Թարգմանութիւններ եւ փոխադրութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԻՄԱՍՏՈՒԹԻՒՆ ՍՈՐՎԵՑՆՈՂԸ
      
       Իր մանկութենէն ի վեր կատարեալ աստուածագիտութեամբ լեցուած էր, եւ նոյնիսկ երբ պատանի էր. բազմաթիւ սուրբեր, ինչպէս նաեւ մէկ քանի սրբուհիներ՝ որոնք իր ծնած արձակ ոստանին մէջ կը բնակէին՝ զարմանալու չափ զգացուած էին իր պատասխաններուն ծանրալուրջ իմաստութենէն։
       Երբ իր ծնողները առնութեան պատմուճանն ու մատնին տուին իրեն, համբուրեց զանոնք, հրաժեշտ առաւ աշխարհի մէջ շրջելու եւ մարդոց Աստուծոյ վրայ խօսելու համար։ Որովհետեւ այն ատենները շատերը կային աշխարհի վրայ, որ Աստծուն բնաւ չէին ճանչնար, կամ թերի ծանօթութիւն մը ունէին անոր մասին, եւ կամ կը պաշտէին չաստուածներն, որոնք անտառակներու մէջ կը բնակին եւ փոյթ չեն ըներ զիրենք պաշտողները։
       Երեսը արեւին դարձուց ու ճամբայ ինկաւ, քալելով՝ առանց տրեխի՝ ինչպէս սուրբերը, զորս տեսած էր, ու մէջքէն անցուցած կաշեպարկ մը ու թրծուն կաւէ սափորիկ մը։
       Մինչ պողոտայէն կ’անցնէր, ինքը լեցուն էր այն հրճուանքով, որ Աստուծոյ կատարեալ ճանաչողութենէն կը բխի եւ անդադար Անոր գովքը կ’ընէր։ Ժամանակ մը վերջ հասաւ օտար երկիր մը՝ ուր բազմաթիւ ոստաններ կային։
       Տասնմէկ ատեաններէ անցաւ։ Այդ քաղաքներէն մէկ քանին հովիտներու մէջ էին, ուրիշներ՝ մեծ գետերու ափունքը, եւ ուրիշներ՝ բլուրներու վրայ։ Իւրաքանչիւր քաղաքի մէջ զինքը սիրող ու իրեն հետեւող աշակերտ մը գտաւ, ու նաեւ ամէն մէկ քաղաքէ ամբոխ մը կը հետեւէր իրեն, եւ Աստուծոյ գիտութիւնը կը տարածուէր բովանդակ երկրի մէջ. շատ մը իշխաններ դաւանափոխ եղան, ու քուրմերը այն տաճարներուն, ուր կուռքեր կային՝ տեսան թէ իրենց շահուն կէսը կորսուած էր, եւ երբ միջօրէին իրենց թմբուկները կը զարնէին, հազուագիւտ հաւատաւորներէ զատ ոչ ոք կու գար սիրամարգներով եւ ուտեստի ընծաներով՝ ինչպէս սովորութիւն էր անոր գալէն առաջ։
       Եւ սակայն քանի ժողովուրդը իրեն կը հետեւէր ու քանի կը ստուարանար իր աշակերտներուն թիւը, այնքան ալ իր ցաւը կ’աճէր եւ անիկա չէր գիտեր, թէ ինչո՞ւ իր վիշտը այնքան մեծ էր։ Որովհետեւ միշտ Աստուծոյ վրայ կը խօսէր, ներշնչուելով կատարեալ աստուածագիտութեան այն լիութենէն՝ զոր Աստուած տուած էր իրեն։
       Իրիկուն մը դուրս ելաւ տասնմէկերորդ քաղաքէն եւ իր աշակերտներն ու մեծ բազմութիւն մը իրեն կը հետեւէին. լերան մը վրայ ելաւ ու հոն ժայռի մը վրայ նստաւ, եւ իր աշակերտները շուրջը հաւաքուեցան, ու բազմութիւնը ծնրադրեց հովիտին մէջ։
       Գլուխը երկու ափին մէջ առաւ ու լացաւ. եւ ըսաւ իր Հոգիին. Ինչո՞ւ ցաւով ու երկիւղով լեցուն եմ, եւ ինչո՞ւ իմ աշակերտներէս անձնիւրը միջօրէի արեւին պայծառութեանը մէջ քալող թշնամի մըն է։
       Եւ իր Հոգին պատասխանեց. Աստուած քեզ լեցուց իր կատարեալ գիտութիւնով, եւ դուն այդ գիտութիւնը ուրիշներուն յանձնեցիր. մեծագոյն մարգարիտը բաժնեցիր եւ անկար հանդերձանքը բզկտեցիր։ Այն, որ իր ունեցած իմաստութիւնը ուրիշին կու տայ, ինքը բացը կը մնայ. անիկա իր գանձը աւազակին տուողին կը նմանի։ Միթէ Աստուած քենէ աւելի իմաստուն չէ՞. ո՞վ ես դուն, որ ուրիշին տաս Աստուծոյ քեզի վստահած գաղտնիքը։ Ատենօք հարուստ էի, ու դուն զիս աղքատցուցիր։ Երբեմն Աստուած կը տեսնէի, եւ հիմակ դուն զայն ինձմէ ծածկեցիր։
       Վերստին լալ սկսաւ, քանզի գիտէր, թէ իր Հոգին ճշմարտութիւնը կ’ըսէր իրեն, եւ թէ ինքը կը նմանէր մէկուն, որ Աստուծոյ հանդերձին կը պլլուի՝ եւ որուն հաւատքը զինքը կը թողու՝ քանի Աստուծոյ վրայ հաւատացողները շատնան։
       Եւ ըսաւ ինքն իրեն. Ա՛լ Աստուծոյ վրայ պիտի չխօսիմ. այն, որ իր իմաստութիւնը ուրիշին կու տայ, ինքը բացը կը մնայ։
       Քանի մը ժամ անցնելէ վերջ, իր աշակերտները եկան իրեն, երկրպագեցին ու ըսին. Տէ՛ր, Աստուծոյ վրայ խօսէ մեզի, որովհետեւ դուն կատարելապէս կը ճանչնաս զայն, ու քենէ զատ ոչ ոք ունի այդ ճանաչողութիւնը։
       Անիկա պատասխանեց. Կը խօսիմ ձեզի Երկրի ու Երկնի մէջ գտնուող բոլոր բաներուն վրայ, բայց ձեզի Աստուծոյ մասին չեմ խօսիր։
       Բարկացան անոնք ու ըսին. Մեզի անապատը բերիր, որպէսզի կարենանք քեզ լսել. անօթի՞ ետ պիտի ղրկես մեզ, ու մեծ բազմութիւնը, զոր ետեւէդ ձգեցիր։
       Անիկա պատասխանեց. Չպիտի խօսիմ ձեզի Աստուծոյ վրայ։
       Ամբոխը տրտնջաց, ըսելով. Մեզ անապատը առաջնորդեցիր եւ մեզի ոչ մէկ սնունդ տուիր։ Աստուծոյ վրայ խօսէ մեզի, եւ այդ բանը կը բաւէ։
       Բայց անիկա բառ մը չպատասխանեց անոնց, քանզի գիտէր, թէ երբ անոնց Աստուծոյ վրայ խօսէր, իր գանձէն պիտի կապտուէր։
       Եւ իր աշակերտները տխրութեամբ հեռացան, ու ժողովրդի բազմութիւնը իր բնակութիւնը դարձաւ։ Շատերը ճամբան մեռան։
       Երբ որ մինակ մնաց , ոտքի ելաւ եւ դէմքը լուսնին դարձուցած ճամբորդեց եօթը ամիս, ոչ ոքի խօսելով ու ոչ ոքի պատասխանելով. եօթներորդ ամսուն վերջերը հասաւ այն անապատը՝ որ Մեծ Գետին անապատն է։ Քարայր մը գտնելով, ուր յուշկապարիկ մը բնակած էր ատենօք , զայն բնակարան ըրաւ ու վրան հանգչելու համար եղէգէ անկողին մը շինեց, ու եղաւ Ճգնաւոր։ Եւ ամէն մէկ ժամ Ճգնաւորը Աստուած կը գովէր, անոր համար, որ անիկա թոյլ տուած էր իրեն պահել Անոր եւ Անոր հրաշալի մեծութեան մասին քիչ մը ծանօթութիւն։
       Արդ, իրիկուն մը, երբ Ճգնաւորը նստած էր քարայրի առջին, զոր բնակարան ընտրած էր, չարաբարոյ երիտասարդ մը տեսաւ, որ շատ գեղեցիկ դէմք մը ունէր, եւ որ կ’անցնէր բարակ հագուստով, ձեռքերը պարապ։ Ամէն իրիկուն, ձեռքը պարապ, երիտասարդը անցաւ, եւ ամէն առտու վերադարձաւ, ձեռքերը ծիրանիով ու մարգարիտներով լեցուն. որովհետեւ աւազակ մըն էր անիկա՝ որ վաճառականներու կարաւանները կը կողոպտէր։
       Ու Ճգնաւորը գիտէր զայն ու գթաց անոր վրայ։ Բայց բան մը չըսաւ, որովհետեւ գիտէր, թէ ով որ խօսի, հաւատքը կը կորսնցնէ։
       Առտու մը, երիտասարդը երբ կը վերադառնար, ձեռքերը ծիրանիով եւ մարգարիտներով լեցուն, կանգ առաւ, յօնքերը պռստեց, ոտքը աւազին զարկաւ ու ըսաւ Ճգնաւորին. Ինչո՞ւ անցած պահուս ինծի այդ կերպով կը նայիս։ Ի՞նչ է ան, զոր աչքերուդ մէջ կը տեսնեմ, որովհետեւ ոչ մէկ մարդ ինծի այդ կերպով նայած չէ, եւ այդ բանը ինծի համար փուշ է ու տաղտուկ։
       Ճգնաւորը պատասխանեց. Իմ աչքերուս մէջ տեսածդ գութն է։ Գո՜ւթն է, որ իմ աչքերուս մէջէն քեզի կը նայի։
       Երիտասարդը արհամարհոտ քրքիջ մը արձակեց ու դառն շեշտով մը ըսաւ Ճգնաւորին. Ես ծիրանի ու մարգարիտներ ունիմ ձեռքերուս մէջ, եւ դուն մէջը հանգչելու համար եղէգէ անկողին մը լոկ ունիս։ Դուն ի՞նչ գութ կրնաս ունենալ իմ մասիս. եւ ի՞նչ պատճառով ունենայիր այդ գութը։
       —Կը գթամ քու վրադ, ըսաւ Ճգնաւորը, որովհետեւ Աստուծոյ գիտութիւնը չունիս։
       —Այդ գիտութիւնը թանկագի՞ն բան մըն է, հարցուց երիտասարդը, քարայրին մինչեւ մուտքը յառաջանալով։
       —Անիկա աւելի թանկագին է, քան աշխարհին բոլոր ծիրանին ու մարգարիտները, պատասխանեց Ճգնաւորը։
       —Ու դուն ունի՞ս զայն, հարցուց աւազակը, ա՛լ աւելի յառաջանալով։
       —Ատենօք, հապա՜, պատասխանեց Ճգնաւորը, Աստուծոյ կատարեալ ծանօթութիւնը ունէի։ Բայց, իմ անմտութենէս, ինձմէ հանեցի ուրիշներուն ցրուեցի զայն։ Եւ սակայն, նոյնիսկ հիմա, ինչ որ կը մնայ ինծի այդ ծանօթութենէն, ինծի համար աւելի թանկագին է, քան ծիրանին ու մարգարիտները։
       Երբ երիտասարդ յելուզակը ասիկա լսեց, ձեռքը գտնուած ծիրանին ու մարգարիտները նետեց, ու պողպատէ կորածայր թուր մը քաշելով՝ ըսաւ Ճգնաւորին. Տո՛ւր ինծի անմիջապէս այդ Աստուծոյ գիտութիւնը՝ զոր ունիս, եթէ ոչ՝ անկասկած քեզ կը սպաննեմ։ Ինչո՞ւ չպիտի մեռցնեմ մէկը՝ որ իմինէս աւելի մեծ գանձ մը ունի ձեռքի տակ։
       Ճգնաւորը թեւերը բացաւ ու ըսաւ. Ինծի համար լաւագոյն չպիտի՞ ըլլար մինչեւ Աստուծոյ արքայութեան սահմանները երթալ ու գովաբանել զինքը, քան աշխարհի մէջ ապրիլ անոր գիտութենէն զրկուած։ Մեռցո՛ւր զիս, եթէ այդ է փափաքդ, բայց ես քեզի չպիտի տամ աստուածագիտութիւն։
       Երիտասարդ աւազակը ծնրադրեց ու թախանձեց, բայց Ճգնաւորը չուզեց անոր խօսիլ Աստուծոյ վրայ, ոչ ալ անոր տալ ուզեց իր գանձը։ Երիտասարդը ոտքի ելաւ ու ըսաւ Ճգնաւորին.
       —Թո՛ղ ուզածիդ պէս ըլլայ։ Գալով ինծի, ես Եօթը Մեղքերուն քաղաքը պիտի երթամ, որ ասկէ քալելով երեք օր մինակ հեռու է, եւ իմ ծիրանիիս փոխարէն հաճոյքներ պիտի տան ինծի ու մարգարիտներուս տեղ զբօսանքներ պիտի ծախեն։
       Եւ ծիրանին ու մարգարիտները ժողվելով արագօրէն հեռացաւ։
       Ճգնաւորը զայն կանչեց, ու թախանձագին հետեւեցաւ անոր։ Երեք օրուան միջոցին ճամբան բռնեց-գնաց երիտասարդ աւազակին ետեւէն, յորդորելով, որ ետ դառնայ ու Եօթը Մեղքերու քաղաքը չմտնէ։
       Ատեն-ատեն երիտասարդը Ճգնաւորին կը դառնար, կը կանչէր զայն ու կ’ըսէր. Կ’ուզե՞ս տալ ինծի Աստուծոյ այդ գիտութիւնը՝ որ ծիրանիէն ու մարգարիտներէն աւելի թանկագին է։ Եթէ կ’ուզես տալ զայն ինծի, քաղաքը չեմ մտներ։
       Եւ միշտ Ճգնաւորը կը պատասխանէր. Կու տամ քեզի ինչ որ ունիմ, այդ միակ բանէն զատ։ Որովհետեւ զայն քեզի տալ թոյլատրուած չէ ինծի։
       Ու երրորդ օրուան վերջալոյսին, Եօթը Մեղքերու քաղաքին ծիրանեգոյն մեծ դուռներուն մօտեցան։
       Ու քաղաքէն մեծ հաճոյքի մը աղմուկը կու գար, որուն հանդէպ երիտասարդ աւազակն ալ ուրախացաւ ու ձեռքը վեր առաւ դուռը զարնելու համար։
       Այս վայրկեանին Ճգնաւորը առաջ վազեց, երիտասարդին քղանցքէն քաշեց ու ըսաւ անոր.
       —Երկաթէ՜ ձեռքերդ ու բազուկներդ վզի՛ս անցուր. ականջդ լաւ մը շրթունքներուս դիր, ու քեզի պիտի տամ ինչ որ կը մնայ ինծի Աստուծոյ Գիտութենէն։
       Երիտասարդը կեցաւ։ Եւ երբ Ճգնաւորը տուաւ իր աստուածագիտութիւնը, հողին վրայ կքեցաւ ու լացաւ, ու մեծ խաւար մը իր աչքերէն ծածկեց քաղաքն ու աւազակը, այնպէս որ՝ ա՜լ չտեսաւ զանոնք։
       Մինչդեռ հոն կը մնար արտասուագին, զգաց որ մէկը իր քովը ոտքի կեցած էր. արոյրէ ոտքեր ու բարակ բուրդի պէս մազեր ունէր ան։ Եւ անիկա վեր վերցուց Ճգնաւորը եւ ըսաւ անոր։ Մինչեւ այսօր Աստուծոյ կատարեալ գիտութիւնը ունէիր. հիմակ Աստուծոյ կատարեալ սէրը պիտի ունենաս։ Ինչո՞ւ ուրեմն կու լաս։
       Եւ համբուրեց զայն։
       ՕՍՔԱՐ ՈՒԱՅԼՏ