Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱԼՊԷՌ ՍԱՄԷՆ, ՀՈԳԵԿԱՆ ՆՐԲՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կան տարօրինակ իրիկուններ, վերջալոյսեր,

Երբ կարծես թէ հոգի կ՚առնեն անշունչ բոյսեր,

Մթնոլորտին խաւերուն մէջ, եթերն ի բուն

Կը տատանի հսկայ զղջում մը ծփծփուն,

Ու ամէնէն գաղտնապահ սիրտն իսկ այդ պահուն

Կը փախցնէ շրթունքէն յամր հառաչ մ՚անհուն։

Ո՜հ տարօրինակ իրիկուններ, վերջալոյսեր՝

Երբ կարծես թէ հոգի կ՚առնեն անշունչ բոյսեր՝

Ես ալ կ՚ըլլամ հեզիկ, քաղցըր, գորովագին,

Ինչպէս մի կին։

 

Առտուներ կան անամպ, պայծառ, երբոր վարդեր

Պչրոտ ժպտով մը կը բանան իրենց թերթեր,

Երբոր զուարթ ու անթախիծ խայտայ հոգին,

Ականակիտ ջուրերուն պէս ջինջ առուակին,

Սիրտը գարնան մէկ առտուան պէս խնդալից

Հոգին անբիծ, միտքը հանդարտ ու անկսկիծ։

Ա՜հ, առտուներ անամպ, պայծառ, երբոր վարդեր

Պղտոր ժպտով մը կը բանան իրենց թերթեր,

Ես ալ կ՚ըլլամ ուրախ, զուարթ, խնդումերես

Տղու մը պէս։

 

Կան գորշ օրեր, երկինք տխուր, ամպեր ցած,

Երբոր սիրտն ալ ինքզինքէն ձանձրացած,

Կ՚ուզէ  նետել վերջին ակնարկ մը յետախոյզ,

Ասպարէզին վրայ կեանքին որ կուտայ խոյս,

Եւ տասը դար ապրած մէկու մը նման

Կեանքը թուի տարտամ նկար մը անկենդան։

Ո՜հ գորշ օրեր, երկինք տխուր, ամպեր ցած

Երբոր ես ալ, ա՛լ ինքզինքէս ձանձրացած,

Կ՚ըլլամ գոգցես, կորաքամակ, ցնդած, անպէտ

Մէկ նահապետ։

 

Գիշերներ կան տխո՜ւր, անվե՛րջ ո՜հ մէյ մէկ դար—

Երբ տառապանք սիրտս կ՚ընէ պատառ պատառ,

Եւ երբ հոգիս յորձանքներուն յատակն իջած,

Արհաւրալից անսահմանին եզրէն յանկարծ,

Անդունդին պաղ շունչը կը զգայ ճակտին վրայ,

Եւ կ՚ընկրկի քայլամոլոր, կը սարսռայ։

Գիշերներն այն, տխո՛ւր, անվերջ ո՜հ մէյ-մէկ դար—

Երբ տառապանք սիրտս կ՚ընէ պատառ պատառ

Ես ալ կ՚ըլլամ խոր ստուերին մէջ լուռ ու մունջ

Դիակ մ՚անշունչ։

 

«Մասիս», 1903, 6 դեկտեմբեր, թիւ 49, էջ 779