Այլ բանաստեղծութիւններ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՐԱԺԵՇՏ

Իմ հայրենեաց սիրուն սոխակ,
Երկնից երկրի քաղցըրերգակ,
Ա՜հ, կը խնդրեմ թախանձագին՝
Որ գաս թառիս ինծ մօտ ծառին
Եւ անգամ մ՚ալ քո երգերով՝
Լըքեալ հոգւոյս տաս մի կորով,
Զի թռչնակդ իմ քաղցրաքընար՝
Ես պիտ՚ երթամ ի տար աշխարհ։

Իմ հայրենեաց զեփիւռ բուրեան,
Կամ խնկաշունչ որդին գարնան,
Ո՜հ, կը խնդրեմ թախանձագին՝
Որ յասմիկին, մ՚անուշ վարդին
Բոյրն անգամ մ՚ալ ածես առ յիս,
Եւ փարատես սուգըն սրտիս,
Զի զեփիւռդ իմ եթերապար
Ես պիտ՚ երթամ ի տար աշխարհ։

Իմ հայրենեաց վըճիտ աղբիւր,
Քաղցըր ջըրէդ ցանեալ ի սփիւռ
Ա՜հ, կը խնդրեմ թախանձագին՝
Որ անգամ մ՚ալ մէջ իմ սրտին
Մի քանի շիթ կաթեցընես՝
Որ ատրուշան մ՚է բոցակէզ.
Զի ջինջ աղբիւրդ իմ զովարար
Ես պիտ՚ երթամ ի տար աշխարհ։

Իմ հայրենեաց գոյն գոյն ծաղկունք,
Մատաղ կուսանց գեղ պըսակունք,
Ա՜հ, կը խնդրեմ թախանձագին՝
Որ եթէ զձեզ՝ իմ սիրելին
Շրթանցն հպէ լի ցանկութեամբ,
Փունջ մի համբոյր կորզէք անկեց,
Որոյ պապակն զիս տոչորեց.
Զի ծաղկունքդ իմ խընկապարար
Ես պիտ՚ երթամ ի տար աշխարհ։
24 մարտ, 1901