու լեզուէ. Արամ օր մը ճաշի հրաւիրեց Շահնազարն եւ ընտանի եղան. Շահնազար մեծ գովեստներով խօսեցաւ ինձ Տիկին Սաթինիկի մասին։
       Այս տարի յունուարի առջի օրերը գիշեր մը դարձեալ հաւաքուած էինք Բերայ Սբօնէքին. ժամանակը բաւական ուշ էր եւ Շահնազար տակաւին չէր երեւցած. անհամբեր էինք եւ կը նեղանայինք։ Մեր անհամբերութեան հետեւանքը չեմ գիտեր ի՛նչ պիտի լինէր, երբ սենեակին դուռը բացուեցաւ եւ Շահնազար եկաւ, վրան յարձակեցանք, բայց մտահոգ կ՚երեւէր։
       —Ներեցէ՛ք , ըսաւ, արտաքոյ կարգի դէպք մը պատահեցաւ։
       Հարցուցինք, պատասխանեց թէ չէ կարող անմիջապէս ըսել։ Նստանք ճաշի. Շահնազար զուարթ էր, բայց ոչ ըստ սովորականին. խնդալու իւր նշանաւոր քրքիջը չէր արձակեր։ Քովէքով նստած էինք։ Կամաց մը ինձ ըսաւ, երբ աղմուկը շատցաւ։
       —Քեզ հաղորդելու կարեւոր բան մը ունիմ։
       —Ի՞նչ է։
       —Արամ կը պատրաստուի Սաթինիկը ձգել։
       —Ի՞նչ կ՚ըսես, խե՞նդ ես։
       —Լռէ՛, այդպէս է. հիմա իրեն հետ էի. կ՚ուզէ վաղը խզել ամէն յարաբերութիւն Սաթինիկի հետ. շատ խօսեցայ, շատ աշխատեցայ, որ գէթ մի քանի օրերու համար հետաձգէ այդ խորհուրդին գործադրութիւնը։ Միտքս այն էր, որ ժամանակ վաստակէինք եւ թերեւս միանանք եւ Արամի խելքը կարենանք գլուխը բերել։ Յուսամ, թէ յաջողինք։ Առ այժմ ճաշենք, վերջը ամէն ինչ կը պատմեմ։
       Բաւական յուզուեցայ, բայց եւ այնպէս ընթրեցինք. սակայն ո՛չ Շահնազար, ո՛չ ես շատ զուարթ էինք։
       Գեղեցիկ գիշեր մ՚էր , սեղանէ վերջ մեր ընկերները զբօսնելու գնացին. քիչ վերջ մենք ալ պիտի երթայինք զիրենք գտնել. Չերազ, Շահնազար եւ ես մնացինք Սբօնէք։ Ցաւալի լուրն հաղորդեցինք Չերազին ալ, ապշած մնաց։ Շահնազար սկսաւ մեզ պատմել իւր տեսակցութիւնն Արամին հետ։ Սբօնէք եկած ժամանակ նմա հանդիպած էր Լիւքսէնպուրգի առջեւ։ Թուի, թէ Արամ խղճի խայթն հանդարտեցնելու համար խոստովանանքի պէտքն զգացած էր։
       —Արամ սկսած է ձանձրանալ, ըսաւ Շահնազար. ո՜չ միայն կը ձանձրանայ, այլ եւ կզգայ, թէ Սաթինիկի հետ իւր կենակցութիւնն ամէն կերպով վնասաբեր պիտի լինի իրեն։
       —Խելքն առաջ ո՞ւր էր։
       —Ես ալ այդպէս ըսի իրեն։ —Բան մ՚էր, ըրի , կը պատասխանէ։ —Երիտասարդական անխոհեմութիւն մ՚էր , կ՚ըսէ, որ պատիժը չեմ կարող կրել մինչեւ ցմահ։ Սաթինիկի հետ պատրաստ եմ պսակուիլ, աւելցուց, բայց օրէնքը չներեր. մեղաւորը ե՞ս եմ։
       —Արդեն գաղտնապէս պսակուած չե՞ն։
       —Այդ չեմ գիտեր. բայց եթէ օտարազգի քահանայի մը ձեռօք առանց պաշտօնական արձանագրութեանց, գաղտնաբար պսակուած իսկ լինին, Արամ դարձեալ ամուրի կը նկատուի եւ պիտի նկատուի միշտ ըստ եկեղեցական օրինաց։ Յետոյ ինք լաւ կը ճանչնայ Սաթինիկը, գիտէ, թէ այդ ազնիւ եւ քաղցրաբարոյ կինն ամենեւին չէ կարող աղմուկ յարուցանել, նա գիտէ, թէ ընկերութիւնը Սաթինիկի կողմը չպիտի լինի, եւ այս պարագաներէն ինքն օգուտ կը քաղէ։ Ինչ եւ է, շարունակենք։ Արամ կ՚ըսէ, թէ մայրը շատ վշտացած է եւ ցաւն օրէ օր կը սաստկանայ. կ՚երկնչի, թէ հիւանդութիւն մը գայ վրան։
       —Շատ ուշ կը մտածէ. պատրուակ է։
       —Այո՛, այդպէս է, բայց ամէն յանցաւոր պատրուակներու կարօտ է ինքնզինքն արդարացնելու։— Ինչ որ ամենէն ստոյգն է, սա է, թէ իւր նոր պաշտօնին բերմամբ Արամ բոլորովին ուրիշ դիրք մ՚ունի, քան ինչ որ առաջ ունէր։ Դժուար կացութեան մէջ կը գտնուի Սաթինիկին պատճառաւ։ Օտարազգի ամէն կարգի շրջանակաց հետ սկսած է յարաբերութիւն ունենալ. կը հրաւիրուի գրեթէ ամէն երեկոյթներու, ամէն ընտանեկան պարահանդէսներու։ Յայտնի է, թէ այս տեսակ պաշտօններու մէջ գտնուողներն որքան աւելի յաճախեն բարձր ընկերութեանց մէջ, այնքան աւելի մեծամեծ յոյսեր տածելու իրաւունք կ՚ունենան։ Այժմ Արամ ո՛չ կրնայ ըսել , թէ ամուսնացած է, ո՛չ ալ կրնայ ըսել, թէ ամուրի է։ Չէ կարող ներկայացնել Սաթինիկը ոչ մէկ ընկերութեան մէջ. իւր նոր ծանօթներու հետ ընտանեկան յարաբերութիւններ հաստատելէ խոյս կուտայ։ Անցեալ կիրակի իւր դեսպանատան մի քանի պաշտօնեաներն իրենց կիներով , ոյք ամազոն եղած էին, Մասլաք գնացեր են։ Արամին առաջարկած են, որ միասին գայ ընտանեօք. իւր վիճակը չեն գիտեր։ Արամ ստիպուեր է մերժել, բայց սիրտը շատ նեղացած է։ Վերջապէս կ՚ըսէր բարկանալով, թէ չէ կարող տարին տաս երկու ամիս տունը նստել, «իլիկ ոլրել»։— Այս պատմելով Շահնազար կը խնդար, մենք ալ կարող չեղանք խնդալնիս բռնել։— Եթէ շատ հարուստ լինէի , կ՚ըսէ, եւ ոչ մէկ պաշտօնի մը կը հետամտէի եւ այն ատեն ամէն զոհողութիւն յանձն առնէի թերեւս , բայց հիմա չեմ կրնար։ Կը հասկնամ, թէ ընելու չէի, բայց ըրած գտնուեցայ, ի՞նչ ընեմ, կեանքս չեմ կարող զոհել կնոջ մը։— Տարօրինակ տրամաբանութիւն մը եւս կ՚ընէ։ Եթէ մէկտեղ նստինք, կ՚ըսէ, թոյնս իր վրայ պիտի թափեմ, շարունակ պիտի կռուինք. ինք ալ դժբաղդ պիտի լինի, ես ալ։ Արդ՝ փոխանակ երկուքնիս դժբաղդ լինելու, միայն ինք թող քիչ մը նեղուի։ Յետոյ ի՞նչ կը յուսար հօրը տունը։
       —Անպիտան արարած, ըսաւ Չերազ։
       —Կ՚երեւի թէ, շարունակեց, յոյն տանտիրոջը հետ կարգադրութիւն մը պիտի ընէ Սաթինիկի բնակութիւն եւ ապրուստ ապահովելու համար։ Եւ այսպէս կը կարծէ իւր պարտականութիւնը կատարած լինիլ. իբր թէ կին մը, Սաթինիկի պէս կին մը, միայն հաց ուտելու համար աշխարհ եկած լինի։ Վերջապէս, բարեկամներս, ինչ որ ըսի զինքն համոզելու թէ՝ այդպիսի խորհուրդէ մը ետ կենայ, զուր ջանք, անօգուտ վաստակ եղաւ, մանաւանդ որ աւելին ալ կայ, պիտի ամուսնանայ։
       —Պիտի ամուսնանա՞յ, ըսինք երկուքնիս միասին։
       —Այնպէս խօսք մ՚ալ ըրաւ, թուի թէ իւր սիրտը բաւական օթեւաններ ունի, ուր ամէն կարգի սէր կարող է իրեն իջեւան գտնել։ Հօրեղբայրը ամէն կերպով առաջ կը մղէ այս ամուսնութիւնը։ Այս մասին շատ չբացուեցաւ, բայց իւր խօսքերէն կրցի հետեւցնել, թէ՝ հօրեղբայրն յաջողած լինելու է փառաւոր օժիտով գեղեցիկ աղջիկ մը ձեռք ձգել։ Է՛հ, Արամ ինքը սիրուն երիտասարդ մ՚է, նիւթական վիճակը լաւ, ընկերական աղեկ դիրք մը ունի, ապագան ապահով է, բնական է, որ ամէն ոք փափաքի իրեն աղջիկ տալ։ Հարստութիւն, հանգստութիւն, ընկերական դիրք, ընտանեկան գոհունակութիւն, այս ամէնը Արամի կարծեօք զոհողութիւն մը կ՚արժեն։
       —Բայց ո՜չ խղճի եւ պատւոյ զարգացման զոհողութիւն , ըսի։ —Ինձ համար Արամ ոճրագործ մ՚է։
       —Բայց ո՞ր օրինօք պատժել . ոչինչ։
       Շահնազար ուրիշ տեղեկութիւններ ալ հաղորդեց, զորս աստ պատմել աւելորդ է։ Երեքնիս ալ տխրած էինք եւ զայրացած։ Որոշեցինք այն տեղէն նամակ մը գրել Արամին եւ վերջին ճիգ մը ընել, որ թերեւս յաջողինք զինքն համոզել, որ գթայ այդ խեղճ կնկան վիճակին վրայ։ Սրտաշարժ նամակ մը գրեցինք։ Բայց երբ շահը բարձրաձայն կը խօսի, միթէ բանաստեղծական զգացմունք, փիլիսոփայական մտածութիւնք կարո՞ղ են լռեցնել այդ ձայնը։ Նամակն եթէ երկար չլինէր, առաջ կը բերէի։ Չերազ խմբագրեց. ինչ որ կը ներշնչէին մեզ մարդասիրական զգացմունք, ամենը մէջն էր։ Շահնազար նամակն ապահովաբար ձեռքը պիտի հասցնէր։
       —Կարեւոր կէտը մոռցանք , ըսի , Սաթինիկ տեղեկութիւն ունի՞։
       —Ո՛չ, դեռ չգիտեր խեղճը, եւ տարօրինակ բան մը ըսե՞մ ձեզ , յարեց Շահնազար , Արամ ինձմէ խնդրեց, որ ես կամ մեզմէ ուրիշ մը յանձնառու լինի Սաթինիկի հաղորդել իւր որոշումը։— Ես թէ՛ իմ, եւ թէ՛ ձեր կողմանէ մերժեցի այդ յիմար առաջարկը։ Վերջին խօսք մը. հօրեղբայրը կը ջանայ, որչափ հնար է փութացնել ամուսնութիւնը, որպէսզի ո՛ եւ է վտանգի տեղի չմնայ։
       Ելանք Սբօնէքէն գնացինք, գտանք մեր ընկերները. բայց վշտացած էինք, չկրցինք զուարճանալ եւ շուտով վերադարձանք տեղերնիս։