ԴԱՏԱՍՏԱՆԱՏՈՒՆԸ
Լռութիւնը
տիրեց
Դատաստանատան
մէջ,
եւ
Մարդը՝
մերկ՝
երեւցաւ
Աստուծոյ
առջեւ։
Եւ
Աստուած
բացաւ
Մարդուն
Կեանքին
Գիրքը։
Աստուած
ըսաւ
Մարդուն.
—
Դուն
գէշ
կեանք
մը
ունեցար,
անգութ
գտնուեցար
անոնց
հանդէպ,
որ
օգնութեան
կը
կարօտէին,
եւ
անոնց ,
որ
օժանդակութեան
պէտք
ունէին.
դաժան
ու
կարծրասիրտ
եղար։
Աղքատները
քեզի
կը
դիմէին
ու
դուն
չէիր
լսեր,
եւ
ականջներդ
գոց
կը
մնային
Իմ
վշտահարներուս
աղաղակին։
Որբերուն
ժառանգութիւնը
իւրացուցիր,
ու
դրացիիդ
այգիներուն
մէջ
աղուէսներ
արձակեցիր։
Մանուկներուն
հացը
առիր
ու
շուներուն
կերցուցիր.
ու
պողոտաներուն
վրայ
ետեւէն
ինկար
իմ
բորոտներուս՝
որ
ճահիճներուն
մէջ
կ’ապրէին
եւ
որոնք
հանգստաւէտ՝
զիս
կը
գովէին.
եւ
Իմ
երկրիս
վրայ,
ուրկէ
շինուեցար՝
շատ
մը
խողխողանքներ
ըրիր։
Ու
Մարդը
պատասխանեց։—
Ըրի՛
այդ
ամէնը։
Աստուած
բացաւ
կրկին
Մարդուն
Կեանքին
Գիրքը։
Եւ
ըսաւ
Աստուած
Մարդուն.
—
Դուն
գէշ
կեանք
մը
վարեցիր,
ու
փնտռտկեցիր
Գեղեցկութիւնը՝
զոր
աչքիդ
առջեւ
դրի.
ու
չկրցար
պահել
Բարին՝
զոր
ծածկեցի։
Սենեակիդ
պատերը
պատկերներով
նկարեցիր,
ու
սրինգներու
ձայնով
ելար
պղծութեան
անկողինէդ։
Եօթը
սեղաններ
կանգնեցիր
այն
մեղքերուն՝
որոնց
համար
մեռայ,
ու
կերար
բաներ՝
զոր
ուտելու
չէիր,
եւ
հանդերձանքիդ
ծիրանին
ամօթի
երեք
նշաններով
բանուած
էր։
Կուռքերդ
ո՛չ
ոսկի
էին,
ոչ
ալ
արծաթ՝
որոնք
կը
տեւեն,
այլ՝
միսէ,
որ
կը
մեռնի։
Անոնց
վարսքը
անուշոյքով
կ’օծէիր,
ու
նուռեր
կը
գնէիր
անոնց
ձեռքերուն
մէջ։
Անոնց
ոտքերը
քրքումով
կը
լուայիր
ու
գորգերդ
կը
փռէիր
անոնց
առջին։
Անոնց
թարթիչները
ծարիրով
կը
ներկէիր,
ու
զմուռսով
կը
ծեփէիր
անոնց
մարմինները։
Անոնց
առջին
կը
ծնրադրէիր
ու
կուռքերուդ
գահերը
արեւին
տակ
կը
բարձրանային։
Արեւին
ամօթ՝
եւ
լուսնին
շամբշանք
ցուցուցիր։
Մարդը
պատասխանեց.
—
Ըրի
այդ
ամէնը։
Երրորդ
անգամ
մըն
ալ
Աստուած
բացաւ
Մարդուն
Կեանքին
Գիրքը։
Եւ
Աստուած
ըսաւ
Մարդուն.
—
Կեանքդ
չարիք
եղաւ։
Բարիին
չարիք
ըրիր,
ու
վնաս
հասցուցիր
քեզի
բարիք
ընողներուն։
Վիրաւորեցիր
ձեռքերը,
որ
քեզ
սնուցին,
եւ
անգոսնեցիր
ստինքները՝
որ
քեզի
կաթ
տուին։
Քեզի
ջուրով
եկողը՝
ծարաւ
ետ
դարձաւ,
եւ
արշալոյսէն
առաջ
մատնեցիր
քեզ
իրենց
վրաններուն
մէջ
պահող
տարագիրները։
Որոգայթի
մէջ
ձգեցիր
թշնամիդ՝
որ
քեզ
խնայեց,
ու
դրամով
ծախեցիր
քայլակից
բարեկամդ
ու
քեզի
Սէր
բերողներուն
փոխարէն
Զեխութիւն
տուիր։
Մարդը
պատասխանեց.
—
Ըրի
այդ
ամէնը։
Աստուած
գոցեց
Մարդուն
Կեանքին
Գիրքը
եւ
ըսաւ.
—
Վստահաբա՛ր,
քեզ
Դժոխք
պիտի
ղրկեմ.
Դժոխք
ղրկել
կ’ուզեմ
քեզ։
Մարդը
պոռաց.
—
Չե՜ս
կրնար։
Աստուած
ըսաւ
Մարդուն.
—
Ինչո՞ւ
համար
եւ
ի՞նչ
պատճառով
չեմ
կրնար
եղեր
քեզ
Դժոխք
ղրկել։
—Որովհետեւ
Դժոխքի
մէջ
անցուցի
կեանքս,
—
պատասխանեց
Մարդը։
Ու
լռութիւնը
տիրեց
Դատաստանատան
մէջ։
Վայրկեան
մը
յետոյ
Աստուած
խօսեցաւ
ու
ըսաւ
Մարդուն.
—
Քանի
որ
քեզ
Դժոխք
չեմ
կրնար
ղրկել,
ապահովաբար
քեզ
Երկինք
պիտի
ղրկեմ.
Երկինք
ղրկել
կ’ուզեմ
քեզ։
Մարդը
պոռաց.
—
Չե՜ս
կրնար։
Եւ
ըսաւ
Աստուած
Մարդուն.
—
Ինչո՞ւ
համար
եւ
ի՞նչ
պատճառով
չեմ
կրնար
քեզ
Երկինք
ղրկել։
—Քանզի
երբեք
եւ
ոչ
ուրեք
կարող
եղած
եմ
Երկինքը
երեւակայելու,
—
պատասխան
տուաւ
Մարդը։
Ու
լռութիւնը
տիրեց
Դատաստանատան
մէջ։
ՕՍՔԱՐ
ՈՒԱՅԼՏ