Երազի մը գինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Թ
       Յաջորդ օրն աւելի խոնջ էր Հրանտ. գիշերն անոյշ երազներ զինքը օրորած էին. միշտ Սօֆիի հետն էր։ Նախորդ օրերէն աւելի տկար վիճակ ունէր։ Բարեկամներէն մին, շաբաթուան թերթերու հաւաքածոյ մը կը ղրկէր իրեն։ Նոյն օրն ալ սկսաւ քիչ մը թերթերու վրայ նայիլ։ Մեկէն ի մէկ ձեռքերը դողացին. գլուխը բարձին մէկ անկիւնը դրաւ եւ կը հեծկլտար։ Մայրը ահով դողով ներս եկաւ։ Հրանտ միշտ կուլար։ Լրագիրներէն միոյն մէջ «Ազգային » բաժնոյն ներքեւ կարդացած էր.
       «Երէկ ի Պատրիարքարան շքեղ հանդէս մը կատարուեցաւ, ի ներկայութեան բազմաթիւ պատուաւոր ազգայնոց։ Մեծահամբաւ եւ ազգասէր վաճառական Մեծապատիւ Յակոբիկ էֆէնտի …եանի նշանտուութեան հանդէսն էր ընդ Համեստափայլ օրիորդ Սօֆի …եանի»։