Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՎԵՐՅՈՒՇՈՒՄԸ

 

Սիրուած, փայփայուած օրերու յիշատակները

  վերյուշումները այսքա՜ն անուշ, այսքան աղուոր

  պիտի ըլլայի՞ն արդեօք, առանց առ յաւէտ

  սահա՛ծ, անցած ըլլալու թախիծին

 

Գատը գիւղէն մեկնեցանք, առտուն կանուխ։ Առաջին անգամ պիտի տեսնէի հռչակաւոր Ալէմ—Տաղին։ Հովը՝ ճիշդ դիմացէն՝ մեզի արգելք ըլլալ կ՚ուզէր կարծես, բայց իր խօլ կատաղութիւնը ձիերուն ոտքին տակէն ցրցքնուող փոշիի ծուէնները լոկ ետ տանելու կը բաւէր, ու մենք ճամբանիս կը շարունակէինք քով քովի, միօրինակ ու օրօրող galop—ով մը։

Ճամբան, մեր առջեւը, դէպի հիւսիսային արեւելք կ՚երկարէր կ՚երթար. երբեմն հեռուն, հեռուն, բլրակի մը կողին վրայ կը տեսնէինք անոր ճերմակ ժապաւէնը։

Հոնկէ պիտի անցնի՛նք, կ՚ըսէր Լեւոն մատովը այդ բլրակը ցոյց տալով ինծի։

Ու կ՚անցնէինք քիչ մը ետքը, բլրակները չէին հատներ սակայն, մէկու մը ստորոտէն պտոյտ կ՚ընէինք ճամբուն քմահաճոյքին համեմատ միւսէն վրայէն կը ցատկէինք, ուրիշի մը կողէն կ՚անցնէինք։ Չէինք կրնար խօսակցիլ, հովը՝ մեր գնացքին արագութեան միացած՝ չէր ձգեր որ ձայնը իր նպատակին հասնի, շրթունքին վրայ եկող վանկերը կը խլէր կը տանէր անմիջապէս առանց թող տալու որ իրարու քով գալով բառ մը կազմեն։ Լեւոն քթին տակէն երգ մը կը մռլտար ու կը սուրայինք։ Տեսակ մը ճպուռ էր այդ տղան կեանքը երգ էր ծայրէ ի ծայր, ուրախ ըլլար թէ տխուր՝ կ՚երգէր, իր բոլոր յուզումները, բոլոր ներքին տրամադրութիւնները թռչտուն վանկերու մէջ կը դնէր։

Ինք հին ծանօթ մըն էր Ալէմ—Տաղըին, անոր նսեմաստուեր անտառներուն մէջ սիրոյ հովուերգութիւն մը սկսած էր ան ժամանակին, արբշռող, անուշ ու աղուոր հովուերգութիւն մը, պուրակներուն կանանչին պէս անբիծ ու այդ գիւղի օդին պէս մաքուր՝ որ սակայն քաղաքին ժոխորալից մթնոլորտին մէջ գացեր վերջացեր էր տխուր կերպով մը։ Անոր բոլոր մանրամասնութիւնները պատմած էր ինծի։ Հիմա ուրիշինն էր Զապէլը։ Հինգ տարի անցած էր անկից ի վեր ու դեռ առաջին անգամ էր որ պիտի տեսնէր վիթխարի բնութեան այդ խորշը՝ ուր տաք ու կեանքոտ երազներով ապրեր էր ժամանակին երազներ ամէնքն ալ մեռած ու սառած հիմա։

 

***

 

Ձիերուն վրնջիւնը տերեւներու խշրտուքին մէջ կորսուեցաւ, արեւին լոյսը խափանուեցաւ յանկարծ, ճիշդ ինչպէս պիտի ըլլար երբ սենեակի մը բոլոր պատուհաններուն վարագոյրներն ալ գոցէիր, անտառը մտած էինք, ճամբուն մէկ դարձուածքէն յետոյ պզտիկ զառիվեր մը ելլելնուս յանկարծ հսկայ ծառերու մէջ գտած էինք ինքզինքնիս առանց զգալու։

Գլուխնուս վերեւ կանաչ տերեւներու ու ճիւղերու խառնիխուռն ձեղուն մը՝ որ կերերտկար, կը  տատանէր հովին քմայքներուն համեմատ, իսկ չորս կողմերնիս բուներու լափիւրինդոս մը՝ որուն ծայրը չէր երեւար։

Հիմա Լեւոն ետ մնալ սկսած էր ինձմէ, մինչդեռ մինչեւ հոն, ճամբուն ամբողջ տեւողութեանը մէջ, ես միշտ ձիս խթել կը ստիպուէի նկէ ետ չմնալու համար. յամրացուցի ընթացքս։ Իր յաւիտենական մռլտուքովը ան  ամէն մէկ ծառին նայուածքներ կ՚ուղղէր, իբր թէ  հին բարեկամներ ըլլային անոնք։

Իջնա՛նք, ըսաւ քիչ մըն ալ անդին։ Ձիերը ետեւնուս քաշելով ճամբէն դուրս ելանք ու դէպ ի անտառին խորը սկսանք յառաջանալ. հետզհետէ կը խտանային ու կը  խոշորնային ծառերը, շատ քիչ անգամ տերեւի մը բացուածքէն արեւը իր ներկայութիւնը կը յայտնէր մեզի։

Բայց ո՞ւր կ՚երթանք բարեկամ, պիտի մոլորինք, ըսի։

Իրաւունք ունիս, պատասքանեց ընկերս, ինձմէ զատ ո եւ է մէկը հաւանական է որ ալ բնաւ չգտնէ ճամբան այս լափիւրինդոսին մէջ՝ որ մինչեւ Սեւ— Ծովու եզերքը կ՚երկարի, սակայն մի՛ վախնար, եկո՛ւր, հոստեղի բոլոր ծառերըգիտեմ գրեթէ մէկիկ մէկիկ, մեր առուակին քով պիտի տանիմ քեզի, մեր հին առուակին… ի՜նչ յիշատակներ կը պարունակէ ինծի համար այս անտառը, կեանքիս երջանկութեան օրերը ապրած եմ հոս…

  Եւ ոչ իսկ պզտիկ արահետ մը կամ շաւիղ մը կար մեր անցած տեղերը, բնաւ չէր վարաներ սակայն Լեւոն իր ուղղութիւնը գտնելու, ձիուն սանձէն բռնած զիկզակ կը քալէր ան ծառերուն մէջէն. քանի մը քայլ հեռուէն կը հետեւէի ես իրեն. գետինը կը թնդար մեր ու ձիերուն ոտնաձայներով։

Սիրուն մարմանդի մը առջեւ կանգ առինք վերջապէս. երկու հսկայ մայրիներուն մէջտեղը բնական մանրիկ բլրակի մը կողէն բթամատի հաստութեամբ վճիտ ջուր մը կը բխէր մեղմօրէն որ անմիջապէս կը կորսուէր կ՚երթար մարգին կանանչ խաւերուն մէջ, այդ քիչ մը ջուրը հիանալիօրէն թարմ շրջանակ մը կազմած էր հոն իրեն. իր շուրջի կանանչը ուրիշ տեղիններրէն շատ աւելի թարմ, շատ աւելի աղուոր եւ երկու քովի ծառերն ալ ուրիշներէն աւելի ճոխ եւ աւելի խոշոր էին։

Լեւոն ձին ծառիմը կապեց ու գնաց առուակին առջեւ ծունկի եկաւ ափովը խմելու համար այդ վճիտ ջուրէն։

Ճիշդ այսպէ՛ս ահա, բարեկամս, ափովս ջուր կը խմցնէի Զապէլին հոս, ճիշդ հոս կը նստէր ան ի՜նչ աղուոր օրեր էին ատոնք, որչա՜փ երջանիկ էինք տեսնայի՜ր առջի անգամ հոս զինքը բերելուս վախցաւ թէ ճամբան պիտի չգտնենք, յետոյ սակայն ա՛լ վարժուած էր, ինք ալ սորված էր գրեթէ։ Օր մը, շատ լաւ կը յիշեմ, աղաչեցի որ գլուխս ծունկին վրայ հանգչեցնեմ, վայրկեան մը գոնէ. «եկո՛ւր» ըսաւ ժպտելով, ի՜նչ աղուոր էր այն օրը, հոս՝ ճիշտ հոս նստած էր ինք ու ես ալ քովը ընկողմանեցայ Եւ խորհիլ թէ այդ օրերը անցա՜ծ, գացած են ու ալ պիտի չգան, խո՜րհիլ թէ այս անտառը այս առուակը ալ զիս անոր հետ չպիտի տեսնեն երբե՜ք

***

Ժամէ մը ի վեր հոն էինք արդէն ու Լեւոն դեռ մեկնիլ չէր ուզեր։

Ինքնիրեն յարմարցուած երկարաձիգ ու մելամաղձոտ քմահաճ եղանակով մը, տասն անգամ, քսան անգամ անընդհատ Զօհրապին սա երգը կ՚երգէր հիմա.

Ըսէ՛ ինծի կարօտը հին սէրերնուս

Կ՚անցնի՞ երբեմն ներսէդ արագ ու թեթեւ,

Գինովցնող պաշտումներէդ կը զարթնո՞ւս

Անցեալին մէջ զարթումով մը կարճատեւ։

Յիշատակներով լեցուն այդ անտառին մէջ սրտին խորէն այս հարցումը կ՚ուղղէր Զապէլին ու շարունակ կը կրկնէր, իբր թէ ան քովը ըլլար ու վերջապէս պատասխան պիտի տար իրեն։

Երթանք ա՛լ Լեւոն, ըսի։

Գինովի տարտամ նայուածք մը ուղղեց ինծի ու՝

ի՞նչ կայ, կամաց կամաց, ասկէ աղւոր տե՞ղ պիտի գտնաս, նստէ՛, ըսաւ։

Քեզի պէս կ՚աճապարէր Զապէլն ալ, յարեց յետոյ, ամէն անգամ գալերնուս, «երթա՛ն երթա՛նք» կ՚ըսէր շուտ մը ու կը դառնայինք։

Լեւոն, ուշ մնացինք երթանք, անօթի ալ եմ, կրկնեցի յետոյ քանի անգամներ։

Ինչ անհամբեր տղայ ես, կ՚երթանք, կ՚ըսէր ինծի առանց նշմարելու որ գրեթէ երկու ժամ հոն էինք արդէն։

Վերջապէս ելաւ, քիչ մըն ալ ջուր խմեց ու դէպ ի ճամբան սկսանք դառնալ. Լեւոն կը դժկամակէր կարծես քալելու։

Զարմանա՜լի բան, կ՚ըսէր, Զապէլին հետ եկած ատեննիս երբեք այսքան հմայք չէ ունեցած այս տեղը ինծի համար, երբեք այսքան ցաւ չեմ զգացած հոսկէ մեկնելուս, կարծես թէ Զապէլը դեռ նոր, հոս, ձեռքէս կ՚առնեն

Մինչեւ իրիկուն, Ալէմ—Տաղիի ամէն կողմը, իր երջանկութեան օրերուն վերյուշումովը ապրեցաւ Լեւոն այն օրը եւ երեկոյին, ուշ ատեն դառնալու համար անտառին մէջէն անցած ատեննիս.

ՓախչիՖնք, Փախչիինք, ըսաւ ձին խթելով ուժգնօրէն, եթէ ոչ՝ մեր առուակին քով երթալու փորձութեան չպիտի կրնամ դիմադրել, եւ գիշեր ատեն անկարելի է ճամբայ գտնել հոն, կը կորսուինք։

Եւ սանձարձակ վազքով մը անտառին մէջէն դարձդարձող ճամբան կտրած ատեննիս, մտքիս մէջէն կը խորհէի թէ, երջանկութեան անդարձօրէն սահած փախած ըլլալուն գիտակցութիւնը թախիծը չէ՞ր արդեօք որ այնքան հմայիչ կը դարձնէր անոր ապրած վայրը

 

«Մասիս», 1903, հունուար 25, թիւ 4, էջ 58—60։