Եւդոկիացի հայ կինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Եւդոկիացի հայ կինը կազմուածքի եւ դիմագծութեան տեսակէտով հայ կնոջ ընդհանուր տիպարին բոլոր յատկանշանական կողմերն ալ գրեթէ կը ներկայացնէ, բայց պէտք է ըսել թէ ան ճշտիւ չի պատկանիր գաւառացի տիպարին, այլ աւելի՝ ծովեզերքներու նրբացած հայուհիին ու ներքին գաւառներու բնատիպ հայ կնոջ միջեւ կը գրաւէ միջանկեալ դիրք մը։ Այսպէս՝ Եւդոկիացի հայ կնոջ վրայ չես գտներ գոյներու թանձրութիւն, հուժկու կազմուածք եւ ցեղային դիմագծութեան շեշտեալ գիծերը որոնք աչքի կը զարնեն շատ մը գաւառներու հայ կանանց վրայ։

Եւդոկիացի հայ կինը կազմուածքով ընդհանրապէս նրբին է եւ քիչ մսեղ, մորթին գոյնը փափուկ եւ տժգոյն, հասակը միջինէն ո՛չ աւելի, ոտքերն ու ձեռքերը ո՛չ այնքան փոքր, մէջքը՝ թանձրկէկ, կուրծք եւ թիկունք՝ միջակ լայնութեամբ, բազուկ եւ սրունք՝ համեմատական։ Գրեթէ ո՛չ մէկ աններդաշնակութիւն աչքի կը զարնէ իր կազմութեան վրայ։ Գալով դէմքին՝ մազերը 85-90 % սեւ ու թուխ են, 10-15 % խարտեաշ եւ շէկ, աչքերը նմանապէս 85-90 % սեւ ու շագանակագոյն, 10-15 % խաժ ու կապոյտ։ Քիթը ո՛չ այնքան փոքր է, պինչերը նուրբ են, ծայրը քիչ մը կախ ու կոր, եւ մէջտեղի ոսկորը թեթեւ մը ցցուած, ճակատը բաց է ու լայնկեկ, բերանը՝ միջակ, ծնօտներն ընդհանրապէս իրարու վրայ դրուած են եւ քիչ անգամ անկիւն կը ձեւացնեն. դունչը կլոր է ու լայն։

Գեղեցկութեան տեսակէտով՝ Եւդոկիացի կինն ընդհանրապէս աւելի բարեկազմ կրնայ համարուիլ քան թէ գեղեցիկ, թէեւ ճշմարտապէս գեղանիներ ալ քիչ չեն թուով։ Եւդոկիացի հայուհիին գեղեցկութիւնը սակայն բոլորովին զուտ ու բնական է որովհետեւ անիկա երբեք չի գիտեր շպարուիլ եւ ոչ իսկ պէտք եղած հոգը կը տանի իր գեղեցկութեան ու թարմութեան պահպանման։

Եւդոկիացի կինը իր շարժուձեւերուն մէջ ալ բոլորովին բնական եւ անարուեստ է։ Իր այս բնական անարուեստութիւնը թէեւ կոշտ ըլլալու չափ չէ եւ ինք գիտէ անոր մէջ բաւական շնորհ ու վայելչութիւն դնել, բայց վերջապէս կան ինչ ինչ անհրաժեշտ արուեստականութիւններ՝ որով պիտի կրնար աւելի շնորհալից դառնալ եթէ այս մասին ինք բոլորովին անտարբեր եւ զանցառու չգտնուէր։ Նոյն իսկ կը մեղադրուին այն կիները որոնք իրենց քալուածքին, խօսուածքին մէջ կ’աշխատին տարբեր շնորհ մը, ճկունութիւն մը դնել մասնաւոր ջանքով մը իբրեւ թէ այդ կարգի կիները անպատճառ այրերը հրապուրելու անբարոյական դիտումներ ունեցած ըլլային։

Եւդոկիացի կինը խառնուածքով առաւելապէս ջղային է եւ ասոր համար է որ ընդհանրապէս տխուր է եւ շատ զգայուն։ Ամուսնութենէ վերջ մանաւանդ Եւդոկիացի կիները մեծ մասամբ իրենց առողջութեան հաւասարակշռութիւնը կը կորսնցնեն։ Շատերը «իջուածք» ունին, իրենց բառով։ Իրենք այս անունը կուտան կարգ մը տկարութիւններու եւ պարբերական տագնապներու որոնց մեծ մասը ջղային հանգամանք ունին։

Երկարակեցութեան տեսակէտով թէեւ Եւդոկիացի կինը միջին հաշուով էրիկ մարդէն նուազ երկարակեաց է, բայց անգամ մը 40-50ը անցընելէն վերջ կինը աւելի երկարակեաց է քան էրիկ մարդը, պարագայ մը որ աշխարհի բոլոր կանանց համար ալ, եթէ չեմ սխալիր, վիճակագրութիւններով հաստատուած իրողութիւն մըն է։

Եւդոկիոյ հայ գաւառաբարբառը ինչպէս ամէն տեղ՝ հոս ալ կանանց բերնին մէջ աւելի հարազատօրէն պահպանուած է։ Իրենց խօսակցութիւնը լեցուն է բազմաթիւ գեղեցիկ գաւառական բառերով ու նկարագեղ ոճերով, բայց զուրկ է աշխուժութենէ, իրենց դանդաղ ու ծանր արտասանութեան պատճառաւ։

Եւդոկիացի կիները շատունց թողուցած են հին գաւառական տարազը, եւ այդ պատճառաւ իրենց հագուստի ձեւերը յարաշարժ եւ անկայուն հանգամանք ունեցած են։ Այսօր քիչ տարբերութեամբ այնպէս կը հագուին ինչպէս Պօլսեցի կիները եւ շատ հետամուտ են նորաձեւութիւններու։ Իրենց հագուստներու մէջ ուշագրեւ է քիւրքը մուշտակապատ վերարկու զոր ամուսնացեալ կիներն անբաժանելիօրէն կը հագնին։ Հագուստներու մէջ տիրող գոյներն են ընդհանրապէս փափուկ եւ տժգոյն երանգները։

Մազերնին ընդհանրապէս մէկ ճիւղի վրայ կը հիւսեն եւ կախ կը ձգեն կռնակն ի վար, թէեւ հիմա գլուխնուն վրայ ամփոփողներ ալ կան Եւրոպական ձեւով։ Աղջիկները գլուխնին բաց կը կենան, իսկ հարսները եւ կիները գլուխնին ընդհանրապէս եազմա կը կապեն զոր գաբատմա կը կոչեն, շատեր վրայէն լաչակ ալ կ’առնեն։ Փողոց ելլելու տաեն աղջիկներն ու հարսներկ չաշաֆ կ’առնեն, մետաքսէ կամ այլ կերպասէ կամ ճերմակ սաւանէ, իսկ տարիքոտ կիները՝ շալ։ Տան մէջ աշխատելու ատեն շրջազգեստին վրայէն շալվար կը հագնին՝ իրենց հագուստները անմաքրութենէ պատսպարելու համար։

Երբեմն նոր հարսերու հարսանեկան զգեստները բաւական տարօրինակ էին. ատոնք կը բաղկանային հետեւեալներէն, որ եւ է պոռոտ գոյնով բանուածաւոր կամ պարզ բեհեզէ շրջազգեստ մը, մանիշակագոյն թաւիշէ երեսով քիւրք մը, զոյգ մը պօթին-կալօշ, կարմիր բեհեզէ քօղք մը դեղին թելերով միասին, ինչպէս նաեւ ֆինճան կոչուած խաւաքարտէ գլխարկաձեւ առարկայ մը զոր կը դնէին հարսին գլխուն վրայ, անոր վրայէն կ’անցնէին կարմիր քօղը եւ յետոյ՝ դէպի վար ձգուած դեղին թելերով կ’ամրապնդէին զայն գլխուն վրայ, այլանդակ կերպարանք մը տալով հարսին։ Ասոնք սակայն հիմայ փոխուած են, եւ այսօրուան հարսերու սովորական հագուստին եւ արդուզարդին մէջ հարսանեկան շղարշին, հարակից նարնջածաղկէ պսակին, ճերմակ թելերուն, սպիտակ ձեռնոցներուն եւայլն. ի հետ գրեթէ ոչ մէկ բան կը պակսի Պօլսոյ հարսերուն նմանելու համար։

Եւդոկիացի կինն ալ՝ բոլոր կիներուն պէս եւ մանաւանդ իր ուրիշ գաւառացի քոյրերէն շա՛տ աւելի զարդասէր է։ Ընդհանրապէս գործածուած զարդերն են, ոսկի շարոց՝ բաղկացած 15-20 մահմուտիյէ կամ նմանօրինակ ոսկիներէ մէջտեղն ունենալով աւելի խոշոր ոսկի մը, մատանի, օղ, ոսկեայ ապարանջան, մարգարտէ կաժ, ոսկեայ ժամացոյց եւ շղթայ, զիլ կոչուած ոսկեայ զարդ մը որ վզէն կը ձգուի եւ կուրծքին վրայ կը տարածուի, ադամանդեայ այլեւայլ նորաձեւ զարդեր եւայլն։ Հարուստի կիները այս զարդի առարկաներուն գրեթէ մեծ մասը կունենան անպատճառ։ Էսնաֆի կիները եթէ ուրիշ զարդեղէն չունենան՝ գոնէ ոսկի շարոցը կունենան։

Ինչպէս ըսինք՝ Եւդոկիացի կիները շպարուիլ չեն գիտեր. միայն հարսնիք երթալու կամ ուրիշ հանդիսական այցելութիւններու առթիւ անուշահոտութիւններ կը քսուին։ Կայ նաեւ հինա դրուելու սովորութեան յետամնացութիւն մը։ Հարսնցու աղջիկներու մատներուն ծայրերը հանդիսաւորապէս հինա կը դնեն հարսանեաց նախընթաց իրիկունը։ Այդ առթիւ ներկայ եղող տարեկնց աղջիկներն ալ միեւնոյն կերպով կը հինայուին։ Հինան հաճելի կարմրութեամբ մը կը ներկէ մարմինը եւ ամիսներ կը տեւէ մինչեւ որ անհետանայ։ Կանանց հինա դրուելու սովորութիւնը արեւելեան շատ հին սովորութիւն մըն է եւ աստուածաշնչական դարերէն ի վեր կուգայ։ Եգիպտական մօմիաներու եղունգներուն վրայ տեսնուած են հինայի նշմարանքներ։