Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԹԵՐԹԻ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏՈՒԹԻՒՆ

Գործը զգալի կերպով յառաջ կ՚երթար, վարիչ մարմինը ցորեկ եւ գիշեր անդուլ կ՚աշխատէր, որովհետեւ Հայաստանի վիճակն եւ թէ ծայր տուած նորանոր հարստահարութեան լուրերն եւ կառավարութեան թյլ եւ տարտամ վարմունքը մեզի այն համոզման հասցուցած էին թէ՝ միայն եւ միմիայն զոհողութեամբ կարելի պիտի ըլլայ մեր իրաւանց սէրն ըլլալ եւ իբր մարդ ապրիլ: Այդ պահանջը կուգար Հայաստանէն եւ նասնաւորապէս այն գաւառներէն ուր մասնաճիւղ կար եւ ուր որ զգացումը մուտ գործած էր: Պոլսոյ մեր հետեւորդներուն թիւը քանի որ օր ըստ օրէն զգալի կերպով կը շատնար եւ մեր համակիրներու շրջանակը կը լայննար, վարիչ մարմինը նկատած էր որ Յեղափոխական օռկան մը շատ մեծ դեր կրնար խաղալ եւ անոր պակասը զգալի կը դառնար

Արմէնիան ծրարի մէջ դրուած իբր նամակ կը ստանայինք, իսկ Պրօշիւրներ եւ գիրքեր իբր ծրարը:

Փորթուգալեան «Հայոց Հայրենասիրաց Միութիւն» անունով ընկերութիւն մը հիմնած էր եւ անոր ծրագիրը մեզ ղրկած էր բաւական քանակութեամբ, որպէս զի Պոլսոյ եւ Թուրքիոյ մէջ տարածենք եւ կամ մասնաճիւղեր կազմել տանք: Ծրագիրն ինքնին գէշ չէր, բայց Փորթուգալեան մեզ յայտնած չէր թէ որո՞նք են Վարչութեան անդամները: Միայն թէ նախագահն ինքն էր: Փորթուգալեան քովն ունեցած էր Րաֆֆիյի, Քամառ Քաթիպայի, Աբովեանի եւ այլ հեղինակներու գիրքեր, որոնց մուտքն արգիլուած էր Թուրքիա: Քանի որ ծանուցումներ դրած էր Արմէնիաի մէջ, բնականաբար եւ պէտք էր այդ գիրքերը բերել, տարածել Պոլիս եւ գաւառները, մանաւանդ որ շահը «Հայրենեաց Միութեան»ն էր: Սկսեցինք ահագին քանակութեամբ բերել, ծախել եւ արժէքն իրեն ղրկել:

Անշուշտ դժուար էր հրապարակի վրայ գտնուած ֆրանս[ական] նակամատունէ մը այդ գիրքերն առնել առանց ուշադրութիւն գրաւելու. այդ դժուարութիւնն աչքի առջեւ ունենալով Ֆրանսական նամակատան «Փօսդ Րէսդանդ»ի երկու Յոյն պաշտօնեաներ ձեռք առնելու միջոցը գտանք եւ յաջողեցանք. եւ որովհետեւ Կազմակերպութեան անդամները Ղալաթիոյ, Պոլսոյ եւ ամէն Հայաբնակ արուարձաններու մէջ կը գտնուէին, այդ պարագային դժուար չէր նամակատան քով գտնուող սրճեփ Վանեցի Գալիկեան Նշանի միջոցաւ ինչպէս եւ ուրիշի մը միջոցաւ ծրարներ առնել: Պաշտօնեաներէն Եօրկին այնչափ ազնիւ եւ մեզ համակիր երիտասարդ մ՚էր որ ամէն մէկ առաջարկնիս շատ սիրով կ՚ընդունէր: Ծրարներն այնպիսի պահու մը եւ եղանակաւ մը նամակատան դռնէն դուրս կ՚ելլէին որ եթէ երբեք լրտես ալ գտնուեր հոն չպիտի կարենար կասկածիլ: Արդէն Կառավարութիւնն իմացած էր որ Արմէնիան Պոլսոյ մէջ մուտ կը գործէ, բայց մեր ձեռք առած պաշտօնեաներու շնորհիւ մինչեւ վերջը որչափ ալ աշխատեցաւ չկրցաւ ձեռք անցընել:

 

Գրիգոր Գըլըճճեան (Պարոյր)

Օր մը Փորթուգալեանին ղրկելիք դրամներս յանձնելէ վերջ՝ երբ նամակատունէն դուրս կ՚ելլէի, Եօրկին զիս կիշէն կանչեց եւ կիշէին դիմաց գտնուած մէկ պատուհանը ցոյց տուաւ, ուրկէ կը տեսնուէր բարձրաստիճան պալատական մը:

«Կը տեսնե՞ս ներսը նստող պալատականը, որ մեզի լրտեսելու համար եկած հոն նստած է, իբր թէ կը փափաքի Եւրոպական լրագիրներն աչքէ անցընել. ուրեմն անոնց քիթին լաւ խնդալու համար առ այս Արմէնիայի ծրարները տար, ու անոնք թող մեզ ուզածնուն չափ լրտեսեն, եւ ծրարներուն մէջ Արմէնիա փնտռեն:

Եօրկին իր ազնուութեանը եւ մեզ համար ըրած զոհողութեանը իբր ապացոյց ըսաւ.

«Գրէ Փօրթուգալեանին որ ասկէ վերջ Արմէնիան նամակի ձեւով չղրկէ, այլ լրագրի ձեւով»։

Փօրթուգալեանին գրեցի որ չհաւատաց եւ իրաւունք ունէր չհաւատալու, իսկ երբ գրեցի թէ ներսէն պաշտօնեաներ ձեռք առած ենք եւ իրենց հաւանութեամբն է որ կ՚առաջարկեմ, անկէ վերջ սկսաւ իբր լրագիր ղրկել:

Քանի մը ամիս իբր լրագիր ստացանք եւ յետոյ սկսանք նորէն իբր նամակ ստանալ: Փոխ Տնօրէնը նկատելով որ Արմէնիային իբր նամակ պէտք է 25 սանդիմանոց նամակադրոշմ փակցնել, իսկ իբր թերթ 5 սանթիմանոց եւ թերեւս աւելի պակաս, որով նամակատունը տուժած կ՚ըլլայ. ուստի հրահանգ տուած էր Արմէնիայի ծրարներն ինձ չյանձնել. հետեւաբար ստիպուեցայ իրեն դիմել եւ ինք առարկեց որ իբր մուտքը արգիլեալ լրագիր բաց չի յանձներ. ուստի խնդրեցի եկածներն ու գալիքներն յանձնել, մինչեւ որ նամակս Փօրթուգալեանին հասնի: Փոխ-Տնօրէնը արտօնեց եւ ծրարներն առնելով մեկնեցայ:

Արմէնիայի բաժանորդներէն ոմանց որոնց միջոցը կը ներէր ուղղակի՝ իրենց ցոյց տուած հասցէին ղրկուելուն մենք ոչինչ ունէինք ըսելու. բայց բաժանորդագինը մենք կը հաըաքէինք ու կը ղրկէինք: Կային շատեր որոնք ըստ կամս տրուած նուէրի մը փոխարէն Արմէնիա կը կարդային եւ յետոյ մեզ կը վերադարձնէին, եւ տուածնին իբր նուէր Փօրթուգալեանին կը ղրկէինք: Մեր միջոցաւ եղած բաժանորդներու թիւը հարիւրէն աւելի էր, որոնց դրամներն օրն օրին Արմէնիայի կը ղրկէինք եւ ընկալագիրներ կը ստանայինք. իսկ գիրքերու հաշիւները զատ էր. հակառակ պարագային եթէ օր մը կառավարութիւնը այդ հաշուետետրակները ձեռք անցընէր, բնաւ չպիտի կրնար բան մը հասկնալ. ամիսներու անուններէն զատ պիտի տեսներ թուանշաններ. այդ հաշիւներուն բանալին ծանօթ էր վարիչ մարմնոյն եւ իր դանձապետին, դուրսէն մէկը անհնար էր որ կարենար բանալին գտնել:

Վարիչ մարմինը նկատելով որ Արմէնիան եկաւ պակաս մը լրացնելու եւ օգուտն ակներեւ էր ու քանի որ Փօրթուգալեան կազմած էր «Հայոց Հայրենասիրաց Միութիւն» մը որ բաւական ճիւղաւորուած էր արտասահմանի մէջ, անպատեհ էր Փորթուգալեանի կողմէն քանի մը անգամ  եղած առաջարկը մերժել եւ չկապուիլ Արմէնիաի հետ, բայց պայմանաւ որ երկրի մէջ ունեցած մեր մասնաճիւղերը նորէն մեզ հետ կապուած ըլլային: Վարիչ մարմնոյն կողմէ եղած այս առաջարկը Փօրթուգալեան շատ սիրով եւ շնորհակալութեամբ ընդունեց:

Արմէնիայի մէջ հրատարակուած լուրերուն մեծ մասը գրեթէ մեր միջոցաւ Փօրթուգալեանին կը հասնէր, որովհետեւ երկրի մեր ընկերները դիւրութիւն չունէին ուղղակի Մարսիլիա ղրկել:

Մենք այնպէս կ՚ենթադրէինք թէ Պալատան եւ Կառավարութեան ձեռք անցուցած Արմէնիաները հաւանական էր որ Մարսիլիայի հիւպատոսարանէն կը ղրկուէին:

Կառավարութիւնն իմացած էր նաեւ թէ Պոլսոյ մէջ կազմակերպութիւն մը գոյութիւն ունի. կ՚աշխատէր հետքը գտնել. բայց չէր յաջողեր. պատճառը շատ պարզ էր. դէպ ի գործն եղած զոհողութիւնն ու անկեղծութիւնն էր, այնպէս որ սկսնակ մը երբ կ՚երդնուր եւ կ՚ուխտէր ու ապա Կազմակերպութեան մէջ կը մտնար, այդ սկսնակն այլ եւս իր անձին տէրը չէր. իր անձն այլ եւս հանրութեան եւ հայրենիքին կը վերաբերէր: Ահա այդ փորձերէն մէկն ըսենք:

Ֆրանսական նամակատունէն 40ի չափ գիրքեր փոխադրուած էին արդէն մեր որոշեալ տեղերը. այդ գիրքերը չէ՞ որ Պոլսոյ կողմը պիտի անցնէին. գիրքերը պարկի մէջ լեցուած Գասպար Միքայէլեանին կռնակն էին. պէտք էր կամուրջէն անցնէինք. անցանք եւ ապահով տեղերնիս հասանք: Բայց Գասպար դեռ պարկը կռնակը չառած իրեն ըսած էի.

Կամուրջին վրայ ես քեզմէ քանի մը քայլ առաջ պիտի երթամ. երբ դառնամ դէպի քեզ նայիմ կամ այն է ճամբադ շէղէ կամ այն է շալակդ եղած պարկը ծովը ձգէ, մի մոռնար որ միշտ կամուրջին եզերքէն պիտի քալես. հակառակ պարագային պէտք է ուրանաս եւ ծով ձգուած պարկէն բնաւ տեղեկութիւն չունիմ պիտի ըսես:

Գասպար անվրդով եւ պաղարիւնով մը ըսաւ.

«Երբ դառնաս եւ դէպի ինձ նայիս, ըսել է կասկածելի կամ լրտես մէկն է որ դիմացդ կ՚ելլէ. որով վտանգուած կ՚ըլլանք. ուրեմն փոխանակ միայն պարկը ծով նետելու, ես ալ պարկին հետ ծով նետուիմ եւ խղդուիմ աւելի լաւ չէ՞, որպէս զի կառավարութիւնը չկարենայ գաղտնիք մը կորզել ինձմէ իր խոշտանգումներով եւ չարչարանքներով թէեւ ուխտած եմ մինչեւ վերջը չը խոստովանիլ»։

Ղալաթիոյ մաքսատան մէջ հակեր կարող Սեբաստացի Նազարէթ Լուսիկեան էր որ շատ անգամներ Արմէնիայի ծրարները Պոլիս կը փոխադրէր: Նազարէթ իր աշխատութեան միջոցին կը գործածէր հին հագուստպեր առաջքը կապած գանավաչօ գոգնոց, Արմէնիայի ծրարները գանավաչօյին մէջ փաթթած կամ գոգնոցի գրպանը դրած՝ ազատ համարձակ կամուրջէն Պոլիս կ՚անցնէր:

 

Նազարէթ Լուսիկեան (Կայծակ)

Կառավարութեան լրտեսներն ի՞նչպէս կրնային կասկածիլ թէ այդ կարգի մարդիկ Արմէնիաի ծրարները այդ կերպով կը փոխադրէին: Բռնապետ Համիտը կատղեցնողը այն պարագան էր թէ Եըլտըզի մէջ անցած դարձած գաղտնիքները ի՞նչ միջոցաւ կը հաղորդուին Արմէնիային, ինչ որ Եւրոպական լրագիրներն իսկ չէին կրնար ձեռք անցընել եւ հրատարակել:

Մավրօեէնի փաշան գրեթէ միշտ պալատ կը գտնուէր իբր բժիշկ եւ բարեկամն էր երջանկայիշատակ Խորէն Նար-Պէյին որ գրեթէ յաճախ կը տեսնուէին: Պալատի գաղտնիքները Մավրօեէնի փաշան էր որ կուտար Նար-Պէյին եւ Նար-Պէյէն կ՚առնէր Պէշիկթաշի Լեւոն Տէրօեան (Խրիմեան Կաթողիկոս եղած ատեն Տէրօեանը վարդապետ ձեռնադրել կուտայ՝ Մկրտիչ Վ[ա]րդ[ապետ] Տէրօեան անունով եւ Վառնա կը ղրկէ, բայց Վառնացի Թուրքերը (անշուշտ թելադրուած) Տէրօեանը Հայոց վարժարանին քով իր սենեակին մէջ կը գլխատեն եւ վերջէն կրակ տալով թէ՛ վարժարանը եւ թէ ողբացեալ հայրենասէր Տէրբեանը կ՚այրեն) եւ կը ղրկէր Փօրթուգալեանին: Ահա պալատին գաղտնիքները թէ ի՛նչ միջոցաւ Արմէնիային կը հասնէին եւ թէ Եւրոպական թերթերուն մէջ կը հրատարակուէին:

 

Խորէն Նար-Պէյ

Արմէնիան հրատարակուած միջոցին Ժընէվէն քանի մը Ռուսահայ ուսանողներ Մարսիլիա կ՚երթան Փօրթուգալեանի հետ բանակցելու որ Արմէնիայի մէկ երեսը միշտ իրենց տրամադրելի ըլլայ, եւ որուն փոխարէն կը խոստանան Արմէնիայի կէս ծախք վճարել: Փօրթուգալեանի կը մերժէ ուսանողներուն առաջարկը. որոնք կրկին Ժընէվ կը վերադառնան:

Լոնտոնի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ Հայերէն Հայաստան անունով ամսաթերթ մը, որուն խմբագիրներն էին Ժան-Պրուսալին, Սըվազլին, եւայլն:

Հայաստան իր կարգին կը հրատարակէր Հայաստանէն ու Պոլսէն առած տեղեկութիւններ. իր ուղղութիւնն էր լոկ դիւանագիտական միջոցներով Հայկական խնդիրը լուծել վստահելով անգլիացի Հայոցս համակիրներուն եւ 61 յօդուածի գործադրութիւնն պահանջել:

Հայաստանի քանի մը թիւ հրատարակուեցաւ եւ թերեւս բաւական ատեն շարունակուէր, եթէ երբէք իր մէկ թիւով չըսէր եւ չառաջարկեր. «Երեք հազար ոսկի ղրկեցէք մեզի եւ մենք այդ գումարով կարող պիտի ըլլանք Հայկական խնդիրը լուծել տալ»։

Հայաստանի խմբագրութեան սոյն առաջարկն այնչափ անտրամաբանական եւ արտառոց թուեցաւ ժողովուրդին որ քանի մը թիւ հրատարակուելէն վերջ այլեւս դադրեցաւ:

Մինաս Չերազ սկսաւ հրատարակել ֆրանսերէն Լ՚Արմէնի ամսաթերթ մը, որուն նպատակն էր Հայերս եւ Հայերու վիճակը ծանօթացնել Եւրոպային: Լ՚Արմէնին իր լրջութեամբն իր օգտակարութիւնն ունեցաւ եւ տարիներով շարունակեց իր հրատարակութիւնը:

Ամերիկայի մէջ սկսաւ հրատարակուիլ Ազատութիւն անունով շաբաթաթերթը Էկինեանի խմբագրութեամբ. հեռաւորութեան պատճառաւ Ազատութիւն այնչափ շատ ընդունելութիւն չգտաւ, որովհետեւ իր պարունակութիւնն արդէն վաղուց Արմէնիան տուած էր եւ հրատարակած: Ազատութիւն՝ Սուրհանդակի փոխուեցաւ, նորէն ի զո՜ւր, որով քիչ ատենէն դադրեցաւ: Վերոյիշեալ թերթերը օրը օրին կը ղրկուէին մեզի եւ մենք կ՚աշխատէինք տարածել, բաժնեգիններն եւ նուէրները ղրկելով իրենց խմբագրութեանց:

Ժընէվի մէջ 1887 Դեկտեմբերին սկսած էր հրատարակուիլ Հնչակ անունով ամսաթերթ մը: Ինչպէս կ՚երեւէր Հնչակի խմբագիրներ Ռուսահայերը էին եւ Հնչակ Կազմակերպութեան օրկան մ՚էր: Ինքնին կը հասկցուէր որ Հնչակի խնբագրութիւնը եղածներէն աւելի զարգացեալ, կարող եւ մտաւոր ոյժերէ կազմուած էր:

Տէրօեան Լեւոն թէ՛ Արմէնիաի եւ թէ՛ Հնչակի թղթակից էր. վճարեալ թղթակից չէր, այլ ինքը անկեղծ հայրենասէր մը եւ եռանդուն երիտասարդ մը ըլլալով յօժարութեամբ կը կատարէր այդ պաշտօնը:

Յիշեալ թերթերուն մէջ միայն Հնչակն էր որ ձրի կը բաշխուէր ժողովուրդին:

Տէրօեան որչափ որ պաշտօնապէս մեր Կազմակերպութեան  անդամ արձանագրուած չէր, բայց շատ մօտէն կը տեսնուէինք, իրեն ծանօթ էր վարիչ մարմինը, որով գիտէր թէ Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող Կազմակերպութիւնները մեզ հետ կապուած էին:

Պոլսոյ մէջ Հնչակի գործակատարն էր Տէրօեան. ուստի Հնչակ լոյս տեսած միջոցին Տէրօեան մեզի կը բերէր քանի մը տրցակ. մենք մերժելու պատճառ մը չունէինք եւ շնորհակալութեամբ կ՚ընդունէինք. մեր «Արմէնա»կան ըլլալը անոր արգելք մը չէր, բայց սկիզբէն Փորթուգալեանին այնչափ հաճոյ չթուեցաւ Հնչակի լոյս տեսնելը, այնպէս որ գրեթէ ուղղակի կերպով մեզ կը յանձնարարէր Հնչակ չտարածել մեր շարքերուն մէջ: Առանց Փորթուգալեանի ազդարարութեան մենք անկախօրէն Տէրօեանին ըսած էին ի պատասխան մեզ եղած առաջարկին.

«Հնչակեան կուսակցութեան ծրագիրը նկատի ունենալով, մենք կարող Հնչակեան կուսակցութեան կապուիլ, քանի որ Սոցիալիզմը մեր երկրին մէջ դեռ հող չունի եւ մեզ համար անմարսելի պատառ մ՚է. վերջապէս դեռ վաղահաս է այդ բանը մեզ թրքահայոցս եւ մեր շարքերուն հավար»։