39.
ՍԻՐԵՐԳ
Ձիւնին
վրայէն
կ'երթաս,
արե՜ւ
ձիւնածաղիկ,
Քայլիդ
չափն
է
կոչնակին
ձայնը
ժամուն,
Շուրջդ
է
ծիածան,
օ՜հ,
առտըւան
այս
ժամո՜ւն,
Սիրտդª
ուխտադիր
սրբութեան
մը
խաղաղիկ:
Ձիւնին
վրայէն
կ'երթաս,
արե՜ւ
ձիւնածաղիկ,
Մնջելով
ունկն
ի
վար
աղօթքդ
անծանօթ,
Ու
շփելով
շուրթիս
սիւք
մը
միւռոնհոտ:
Հիմա
կ'երգեն,
օ՜հ,
“Զարթի՜ք,
փառք
իմ
զարթի՜ք…”:
Ձիւնին
վրայէն
կ'երթաս,
արե՜ւ
ձիւնածաղիկ,
Կ'երթաս,
ո՜վ
կոյս,
ձիւնին
վրայէն
իմ
սրտիս,
Յօրինելով
գունեան
կայծեր
ու
աստղի՜կ.
Իմ
տաղարանս`
ուր
դուն
կ'երգես,
կը
ժպտիս: