Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՀԵԼՎԵՏՈՒՀԻՆ (Նորավէպ)

Շոգեկառքը կը սուրար Հունգարիոյ լայնատարած դաշտերուն մէջէն, որոնց տաղտկացուցիչ միօրինակութեան տակ ընկճուած՝ ճամբորդները կը մրափէին իրենց նստարաններուն վրայ։

Հելուետիա կ՚երթայի, որու բնական գեղեցկութիւններուն համբաւը հասած էր մինչեւ մեր գիւղի վարժարանը։ Շոգեկառքը մղոններ կուլ կուտար, կը թռչէր ամայի սդէբներու վրայէն, ուր ո՛չ մէկ կենդանի էակ, թռչուն մը իսկ չէր տեսնուեր։

Հրանտին հետ միասին կը ճամբորդէի։ Բարեկամս առաջին անգամը չէր որ այդ երկիրը կ՚երթար. երկու տարիէ ի վեր ուսանող էր ան արդէն Նէօշաթէլի մէջ եւ միայն արձակուրդի առթիւ մեկնած էր անկէ, իր մօր եւ քրոջ քով երթալու համար։ Հոն ծանօթացայ իրեն. եւ որովհետեւ ուսումս Եւրոպա շարունակելու նպատակ ունէի՝ որոշեցի ես ալ միեւնոյն վարժարանը մտնել։— Ամիս մը ետքը ճամբայ կ՚ելնէինք։

Աղէկ կը յիշեմ. ուրբաթ իրիկուն մըն էր որ շոգենաւ նստանք Դանուբի վրայ։ Սաստիկ հովով մը անձրեւ կը տեղար եւ գետին ջուրերը բաւական խոշոր ալիքներ կը ձեւացնէին՝ որոնք շառաչումով կ՚երթային փշրուիլ եզերքի ժայռերուն վրայ։

Հակառակ ապագայի ծիծաղկոտ հեռապատկերներուն՝ տխուր էի այդ իրիկունը, որովհետեւ կը բաժնուէի հօրմէս, բազմամեայ դպրոցական ընկերներէս եւ ի՞նչ մեղքս պահեմ թխորակ աղուոր աղջնակէ մը, որուն համար սիրային առաջին ոտանաւորս գրած եմ…

Հրանտ, ընդհակառակը, ուրախ էր. եւ շնորհիւ իր զուարթ պատմութիւններուն եւ քանի մը ծիծաղելի դէպքերու, որոնք պատահեցան շոգենաւին մէջ, երկու օր չանցած՝ վերստին ստացայ զուարթ նկարագիրս։

Երրորդ իրիկունը՝ կէս գիշերին մօտ՝ ռումանական նաւահանգիստ մը հանդիպեցանք. շոգենաւը մէկ ժամ պիտի սպասէր հոն։

Արա՛մ, ըսաւ ընկերս, եթէ հիանալի խաղող ու ձմերուկ ուտել կ՚ուզես, ցամաք ելլենք, ես այս տեղերը գրպանիս պէս կը ճանչնամ։

Լուսնակ գիշեր մը ըլլալուն՝ դուրսը ամէն բան յստակ կ՚որոշուէր։ Քաղաքը փոքր թէեւ՝ բայց շատ սիրուն էր, շինուած ըլլալով պարտէզներու եւ այգիներու կրկին շրջանակի մը մէջ։ Հինգ վայրկեան քալելէ յետոյ, հասանք ընդարձակ հրապարակ մը, ուր բազմաթիւ գիւղացիներ կը ննջէին։ Ասոնք հետեւեալ օրուան համար պտուղ բերած էին վաճառելու։ Հրանտ մօտեցաւ մէկուն եւ ոտքով անոր կողին դպաւ։ Մարդը շտկուեցաւ, աչքերը շփեց, երեսը խաչ հանեց եւ սկսաւ խօսիլ. դժբաղդաբար երկուքս ալ ռումաներէն չէինք գիտեր։ Վերջապէս կէս ժամի յամր խօսակցութենէ  մը յետոյ՝ քանի մը օխա խաղող եւ երեք հատ ալ ձմերուկ գնելով վերադարձանք, ու չնայելով որ իրիկունը լաւ մը ընթրած էինք՝ դարձեալ փառաւոր ճաշ մը ըրինք եւ կամրճակին վրայ ելանք շրջագայելու։

Սիրելի՛ս, ըսաւ Հրանտ թեւս մտնելով, դուն իրաւ որ բաղդաւոր ես ինծի հետ ճամբորդելուդ համար, որովհետեւ՝ առանց յաւակնոտութեան՝ կրնամ ըսել որ ես փորձառու եղած եմ այսպիսի երկար ճամփորդութիւններու մէջ։ Ասկէ երկու տարի առաջ, կը հաւատա՞ս, բոլորովին մինակ ճամբորդեցի առաջին անգամ եւ աւստրիայէն անցայ, առանց բառ մը գերմաներէն գիտնալու… կրնաս երեւակայել թէ ի՜նչ արկածներ ունեցայ, Վիեննայի մէջ մանաւանդ ուր ճաշարանի սպասաւորները հացի տեղ խոզի ապուխտ կը բերէին ինծի եւ կաթի տեղ խորոված գետնախնձոր…

Հետեւեալ առտուն, մինչ շոգենաւը յամրընթաց կ՚անցնէր «Երկաթեայ Դռներ»էն, Հրանտ իր ինքնակենսագրութիւնը ըրաւ ինծի, երբ նախաճաշէն յետոյ՝ pliantներու վրայ նստած՝ Ռումանիոյ եւ Սերպիոյ ափերը կը դիտէինք փոփոխակի։

* * *

Մեր ճամբորդութեան հինգերորդ օրը, արշալոյսին, կառախումբը դուրս թռաւ Թիրոլի գեղազուարճ հովիտներէն եւ մտաւ ընդարձակ դաշտերու մէջ, ուր հոս ու հոն անտառակնր սփռուած՝ ծաղկեայ փունջերու տպաւորութիւնը կ՚ընէին։ Հեռո՜ւն, բարակ մշուշին մէջէն պզտիկ քաղաք մը կը տեսնուէր, որուն եկեղեցիին զանգակատունը կը փալփլէր արեւուն առաջին ճառագայթներուն տակ։ Տասը վայրկեան յետոյ, Հելուետիոյ առաջին կայարանը կը հասնէինք։

Նոյն օրն իսկ, կէս օրէ վերջ, մտից քննութիւն կուտայի եւ տոմարին մէջ կ՚արձանագրուէի, իբր երկրորդ կարրգի աշակերտ, Հրանտէն դասարան մը վար։

Դասերը սկսած էին արդէն։ Սոսկալի դժուարութիւններ ունեցայ առաջին շաբաթները, ինքզինքս բոլորովին տարբեր միջավայրի մը մէջ գտնելով, մանաւանդ որ լեզուն ալ աղէկ չէի գիտեր։ Եթէ Հրանտը հետս չըլլար, թերեւս ձգէի վարժարանը երրորդ օրն իսկ, բայց ան կը քաջալերէր զիս եւ իր փորձառուի համոզումով կը կրկնէր.

Կը վարժուիս, սիրելիս, կը վարժուիս, գիշերօթիկի կեանքը այնքան տաղտկալի չէ որքան կը կարծես. երբ ճշմարիտ բարեկամներս շահիս եւ հետզհետէ ընտելանաս դպրոցի կարգ կանոնին, այն ատեն ապահով եմ որ վարդագոյն պիտի տեսնես կեանքդ։

Կիրակի եւ տօն օրեր այցելութիւններ կ՚ընէինք. բարեկամս կը ներկայացնէր զիս իր ծանօթներուն, որոնք շատ անգամ ճաշի եւ երեկոյթներու վար կը դնէին մեզ։ Հրանտ շատ սիրուած էր այդպիսի ընկերութիւններու մէջ. երկու տարի այնտեղ ապրելով՝ կատարեալ կենցաղագէտ մը եղած էր։ Իր բոլոր շարժուձեւերը, սքանչելի ֆրանսերէն ու գերմաներէն խօսուածքը, մանաւանդ իր սրամտութիւնը հիացում կ՚ազդէին ամէնուն։ Օրիորդներն ու երիտասարդ կիները իրարու ձեռքէ կը յափշտակէին զայն խօսակցութեան մէջ, ու պիտի զարմանայի եթէ իր մելամաղձոտ սեւ աչքերը, իր քիչ մը թուխ ու ծիծաղկոտ աղուոր դէմքը, սեւ մազերը մանաւանդ, երկար ու առատ սեւ մազերը այդպիսի յաղթութիւններ տանիլ չտային անոր։

Երկու ամիս անցած էր, օր մըն ալ, պտոյտէ մը վերադարձին, բարեկամս յանկարծ հիւանդացաւ եւ երկու օր չկրցաւ դասարան գալ։ Այնուհետեւ ա՛լ իր առաջուան վիճակը չվերստացաւ. շաբթուան մէջ անպատճառ մէկ քանի օր կը բացակայէր։ Վերջապէս բժիշկները քննեցին զայն եւ պատուիրեցին որ Հրանտ վարժարանէն հիւանդանոց փոխադրուի ու մեկուսացուի։

* * *

Լուսինը կը համբուրուէր հորիզոնին հետ։ Ալպեաններու անսահման շղթան իր վիթխարի շուքը կը ձգէր Նէօշաթէլի լճին վրայ, որուն եզերքները հոս ու հոն ցրուած՝ փոքրիկ գիւղերու լոյսերը կը սկսէին վառուիլ հետզհետէ։

Հիանալի իրիկուն մըն էր. բարակ հովի մը ալեակները վազելով կ՚երթային մխրճիլ պարտէզի դարաւոր սօսիի սաղարթներուն մէջ, որոնց խորհրդաւոր խարշափումները հին օրերու առասպելներ կը յիշեցնէին ինծի։

Ու լուսինը կը բարձանար յամրաբար երկնակամարին վրայ. հեռո՜ւն, ձիւնապատ լերանց գագաթները կը կարմրէին իր ճաճանչներուն տակ, եւ լիճը, ընդարձակ հայելիի մը պէս կը ցոլացնէր երկնային լապտերի շողերը։

Այդպիսի կախարդիչ տեսարան մըն էր որ կը պարզուէր մեր աչքին, հիւանդանոցի պատուհանէն, որուն առջեւ երկար աթոռի մը վրայ կէս մը պառկած՝ կը մտածէր խեղճ բարեկամբ Հրանտ, դէմքը դալկահար եւ աչքերը փոսերու մէջ։

Իր հիւանդութենէն ի վեր արդէն ամէն օր կ՚երթայի տեսնել զինքը. այդ իրիկունը յատկապէս կանչել տուած էր զիս, անշուշտ կարեւոր եւ ստիպողական բան մը ըսելու համար, քանի որ գիտէր թէ գիշերուան այդ ժամուն մենք ճաշի իջած կ՚ըլլայինք։

Բարեկամբ, ըսաւ, երկար լռութենէ մը յետոյ, կը ցաւիմ ըսելու որ…

Բայց չկրցաւ շարունակել. այն չոր հազը որ կը նեղէր զինքը քանի մը շաբաթէ ի վեր՝ խեղդեց ձայնը կոկորդին մէջ. աչքերէն արցունք կուգար. թաշկինակը բերնին տարաւ ու երբ յուսահատ շարժումով մը անկողնին վրայ նետեց զայն, սոսկումով արեան բիծեր նշմարեցի վրան։

Սանկ դիմացս նստէ՜ որ լաւ մը զիրար դիտենք, աւելցուց, զի մօտ օրէն պիտի բաժնուինք…

Ի՞նչ կ՚ըսես, գոչեցի, յանկարծակիի եկած։

Այո՛, բժիշկը ըսաւ որ տաք երկիր մը երթալու եմ, եւ Եգիպտոսի կլիման յարմար դատեց ինծի։ Կը հասկնաս թէ ՛նչ ըսել է ասիկա, բարեկամս. թերեւս ա՜լ բնաւ չտեսնենք զիրար… Ուստի կ՚ուզեմ որ մնացած քանի մը իրիկունները այսպէս գլուխ գլխի անցունենք։ Առաջին օրէն սիրեցի ես զքեզ, կ՚ուզեմ որ դուն ալ զիս սիրես իբր քու անկեղծ բարեկամդ, ասոր համար լաւ մը հասկնալու ես զիս։ Ա՜խ, ճակատագիրը այսքան անգո՞ւթ ըլլալու էր ինծի հանդէպ։ Այնքան դժբաղդութիւններէ յետոյ, այս հիւանդութի՛ւնն ալ ժառանգելու էի։

Բայց, Հրա՛նտ, ըսի, վիճակիդ մասին այդքան յոռետես ըլլալու չես. պարզ նախազգուշութեան մը համար է որ մեկնիլ կը պատուիրեն քեզի հիմայ. գիտես թէ որքան առողջ կազմ մը ունիս։

Աողջ կազմ մը ունէի, սիրելիս, բայց պողպատէ կազմուածք մը իսկ չպիտի կրնար տոկալ այն հոգեկան յուզումներուն զոր ես անցուցած եմ։

Այո՛, պատմած են ինծի արդէն թէ ի՛նչ մեծ դժուարութիւններու բաղխած ես՝ դպրոց մը մտնելու երազդ իրագործելու համար…

Պա՛հ, ատիկա ի՞նչ նշանակութիւն ունի. մաշեցնող մեծ յուզումները սրտի տագնապներն են. կեանքիս այդ կողմը դեռ չե՛ս գիտեր դուն. բայց այս գիշեր սիրտս մէկու մը բանալու պէտքը կը զգամ, խօսելու բաղձանք մը ունիմ զոր գոհացնել կ՚ուզեմ… Գիտե՞ս, նոր եկած ատեննիս, կիրակի օր մը խարտեաշ օրիորդ մը ներկայացուցի քեզի, պաշտպանիս եղբօր աղջիկը, Էլէնը. հիմայ տիեզերքս անոր մէջն է, հիւանդ հոգիս անոր աղուոր աչքերուն մէ՛ջ միայն պիտի ցոլանայ. սիրահար մըն եմ, բարեկամս։ Պիտի ծիծաղիս թերեւս հիմայ, «յաւտենական սիրահարի պատմութիւն է» պիտի ըսես դուն քեզի, բայց ոչ. չես գիտեր թէ ի՛նչ հակասութեան մէջ եմ. վաղը կեանքիս սպառնացող հիւանդութենէ մը զգուշանալու համար Եգիպտոս պիտի երթամ, չէ՞, բայց կեանքէս, հաւատքէս, յոյսէս պիտի հեռանամ այդպէսով. կուրծքս տկար է եւ բուժուելու պիտի երթամ, բայց սիրտս հոս պիտի մնայ, հոս Հելուետիոյ մէջ, ասկէ քանի մը ժամ հեռուն, Վիլլա Ֆլոռաի ամարանոցին մէջ…

Հրանտ՝ յոգնած՝ կանգ առաւ։ Իր սեւ աղուոր աչքերը կը փայլէին հիմայ, արիւնը գլուխը զարնելով՝ դալուկ ճակտին վրայ քրտինքի կայլակներ կ՚երեւէին։ Վարը՝ վարժարանի մեծ սրահին մէջ՝ մեր ընկերները իրիկուան երգը կ՚երգէին խորհրդաւոր գիշերուան երգը, ու երկուքս ալ՝ անխօս մտիկ կ՚ընէինք այդ ներդաշնակութեան՝ աչքերնիս յառած լուսնի շողերով փալփլուն լճին վրայ։

Առաջին անգամ պաշտպանիս ամարանոցին մէջ էր որ ծանօթացայ Էլէնին հետ, շարունակեց ան, չգիտեմ ի՛նչպէս, առաջին վայրկենին տեսակ մը համակրութիւն ունեցանք իրարու. այնուհետեւ մտերմութիւնը շուտով հաստատուեցաւ մեր մէջ։— Անտառներուն մէջ պտոյտի կ՚երթայինք միս մինակ, տղայական խօսակցութիւններով ժամանակ կ՚նցընէինք, եւ իրիկուան կողմ տուն կը դառնայինք ծաղկի փունջեր գլխարկնուս վրայ։ Բաւական արկածներ ունեցած եմ կիներու հետ եւ կը կարծէի թէ կը ճանչնամ զանոնք։ Էլէնը, սակայն, տարբեր տպաւորութիւն մը կ՚ընէր վրաս. երբ քովէն կը քալէին, կամ կը նստէինք հովանաւոր ծառի մը տակ, ազնուացնող, մաքուր հմայք մը կը ծաթէր իր ամբողջ էութենէն. պզտիկ տղու մը պէս միամիտ ու բարի կը զգայի ինքզինքս անոր քով, մտքէս չէր անցնէր թէ սիրոյ սկզբնաւորութիւն մը կը ծնի։ Ես՝ սէրը կրակ, բոց, վայլեք, տենչ մը երեւակայած էի, ասիկա անոնց հետքն անգամ չէր. Էլէնին ներկայութիւնը կը հմայէր զիս պարզապէս, այնպէս որ անոր գերին կը զգայի ինքզինքս. կ՚ուզէին որ պէտք ունենար ան ինծի եւ մեռնէի իրեն համար։ Ու օրերը կ՚անցնէին երազներու պէս։ Շատ անդամներ լճին եզերքը կը նստէինք քով քովի եւ ջուրին մէջէն զիրար կը դիտէինք գաղտագողի։ Վայրկեաններ կ՚ըլլար որ բարեկամուհիիս ձեռքերը ափիս մէջ առնելով՝ կ՚ուզէի խոստովանիլ թէ կախարդուած եմ իրմէն պարզապէս, թէ իր ներկայութիւնը անհրաժեշտ դարձած էր ինծի, բայց չէի համարձակեր։ Կը զգայի միեւնոյն ատեն թէ Էլէնն ալ այդ միեւնոյն ներքին յուզմունքները ունէր, սակայն ամբողջ մէկ ու կէս ամիս միասին ապրելով հանդերձ՝ մեր սիրոյն վրայ բառ մը իսկ չփոխանակեցինք, բայց երբ մեկնելու խօսքը կ՚ընէի, երբ դպրոցին բացման մօտենալը կը զգացնէի իրեն, երեսս կը նայէր զարմանքով, առանց հասկնալու թէ ի՛նչպէս այդ վիճակը, իրարու հետ ըլլալու երանութիւնը կրնար ընդհատուիլ։ Այնուհետեւ առանձին ապրելու տաղտկութիւնները ինձ, անուղղակի կերպով հասկնալ կ՚ուզէր թէ ի՞նչ կը զգայի բաժանման մերձենալը տեսնելով։

Ու օր մը հարկ եղաւ դպրոց դառնալ, նախընթաց իրիկունը, մութ իրիկուն մը, պարտէզն էինք. կցկտուր բարե փոխանակեցինք, երկուքս ալ լացինք մութին մէջ՝ առանց երբեք պատճառին վրայ անդրադառնալու։ Թղթակցելու մասին որ եւ իցէ ակնարկութիւն իսկ չըրինք կարծեմ։ Բայց դպրոց հասնելուս՝ առաջին գործս եղաւ իրեն նամակ գրել. տասն անգամ, քսան անգամ փոխելով՝ ահագին ճիգերէ յետոյ վերջապէս յաջողեցայ պաշտօնական նամակ մը ընել զայն. ատիկա տառապեցուց զիս, բայց չկրցայ ուրիշ կերպ ընել։ Ու տե՛ս թէ ինչ պատասխան տուաւ ինծի։

Հրանտ նամակներու տրցակ մը հանեց բարձին տակէն ու փոքր պահարան մը բանալով՝ հետեւեալ տողերը կարդաց ինծի.

«Բարեկամս,

Ձեր մեկնելէն ի վեր այնքան տխուր չզգացի ինքզինքս, որքան Ձեր նամակը ստանալէս ի վեր։ Այնքան ազնիւ բարեկամ մը եղած էիք ինձ հոս եւ այնքան անսեթեւեթ մտերմութիւն մը ունեցած էինք որ կը յուսայի թէ այդ ամէնէն բան մը պիտի դնէիք նաեւ Ձեր նամակներուն մէջ։ Բայց խորհելու էի թէ վարժարանի զուարթ ընկերութիւնը շատ բաներ կրնար մոռցնել տալ Ձեզ թերեւս. մինչ ես իմ առանձնութեանս մէջ ինքզինքս աւելի տխուր կը զգամ անցած աղուոր օրերուն վերյուշումովը…

Յաջողութիւն կը մաղթեմ Ձեզ

Է. »

Մինչեւ այն ատեն վարանած է սիրելս ես ինծի խոստովանելու, պաշտպանիս դէմ ապերախտ գտնուելու խղճի խայթը արգիլած էր զիս։ Բայց այդ նամակը ամէն բան մոռցնել տուաւ ինծի. յորդեցնող զգացումներս, գրեցի ալ էջերով, առատօրէն գրեցն, ըսի իրեն թէ դպրոց, բարեկամ, աշխարհ, ամէն բան սոռցած էի միայն ի՛ր վրայ մտածելու համար։ Ա՛լ անկէ յետոյ թղթակցութիւնը կանոնաւորապէս հաստատուեցաւ մեջերնիս. դպրոցին մէջ է՛ն մտամփոփ եւ աշխատելու տրամադիր ժամերս նամակ գրելու յատկացուցած էին։

Պաշտպանս իր զաւակներուն չափ, թերեւս ա՛լ աւելի գորով ունէր Էլէնի նկատմամբ, որովհետեւ անոր հայրը՝ տխուր պարագաներու մէջ մեռած էր՝ դեռ շատ երիտասարդ։ Այդ պատճառաւ սկսած էր մտահոգ ըլլալ՝ քանի մը ատենէ ի վեր Էլէնը մտածկոտ եւ մելամաղձիկ տեսնելով։ Իրեն անկարելի եղած էր պատճառը հասկնալ։ Վերջապէս օր մը՝ դիպուածով՝ իմ նամակներէս մէկը ձեռքը կ՚անցնի. գաղտնիքը երեւան ելած էր։

Ու բուն դժբաղդութիւնս այդ օրէն սկսաւ։— Կարծեցին թէ խաբեբայ մըն եմ եւ պարզապէս օրիորդին ժառանգած մեծ հարստութեան պատճառաւ է որ սիրոյ կատակերգութիւն մը կը խաղամ։ Մաքուր սէրդ արհամարհուած տեսնել, ո՛հ, ասիկա անտանելի բան է։ Ապերախտ մը նկատեցին զիս, աղջիկը հրապուրած ըլլալու ամբաստութիւնը նետեցին վրաս. այդ բանը հաւասարակշռութիւնս խախտեց. տնօրէնը՝ ինքնին շատ բարի մարդ, բայց գործին ո՛չ լաւ տեղեակ՝ յանդիմանել ուզեց զիս օր մը եւ առի քալեցի, մոռնալով ուսմո՛ւնքն ալ, դպրո՛ցն ալ, ապագա՛ս ալ։ Ունեցած քանի մը ֆրանքս ալ ճամբու ծախք ընելով՝ ուղղակի Լօզան գացի, հացս շահելու համար է՛ն ստորին ծառայութիւններուն մէջ մտայ, մինչեւ անգամ սրճարանի սպասաւոր ըլլալով, այդպէսով անսիրտ մը, խաբեբայ մը, շահամոլ մը չըլլալուս ապացոյցը հեգնութեան մը պէս նետեցի ամէնուն երեսին. այդ չարչարանքները ներքին գոհունակութիւն մը տուին ինծի, բայց մարմինս տուժեց…։ Յետոյ, դպրոց կանչեցին զիս դարձեալ. այդպէսով արժանապատուութեան զգացումս կը վիրաւորուէր, սակայն յանձն առի ամէն բան՝ միմիայն սիրուած էակին մօտենալու համար։

Էլէն կարեւորութիւն չտուաւ այդ ամէնուն, ու վարժարան վերադառնալէս յետոյ ալ միջոցներ գտաւ իր նամակները ինձ հասցնելու…

Տնօրէնս լացաւ՝ զիս գունատ ու նիհարցած տեսնելով։ Կիրակի օր մը պաշտպանս անձամբ դպրոց եկաւ եւ տուն տարաւ զիս միասին ճաշելու համար. գրեթէ մեքենաբար հետեւեցայ իրեն, ճամբան շատ քիչ խօսեցանք, սակայն երբ ամարանոցին դռնէն մտանք եւ վաղեմի ծանօթ դէմքերն ու առարկաները վերստին տեսայ՝ աչքերս մթագնեցան եւ դժուարաւ կրցայ ինքզինքս աթոռի մը վրայ նետել։ Էլէն վայրկեան մը միայն երեւցաւ, բայց այդ կարճ միջոցին մէջ իսկ կրցայ շատ բաներ կարդալ իր մելամաղձիկ աղուոր աչքերուն մէջ։ Ես որ այքան մտերիմ էի այդ տան մէջ եւ այնքան պարզութեամբ ու մտերմութեամբ կը տեսնուէի Էլէնին հետ՝ խորհէ թէ ի՛նչ զգացի երբ ան պաղ ու պաշտօնական իր ձեւերով եկաւ ձեռքը ինձ երկարել՝ զուսահատած դէմքով մը։

Մէկ ու կէս տարի անցած է այն օրէն ի վեր. առողջութիւնս սկսած էր հետզհետէ բարւոքիլ, բայց այս անգամ ալ ընտանեկան դժբաղդութիւններ հալածեցին զիս. քսան երկու տարեկան ըլլալ եւ այսպէս հիւա՜նդ…

Հիւանդութիւնդ բան մը չէ՛, սիրելիս, ըսի, ես մեծ յոյս ունիմ որ քիչ ատենէն առաջուան առողջութիւնդ պիտի վերստանաս եւ լաւ օրեր պիտի անցընենք միասին. ո՞վ գիտէ, ապագան ի՛նչ երջանիկ օրեր վերապահած է քեզ։

Ապագան չար խաբեբայ ու նախանձոտ է. երբեք սիրտս հանգիստ չպիտի ըլլայ՝ Էլէնէն բաժնուած պահուս երջանկութիւնս վստահելով անոր…

* * *

Հետեւեալ կիրակին հրաժեշտի այցելութեան պտտեցանք, ու երկու օր վերջն ալ նոյեմբերի սկզբները, մեկնելու որոշումը տրուեցաւ։ Առտուն կանուխ Հրանտին սենեակը գացի, բարեկամս նամակ մը կը կարդար, սեւ շրջանակով՞

Վերջին երկտողն է, ըսաւ, դեռ երէկ իրիկուն ստացայ եւ ինծի երկարեց զայն։ Հետեւեալ իմաստով վրուած էր.

«Սիրելի բարեկա՛մսս

Ահռելիօրէն դժբաղդ եմ այս օրեր. մայրս կորսնցունելու դժբաղդութիւնը չէր բաւեր կարծես ինծի եւ ահա՛ քու մեկնումդ վրայ կուգայ։ Եգիպտոս երթալուդ լուրը շանթի հարուած մը եղաւ ինծի. ահռելի բան է քեզ այնքան հեռ զգալը, եւ սակայն, սիրելիս, քանի որ առողջութեանդ վրայ է խնդիրը՝ այնքան հոգ ընելու չես մեր երկիրը թողելուդ համար։ Ես կ՚ապահովցնեմ քեզ թէ պիտի առողջանաս եւ դեռ այն ատեն նոր պիտի սկսին մեր երջանկութեան աղուոր օրերը։ Ո՜հ, քեզի համար ստեղծուած բառեր կ՚ուզէի դնել հոս, բայց գրիչս զգացումներուս հազարէն մէկը միայն կրնայ բացատրել։ Կ՚աղաչեմ, միշտ զուարթ եղիր եւ ինքզինքդ աղէկ խնամէ, ես քեզի համար պիտի աղօթեմ հոս. վստահ եմ թէ շուտով պիտի վերադառնաս…

Դեռ կ՚ուզեմ գրել, բայց գրիչս կ՚ըմբոստանայ զգացումներուս յորդումին առջեւ… մի՛ մոռնար զիս… ցտեսութի՜ւն

Էլէն»։

Մեկնելու ժամուդ այսպիսի նամակներ ստանալէդ յետոյ՝ վիճակդ շատ ալ աննախանձելի նկատելու չես, սիրելիս, ըսի, փոքրիկ պահարանը իրեն վերադարձնելով։

Էլէն գիտէր որ կէս ճամբան կը մեռնէի, եթէ այդ երկտողն ալ չի գրէր…

Պայուսակներու պատրաստութիւն վերջանալէ յետոյ՝ հայելիին դիմաց անցաւ Հրանտ եւ խնամոտ արդուզարդ մը սկսաւ ընել։ Դպրոցին մէջ դէմքով մարմնով է՛ն աղուոր եւ էն վայելուչ հագուող տղաքներէն մէկն էր բարեկամս։ Երբ ամէն բան վերջացուց փոքրիկ հայելի մը հանեց գրպանէն եւ ինքզինքը հոն դիտեց ուշադիր։ Այդ պզտիկ հայելին հին բարեկամի մը պէս պահած էր կարծես իր աղուոր օրերուն պատկերները, որոնցմով վայրկեան մը բաղդատեց անշուշտ հիմակուան դալկահար դէմքը՝ որ մելամաղձոտ ժպիտով մը դէպի ինձ դառնալով՝

Արա՛մ, ըսաւ, անցած աղուորութենէս դեռ քիչ մը մնացած է, չէ՞…

Մեքենաբար գրպանէս հանեցի տարի մը առաջ քաշուած իր լուսանկարը՝ զոր ինձ նուիրած էր վերջին պահուն. փոփոխութիւնը մեծ էր, շատ մե՜ծ… միայն իր խոշոր սեւ աչքերը կը վառէին դեռ առջուան պէս, մինչ այտերուն կլորութիւնը հալած էր կարծես, ու լայն ճակտին վրայ երկար խորշոմ մըն էր գծուած։

Սիրտս յուզուեցաւ, եւ ես որ մանկութենէս ի վեր բնաւ չէի յիշեր լացած ըլլալս, այդ միջոցին արցուքներս չկրցի զսպել եւ որպէսզի Հրանտը չտեսնէ փղձկումս՝ պատուհանին առջեւ գացի եւ արցունքէն պղտորած նայուածքիս դէպի անդունդը տանող սեւ ճամբայ մը թուեցաւ ինծի երկաթէ ուղին՝ որուն վրայէն քիչ յետոյ պիտի սահէր երթար սիրելի բարեկամս, թերեւս անդարձ…

 

«Մասիս», 1904, 10 Յունուար, թիւ 2, էջ 26-31 (համահեղինակ՝ Արմէն Չրաքեան)