Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՊԱՅԱԶԻՏԻ ՌՈՒՍ ԳԵՐԻՆԵՐԸ

Անոնք որ գիտէին թէ Քիւրտերը մինչեւ ՇՎան հասնելնին, իրենց ճանապարհին վրայ գտնուած Հայոց գիւղերը ի՛նչ վիճակի հասցուցած էին եւ իրենց ձեռքն անցած Հայերուն հետ ի՛նչպէս վարուած էին, այս իրադարձութեանց տեղեակ եղող մէկը եթէ երբէք Վանէն մինչեւ Պայազիտ երթար, կազմուած ծրագիրին մէջ բնաւ տարբերութիւն չպիտի գտնար, այլ անոր սիսդէմաթիէ կերպով գործադրուիլը պիտի տեսնէր: Վանէն մինչեւ Պայազիտ ճամբորդող մը բնաւ իր ենթադրութեան մէջ չէր սխալեր. հեռուէն տեսնուած աւերակ ու ամայի գիւզերը Հայոց գիւղերն էին, իսկ շէն եռուզեռի մէջ տեսնուած գիւղերը Քիւրտերունն էին: Ահա անարդարութիւնն ու զուլումն ասկէց աւելի ուրիշ պարագաներու մէջ կարելի չէ որ որոշ կերպով երեւան գայ:

Քանի մը քայլքափոխէ առաջ կը հանդիպիս աւերակի մը եւ անմարդաբնակի մը, քանի մը քայլ վերջ կը հանդիպիս շէն ու կեանքոտ գիւղի մը: Դիակներու քովէն կ՚անցնիս, որ անխնայ կերպով յոշոտուած են, քանի մը քայլ վերջ կը հանդիպիս ուրախ զուարթ արարածներու: Ճամբորդը կը շուարի եւ ինքնիրեն կը հարցնէ.

Ինչո՞ւ այս այսպէս, ա՞յս է եղեր արդարութիւնը…

Ճամբորդի այս մենախօսութիւնն իր սիրտն ու հոգին չի հանդարտեցներ, երեք օրուան ճամբորդութեան միջոցին կը տեսնէ գիւղի մը աւերակն որ իր անցեալը կ՚ողբայ, իսկ քովը գտնուած կանգուն մնացած գիւղն ուրախութեան քրքիչներու մէջ կ՚ապրի. խողխողուած դիակներու բերնէն արդարութիւն եւ վրէ՜ժ լսել կը կարծէ, իսկ գրեթէ դիակին քով կեցող արարածէն բերկրութեան քրքիչներ կը լսէ. իսկ ամենէն անտանելին էր հետեւեալ պարագան:

Պատերազմէն առաջ եւ նոյն իսկ երէկ Քիւրտ գիւղացին իր Հահյ դրացի գիւղացիէն օգնութիւն կը խնդրէր. ասիկա արդէն շատ բնական էր Վասպուրականի ամէն կողմը. առանց Հայ գիւղացիի օգնութեան եւ ձեռնտուութեան, քրդական գիւղ մը հաստատուած չէ: Իսկ այսօր եթէ երբեք Հայ գիւղացին բախտին մէկ բերումով, ազատած է իր եւ զաւակներուն կեանքը, ձեռքը ծոցը դրած, վիզը ծռած կ՚աղաղակէ կ՚արտասուէ որ իր դրացի քիւրտը իրեն օգնէ. իսկ քիւրտը կ՚ըսէ. «Ֆլայ» օգնութի՞ւն կ՚ուզես:

Պայազիտի հրդեհը եւ թալանը գրեթէ Վանայ ճիշդ մէկ մանրանկարն եղած էր արդէն կարելի չէր որ Պայազիտ զերծ մնար, քանի որ գտնուած Քրդախառն զօրքերու թիւը 60, 000ի հասած էր:

Պայազիտի Հայոց թաղերուն մէջ ջարդ եղած էր ինչ որ Վանայ մէջ չեցաւ եւ Պայազիտի ջարդը շատ սարսռազդեցիկ եղած էր: Նախ գեղանի հարսներն ու աղջիկները դուրս հանած էին, ծերեր եւ մամիկներ մանկիկներ տուներու մէջ թողլով կրակ տուած ու ողջ ողջ այրած էին, այրած էին նաեւ շուկան: Պայազիտի դէպքն յիշելով Լէնկթիմուրը պէտք է յիշեր:

Այն Հայերը որոնք ողջ ողջ այրուելէ խոյս տուած էին, քաղաքէն դուրս Քիւրտերու ձեռքը անցած ու տեղն ու տեղ յօշոտուած էին. վերջէն այդ դիակները փոսի մը մէջ լեցնելով կիրով (քիրէճ) ծածկած էին, որպէս զի գարշահոտութենէն ժանտախտ յառաջ չգար:

Չենք գիտեր թէ ի՞նչ պարագաներու մէջ Ռուսական 800ի չափ զօրքեր Պայազիտի բերդին մէջ Թուրք զօրքերէն պաշարուած էին:

Պայազիտի բերդը հին ձեւով շինուած ամրութիւթիւն մ՚է պարիսպներուն վրայ դուրսի բերանը նեղ, իսկ ներսի բերանը լայն ծակեր ունի. կ՚ըսուի թէ թշնամիէն պաշարուած միջոցին այդ ծակերը կը ծառայեն դիտակով կամ աչքով թշնամին դիտելու կամ գնդակ արձակելու:

Թրքական բանակը բերդը պաշարած էր, Ռուսերն այդ ծակերէն գնդակներ կ՚արձակեն եղեր բանակին վրայ եւ զօրքեր կը սպաննեն, քանի որ 60, 000 զօրքեր խիտ խիտ բերդին բոլորտիքը կը գտնուին եղեր: Արձակուած գնդակները Քիւրտերուն հանդիպելով, քիւրտը «Մըն խաչ կօյ» (Խաչին հայհոյել) ըսելով գետին կը փռուի եղեր ու կ՚անշնչանայ։ Քիւրտերը պէտք է ըսել որ նշանաձգութեան մէջ բաւական վարժ են, կ՚աշխատին եղեր այդ փոքրիկ ծակերէն գնդակներ ներս սպրդեցնել, եւ հաւանական չի նկատուիր այդ գնդակներուն իրենց նպատակին ծառայելը:

Բանակէն քսան քայլ հեռու ընդարձակ կիսափոր մը կայ եղեր որ հողէ բլուրներով շրջապատուած է, ամէն իրիկուն ժամը 3ին կը սկսի եղեր գեղջկական տավուլ զուռնա նուագը: Քիւրտերուն ցեղապետներէն անոնք որոնց հաճելի կը թուի եղեր այը նուագածութիւնը, կը տեղաւորուին այդ բլուրներուն վրայ, իսկ կիսահարթ ձորին մէջ քանի մը տեղեր խարոյկներ կը վառեն՝ ձորը լուսաւորելու համար, անկէ վերջն է որ կը սկսի եղեր ամենաքստմնելի եւ սարսռազդեցիկ լպիրշ տեսարանը: Քսանէ աւելի բոլորովին մերկ Հայ կիներ, հարսեր ու աղջիկներ կը բերուին եւ բռնի կերպով պարել կուտան, մինչեւ այն ատեն, երբ այդ վավաշոտ եւ լիրբ հանդիսականներուն քնանալու ժամանակը հասնի եղեր:

Պայազիտի հրդեհէն ազատուած հարսերն եւ աղջիկներն էին, որոնց բռնութեամբ պարել կուտային:

Բերդին մէջ գտնուած ռուս զօրքերը՝ եղած պաշարը սպառած էին, այն պաշարը որ նախապէս թուրք կառավարութեա կողմէ ամբարուած էր: Ռուս զօրքերը օր առաջ անձնատու ընելու համար ջուրերը կտրուած էին. ի հարկէ անօթութեան եւ ծարաւի այնչափ ատեն կարելի է տոկալ որչափ կարելի է:

Բերդին մէջ գտնուած Ռուսական վաշտը կ՚որոշէ իր մէջէն մէկը ղրկել ընդհ[անուր] հրամանատար Տէր Ղուկասովին, այդ անձնուերը կ՚ըլլայ Հայ մը զոր անմահ Րաֆֆին նկարագրած է իր «Խենդ» անուն վէպին մէջ:

Քանի մը օրէն վերջ արշալոյսին Թուրք բանակին մէջ շշուկ կը տարածուի թէ Ռուս գերիներ պիտի ազատուին եղեր: Շշուկը կ՚իրականանայ եւ քանի մը ժամ վերջ բերդը պարապ կը գտնեն: