ՁԻՒՆԻՆ
ՏԱԿ
(Ճամբու
պատմուածք)
I
Օդը
բաց
էր,
ցուրտը
տասը
աստիճան
ցոյց
կու
տար,
եւ
ձիւնի
քանի
մը
նուրբ
փաթիլներ
միայն
կը
տեղային.
գրեթէ
ամբողջ
Դեկտեմբերին
մէջ
օդը
այսպէս
կ’երթայ,
մթերանոցին
առջեւ
երկու
ձիով
լծուած
ճամբու
կառք
մը
կեցած
էր։
—Է՛
ուրեմն,
Իւան
Տուրաք,
—
ըսաւ
Կոլոխւաթով,
ոսկիի
վաճառականը՝
մեծ
մուշտակի
մը
մէջ
փաթթուած՝
վերնագաւթակին
վրայ
երեւալով։
Իւան
Տուրաք,
նիհարկեկ
ծերունի
մը,
բարակ
վերարկուով
մը
ծածկուած,
մօտեցաւ,
ամբողջ
հասակը
շտկելով,
ու
ծիծաղաշարժ
կերպով
կոպերը
շարժելով։
—Սեմէն
Աւդէիչ,
ահաւասիկ
եմ,
—
մրթմրթաց,
—
ես
այլեւս
պիտի
մեկնիմ
սա
կողմէն,
ճիշդ
քու
ճամբուդ
հակառակ
կողմէն։
—Անհեթեթ
բան
է
ատիկա,
թող
թէ
քու
հանգիստիդ
համար
եմ.
կէս
գիշերին
ատենները
պիտի
կրնանք
վերադառնալ,
եւ
ես
քեզ
իմ
ձիերով
տուն
կը
վերադարձնեմ։
Կը
հասկնա՞ս.
եւ
յետոյ,
Մարֆա
Անդրիեւնա
մեզի
մատ
ծծել
տուող
բելմէններ
(ռուսական
անուշեղէն
)
պիտի
շինէ.
ու
վերջապէս
խորհէ,
թէ
որքան
պիտի
ձանձրանամ
այս
ճամբան
միս-մինակ
երթալով։
—Անոր
համար
է,
որ
Սեմէն
Աւդէիչ ,
մուշտակս…
—Ի՜նչ
փոյթ,
անգամ
մը
կառքին
նայէ,
նոյնիսկ
ժողովրդապետը
ասանկ
կառք
մը
չունի։
Իւան
Տուրաք
խորհեցաւ.
մէկ
կողմէն
տուն
երթալ
կ’ըղձար
—
հինգ
վերստի
հեռաւորութիւն
մը
լոկ
—
եւ
միւս
կողմէն
ինչպէ՞ս
վիրաւորել
Սեմէն
Աւդէիչը՝
որմէ
կախում
ունին
ամէնքը.
որովհետեւ
Սեմէն
Աւդէիչ
շատ
պիտի
զայրանար,
եթէ
մերժուէր,
եւ
այն
ատեն
խոստացուած
դրամը
պիտի
չտար։
Ծերունին,
սրտի
ճմլումով
մը
Ռաձթանա
գիւղի
իր
տանը
վրայ
խորհեցաւ,
իր
տունիններուն՝
որոնք
անհամբեր
իրեն
կը
սպասէին
…
Չէ՛,
հաստատապէ՛ս,
ուրիշ
ընելիք
չկար,
պէտք
էր
տեղի
տալ։
—Ձեզի
հետ
կու
գամ,
Սեմէն
Աւդէիչ,
իմ
ճամբաս
չէ
ատիկա,
բայց
հոգ
չէ,
կ’ուզեմ
հաճելի
ըլլալ
ձեզի։
—Վե՜րջապէս,
—
մրմռաց
միւսը,
—
գալով
տաքութեան,
հո՛գ
մի
ըներ,
—
ու
ճամբու
կազմուածքին
վրայ
իր
տիրոջ
ակնարկը
կը
պտըտցնէր։
Երբոր
կառքին
մէջ
տեղաւորուեցան,
Իւան
Տուրաք
բոլորովին
անկիւն
մը
կծկած-մնացած
էր.
Սեմէն
Աւդէիչ
յաղթամարմին
էր,
եւ
ինքը
մինակ
նստարանին
կէսէն
աւելին
կը
գրաւէր։
—Տեղս
նեղ
է,
—
հառաչեց
ծերուկը։
—Անմի՛տ,
աւելի՛
աղէկ,
տաք
կ’ըլլայ։
Վերնագաւթակին
վրայ
Կոլոխւաթովի
կինը,
մանկամարդ
տիկին
մը,
եւ
ծերունի
մը
մեկնումը
կը
դիտէին,
եւ
մերձակայ
պատուհանի
մը
ապակիին
յենած
մանկական
դէմքեր
կը
նշմարուէին։
—Օ՛ն,
—
ըրաւ
վաճառականը։
Կառապանը
ձեռքերը
իրար
շփեց,
սանձը
ժողվեց
ու
կառքը
մեկնեցաւ։
Լայնարձակ
տափաստանները,
ուր
ցանցնուած
են
ոսկիի
գործատուներ՝
ձմեռը
շատ
տխուր
պատկեր
մը
կը
ներկայացնեն.
նայուածքի
հասողութեան
չափ
ամէն
ինչ
մեռած
է.
սպիտակ
բացաստանը
անընկճելի
հիւանդագին
թուլութիւն
մը
կը
հաղորդէ
անցորդին։
Ցանցառօրէն
տեսնուած
աւանները
ձիւնին
տակ
թաղուած
են,
եւ
ճամբաները՝
փոթորիկներէն
բոլորովին
տակնուվրայ։
Տեղացիները
սակայն
ու
շրջիկներն
ալ,
գեղեցկութիւն
մը
կը
գտնեն
այս
ամայի
եւ
անշարժ
անհունութեան
մէջ։
Իւան
Տուրաքի
ջիղերը
ոտք
կ’ելլէին
հիմակ՝
որ
սկսած
էր
հեղձնուլ։
—Համբերութի՛ւն,
—
կ’ըսէր
Կոլոխւաթով,
—
երեք
ժամ
մնաց,
եւ
յետոյ,
Մարֆա
Անդրիեւնայի
բելմէնները,
օղին ,
աղանդերը…
Իւան
Տուրաք
շահեկան
տեղացի
մը
կը
սեպուէր։
15
տարի
առաջ
հարուստ
էր,
եւ
ընդհանուր
մեծարանքով
շրջապատուած։
Բայց
բախտը
անկայուն
է,
մասնաւորապէս
ոսկիի
ճարտարարուեստին
մէջ.
շատ
քիչ
ժամանակէն
մարդ
կը
հարստանայ,
ու
նաեւ
շատ
քիչ
ժամանակէն
աւերակ
կը
դառնայ։
Նոյն
բանը
պատահած
էր
Իւան
Տուրաքի
ալ.
նեղութիւնը
զինքը
շրջապատած
էր,
ու
քիչ
վերջը
թշուառութիւնն
ալ.
եւ
այն,
որ
երբեմն
փարթամ
Իւան
Նիքիթիչ
Լեկաքով
եղած
էր,
հիմակ
ուրիշ
բան
չէր,
բայց
մակաբոյծ
մը,
որ
իր
ապրուստը
կը
ճարէր
ոսկիի
վաճառականներէն.
բան
մը,
որ
սուղի
կը
նստէր
իրեն ,
որովհետեւ
Իւան
Տուրաք,
այսինքն՝
տկարամիտ
Իւանը,
իր
պաշտպաններուն
իբրեւ
միմոս
եւ
sou
ffre-douleur
կը
ծառայէր։
Վերջապէս
վարժուած
էր
ուրիշներու
ծաղրանքին,
ու
այն
դերին՝
զոր
կատարել
կու
տային
իրեն.
իր
ճակատագրին
հետ
հաշտուած
էր՝
բոլոր
վիճակազուրկ
արարածներուն
պէս։
Այս
վայրկեանին
կը
խորհէր,
թէ
ինչ
ստահակ
մըն
էր,
օրինակի
համար,
Կոլոխւաթով,
որ
երբեք
առիթ
չէր
փախցնէր
զինքը
սպասորեարին
առջեւ
պզտիկ
ձգելու։
Կառքը
կը
սահի,
կարծես
կարագի
վրայէն.
ատեն-ատեն
կառապանը
ձիերուն
կոչ
մը
կ’ուղղէ.
Իւան
Տուրաք
իր
անկիւնին
մէջ
կը
մխուի,
աչքերը
կը
խփէ,
եւ
իր
անցեալին
վրայ
կը
խորհի։
Ի՜նչ
երջանիկ
էր
այդ
կեանքը.
կրնա՞ր
երբեք
երեւակայել,
թէ
այսքան
խղճալի
տարիներ
պիտի
յաջորդէին
անոր։
Վերջապէ՛ս,
է՜հ,
Աստուած
այնպէս
ուզած
էր
…
հոգ
չէ՛.
եթէ
ինք
իսկ
եղած
էր
իր
աղէտքին
պատճառը,
իր
դրացին
ալ
մասնակցութիւն
մը
ունեցած
էր
անշուշտ
ատոր
մէջ։
Քնացաւ,
որքա՞ն
ատեն,
չէր
գիտեր,
դադարէ
մը
արթնցաւ
յանկարծ։
—Ի՞նչ
կայ։
—Է՛հ,
Սադանն
է,
որ
կը
զուարճանայ։
—Ի՞նչ,
փոթորի՞կ
կայ։
Հարուածը
երկու
ճամբորդները
իրենց
թմբիրէն
սթափեցուց։
Տափաստանին
տեսքը
բոլորովին
փոխուած
էր,
ցուրտը
սաստկացած.
այլեւս
չէր
ձիւներ.
ամբողջ
դաշտավայրը
կը
դողար
կայծակի
պէս
սրընթաց
հովերուն
տակ՝
որոնք
գետինը
կը
քերէին՝
ճերմակ
բարակ
փոշիի
յորձանքներ
բարձրացնելով։
—Կը
սխալի՜ս,
—
գոչեց
Կոլոխւաթով՝
պղտոր
երկինքը
զննելով։
—Սադանն
է,
—
կրկնեց
միւսը
համոզուած։
Կարծես
այս
խօսքերը
հաստատելու
համար,
հովի
կատաղի
յորձանք
մը
անցաւ,
որմէ
ամբողջ
տափաստանին
տարածութիւնը
հեծեց։
Ամպերը
կը
թանձրանային
ու
կը
թանձրանային,
եւ
կարծես
անպատում
բան
մը
կ’առկախուէր
մթնոլորտէն՝
իյնալու
պատրաստ՝
ահռելի՜.
մանրահատ
ու
չոր
ձիւն
մը
ամէն
կողմէ
կը
պաշարէր
անցորդները,
ու
սանձահարուած
ապակիի
անձրեւի
մը
պէս
դէմքերնուն
մորթը
կը
ծեծէր։
Իւան
Տուրաք
իր
խեղճուկ
մուշտակին
մէջ
կը
կծկտէր։
—Սառ
ցուրտ
մը
կայ,
—
մրմնջեց։
—Ճամբադ
կորսնցուցիր,
—
գոռաց
Կոլոխւաթով։
—Ի՞նչ
ճամբայ.
երկար
ատեն
է,
որ
ճամբաս
կորսուած
է
արդէն։
Ճամբորդները
սոսկումէն
դողացին.
ա՛լ
ճամբայ
չկար,
եւ
փոթորի՜կը,
—
մա՛հ
էր ,
մա՛հ։
Վաճառականը
վար
իջաւ.
ձիւնին
մէջ
խորամխուած
կառքին
շուրջը
դարձաւ,
պարտասուն
ձիերը
քննեց,
եւ
բարկութիւնը
իջաւ.
ի՞նչ
ընել,
հարցուց
ինքնիրեն
յուսաբեկ,
ո՞ր
կողմէն
ջանալ
ճամբան
վերստին
գտնելու,
գիշերը
հոծ
էր
եւ
ոչ
մէկ
լուսաւոր
կ’երեւար
մթագին
երկինքին
վրայ։
—Ի՞նչ
ընենք,
—
յարեց
բարձրաձայն։
—Առա՛ջ
երթանք,
—
նետեց
երկչոտ,
Իւան
Տուրաք։
—Շլամի՜տ,
—
ոռնաց
վաճառականը,
—
երթա՜լ,
ինչպէ՞ս,
եւ
առա՜ջ,
դէպի
ո՞ւր,
Սադանի՞ն
…
հո՛ս
նայէ.
կը
տեսնե՞ս,
խէ՜րդ
պիտի
անիծեմ,
եւ
իրաւունք
պիտի
տան
ինծի։
Այս
նոր
բարկութեան
ճայթումները
ընդմիջուեցան
ոռնումովը
մոլորուած
շունի
մը,
որ
մինչեւ
հոն
կառքին
հետեւած
էր,
եւ
հիմակ
նստած,
խղճալի
ու
հեծեծագին,
կը
դողդողար
ամբողջ
մորթովը՝
առջեւի
մէկ
թաթը
վեր
վերցուցած։
—Ա՜,
դուն ,
սպասէ։
Ու
Կոլոխւաթով
ցատկեց։
—Թողէ՜ք
այդ
կենդանին,
—
ըսաւ
Իւան
Տուրաք,
—
գուցէ
անոր
հետ
մէկտեղ
սառինք։
Վաճառականը,
մինչեւ
ծունկերը
ձիւնին
մէջ,
ձիերուն
մօտեցաւ
եւ
անոնց
վիզը
շօշափեց.
հաստատապէս,
ա՛լ
չէին
կրնար
յառաջանալ,
եւ
իրենց
կեանքը
անոնցմէ
կախում
ունէր…
Այլ
սակայն
պէտք
էր
բան
մը
ընել,
յուսահատական
փորձ
մը.
ու
երեք
մարդիկը
գործի
սկսան.
ձիւնը
բարդելով
երկու
կողմին
վրայ
ետ
մղեցին,
որպէսզի
կարելի
ըլլար
կառքին
չուանները
քակել.
եւ
յետոյ,
կառապանը
առաջ
անցաւ,
Կոլոխւաթով
հետեւեցաւ
անոր,
ձիերուն
սանձը
բռնած.
հուսկ
յետոյ
կու
գար
Իւան
Տուրաք,
որ
դժուարաւ
կը
քալէր,
իւրաքանչիւր
քայլափոխին
մինչեւ
սրունքներուն
կէսը
սուզուելով,
հովը
այնքան
կատաղօրէն
կը
փչէր,
որ
անկարելի
էր
շնչառութիւնները
ճշդել.
աչքերը
կը
կսկծէին,
կիսովին
կուրացած.
սարսափելի
ցուրտ
մը
շարժումները
կը
հաշմէր.
Իւան
Տուրաք
շատ
չանցած
գետին
ինկաւ։
—Սեմէն
Աւդէի՛չ,
—
մրթմրթաց,
—
ա՛լ
ուժաթափ
եղայ.
շունը
քովս
նստաւ։
II
Հովը
փչեց-տարաւ
հէք
մարդուն
խօսքերը.
կառքը
արդէն
կ’անյայտանար
մրրիկին
մէջ։
Ծերունին,
սառնամանիքին
մէջ
նստած,
վայրկեանէ
վայրկեան
տկարանալը
կը
զգար։
—Տէ՜ր,
գթա՜
ինծի,
—
սկսաւ
աղօթել
բարձրաձայն։
Կոլոխւաթով
ճիշդ
ժամանակին
յիշեց
ծերունին,
ու
վերադառնալով՝
շուտով
գտաւ
զայն։
—Իւան
Նիքիթիչ,
ի՞նչ
կ’ընես
հոդ։
—Կը
մեռնի՜մ,
—
պատասխանեց
խոնարհաբար
ծերունին,
—
դուն
երիտասարդ
ես,
պէտք
է
ապրիս.
զիս
հոս
թող,
չեմ
ուզեր
այլեւս
քեզի
արգելք
ըլլալ։
Վաճառականը
զայն
ուժգնակի
վեր
բարձրացուց
ու
մինչեւ
կառքին
քով
տարաւ։
—Եթէ
մեռնիլ
կայ,
միասին
պիտի
մեռնինք,
—
մրթմրթաց
յուզումէն
շնչահեղձ։
Կառքը
ա՛լ
չէր
շարժեր.
կառապանը
գետին
նստած
էր.
անգամ
մը,
որ
ծերունին
կառքին
կաշեծածկին
տակ
պատսպարեց,
Կոլոխւաթով,
ձեռքի
հարուած
մը
տուաւ
կառապանին՝
զայն
սթափ
պահելու
համար.
ու
ձիերուն
քով
գնաց.
ձիերէն
մէկուն
ոտքը
գայթած
էր,
ու
ձիւնը
այնքան
խոր
էր,
որ
ձին
մէջը
կը
մխուէր,
այնպէս՝
ինչպէս
մարդ
կը
խղդուի։
Վաճառականը
լուցկի
մի
զարկաւ,
ու
դողդոջուն
պզտիկ
լոյսը
իրեն
ցցուց,
թէ
կենդանիի
աչքը
պղտոր
ու
անշարժ
էր։
Ամէն
ինչ
լմնցած
էր
…
ձիւնը
զիրենք
պիտի
լափէր։
—Շո՛ւտ,
լուծը
քակէ։
Կառապանը,
իր
ընդարմացած
մատներով,
հնազանդեցաւ
տաժանագին։
—Ձին
կորսուա՜ծ
է,
—
ըսաւ
անտարբեր։
—Անգամ
մը
որ
քակենք,
թերեւս
կարենան
երկուքը
մէկ
տուն
հասնիլ։
—Կորսուա՜ծ,
—
կրկնեց
կառապանը
միեւնոյն
շեշտով։
Երկու
կենդանիները
ոտքի
ելան,
եւ
Կոլոխւաթով
զանոնք
կառքէն
հեռացուց,
յուսալով,
որ
անոնք
բնազդաբար
տուն
պիտի
դառնային
գոյժը
տանելու.
բայց
անոնք
դարձան
կաշեծածկին
ետին
ապաստանելու,
մեծ
գութ
մը
վաճառականին
սիրտը
սեղմեց
…
ձիե՜րն
ալ
իրենց
հետ
մեռնիլ
կ’ուզէին։
Կառապանը
դարձեալ
կծկտած
էր
եւ
ամէն
վայրկեան
կ’աներեւութանար
մրրիկին
յորձանքներուն
մէջ.
երկու
քայլ
անդին՝
այլեւս
ոչինչ
կ’երեւար։
Կոլոխւաթով
կը
զգար,
թէ
անդիմադրելի
քնէածութիւն
մը
զինքը
կը
շրջապատէր,
դոյզն
շարժում
մը
մահու
չափ
ցաւազդու
էր,
սրունքները
կը
սայթաքէին։
Մօտեցաւ
կառքին,
որ
քառորդ
ժամուան
մէջ
կիսովին
սուզուած
էր.
—Իւա՛ն…
—Ահաւասի՛կ
եմ,
—
պատասխանեց
ծերունին,
որ
կ’աղօթէր։
—Ի՞նչ
պիտի
ընենք
կառապանը.
եղած
տեղը
պիտի
սառի։
Եւ
իր
մուշտակը
այնքա՛ն
թեթեւ
է,
ու
հովը
այնքա՜ն
խիստ
կը
խածնէ
որ
…
եկո՛ւր,
երեք
հոգիով
աւելի
կը
տաքնանք։
Իւան
Տուրաք
լուռ
էր.
կառքը
երեքը
միասին
պարունակելու
համար
շա՛տ
նեղկուկ
էր,
թող
թէ
սպասաւորը
կը
մերժէր
ներս
մտնել .
բայց
տէրը
զայն
բռնի
բերաւ։
—Ստահա՛կ,
պիտի
սառիս
հոն՝
ձիւնին
մէջտեղը։
—Սադանը
կը
զուարճանայ,
—
մրմնջաց
միւսը,
իր
հանդարտ
շեշտովը,
ու
արդէն
հովին
ազդեցութեան
տակ
իր
լեզուն
կը
թանձրանար։
Այս
տեղափոխութիւնը
բողոք
մը
բարձրացուց
շանը
կողմէն,
որ
այսպիսով
միս-մինակ
կը
մնար
ճամբուն
վրայ,
ու
այս
զրկանքին
դէմ
ոռնաց։
Կառքին
մէջ
մութ
էր.
երկու
հովի
միջեւ
կը
լսուէր
դոփիւնը
եւ
ուժգնակի
փռնգտուքը
ձիերուն՝
որոնք
գլուխնին
կաշեծածկին
կը
քսէին,
ի
զուր
յուսալով
պաշտպանուիլ։
Կոլոխւաթով
շունին
վրայ
խղճաց.
եթէ
ներս
առնէին,
ա՛լ
աւելի
պիտի
տաքնային։
—Անկարելի՛
է,
—
գոչեց
Իւան
Տուրաք,
—
արդէն
այս
անիծեալ
սպասաւորը
ոտքերս
կը
ճմլէ։
Երկար
ժամանակ
բառ
մը
չարտասանեցին.
ատեն-ատեն
վաճառականը
լուցկի
մը
կը
վառէր,
եւ
ակնարկ
մը
կը
նետէր
դռնակին
վրայ
բացուած
լուսամուտէն
դուրս.
ձիւնը
հիմակ
այդ
պատուհանիկին
կը
հասնէր.
շունը
թարթափուն
լոյսին
կը
վազէր
ու
կը
հեծէր
սրտաճմլիկ։
—Կը
խղդուիմ
կոր,
—
ըսաւ
վերջապէս
Իւան
Տուրաք,
գլուխս
կը
դառնայ։
—Եւ
սակայն,
Իւան,
—
դիտեց
Կոլոխւաթով,
—
կառապանը
ստոյգ
մահուան
չենք
կրնար
ղրկել,
ան
ալ
հոգի
ունի։
—Լա՛ւ,
ես
դուրս
կ’ելլեմ.
կը
նախընտրեմ
սառիլ,
քան
շնչահեղձ
ըլլալ։
Իրաւ
ալ
անկարելի
էր
շնչել
կառքին
մէջ,
որուն
ամենափոքր
ծակերն
իսկ
գոցած
էր
ձիւնը.
այն
վայրկեանին,
որ
Իւան
Տուրաք
դուրս
ելլելու
կը
պատրաստուէր,
սպասաւորը
ըսաւ,
թէ
ինք
պիտի
ելլէր։
—Իմ
հայրս
այսպէսով
վերջը
գտած
է,
ձիւնին
մէջ
…
դուն
կեցի՛ր,
ան
գիտէ
իր
ընելիքը։
Ա՛լ
վարանելու
ժամանակ
չէր.
իրենցմէ
մէկը
պէտք
էր
յանձնառու
ըլլար
միւսներէն
առաջ
սառելու։
Դռնակը
կիսովին
բացուեցաւ.
կառապանը
սահեցաւ
դուրս,
շունը
իրեն
եկաւ
հրճուագին
կաղկանձելով,
վստահ
հիմակ,
թէ
մինակ
պիտի
չմեռնէր։
Կառքին
մէջ՝
դամբանի
մթութիւն,
շուրջանակի
մրրիկը
կը
պոռչտայ
թռչուններու
անծայր
անցքի
մը
պէս.
երկինքէն
ու
երկրէն
ինչ
որ
կը
զանազանուի,
կարծես
խառնակուած
է
թեւերու
առասպելական
յորձքերու
մէջ։
Կոլոխւաթով
կը
խորհի
իր
կառապանին
վրայ,
որ
հոն,
մօտիկը ,
կ’ոգեվարի։
Իւան
Տուրաք
աղօթկեր՝
մահուան
կը
սպասէ.
վայրկեան
մը
կը
սարսռայ,
իր
քովէն
լսելով
հեծկլտուքներ՝
որոնք
մանուկի
մը
լացին
կը
նմանին։
—Սեմէն
Աւդէի՛չ,
աղաւնի՛ս,
պէտք
չէ
քաջութիւնը
կորսնցնել։
Հեծքերը
կը
կրկնապատկուին։
—Սեմէն
Աւդէի՜չ,
յուսահատութիւնը
մեղք
է։
—Ես
իմ
վախճանէս
չեմ
վախնար,
բայց,
ա՜հ,
որքա՜ն
սարսափելի
է
մեռնիլ,
այս
մեղքերու
բեռան
տակ
…
Իւա՛ն,
յաճախ
վիրաւորած
եմ
սիրտդ
…
շա՜տ
յաճախ
…
ներէ՛
ինծի։
—Աստուած
պիտի
ներէ
քեզի,
բայց
դուն
ալ
ինծի՛
ներէ։
Լռութիւնը
դարձեալ
տիրեց
անոնց
միջեւ,
ուրուականը
կ՚ոռնար
ու
կը
հեծէր,
մերթ
կարծես
անսուաղ
ճիւաղներու
ամբոխներ
միջոցին
մէջ
կը
պայքարէին։
Հեծկլտուքները
դադրած
էին.
Կոլոխւաթով,
հանդարտած ,
ըսաւ.
—Իւան
Նիքիթիչ,
դուն
ծերունի
մըն
ես,
խոստովանեցո՛ւր
զիս։
—Ինչպէ՞ս
կրնամ
ընել
ատիկա,
ես
բոբ
չեմ։
—Ծայրայեղ
պարագաներու
մէջ
արարողութիւն
կրնայ
ընել
մարդ.
դուն
գիտես
եկեղեցիին
ծէսերը
…
չեմ
ուզեր
մեղաւոր
մեռնիլ.
այո՛,
որքան
ալ
որ
երիտասարդ,
սակայն
շատ
մեղք
գործած
եմ։
Իւան
Տուրաք
հազաց՝
ձայնին
ուժգնութիւն
տալու
համար,
եւ
արտասանեց
հանդիսաւոր.
—Տէ՜ր,
մաքրէ՜
զիս,
ողորմէ՛
մեղաւորիս.
—
յետոյ
յարեց.
—Գլուխդ
բաց,
Սեմէն
Աւդէիչ՝
Ծառայ
Տեառն։
Միւսը
հնազանդեցաւ.
ծերունիին
սառուցիկ
ձեռքը
հանգչեցաւ
մատաղ
գլխուն
վրայ,
ու
դողդոջուն
ձայն
մը
արտասանեց
առաջին
աղօթքը։
Կոլոխւաթով
կու
լար,
իր
կարգին,
Իւանի
պատուէրին
համաձայն. ,
Հաւատամքեը
ըսաւ,
եւ
յետոյ
սկսաւ
ճշմարիտ
խոստովանանքի
մը։
—Սեմէն
Աւդէիչ՝
Ծառայ
Տեառն՝
կը
յիշե՞ս,
թէ
Աստուծոյ
կը
խօսիս,
եւ
ոչ
ինծի։
Գրեթէ
ամէն
հարցումի
զղջացեալը
կը
պատասխանէր.
—Մեղա՜յ
Աստուծոյ…
—Հիմակ
չե՞ս
յիշեր,
—
հարցուց
վերջապէս
ծերունին,
—
մասնաւոր
մեղքեր։
—Ամէն
բանի
մէջ
մեղք
գործեցի
…
Նախանձեցայ,
եւ
իմ
վիճակս
ինծի
երբեք
բաւական
չէր
թուեր.
միշտ
իմ
ունեցածէս
աւելիին
պէտք
ունէի,
ու
միշտ
աւելիի՜ն.
ինքզինքս
գոհացնելու
համար
ուրիշին
ստացուածքին
աչք
կը
տնկէի.
իմ
ծերութեան
տարիներուս
պիտի
զղջամ
կ’ըսէի
ինքն
իրենս.
Աստուած
չուզեց,
որ
այդ
տարիքին
հասնիմ
…
Եւ
հիմակ
իմ
հէք
հօրաքոյրս՝
Քաթերինա
Սթեֆանովնա՝
բացը
պիտի
մնայ
իր
զաւակներով,
որովհետեւ
զինքը
խաբեցի,
եւ
իր
պզտիկներուն
ապրուստը
ապահովելու
բնաւ
հոգ
չտարի.
եւ
ոչ
իսկ
իմ
հոգիիս
փրկութեան
փոյթ
կ’ընէի.
կը
կրկնեմ,
ամէն
կերպ
մեղքերով
յանցաւոր
եմ…
—Աստուած
թողութիւն
շնորհեսցէ…
—Իմ
խնամակալութեանս
յանձնուած
երկու
քեռորդիներուս
ժառանգութիւնը
իւրացուցի
…
տափաստանին
մէջ
շատ
մը
աղջիկներ
առեւանգեցի։
—Աստուած
թողութիւն
շնորհեսցէ…
Կոլոխւաթով
զգաց,
թէ
վերջին
քունը
կը
ծանրանար
իր
վրայ.
իրեն
կը
թուէր,
հիմակ,
մրրիկը
չէր
այլեւս,
որ
հոն,
վերը,
կը
գոռար,
այլ՝
նախախնամութեան
ձայնը։
—Արձակեսցէ
քեզ
Աստուած
յամենայն
մեղաց
քոց,
Սէմէն
Աւտէիչ՝
Ծառայ
Տեառն,
—
արտասանեց
անգամ
մըն
ալ
Իւան
Տուրաքի
հաստ
ձայնը…
Երեք
օր
վերջը,
երբ
վերջապէս
փոթորիկը
դադրեցաւ,
կառքը
գտան
իր
ձիւնէ
փոսին
մէջ։
Մարդ
ու
անասուն
սառած
էին,
ու
մեռած՝
իրարու
քով,
ինչպէս
ապրած՝
քով
քովի։
ՄԱՄԻՆ
ՍԻՊԻՐԵԱՔ
1906