Ա.
ԱՂՋԻԿՆՈՒԹԻՒՆ
Մարդկութեան
գեղեցկագոյն
կէսը,
կինը,
որքա՛ն
որ
ալ
անոր
անհրաժեշտ
եւ
ա՛յնքան
սիրուած
մասն
ըլլայ,
շատ
տեղերու
նման
Եւդոկիոյ
մէջ
ալ
աղջկան
մը
ծննունդը
միշտ
ուրախութեամբ
չէ
որ
կ՚ողջունուի
իր
ծնողաց
եւ
պարագաներուն
կողմէն,
բացի
միայն
այն
պարագաներէն՝
երբ
ծնողք
աղջիկ
զաւակ
բնա՛ւ
ունեցած
չեն
ըլլար
կամ
իրենց
առաջինեկը
կ՚ըլլայ
ան։
Ուրիշ
պարագաներու
մէջ
առհասարակ
եւ
ա՛լ
աւելի
այն
ատեն՝
երբ
ծնողք
մանչ
զաւկի
կարօտը
կը
քաշեն,
հազիւ
թէ
նորածինն
աշխարհք
կուգայ
եւ
անոր
աղջիկը
ըլլալը
կը
ճշտուի,
դժգոհութեան
խոր
ու
յայտնի
արտայայտութիւն
մը
կը
փորուի
տղաբեր
մօր
եւ
զանի
շրջապատող
կանանց
դէմքերուն
վրայ
որուն
քիչ
չի
պատահիր
որ
յաջորդէ
ողբ
ու
լաց,
մեռելատունի
մը
կերպարանքը
տալով
ամբողջ
տան։
Աղջիկ
զաւկի
դէմ
աս
հակակրութիւնն
անով
կը
մեկնուի
որ
գաւառացուն
համար
աղջիկը
տան
մէջ
յաւէտ
հիւր
մըն
է,
օր
մը
չէ
օր
մը
հարս
ըլլալով
մեկնելու
սահմանուած,
որմէ
ծնողքը
բնաւ
օգուտ
ակնկալելու
իրաւունքը
չունի.
իսկ
տունը
մնալու
պարագային
մէջ
ալ
գրեթէ
բեռ
մըն
է
ծնողաց
կռնակին
վրայ,
մինչդեռ
մանչ
զաւակը
օր
մը
իր
ծնողաց
աշխատութեան
թեւընկերը
պիտ
ըլլայ
ու
նեցուկը
անոնց
ծերութեան
անկեալ
օրերուն։
Բայց
ուրիշ
ասկէ
աւելի
կարեւոր
նկատում
մը
կայ։
Աղջիկը
չի
կրնար
մանչ
զաւկին
պէս
վառ
պահել
ընտանեկան
օճախը
որ
ա՛յնքան
նուիրական
կը
համարուի։
Ցեղի
կամ
գերդաստանի
պահպանման
ու
մշտնջենաւորման
բնազդը
ա՛յնքան
զօրաւոր
է
գաւառացիներու
մէջ
որ
մահուամբ
պիտի
մարի
ընտանեկան
օճախը
եւ
անհետ
պիտի
կորսուի
գերդաստանին
անունը,
չգտնուելով
մէկը
որ
այդ
անունը
կրէ,
քանզի
աղջիկ
զաւակը
սահմանուած
է
կրելու
անունը
այն
ընտանիքին
որուն
հարս
կ՚երթայ
եւ
դատապարտուած՝
անոր
հետ
ձուլուելու։
Ու
ահա
աւելի
ասոր
համար
է
որ
աղջիկ
զաւակը
ա՛յնքան
տհաճութիւն
կը
պատճառէ։
Սակայն
այս
ամէնուն
հետ
մէկտեղ
ան,
աղջիկը,
արու
զաւկէն
նուազ
գուրգուրանք
եւ
հոգածութիւն
չի
վայելեր։
Հազիւ
թէ
դժգոհութեան
եւ
տրտմութեան
առաջին
տպաւորութիւնները
կը
փարատին,
ծնողական
սիրոյ
բնազդը
իր
բովանդակ
սաստկութեամբը
կ՚արթննայ
ու
նորածին
աղջիկը
մանչու
համար
շռայլուած
խնամքներու
եւ
ո՛չ
մէկէն
կը
զրկուի։
Այն
օրէն՝
ուր
ան
իր
մանկական
առաջին
անգիտակից
ժպիտները
կը
խնդայ
զինք
շրջապատողներու
երեսն
ի
վեր,
ա՛լ
իրեն
հետ
հաշտեցուցած
է
ծնողքը։
Իր
խօլ
կայտռումները,
զուարթ
ճիչարը
տան
ուրախութիւնը
կը
դառնան,
եւ
ողոքուած
մայրը
ա՛լ
անկէ
յետոյ
փայփայանքի
ամէնէն
անուշ
շեշտը
դրած
իր
ձայնին
մէջ,
խանդավառ
գուրգուրանքով
մը
կը
սիրէ
զանի
ու
ա՛լ
անվերջ
գովքեր
ունի
բերանը՝
իր
աղջկան
նկատմամբ
որուն
վրայ
կը
սիրէ
տեսնել
կամ
երեւակայել
ամէնէն
քնքուշ
գեղեցկութիւնները։
Ու
աղջիկը
կը
մեծնայ՝
այն
ատենէն
իսկ
օրօրուելով
ապագայ
երջանիկ
հարսնութեան
մը
հեռանկարովը
զոր
մայրը
իր
սիրոյ
զեղման
վայրկեաններուն
մէջ
առիթը
չի
փախցներ
ցոյց
տալու,
աղջկան
մը
համար
երանութիւններու
իբրեւ
ամէնէն
ցանկալի
մաքսիմումը։
Երբ
չորս
հինգ
տարեկան
կ՚ըլլայ,
իր
հասակակից
մանչ
կամ
աղջիկ
ընկերներու
հետ
ան
կը
խաղայ
բոլոր
մանկական
խաղերը
ու
ընդհանրապէս
շտ
չարաճճի
է՝
սրամիտ
տեսակէն։
Բայց
աղջիկը
իրեն
յատուկ
խաղեր
ալ
ունի,
զորօրինակ՝
հարսնառի
խաղ
եւն.,
ուր
խումբ
մը
աղջիկներ
իրենցմէ
մէկը
հարս
կը
ձեւացնեն,
կամ
երբեմն
ալ
կը
նայիս
որ
մէյմէկ
պզտիկ
տանտիկիններ
դարձեր
են
ու
հիւրեր
կ՚ընդունին,
կապկելով
մեծ
կիներու
բոլոր
բանուձեւերն
ու
շարժուձեւերը։
Հինգ-վեց
տարեկանին՝
ալ
ծնողքը
կը
խորհին
զինք
կարդալու
տալ,
ու
դպրոցական
տարեմտի
օր
մը
կամ
մեծ
պահոց
առաջին
չորեքշաբթին
մայրը
անոր
ձեռքէն
բռնած՝
կը
տանի
դպրոց,
հարկ
եղած
յանձնարարութիւնը
չմոռնալով
ընել
վարժուհիին
որպէս
զի
աղէկ
նայի
իր
աղջկան
[1]
։
Ընդհանրապէս
աղջիկները
շատ
սիրով
կ՚երթան
դպրոց
եւ
մանչերէն
շա՛տ
աւելի
կանխահաս
սրամտութիւն
եւ
յաջողականութիւն
կը
ցուցնեն
ուսման
մէջ։
Կար
ատեն
մը
ուր
աղջիկ-տղոց
կրթութիւնը
բոլորովին
անպէտ
կը
համարուէր
այն
սխալ
տրամաբանութեամբ
թէ
աղջիկ-տղան
ո՛չ
տիրացու
պիտ
ըլլար,
ո՛չ
հէրտէր,
եւ
ո՛չ
ալ
գործի
մէջ
պիտի
մտնէ
որպէսզի
կարդալ-գրելու
պէտք
ունենայ
թղթակցութիւններու
կամ
հաշիւ
բռնելու
համար,
որովհետեւ
դեռ
այն
ատենները
կարելի
չէր
ըմբռնել
տալ
թէ
այդ
անձուկ
սահմանէն
դուրս
ալ
կրթութիւն
կրնար
ունենալ
իր
օգտակարութիւնը։
Վերջին
տարիներու
մէջ
սակայն
գաւառներու
մէջ
ալ
երեւան
ելլող
մտաւորական
շարժման
հետեւանքով՝
աղջկանց
կրթութեան
պէտքն
ալ
զգալի
դառնալ
սկսաւ
ու
այսօր
տեղական
դպրոցներու
մէջ
Եւդոկիացի
հայ
ուսանողուհիներու
թիւը
կը
հասնի
350ի
որ
թէեւ
դեռ
շատ
քիչ
է
բաղդատմամբ
Եւդոկիոյ
ազգաբնակչութեան
թուոյն
(շուրջ
2000
տուն),
բայց
գոհացուցիչ
կրնայ
համարուիլ
երբ
համեմատենք
մանչ
ուսանողներու
թուին
հետ
որ
500ը
չանցնիր։
Եւդոկիացի
աղջկան
ստացած
ուսումը
կը
բաղկանայ
տարրական
ծանօթութիւններէ
հայ
լեզուի,
կրօնքի
եւ
հայ
եկեղեցւոյ,
թուաբանութեան,
աշխարհագրութեան,
առտնին
տնտեսութեան
ինչպէս
նաեւ
իրագիտական
եւ
բնապատմական
գիտելեաց
վրայ։
Աւելցո՛ւր
ասոնց
վրայ
քիչ
մըն
ալ
կար
ու
ձեւ
եւ
ասեղնագործութիւն,
եւ
ահա
կատարեալ
կ՚ըլլայ
Եւդոկիացի
աղջկան
կրթութիւնը։
Սակայն
աղջիկներու
մեծամասնութիւնը
հազիւ
թէ
կարդալ
գրել
մը
սորված՝
կ՚ելլէ
դպրոցէն.
աւելին
դռ
պերճանք
մը
կը
նկատուի։
Աղջիկը
դեռ
ուրիշ
ուսման
ընթացք
մըն
ալ
ունի
բոլորելիք
տն
մէջ
իր
մօր
ձեռքին
տակ
մինչեւ
հարսնանալը,
այն
է
սորվիլ
բոլոր
այն
տնական
ծառայութիւնները
զոր
տանտիկին
մը
պարտի
ընել.
եւ
ասիկայ
աւելի
կարեւոր
կը
նկատուի։
Աղջիկ
մը՝
7-8
տարեկան
հասակէն
սկսեալ
պարտի
օգնել
իր
մօր
առտնին
աշխատութիւններուն,
որով
հետզհետէ
կը
վարժուի
կատարել
բոլոր
տնական
գործերը,
զոր
օրինակ՝
աւլտուք,
սրբտուք,
կար-կարկտուք,
եփ-թափ,
եւն.
եւն։
Վա՜յ
առջինեկ
աղջիկներուն
որոնք
ստիպուած
են
կերպով
մը
մայրութիւն
ալ
սորվիլ
իրենց
փոքրիկ
եղբայրները
կամ
քոյրերը
պահելով
խնամելով՝
երբ
իրենց
մայրը
զբաղած
կ՚ըլլայ
առտնին
գործերով,
կամ
այդ
գործերն
ամբողջ
իրենք
կատարել՝
որպէսզի
մայրը
հոգայ
իր
պզտիկները։
Ասանկ
աղջիկները
շատ
չարքաշ
կ՚ըլլան
ու
եփուն։
Խստիւ
կը
մեղադրուին
այն
մայրերը՝
որոնք
իրենց
աղջիկները
առտնին
գործերու
դնել
չեն
ուզեր
ու
զանոնք
փափուկ
կը
մեծցնեն։
Հակառակը
շատ
յարգի
են
այն
աղջիկները՝
որոնք
իրենց
մօր
ձեռքին
տակ
արդէն
տուն
տեղ
ընտանիք
կառավարելը
շնորհքով
սորված՝
իրենց
հարս
գացած
տան
վարչութիւնը
առաջին
օրէն
կրնան
ստանձնել։
Եւդոկիացի
աղջիկը
պարտի
ընդհանրապէս
գիտնալ
նաեւ
այն
ձեռարուեստները
որոնք
կարեւոր
են
ընտանեկան
պէտքերու
համար.
զորօրինակ՝
մանել,
հիւսել,
կարել,
կտաւ
գործել
եւն.,
զորոնք
կը
սորվի
իր
մօրմէն,
բայց
յորմէ
հետէ
հագուստի
նորաձեւութիւնները
տիրող
դառնալ
սկսած
են,
մայրերն
անկարող
դարձած
են
այդ
նորաձեւ
հագուստները
ձեւել
եւ
կարել.
ուստի
շատ
ծնողք
իրենց
աղջիկները
մօտիսթներու
քով
կը
ղրկեն
ու
մասնաւոր
վճարմամբ
կարուձեւ
կը
սորվեցնեն
անոնց՝
եթէ
դպրոցի
մէջ
սորված
չեն։
Պերճանքի
յատուկ
ձեռարուեստներն
ալ
ո՛չ
նուազ
կարեւոր
կը
նկատուին.
օեաի
եւ
տանթէլի
այլեւայլ
տեսակները
ամէն
աղջիկ
գիտէ
հիւսել
իրարմէ
սորված
ըլլալով։
Իսկ
անոնք
որ
դպրոցին
մէջ
ձեռարուեստի
դասերուն
հետեւած
են,
կրնան
բանիլ
մետաքսէ
ու
բուրդէ
կամ
ոսկեթել
եւ
արծաթաթել
այլեւայլ
տեսակ
ծաղկանկար
բանուածքներ։
Պէտք
է
ըսել
սակայն
թէ
կարուձեւի
եւ
այս
տեսակ
ձեռարուեստներու
հմտութիւնը
իբրեւ
յաւելուածական
յատկութիւններ
միայն
կը
փնտռուին
աղջկան
վրայ,
անհրաժեշտն
ըլլալով
առտնին
աշխատութիւններու
յաջողականութիւնը։
Երբ
աղջիկ
մը
ա՛լ
սորված
կ՚ըլլայ
այս
բոլոր
բաները՝
կատարեալ
հասուկ
աղջիկ
եղած
է
այլ
եւս
պատրաստ
հարսնութեան։
Եւդոկիացի
աղջիկը
ընդհանրապէս
13-14
տարեկանին
արբունքի
կը
հասնի
ու
այդ
սահմանը
ա՛լ
իր
տղայութեան
վերջակէտն
է։
Մինչեւ
այն
օրը
ան
աստիճան
մը
ազատ
էր.
լաչակ
մկ
կամ
շալ
մը
գլուխը՝
կրնար
առանձինն
արձակ-համարձակ
տնէն
դուրս
ելլել
ի
հարկին
եւ
հոս
ու
հոն
երթալ,
ու
բնաւ
ո՛չ
մէկէն
քաշուելու
պէտք
չունէր,
բայց
անգամ
մը
որ
արբունքի
հասաւ
ու
մայրը
զինք
սաւան
խօթեց,
ա՛լ
պարտական
է
մօրը
ձեռքին
տակ
մնալ,
միայն
մօրը
կամ
ուրիշ
տարեց
ազգականուհիներու
հետ
դուրս
ելլել
ու
հպատակիլ
կարգ
մը
պատշաճութեան
պայմաններու։
Եւդոկիացի
կիները
ճերմակ
սաւաններու
մէջ
պարուրուած
փողոց
կ՚ելլեն
–
կամ
լաւ
եւս
կ՚ելլէին
երբեմն
[2]
–
եւ
աղջկան
մը
սաւան
մտնելն
այն
է
որ
ինքն
ալ
լաչակը
կամ
շալը
թողլով՝
սաւան
կ՚առնէ
տնէն
դուրս
ելած
միջոցին։
Սաւան
մտնելն
աղջկան
մը
կեանքին
մէկ
նշանակալից
հանգրուանն
է
որ
ընդհանուր
ուշադրութիւն
կը
գրաւէ։
Ան
կը
նշանակէ
թէ
ա՛լ
աղջիկը
հարսնութեան
տարիքը
թեւակոխած
է,
եւ
եթէ
յարմարաւոր
երիտասարդ
մը
ուզէ՝
ծնողքը
պիտի
կրնան
տալ
զանի։
Ալ
անկէ
յետոյ
աղջիկը
բոլորովին
կերպարանափոխ
եղած
է.
խօլական
զուարթութիւն,
համարձակ
շարժուձեւեր,
խնդումներ,
քրքիջներ,
կատակներ
տեղի
տուած
են
տեսակ
մը
նազելաշուք
լրջութեան
որ
տիրող
է
բոլոր
ձեւերուն
մէջ։
Ընկերութիւններու
մէջ,
ուրիշներու
առջեւ
մանաւանդ
ան
գրեթէ
չի
խօսիր,
չի
խնդար,
զգացումները
կը
շեղդէ
ու
մտածումները
կուլ
կուտայ։
Իր
բոլոր
շարժումները
չափուած
ձեւուած
են,
խօսքերը,
եթէ
հարկ
ըլլայ
խօսիլ,
կշռուած
կ՚արտաբերուին
ու
դէմքին
բոլոր
արտայայտութիւնները
կանխամտածուած
են։
Միայն
իր
տարեկից
աղջիկներու
առջեւ
է
որ,
երբ
անոնց
հետ
մինակ
կը
գտնուի,
ան
համարձակ
թափ
կուտայ
իր
լեզուին,
իր
շարժումներուն.
բայց
նորէն
այդ
շրջանակին
մէջ
անգամ
ան
տեսակ
մը
երկչոտութիւն
եւ
զգուշաւորութիւն
ունի։
Պէտք
է
ըսել
սակայն
թէ
Եւդոկիացի
աղջիկը
այս
ամէն
պայմաններուն
կամ
պատշաճութիւններուն
մասնաւոր
ջանքով
մը,
ճիգով
մը
չէ
որ
կը
համակերպուի,
եւ
գրեթէ
թելադրութեան
մը
արդիւնքն
ալ
չէ
ան։
Ընդհակառակը
շատ
բնականօրէն
ու
տեսակ
մը
բնազդական
եւ
անգիտակից
ինքնաբերութեամբ
ան
կը
հետեւի
պատշաճութեանց
այդ
բոլոր
պայմաններուն
որոնք
կարծես
թէ
զսպուած
եւ
անբնական
համեստութեան
տեսակ
մը
արուեստակեալ
ձեւեր
կը
դնեն
իր
վարմունքին
մէջ,
թէպէտեւ
երբեք
կեղծուած
ձեւեր
չեն
ատոնք։
Այս
օրէն
անդին
թեւակոխած
է
նաեւ
սիրոյ
բանաստեղծական
տարիքը
որ
այնքա՛ն
գրաւիչ
հանգամանք
մը
կուտայ
մանկամարդ
աղջկան։
Սակայն
դժուար
է
ըսել
թէ
Եւդոկիացի
աղջկան
սիրտը
որ
ո՛չ
մէկ
կերպով
տարբերութիւն
չունի
որեւէ
երկրի
կնոջական
թրթռուն
սիրտերէն,
ի՛նչ
աստիճան
հաղորդ
է
սիրոյ
զգացման,
որովհետեւ
դա
այն
զգացումն
է
զոր
ան
ամենէն
աւելի
ծածուկ
կը
պահէ
իր
սրտին
է՛ն
խոր
ծալքերուն
մէջ
յաւիտենապէս
ծրարուած։
Ոչ
ոք
գիտէ
թէ
ի՛նչ
կ՚անցնի
կը
դառնայ
այդ
անմատոյց
ծալքերուն
խորը,
թէ
ի՛նչ
սարսուռներ
կը
վէտվէտեն
զայն
եւ
ինչ
թրթռումներ
կը
յուզուին
այն
տեղ։
Թերեւս,
ո՛վ
գիտէ,
սիրոյ
ամենէն
անմեղ,
ամենէն
իտէական
զգացումները
կը
ծնին
հոն
ուր
եւ
կը
գտնեն
իրենց
գերեզմանը
առանց
երբեք
արտայայտուելու։
Ես
պիտի
ըսէի
սակայն
թէ
Եւդոկիացի
աղջկան
սէրը
գրեթէ
վաղանցուկ
համակրութիւններէ
անդին
չանցնիր.
ան
երբեք
չըլլար
այն
բուռն,
կատաղի,
անդիմադրելի
հրայրքը
որ
երկչոտութեան,
համեստութեան,
պատշաճութեան
ամէն
սահմանները
կը
կոխէ
կ՚անցնի
եւ
համարձակ
դուրս
կուգայ,
արտայայտուելով
ամէնէն
զեղուն
ձեւին
տակ։
Սիրոյ
զգացումն
ալ,
ըստ
իս,
ամէն
զգացումներու
պէս
արտայայտուելով
կը
զարգանայ.
սէրը
ի
սկզբան
պզտիկ
համակրութիւն
մըն
է
որ
հետզհետէ
կը
շեշտուի
ու
կը
զօրանայ
երբ
փոխադարձաբար
կ՚արտայայտուի,
մինչեւ
որ
իր
ամենէն
բուռն
աստիճանին
հասնի։
Եւդոկիացի
աղջիկը՝
սակայն,
իր
զգացած
առաջին
համակրութիւնը
կը
պահէ,
կը
ծածկէ,
որով
ան
հազիւ
թէ
ծնած՝
ինքնին
կը
խեղդուի
կը
մեռնի,
ու
հետեւաբար
սէրը՝
որ
այդ
առաջին
համակրութեան
մէջ
սաղմնային
վիճակը
մը
ունէր,
չարտայայտուելով
իր
վիճակին
մէջ
կը
մնայ,
եւ
երբեք
չի
հասնիր
բուռն
սաստկութեան
մը։
Բայց
Եւդոկիացի
աղջիկը
չի
սիրեր
կամ
իր
սէրը
կը
ծածկէ
անոր
համար,
որ
նախ
ընկերական
բարքերու
սեղմեալ
վիճակը
ամէնէն
աւելի
անձեռնտու
է
սեռային
զգացման
արթննալուն
եւ
արտայայտուելուն,
անոր
համար
որ
ան
չի
վայելեր
քաղակակիրթ
երկիրներուն
այն
ազատութիւնները
որոնք
ա՛յնքան
առիթ
կուտան
կնոջական
փորձիչ
հրապոյրներու
ցուցադրութեան
եւ
ա՛յնքան
սերտ
շփման
մէջ
կը
դնեն
երկու
սեռերն
իրարու
հետ՝
փորձութեան
անթիւ
պատեհութիւններ
ստեղծելով։
Բաց
աստի՝
Եւդոկիացի
աղջիկը
եթէ
սիրէր՝
սիրելն
իր
ամենամեծ
յանցանքը
պիտ
ըլլար։
Հասարակութիւնը
բնաւ
չի
կրնար
ըմբռնել
մաքուր,
իտէալ
սէրը
որ
սիրտերու
մէկ
ազնիւ
համակրութենէն
կը
ծագի։
Անոր
համար
ամէն
սէր՝
ի՛նչ
աստիճանով
ալ
ըլլայ
եւ
ի՛նչ
կերպով
ալ
արտայայտուի,
բնազդական
լկտի,
մեղաւոր
տարփանք
մըն
է,
մսի
հաճոյքներու
գոհացման
փափաքէն
ծնած։
Հետեւաբար
սոսկալի
կերպով
աններող
է
սիրոյ
նկատմամբ։
Ու
Եւդոկիացի
աղջիկը,
ինքն
ալ,
իր
ծնողքէն
ու
պարագաներէն
ժառանգուած
գաղափարներու
եւ
հանրային
կարծեաց
ազդեցութեան
տակ՝
արդէն
խորին
նախապաշարում
մը,
խորշանք
մը
ունի
սեռային
համարութիւններու
դէմ
զոր
ապօրէն
եւ
անպարկեշտ
կիրք
մը
կը
նկատէ,
եւ
ամենայն
երկիւղածութեամբ
կը
խուսափի
այն
բոլոր
փորձութեան
առիթներէն
որոնք
իր
կամ
դիմացինին
մէջ
որեւէ
յուզում
եւ
տրամադրութիւն
արթնցնելու
հանգամանքն
ունին։
Երիտասարդներու
հանդէպ՝
իր
հրապոյրները
երկիւղած
զգուշաւորութեամբ
մը
պարտկելու
եւ
իր
բոլոր
ձեւերուն
մէջ
անտարբեր
ու
պատկառոտ
լրջութիւն
մը
դնելու
վերջին
ծայր
մտադիր
է
ու
կը
զգուշանայ
մանաւանդ
որեւէ
երիտասարդի
հետ
դէմ
առ
դէմ
կամ
առանձին
գտնուելու
որեւիցէ
պարագայէ,
ու
եթէ
այդ
տեսակ
հարկեցուցիչ
պարագայ
մը
պատահի՝
անոր
առջեւ
խորին
լրջութիւն
մը
կը
պահէ
եւ
շատ
հեղ
շեշտակի
երեսն
անգամ
նայելու
կ՚ամչնայ։
Ասկէ
տարբեր
կամ
քիչ
մը
համարձակ
վարմունք
ունեցող
աղջիկները
չլըխտի
եւ
թեթեւաբարոյ
կը
նկատուին։
Աղջիկներու
եւ
նո՛յնքան
ալ
մանչերու
այսօրինակ
բնազդական
զգուշաւորութիւնն
ու
համեստութիւնը,
միացած
ծնողքներու
աչալուրջ
հսկողութեան
հետ,
ստոյգ
է
որ
գրեթէ
անկարելին
կ՚ընեն
պատահումը
որեւիցէ
գայթակղութեան
որ
իրաւ
ալ
է
թէ
միշտ
ճշմարիտ
սէրէն
չէ
որ
կը
ծագի
այլ
շատ
հեղ
ալ
տարփանքէ։
Հակառակ
այս
ամէնուն՝
կրնայ
պատահիլ
սակայն
որ
երիտասարդի
մը
եւ
աղջկան
մը
միջեւ,
պարագաներու
բերմամբ
կամ
յարմարութեամբ,
զորօրինակ,
շատ
անգամ
իրարու
հետ
առանձին
մնալու
եւ
շփման
մէջ
գտնուելու
պատեհութիւններ
գոյանան
եւ
ծագում
առած
պարզ
համակրութիւն
մը
անգամ
մը
մէկ
կամ
միւս
կողմէն
արտայայտուի
խօսքով
կամ
շարժուձեւերով,
այն
ատեն
սիրոյ
կիրքը
կը
սկսի
կամաց
կամաց
արթննալ,
զարգանալ
եւ
օր
աւուր
անդիմադրելի
հանգամանք
մը
առնել։
Այս
տեսակ
պարագաներու
մէջ
է
միայն
որ
տեղի
կ՚ունենան
այն
շատ
քիչ
անգամ
պատահող
սիրահարութիւնները
որոնց
երբեմն
բուռն
կերպով
կ՚ենթարկուի
Եւդոկիացի
աղջիկը
ա՛յն
աստիճան
որ
ա՛լ
մէկդի
կը
նետէ
վրայէն
պայմանադրեալ
ամօթխածութեան
եւ
պատշաճութեան
քօղը
ու
համարձակ
կը
խիզախի
նոյն
իսկ
իր
ծնողաց
դէմ
իր
սիրականին
միանալու
համար։
Ասանկ
աղջիկները
սակայն
չարաչար
կը
մեղադրուին
եւ
գրեթէ
լկտի
ու
անպարկեշտ
կը
նկատուին։
Սիրային
ամուսնութիւններու
դէմ
խորին
նախապաշարում
մը
ունի
ժողովուրդը
կարծելով
թէ
այդ
կարգի
ամուսնութիւնները
անպատճառ
երջանիկ
չեն
ըլլար,
թէ
զիրար
սիրելով
կարգուողները
շուտով
իրարմէ
կը
ձանձրանան,
ինչ
որ
շատ
անգամ
իրողութիւնն
ալ
կուգայ
հաստատել։
Բայց
մենք
թողլով
այս
բացառութիւնները՝
ըսենք
թէ
Եւդոկիացի
աղջիկը
սովորաբար
ի՛նչպէս
կ՚ամուսնանայ։
Աղջիկ
մը
երբ
հարսնանալու
տարիքն
ունի,
հարսնցու
է՝
ալ
տրամադրելի
է
ամուսնութեան
համար
ու
կ՚ընդունի
բազմաթիւ
աղջիկտեսի
այցելութիւններ։
Աղջիկտեսի
համար՝
ամուսնանալ
փափաքող
երիտասարդին
մայրը,
քոյրը,
ուրիշ
մէկ-երկու
մօտիկ
ազգականներու
հետ
կ՚երթան
աղջկան
տունը՝
ուր
ընդհանրապէս
շատ
յարգանքով
կ՚ընդունուին։
Աղջիկը
վրան
գլուխը
յարդարելէ
վերջ՝
ծանրութեամբ
մը
կուգայ
եւ
այցելու
կիներուն
ձեռքերը
կը
համբուրէ,
յետոյ
սիկար,
անուշեղէնով
օղի
եւ
սուրճ
կը
հրամցնէ
անոնց
զննող
սուր
նայուածքներուն
տեկ։
Աղջկան
մօր
հետ
փոխանակուած
քանի
մը
անհամ
խօսակցութենէ
վերջ՝
այցելուհիները
կը
մեկնին
եւ
աղջիկը՝
մինչեւ
դուռը
անոնց
ուղեկցելով
ու
նորէն
ձեռքերը
համբուրելով
կը
ճամբէ
զանոնք։
Աղջիկտեսի
այցելութիւն
մը
ընդհանրապէս
15-20
վայրկեանէն
աւելի
չի
տեւեր։
Այս
աղջիկտեսի
սովորութիւն
սակայն
վերջերս
հետզհետէ
վերնալու
վրայ
է։
Երբ
ամուսնանալ
փափաքող
երիտասարդին
պարագաները
հաւնին
աղջիկ
մը,
զանի
երիտասարդին
ալ
ցուցնել
մէկ
հնարքը
կը
գտնեն։
Եթէ
երիտասարդն
ալ
հաւնի՝
այն
ատեն
խնամախօսութեան
համար
մարդ
մը
կը
ղրկուի
աղջկան
ծնողաց։
Աղջկան
մը
վրայ
փնտռուած
գլխաւոր
ֆիզիքական
յատկութիւններն
են.
միջակ
հասակ,
ձկան-գիրուկ
մարմին,
կլոր
դէմք,
կարմրորակ
այտեր,
սեւ
կամ
շագանակագոյն
աչքեր,
սեւ
կամարաձեւ
յօնքեր,
երկայն
սեւ
թարթիչներ,
սեւ
եւ
յորդ
մազեր,
համաչափ
եւ
բարեձեւ
անդամներ,
վարդասպիտակ
կամ
քիչ
մը
թուխ
մորթ,
ուղիղ
քալուածք
եւ
ընդհանրապէս
առոյգ
ու
տոկուն
կազմուածք։
Ձեռքերու
եւ
ոտքերու
մանրիկութիւն
եւ
փափկութիւն
շատ
չեն
փնտռուիր,
ինչպէս
նաեւ
մէջքի
նրբութիւն
որոնք
գեղեցկութեան
պայմաններ
են
քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ։
Եւդոկիացւոյն
կնոջական
իտէալ
գեղեցկութեան
մասին
ունեցած
գեղեցկագիտական
ըմբռնումը
ահա
այս
է։
Այս
պատկերին
մէջ
ինչպէս
կը
դիտուի՝
նուրբ
գիծեր,
փափուկ
երանգներ
չկան
—
ինչ
որ
շատ
սիրելի
չեն
Եւդոկիացւոյն
ինչպէս
ամէն
ժողովուրդի
որ
դեռ
աւելի
մօտ
է
բնութեան
քան
քաղաքակրթութեան
—
այլ
դիմագծութեան,
կազմուածքի
եւ
գոյներու
ուժեղ
եւ
ցայտուն
արտայայտութիւն
մը։
Ի
հարկէ
ֆիզիքական
այդ
յիշուած
յատկութիւններէն
զուրկ
եղողները
եւ
նոյն
իսկ
կազմական
թերութիւններ
ու
խեղութիւններ
ունեցող
աղջիկներն
անգամ
անպատճառ
տունը
չեն
մնար
որովհետեւ
ամուսնութեան
մէջ,
ինչպէս
ամէն
տեղ,
շատ
ու
շատ
հաշիւներ
կը
մտնեն,
ու
յետոյ՝
մոռնալու
չէ
թէ
«կէօնիւլ
քիմի
սէվէրսէ՝
կիւզէլ
օ
տըր»
եւ
թէ
«պիթլի
պագլանըն
քէօր
ալըճըսը
օլուր»
ըստ
թրքական
առածներուն։
Նոյնքան
նկատի
կ՚առնուին
նաեւ
աղջկան
բարոյական
յատկութիւնները,
զորօրինակ՝
համեստութիւնը,
պարկեշտութիւնը,
հեզաբարոյութիւնը,
աշխատասիրութիւնը
եւ
առտնին
գործերու
հմտութիւնը։
Բայց
որովհետեւ
ասոնք
ա՛յնպիսի
յատկութիւններ
են
որոնք
աղջիկտեսի
այցելութեամբ
չեն
հասկցուիր,
ուստի
աղջկան
մը
հետամուտ
եղող
երիտասարդին
ծնողքն
ու
պարագաները
նոյն
աղջիկը
աւելի
մօտէն
ճանչցողներուն
կը
դիմեն
ձեռքի
տակէ՝
այդ
մասին
ալ
տեղեկութիւններ
ստանալու
համար։
Պէտք
է
ըսել
նաեւ
թէ
աղջկան
ծնողաց
հարստութեան
չափն
ալ
նկատի
կ՚առնուի
ու
հարուստ
ծնողաց
աղջիկ
մը
միշտ
նախապատիւ
կը
համարուի,
որովհետեւ
իրեն
կը
բերէ
կարեւոր
օժիտ
մը՝
ապագայ
ժառանգութեան
մը
տիրանալու
հաւանականութեան
հետ,
թէեւ
ստոյգ
է
նաեւ
թէ
այս
վերջին
պարագային
քաղաքակիրթ
երկիրներու
մէջ
եղածին
պէս
այնքան
մեծ
կարեւորութիւն
չի
տրուիր,
այնպէս
որ
շատ
երիտասարդներ
նախապատուութիւնը
աղջկան
ֆիզիքական
ու
բարոյական
գերազանցութեան
կուտան
քան
անոր
հարստութեան
քանակին։
Դրամօժիտի
սովորութիւնը
բնաւ
չկայ
յԵւդոկիա։
Ժամանակ
մը
ծնողք
բնա՛ւ
հարկ
չէին
տեսներ
իրենց
աղջկան
հաւանութիւնը
հարցնել
որոշուած
ամուսնութեան
համար։
Հիմա
սակայն
բարքերը
բաւական
բարեփոխուած
են։
Եթէ
ծնողք
առաջարկուած
երիտասարդը
բնա՛ւ
յարմար
չտեսնեն՝
այն
ատեն
իրենք
իրենց
կը
մերժեն
եղած
առաջարկութիւնը,
առանց
իրենց
աղջկան
կարծիքը
իմանալ
ուզելու
եթէ
նոյն
իսկ
աղջիկը
առաջարկուած
երիտասարդին
համար
մասնաւոր
համակրութիւն
կամ
նախապատուութիւն
մը
ունենայ։
Իսկ
եթէ
յարմար
տեսնէ
երիտասարդը՝
այն
ատեն
գոնէ
ձեւակերպութեան
համար
իրենց
աղջկան
հաւանութիւնը
հարցնել
կուտան
անոր
մէկ
մտերմուհիին
միջոցաւ։
Քիչ
անգամ
կը
պատահի
որ
աղջիկ
մը
իր
ծնողաց
հաւանութեան
դէմ
ելլէ,
զի
ան
անսահման
պատկառանք
եւ
վստահութիւն
կը
տածէ
իր
ծնողաց
հանդէպ
որոնց
ընտրութեան
կը
համակերպի
ինչ
որ
ալ
ըլլայ,
եթէ
նոյն
իսկ
ինք
ներքնապէս
տարբեր
տրամադրութիւններ
ունենայ։
Վերջերս
սակայն
օրէնք
գրուած
է
պսակադրութեան
մը
հրամանագիրը
առաջնորդարանէն
առնուած
ատեն՝
տաներէցին
միջոցաւ
ալ
աղջկան
հաւանութիւնը
հարցընել
տալ
պաշտօնապէս
առաջքն
առնելու
համար
այն
անտեղութիւններուն
որոնք
ծագած
են
երբեմն
աղջկան
կամքին
բոլորովին
հակառակ
կերպով
ծնողաց
բռնութեան
տակ
կարգադրուած
ամուսնութիւններէն։
Անհրաժեշտ
չէ
նաեւ
որ
աղջիկն
իր
խօսեցեալը
անձամբ
տեսած
կամ
ճանչցած
ըլլայ
խօսքկապէն
այսինքն
խնամախօսութենէն
առաջ։
Մինչեւ
իսկ
կար
ատեն
մը
ուր
աղջիկը
իր
խօսեցեալը
պսակադրութեան
օրը
միայն
կը
տեսնէր
առաջին
անգամ
ու
կրնայ
երեւակայուիլ
թէ
ի՞նչ
դառն
պատրանքներ
կը
սպասէին
իրեն
շատ
անգամ։
Նշանածութեան
ամբողջ
տեւողութեանը
միջոցին
ան
իր
նշանածը
երազած
եւ
իր
կուսական
վառ
ու
քնքուշ
երեւակայութեանը
մէջ
գեղանի
ու
կորովի
կտրիճի
մը
պատկերը
շինած
պիտի
ըլլար,
եւ
ահա
յանկարծ
այդ
վարդ
երազին
տեղ
պիտի
գտնէր
թերեւս
տգեղուկ
ու
զզուելի
մարդ
մը
իր
բոլոր
կոշտ
իրականութեանը
մէջ…։
Հետեւանքը
պիտ
ըլլար
ի
հարկէ
ապերջանիկ
ամուսնութիւն
մը։
Հիմա
սակայն
այս
մասին
մէջ
ալ
բարքերը
բաւական
փոխուած
են։
Եթէ
աղջիկն
իր
նշանածը
խնամախօսութենէն
առաջ
ճանչցած
ալ
չըլլար՝
գոնէ
անկէ
վերջ
մինչեւ
ամուսնութեան
օրը
ճանչնալու
պատեհութիւնը
կը
տրուի
իրեն
ընդհանրապէս,
շնորհիւ
այն
այցելութիւններուն
որ
կը
թոյլատրուի
ինչ
ինչ
պայմաններու
տակ։
Խօսքկապէն
քանի
մը
շաբաթ
վերջը
տեղի
կ՚ունենայ
երես
հանելու
եւ
նշան
տալու
արարողութիւնը։
Մանչը՝
իր
մօր,
քրոջ
եւ
ուրիշ
մի
քանի
շատ
մօտիկ
ազգականներուն
եւ
ազգականուհիներուն
հետ
մէկտեղ
կ՚այցելէ
աղջկան
տունը։
Աղջիկը
ի
սկզբան
գլուխը
եւ
երեսը
չէվրէ
ըսուած
ոսկեթել
ճերմակ
քօղով
ծածկուած
ներս
կը
բերուի,
ու
սենեկին
մէջտեղը
կը
կեցուցուի.
անմիջապէս
այցելու
կիներէն
մին
մէկդի
կ՚առնէ
քօղը
եւ
աղջկան
երեսը
բանալով
բոլոր
ներկայից
ձեռքերը
մի
առ
մի
համբուրել
կուտայ։
Այս
միջոցին
մանչը
եւ
իր
պարագաները
նուէրներ
կուտան
աղջկան։
Մանչուն
տուած
նուէրը
որ
նշանն
է,
կ՚ըլլայ
ընդհանրապէս
ոսկի
ժամացոյց
եւ
շղթայ
մը,
ոսկի
ապարանջան
մը
կամ
ադամանդէ
օղ
մը
եւն.,
միւսներուն
տալիք
նուէրները
կ՚ըլլան
մէյմէկ
ոսկի։
Այս
երես
հանելու
եւ
նշան
տալու
գործողութենէն
վերջ
ա՛լ
երկու
խնամիներու
միջեւ
ազգականութեան
կապը
հաստատուած
եւ
նուիրագործուած
է.
ալ
անոնք
իրարու
հետ
ամէն
առիթներով
շատ
սիրալիր
այցելութիւններ
կը
փոխանակեն։
Մինչեւ
իսկ
մանչը
ազատ
է
այցելել
իր
նշանածին
տունը
իր
ծնողաց
հետ
կամ
առանձին.
աղջիկը
իր
նշանածէն
ա՛լ
չի
պահուիր,
չի
փախչիր,
միայն
երկու
նշանածներն
իրարու
հետ
բոլորովին
առանձին
չեն
կրնար
տեսնուիլ,
թէեւ
բացառաբար
այս
ալ
կրնայ
պատահիլ
կամ
թոյլատրուիլ,
ո՛չ
սակայն
առանց
մեղադրուելու
հանրային
խիստ
կարծիքին
առջեւ
որ
այս
կարգի
թոյլտուութեան
մը
մէջ
անպատեհութիւններ
կը
տեսնէ
ինչ
ինչ
նկատումներով
որոնց
մէջ
արդարանալի
կէտեր
ալ
չեն
պակսիր։
Զոր
օրինակ՝
ո՛ր
երիտասարդ
պիտի
ուզէր
հանդարտ
սրտով
առնել
իր
նշանածէն
ետ
եղած
աղջիկ
մը
որուն
հետ
նշանածը,
իրենց
նշանածութեան
տեւողութեան
միջոցին,
արձակ
համարձակ
տեսնուած
առանձին
յարաբերութիւններ
ունեցած
է,
զի
մինչեւ
պսակի
օրը
նշանախօսութեան
խզում
մը
պատահական
է
վերջապէս։
Նշանածութեան
վիճակը
բնականաբար
ամէնէն
բանաստեղծական
ու
երազային
կեանքն
է
երկու
նշանածներուն
համար։
Նշանածութիւնը
հին
ատենը
մինչեւ
քանի
մը
տարի
կրնար
տեւել,
բայց
հիմա
շատ
շատ
մէկ
տարիէն
աւելի
չի
տեւեր։
Այս
առաւել
կամ
նուազ
երկար
տեւողութեան
միջոցին
աղջիկը
ապագայ
ամուսնական
կեանքին
համար
է՛ն
գեղեցիկ
երազները
կը
հիւսէ
իր
երեւակայութեանը
մէջ,
բայց
իրեն
համար
ներելի
չէ
բնաւ
որեւէ
խօսք
բանալ
կամ
ակնարկութիւններ
ընել
իր
նշանածի
մասին,
թէեւ
ամէն
կողմէ
աղջիկներու
կամ
կիներու
կատակներու
առարկայ
կը
դառնայ
ինքը։
Այս
միջոցին
նաեւ
երկու
կողմէն
ալ
կը
տեսնուին
հարսնիքի
պատրաստութիւնները։
Աղջիկը
կը
պատրաստէ
իր
օժիտը
որ
ընդհանրապէս
կը
բաղկանայ
ճերմակեղէններու
հետ
իբրեւ
օժիտ
կ՚ունենան
նաեւ
ոսկիներ
կամ
այլ
եւ
այլ
գոհարեղէններ։
Վերջապէս
տեղի
կ՚ունենայ
հարսնիքը
եւ
աղջիկը
հանդիսաւոր
հարսնառով
կը
տարուի
եկեղեցի
պսակուելու
համար
եւ
անկէ
ալ
փեսին
տունը։
Այս
ճակատագրական
պահուն՝
դժուար
է
Եւդոկիացի
աղջկան
հոգեբանութիւնն
ընել։
Ո՞վ
գիտէ
ի՛նչ
հակընդդէմ
մտածումներու
մէջ
կը
տարուբերի
իր
անփորձ
ու
դեռատի
աղջկան
միամիտ
երեւակայութիւնը։
Ան
թողելու
վրայ
է
հօրենական
տաքուկ
բոյնը
ուր
ծնողական
տաք
գուրգուրանքներու
տակ
մեծցած
էր
սէր
ու
գորով
միայն
տեսնելով
իր
շուրջը,
եւ
պիտի
մտնէ
նոր
կեանքի
մը
սեմէն
ներս
ուր
ո՞վ
գիտէ
ինչ
անծանօթ
դէմքեր
ու
դէպքեր
կը
սպասեն
իրեն։
Այդ
տարտամ
ու
միգամած
կեանքին
մէջ
փայլող
միակ
քաջալերիչ
լոյսը,
միակ
հրապոյրը
որ
անսովոր
հմայքով
մը
կը
ներկայանայ
իր
երեւակայութեան,
փեսան
է,
իր
ապագայ
ամուսիննը.
փայց
վերջին
պահուն
երբ
ծնողական
երդիքէն
բաժնուելու
հարկը
ա՛լ
անողոք
եւ
անխուսափելի
իրականութեամբ
մը
կը
տնկուի
իր
առջեւ,
այդ
հմայքն
ալ
կը
փարատի
գրեթէ
եւ
աղջիկը
խորունկ
ու
ճշմարիտ
վիշտով
մը
համակուած՝
կուլայ,
դառնապէս
կուլայ,
եւ
հեծկլտուքներու
մէջտեղ
է
որ
կ՚առնեն
կը
տանին
զինքը,
մինչդեռ
անդին
ծնողքն
ու
ազգականուհիներն
ալ
կուլան
իր
ետեւէն,
քիչ
մը
ատեն
մեռելտունի
մը
կերպարանքը
տալով
հարսնետան
ուր
պահ
մը
առաջ
զուարթ
եւ
խօլ
քրքիջներ
ու
մաղթանքներ
կը
թռչտէին
բերնէ
բերան…։
[1]
Երեք
տարիէ
ի
վեր
մանկապարտէզ
մըն
ալ
բացուած
է
եւ
որոշեալ
թոշակը
վճարելու
կարող
ծնողքները
նախ
հոն
կը
ղրկեն
իրենց
աղջիկները։
[2]
Մէկ
քանի
տարիներէ
ի
վեր
սաւանին
յաջորդած
են
գոյնզգոյն
մետաքսեայ
չարշաֆներ,
եւ
հիմա
շատ
քիչ
են
սաւան
առնողներ։