Յիշատակներ հայկական ճգնաժամէն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ. ՀՆՉԱԿԵԱՆՆԵՐԸ ՆՈՐԷՆ ԿԸ ԳՈՐԾԵՆ

Էմին Հօճայի մատնութիւնը որչափ որ մեր ծրագիրը ոչնչացուցած էր, որչափ որ այդ ահագին աշխատութիւննիս յումպէտս վատնուած էր, բայց թող չկարծուի թէ մենք յուսահատած էինք եւ փախուստի միջոցներ չէինք փնտռեր։ Այդ դէպքէն ի վեր թէեւ բանտին հսկողութիւնը շատ լուրջ կերպարանք առած էր, սակայն այդ ամենքը մեզի համար կարեւորութենէ զուրկ էին. Աքեայի Լիմանը Թուրքիոյ ուրիշ բանտերուն չէր նմաներ. ամրութեան տեսակէտով սոսկալի բան չէր նմաներ. ամերութեան տեսակէտով սոսկալի բան էր. իրաւ էր որ առածի կարգ անցած էր թէ «Աքեայէն փախչողը առիւծ է»։

Շատ բնական է որ բանտարկեալի մը մխիթարութիւններէն մէկն ալ դուրսէն ստացած նամակն է, մանաւանդ երբ այդ նամակը ընտանեկան կամ ընկերական ըլլայ։

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած արհաւիրքներուն գիտակ էինք։ Պոլսոյ լրագիրներուն մէջ երբ պաշտօնական հրատարակութիւնները կը կարդայինք թէ Ասայիշ պէրքէմալ տըր, եւ կարգ մը հայերու կողմէ եղած գրութիւնները որոնք իրենց վիճակէն գոհ ըլլալնին կը յայտնէին, եւ կարգ մը թերթերու մէջ եղած հերքումները իսկոյն կը հասկնայինք թէ Հայաստան եւ Հայաբնակ քաղաքները ի՞նչ ճգնաժամեր կ’անցունէին։ Թէեւ Ֆրանսական ու Անգլիական թերթերէն ալ կը տեղեկանայինք, բայց երկրէն գրուած ընկերի մը եւ գաղափարակիցի մը նամակներէն աւելի շատ բաներ կը հասկանայինք որոնք մեզի համար բացարձակ ճշմարտութիւններ էին։

Ահա այս տեսակ նամակներէն մէկն էր որ կ’ստանայի Վան գտնուած մէկ ընկերէս, որ կ’ըսէր.

«Չեմ կարծեր որ մինչեւ նամակիս քեզ հասնիլը (որ քիչ մը ուշացուցի) իմացած չըլլաս մեր գլխուն եկած չարաշուք աղէտները։ Գիտեմ, քեզ հասած տեղեկութիւնները թերի պիտի ըլլան, բայց ես պիտի ջանամ որչափ կարելի է մանրամասն գրել, քանի որ վստահ եմ թէ նամակս ապահով ձեռքդ պիտի հասնի։

Թերեւս լսած ըլլաս որ Վան ղրկուած է զինուորական քննիչ Ֆէրիդ Սաատէթին փաշան։ Այս Սաատէթին փաշան Հայ եղած է եւ երիտասարդ հասակին Իսլամացած։ Ինքը բնիկ Բաղէշցի է եւ որուն եղբայրը Գահիրէի մէջ նշանաւոր գործ մը ունի. բաւական հարուստ եւ լաւ դիրքի տէր է։

Սաատէթինի փոխանակ քննիչի անուն տալու, լաւ է ըսել որ իբր ջարդի կազմակերպիչ վան ղրկուեցաւ եւ ըստ այնմ ջարդը պատրաստեց։ Զօրքերուն պարզ հագուստ հագցուց եւ այդ ծպտեալ զօրքերը խուժանին առաջնորդ կարգեց անոնց գործը դիւրացանելու համար։ Մենք շատ ստոյգ աղբիւրէ լսած էինք որ ջարդ տեղի պիտի ունենայ քանի մը օրէն եւ գիտէինք որ կառավարութիւնը պատրուակ մը պիտի ստեղծէ, որով շատ զգոյշ էինք տեղի չտալու համար։ Ուստի մենք (Հնչակեաններս, Արմենականներ եւ Դաշնակցականներ) իսկոյն ժողով մը գումարելով ինքնապաշտպանութեան ծրագիր մը կազմեցինք եւ անյապաղ գործադրութեան սկսանք յանկարծակիի չգալու համար։ Այգեստանի մէջ քանի մը տեղեր դիրք բռնեցինք, այնպէս որ անկարելի էր որ խուժանը կարենար Հայոց թաղերը մտնել եւ ջարդի սկսիլ։ Իսկ այն Հայերը որ ջարդուեցան, պատճառն այն էր որ այդ կողմերը դիրք բռնել կարելի չէր։

Կառավարութիւնը, եւ մանաւանդ Սաատէթին փաշան երբ մեր դիրք բռնելը տեսան շատ զայրացան որովհետեւ դժուար էր իրենց համար շղթան խզել եւ Հայութեան հոծ բնակավայր եղող թաղերը մտնել ու ջարդել։

Ամբողջ հինգ օր մենք մեր դիրքին վրայ կեցանք. ո՛չ զօրքը եւ ոչ ալ խուժանը չկրցան մեզի մեր դիրքերէն հեռացնել։ Կառավարութիւնը ճարահատեալ ստիպուեցաւ մեր բռնած դիրքերուն դիմաց թնդանօթներ զետեղել, եւ սպառնալ որ անձնատուր ըլլանք։ Անձնատուր ըլլալը ոչխարի նման մորթուիլ ըսել էր, որով մեզի համար շատ դժուար էր համակերպիլ, այդ հրաւէրին։ Կառավարութիւնը երբ դիրքերէն մերժողական պատասխան ստացաւ, դիմեց Անգլիական հիւպատոսին միջնորդութեանը. հիւպատոսը խոստացած էր իր միջնորդութիւնը կատարել գոհացուցիչ կերպով ի նպաստ կառավարութեան։ Հիւպատոսը գլուխը ֆէս մը դրած եւ իր թարգմանը հետն առած ուղղակի Առաջնորդարան կ’երթայ այն պահուն որ Քաղաքան Ժողովը նիսկտ կ’ունենար, ահագին աղմուկ մը կը բարձրացնէ եւ Սահակ վարդապետին (Առաջն. Տեղապահ) կ’ըսէ.

Շո՛ւտ. ե՛լ երթանք, սա յեղափոխականները համոզէ որ դիրքերին թողլով Վանէն հեռանան, ապա թէ ոչ կառավարութիւնը որոշած է ամբողջ քաղաքը եւ մասնաւորապէս հայոց թաղերը թնդանոթի բռնել»։

«Սահակ Վ[ա]րդ[ապետ] եւ Քաղ[աքական] Ժողովը ստիպեալ կը համակերպին եւ կ’որոշեն որ Սահակ Վ[ա]րդ[ապետ] Անգլ[իական] հիւպատոսին հետ երթայ դիրք բռնող պետերը համոզէ որ իրենց դիրքերը թողլով Վանէն հեռանան։

Բանակցութիւնները բաւական երկար տեւեցին. երբ տեսանք որ մեր չհեռանալովը ամբողջ Հայոց թաղերը թնդանօթի պիտի բռնէ թուրք կառավարութիւնը, խոստացանք յեղափոխականներս Վանէն հեռանալ պայմանաւ որ մեր հեռանալէն վերջ ջարդ տեղի չունենայ։

Վանէն դէպ ի Պարսկասկան սահմանագլուխը մեկնող եւ Պարսկաստան անցնող 19-22 տարեկան 600ի չափ Հայ եիտասարդները դէպ Պարսկաստանի սահմանագլուխը կը մօտենան, իսկոյն Քիւրտերէն կը պաշարուին եւ կռիւը սոսկալի կերպով ու քանի մը ժամ տեւող կռիւէ ետք հազիւ 8-10 երիտասարդներ ողջ մնալով ինքզինքնին Պարսկաստան կը նետեն. միւս մնացեալները բոլորն ալ կռիւին մէջ կը մեռնին կամ Քիւրտերէն կը խողխողուին։ Ըսել է կառավարութիւնը եւ Սաատէթին փաշան ծուղակ մը լարած էին Հայ կտրիճներուն համար, այնպէս որ մերինները քաղաքէն հեռանալնուն պէս. Քիւրտերուն հեռագրած են եղեր որ մերինները պաշարենեւ տեղն ի տեղը կոտորեն։ Իսկ ասդին Վանայ մէջ, մերինները հեռանալնուն պէս, խուժանը անարգել մտաւ Հայոց թաղերը, եւ սկսաւ ջարդել, կողոպտել, թալանել ու վառել։

Հայկավանքը եւ Թորոմանենց թաղը դիրք բռնել անհնար էր. այդ թաղերը գտնուող 18-45 տարեկան 171 Հայեր երենց դրացի Կալիպ փաշային տունը ապաստանած էին որպէս զի ջարդուելէ զերծ մնային։ Սաատէթին փաշա եղածն իմանալով իսկոյն լուր կը ղրկէ Կալիպ փաշային որ իր տունը ապաստանած Հայերը դուրսը պատրաստ կեցող խուժանին յանձնէ։

Կալիպ փաշա նախ կը մերժէ յանձնել, իսկ վերջէն երբ կը տեսնէ որ Սաատէթին փաշա բացարձակապէս կ’սպառնայ, ուստի Կալիպ փաշա կ’ստիպուիտեղի տալ։

Կալիպ փաշայի տան փողոցի դուռը կը բացուի, խուժանը դռնէն դուրս ելլող 171 հայերը մէկիկ մէկիկ գառնուկի նման կը մորթէ եւ սպաննուածներուն արիւնը ջուր պէս փողոցը կը վազէ։

  Գանթարճեան Հայրապետ էֆ[էնտի], որ Կալիպ փաշայի բնակարանն ապաստանած էր, արդէն աստիճանով (րիւթպէ) պատուուած եւ Իտարէի ժողովին անդամ էր։ Հայրապետ էֆ[էնտի]ն Կալիպ փաշայի ախոռը կը տանին եւ չորցած կիւպրէի մէջ կը թաղեն ամբողջովին ու բերանը քիչ մը չոր խոտ կը դնեն որպէս զի այդպէսով շնչառութիւն ունենայ։ Նոյն ախոռին մէջ կը պահեն նաեւ Հայրապետ էֆ[էնտի]ի եղբօր տղան Նշան էֆէնտին կիւպրէին մէջէն դուրս կը հանէ, ինչպէս նաեւ Նշան էֆէնտին եւ կը դառնայ Հայրապետ էֆէնտիին կ’ըսէ ի ներկայութեան Նշան էֆէնտիի, բոլորովին գռեհիկ եւ նախատական ձեւով մը։

«Օլան Հայրապետ էֆ[էնտի] բալթօյը չըգարդ, օլան Հայրապետ էֆ[էնտի] սէթրիյի չըգարդ, օլան Հայրապետ էֆ[էնտի] բանթօլօնը չըգարդ»։

«Հայրապետ էֆ[էնտի] ստիպեալ կը համակերպի եւ անկէ վերջ Րէճէպ չավուշ կ’սկսի անխնայ եւ անլուր կերպով յոշոտել խեղճ Հայրապետ էֆ[էնտի]ն, Րէճէպ չավուշ դիտմամբ Նշան էֆ[էնտի]ն հոն կեցուցած էր որպէս զի իր հօրեղբօրը յոշոտման ներկայ ըլլայ եւ յետոյ կարգն իրեն գար։ Նշան էֆ[էնտի] իր հօրեղբօր ենթարկուած սրտամորմոք վիճակը տեսնելով սաստիկ յուղումէն արիւնը իր երակներուն մէջէն շրջան ընելէ կը դադրի եւ յանկարծամահ կ’ըլլայ, այնպէս որ Րէճէպ ճիւաղը Նշան էֆ[էնտի]ն յոշոտելու նպատակին չհասնիր։

«Այս դէպքէն վերջ Րէճէպ չավուշ Հայրապետ էֆ[էնտի]ի բալթօն եւ միւս հագուստները հագած ազատ համարձակ քաղաքին մէջ կը պտտի։ Ահա այսչափ համառօտ նկարագրութիւն մը մեր Վանայ դէպքին մասին» կը վերջացնէր ընկերս իր նամակը։

Եթէ հինգ վեց տարուան բանտային կեանքիս մէջ եղած էին պարագաներ որ գէշ ազդեցութիւն ըրած էին վրաս, ատոնց մէկն ալ եւ ամենասոսկալին ընկերոջս այդ նամակին պարունակութիւնն էր որ կարդալով սիրտս արիւնոտիլ սկսաւ եւ գլխու պտոյտ մը ունեծայ։ Հայրենակիցներուս այդ խուժդուժ վիճակին ենթարկուիլը կարելի չէր որ աչքերէս արտասուաց շիթեր չխլէին։ Թէեւ կ’ըսէին թէ այրած սրտին արտասուքը զովութիւն կը պատճառէ, բայց ես բան մը չէի զգար. միայն խիստ վրէժխնդրական ոգիի մը արծարծումը կ’զգայի սրտիս մէջ. բայց վրէժ ըսելով լոկ բառ մ’էր որ կ’արտասանէի, քանի որ Աքեայի զնտանին մէջ կաշկանդուած էի։

Ընկերոջս սոյն ցաւալի նամակը կարդալէ վերջ իսկոյն ցաւեցայ որ բան մը մոռցած էին ընելու։ Անգլիական հիւպատոսին հետ պայմանաւորուելէ վերջ 600 երիտասարդներ դեռ Վանէն չհեռացած, պէտք էր որ Պաշ-Գալէի կամ Կեավարի հեռագրաթելերն ամբողջովին կտրէին, որպէս զի Վանէն տրուած ջարդի հրամանը կամ պաշարման հրահանգն այդ Քիւրտերուն չը հասնէր. ափսոս որ մոռցած եւ այդ պարագան նկատի առած չէին. եթէ հեռագրաթելեր կտրած ըլլային, մեր կտրիճները առանց վնասուելու եւ կամ արգելքի հանդիպելու Պարսկաստան պիտի հասնէին։

Պոլսէն մեր ընկերները կը գրէին թէ իրենք միշտ կը գործեն, մանաւանդ երբ առիթը ներկայանայ, եւ երբ համոզուին որ ձեռնարկուելիք գործէն արդիւնք մը յառաջ պիտի գայ, եւ մեր դատին նպաստաւոր ըլլայ։ Գիտէինք որ Պոլսոյ ցոյց մը պիտի ըլլար. բնական էր որ օրէ օր այդ լուրն առնելու բարեբախտութիւնն ունենալ սպասէինք։

Ցոյցը տեղի ունեցած էր 1895 Սեպտեմբեր 18ին, Խաչվերացի Երկուշաբթի օրը։ Հնչակեաններու այդ ցոյցը նկատուած էր երկրորդ Յուլիս 15 (այսինքն Պատրիարքարանի ցոյցը)։

Առջի շաբաթ օրը Հայերը վեց մեծ պետութեանց դեսպաններուն յայտարարութիւն կը ղրկեն թէ ժողովուրդը խաղաղ ցոյց մը պիտի ընէ Թուրք կառավարութենէն պահանջելու որ երկրին մէջ բարենորոգումներ մտցուին։ Քանի որ ցոյցը զուտ խաղաղասիրական հանգամանք պիտի ունենայ, ուստի ոստիկանութեան կամ զինուորական իշխանութեան կողմէ եղած միջամտութիւն մը այդ ցոյցը արգիլելու համար կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ. հետեւաբար ատոր պատասխանատուութիւնը այժմէն կը ձգենք Օսմանեան կառաւարութեան վրայ։ Յայտարարութեան երկու Թրքերէն օրինակներէն մին եղեռնադատ ատենի նախագահին եւ մին ալ ընդհ. դատախազին ղրկուած էր։ Նախագահը կը կարդայ իր ընկերներուն որոնք իսկոյն կը գունատին եւ անկէց վերջ կը տանի կը յանձնէ դատական նախարարին եւ ան ալ կը ղրկէ ոստիկանութեան նախարարին։ Նոյն իրիկունը ոստինկանութեան տնօրէն Հիւսնին Նազըմին կողմէ Իզմիրլեան կուգայ խնդրել որ յեղափոխականներու պետերը հրաւիրէ եւ խնդրէ որ ցոյց չընեն։ Իզմիրքեան կը պատասխանէ.

Ես ոչ յեղափոխականներու մեծը կը ճանչնամ եւ ոչ փոքրը, ինչ որ կրցայ ըսել յուսահատ ժողովուրդին ըսած եմ, այլեւս ուրիշ բան չեմ կրնար ըսել։

Նոյն գիշերը Եըլտըզի մէջ ժողով կ’ըլլայ եւ Նազըմն ալ ներկայ կը գտնուի. կ’որոշեն Բ. Դրան փողոցները զինուորներով շրջապատել։ Հնչակեանները գիտէին թէ այդպէս պիտի ըլլայ։ Կիրակին խաղաղ կ’անցնի. քանի որ ցոյցի կ’սպասուէր, Հայերուն յուսահատութիւն կը պատճառէ ցոյց չըլլալը, իսկ Թուրքերուն ուրախութիւն։

Այդ օրը Ալէաթճեան Գրիգորիս Արքեպիսկոպոս (Կիլիկիոյ Կաթողիկոս)Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցիին մէջ կը պատարագէ եւ քարոզ կը խօսի «Խաչը պիտի յաղթէ աշխարհը» բնաբանով. ներկայ գտնուող ժողովուրդը Կեցցէ՜ Յեղափոխուոթիւն, կեցցէ՜ Հայաստան կը պօռա։

Երկուշաբթի 3-4000ի չափ Հայեր կը խռնուին Գումգաբու. այդ բազմութեան մէջ ահագին թուով Վանեցի, Մշեցի, Բաղէշցի եւ Պոլսեցի կիներ ու աղջիկներ ալ կը գտնուին։ Իզմիրլեան այդ արտակարգ բազմութիւնը տեսնելով կ’զգայ թէ բան մը կը դառնայ։ Ժամասացութիւնը հանդարտ կերպով կը շարունակուի մինչեւ Լցաք ի բարութեանց քոց Տէր, եւ Իզմիրլեան ըստ սովորութեան եկեղեցիէն երբ դուրս կ’ելլէ, չորս օրիորդներ իրեն կը նարկայանան եւ կը խնդրեն որ ենք ըսելիքներ ունին եւ բարեհաճի լսել։

Օր. Մառի Պէյլէրեան (Տիկին Աւետիս Նագգաշեան) իսկոյն կ’սկսի երկար, յուզիչ եւ սրտառուչ ճառ մը կարդալ նկարագրելով Հայաստանի վիճակը եւ Հայոց անտանելի դրութիւնը, որուն եզրակացութիւնը կ’ըլլայ խնդրել Իզմիրլեանէն որ դիմէ Եւրոպական վեց մեծ տէրութեանց դեսպաններուն որպէս զի Հայ ժողովուրդը չթողուն բնաջինջ ըլլայ բռնապետութեան ձեռքը։ Եթէ այդ տէրութիւնները նորէն պիտի լռեն։ Հայերը գիտեն թէ ինչպէս մեռնին։ Իզմիրլեան շատ կը յուզի եւ կը պատասխանէ թէ ինքը բնաւ անտարբեր գտնուած չէ եւ ոչ ալ իր պաշտօնին մէջ անփոյթ. կը խոստանայ երթալ կառավարութեան դուռը կրկին զարնելու եւ խնդիրը դեսպաններուն ներկայացնելու։ Կը յորդորէ որ ցրուին եւ ինք պէտք եղածը պիտի ընէ։ Իզմիրլեան երբ կը պատրաստուի Պատրիարքարան երթալ, ուրիշ օրիորդ մը կ’ըսէ.

Սրբազա՛ն, ժողովուրդը մահ կամ Ազատութիւն կ’ուզէ։

Իզմիրլեան մեկնելէ վերջ՝ ժողովուրդը թափօր կը կազմէ եւ Ձայնն հնչեց Էրզրումի Հայոց Լեռներէն երգն երգելով ճամբայ կ’ելլէ դէպի Բ. Դուռ. նոյնպէս եւ ուրիշ կողմէ Հայ թափորներ եւս կը հասնին Բ. Դրան առջեւ, բայց Հայերուն կ’արգիլուի իրենց պահանջագիրը պաշտօնապէս տալ Եպարքոս Սայիտ փաշայի։ Յանկարծ պալատական թիկնապահ մը կը հասնի ձիով եւ իր ձեռքն ունեցած կանանչ սնդուսի մէջ դրուած Իրատէն Բ. Դրան հսկիչ հազարապետին կուտայ ըսելով.

Զարնելու հրաման է։

Թիկնապահ Սէրվէթ պէյ երբ այդ խօսքը կ’ըսէ, հոն գտնուող 18-19 տարեկան գաւառացի Հայ մը իր ձեռքն ունեցած ատրճանակով մը Սէրվէթ պէյը ձիէն վար կը բերէ եւ մահը վայրկենական կ’ըլլայ։

Ահա այդ ատեն ճակատամարտը կը սկսի Հայերու, ոստիկաններու եւ զօրքերու միջեւ։ Չաթալ խանէն ալ կը հասնին 500ի չափ Հայերը, ինչպէս նաեւ սօֆթաներն եւ կռիւը կը սաստկանայ։

Մէկ ժամէն աւելի Պոլիս, Բերա եւ Ղալաթի տակն վրայ կ’ըլլան։ Բ. Դրան պաշտօնեաները ինքզինքնին կամուրջ ձգելով շոգենաւ կը նստի ու կը փախչին։

Սուլթանը միշտ իր թիկնապահները կը ղրկէ եղեր տեղեկութիւններ առնելու եւ կամ հրահանգներ տալու։ Իզմիրլեան իբր թէ հիւանդ Պատրիարքարանը պառկած կ’ըլլայ։ Եպարքոսին թիկնապահը կուգայ զինքը Եպարքոսին քովը հրաւիրել, տեսակցելու համար։ Թիկնապահը մեկնելէն քիչ վերջ նորէն կը վերադառնայ պաշտօնական գրութիւն մը բերելով, որուն տակ ստորագրած կ’ըլլան Եպարքոսը, Շէյխ-իւլ-Իսլամը, արտաքին եւ ներքին գործոց նախարարները, որով կը հրաւիրեն Իզմիրլեանը որ խօսք հասկցնէ ժողովուրդին, ցրուէ եւ հանդարտութեան հրահանգներ տայ, որովհետեւ ցոյցը վերջանալէն յետոյ ցուցարարները եւ թէ ահագին բազմութեամբ Հայեր Գումգաբուի, Բերայի եւ Ղալաթիոյ եկեղեցիները լեցուած էին. կը վախնային որ դուրս ելած միջոցին պիտի յոշօտուէին անգթօրէն։ Քիչ վերջը Սուլթանին թիկնապահը կուգայ եւ Սուլթանին Իրատէն կը հաղորդէ Իզմիրլեանին որպէս զի ժողովուրդը ցրուէ։ Իզմիրլեանի քարտուղարը նոյնը կը պատասխանէ թիկնապահին ինչ որ պատասխանած էր Եպարքոսի պաշտօնադրին թէ ինքը անկարող է ժողովուրդը համոզել եւ ցրուել կամ ապաստանարանէն դուրս հանել։ այս պատճառաւ գիշերը Նազըմը երկու անգամ Պատրիարքարան կ’երթայ Իզմիրլեանը համոզելու, նորէն ի զուր։ Կէս գիշերին բոլոր նախարարները պալատին մէջ ժողով կ’ընեն, եւ երեքշաբթի ալ դեսպանները ժողով կ’ընեն Թարապիա։

Հետզհետէ կը հասնէր մեզի տեղեկութիւններ որոնցմէ ցաւօք սրտի կը տեսնէինք որ այդ ցոյցին առթիւ մեր Հայոցս կողմէ աւելի կորուստ ունեցած էինք քան թէ զինուորներու եւ ոստիկաններու կողմէ եւ թէ բնական էր որ այդպէս պիտի ըլլար, քանի որ ցոյցը զինեալ չէր, այլ անզէն եւ պարզ խաղաղասիրական։

Մեր հայերը ամբողջ 13 օր Բերայի, Ղալաթիոյ եւ Գումգաբուի Մայր եկեղեցիին մէջ փակուած մնալէ վերջ միայն վստահութիւն ձեռք բերուած էր եւ անկէց վերջ այդ Հայերը առանց ջարդուելու եկեղեցիներէն ելլելով իրենց տուները գացած էին, որովհետեւ Սուլթանը Մայիս 11ի ծրագիրը ստորագրած էր եւ պիտի գործադրուէր։ Ահա Բ. Դրան ցոյցի արդիւնքը այս եղած էր։ Ցոյցին պատճառաւ Սուլթանը Սայիտ փաշան հրաժարեցուցած էր եւ Եպարքոսութեան պաշտօնը Քեամիլ փաշային յանձնած։

* * *

Գրեթէ տարի մը առաջ Ուրֆայէն Աքեա ղրկուած էին 6-7 բանտարկեալները. անոնցմէ նշանաւոր եղող Իպրահիմ աղան մեր սենեակին մէջ կը մնար. բնական էր որ իբր բանտակից տեսնուէինք իրարու հետ։ Իպրահիմ եւ իր ընկերներ բնական էր որ իբր քաղաքան յանցաւոր մը ինծի պիտի մօտենային եւ ուզէին հետս տեսնուելով աւելի լաւ կերպով հասկնալ թէ Հայերուս նպատակն ի՞նչ է. թէեւ իրենց այս հարցումները կ’ընէին կէս կատակի ձեւով, ես ալ ըստ այնմ կը պատասխանէի, բայց հետզհետէ խնդիրը լուրջ կերպարանք ստացաւ, որովհետեւ բանտերու մէջ ո եւ իցէկերպով վախ չկայ, կարող են բանտարկեալներն օրն ի բուն քաղաքականութեան վրայ խօսիլ թէ՛ նպաստաւոր եւ թէ աննպաստ։ Ես իրենց մանրամասնաբար պարզեցի եւ զիրենք լուսնբանեցի մեր նպատակը, թէ ի՛նչ կ’ուզենք։ Խեղճ Ուրֆացիները երբ մանրամասնօրէն լսեցին ինձմէ եւ իրողութեան վերահասու եղան, սկսան անէծք կարդալ եւ հայհոյել իրենց այդ հրահանգիչներուն։ Ամենէն վերջը իբր օրինակ իրենց մատնանշեցի բանտին յեղափոխութիւնը եւ ըսի.

Ահա դուք տեսաք որ գլխաւորապէս մեր Հայերուս նախաձեռնութեամբ էր որ այդ յեղափոխութիւնը տեղի ունեցաւ։ Հիմա աչքերնուդ առջեւ բերէք բանտին հին դրութիւնը եւ նոր դրութիւնը. ահա ասոր կ’ըսեն յեղափոխութիւն։ Գէ՞շ է ասիկա. տեսէք մենք այդ յեղափոխութիւնը հանեցինք եւ հիմա այս բանտին մէջ գտնուող ամէն ազգի բանտարկեալներն ալ կ’օգտուին. ինչպէս կը տեսնէք, մենք այս բանտին մէջ քանի մը Հայեր ենք. բայց մենք այդ վտանգն աչք առինք որպէս զի ամենքն ալ օգտուին այդ բարիքներէն։ Ահա Հնչակեան քօմիթէ որ կ’ըսեն, այս է անոր նպատակը. մենք խտրութիւն չենք դներ։

Վերջապէս կարգ մը այս տեսակ խօսքերով իրենց մտայնութիւնը փոխել տուած էի, որպէս զի նոյնիսկ իրենց ընտանեաց գրելիք նամակներուն մէջ անուղղակի կերպով պէտք եղածը կը գրէին։

Ուրֆայի ջարդը տեղի ունեցած էր եւ նամակները Աքեա հասան։

Երբ Իպրահիմի եւ միւսներուն նամակներով գրեթէ մանրամասնաբար պարզած էին եղածները եւ ենթադրած էին թէ Հայերը արժանի էին ջարդուելու, ես այն ատեն իրենց պարզեցի թէ իրենց ըրածը վայրենութիւն է անզէն ժողովուրդին վրայ յարձակիլ եւ ջարդել։ Սկսայ իրենց հասկցնել գործած սխալնին եւ էշրաֆներու եւ կառավարական պաշտօնէից էնթրիքներուն զոհ երթալնին։ Ամէնէն վերջ ես կտրուկ կերպով իրենց հասկցուցի թէ իրենց նախնիքներէն մինչեւ օրս Ուրֆայի Հայերուն հետ ապրած էին, չէ՞ որ իրենք Հայերէն միշտ օգտուած էին եւ նիւթական տեսակէտով շատ բան կը պարտին Հայերուն, թողունք ճարտարուեստի կամ արհեստի տեսակէտը։ Եթէ այսօր Ուրֆայի գաւառին մէջ Հայ չմնայ, իրենք կը տուժե՞ն թէ կ’օգտուին։ Չէ՞ որ իրենք առանց Հայու ոչինչ չեն կարող ընել եւ միշտ Հայու նման դրացիի եւ հայրենակիցի պէտք ունին եւն։ Վերջապէս իրենք այն աստիճան ըսածներում համոզուեցան որ ստիպուեցան նամակներով իրենց ազգականներնուն գրել թէ ըրածնին սխալ է եղեր եւ ասկէց վերջ թող զգուշանան եւ այդ տեսակ սխալներ չգործեն։ Իպրահիմի եւ իր ընկերներուն գրած նամակները ինծի կը կարդային եւ իրօք ալ պէտք եղած դիտողութիւնները կ’ընէին եւ խորհուրդներ կուտային որ մի գուցէ ուրիշ առթիւ ալ այդ տեսակ գործ մը ընէին։ Իպրահիմ եւ իր երկու ընկերները ինծի կ’ըսէին կատակի ձեւով.

Եթէ Աքեա գալով ուրիշ բան մը չշահեցանք, գոնէ մեզի շատ բաներ սորվեցուցիր որ ասկէց վերջ կուրօրէն մերիններուն գործիք չենք ըլլար, մեր ձեռքով մեր տունը չենք քանդեր։

Յանկարծ Պէրութի եւ Աքեայի մէջ իրարանցում մը տեղի ունեցաւ։ Պահեստի զօրքերը զէնքի տակ առնելու խիստ հրաման եկած էր եւ Ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի փաշան փութով պիտի մեկնէր Աքեայէն։ Վերջապէս գաղտնիքը պարզուեցաւ. պահեստինները եւ Մուսթաֆա Ղէմզի փաշան Զէյթուն պիտի երթային շուտով. որովհետեւ Անգլիայէն չորս Անգլիացիներ եկած էին Զէյթունը ապստամբեցնելու։

Արաբական աղբիւրէ բղխած այս լուրը տարակոյս չկայ որ մեզի առասպել պիտի թուէր, եւ ես չէի կրնար երեւակայել որ Անգլիացիներ Զէյթուն մտնեն, բայց իրողութիւնն այն էր որ Աքեայի մէջ գտնուած պահեստիները ճամբայ կ’ելլէին դէպ ի Զէյթուն։

Հնչակը կ’ուշանար եւ Պոլսէն ու կեդրոնէն նամակ չէին ստանար։ Գըլըճեան դուրսը գտնուած սպաներէն չէր կրնար որոշ տեղեկութիւն մը առնել. ստիպուած էին սպասել։

Չորս Անգլիացի կարծածնին մեր Հնչակեան չորս ընկերնին էին որոնք կեդրոնէն (Լօնտոնէն) եկած ու Զէյթուն մտած էին։

Կռիւը սկսած էր գրեթէ 1895 Հոկտեմբերին, եւ իրօք Մուսթաֆա Րէմզի փաշան Զէյթունի վրայ քալող բանակին հրամանատար կարգուած էր։

Աքեայէն գացող քանի մը պահեստիններու մահուան նամակներկ իրենց ընտանիքներուն հասած էր. կռիւը սաստիկ կերպով կը շարունակուէր. նամակագիրներէն ոմանք իրերը վարդագոյն կը ներկայացնէին եւ ոմանք յուսահատական։ Այլեւս տարակուսելու պէտք չունէինք, քանի որ Զէյթունէն եկած նամակներէն քանիները բանտ ղրկած էին իրենց բարեկամներուն եւ մենք կը կարդայինք ու պարունակութիւն կը լսէինք։

Յանկարծ Մուսթաֆա Րէմզի փաշայի Աքեա վերադառնալու հեռագիրն եկաւ։ արդեօք Զէյթունցիները պարտուա՞ծ էին թէ յաղթած. անշուշտ երկուքէն մէկը պիտի ըլլար, քանի որ հրամանատարը կը վերադառնար։ Եթէ Զէյթուն պարտուած ըլլար իսկ այնչափ ցաւալի չէր, որովհտեւ Աքեայի պահեստիներուն ղրկած նամակէն այնպէս կ’երեւէր, եւ կը նկարագրէին թէ զինուորներէն հազարաւոր հոգի մեռած էին, իսկ Զէյթունցիներէն բնաւ կորուստ չկար, իրենց անառիկ դիրքին պատճառաւ։ Մուսթաֆա Րէմզի փաշա Աքեա հասաւ։

Գըլըճճեան քաղաքին մէջ գտնուած սպաներու միջոցաւ կարող էր Մուսթաֆա Րէմզի փաշայի տուած տեղեկութիւններ իմանալ։ Մուսթաֆա Րէմզի փաշա ճիշդ մէկ ամիս կռիւը շարունակելէ վերջ, կառավարութիւնը կը տեսնէ որ չի կրնար ո՛ր եւ իցէ արդիւնք մը ձեռք բերել եւ օր ըստ օրէ ձախորդութեան կը հանդիպի եւ ահագին կարուստ կուտայ, Զէյթունի հրամանատար կը կարգուի Էտհէմ փաշա։

Մուսթաֆա Րէմզի փաշա այս փոփոխութենէն չափէն աւելի սրտմտած կ’ըսէ եղեր.

«Քանի որ Զէյթունի դիրքը գոյութիւն ունի, քանի որ Զէյթունցին եւ Զէյթունցի կինը յանդուգն կերպով գիտեն կռուիլ, ոչ թէ Էտհէմ փաշան, այլ ո՛վ որ ալ հրամանատար կարգուի մեր այս վիճակով չպիտի կարենայ նուաճել Զէյթունը։ Հայերն այս առիթով լաւ մը ճանչցայ. անոնք այնպիսի յատկութիւն մը ունին որ այս օր ինչ որ պահանջեն օր մը չէ օր մը պիտի կարենան ձեռք բերել. հապա եթէ մեր զինուորներուն նման օրինաւոր կերպով մարզուած եւ վերջին ձեւ զէնքերով զինուած ըլլայի՞ն, ուրեմն այն ատեն պիտի տեսնէիք թէ Հայը եւ մանաւանդ Զէյթունցին ի՞նչ կը նշանակէ»։

Մուսթաֆա Րէմզի փաշան թեւէն վիրաւորուած էր։ Ինքը մարգարէացած էր։

Էտհէմ փաշան հրամանատար կարգուելով ոչինչ չէր կրցած ընել, ուստի 46 օրէն վերջ Թուրք կառավարութեան առաջարկով վեց մեծ պետութեանց հիւպատոսները կը միջամտեն եւ հաշտութիւն կը գոյանայ, Զէյթունցւոց ի նպաստ տրուած կարգ մը որոշումներով եւ պայմաններով։ Անշուշտ հետաքրքրական եւ զարմանալի էր Զէյթունցոց համակերպութիւնը, քանի որ 46 օրուան մէջ այնչափ զօրքեր մեռած էին եւ Զէյթունցիները գրեթէ ո՛ եւ է կորուստ ունեցած չէին, եւ քանի որ նախկին հրամանատար Մուսթաֆա Րէմզի փաշան բարձրաբարբառ խոստովանած էր թէ ո՛չ Էտհէմ փառան եւ ոչ ալ ուրիշ հրամանատարներ չեն կարող Զէյթունը նուաճել այս դրութեամբ։

Անշուշտ զարմանալի պիտի թուէր թէ բոլոր այս պարագաները մեր Հնչակեան ղեկավարները եւ Զէյթունցիք նկատի ունենալով, ինչո՞ւ գրեթէ աննշան եւ աննպաստ պայմաններով յօժարած էին վերջ տալ պատերազմին եւ հաշտութեան դաշինքը ստորագրել եւ յանձնել վեց մեծ պետութեանց հիւպատոսներուն։

Վեց հիւպատոսները երբ Զէյթուն կը հասնին, Իտալական հիւպատոսը մեր Հնչակեան ղեկավարներէն երկուքը հետն առնելով քանի մը քայլ կը մեկուսանայ եւ կ’ըսէ անոնց.

«Զարմանալի կը թուի մեզի ձեր համակերպութիւնը, մանաւանդ որ սկսուած օրէն կռիւը ձեզի նպաստաւոր եղած է. թերեւս դուք տեղեկութիւն չտուիք թէ Եւրոպա ինչ տրամադրութիւն ունի ձեզի հանդէպ, ուստի բարեկամաբար ձեզի խորհուրդ կուտամ որ ետ կենաք համակերպելէ, այսինքն այնպիսի մեծ պահանջումներ ըրէք որ մենք ստիպեալ տեղերնիս վերադառնանք, եւ դուք կրկին ձեր կռիւը շարունակեցէք քանի մը օր եւս. եւ ահա այն ատեն ձեզի շատ աւելի նպաստաւոր որոշումներ տալով հաշտութիւն կը կնքենք»։

Մեր ընկերները երբ կը յայտարարեն թէ իրենք բաւական տեղեակ են Եւրոպայի մէջ անցած դարձածին, բայց քանի որ ամբողջ Զէյթուն պաշարուած է Թուրք զօրքերէն եւ շղթայի ներքեւ առնուած, որով ուտեստ եւ ապրուստի վերաբերեալ ո՛ եւ է բան ներմուծեալ անկարելի է, քանի որ աղ անգամ չկայ Զէյթունի մէջ, եւ քանի որ Թուրք կառավարութիւնը պաշարուած պիտի պահէ Զէյթունը, մենք նկատելով որ քանի սը օրուան յապաղիլը կը նշանակէ ամբողջ Զէյթունի ժողովուրդը անօթութենէ մեռցնել. ուստի հաշտութիւնն աւելի նախամեծար կը սեպէինք քան թէ պատերազմը շարունակել. կը խնդրէինք որ այս մասին ձեր խորհուրդն ու կարծիքն յայտնէինք։

Իտալական հիւպատոսը մեր ընկերներուն այս բացատրութիւնները ուշի ուշով լսելէ վերջ թաշկինակը դէպ ի աչքերը կը տանի արտասուքը սրբելու եւ կ’ըսէ.

«Այս վիճակին մէջ հաշտութիւնը նախամեծար կը սեպեմ եւ կռիւը շարունակելնիդ աղէտաբեր կը նկատեմ։ Ուրեմն երթանք գործը վերջացնենք. վիճակնիդ ցաւալի է. այլեւս հարկ չկայ սպասելու»։

Իտալական հիւպատոսը բնականաբար պիտի լար եւ պիտի խրախուսէր մեր Հնչակեան ընկերները որպէս զի կռիւը շարունակէին, որովհետեւ ինքը շատ մօտէն գիտէր որ Հնչակեաններու ղեկավարութեամբ Զէյթունցիներու սկսած կռիւը ամբողջ Եւրոպային հիացում պատճառած էր եւ թէ անցուդարձերուն տեղեակ էր. բնական էր իրեն ցաւ պատճառած էր Զէյթունցւոց հաշտութեան հաւանութիւնը։ Գիտէր նաեւ որ երբ Հնչակեան «Աւօ» խումբը ապստամբութեան դրօշակին ներքեւ խմբուած էին, Հնչակեան ղեկավարները որոշած էին նախ կառավարական շէնքը իր բոլոր պաշտօնեաներով եւ յետոյ զօրանոցը իր մէջ գտնուած 600է աւելի զինուորներով, հրամանատարով եւ սպաներով պաշարել։

Նախ կառավարութիւնը անձնատուր կ’ըլլայ, նկատելով որ զօրանոցին մէջ գտնուած ոչ թէ հրացանները, այլ երկու Քրուբի թնդանօթներն անգամ չէին յաջողած պաշարման շղթան խզել. իսկ Զէյթունի շուրջը գտնուած 11-12, 000 զօրքերու շրջապատումը ո եւ իցէ օգուտ մը չունէր չէր կրնար զիրենք պաշարումէն ազատել։ Կառավարութեան բոլոր պաշտօնեաները անձնատուր ըլլալէն վերջ մեր Հնչակեանները շատ խիստ կերպով Զէյթունցիներուն կը պատուիրեն որ պաշտօնեանեու եւ անոնց ընտանեաց հանգստութեան հոգ տանին եւ պիտոյքներկ հայթայթեն։

Զօրանոցը դեռ կը դիմադրէր եւ կը մերժէր անձնատուր ըլլալ. մերինները կ’որոշեն հակառակ պարագային քարիւղով զօրանոցը վառել, բայց խղճի դէմ կը նկատեն 600է աւելի հոգիներ վառել չարաչար կերպով. ուստի մեր ընկերները գայմագամին կը պարզեն իրենց մտադրութիւնը եւ կը թելադրեն որ ինքը գրէ հրամանատարին եւ յայտնէ թէ, եթէ երբէք անձնատուր չըլլայ, հակառակ իրենց բաղձանքին, մերինները պիտի ստիպուին զօրանոցը վառել, որով իրենմէ ոչ ոք պիտի ազատի, այլ չարաչար կերպով պիտի այրին եւ ածխանան։ Գայմագամին նամակը հրամանատարին հասնելէն վերջ իսկոյն զօրանոցին վրան կը պարզուի ճերմակ դրօշակը։

Հնչակեան երկու ընկերներ զօրանոցին դրան վրայ դէմ դիմաց կանգնած են եւ Բարթողիմէոս վարդ. սուր ձեռքին զօրանոցի դրան քով. զօրանոցին մէջ գտնուած սպաները եւ զօրքերը դուրս կ’ելլեն եւ կ’աղաչենոր կեանքերնին իրենց խնայուի, ինչպէս նաեւ սկիզբէն զօրանոցին մէջ իրենց ամուսնոյն քով ապաստանած ընտանիքներու եւ զաւակներու կեանքին։ Ընդհակառակը մեր ընկերներն սպաները իրենց ընտանիքներով եւ զաւակներով եւ զօրքերը Զէյթունի տուներուն մէջ կը տեղաւորեն եւ խստիւ կը պատուիրեն որ անոնց պէտք եղած կերպով խնամք տարուի եւ բնաւ դժգոհ չը թողուն զիրենք։ Իտալական հիւպատոսը այս ամէնքը գիտնալով հանդերձ, գիտեր նաեւ թէ զօրանոցին մէջ գտնուած 100է աւելի հրացաններ եւ միլիոնաւոր փամփուշտները եւ երկու քրուբի թնդանօթները Հայոց ձեռքն անցած էին։ Գիտէր նաեւ որ Չորք Մարզուանի վրայ եղած անբաղդատելի խուժանի եւ կանոնաւոր զօրքերու յարձակման ափ մը Հայերը դիմադրած էին հրամանատարութեամբ Մխիթար Սէֆէրեանի (Շահեն) եւ խուժանը ու զօրքերը հիացած էին այդ ափ մը Հայերու քաջագործութեան վրայ, նոյնիսկ իրենց պարտութիւնն այնչափ չէին մտածեր, որչափ սքանչացած էին եղած կարգադրութեան եւ Շահէնի հրամանատարութեան վրայ։ Միայն Հայերն չէին որ Չորք Մարզուանի փրկիչ տիտղոսը տուած էին Շահէնի, այլ զինուորականներն իսկ «Փրկիչ» կ’անուանէին Մխիթար Սէֆէրեանը եւ զինքը Շահին փաշա կը յորջորջէին։ Ահա այս եւ ասոնց նման ապացոյցներով էին որ իտալական հիւպատոսը կը թելադրէր քանի մը օր եւս համբերել, բայց ի զո՜ւր, մերինները ստիպուած էին հաշտութիւն կնքել, ինչ որ հիւպատոսին լալուն տեղի տուած էր։

Ամբողջ 15 օրուան ժողովներէ եւ բանակցութիւններէ վերջ 16 յօդուածներէ բաղկացեալ պայմաններկ կ’ստորագրուին վեց մեծ պետութեանց հիւպատոսներէն, մեր ընկերներէն եւ բռնապետ Համիտէն, որով հաշտութիւն կը գոյանայ եւ պատերազմը կը վերջանայ։

Ստորագրուած պայմանները

1. Զէյթունցիները անպայման կերպով կը մերժեն յանձնել Օսմ[անեան] կառավարութեան իրենց Հնչակեան պարագլուխները [1] ։

2. Զէյթունի Հնչակեան վեց պարագլուխները պիտի ձգեն Օսմ[անեան] հողը։ Բ[արձրագոյն] Դուռը երաշխաւորութիւն կուտայ վեց պետութիւններու Կ. Պոլսոյ դեսպաններուն, որ այդ Հնչակեաններու մեկնումը մինչեւ Եւրոպա պիտի կատարուի ապահով եւ անվնաս կերպով եւ հարկ եղած պատուով ու Օսմ[անեան] տէրութեան ծախքով։

3. Բանակցող հիւպատոսներու միջոցաւ դեսպանները երաշխաւորութիւն կուտան վեց Հնչակեան պարագլուխներու Յօդ. ճշգրիտ գործադրութեանը, նոյն եղանակաւ, որէս կը կատարուին Եւրոպական հպատակներու եւ հիւպատոսներու նկատմամբ։

4. Կատարեալ եւ ամբողջական ընդհանուր ներում ո՛չ միայն Զէյթունցիներուն, այլեւ այնտեղ ապաստանած գիւղացիներուն, ճամբորդներուն եւ Հայ հրոսակային խումբերուն։

5. Պիտի հաստատուի Քրիստոնեայ կառավարիչ մը, որ պիտի ընտրուի Եւրոպական պետութիւններու հաւանութեամբ։

6. Զէյթունի ոստիկանութիւնը, հարկահաւաքները, ոստիկան-զինուորները, եւ կառավարական պաշտօնեաները պիտի ընտրուին եւ կազմուին նոյնիսկ Զէյթունցիներէն։

7. Զէյթունցիները չպիտի վճարեն յետամնաց տուրքերը (պարայէ) եւ հինգ տարուան պայմանաժամով տուրք վճարելէ ազատ պիտի լինի [2] ։

8. Հաստատումն հարկերու համեմատական դրութեան, իւրաքանչիւր կարողութեան համեմատ։

9. Զէյթունցիներու կեանքը, ինչքը, պատիւը եւ կրօնական ազատութիւնը կ’ապահովուի եւ կ’երաշխաւորուի Եւրոպական պետութիւններու կողմէն։

10. Զէյթուն ապաստանած բոլոր Հայ գիւղացիներու, ինչպէս եւ Թուրքիոյ այլ վայրերէն եկած եւ այնտեղ գումարուած բոլոր Հայ խումբերու եւ անհատներու ապահով եւ անվնաս վերադարձը իրենց տեղերը պիտի կատարուի բանակցող հիւպատոսներու անմիջական հսկողութեան տակ։

11. Զէյթունցիներու ձեռքով զօրանոցէն գրաւուած պատերազմական զէնքերու (մարթիններու եւ երկու թնդանօթի) յարձակումը Օսմ[անեան] կառավարութեան, այն պայմանով սակայն, որ Զէյթունի շրջակայ գաւառաներու ամէն Թուրք եւ Չէրքէզ գիւղացիներէն նոյնպէս հաւաքուին նոյնօրինակ զէնքերը։ Զէյթունցիներուն պիտի մնան իրենց սովորական զէնքերը։

12. Համաձայն Զէյթունցիներու մերժման՝ ասոնք չպիտի վերաշինեն այրուած զօրանոցը. այդ վերաշինութիւնը կը վերաբերի Օսմ[անեան] կառավարութեան։

13. Օսմ[անեան] բանակը պիտի ձգէ Զէյթունի գաւառը եւ հեռանայ, միայն արտաքին յարձակուներու դէմ պահպանութեան համար պիտի մնայ մէկ գունդ զինուոր. այդ գունդը ո՛ եւ է իրաւունք չունի միջամտելու Զէյթունի բոլոր ներքին գործերուն եւ անոր խաղաղութեան պահպանման։

14. Եւրոպական բանակցող հիւպատոսները Զէյթունէն չպիտի մեկնին մինչեւ ներկայ պայմանագրին տրամադրութիւններուն անթերի գործադրութիւնը [3] ։

15. Եւրոպական պետութիւնները Մարաշի մէջ հիւպատոսարաններ պիտի հաստատեն. ասոնց պաշտօնը պիտի ըլլայ հսկել Զէյթունի նոր րէժիմին պահպանութեանը, մշտական գործադրութեանը եւ կիրառութեանը։

16. Հաշտութեան ներկայ պայմաններու գործադրութիւնը երաշխաւորուած է վեց պետութիւններու դեսպաններուն Բ. Դրան միջեւ կնքուած պայմանագրով [4] ։

Զէյթունի կռիւը բաւական սուղի նստած էր Թուրք կառավարութեան։ Զէյթունցիները իրենց դիրքին պատճառաւ շատ հեշտութեամբ կարողացած էին բանակէն զինուորներ սպաննել. նոյնիսկ Թրքական աղբիւրէ կը լսէինք թէ 13-14 հազար զօրքերէն 3-4000ը սպաննուած էին։ Շատ բնական էր որ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Զէյթունցւոց այս յաջողութիւնը զիս չափէն աւելի ուրախացնէին եւ բանտի տառապանքներս մեղմացնէին։

Սրտի անձկութեամբ կ’սպասէի օր առաջ Մամբրէի սպանութեան ուրախալի լուրն առնելու Պոլիսէն, կ’ուշանար, ես այնպէս համոզուած էի եւ վստահ էի թէ որչափ որ Նազըմ Մամբրէ վարդապետկ քանի մը ոստիկաններով շրջապատել կուտայ միշտ, եւ որչափ որ ի պահանջէլ հարկին իր ապարանքին մէջ կը պահէր առ ի զգուշութիւն եւ ապահովութիւն, եւ վերջապէս ինչ միջոցներ ալ ի գործ դներ Մամբրէն ազատելու Հնչակեան Պոլսոյ Վարիչ Մարմնոյ տուած որոշումէն, Նազըմի բոլոր ջանքերը ի զուր էին, քանի որ Վարիչ Մարմինը Մամբրէն տէռօրի ենթարկելու որոշում տուած էր. Մամբրէն այս որոշումէն եւ վճիռի գործադրութենէն ազատողը միայն Մամբրէի մահը պիտի ըլլար, ուրիշ ոչին։ Վերջապէս Պոլիսէն ստացած նամակի մը մէջ հետեւեալը կարդալու բարեբախտութիւնն ունեցայ.

«Մամբրէն Սկիւտարի թատրոնէն քանի մը ծպտեալ ոստիկաններու հետ դուրս ելած ատեն մեր Հնչակեան տէռօրի գնդակներէն գետին փռուիլը, իր քով գտնուողներուն եւ բազմութեան վրայ դող ու սարսափ կ’ազդէ։ Բարեբախտաբար Մամբրէի մահը վայրկենական չէր եղած, կարծես իր ըրած վատութիւններէն, որ այնչափ մեծ վնաս պատճառած էին Սուրբ գործին, պէտք էր որ քանի մը օր տանջուելէ վերջ սատկէր։ Տէռօրի գնտակներէն մէկը մտած էր Մամբրէի ամորձիքներուն մէջտեղ եւ միզելու ճամբէն անցնելով դուրս ելած էր։ Մամբրէն քանի մը օր ողջ մնաց, բայց այդ ողջ մնալն իրեն համար սոսկալի տանջանք մը եղաւ. այնպէս որ Նազըմի կողմէ Մամբրէին համար յատկացուած բժիշկներն երբ իրեն վէրքերը կը դարմանեն, Մամբրէ լալով եւ ողբալով կ’աղաչէ եղեր որպէս զի ժամ առաջ մեռնելու դեղ մը տան իրեն. այդ վերքը մանաւանդ միզելու ատեն զինքը կ’այրէ եղեր ճիշտ շամփուրելու պէս. այլեւս չի կրնար տոկալ այդ անտանելի ցաւերուն։ Մամբրէ շատ անգամ կ’անիծէր իր տէռօրը որ գնդակ մը աւելի չէ մխեր, որպէս զի վայրկենական ըլլար մահը։ Վերջապէս շատ կը թախանձէ, եւ քանի որ բժիշկներն իրեն առողջանալուն բնաւ յոյս չեն ներշնչեր, օր առաջ մեռնելու դեղ մը կուտան, Մամբրէ չորս օր տանջուելէ ետք կը մեռնի»։

Մամբրէի մահուան այս լուրը սիրտս անհուն ուրախութեամբ լեցուց, որովհետեւ մեր շրջանին գործունէութեան մէջ եւ մինչեւ այդ օրը չէր եղած եւ չէր երեւցած վատ մը, դաւաճան մը որ Մամբրէին չափ գործին վնասած եւ Հնչակեան կուսակցութեան ահագին զոհաբերութեամբ ձեռք բերած պատրաստութիւնները կառավարութեան ձեռքկ անցուցած փճացուցած ըլլար։ Ուրախ էի որ Մամբրէի պէս դաւաճանի մը պատժուիլն օրինակ պիտի ըլլար ուրիշներու։

Վերջէն Մամբրէի տէռօրները վիճելի կ’ըլլան եւ կը յայտնուի թէ Դաշնակցական են եղեր. այդ բանը ինծի համար այնչափ կարեւորութիւն չունէր ես ուրախ էի որ Մամբրէն յեղափոխականներու գնտակներէն սատկած էր։

Պոլսէն մեզ կը գրէին թէ 1895 Յունիս 24ին Կէտիկ փաշայի մէջ Հնչակեաններ տէռօրի ենթարկած էին յայտնի Մկրտիչ Թիւթիւնճիէֆը։



[1]            Հակառակ պարագային Զէյթունցիները կը սպառնան շարունակել պատերազմը։

[2]            Զէյթուն ուներ իբրեւ պարագայէ ամէն տեսակ տուրքերէ, ինչպէս տասանորդական, զինուորական, կալուածական ևն, նոյնպէս և փոխառութիւն երկրագործական պանքայէն՝ 7-10, 000 ոսկի։

[3]            Ներկայ պայմանագրին բոլոր տրամադրութիւններու զօրութիւնը կը տարածուի Զէյթուն քաղաքի և իր շրջակայ 100ի մօտ գիւղերուն վրայ, Ասոնց մէջ հաշուելով 10ի չափ Թրքական գիւղեր եւս։

[4]            14րդ յօդուածին համաձայն Զէյթունցիներու կողմէ պաշտօնական բանակցողները պահանջ կը դնեն նաեւ միջազգային երաշխաւորութեան պայմանի մը արձանագրութեան Զէյթունի նոր րէժիմի պահպանման համար՝ ընդդէմ ամէն անակնկալներու Օսմ[անեան] քաղաքական և զինուորական իշխանութիւններու կողմէ։