Ատանայի կեանքը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԼԻՄԱՅ

Ատանայի Կլիման Եգիպտոսի նման տաք է, սակայն Սիհուն գետին ջուրը շատ մաքուր եւ առատ ըլլալուն, առողջութեան տեսակէտով բնական մեծ բարիք մ’եղած է Ատանայի եւ շրջակայից համար:

Մայիսէն կ’սկսի տաքը եւ ամառուան մէջ մանաւանդ Յուլիս եւ Օգոստոս ամիսները ջերմաչափը ՝ սանթիկրատ մինչեւ 35-38 կը բարձրանայ շուքին մէջ: Ահա այս տաքին շնորհիւն է որ Ատանայի արգասաբեր հողը կը հասցնէ բամպակ, շուշմա, արմաւինիի պէս տաք երկիրներու յատուկ պտուղներ: Իսկ ձմեռը առանց ձիւնի եւ քիչ անձրեւով չոր եւ խիստ ցուրտ մը կը տիրէ: Ատանայի մէջ ձիւն շատ քիչ անգամ տեղացած է, հազիւ երեք չորս տարին անգամ մը մի քանի սանթիմի չափ կը տեղայ, զոր ալիւրի պէս կը ժողվեն տեղացիները եւ կը պահեն օրերով:

Ատանա քաղաքը շրջապատուած է շատ գեղեցիկ պարտէզներով ու ծառերով եւ ունի բազմաթիւ այգիներ, որոնց կոկիկ ու ճերմակ տուները սքանչելի տեսարան մը կը կազմեն: Նոյնպէս շրջակաները կը գտնուին մեծ ու պզտիկ բազմաթիւ չիֆթլիքներ այսինքն մեծ երկրագործներուն ընդարձակ ագարակներու ցանուքաղի բանւորի տուներ: Ամառուան եղանակին մանաւանդ գիշերները սոսկալի տաքին հետ թունախայթ մժեղներն ալ անտանելի են: