ԿՐԹԱԿԱՆ
ՎԻՃԱԿԸ
Ատանայի
կրթական
վիճակը
քսան
տարիէ
ի
վեր
կանոնաւոր
շաւղի
մը
մէջ
կ’ընթանար:
Աբգարեան
վարժարանին
կանոնաւոր
ընթացք
մը
տուող
եւ
գրեթէ
Կեդրոնական
վարժարանի
աստիճանին
մօտեցնողն
եղած
էր
բարեյիշատակ
հանգուցեալ
ուսուցիչ
Սարգիս
էֆ[էնտի]
Գազանճեան,
զոր
դժբախտաբար
երիտասարդ
տարիքին
մէջ
թոքախտը
խլեց
Ատանացւոց
ձեռքէն,
որուն
յաջորդեց
Այնթապցի
Թաթուլ
էֆէնտի,
որուն
տնօրէնութեանը
միջոցին
աշակերտած
էի
Աբգարեան
վարժարանին:
Ասոնցմէ
վերջ
հետզհետէ
տնօրինութեան
կոչուեցան
ծանօթ
Համբարձում
Ամատունի
էֆ[էնտի]
որ
վերջը
Տ.
Մեսրովպ
վարդապետ
ձեռնադրուեցաւ
եւ
Սիսի
Աթոռին
միաբաններէն
ու
Ֆէքէյի
մենակեացն
է,
Կեսարացի
Տէր
եւ
Տիկին
Յովհաննէս
էֆ[էնտի]
Գունտուրուճեան,
Պոլսեցի
ծանօթ
գրագէտ
Տիրան
Չրաքեան,
Կ.
Պոտիկեան
եւ
ամենէն
վերջը
Տ.
Մուշեղ
Սրբազանի
հրամանով
Պոլսէն
բերուեցան
Տէր
եւ
Տիկին
Արամ
էֆ[էնտի]
Նիկողոսեան,
որոնց
պաշտօնը
կիսկատար
մնաց
աղէտին
հետեւանքով
[1]:
Վերջին
տարիներու
մանչերու
վարժարանին
չափով
աղջկանց
Աշխէնեան
վարժարանին
ալ
ոյժ
կը
տրուէր,
կարգ
մը
վարժուհիներ
եւ
կարուհիներ
բերուելով
Պոլսէն:
Ասոնցմէ
զատ
Տ.
Մուշեղ
Սրբազանի
օրով
կանոնաւոր
երկսեռ
մանկապարտէզ
մը
հաստատուեցաւ
Արամեան
վարժարանին
մէջ,
որուն
համար
ամենէն
շատ
աշխատողներն
եղան
Օրիորդ
Շնորհիկ
Նշանեան
(Տիկին
Պօղոս
Եղիաեան),
եւ
քոյրերը
Օր[իորդ]ք
Զապէլ
եւ
Էօժէն:
Այսպէս
Կրթական
գործին
բաւական
մղում
կը
տրուէր,
որուն
շնորհիւ
Ատանայի
Հայութիւնը
կարճ
միջոցի
մը
մէջ
մեծ
յառաջադիմութիւններու
արժանացաւ:
Այս
շրջանին
պիտի
բացուէր
Կիլիկեան
գիշերօթիկ
վարժարանը
նոր
շէնքերուն
մէջ,
որոնք
հիմա
աւերակոյտ
մ’են:
Ատանայի
նախկին
Աբգարեան
եւ
վերջը
Մուշեղեան
վարժարանները
ունէին
երկսեռ
(2000)
երկու
հազարի
չափ
ուսանողներ
եւ
տարեկան
պիւտճէն
էր
(1500)
հազար
հինգ
հարիւր
ոսկի:
[1]
Ատանայի
կրթական
գործին
մէջ
ամենէն
շատ
ծառայողներն
եղած
են
տեղացի
ուսուցիչներէն
Վահան
Քէշկէկեան,
Տիգրան
Պետրոսեան
եւ
Յակոբ
Տ.
Պօղոսեան
էֆէնտիները: