Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ը. ՏԻԿԻՆ ՆԱԶԱՐԲԵԿԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պատահարներու միջոցին վհատիլն ու ընկճուիլը թշնամիին հրճուանք պատճառել պատճառել կը նշանակէր. արտաքուստ այդ պարագան թէեւ նշմարել իսկ չէի տար, բայց ներքնապէս կը տառապէի եւ երբեք չէի յուսահատէր։

Կեդրոնէն Տիկին Մարօ Նազարբէկեանէն երկտող մը առի իր մտադրութիւնը յայտնող։ Վաղուց ի վեր կը փափաքի եղեր. ինձ անձամբ տեսնել որոշած էր անպատճառ բանտ գալ, հետեւաբար խնդրած էր որ շուտով գրեմ Եուսուֆ Սէմինին եւ կամ մէկը ղրկեմ Պէյրութ պէտք եղած կարգախօսով մը (բարօլա) որ զինքը Աքեա բերէ։

Տիկին Մարօյի այս երկտողը ինծի շանթահարեց, պէտք էր շուտով գրել իրեն որ չըլլայ թէ այդ տեսակ քայլ մը առնէ. վտանգը մեծ պիտի ըլլար։ Դժբախտաբար այդ երկտողս քանի մը օր ուշացած էր։

Մարօն ճամբայ կ’ելլէ եւ Պէյրութ կը հասնի եւ առանց անցուդարձին տեղեակ ըլլալու, Եուսուֆ Սէմինը կը հարցունէ։ Եուսուֆը դեռ բանտն է եղեր իր սնանկութեան պատճառաւ։ Տիկին Նազարբէկեան շատ դժուարաւ կրնայ օձիքը Պէրութէն ազատել եւ ինքզինքը Գայֆայ ձգել, որովհետեւ Պէյրութէն մեկնող շոգենաւերը առհասարակ Գայֆա կը հանդիպին։ Ես կը կարծէի թէ երկտողս Տիկին Մարօյին հասած է եւ ինքը իր ճամբորդութիւնը յետաձգած է։

Անկողինիս վրայ երկնցած աչքերս գոցած կը մտածէի, փոխ-տնօրէնի տղան տասնապետ Հիւսէյինը կարծելով թէ կը քնանամ բարձր ձայնով պոռաց ու ըսաւ.

«Արթին աղա, ե՛լ, ռուսական հիւպատոսը ձեզ այցելութեան եկած է»։ Ու դուռը բանալով զիս գօղուշէն դուրս հանեց ու դուրսի ու դուրսի բակը տարաւ։

Հիւպատոսին այցելութիւնն անակնկալ մը չէր ինծի, քանի որ միշտ կ’այցելէր. կը մտածէի ոտքիս դրուած շղթայիս համար ոչինչ չըսել իրեն որ հազարապետի քով բարեխօսէ, իրեն բարեխօսութիւնն այն արդիւնքն պիտի ունենար որ քանի մը ղրշ. պակասառնէր հազարապետն եւ քանի մը օր առաջ շղթաս հանէր. ուստի այդչափ աննշան բանի մը համար որոշեցի իրեն բան մը չըսել։

Փոխ-հիւպատոսի քով աղջիկ մըն ալ կար. բայց ես միայն փոխ հիւպատոսին ձեռքը թօթուեցի, քանի որ Օրիորդին ծանօթ չէի։ Իսկոյն զգացի որ ծանր ու երկար շղթաս հիւպատոսին վրայ գէշ ազդեց, բայց ինքը չզգալ ձեւացուց, բան մը որ ինծի զարմանք պատճառեց։ Հիւպատոսին հետ սովորական քանի մը բառեր փոխանակելէ վերջ ըսաւ.

Կը Խնդրեմ, այս Օրիորդն իմ բարեկամուհիս է, զինքը բանտին մէջ պտտցուցէք. ես ձեզ հոս կ’սպասեմ (Տնօրէնին սենեակը)։

Հիւպատոսին առաջարկը սիրով ընդունեցի եւ օրիորդն հետս առած դէպի բանտ կ’երթայի, անգամ մը փորձեցի Օրիորդին հետ խօսիլ, բայց սկիզբէն երբ նկատեցի որ օրիորդի ինծի տեսնելուն պէս սարսուռ մը զգաց, ինչ որ ես վերագրեցի իմ բանտային վիճակիս, եւ թէ մանաւանդ չէի գիտեր թէ Օրիորդն ի՞նչ ազգի էր, Ռո՞ւս էր, Արա՞բ էր ի՞նչ էր. հետեւաբար առ ի քաղաքավարութիւն սպասեցի որ ինքն առաջին անգամ խօսի եւ ես պատասխանեմ։

Ներսի բակը գտնուող բանտարկելոց եւ ինծի՝ այնչափ հետաքրքրութիւն չպատճառեց Օրիորդը, քանի որ շատ անգամներ այդ տեսակ մաքուր եւ լաւ հագնուած օրիորդներ եւ տիկիններ բանտ կ’այցելէին իբր հետաքրքիրներ։

Դեռ բանտի դուռները չհասած օրիորդը զգալի կերպով զիս կը դիտէր, բայց ես այնչափ կարեւորութիւն չէի տար. արդէն իմ վիճակս եւ մտածմունքներս զիս չափէն աւելի զբաղեցուցած էին։ Վերջապէս օրիորդը դարձաւ դէպի ինձ ու ըսաւ.

Որչա՞փ Հայ կայ հոս։

Ամէնքը տասը հատ ըսի։

Երբ Հայ ըլլալը հասկցայ, արդէն բանտին մեծ սենեակին դուռին առջեւ կեցած էինք եւ ես իրեն կը բացատրէի բանտին վիճակը եւ կը թելադրէի որ լաւ մը ուսումնասիրէ, բայց կը տեսնէի որ Օրիորդը փոխանակ բանտը դիտելու եւ իմ ըսածներուս ուշադրութիւն դարձնելու միշտ, միշտ աչքերը իմ վրաս յառած ոտքէս մինչեւ գլուխս զիս կը դիտէ. խորհրդաւոր ըլլալը իսկոյն հասկցայ. վերջապէս բոլորտիքը նայեցաւ որ բանտարկեալները մեզմէ բաւական հեռու կեցած էին, կամացուկ մը ըսաւ։

Հոս Ճանկիւլեան մը կայ, ո՞ւր է։

Ես ինքս եմ Ճանկիւլեանը։

Օրիորդը սարսուռ մը զգալէ վերջ ըսաւ.

Ինչ, միթէ Ճանկիւլեանը դո՞ւք էք։

Այո՛, ես եմ Օրիորդ։

Նշանաւոր եւ ցկեանս դատապարտուող Ճանկիւլեանը դո՞ւք էք։

Այո՞, եւ արդէն ուրիշ Ճանկիւլեան չկայ հոս։

(Վարանոտ եւ կասկածոտ) «Մենք լսած էինք որ դուք բաղդատմամբ հոս գտնուող բանտարկեալներուն, աւելի հանգիս կ’ապրիք եւ խանութ ունիք եղեր։ Թէեւ ձեր լուսանկարը տեսած ենք եւ կը նմանիք քիչ մը, բայց դուք չէք։ Եթէ դուք եղած ըլլայիք, ի՞նչէ այս ձեր շղթան, այս ի՞նչ վիճակ է, չէ՞ որ գերեզմանին մօտեցած էք, չէ՞ որ հոս գտնուածներէն աւելի դժբախտն էք ըսաւ։

Ներեցէք, օրիորդ, որո՞ւ հետ տեսնուելու պատիւն ունիմ. ո՞ւր տեսնուած ենք, անշուշտ կը ներէք որ չեմ յիշեր։ Ճանկիւլեանը ես եմ. շատ հանգիստ էի եւ շղթաս շատ փոքր էր. խանութս հիմա պիտի տեսնէք, բայց այս վերջին օրերս դէպք մը տեղի ունեցաւ այդ շղթաս այդ պատճառաւ շղթաս մեծցուցին. չարչարուեցայ եւ այս վիճակին ենթարկուեցայ։ Կը փափաքէի գիտնալ որ, արդեօք պատիւ պիտի ընէ՞ք պարզելու մեր ծանօթ ըլլալու պարագան, որ ես չեմ յիշեր։

Առաջին անգամն է որ կը տեսնուինք, բայց ամէն ինչ գիտենք ձեր մասին։ Եւ չէ՞ մի որ միշտ կը գրէիք մեզ ձեր վիճակին մասին։

Բայց ներեցէք, դուք ո՞ւրկէ կուգաք եւ կրնա՞մ ձեր անունը գիտնալ։

Ես Մարօն եմ եւ արդէն ձեզի գրած էի արդէն, նամակս չստացա՞ք։

Արդէն խանութիս առջեւ հասած էինք երբ Մարօ բառը լսեցի կարծես երկրաշարժ մը տեղի ունեցաւ եւ կեցածս տեղը զգալի կերպով երերացի։ Իբրեւ յոգնած պատրուակելով ծանր շղթաս գետին ձգեցի եւ շփոթեցայ, չգիտէի թէ ի՛նչ պատասխանէի։

Ի՞նչ կ’ըլլաք ընկեր Ճանկիւլեան, պաղարիւն եղիք, ըսաւ Մարօն։

Ի սէր Աստուծոյ շուտով հեռացիք այս քաղաքէն, եթէ ոչ կը մատնուիք ու կը ձերբակալուիք եւ կը չարչարուիք։ Կը պաղատիմ հեռացէք, այլ եւս բաւական է որչափ տեսնուեցանք, «Զուռնա»ն [1] բռնուենուեցաւ եւ այդ պատճառաւ վիճակս այսպէս ծանրացաւ, եթէ շուտով չհեռանաք պիտի ձերբակալուիք, եւ երբ ձերբակալուելնիդ լսեմ իմ վիճակս աւելի գէշ պիտի ըլլայ, Մառօ՜, գոնէ ինծի մեղքըցիր եւ շուտով հեռացիր։

Մարօն դողալ սկսաւ։ Շուշանեան քովերնիս կեցած էր գրեթէ եւ որուն համար Մարօյին ըսած էի որ բանտակիցս է։ Մարօն 20 ֆրանք տուաւ Շուշանեանին որ ընկերներով բաժնեն։ Իսկոյն Մարօն առի հիւպատոսին քով տարի եւ հիւպատոսն որ արդէն խնդրոյն ծանօթ էր, ուշացած ըլլալնին պատրուակելով ցտեսութիւն ըսելով մեկնեցան։

Ես կը կարծէի թէ Մարօն հեռացած եւ վտանգն անցած է։ Հետեւեալ օրը քաղաքին մէջ գտնուող դեղագործ Սէլիմ, որ բանտին ալ դեղագործն եւ իմ բարեկամս էր, բանտին Հիւանդանոցն եկած էր եւ զիս ուզած էր տեսնել։ (Հիւանդանոցը վերջէն շինուած էր բանտին բակին մէջ)։ Սէլիմը երկտող մը սահեցուց ձեռքս եւ պիտի սպասէր անոր պատասխանին որ իրեն յանձնեմ։

Երկտողը գրողն Մարօն էր շատ խնդրած էր որ միջոցն գտնամ անգամ մ’ալ տեսնուինք եւ անկեց վերջ մեկնի։ Մարօն այնպիսի ձեւով մը գրած էր որ ստիպուեցայ տեղի տալ քանի որ մինչեւ մինչեւ Աքեա եկած էր։ Սէլիսի վստահելի ըլլալու մասին տեղեկութիւն ուզած էր ինձմէ։ Գրեցի իրեն որ Սէլիմը վստահելի է, տունէն դուրս չելլէ, ոչ ոքի չերեւնայ, իմ գրելուս եւժամադրութեան սպասէ։

Երկտողս Սէլիմին տուի եւ ըսի իրեն հիւր եղող օրիորդն իմ բարեկամներէս է. խնդրեցի որ պէտք եղած խնամքները տանի զիս երախտապարտ թողլով։

Եղածն եղած էր այլեւս, չարիքը դարմանել եւ վտանգէն ազատիլը պէտք էր։ Հազարապետն արդէն վաղուց հրահանգած էր որ առանց իր հրամանին որ եւ է մէկը չպիտի տեսնուէր ինձ հետ։

Բանտի տնօրէն հարիւրապետ Սէլիմ աղան բաւական բարի եւ միամիտ մէկն էր։ Դանդաղելու ժամանակ չէր. պէտք էր գործի ձեռնարկել. իսկոյն դիմեցի Սէլիմ աղային ու ըսի.

Օրիորդ մը պիտի գայ բանտի փողոցին դրան առջեւ եւ իբր թէ ես իրեն հետ խօսելէ վերջ, պիտի փափաքի բանտին մէջ շինուած յարդէ տուփեր եւ եռոտանիներ գնել, ու այդ պատրուակաւ ձեզմէ հրաման առնելով ներս պիտի թողուս։ (Հարիւրապետը նստած տեղէն շարժելով. չըլլա՛ր, չըլլա՛ր, հացէս կ’ըլլամ), ես անոր հետ իբր թէ սակարկութիւն կ’ընեմ եւ այդպիսով կը տեսնուիմ։ ահա այս փոքր նուէրս մէճիտն առ բաղնիք գնայ։ Սէլիմ աղան որչափ որ պնդեց ես զինքը համոզեցի վերջապէս։ Պէտք էր իրեն օգնական Ապու Հիւսէյին ենթասպային ալ բան մը տալ։ Երբ Ապու Հիւսէյինին ըսի թէ Սէլիմ աղան հաւանած է, տուածս ղրշ. ը առնելով շնորհակալ եղաւ։

Կարգադրութիւնս հրաշալի կերպով յաջողած էր. երկու ժամ Մարօյի հետ առանձին տեսնուած էի։

Մեկնելէն առաջ քանի որ Մարօն փափաք յայտնեց կրկին տեսնուելու, երկրորդ անգամի իր բանտէն ներս մտնելու դիւրութեան համար իրեն պատուիրեցի որ մեկնելու ատենը 10ական ղրուշ տայ տնօրէնին եւ փոխ-տնօրէնին եւ 5ական ղրուշ տայ դուռին քով նստող 3 տասնապետներուն։ Մարօն ճիշդ ըսածիս պէս ըրաւ. ամենքն ալ թրքական թէմէննահով մը շնորհակալութիւն յայտնեցին Մարօյին։

Մարօն մեկնելէն վերջ, ոստիկանները փոխ-տնօրէնին կ’ըսէին.

Արդէն կ’երեւէր որ մեծ գերդաստանի մը զաւակ էր. մինչեւ հիմա այսպէս բան մը տեսա՞ծ էինք։

Ոստիկանները քովս եկան եւ ըսին.

Ուրիշ անգամ ալ պիտի գա՞յ. երանի թէ գայ.

Մեկնելէն առաջ Մարօյին պատուիրեցի թէ քանի որ Մարիմեանի եւ Գըլըճեանի հետ պիտի տեսնուի անպատճառ, թող ինքը խան չերթայ, որովհետեւ անոնց հետ տեսնուիլը գաղտնի պիտի ըլլայ. ես կարող եմ Մարիմեանն ու Գըլըճեանը իրեն քով ղրկել։ Բնաւ պէտք չէ միւս բերդարգելներուն հետ տեսնուիք, ըսի, որովհետեւ անոնց մէջ կան այնպիսի ցած արարածներ որ վերջէն ձեզի վտանգի կ’ենթարկեն։

Երկրորդ անգամն ըլլալով նորէն տեսնուեցանք Մարօյի հետ եւ բնաւ վտանգ մը չկար։ Մարօն փափաքեցաւ անգամ մ’ալ տեսնուիլ՝ հաւանեցայ։ Երրորդ անգամ գալուն զինք քիչ մը տխուր տեսայ. ամէն անգամ գալուն արդէն քանի մը կտոր բաներ կ’առնէր հետը կը տանէր իբր ձեւակերպութիւն։ Հետաքրքրուեցայ. տխրութեան պատճառն այն էր որ կը կասկածէր թէ ճիշդ ըսածիս պէս պիտի ըլլայ։ Դուրսի Հայ բերդարգելներու հետ տեսակցելու եւ անոնք տեսնելու իր ունեցած խիստ փափաքն Մարօյին անկարեւոր նկատել տուած էր իրեն ըրած յանձնարարութիւնս, վերջապէս բերդարգելներու բնակած պանդոկը գացած էր. բերդարգելները տեսնելէն վերջ մեկնելու պահուն 100 ֆրանք տուած էր որ իրենց մէջ բաժնեն։ Նաթուրեան խմբակը այդ 100 ֆրանքը միայն իրենց յատկացնելու դիտումով՝ Մարօյէն պահանջած էին որ միւս բերդարգելներուն համար ալ ուրիշ գումար մը վճարէ։ Մարօն «ուրիշ առթիւ» ըսելով կ’ուզէ պանդոկի դուռնէն դուրս ելնէլ։ Նաթուրեան խմբակը կ’արգիլէ որ Մարօն դուրս ելլէ եւ կ’սկսին ամենէն լպիրշ ու լկտի խօսքեր ուղղել իրեն։ Մարօն այն աստիճան կ’զգացուի որ կ’սկսի լալ։ Բերդարգելներու հսկիչ ոստիկան-զինուորները կը միջամտեն եւ Մարօն պանդոկէն դուրս կը հանեն։

Մարօն իր այս պատմութենէն վերջն էր որ կը վախներ թէ անվտանգ չպիտէ կրնայ Աքեայէն հեռանալ։

Խորհուրդ տուի իսկոյն եւ նոյնիսկ մէկ ժամէն հեռանայ Աքեայէն եւ Գայֆա երթայ ռուս հիւպատոսին քով. վերջապէս պէտք էր աճապարել, սպասելու ժամանակ չկար։

Մարօն 500 ֆրանքնոց թղթադրամ տուաւ ինծի (արդէն 100 ֆրանք Մարիմեանին եւ Գըլըճեանին տուած էր) գուցէ առիթ ներկայացած (փախչելու) պահուն պէտք ունենամ։ Թարգմանին պատուիրեցի որ Մարօյի հրամանները ճշդութեամբ եւ անյապաղ գործադրէ։

Մարօն իր հրաժեշտը տալով «Մնաս բարով» ըսաւ եւ մեկնեցաւ։



[1]            «Զուռնա»ն Հնչակի կեղծ անունն էր։