Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ. ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆԻ ՍՈՎԸ

Պատերազմը գրեթէ վերջացած էր եւ Պայազիտի բանակէն Քիւրտեր իրենց պետերով հետզհետէ Վան կը վերադառնային, իրենց սեղերը երթալու Քիւրտեր իրենց քաջագործութեան արդիւնք եղող աւերակ Հայ գիւղերը կը տեսնեն. չեն գիտեր Հայ գիւղացի որ իրենց հաց, իւղ, հաւ եւայլն տայ. երբ անօթի կը մնան այն ատեն կ՚զգան իրենց սխալը , բայց ի զո՜ւր…:

Վերադարձող Քիւրտերուն մէջ հիւանդոտներ աչքի կը զարնէին, որոնց հիւանդութիւնը կը վերագրուէր սկիզբէն ի վեր իրենց ունեցած վաւաշոտ կենցաղին: Հիւանդոտ Քիւրտերը Վան կը մնային եւ Հայերու խանութներն ու դուռները ափ կ՚առնէին մուրալու, լալով պատառիկ մը չոր հաց կ՚ուզէին. Հայ մամիկներն իրենց այդ վիճակը կը վերագրէին Աստուծոյ պատժոյն եւ վրէժխնդրութեան:

Վերադարձող հիւանդները բնականաբար Թուրքերու եւ Հայերու տուներուն մէջ ապաստան չպիտի գտնէին, իրենց ապաստանարանն էր փողոցները եւ պատերու ներքեւ, ուր քար մը գլխնուն ներքեւ դնելով կը պառկէին: Իրենք լաւ ըմբռնած էին թէ իրենց մուրացկանութեան վայրը պիտի ըլլար Վան քաղաքը, իրենց ծանօթ էր ըրած վայրագութիւննին, գիտէին թէ ժամանահին գիւղացիին եզը գսմէշը. տունը, խոփն ու արօրը թողուցած չէին, շէն գիւղ մը չկար որպէս զի երթային ըստ սովորութեան ուտէին, խմէին իրենց ուզածին պէս:

Վասպուրականի Հայութեան ենթարկուած վիճակին հետեւանքն ուրիշ բան չպիտի ըլլար՛ եթէ ոչ սով. դժբախտաբար սովին գալը չուշացաւ ամենասոսկալի կերպով:

Վանայ մէջ Սովելոց յանձնաժողովի մը ճիւղ հաստատուած էր, որուն կը նախագահէր Խրիմեան Հայրիկ:

Նախ պարտք կ՚զգանք խոստովանելու որ եթէ նոյն միջոցին Խրիմեան Վան չգտնուէր, Վասպուրականի Հայութեան մեծ մասը սովի ճիրաններէն չպիտի ազատուէր, որովհետեւ աշխարհի ամէն կողմէն եկած դրամներն իսկոյն Վան կը ղրկուէին եւ Խրիմեանի տրամադրութեան ներքեւ կը դրուէին: Վերջապէս, Խրիմեանին ազգասիրական եւ հայրենասիրական նշանաւոր գործերէն մին ալ եղաւ այն պարագային Վան գտնուիլը, եւ Վասպուրականի Հայութիւնը մինչեւ վերջը եւ միշտ պէտք է իր երախտագիտութիւնը խոստովանի առ Խրիմեան, եւ եթէ սխալիր, այն ատեն էր որ Խրիմեանին ՀԱՅՐԻԿ տիտղոսը տրուեցաւ, որուն իսկապէս արժանի էր: Խրօմեան իսկապէս Հայրիկ էր ոչ միայն Հայերուն այլ Թուրքին ու Քիւրին, վերջապէս թշուառին: Բայց ի՞նչ ընէր խեղճ Հայրիկը: Վասպուրականի գիւղերն աւերակ դարձած էին, գիւղացի չկար, եթէ կար ալ, եզ, գոմէշ, դուար ու ցորեն չունէր: Պատերազմէն առաջ օխան 30-40 փարայի ծախուած հացը 12-15 ղրուշի բարձրացած էր, ան ալ եթէ երբեք հաց եւ սովորականին պէս եփած ըլլար, հազիւ 300 տրամ կը կշռէր. իսկ ամենէն ցաւալին այն էր որ այդ գինով ալ անկարելի էր հաց գտնել:

Պատերազմէն առաջ 20-25 ղրուշի ծախուած մէկ չափ ցորենը 5-550 ղրուշի բարձրացած էր, առանց նկատի առնելու թէ հին, բորբոսած ու փտտած գարիով եւ կորեկով խառն ալիւրի կը վերածուէին եւ կը ծախուէին: Դարձեալ ցաւալին այն էր որ ձեռք բերուիլը շատ դժուար էր:

Փռապաններէն շատերն եւ ալիւր ու ցորեն ունեցողներւ շատ զգուշութիւն կ՚ընէին թէ մի՛ գուցէ ժողովուրդն յարձակի եւ յափշտակէ, ինչ որ քանի մը անգամներ պատահեցան ու տեղի ունեցան:

Վասպուրականի սղութիւնն ու սովը ընդհանուր էր. քիւրտն ալ, թուրքն ալ Հայերուն նման կը տանջուէին, որովհետեւ թուրքին ու քիւրտին ցորենը հայթայթողը Հայն էր եւ Հայերէն կը գտնէին. այդ կարգի Թուրքերն ու Քիւրտերը վաղուց զգացած էին իրենց կրօնակիցներուն գործած վայրագութիւնը, աւերն ու ոճիրները , բայց ի՞նչ օգուտ, այլ եւս ուշ էր: Վերջին ատենները սկսաւ Պաղտատէն, Մուսուլէն եւ Պարստաստանէն ցորեն գալ Վան եւ ժողովուրդն սկսաւ քիչ մը շունչ առնել սովի ճիրանին մէջ:

Եթէ Խրիմեան վարչական տեսակէտով իր թերութիւններ ունեցաւ, ունէր նաեւ գովելի յատկութիւն մը, որ իր մեծանձնութիւննն ի վեր կը հանէ, դասակարգի խտրութիւն չունենալ, իրենց համար ամէն ոք մարդ էր եւ թշուառ, պէտք էր մարդուն եւ թշուառին համար մտածել, այդպիսիներն ի՛նչ կրօնքի ու ի՛նչ ցեղի ալ պատկանէին: Ուրեմն կրնանք Խրիմեանն անուանել ընկերվարական:

Խրիմեանն իր գթասիրութեամբ հռչակաւոր էր Վանի վէջ, այնպէս որ Խրիմեան միայն Հայոց Հայրիկը չէր, այլ Թուրքերուն, Քիւրտերուն եւ Գնչուներուն: Մեր ըսածին իբր ապացոյց կրնայ նկատուիլ Խրիմեանի վերջին անգամ Վանէն մեկնիլը դէպ ի Պոլիս: Ողջերթ մաղթող հազարաւորներուն մէջ կը գտնուէին նաեւ թուրքեր, Քիւրտեր եւ Գնչուներ, որոնք Հայերուն նման լալով իրեն ձեռքն համբուրած էին եւ Հայերուն ձայնակից ըլլալով բացագանչած. «Հայրի՛կ, մեզ մի՛ մոռնար, շո՛ւտ վերադարձիր»:

Ժամանակի Վանայ մէջ Խրիմեան եւ հակախրիմեան, Պօղոսեան կամ Ապօղոսեան կուսակցութիւններ գոյութիւն ունէին:

Հակախրիմեաններ դաւադրութիւն մը կը սարքեն՝ Խրիմեանն սպաննել տալու, եւ քիւրտ մը կը վարձեն՝ 20 ոսկիի փոխարեն Խրիմեանն սպաննելու համար:

Խրիմեան քաղաքէն Վարագ եւ Վարագէն քաղաք ընդհանրապէս առանձին կը ճամբորդէր, իր ճերմակ ձիուն վրայ նստած:

Վարագէն քաղաք իջնելու ատեն հեռուէն կը տեսնէ «Չռիկ աղբիւր»ի ներքեւ քիւրտ մը, որ դէպ ի զինքը կուգայ, Խրիմեան իսկոյն կը մարգարէանայ թէ զինքը սպաննելու համար կուգայ: Խրիմեան խօսքը քիւրտին ուղղելով կ՚ըսէ:

«Գիտեմ, քեզ ղրկած են զիս սպաննելու, քովս շատ դրամ չունիմ, ես Տէրվիշ մարդ մ՚եմ, երկու ոսկի ունիմ քովս (ոսկիները գրպանէն հանելով), առ այս երկու ոսկին ինծի մի՛ սպաններ»։

Խրիմեան կարծես գերբնական ոգի մը կը ներշնչէ Քիւրտին, որ փոխանակ երկու ոսկին առնելու, Խրիմեանի հակառակորդներէն իրեն տրուած քսան ոսկին Խրիմեան Հայրիկին կուտայ եւ ձիէն վար իջնելով անոր ոտքին կը փաթթուի եւ ներողութիւն խնդրելով կ՚ըսէ.

«Դուն մարդ չես այլ Մարգարէ, որ գիտցար թէ զիս վարձած են քեզ սպաննելու, կը խնդրեմ ու կը պաղատիմ ներէ ինձ»։ Ու Խրիմեանի ոտքը կը համբուրէ:

Հոգելոյս Կաթողիկոսը կը պատասխանէ.

«Կը ներեմ քեզ, իսկ այս 20 ոսկին տար աղքատներուն բաժնէ»։

Քիւրտը հակառակ Խրիմեանի փափքին, այս ամայի ճանապարհին կ՚ընկերանայ իրեն մինչեւ Այգեստան եւ անոր աջը համբուրելէ վերջ կը մեկնի:

Խրիմեան Առաջնորդարան երթալու եւ կամ վերադառնալու միջոցին տասնեակներով քիւրտ եւ թուրք մուրացիկները զինք կը շրջապատէին եւ Խրիմեան ամենուն ալ անխտրաբար ողորմութիւն կուտար:

Խրիմեան Հայրիկ խնջոյքի մը հրաւիրուած էր, ուր կը գտնուէին նաեւ Յանձնաժողովին անդամներէն մէկ քանի հոգի. Հայրիկ խօսքն անոնց ուղղելով ըսաւ.

«Ես ձեզի միշտ պատուիրած եմ թէ խոշոր դրամներ մի՛ տաք ինծի, հիմա ճանապարհիս վրայ քովս ունեցած մանր դրամներն աղքատներուն տալէս վերջ՝ մուրացիկ քիւրտ մը ետեւէս ինկաւ, «Հայրի՛կ, հայրի՛կ» ըսելով. քանիցս իրեն ըսի որ մանր դրամ չունիմ քովս, եւ իրօք ալ չունէի, միայն մէկ օսմ[անեան] ոսկի ունէի քովս, Քիւրտը նորէն լալով դրամ կ՚ուզէր, խոստացայ վաղը իրեն տալու, չհաւատաց եւ ձեռնթափ չեղաւ, կ՚երեւի թէ շատ անօթի էր: Ճարահատեալ գրպանս գտնուած մէկ ոսկին իրեն տուի որ ձեռնթափ եղաւ: Թէեւ մէկ ոսկին շատ էր, բայց միեւնոյն ժամանակ եթէ չտայի, այս գիշեր անօթի պիտի մնար»։

Քիւրտ եւ թուրք տարրը սովի պատճառաւ աւելի զոհեր տուաւ, քան թէ Հայը: Հայերէն սովէ մեռնողները շատ աննշան եղան, բայց քիւրտերէն շատերը մեռան, որովհետեւ ինչպէ՞ս կարելի էր որ Քիւրտերը գետնի բոյսերով եւ իրենց հիւանդոտ վիճակով փողոցներուն մէջ պառկելով ապրէին: Վանայ Հայութիւնը միայն համաճարակ հիւանդութեան վախ մ՚ունէր, ինչ որ բարեբախտաբար տեղի չունեցաւ: