Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե. ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱՑՈՅՑՆԵՐ

Հայրիկ ո՜ւր որ ալ ըլլար ի՜նչ վիճակի ալ ենթարկեր Համիտ զինքը, այդ պարագաները միայն արտաքին ճնշումներ կրնային նկատուիլ. իսկ ներքնապէս Հայրիկ կը մնար միշտ նոյն Յեղափոխական եւ հայրենասէր Հայրիկը:

Հայրիկը օրը օրին իրեն հասցուցած Արմէնիաները, Հնչակները եւ այլ թերթերը կարդալով եւ թարգմանել տալով բացարձակապէս գիտակ էր երկրի եւ արտասահմանի անցուդարձերուն. իսկ Պոլսոյ մասին մենք արդէն գաղտնիք մը չունէինք իրմէ պահելու, այնպէս որ օրը օրին տեղեկութիւններ կուտայինք մեր գործերու մասին: Խրիմեան եթէ երբէք վարանում մ՚ունէր, այն ալ դէպի Փորթուգայեանն ունեցած քիչ մը անվստահութիւնն էր իսկ նկատի ունենալով Արմէնիայի գոյութեան անհրաժեշտութիւնը, երբեմն երբեմն քիթին տակէն կը մրմնջէր. «Աստուած վերջը բարին ընէ»։

Համիտ Հայրիկը Պոլիս բերելով մասամբ կարծես մեր գործին սատարած եղաւ:

Հայրիկը Վան գտնուած միջոցին գործին սատարելու համար կ՚ընդունէր Րաֆֆին, Ժիրայրը եւ այլ ծպտուած գործիչներ, եւ անոնց հետ խորհրդակցելով պէտք եղած ծրագիրները կը մշակէր. իսկ Պոլիս գալով վստահելի ու բարձր շրջանակներու մէջ դէպի գործն յառաջ կը բերէր համակրութեան շրջանակ մը, որուն մէջ կը տեսնուէին Ունճեաններ, Կիւլպէնկեաններ, Յակոբեաններ, Թիրեաքեաններ, եւն, եւն.: Մենք այս ամենքը աչքի առջեւ ունենալով, այլ եւս տարակուսելու պէտք չէինք զգար ապագայ յաջողութեան մասին:

Ընկերներուս կողմանէ առ հասարակ ես էի որ միշտ Հայրիկին հետ կը տեսնուէի, այսինքն խորհուրդ եւ հրահանգ առնելու: Օր մը գործս լրացնելէս վերջ երբ մեկնելու կը պատրաստուէի, Հայրիկը գրպանէն խոշոր ծրար մը հանելով ըսաւ.

«Առ այն նամակը, կարդացէք ձեր ժողովին մէջ. տեսէք եթէ պատասխանել պէտք է պատասխանեցէք, անշուշտ ուշադրութիւն պիտի ընէք, բաւական փափուկ խնդիր մ՚է»։

Նամակագիրն էր Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆ, կարմիր մելանով գրուած ութը թերթ թուղթէ բաղկացեալ: Թիւթիւնճիէֆ նամակը Պուլկարիայէն կը ղրկէր: Քանի որ Թիւթիւնճիէֆ բաւական զարգացեալ մէկն էր եւ այդ երկարապատում նամակը կը գրէր, ի հարկէ ինչպէս ըսած էր Հայրիկը, պէտք էր բաւական զգոյշ ըլլալ:

Թիւթիւնճիէֆի նամակը վարչական մէկ ժողովին մէջ կարդացինք, որուն պարունակութիւնը գրեթէ հետեւեալն էր:

Թիւթիւնճիէֆ կը փափաքէր ծառայութիւն մ՚ընել հայրենիքին եւ Ազգին. ինքը իբր թէ քանի շփման մէջ ըլլալով՝ այն եզրակացութեան յանգեր է եւ կամ իրեն խորհուրդ տուած են թէ Հայկական խնդիրը դիւագիտութեամբ կարելի չէ շահիլ, եւ եթէ երբեք Թուրք Կառավարութեան իսկ ուզէ 61րդ յօդուածը գործադրել, այնչափ նպաստաւոր եւ օգտակար չի կրնար ըլլալ, այլ միակ եւ ամենէն նպատակայարմար միջոցն է եղեր յեղափոխութեամբ ձեռք բերել մեր ազատութիւնը:

Քանի որ իր բարեկամները եւ ինքը այդ եզրակացութեան յանգած էին արդէն, իր բարեկամներուն հետ համախորհուրդ բաւական ատեն մեր աշխարհագրական դիրքը, մեր յատկութիւններն ու բարեմասնութիւնները նկատի ունենալով որոշ եզրակացութեան մը յանգած ու ծրագիր մը կազմած էր:

Թիւթիւնճիէֆ քանի մը յօդուածներէ բաղկացեալ այդ ծրագիրը պարզած էր, եւ իր բարեկամներուն հետ որոշած էր ատիկա գործադրութեան դնել իբր ամենէն նպատակայարմար գործ մը:

Թիւթիւնճիէֆը յետոյ կը խօսէր ռազմական տեսակէտի մասին. որչափ ռազմամթերք պէտք ունենալնիս եւ ատոնց ի՛նչ կերպով եւ միջոցով երկիր փոխադրելու միջոցներ մատնանիշ կ՚ընէր. վերջապէս շատ ընդարձակ ծրագիր մ՚էր. եւ մեր ծրագրի գործողութենէն յառաջ գալիք օգուտները կը թուէր:

Թիւթիւնճիէֆ իր նամակը կ՚եզրակացնէր թէ քանի որ անպատճառ  Պոլսոյ մէջ պիտի գտնուի Կազմակերպութիւն մը եւ Հայրիկը բնականաբար իր ծրագիրը պիտի ներկայացնէ կամ այնձնէ այդ Կազմակերպութեան, ուստի եթէ Կազմակերպութիւնն որոշէ բանակցութեան մտնել եւ կամ յարաբերութիւն ունենալ իրեն հետ, ինքը Թիւթիւնճիէֆ  պատրաստ է բանակցելու եւ թղթակցելու. այս վերջին պարագան Հայրիկին կամքէն կախում ունենալը կը մատնանշէր:

Վարիչ մարմինը Թիւթիւնճիէֆի ծրագրին մասին ոչինչ չունէր ըսելիք, բայց մենք չէինք կարող ազատ երկրի մէջ ապրող մէկու մը հետ բանակցկիլ կա մեր հասցէն իրեն տալ, քանի որ միայն իր զարգացումը բաւական չէր մեզի. պէտք եզածն իրեն վստահելի մէկն ըլլալն էր եւ կամ մեզի վստահելի եղող մէկէ մը պէտք էր որ յանձնարարուէր. ուրիշ կերպ չէինք կարող մտածել, քանի որ հակառակ պարագային կրնար վտանգաւոր եւ աղէտաբեր ըլլալ:

Վարիչ մարմինը իր որոշումն եւ եզրակացութիւնն յայտնեց Հայրիկին՝ յանձնելով նաեւ Թիւթիւնճիէֆ  նամակը:

Հայրիկը գրեթէ այն եզրակացութեան յանգած էր արդէն որուն յանգեցաւ վարիչ մարմինը: Հայրիկ Թիւթիւնճիէֆ ի նամակը մեզի յանձնեց եւ պատուիրեց խնամքով պահել:

Թիւթիւնճիէֆ  բնականաբար պիտի սպասէր նամակի պատասխանին: Հայրիկը չուզեց պատասխանել, Թիւթիւնճիէֆ  քանիցս գրեց Հայրիկին. դարձեալ չը պատասխանեց. իսկ Թիւթիւնճիէֆ  իր վերջին նամակով անուղղակի կերպով կ՚ակնարկէր Հայրիկի զբաղած ըլլալը եւ կ՚առաջարկէր Կազմակերպութեան յանձնարարել որ թղթակցի: Վերջապէս Հայրիկը իր նամակներէն եւ ոչ մէկին պատասխանեց:

Արփիար Արփիարեան, Լեւոն Փաշալեան եւ իրենց քանի մը գաղափարակիցներ իրենց տրամադրութեան ներքեւ ունէին եօթանասուն ոսկիի չափ դրամ:

Վարիչ մարմնոյն յառաջդիմութիւնն ի նկատի ունենալով, մեզ հետ համաձայնութեան մը գալու կամ միանալու փափաք մը յայտնուեցաւ իրենց կողմէ, եւ մենք շատ սիրով եւ ուրախութեամբ լսեցինք իրենց առաջարկը. ո՛չ թէ նիւթական տեսակէտով միայն, այլ մտաւոր տեսակէտով մեզմէ շատ բարձր էին եւ մենք արդէն պէտք կ՚զգայինք այդ կարգի ոյժերու:

Բանակցութեան սկսուեցաւ բայց ցաւօք սրտի պէտք է ըսել թէ այդ բանակցութիւններն արդիւնաւոր ելքի մը չյանգեցաւ:

Արփարեան խումբը աւելի պահպանողական ըլլալով, պայման կը դնէր միութենէն վերջ իրենց տուած հրահանգներով գործել, առաջարկ մը, որ աւելի դիւանագիտական կերպով խնդիրը կարգադրելու կը միտէր:

Քանի որ Հայաստանի մէկ ծայրէն միւսը արիւն կը հոսէր, քանի որ հարստահարութիւններն օր ըստ օրէ կը շատնային որոշ եւ սիսդէմաթիք կերպով, եւ վերջապէս՝ քանի որ մենք Յեղափոխական Կազմակերպութիւն մ՚էինք, բնականաբար չպիտի կարենայինք խումբին առաջարկեն ընդունիլ, եւ ստիպուած էինք բանակցութեան վերջ տալ:

Բանակցութեան խզումէն վերջ դիմեցին Խրիմեանին իբր միջնորդ: Խրիմեան ալ նոյնը ըսած էր ինչ որ մենք ըսած էինք: Խումբին հետ միանալու անյաջողութիւնը մեզի վհատութիւն չպատռառեց, որովհետեւ մենք վստահ էինք թէ հետզհետէ մեր թիւը պիտի աւելնայ եւ ասոր ազդակն էր դէպի գործն ունեցած մեր անկեղծութիւնն եւ զոհողութիւնը, իսկ նիւթական տեսակէտով ոչինչ գրել պէտք է. ո՜վ որ փափաքէր մեր հաշիւներն աչքէ անցնել. իսկոյն պիտի համոզուէր թէ ի՛նչպէս խղճմտօրէն կը վերաբերէինք դէպի նիւթական մասը, որուն համար հետեւեալ օրինակը կը բաւէ կարծեմ:

Կարեւոր գործի մը առթիւ ժամադիր եղած էինք Հայրիկին. այդ տեսակցութենէն վերջ անհրաժեշտ էր նշանակուած գործին ձեռնարկել. վարիչ մարմինը որոշած էր որ Մուրատ եւ ես Հայրիկի հետ տեսնուէինք այդ խնդրոյն մասին: Դեռ Սկիւտարի նաւամատացոյցը չհասած՝ սոսկալի տեղատարափ անձրեւ մը սկսաւ, որ նոյն իսկ հովանոցներ ալ չպիտի կրնային ո եւ է բանի մը ծառայել, անձրեւ մը որուն քանի մը վայրկեանէն դադրելուն բնաւ նշան մը չէր երեւար:

Սկիւտարի նաւամատոյցը կեցած կը մտածէինք: Այդ տեղատարափին հովանոցովը երթալ թերեւս այնչափ ալ անպատեհ չըլլար, բայց Սկիւտարի այդ զառիվերի ցեխերուն մէջէն ի՞նչպէս պիտի կարենայինք Ս. Խաչ եկեղեցին բարձրանալ: Գիտէինք որ ամենէն դիւրին միջոցը կառքով բարձրանալն էր, բայց կը խորհէինք որ եթէ երբեք մեր ընկերներէն եւ համակիրներէն մէկը մեր կառքով երթալնիս տեսնէր, չէ՞ որ պիտի գայթակղէր թէ վարիչ մարմնոյն անդամները կառքով կը պտտին. թերեւս այդ կառքի դրամը մենք մեր անձնական հաշիւէն տուած պիտի ըլլայինք, բայց խնդիրը հոն էր որ պիտի կարծուէր թէ միշտ շռայլ կերպով կը ծախսենք եւ կ՚ապըրինք:

Այս մտածումներով վայրկեանները կը սահէին. մենք Խրիմեանէն վերադառնալով դեռ բաւական կարգադրութիւններ ունէինք ընելու. ամենէն դժուարն այն էր որ ամէն ինչ պիտի վերջանար եւ մեր ճամբորդը որոշեալ ժամուն շոգենաւով պիտի մեկնէր անպատճառ:

Վերջապէս նկատելով որ անձրեւը դադրելու նշան մը չէր երեւար եւ թէ դադրէր ալ այդ զառիվերի ցեխերուն մէջէն քալելով եւ մինչեւ Ս. Խաչ ելլելով սոսկալի վիճակի մը պիտի ենթարկուէինք, որոշեցինք կառքով երթալ:

Հայրիկի սենեակէն ներս մտած միջոցնիս Հայրիկի առաջին գործն եղաւ կօշիկներուս նայիլ ու ըսել:

«Այսօր ներելի էր ձեզ կառք նստիլ. եթէ այս օդին կառք չնստէիք, պիտի կշտամբէի ձեզ»։

Երկրին մէջ ամենէն զօրաւորը Սեբաստիայի մասնաճիւղն էր: Մենք ընթերցողին կը թողունք ըսելու թէ՝ ձեռք բերուած գաջողութիւնը վարիչ մարմնոյ գործունէութեան արդի՞ւնքն էր թէ Թուրք Կառավարութեան քունի մէջ մրափելուն:

Սեբաստիայէն պատուիրակութիւն մը եկաւ Պոլիս, Վարիչ Մարմնոյն հետ բանակցելու որ Սեբաստիոյ քահանաներէն մին Սեւ հողերու վրայ վարժարան մը շինելու համար հանգանակութիւն ընելու պատրուակին տակ Ռուսաստան ղրկուի, Կովկասահայոց երեւելիներու տրամադրութիւնները շօշափելու, եւ յեղափոխական գործին համար հանգանակութիւն ընելու:

Երեք ամիսէն վերջ քահանան գաղտնի կերպով Պոլիս մտաւ. իր հետ բերելով 100, 000 րուպլիէն աւելի նուիրատուութեան հասցէներ, պայմանաւ որ Խրիմեանի յանձնարարելէն վերջ վճարուի. քանի որ Պոլսոյ վարիչ Մարմինն անծանօթ էր իրենց:

Ռուսահայոց Վարիչ Մարմնոյ մասին այդպէս մտածելն ոչ թէ մեզի վիշտ պատճառեց, այլ ուրախ էինք որ այդպէս կը մտածէին:

Պոլսոյ եկեղեցիներու սենեակներէն միոյն մէջ գաղտնի կերպով քահանան Հայրիկին ներկայացուցինք. քահանան անձամբ պարզեց իր ըրած ճամբորդութիւնը եւ կրած տպաւորութիւնները, եւ Հայրիկին հարցումներուն պէտք եղած պատասխանները տուաւ:

Քահանային պաշտօնը վերջացած էր այլ եւս. բերած հասցէները Վարիչ հասցէները Վարիչ Մարմնոյն յանձնելէն վերջ ճամբայ ելաւ դէպի Սեբաստիա:

Վարիչ Մարմինը խոհեմութիւն չսեպեց այդ մեծ գումարը իր տրամադրութեան ներքեւ պահել, այլ որոշեց Պոլսոյ մէջ վստահելի եւ գաղափարակից հարուստ մը գտնել եւ ընդհ. գանձապետին պաշտօնն անոր յանձնել. որպէս զի ի պահանջել հարկին այդ հասցէին զրկուէին դրամները, առանց վարանման:

Վարիչ Մարմնոյն փնտռած այդ հարուստը ձեռք բերել միայն Հայրիկի միջոցաւ կարելի էր. ուստի Վարիչ Մարմինը իր որոշումը միայն Խրիմեանին հաղորդելով, Խրիմեան որոշման հաւանեցաւ եւ խոստացաւ գտնել մեր փնտռած անձը:

Խրիմեան գանձապետութեան պաշտօնին յարմար տեսած էր սեղանաւոր Թնկրեան Աւետիսը: Իմ ներկայութեանս որչափ որ համոզեց Թընկրեանը, բայց ինք մինչեւ վերջը մերժեց: Տոքդ. Յարութիւն Թիրեաքեանին առաջարկեցինք, որ նոյնպէս մերժեց. երկուքին առարկութիւնները՝ գալիք վտանգն էր որ աչքի առջեւ ունէին եւ այդ պատճառաւ կը մերժէին եւ մենք իրաւունք չունէինք ստիպելու որ անպատճառ ընդունէին. որով գործը վիժեց մեր կամքէն անկախ պատճառաւ: