Տաղեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Նա նա, նա նա,
Ջա նա, նա նա,
Կիտուր եկաւ, հասաւ Խոփեր,
Կերաւ ցորեն, մնաց չօփեր:

Հաւա~ր, կիտուր, մատա~թ, կիտուր,
Ամէն արտուց քիլէ մը տուր,
Աշուն կանենք ձաւար, պլղուր,
Ուր չըկանկնենք տուշմընի դուռ:

Երկինք ամպեց, կիտուր թափեց,
Կիտուր թափեց, զարտեր լափեց,
Ցորեն չեղաւ, շահնէն չափեց:

Հաւա~ր, կիտուր, մատա~թ, կիտուր,
Ամէն արտուց քիլէ մը տուր,
Աշուն կանենք ձաւար, պլղուր,
Ուր չըկանկնենք տուշմընի դուռ:

Մեռնիմ քըզի, սըրբ Կարապետ,
Ըմէն սրբերու զօրապետ,
Քոսէն մատաղ կանչեց զիւր ճետ,
Կիտուրն եկաւ թրթուրն ի հետ:

Հաւա~ր, կիտուր, մատա~թ, կիտուր,
Ամէն արտուց քիլէ մը տուր,
Աշուն կանենք ձաւար, պլղուր,
Ուր չըկանկնենք տուշմընի դուռ: