Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՌԱՋԱԲԱՆ

Երբ պարապոյ ժամերս կզբաղէցնէի մեր սեռին կարեւոր պիտոյից վրայ, խորհրդածութիւններս ըստ կարի ի գիր առնելով, նոյն միջոցին բարեկամուհիներէս մէկը ինձ ներկայացաւ, եւ մեր տեսակցութենէն ետեւ հետաքրքրութիւն յայտնեց ներկայ գործոցս վրայ եւ ես իբր զբօսանք գրածս իրեն յանձնեցի, զոր կարդալով խիստ համակրութիւն յայտնեց հանդերձ շնորհակալութեամբ։

Հետեւեալ օրը մէկ քանի ընթերցասէր ընկերներ իւր հետ մեզ այցելութեան պատիւ շնորհելով, խնդրեցին որ եթէ կը հաճինք՝ մեր գրութիւններէն նուիրել իրենց կարդալու, եւ անոնց խնդիրը կատարելով մեծ փափաք յայտնեցին մեր աշխատութեանց հաւաքածոյ մը կազմելով իբր հաճելի նուէր մը ընծայել ընթերցասէր Հայուհեաց։

Ուստի յոյս զգալով՝ իրենց սիրուն եռանդը գրաւոր աշխատութեան մէջ արծարծելու դիտմամբ յանձն առի մէկ քանի խորհրդածութիւններէս հաւաքելով Նամականիս կազմելով յուսալով որ՝ ոչ թէ իբր քաղցր դաշնակաց ձայն հեշտալի է լսել, այլ իբր հովոական սրինգ մը իւր պարզ եղանակաւկ կրնայ լսելի ըլլալ ոմանց։

Նամականիս կը պարունակէ ընկերուհեաց դիմակցաբար գրաւոր բանախօսութիւնք, մայրերու դաստիարակութիւն, հայրենասիրութեան եւ ընկերասիրութեան յօդուածք եւ ոտանաւորք։

Եթէ սյոն փոքր աշխատութիւնս ընդունելութիւն գտնելով ընկերուհիներէս՝ ինձ պատասխանողներ գտնուին, իղձս վարձատրուած համարելով խրախոյս պիտի զգամ դարձեալ ըստ կարի աշխատութիւն նուիրել ի նպաստ ազնիւ ընկերակցացս։