Եւդոկիացի հայ կինը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ԻՄԱՑԱԿԱՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ

Եւդոկիացի հայ կանանց մէկ մասը բնա՛ւ դպրոցի երես տեսած չէ. իսկ դպրոց գացողներու ալ մտաւորական պաշարը հայերէն կարդալ գրելէ կամ շատ շատ ինչ ինչ տարրական ծանօթութիւններէ անդին չանցնիր, ինչպէս ցոյց տուած ենք Եւդոկիացի կնոջ աղջիկնութեան վրայ խօսելու ատեն, որով կրնայ ըսուիլ թէ Եւդոկիոյ մէջ երբե՛ք գոյութիւն չունին արդի իմաստով զարգացած հայ կիներ։

Եւդոկիացի կնոջ իմացականութեան հորիզոնը շատ անձուկ է։ Ան իր ծանօթութիւններու վտիտ պաշարը քաղած է զինք անմիջական կերպով շրջապատող կեանքի ու բնութեան երեւոյթներէն միայն։ Իր մտքին տեսութիւնը այդ նեղ սահմանէն անդին չի կրնար թափանցել եւ թափանցել ու հետաքրքրութիւնն ալ չիմանար գրեթէ։ Անոր համար աշխարհը կը վերջանայ հոն ուր կը բարձրանան իր աչքի տեսութեան հորիզոնը շրջապատող յաւիտենական շղթայաշար լեռները։

Իրերու մասին անոր ունեցած ծանօթութիւնները շատ հարեւանցի են եւ դրսերեւոյթներու վրայ հիմնուած Անոր սահմանափակ միտքը չի կրնար թափանցել իրերու էութեանց, ո՛չ ալ քննել իմանալ անոնց պատճառներու եւ արդեանց յարաբերութիւնները։ Եթէ ունի ինչ ինչ ստոյգ ծանօթութիւններ, անոնք ալ գիտակից ծանօթութիւններ չեն եւ զանոնք կը պարտի աւանդութեան, ո՛չ թէ անձնական փորձառութեան եւ քննութեան։ Այս կարգէն է՝ զորօրինակ ինչ ինչ բոյսերու բուժիչ յատկութիւններուն կամ ինչ ինչ բուժական միջոցներու մասին իրենց ունեցած բաւական ճիշտ ծանօթութիւնները զոր սերունդէ սերունդ աւանդաբար կը գործադրեն։ Աւելի զարմանալի օրինակ մը յիշելու համար ըսեմ թէ երբոր մէկու ակռային մէկ մասը կ’սկսի սեւնալ իբրեւ նշան փտութեան մը սկզբնաւորութեանը, մեր կիները կ’ըսեն «ակռան ճճին կերեր է»։ Այս խօսքին մէջ գիտական ճշտութիւն մը կայ զի հաստատուած է՝ թէ մասնաւոր ճճի մը, մանրէ մըն է որ ակռան կը փտեցնէ։ Սակայն որովհետեւ Եւդոկիացի կնոջ գրական ծանօթութիւնները անձնական քննութեան վրայ հիմնուած չեն եւ որովհետեւ աւանդութեամբ ստացած ծանօթութիւններու մեծ մասը անճիշտ գաղափարներէ կը բաղկանան, ուստի ան աւանդութեամբ ստացած մէկ ստոյգ ծանօթութեան դէմ տասը սխալ ծանօթութիւն իւրացուցած է, նախապաշարումներու գերի դարձնելով իր միտքը։

Եւդոկիացի կնոջ կեանքի իմաստասիրութիւնը շատ պարզ է եւ հիմնուած վաղեմի աւանդական միամտութիւններուն վրայ։ Ընկերական ու բարոյական բոլոր հարցերու մէջ անոր միտքը կը բաւականանայ կանխակալ ըմբռնումներու իր հաւատալիքներու ընձեռած գոհացումովը ու աւելի խորունկը չի փնտռեր։ Ինչ ինչ պարագաներու մէջ եթէ պատահի իսկ որ իր միտքը զգայ այդ հին ըմբռնումներուն անբաւականութիւնը ու նոր ճշմարտութիւններու ծարաւը, կարճատեւ ընդվզուէ մը վերջ ճակատագրական համակերպութեամբ մը ան դարձեալ կը հանդարտի եւ կը վերադառնայ հին երջանիկ միամտութիւններուն։

Ինչպէս կ՚երեւի՝ Եւդոկիաց կնոջ միտքը կազմուած է գրեթէ բոլորովին ժառանգական տարրերով ուր նոր ստացական տարրեր գրեթէ գոյութիւն չունին։ Պահպանողականութիւնը, աւանդամոլութիւնը որ ամէն երկրի կիներուն համար մտային ընդհանուր յատկանիշ մըն է, Եւդոկիացի կնոջ վրայ եւս կը դիտուի բաւական շեշտեալ հանգամանքով մը։ Անիկա՛ ամէն խնդիրներու մէջ, իր հին կանխակալ գաղափարներուն, ճաշակներուն, սովորութիւններուն պինդ փակած է, եւ եթէ ոչ անկարելի՝ գէթ շատ դժուար է անոր շեղում մը փորձել տալ հին կոխոտուած ճամբաներէն։ Ասոր հետ մէկտեղ ներքին գաւառներու հայ կիներուն մէջ Եւդոկիացի կինն է նորէն ամէնէն ընդունակը նոր գաղափարներու, նոր բարքերու, նոր ճաշակներու, մանաւանդ իր սնափառութիւնը փայփայող խնդիրներու մէջ։ Ասոր համար է որ հագուստի, կապուստի, զարդարանքի մասին շատ հետամուտ է նորութեան, եւ ամէն գաւառացի հայ կինէ աւելի՝ ինք է որ դիւրաւ կը յարմարի նոր միջավայրերու կեանքին գոնէ դրսերեւոյթներուն։

Ընդհանուր առմամբ կրնայ ըսուիլ թէ նորամոլութեան եւ սկեպտութեան սերմեր զոր արդի քաղաքակրթութեան հովը ամէն կողմը ցանցընած է, Եւդոկիացի կանանց պարզուկ միտքերուն մէջ ալ սկսած են ընկնիլ, բայց ասիկա դեռ զարթնումի մը սկզբնաւորութիւնը չէ եւ դեռ երկար ատեն պէտք է մինչեւ որ միտքերն ամբողջապէս ազատին կանխակալ գաղափարներու կաշկանդումէն եւ շնորհիւ բանաւոր դաստիարակութեան մը՝ կարելի ըլլայ իրագործել մտաւորական ճշմարիտ վերազարթնում մը։ Մինչեւ այդ բարերար վերազարթնումին գալուստը, նոր տարրերու ամէն ներարկում վնասակար պիտի ըլլան այն միտքերուն ուր պիտի թափանցեն, զի հին երջանիկ, անգիտակից միամտութիւնները պիտի քանդեն, առանց անոնց տեղ լաւագոյն բան մը դնելու։

Կեանքի ու բնութեան երեւոյթներու մասին ընդհանուր տգիտութիւնը պատճառ մը չէ սակայն որ Եւդոկիացի կինը խելքէ զուրկ գտնուի։ Ընդհակառակը ան խելացի ու սրամիտ է, նոյն իսկ խորամանկ աշխարհի միւս բոլոր կիներուն չափ։ Ընտանեկան շրջանակի մէջ մանաւանդ ան գիտէ ցոյց տալ իմաստուն տնտեսութիւն մը. նոյն իսկ կան շատ կիներ որ իրենց ամուսնոյն կամ զաւակաց խորհրդատուն են անոնց արտաքին գործերուն մէջ։ Տեղական պայմանները չեն ներած որ կիները կարենան անկախ գործերու գլուխ անցնիլ եւ աւելի ցայտուն կերպով ցոյց տալ իրենց խելացութիւնը, բայց կրնանք այս կարգէն գոնէ մէկ տիպար ցոյց տալ, ազնուական գերդաստանէ կին մը, Տիկին Մարիձա Գատէմեանը որ դեռ կ’ապրի եւ որ Եւդոկիոյ մէջ ամէն ազգաց առջեւ յարգելի եւ հանրածանօթ դարձած է իր առնական գործունէութեամբը եւ մշակած ընկերական յարաբերութիւններովը։ Այս տիկինը նոյն իսկ ժամանակ մը վարած է Ս. Յովհան-Ոսկեբերանի վանուց հոգաբարձութիւնը եւ շատ արդիւնաւորապէս կրցած է մատակարարել այդ հաստատութիւնը։

Պարագայ մը սակայն շատ ուշադրութիւնս գրաւած է։ Ըսի թէ կիներ կան որոնք իրենց ամուսիններուն կամ զաւակներուն խորհրդատուն են եւ զարմանալի է թէ ուր որ այդ ամուսինները կամ զաւակները իրենց կիներու կամ մայրերու անբանաւոր կարծուած խորհուրդներուն հակառակ շարժած են, շատ անգամ վնաս կրած են։ Պիտի հետեւցնէի թէ Եւդոկիացի կնոջ դատողութիւնը շատ անգամ հեռատես գիտակից հաշիւներու վրայ հիմնուած չէ այնքա՛ն քան որչափ բնազդումի։ Բայց այս մասնայատկութիւնը անպատճառ միայն Եւդոկիացի կանանց յատուկ չէ, այլ, ինչպէս կը կարծեմ, աշխարհի բոլոր կիներուն որոնց մէջ բնազդումը աւելի զօրաւոր է քան դատողութիւնը մինչդեռ էրիկ մարդոց համար հակառակն է ճշմարիտը։ Էրիկ մարդիկ դարերու ընթացքին մէջ կեանքի պայքարը մղելու հարկին տակ՝ ստիպուած են իրենց իմացական կարողութիւնները շատ աւելի գործածել՝ քան անոնց հովանիին ապաստանող կիները. ասկէ է որ էրիկ մարդոց մէջ գիտակից դատողութիւնը աւելի զարգացած է ի վնաս բնազդումին իմացականութեան անգիտակից կողմին, մինչդեռ կիներու մէջ այդ անգիտակից տարրը, որուն գոյութիւնը այսօր ընդունուած է շատ մը հոգեբաններէ, կրցած է աստիճան մը զարգանալ եւ դատողութիւնը շատ պէտք չունենալով բանելու, տկար մնացած է։ Միեւնոյն պատճառաւ է որ կիները աւելի ջղային եւ զգայուն են քան այրերը, եւ հոգեբանական անգիտակից գործունէութեան երեւոյթները, զորօրինակ, հոգետեսութիւն, նախազգացում, hypnotisme, télépathie եւայլն աւելի կիներու յատուկ են քան էրիկ մարդոց։

Եւդոկիացի կիները, գրեթէ ամէն երկիրներու կիներուն պէս, օժտուած են նաեւ կարի հետաքրքիր միտքով մը, բայց իրենց հետաքրքրութիւնը գրեթէ կարեւոր նիւթերու շուրջը չի դառնար։ Առածի կարգ անցած է ըսել «Երբոր կիներկ լսեն թէ երկինքը սէյիր կայ, սանդուխ կը փնտռեն ելլել դիտելու համար»։ Եւ ստուգիւ կնոջ հետաքրքրութիւնը կը գրաւեն սէյիրը (զորօրինակ՝ հարսանեկան, եկեղեցական կամ դպրոցական հանդէս մը, կամ հարիւր անգամ կրկնուած ու դիտուած մի ո՛ր եւ է տեսարան) ու գլխաւորաբար տնական ու կնոջական կեանքի աննշան խնդիրներ ու մանրամասնութիւններ։ Ասոր պատճառն է՝ որքան իրենց մտքին դատարկութիւնը, զուրկ ըլլալով մտաւորական լայն զարգացումէ մը, նոյնքան ալ թերեւս բնական թերութիւն մը որ կը թուի յատուկ ըլլալ կնոջական մտքին։ Եւ ստուգիւ կնոջ միտքը կարծես թէ իբնէ անընդունակ է գաղափարներու ընդհանրացման եւ համադրութեանց։ Ասոր համար է որ ուր որ այրը վերէն կամ հեռուէն դիտողի մը լայն հայեացքովը կը դիտէ իրողութիւններն ու երեւոյւթները եւ անոնց խոշոր գիծերուն միայն ուշադրութիւն կ’ընծայէ, զանոնք իրենց ամբողջութեանը եւ իրարու հետ ունեցած յարաբերութեանը մէջ լիովին ըմբռնելու համար, գրեթէ հոգ չընելով մանրամասնութիւնները, կինը հակառակը շատ մօտէն կը դիտէ իրերը եւ անոնց երկրորդական մանրամասնութիւններովը միայն կը հետաքրքրուի։ Այս ալ սակայն յատկութիւն մըն է որ ինչ ինչ պարագաներու մէջ զուրկ չէ արժէքէ։

Կնոջ բամբասանքի ունակութիւնը որ ամեն երկիրներու կանանց յատուկ մոլութիւն մըն է եւ որմէ բնականաբար զերծ չէ նաեւ Եւդոկիացի կինը, գրեթէ միեւնոյն պատճառներէ առաջ եկած է։ Իրենց մտքի դատարկութիւնը, տան մէջ սահմանափակուած միօրինակ կեանքը որ շատ նորութիւններ չի մատակարարեր եւ աննշան ու չնչին իրերու մասին իրենց այդ բնածին հետաքրքրութիւնը, առիթ տուած է որ անոնք կարգ մը ոչնչութիւններով մտազբաղին եւ իրենց խօսակցութեանց նիւթ ընեն զանոնք չունենալով խօսելու աւելի լուրջ նիւթեր։ Բամբասանքը ինչքան ալ հոռի ունակութիւն մը նկատուած է՝ բայց կնոջ կեանքին ու մտքին վիճակին անխուսափելի հետեւանքն է, եւ պէտք է ըսել թէ, գոնէ Եւդոկիացի կնոջ վրայ խօսելով, բամբասանքի մէջ է, որ շատեր իրենց բնածին սրամտութիւնը եւ զուարթախոհութիւնը փայլեցնելու առիթը կը գտնեն եւ մանաւանդ բամբասանքը զարգացուցած է կանանց մէջ քննադատութեան ոգին։ Անհատներու դէմքին եւ ներքին կեանքին, ինչպէս նաեւ ընտանեկան բարքերու յատկանշական եւ զաւեշտական կողմերը դիտելու եւ քննադատելու մասին կրնայ ըսուիլ թէ կիները շատ բարձր են այրերէն։

Հակառակ գաղափարներու մասնաւոր շրջանակի մը մէջ ցոյց տուած խելքին՝ Եւդոկիացի կինը շատ պարագաներու մէջ ալ զարմանալի կերպով տկարամիտ կը դառնայ, ինչ որ արդիւնք է իր մտքին անմարզ մնալուն՝ կրթութենէ զուրկ գտնուելուն պատճառաւ։ Այսպէս՝ Եւդոկիացի կիներէն շատերը տկար են հաշուելու կարողութեան մէջ եւ ձեռքի մատներով է որ կընեն որ եւ է հաշիւ. թիւերու մէջ ամբողջականներն է որ կրնան դիւրաւ ըմբռնել, իսկ ստորաբաժանումները՝ շատ դժուար. զորօրինակ՝ 100էն 5 պակաս կըսեն, փոխանակ 95ի, եւ կամ 2էն րուպ (= ½) պակաս ըսելու ես՝ 70 փարան հասկցնելու համար իրենց։ Դարձեալ տարեթիւի եւ ամսաթիւի վրայ գաղափար չունին գրեթէ եւ մօտաւոր թուանշանները կը հաշուեն տօնական օրերը (զորօրինակ՝ Վարդավառ, Սուրբ Սարգիս, Խաչ եւայլն) հիմ բռնելով, իսկ հեռաւոր թուականները հաշուելու համար իրենց իբրեւ հիմ կը ծառայեն քաղաքին մէջ պատահած նշանաւոր անցքերը, զորօրինակ՝ մենծ մահը (= ժանտախտը), քօլերային տարին, մենծ հրդեհը, մենծ ցուրտը, գըթլթխին (= սով) տարին եւայլն։ Դպրոց տեսած եւ քիչ շատ կրթութիւն առած կիներ ստոյգ է որ բացառութիւն կը կազմեն։