Ազգային սահմանադրութիւնը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԵՐՋԱԲԱՆ

Օրէնքի 99րդ յօդուածներէն միայն 32ին բարեփոխութիւնը ներկայացուցի: Բան մը չեմ առաջարկեր գլուխներու ու մասերու բաժանման ու դասաւորութեան մասին:

Թերեւս այս 32ի բարեփոխութիւնն իսկ թերի ըլլալով հանդերձ, շատ է եւ անհնար ըլլայ մօտ ապագային այսքանն իսկ ձեռք բերել:

Այսպէս կ’ենթադրեմ ո՛չ միայն շարք մը սկզբունքներ Պարլամենտի, կառավարութեան բովէն անցընել տալու մտավախութեամբ, այլ եւ այն պատճառով որ շատ հաւատք չունիմ թէ ազգային շրջանակի մէջ տիրող կարգ մը նախապաշարումներ եւ չկամութիւններ պիտի անհետանան մեր օրերուն…

Կան եւ սկզբունքներ՝ որոնց կիրարկումը կարօտ է զանազան յարանուանութեանց պատկանող Հայերու հաւանութեան: Ատոնց դէմ անկասկած ամէնէն շատ պիտի ծառանայ կաթոլիկ հայ հոգեւորականութիւնը: Բայց, առանց պաշտօնական համաձայնութիւններու սպասելու, կարծեմ կարելի է իրագործել ազգային մշակոյթին մասնակցելու ցանկացող իւրաքանչիւր Հայի ընտրական իրաւունքը, առանց կրօնի ու յարանուանութեան խտրութեան:

Ըսեմ անգամ մըն ալ որ, իմ ձեւակերպած բարեփոխութիւններս չեն ներկայացներ իմ ամբողջ ծրագիրս: Աչքի առջեւ ունենալով տիրող հոգեբանութիւնը, աշխատեցայ բաւականանալ թերի փոխանցումներով:

  Աշխատութեանս քննադատական ուսումնասիրութեան մասը բաւական է ձեւակերպուած բարեփոխումներու թերութիւնները տեսնելու:

Առաջարկուած բարեփոոխութիւնները լիովին չեն վերակազմեր եկեղեցական վարչութիւնն ու մշակոյթի վարչութիւնը:

Բայց կը կրկնեմ՝ եթէ առ այժմ այս թերի չափերով իսկ կարենանք վերակազմել մեր վարչական մեքենան, մեծ յաջողութիւն է:

Յատուկ դիտումով, չգործածեցի Կ. Պոլսի բառը Պատրիարքի եւ Կեդրոնական Վարչութեան համար, այն ցանկութեամբ որ այդ չարաբաստիկ պահանջը դադրի իր գոյութեան իրաւունքէն:

Չեմ դրած նաեւ եկեղեցական եւ աշխարհական պատգամաւորներ: Կը կարծեմ որ իրաւունք չունինք այդպիսի բաժանումներ կատարելու: Թող եկեղեցականն ալ ընտրական պայքարի մէջ նետուի, իր թեկնածութիւնը դնէ եւ ընտրուի ի՛նչ թիւով որ կրնայ, միայն թէ ժողովուրդէն ընտրուի եւ ո՛չ իր դասակարգէն:

Եւ յետոյ յիշենք դարձեալ, որ չարիքներու, վարչական մեքենայի թերութիւններուն ամբողջ մեղքերը օրէնքի, օրէնսդրութեան վրայ պէտք չէ ձգել: Որքա՜ն թերութիւններ ունինք որ եղած օրէնքներով իսկ կրնայինք չունենալ կամ սրբագրել:

Սահմանադրական ռէժիմն անգամ երկրի մը կամ ժողովուրդի մը բարօրութեան երաշխաւորութիւնը չէ: Աւելի քան ռամկավարական, արմատական դաւանութիւն ունեցողներ կան, որոնք կը քննադատեն ժողովրդապետական լաւագոյն վարչաձեւը (ռէժիմ): Եւ արդէն վերջնական կատարելութիւնը չէ՛ ընդնշմարած մարդկութիւնը:

Բայց մենք մինչեւ այդ աստիճաններուն ձգտելէ առաջ, կարօտ ենք այնպիսի աստիճաններու, որոնք ուրիշներու համար հինցեր են: Եւ որովհետեւ մենք ինքներս ենք հինցեր ու վատթարացեր, մեր մտայնութիւնը, նկարագիրը նորոգուելու են, որպէս զի կարենանք լաւին եւ լաւագոյնին հասնիլ:

Շարք մը բարեփոխութիւններ մենք կրնանք իրագործել՝ առանց օրէնքին հակասելու, եւ կասկած նուիրագործելու իրականացածը:

Այս իսկ տեսակէտէն առաջնորդուած, առ այժմ միայն հրապարակ դնելով կարգ մը բարեփոխութիւններու կմախքը, յոյսս ոչ անքան օրէնսդրական անմիջական միջոցներու վրայ է՝ որքան զանոնք լաւագոյն տարրերու, առաջադէմ շարքերու սեփականութիւն դարձնելով, ճամբայ բանալու հաւանականութեան վրայ:

Այնու ամենայնիւ անմիջական անհրաժեշտութիւն կը համարեմ 36, 37, 38, 39, 44, 47, 49, 52, 57, 65, 69, 71, 72, 91, 92, 93, 96 եւ 98, ընդամէնը  18 յօդուածներու բարեփոխութիւնը, առաջարկուած ձեւերով:

Կը կարծեմ որ եթէ կատարուին այս բարեփոխութիւնները, մնացածը դժուար չպիտի ըլլայ կեանքի մէջ իրագործել:

Սակայն այդ 18  յօդուածներուն անմիջական բարեփոխութիւնը անհրաժեշտ կը համարեմ, մեքենան լարելու համար: Անոնց մէջ մանաւանդ անմիջական եւ էն կարեւորն է այժմ Քաղաքական Ժողով կոչուած Վարչութեան եւ Օժանդակ Խորհուրդներու կազմը, Թաղական խորհուրդներու եւ Պատգամաւորներուն ընտրութեան ձեւը, Ընդհ. Ժողովներու շրջանը, որ կը վերածուի հինգ տարուան: Վարչութիւնը անուանած եմ Գործադիր Վարչութիւն՝ վերածելով անդամներու թիւը հինգի, որոնք պէտք է ըլլան թոշակաւոր Կեդրոնական թէ՛ Վիճակային՝ միեւնոյնն է: Պոլիսը կը վերածուի առանձին Վիճակի:

Վարչութեան Ատենապետը ուղղակի Ընդհ. Ժողովէն կ’ընտրուի եւ ըլլալու է ընդհանուր վարիչն ու պատասխանատուն՝ նուիրուած ամբողջովին իր պաշտօնին:

Այս ընտրութիւնը պիտի կատարուի ժողովի կուսակցական համախմբումներու ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմուած ցուցակէն, իսկ Ատենապետը խորհրդակցելով նոյն խմբակցութիւններուն հետ, եւ իր թեկնածուներուն հաւանութիւնն ստանալով, կ’առաջարկէ իր չորս ընկերները, որոնք կը ստանձնեն աշխատութեան եւ պատասխանատուութեան իրենց բաժինը:

Այսպէսով վարչութեան ընտրութիւնը չի դառնար արդիւնք պատահականութեան, այլ որոշ ուղղութիւններու: Ըլլալով թոշակաւոր, Վարչութեան անդամները հնարաւորութիւնը կ’ունենան ամբողջովին նուիրուելու իրենց պաշտօնին: Այս պարագան է գլխաւորաբար որ պիտի լարէ վարչական մեքենան:

Նոյնպէս եւ թաղային պատգամաւորական ընտրութիւնները կատարելով ազատ ու անկախ օրուան իշխանութեան տէրերու միջամտութենէն ու ազդեցութենէն, պրօպագանտով, թեկնածուներու ցանկի վրայ, պիտի մտցնեն որոշ ուղղութիւն ազգ. մարմիններու մէջ, որով յանձնառութիւն ընտրողներու եւ ընտրուողներու միջեւ, եւ հետեւաբար ընտրողները դառնալով իսկական պատգամաւորները ընտրողներուն, վերջ կը տրուի ներկայ քաոսային դրութեան, կամայականութիւններուն:

* * *

Այս բարեփոխութիւնները՝ եթէ ընդունուին, մինչեւ անգամ կարել է առանց օրէնքի յօդուածները փոփոխելու, համարել իբրեւ հրահանգ գործադրութեան եղանակի: Եւ որովհետեւ գործադրութեան եղանակը չի փոփոխեր օրէնքին հիմնական էութիւնը, ուստի եւ ա՛լ հարկ չի մնար պետական օրէնսդրական կարգով օրէնքի վերաքննութիւնը եւ բարեփոխութիւնները վաւերացնելու:

Բայց ինչ եղանակով ալ ներմուծենք, թուղթի վրայ ընդունուած բարեփոխութիւնները ո՛չ մէկ արդիւնք չեն կրնար ունենալ:

Առաջադրուած սկզբունքներն ու բարեփոխութիւնները ընդունելու եւ իրագործելու համար, անհրաժեշտ է տիրող հոգեբանութեան մէջ մեծ յեղաշրջում մը ժամանակի պահանջներու հասուն ընբռնողութիւն:

Անվիճելի է որ իբր ԱԶԳ ապրելու, ազգային իրաւունքներ վայելելու, լաւագոյնին հասնելու ձգտում մը կայ, բայց կը պակսի նախաձեռնութեան, ինքնօգնութեան ոգին: Քաղաքացիական քաջութիւնը չունինք իրագործելու ինչ որ մեզմէ կախուած է:

Մեր ամբողջ ուշադրութիւնը լարած կը սպասենք պետական բարենորոգումներու գործադրման, առանց հաշուի առնելու որ քաղաքական՝ ինչպէս մշակոյթի ու տնտեսական կեանքի բարեշրջումներն ու բարեկարգութիւնները հրաշքով չեն ըլլար: Ո՛չ մէկ բարեշրջում եւ բարեկարգութիւն առանց մէզ, առանց մեր մասնակցութեան չի կրնար իրագործուիլ: Իսկ մեր մասնակցութեան հնարաւորութիւնը կախում ունի մեր ընդունակութիւններէն, մեր ձեռնհասութենէն: Քաղաքական կեանքը, ինչպէս մշակոյթի կեանքը կամ տնտեսականը իրարմէ անբաժան են, մէկը միւսին ծնունդն է:

Եթէ Թուրքիոյ մէջ ազգերու հաւասարութիւնն իրականանայ եւ մենք ալ հրաւիրուինք մասնակցելու պետական կազմին, քաղաքական ու քաղաքացիական կեանքի մէջ, ապահո՞վ ենք որ չպիտի ցուցնենք ծանօթ անճարակութիւնները, մենք որ այնքան պահանջկոտ ենք ուրիշներու հանդէպ:

Մեր ներքին ինքնավարութեան մէջ ներմուծելի բարեկարգութիւնները ո՛չ միայն նախափորձը՝ այլ եւ երաշխիքը պիտի ըլլան ստեղծելու այն բոլոր առանձնայատկութիւններն եւ կարողութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են պետական կազմի մէջ մեր մասնակցութեան իրաւունքը արժանաւորապէս գործադրելու, անհատական ու քաղաքացիական բարեկարգութիւն ստեղծագործելու, իբր անհատ եւ ազգ մարդավայել ապրելու համար:

Հետեւաբար կը կրկնեմ, անհրաժեշտ է առաջադրուած բարեփոխութիւնները իրագործելու ժեստ մը:

Ի հարկէ վարչական մեքենան, մարմինները վերակազմելու, տնտեսական քաոսային դրութիւնը ջնջելու, կանոնաւոր ելեւմուտք հաստատելու, աներեւոյթը շօշափելի դարձնելու համար կարեւոր գումարներ պէտք են, իբրեւ նախնական ծախք: Եւ որովհետեւ մեր ազգային սնանկ սնտուկին մէջ այդ գումարը չկայ, թերեւս առարկեն:

Լաւ, այդ բոլորը աղէկ կը նկարագրես ու կ’առաջարկետ, բայց ամէն բան դրամով կ’ըլլայ, եւ որովհետեւ դրան չկայ, բա՛ն մըն ալ չենք կրնար ընել:

Այս առարկութիւնը բնաւ չպիտի արդարացնէ մեզ: Նախնական ծախքի գումարը թերեւս աւելի մեծ է քան կ’երեւակայենք. բայց անհնարին չէ հայթայթել զայն եւ իրականացնել անհրաժեշտը, եթէ միայն պարտականութիւնը, գործելու ջիղն ու կամքը ունենանք:

Այդ գումարն հայթայթելու հարցը առանձին խնդիր մը ըլլալով, չէի կրնար կցել բարեփոխութեան շարքին, ինչպէս զանց ըրի պիւտճէի կազմութեան մասը: Պիւտճէի մասին ծրագիրներ մշակուած են եւ կը մնան ազգային պաշտօնական սեղաններու վրայ:

Եթէ այս աշխատութիւնը կարենայ օգնել անհրաժեշտ բարեփոխութեանց մասին համոզում գոյացնելու, այդքանն ալ բաւական է ինծի համար, իբրեւ գոհունակութիւն չնչին պարտականութիւն մը կատարողի: