42.
ՍԻՐԵՐԳ
Երբ
կը
մեկնիմ
ես
քու
քովէդ,
Կ'ըլլամ
շիկնոտ
ու
թրուըռուն`
Ինչպէս
կ'ըլլայ`
բուրումնաւէտ
Վարդենիքէն
անցնող
առուն:
Եւ
ջուրին
պէս
այն
թրւըռուն ,
Քու
նախընծայ
գրկանքիդ
հետ,
Մոլորելով
կ'ըլլայ
անհետ`
Գետ
հոգւոյդ
մէջ`
սրտիս
առուն:
Ու
գետին
պէս`
սրտիս
առուն
Կը
տանիս
քու
մահուան
ճամբէդ`
Զարնելով
զայն
մերթ
ծաղկաւէտ
Ափունքներուն`
մերթ
քարերուն: