Դատապարտեալը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԷ
       Երեք օր չկրցի Բանկալթի ելնել. չորրորդ օրը պիտի երթայի ցերեկէ վերջ եւ առաւօտուն Յոյն տղայ մը եկաւ զիս գտաւ Սաթինիկի տան տիրոջ կողմանէ։ «Քիրիան շատ հիւանդ է , ըսաւ , եւ զքեզ կ՚ուզեն »։ Անմիջապէս գնացի. այն ինչ ներս մտայ, սկսայ տեղեկութիւններ խնդրել։ Յոյն կինը պատասխանեց, թէ Սաթինիկ երեկ ցերեկն ի վեր անկողինն էր։ Երկու օր ինքզինքը շատ տկար զգացած էր. ցուրտ առած լինելու էր։ Թատրոնէն վերադարձած գիշերը մօտ կէս ժամ պատուհանին առաջ կայնած է , բաց պատուհանին առաջ, քրտնած քրտնած. շատ մրսեր է։ Բայց ի՞նչ ընէր խեղճը, գլուխը կրակներու մէջ է եղեր։ Ապա գլխու ցաւը սաստկացած է, ախորժակը կորսնցուցած, վրան մեծ սրտնեղութիւն մը կար, արդէն խեղճն ուրախ չէր։ Այս բաները շուտով պատմեց։
       —Ուրեմն, հիմա անկողի՞նն է , ըսի։
       —Այո՛, անկողինն է, եկուր նայէ, տես ինչ կ՚ըսէ։
       Սաթինիկի պառկած սենեա՜կն երթալ, այդ անհնարին էր ինձ, հակառակ էր ամէն պատշաճութեանց, սակայն յոյն կինն ըսաւ , թէ պէտք է անպատճառ մտնեմ, վասնզի միայն հայերէն կը խօսի , ըսաւ , եւ ինքը բան մը չի հասկնար։ —Գնացի դռան առաջ, ականջ դրի, լսեցի Սաթինիկի ձայնը. եղբօրը, մօրը, Քերովբէի անունները կուտար։ Ինձ այնպէս թուեցաւ, թէ կը զառանցէ. կամաց մը դուռը բացի եւ ներս մտայ։ Այո՛, կը զառանցէր. զիս տեսաւ եւ կարծեց թէ բժիշկ եղբայրն է. սկսաւ կարօտագին խօսքեր ընել։ Յանկարծ նիւթը փոխեց. սկսաւ երգել, մանկութեան յիշատակները կ՚ըսէր, վալսի եղանակ մը երգեց , հաւանօրէն Արամի հետ Նոր-Թատրոնի մէջ վալսած եղանակը։— Այն տեղ ներկայութիւնս անօգուտ էր, հարկ էր բժիշկ բերել։ Դուրս ելայ բժիշկ բերելու. կէս ժամ վերջ յոյն բժիշկ մը գտայ եւ բերի. երկար զննութեանց հարկ չկար. բժիշկը յայտարարեց, թէ թիֆօ էր, սովորական դեղերը տուաւ եւ պատուիրեց լաւ նայիլ. խնդրեցի երեկոյեան դէմ դարձեալ գալ. եկաւ. ես ալ գնացի. բժիշկը ջերմաչափը միասին բերած էր. դրաւ ուսին տակ, տաքութիւնը 381/2 էր։ Երբ դուրս ելանք ինձ ըսաւ, թէ շատ թեթեւ չերեւիր. տեսնանք յաջորդ օրը ջերմութիւնը ի՛նչ կ՚ըլլայ։ Միւս օրը ցերեկին գնացինք։ Կ՚երեւի թէ բժիշկին պատուէրները լաւ չէին կատարուած. այդ Յոյն կինը մինակ ի՞նչ ընէր. որքան ալ սրտացաւ էր, բայց եւ այնպէս կարող չէր եղած կատարելապէս հոգ տանիլ։ Տաքութիւնը 39 աստիճան էր. սառոյցն ստէպ փոխած էին. բայց Յոյն կինը կ՚իջնէր կ՚ելնէր, վերջապէս չէր կրնար խնամել ինչպէս որ պէտք էր։ Բժիշկն ըսաւ, թէ ուրիշ մէկը բերելու է քովը։ Երթամ բան մը ճարեմ, ըսի։ Օդը ցուրտ էր, քալելով կ՚իջնէի Ղալաթիայ։ Երբ Բերա հասայ, ինքնին ըսի. «Լա՛ւ կ՚ըլլայ, որ ծնողացն իմաց տամ. անշուշտ այնքան քարսիրտ չեն, որ այս պահուս իսկ լքանեն խեղճ կինը »։ Սակայն ծնողքը չէի ճանչնար։ Հայրապետ էֆէնտիի տունը հարցուցի, գտայ, բայց երբ դրան պիտի զարնէի, վարանեցայ, ետ դարձայ։ Կրկին ետ եկայ, աւելի քաջութեամբ. մտածեցի, թէ կիները մինակ լինելու են եւ զիս ալ չեն ճանչեր, ազատօրէն կ՚ըսեմ, ինչ որ պէտք է։ Արդարեւ տան մէջ մինակ էին Սաթինիկի մայրը եւ մօրաքոյրը, վեր հրաւիրեցին զիս, ելայ։ Ի՞նչպէս հաղորդել։ Ըսի, թէ Բանկալթիէն կուգամ։
       Մայրը կարծես թէ նախազգացում ունեցաւ, եւ սկսաւ երեսս նայիլ. բաւական զգուշութեամբ հաղորդեցի, թէ իրենց աղջիկը ծանր կերպով պառկած է թիֆօյով։ Հազիւ արտասանեցի այս բառը, Սաթինիկի մայրը խենդի պէս վեր ցատկեց եւ սկսաւ աղաչել, թէ «Զիս տա՛ր, զիս տա՛ր»։— Մօրաքոյրն ալ ուզեց միասին գալ։ Մայրը յուզուած շփոթուած էր, ինչ ընելը չէր գիտեր. դուրս ելանք, կառք մը նստանք։ Կը ցաւէի այդ խեղճ մօրը վրայ։ Յայտնի կ՚երեւէր, թէ սրտին մեծ վիշտ եղած էին Սաթինիկի դէպքերն։ Անդադար հարցումներ կ՚ընէր։ Զղջացի , որ հիւանդութիւնը ծանր է ըսած էի, բայց ի՞նչ ընէի, այդպէս կը կարծէի զիրենք յուզել։— Հասանք դուռը, վար իջանք, խեղճ կնկանը թեւը մտայ. կը դողդողար։ Վեր ելանք, մտաւ աղջկանը սենեակը, Սաթինիկ մայրը ճանչնալու վիճակին մէջը չէր։ Ինկաւ աղջկանը վրայ. կուլար ու կը համբուրէր։ Մօրաքոյրն աւելի սրտոտ էր. երկուքնիս մասին ետ առինք մայրը, լալու ժամանակ չէր։ «Ա՜խ, տղաս, գնայ մեծ բժիշկ մը բեր, Աստուած քեզ պահէ. դրացի ես, այնպէս չէ՞»։ —Այո՛, դրացի եմ պատասխանեցի։
       Ուրիշ ի՛նչ ըսէի։
       Գնացի մեծ բժիշկ մը գտնել. կրցայ ճարել ամենէն անուանիներէն մին. միւս բժիշկին ալ իմաց տուի, երկուքը մէկտեղ գտնուեցան։ Սովորական դեղերը՝ սառոյց, աղէկ նայիլ, ահա իրենց տուած հրահանգներն եւ սպասել։ Մայրը աղաչեց, որ օրը երկու անգամ գան։
       —Հարկ չկայ ըսին, օրը մի անգամ կուգանք, կը բաւէ։
       Հիւանդին վիճակն օր ըստ օրէ կը ծանրանար։ Այդ մարմինը, այնքան տառապած, այնքան չարչարուած սրտի եւ հոգւոյ վշտերով, արդէն խոցոտուած, կարող պիտի լինէ՞ր տոկալ այդ սոսկալի հիւանդութեան։ Այս հարցումը կ՚ընէի ինքնին՝ մտատանջութեամբ։
       Ամէնքս ալ երկիւղի մէջ էինք։ Կ՚սպասէինք տասներորդ աւուր։ Իններորդ օրը բժիշկն երկիւղի մէջ էր, ջերմաչափը 41րդ աստիճանն էր. եթէ 42 լինէր, այլեւս յոյս չկար։
       Մայրն իւր յուսահատ վիճակին մէջ իսկ չմոռցաւ քահանայ խնդրել աղջկան համար։ Քահանան եկաւ, բայց Սաթինիկի խելքը վրան չէր։ Ո՛չ խոստովանանք, ո՛չ հաղորդութիւն, կարելի չեղաւ։
       Հիւանդութեան տասն եւ մէկերորդ օրը երեկոյեան դէմ գնացի հիւանդին տունը։ Դուռը երբ բացուեցաւ, ներսէն կը լսուէին լալու խեղճուկ ձայներ, Յոյն կինը դէմս ելաւ, աչքերը արցունքներով լի. հասկցայ, Սաթինիկ մեռած էր։
       Ի՞նչ ըսէի մօրը, ի՞նչ մխիթարանք տայի։ Մազերը կը փետտէր. «Ես մեռցուցի աղջիկս, կ՚ըսէր, ես մեռցուցի, սեւ էր եղեր այն օրը, որ կարգեցի զինքն ան մարդուն հետ»։
       Ամէն ինչ լրացեալ էր։ Տակաւին բարեկամական մի քանի պարտականութիւններ կային կատարելու։ Թաղման պատրաստութիւնները հարկ էր տեսնել։ Նախ պէտք էր սնտուկը պատրաստել. գնացի Վենետիկ փողոց եւ մահահոտ կրպակին մէջ որոշեցի գեղեցիկ սնտուկ մը։ Խեղճ Սաթինիկը ամէն բանի մէջ գեղեցիկէն, ազնիւէն կ՚ախորժէր։ Յետոյ գնացի եկեղեցի, ըսի, թէ ննջեցեալ մը կայ եւ գիշերը պէտք է եկեղեցի տարուի։ Ժամկոչը գնաց . պանդուխտ քահանան ալ պատրաստուեցաւ երթալ. այդ միջոցին ուրիշ քահանայ մը եկաւ. տեղեկացաւ եղելութեանը։ «Պէտք է խոստովանահայրը գտնել եւ անոր խօսիլ », ըսաւ։ Քիչ մը շփոթեցայ։ Ո՞վ էր եւ ո՞ւր գտնել։— Հոգ չէ՛ , ըսի , այս գիշեր տարէք, վաղը կը կարգադրենք։— Չըլլար , ըսաւ քահանան , շիտակն ըսեմ, առանց Կրօնական Ժողովոյ հրամանին չենք կրնար այդ կնիկը այս գիշեր եկեղեցի բերել։
       Գործը կը ծանրանար. զգացի, թէ դժուարութիւններ պիտի ծագին։ Ամէն ջանք անօգուտ եղաւ. Սաթինիկի մարմինը այն գիշեր Յոյն կնոջը տունը պիտի մնար։ Աշխատեցանք, որ մայրն իւր տունը ղրկենք, այդ ալ կարելի չեղաւ։ Այն գիշերը գրեթէ արթուն անցուցինք։ Կարող եղած էր գտնել Հայրապետ էֆէնտիի տան քահանան։ Ազնիւ եւ բարեսիրտ եկեղեցական մ՚էր, որ հաստատեց յատուկ հրամանի մը պէտքը եկեղեցական իշխանութենէն։ Դժուար խնդիրներ կային։ Ո՛չ թուղթ տպուեցաւ, ոչ մի պատրաստութիւն տեսնուեցաւ։ Քանի մը բարեկամներու բերանացի հաղորդեցի ցաւալի լուրը։ Հայրապետ աղայ թէպէտ չեկաւ աղջիկը տեսնելու, բայց լուր կ՚ստանար, իւր սիրտն ալ քար չէր. մահուան երկիւղը շատ բան մոռցնել կուտայ։
       Յաջորդ օրը քահանան կանուխ Պատրիարքարան իջաւ. ո՛չ մէկ վճռական պատասխան տրուեցաւ. հաւանօրէն Կրօնական Ժողովոյ ազդեցիկ անդամներէն ոմանք քիչ ատենէն անդ պիտի գտնուէին։ Դիպուածով արդարեւ եկած են։ Քահանան սկսած է խօսիլ Սաթինիկի վրայ, նկարագրելով զնա լաւ կին մը, որ իբր սխալական մարդ թերութիւն մը գործած էր։ Արդեն շատ զղջացած էր իւր այդ յանցանքին համար։ Իւր վշտերը, տառապանքները բաւական պատիժ մը կարելի էր համարիլ։— Սակայն քահանան ոչ մէկ սիրտ կրցած էր կակղեցնել, երբ վերջացուցած էր խօսքը, եպիսկոպոս մը, դժնէադէմ կերպարանօք, լակոնական հարցում մը ըրած է։
       —Տէ՛ր Հայր, մօրուքդ քեզի բե՞ռ եղած է։
       Քահանան լռած էր, զգալով, թէ այդ տարաբախտ կնոջ ի նպաստ խօսիլն իսկ ոճիր մը պիտի համարեն. մօրուքն ածիլել տալու սպառնալիք կը լսէր։ Պատրիարքարանը թաղման հրաման չէր կրնար տալ։ Քահանան ետ եկաւ, տխուր, կորագլուխ։ Ըսաւ, թէ անհնար է թաղման հանդէս կատարել, միայն թէ ինքը կրցած է հրաման առնուլ, որ գերեզմանին վրայ աղօթք ընէ։— Ի՞նչ կրնայինք ընել։
       Ուշ ատեն, իրիկնամուտին, մին այն իրիկնամուտներէն, զորս Սաթինիկ այնքան կը սիրէր, մեռելակառքն դրան առաջ կայնեցաւ։ Քահանան գաղտնի կերպով առանձին պիտի երթար։ Չորս մեռելաթաղներ եկան սնտուկը վար իջեցնելու։ Այդ միջոցին Չերազ ալ եկաւ, իմաց տուած էի։ Սնտուկը բանալ տուին։ Մահը կարծես աւելի գեղեցիկ ըրած էր Սաթինիկի դէմքը, քանի մը վայրկեան վրան նայեցանք. ինչքա՜ն յիշատակներ, ինչքա՜ն խորհրդածութիւններ ունեցանք այդ մի քանի վայրկեաններուն մէջ։ Կնոջ կեանքի պատկերներէն մին էր։
       Մեռելակառքին ետեւէն կ՚ընթանար միայն մեր կառքը։ Չերազ եւ ես մէջն էինք։ Կ՚անցնէինք այն ճամբաներէն, ուստից ամառն անցած էինք այնքան ուրախ, այնքան զուարթ, երթալու համար դէպի Զինճիրլի-Գույու։ Վերջալոյսին հետ հասանք Ֆէրի—Քէօյ։ Գերեզմանատան առջեւ իջանք կառքէն վար։ Երկար թափառեցանք այդ մեծ դաշտին մէջ, գերեզմանի տեղը գտնելու համար։ Հեռո՜ւ, շատ հեռու կեդրոնէն, աչքէ անտես անկիւն մը փորած էին փոսը։
       Մթնշաղ իրիկուն մ՚էր։ Կանաչները նոր ծայր կուտային. գարնանային առաջին բուրումներն էին , հովը թեթեւ էր. խոր լռութիւնը կը տիրէր մահաբեր անհուն դաշտին ցան եւ ցիր խաչերուն, գերեզմաններուն վրայ. գերեզմանափորի բրիչի ձայնը միայն կ՚ընդհատէր այդ լռութիւնը։ Ամէն ինչ տխրութեամբ կը լեցնէր մարդուս սիրտը։ Քահանան ցած ձայնիւ, իբր թէ վախենալով, կը մրմնջէր իւր աղօթքները։ Փոսն իջեցուցին Սաթինիկի մարմինը, մէկ մէկ ափ հող նետեցինք։ Խաչի տեղ պսակ մը դրինք եւ ետ դարձանք։
       Խե՜ղճ Սաթինիկ, կ՚ըսէի. ա՛յդքան սիրուն, այդքա՜ն ազնիւ, այդքան դժբախտ։ Մի՞թէ դիպուածի արդիւնք եղան քու վշտերդ. ո՛չ, դու զոհ մը եղար մեր ընկերական կազմակերպութեան։ Որքաննե՛ր քեզ պէս արդեօք լացին ու կուլան։
       Դու զոհեցիր անձդ եղբօրդ, ծնողացդ սիրուն. վսեմ էր քու գործդ եւ սակայն վսեմ գործ մը միայն վսեմ սրտերը կրնան ըմբռնել, այնչափ մեծ է անջրպետը ծնողացդ եւ քու դաստիարակութեանդ միջեւ։ Ծնողքդ, եղբայրդ, արհամարհեցին զքեզ ու դատապարտեցին. եւ ո՛չ իսկ գթութիւն ունեցան քեզ համար։ Երիտասարդ մը յափշտակեց սիրտդ— ո՞վ տէրն է իւր սրտին— եւ սպաննեց զքեզ բարոյապէս եւ նիւթապէս. ընկերութիւնը դրուատեց զնա, դատապարտեց զքեզ, եկեղեցին օրհնեց զնա եւ դատապարտեց զքեզ, ո՛չ ուրեք գթութեան հանդիպեցար։— Եւ, սակայն, Աստուած գթութիւն է։