Պատմութիւն հրակիզման Կոստանդնուպոլսոյ (1660 տարւոյ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Յաւելուածիս վերջաւորութեան պիտի ներկայացնենքիր հինգ քերթւածները եւս։ Ասոնցմէ առաջինըԱստուածամօր նուիրուած ներբողեան մըն է։ Եթէ չենքսխալիր, առաջին անգամ հրատարակուած է Տրդատ Եպսկ. Պալեանի (1850-1923) կողմէ «Բիւրակնե հանդէսին մէջ(8. Հոկտ. 1898, թ. 34-35, էջ՝ 612-613)։ Կը բաղկանայ ինըքառեակէ։ Յօրինուած է մէկ տող հայերէն եւ մէկ տողթուրքերէնով. «ԵՐԵՄԻԱՅԻ Էե ծայրանունի վրայ։ Նմանտաղերու՝ կարելի է հանդիպիլ մեր հին այլբանաստեղծներու մօտ ալ։

Երկրորդ անգամ լոյս ընծայուած է ՅարութիւնՔիւրտեանի (1901-1976) կողմէ, Թորոս Ազատեանի (1893-1955)«Աստղաբերդե հանդէսին մէջ (1952, Մայիս-Յուլիս, էջ՝39)։ Քիւրտեան զայն քաղած է, իր անձնականհաւաքածոյին պատկանող՝ եւ 1678-1681թթ. Պօլսոյ մէջգրչագրուած ձեռագիր տաղարանէ մը։ Վերջնոյսբնագիրը աւելի հարազատ է, դեռ Երեմիա Չէլէպիիկենդանութեան գրի առնուած ըլլալուն պատճառաւ։Մինչդեռ Պալեանինը կը պարունակէ մի քանիանճշդութիւններ։ Ասոր փոխարէն՝ Քիւրտեանի բնագրինվերջին քառեակին երրորդ տողին մէջ անցնող «զիյատէեբառը, պէտք է որ ըլլայ «ձեզանէե։ Իսկ առաջինքառեակին երկրորդ տողին «սուլթանե բառն ալ Պալեանիմօտ «բուրեանե է։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Քիւրտեանի բնագիրը։

Գովեստ առ Ս. Աստուածածնի ասացեալ Երեմիայի բանասիրէ

Երանեալ կոյս սուրբ տալիթայ Մարիամ,
Ըռուհի փաք վէ ուրուհքեարի սուլթան,
փըրկչին մերոյ տուն ու տեղի բնակութեան,
պէնիմ արզըմ սանայ սունտում Մէրիէմ։

Րաբունին բանն որ էր ծոց Հօր յառաջմէ,
Նուր իտի հէմ նուրտան տօղմիշ օլ կեօկտէ,
նա հաճեցաւ առնուլ մարմին ի քէնէ,
Ճէպրայէլի սալտի սանայ մուճտէյէ։

Եկեալ հրեշտակ տայր զաւետիս ողջունի,
սանայ մուճտէ շազ օլ քըզլար սուլթանի,
ի քեզ իջցէ ամենազօր Սուրբ Հոգի,
ղուվէթուլլահ ուստունէ սէյվան քիպի։

Մաքուր հոգոյդ մաքուր հոգին իջանի,
նուրի թախիխ սանայ էնուպ հէլլ օլտի,
անմայր ծընեալ անժամանակ Հօր ծոցի,
պու կիւն կէլուպ սէնտէն աթասըզ տօղտի։

Իսկուհի կոյս ծընունդ քո սուրբ եւ սըխրալի,
արի քըզ սէն թանկըրմըն վալիտէսի,
ծառ կենաց դու ծաղիկ անթառամելի,
պիքր ու արի տօղտուն Մըսիհուլլահի։

Արդ սըրբուհի զքեզ որ լեզու դրուատէ,
փունղար օլտուն զուտու ապիհայաթէ,
զգեղեցկաշէն տաճարըդ լուսոյ ով գովէ,
հուրմուզ իքէն օլտուն լալ ու կէվհէրէ։

Յարկ գերարփին աստուածընկալ դու խորան,
նէ մուպարէք իսմին սէնին Մէրիէմ,
սափոր ոսկի լըցեալ ՚ի քեզ մանանայն,
պէյթուլլահ սէն նուրտան մէհրապ Մէրիէմ։

Ի քազ նայիմք ծնօղ անեղիդ մայր սուրբ կոյս,
մուրվէթքեանի ճէմիմիզէ սէն ումուզ,
լեր բարեխօս առ քո որդին Տէր Յիսուս,
զիքրիմ գապուլ էյլէ նիազ հէր ռուզ։

Է հայրք ւ՚եղբայրք իղձս ոչ յարգել յայսմանէ,
քի սեւզլէրիմ քարարըմտան զիյատէ,
անմեղադիր լինել հայցեմ ձեզանէ,
սիզէ յէսիր Քեմուրճի զատէ։

Որպէսզի Երեմիա Չէլէպիի ցան ու ցրիւ տաղերըայստեղ ի մի հաւաքւին, յարմար դատեցինք, ԱրշակՉօպանեանի՝ Վենետիկի Մխիթարեանց թիւ 556 ՁեռագիրՏաղարանէն օգտուելով հրատարակած, միւս չորսքերթուածները եւս լոյս ընծայել։

Ասոնցմէ առաջինը կը կրէ «Երգ սիրոյե խորագիրը։Սկիզբէն երկու տող եւ վերջաւորութենէն ալ քառեակմը եւ կամ մէկէ աւելի քառեակներ դուրս ձգուած են։Պատճառը կը կարծենք թէ՝ սիրային անպատշաճ խօսքերպարունակելն է։ Յաջորդ երկու տաղերը կը կրեն «Իվերայ ջրոյե խորագիրը։ Առաջինը կը բաղկանայ ինըքառեակներէ, իսկ երկրորդը՝ տասնհինգ երկեակէ։Չորրորդն ալ կը կրէ «Ի վերայ սիրոյ եւ ուրախութեանեվերնագիրը եւ կը բաղկանայ տասնեւմէկ երկեակներէ։Սահակեան ալ զանոնք վերհրատարակած է իրմենագրութեան մէջ (էջ՝ 129-138)։

Ստորեւ կը ներկայացնենք զանոնք։

Երգ սիրոյ

. . .

Գլուխդ է օծեալ իւղով պալասան,
հոտ գայ ամպէրի ՚ի քո բուրաստան։

Մազերդ է դեղձան սամուրի նըման,
որպէս զթել փայլուն. ե՛կ ՚ի մեր պաղչան,
ճակատդ է զերթ սաթ՝ սատաֆի նըման.
փայլեալ քան զգոհար ՚ի քո բուրաստան։

Ուներդ է բարակ գալէմի նըման,
յօրինեալ կամար. ե՛կ ի մեր պաղչան,
աչքերդ է զերդ ծով ովկեանու նըման,
կանդեղ է ՚ի վառ քո ծաղկաստան։

Երեսդ արեգակ լուսին ՚ի լրման,
պայծառ ւ՚անարատ. ե՛կ ՚ի մեր պաղչան,
ակռադ մարգարիտ սպիտակ շարման,
պիւլպիւլն քաղցր երգէ ՚ի քո վարդաստան։

Բերանդ է անուշ նէպաթի նըման,
ինչպէս մեղր ՚ի ծոր. ե՛կ ՚ի մեր սահրայն,
լեզուդ է համեղ քան զգինի նըռան,
զմայլեցայ այժմիկ ՚ի քո այգեստան։

Դունչդ է գեղեցիկ բոլորանըման,
շնորհատիպ պատկեր. ե՛կ ՚ի մեր սարայն,
շրթունքդ է շէրպէթ շիրին շէքէր լապ,
կաթեալ ՚ի սիրտն իմ. ե՛կ ի մեր սեղան։

Ի վերայ ջրոյ

Ա՛յ ջուր պասքելոց դու զովացարան,
կարօտով եմ քեզ միշտ ՚ի փափաքման,
դու նազես խաղաս ՚ի յորդորական,
սրտակաթ առնես ծալիդ ծաւալման։

Ակնէդ զրոյց տուր որ ես իմանամ,
քո օրհնեալ բունոյդ եւ զքո կայան,
միթէ ի ձիւն կայ քեզ ամբարական,
սառնաբուխ բխես քաղցր եւ բարեկամ։

Ա՛յ դու բարեբուխ բարեաց շտեմարան,
՚ի մեր սիրելեաց թէ ունիս պատգամ,
կամ ողջոյն բերիր ընծայ ւ՚արմաղան,
ես քեզ խաղ ասեմ տաղ ու շարական։

Ա՛յ ջուր դու լցեալ փառօք զանազան,
յաջմէ ւ՚ահեկէ կաս մեծարական,
քեզ յերկուց կողմանց ուր հետքդ երթան,
միոտեալք կանգնեալ քեզ ճորտ եւ պաշտպան։

Բոյսք եւ տունկք ցանկեալ ՚ի քեզ պահապան,
կանաչ ու կանաչ զղրան ու սայգան,
ծառք կանգնին յողջոյն քո պերճ ընթացման,
խոնարհ զգլխով ճամփին բարեւ տան։

Շամբի եղեգնայք ծափ զծափի տան,
քեզ երգս յօրինեն պատիւ ընթացման,
քեզ պտղաւէտ բոյսք զպտուղս ընծայման,
թօթափեն ՚ի քեզ շնորհուկս գալստեան։

Հողմը քաղցրաշունչ քեզ ու երգարան,
ծաղկունք զհոտ անուշ բուրումն քեզ տան,
ու մանրիկ ցօղով վարդէջուր քեզ տան,
դու վէտ վէտ ՚ի խաղ լինիս մանէման։

Ծաղկապըսակիս ծառ զարդարական,
որ կարգաւ յեզերդ կանգեալ փնճական,
՚ի պատիւս նոցուն խաղաս մանէման,
ծալիս ծաւալիս ՚ի յորդորական։

Գազանք ւ՚անասունք սեռք ազգի մարդկան,
ծարաւ քեզ դիմեն, սրտիւ զովանան,
զաղտս համայն սրբես դու մաքրողական,
զարարիչդ օրհնեն եւ միշտ գոհանան։

Ի վերայ ջրոյ

Ա¯յ ջուր յորդախաղ գետոյդ, յորդորական գետ յորդորական,
Ա¯յ ջուր ճոխական ընթացք, ո՞ւր երթաս յորդախաղական։

Ա¯յ ջուր քեզ հարցունք ելի, քո գնացքդ է վաղվաղական,
Էջքդ է ՚ի լերանց բարձանց, ո՞ւր դիմես այդպէս փութական։

Ա¯յ ջուր դու պարծանք ձորոյս, փառք դաշտիս մերոյ զարդական,
Ասա՛ ինձ ո՞ւստի կու գաս, կամ ըշտապ ո՞ւր ես գնացական։

Ա¯յ ջուր դու զըւարճադէմք, եւ պատճառ երկրիս շինութեան
Տեսիլդ է ուրախ ֆէրահ, եւ քո քայլքդ է ճարտարական։

Ճանփաքդ է յերկար թէ կարճ կամ հանգիստ փողոց գալստեան,
Կամ որ ՚ի պայծառական, դու բխես քաղցր եւ բարեհամ։

Որո՞յ ես դու սպասաւոր, ո՞ւր վարես տանիս շուտպատգամ,
Ոտքդ է անարգել, ՚ի մեզ վազվազես միշտ միշտյորդորման։

Քանի աւուր է քո ելք անցքդ, ՚ի մեզ որ կասընթացման,
Միայն զերեսդ ցուցեր փութ անցնիս դուանպատասխան։

Զծարաւ լցեր դու մեր, մեզ ձկունք բերերւ՚արմաղան,
Գնա՛ ճամբաքդ ՚ի բարի, բարերար բարեաց շտեմարան։

Հազար զենեհար տամ քեզ, ա՛յ օրհնեալ ջուրբարեհամ,
Ուր երթաս բարեւ տանիս, ուր գտնուս մեզի սիրական։

՚Ի մէջ մատուցես յողջոյն, եւ ասես կան ՚իյողջութեան,
Նստեալ յեզերս իմ խնդան սիրելեօք մէճլիս ւ՚իսէյրան։

Յիմ ձայն ընթացից գունոյ եղանակս բերեն ձայն առձայն,
Գեղգեղեն տաղս վայելուչս, առ ձայնի գնացից իմսաչման։

Մերթ սաչեն խոսրովային, բեն կորճայք թնթիւբարձրաձայն,
Մերթ ՚ի ստեղական ոճիւ, հաւ ու հայ ծնկերդիպական։

Յորդոր գնացիցս հանգոյն, նուագեն յոյժյարմարական,
Հրճուին ՚ի տես եւ յընթացս, եւ խնդան ՚ի խաղս իմւ՚ի ձայն։

Եւ զիւրեանք ուրախ առնեմ, ճոճալով ճեմեմ եւխաղամ,
Ծափ ըզծափի հայեալ ճեպեմ, երգակցեալ նոցաքաղցրաձայն։

Նոքա յիմ խաղուց պարուց եւ ձայնից ՚ի խրախութիւնգան,
Նոր երգս սկսեալ վասն իմ, զիս գովեն ՚ի ձայնգովասան։

Ի վերայ սիրոյ եւ ուրախութեան

Արեգակն որ է ստեղծեալ յԱրարչէն իւրում գործներթայ,
Քեզ է սպասաւոր պատրաստ, միշտ տալով զբարիս քեզընծայ։

Լուսինն ել եւ էջս առնէ, ուներուդ նման մանկանայ,
Երբ ծերութեան ՚ի նման, բոլորեալ տիպըդկերպարան։

Լալ ակն ու գոհար, անգին եաղութն ու զմրութնհընանայ,
Այրի կոտրատի փշրի, դու ազնիւ եւ գեր քան զնոսա։

Ծխանելիք անուշունք, առժամայ է հոտըն նոցա,
Դու զցայգ եւ զցերեկ, հիւանդն որ ի քեզ դեղի գայ։

Սերվին սինավպէր չիմչատ, որչափ գովք նոցա վրայկայ,
Հասակդ երբ ՚ի շարժ ելնէ, նա յաշխարհս նորա գին չիկայ։

Վարդն որ ՚ի կանանչ տերեւս ինքնագոյն կուպայծառանայ,
Շուտ մի թառամի թափի, քո տեսիլդ միշտ գեղեցկանայ։

Բուրաստանացն շուշանք, եւ ՚ի ջուրս որվայելչանայ,
Գին չեն մազ մի թարթիչիդ, վեր ՚ի վայր որտարբերանայ։

Ծովուն քաղցրաօդ բացմամբ, որ երկիրս ճոխութեամբցնծայ,
Գին չէ ծով ծով աչերուդ, քո սիրոյդ որ միշտքաղցրանայ։

Սիրամարգ հաւն եւ կաքաւ, պիւլպիւլ տուտիքն ուհումայ,
Գին չեն վարդաթերթ շրթանցդ ըղընկացդ մատանցդվերայ։

Արեգակն ու լուսընկայն, զոր ասի ՚ի գլխու վերայ,
Բերան բանալուդ փոխան, ծիծաղիլդ ՚ի ծնկիս վերայ։

Լուս երեսդ երբ խոնարհի, լուկ դընես ՚ի բազկիսվերայ,
Գիրկ ու ծոց սրտազուարթ նէ քէլամ մեռելս ողջանան։

Յասմիկ Սահակեան յիշած է նաեւ Երեմիա Չէլէպիիերկու տաղերը եւս։ Ասոնցմէ առաջինը կը գտնուիՄաշտոցեան Մատենադարանի թիւ 523 Ձեռագրին մէջ եւկ՚սկսի «Ելք արեւու ծագօղ լուսոյ անեղինե տողով(Ձեռագիր, էջ՝ 131ա, Սահակեան, էջ՝ 173)։ Իսկերկրորդը յիշած է Նորայր Բիւզանդացին (1845-1915), իրանտիպ մէկ գրութեան մէջ։ Նուիրուած է Ս. Աստուածամօր եւ կ՚սկսի «Ահաւոր սոսկալի դէմքհիանալիե տողով (Սահակեան, էջ՝ 172)։