Նամականի առ ընթերցասէր հայուհիս

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՐԴՈՐ ՀԱՅՐԵՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ

Երբ աչքերնիս դարձնենք մեր Հայրենի գաւառը՝ կը տեսնենք Հայաստանի միգապատ հորիզոնին տակ՝ վեհակերպ ոգի մը իւր փառքերէն մերկացած խորին տխրութեամբ արտասուաթոր աչքերը դէպի Բիւզանդիոն ուղղելով, եւ վշտահար սրտին հառաչալիր ձայներով իւր ողբաձայն մրմունջները հարազատ որդւոց կը հնչեցնէ։

«Սիրասուն որդեակնե՛րս, դարձուցէ՛ք ձեր գթալիր աչքերը յիս, տեսէ՛ք եւ գթացէ՛ք ձեր Հայրենեաց վիճակին վրայ, ուրկէ այրիացեալ ոգիս բազում դարերով թշուառութեան մէջ կը թափառիմ. տեսէ՛ք զիս կապտուած բոլոր վայելչութիւններէս, եւ արգիլուած դժնդակ բաղդին անգութ հարուածներուն տակ. տեսէ՛ք աչացս բղխումն՝ որ ամայի ձորերու մէջ հեղեղներ կը կազմեն, եւ սրտիս հառաչանքները լուռ ամպոց մէջ կարձականքեն։ Երբ կը յիշեմ փառաւոր տունս, հոյակապ շէնքերս, եւ վեհ տաճարներս՝ որոց ճակատները վսեմ յիշատակներս քանդակուած էին, այժմ ամայութեան մէջ թանձր հողերուն տակ կը ծածկին. ո՞ւր են զարդարուն սեղաններս առատ բարիքներով լի, ո՞ւր քաջաբեղուն այգիներս որոցմէ անմահ կենաց եւ սիրոյ ոգին կը բղխէր, այժմ փշալից մացառներով կը ծածկեն. անտառաց շքաւոր նոճիներու հովանեաց տակ թռչնոց խրախալի երգերը դադրած՝ ամեն ուրէք ողբ, եւ կոծեր կը հնչեն. շքեղ պարտէզներս գազանաց որջեր եղած, եւ ահռելի երկիւղ կը տիրէ։ Եւ բոլոր հեշտալի առարականերս տեղի տալով սուգ եւ վտանգ միայն ինձ ժառանգ մնացած են։ Ահա գոհարազարդ գլուխս այժմ այս սեւագոյն քօղով ծածկել արժան է, ոսկեթել բեհեզներուս տեղ՝ այս տխուր քուրձով կ’պատսպարուիմ. եւ քստմնելին այն է ինձ՝ զի յետ ամենեցուն իմ սիրասուն զաւակունքս գրկէս կորսնցուցած եմ... ։ Նոյն նախագուշակ ողբը Հայաստան մօր վրայ լսեցէ՛ք, «Այգիներս ոտնակոխ եղած, ժառանգութիւնքս յափշտակուած, զաւակունքս գերի վարուած. ես միայն մնացած եմ մերկ եւ թափուր»։

Բայց, սիրելի որդեակք իմ, այս ցաւալի կացութեանս մէջ բոլորովին յուսաբէկ չեմ, այլ ձեր օժանդակութենէ միայն կը յուսամ վշտացս դարման. մի՛ դադրիք ձեր արթուն ջանքերով սփոփիչ յոյսեր նուիրել ինձ, այն է Հայրենասիրութեան եւ միաբանութեան ոգին ստանալ. վառեցէք ձեր հոգւոյն մէջ անաղօտ ջահեր, եւ ելէք միաբան սիրով նախնեաց շիրիմներուն տակ ծածկեալ անմահ գանձերը գտնել. յիշեցէք նոցա սքանչելի արարքը, որոց երբեմն վեհ սրտերը տաճար էին ինձ, այժմ անոնց յիշատակներն միայն ենինձ մխիթար, երբ նոյն ազնիւ սերնդոց շառաւիղները անապական եւ անմահ ըլլալուն կը վստահիմ, զի իրենց նախնեաց հարազատ արիւնով եւ վսեմ օրինակաւ կրնան բարոյապէս կենդանացնել իրենց Հայրենիքը։

Սիրելի զաւակունքս, դուք չէք նմանիր այն յանդուգն քաջերու՝ որ իրենց յաղթանակը հուրերու, սուրերու վրայ կը կարծեն, իրենց մոլեռանդութիւնը՝ քաջութիւն, եւ գազանական բռնաբարութիւններով՝ իշխանութիւն կստանան, աշխարհաց աւերումներ եւ ազգաց մեծ կորուստներ պատճառելով։ Այլ դուք նոյն վեհանձն քաջերն էք, սիրով զինեալ պերճ Ախոյեաններ, եւ նոյն սքանչելի Իշխանութեան զինուորներ՝ որ տասնեւիններրորդ դարերով վսեմ յաղթանակը ժառանգած եւ կը ժառանգէ յաւիտեան։ Միաբանութեամբ եւ սիրով զինեալ քաջերս փառաւոր յիշատակներ կանգնեցին Հայրենի աշխարհի մէջ, քան թէ սուրերու յաղթանակներով. անոնց բարոյական գործերը խրախոյս թող ըլլան, որք հզօր ճգամբ ծաղկեցուցին ուսումնարաններ, գրականութիւն եւ Ազգին բարոյապէս պայծառութեան նպաստող բոլոր շահաւէտ գործեր։

Արդ՝ ջանացէ՛ք նոյն վեհ Անձանց օրինակին հետեւելով ձեր ազնիւ յատկութիւնները ծաղկեցնել, գարշեցէք մոլորական ընթացքէ, այն է չարին թելադրութենէ, հերքեցէ՛ք երկպառակութեան ոգին, թող չտիրէ ձեր վրայ անզգայութեան մահառիթ քունը, մի՛ նմանիք ազգատեաց ոգիներու, այլ նմանեցէք Վաղարշակայ, Վարդանայ, Մագիստրոսի, Սմբատայ եւ այլ Հայրենասէր եւ ուսումնասէր անձանց՝ որք պանծալի ջանքերով Ազգին անունը փառաւորեցին։ Որդեակք իմ, եւ դուք ծնունդ է՛ք նոցին, եւ սերունդ ազնուութեան՝ գիտէք յարգել մարդկութիւն. կարող է՛ք պաշտել իրաւունք եւ ճշմարտութիւն. գիտէ՛ք նաեւ չտալ տեղի ատելի պատճառներու, որ մարդիկ ուղիղ կացութենէ կրնան մոլորել, այն է մեծամտութիւն, ինքնասիրութիւն, որ կրից գրգիռ տալով ուղիղ տեսութենէ կը մոլորեն զմարդ, եւ ընկերին իրաւունքը կը տուժեն։ Մի՛ լինիք նախանձորդ պատիր փառասիրութեան, այլ նախանձորդ միայն առաքինական փառաց։

Ատեցէ՛ք չար նախանձու ոգին. այն է թովչական օձը՝ որ մտաց աչքերը շլացնելով քստմնելի յիշատակներ թողած է, այն նախնի մարդկան թշնամին՝ որ եղբօր ձեռքը հարազատին արեամբ թաթաւեց, Եդեմեան պարտէզը ապականեց, անոր պահապաններէն շատերը մոլորեցնելով. թշնամեաց դէմ յաղթանակող սուրեր՝ եղբարց եւ ազգակցաց դէմ դարձնել յանդգնեցաւ, եւ միշտ իւր արբանեակներու սրտին մէջ որջանալով արդարութեան ոգւոյն դէմ կը մաքառի, եւ սիրոյ Արեւը շիջուցանել կսպառնայ։ Այլ դուք Հայաստանի քաջարթուն զաւակունք, գիտէք ընտրել բարին եւ ատել զչար, եղէ՛ք սրտիւ անձնանուէր Հայրենեաց եւ Ազգութեան, ինչպէս ձեր առաքինի նախորդներ. դուք որ նոցին հարազատ ժառանգներ էք, ջանացէ՛ք ձեր որդիական նշանը ցոյց տալ՝ որով իրաւապէս Հայրենեաց ժառանգ անուանիք, չէ թէ իբր ատելի որդիք նոյն պանծալի անունը յանիրաւի ստացած ըլլաք։ Վայել է պայազատից իրենց սեփհական պատուանշանը կրել եւ ժառանգական տիտղոսը ունենալ. արդ եւ դուք Ազգասիրութիւնը առէ՛ք ձեզ նշան, եւ միաբանութիւնը պատուանշան ձեր անձին։ Դարձուցէ՛ք ձեր աչքերը գերութեան տխուր գաւառէն ի Վեհն Սիօն՝ ուրկէ երբեմն գերի վարեցաք անգութ թշնամւոյն ձեռօք։ Նմանեցէ՛ք դարձեալ նոյն քաջազն նախնեաց՝ որք յաղթաւոր բազկաց հետ անվհատ սիրտ կրելով ազգութեան իրաւունքը պահպանեցին. մաշեցան սուրեր երկաթներ՝ այլ չդադարեցան զօրաւոր ջանքեր. քայքայեցան շէնքեր, քաղաքներ եւ չվահատեցան քաջարի սրտեր։

Նոցին պաշտելի եռանդը վառ պահեցէք ի ձեզ, նոցին արեան հեղեղներուն տեղ հոսել ի սէր ազգին աշխատասիրական քրտանց կաթիլներ, որոց նահատակութեան սպիներուն տեղ՝ Ազգասիրական գործոց նշաններ, Մի՛ լքանիք վատ թմրութեան մէջ, այլ յուսով միայն ապրեցէք. յուսոյ փրկարար լոյսը մի՛ փակէք յարկաց դրուանին տակ՝ որ աղօտ լոյսով կը ծփայ Ազգին տանը մէջ եւ կարօտ է միաբանութեան իւղոյն իւր լոյսը Արփանման փայլեցնելու։

Եւ դուք, սիրելի կուսանք, թողէք ձեր անփառունակ վիճակը, վառեցէ՛ք զգաստութեան ջահեր, եւ ժրացէք միաբան սիրով ձեզ վայելուչ ձիրքերը ստանալ. ալ մի՛ խարխաբիք տգիտական անպատեհ կացութեան մէջ, արթնութեամբ յաղթեցէք բաղդին՝ որ մինչեւ ցարդ վշտալի վիճակաց դատապարտած է զձեզ, եւ ձեր վայելուչ ձիրքերը յափշտակած, բարոյականութեան լուսաւոր տեսութենէն զրկած, եւ կենսական շնորհքներէ մերժած է. քաջացէք արդ յաղթել բաղդին, քանի որ ջանք եւ փոյթ անոր դէմ հզօր ախոյեաններ են, որով ձեր շքեղ ձիրքերը զօրացուցէք եւ մտաց ճրագները վառեցէ՛ք. ունիք եւ դուք կատարեալ շնորհք մարդկութեան պաշտօն վարելու, եւ ո՛չ թէ վայրապար եւ ստորին արարծներ էք. հերքեցէ՛ք զձեզ նկուն համարելու թիւր կարծիքը՝ որ տակաւին կը տիրէ ի ձեզ, այլ գոհութեամբ ճանչցէք բնութեան բարիքը եւ ջանացէք ըստ մարդկութեան զայն ծաղկեցնելու։

Զի երկինք հաւասար շնորհատու է մարդկանց, որով ստացած էք եւ դուք կատարեալ կամ եւ յիշողութիւն, այլ անտարբեր անհեգութիւնը յետս մղած է զձեզ երջանկութենէ. ուրեմն գիտնելով զայս փութացէք զգաստութեամբ ձեր բնիկ յատկութիւնը ստանալ եւ ձեր վիճակը կենդանացնել։

Ահա սիրելի որդակներս ասոնք են իմ վերջին յոյսերս եւ ծանր վիշտերուս դարման, փութացէք մօր Հայաստանի սրտէն տխուր հառաչանքները դադրեցնել, եւ աղետքից յիշատակները ջնջել։

Այս սրտահար մրմունչներս թո՛ղ ըլլան ձեզ ազդարար փողեր, որով միշտ զգաստ գտնուինք անհրաժեշտ պաշտօններու մէջ. եւ ձեր սրտին մէջ հայրենեաց յիշատակը անմահ պահելով ազգասիրական ոգին անմահացեալ ջանաք»։

Այսպէս Հայաստանի Ոգին Մասեաց հորիզոնին վրայ իւր բոլոր փառքերէն զուրկ դառն սուգի մէջ՝ այլ յոյսը ապագային ուղղած եւ ազգին բարոյական կենաց իբրեւ տարփաւոր՝ իւր սրտահար ձայները Հայաստանի որդւոց հնչեցնելէն զատ հետեւեալ սիրայորդոր աղերն ալ կերգէ։

 

Որդի՛ք Հայկազնեան որդի՛ք իմ սիրուն,
Մինչ ցե՞րբ տառապիմ կարօտ ձեր սիրոյն,
Օ՛ն զարթի՛ք այժմէն ի սէր հայրենի,
Քաղցր մխիթար ձօնել իմ սրտի։

 

Զգեցչիք խրախոյս ի զօդ միաբան,
ԽնդրելԱզգային անուն սեփհական,
Երեաց խումբ հզօր ի զէն զօրաւոր,
Ելցեն ի հանդէս մրցման նորանոյս։

 

Հայրենեաց ըղձից ջերմ վառեալ ի հուր,
Պսակ Թորգոմեան հիւսել փառաւոր.
Սէր սուր ի ձեռին, սէր սուր ի հոգի,
Սէր պնդեալ ընդ մէջս սէր անպարտելի։

 

Սիրոյն պաշտօնեայ պերճ հանդիսասցի,
Պսակ Հայկազնեան սիրով փայլեսցի։
Այս է Վեհանձնեայ Ազգին մեծ պարծանք
Այս ազգասիրին շքեղ մրցանակ։

 

Յայս ցնծայ Եդեմ պճնին դաշտք համայն.
Տեսցէ նոր Արեւ անշուք Հայաստան։
Ապա՛ ո՞վ կուսա՛նք, սիրելի,
Փայլեսջիք եւ դուք յայս սէր անցկալի.

 

Երբ լուսանկար դիտէք զամպ վերին,
Դիտէք եւ համայն զլոյս արեգին։
Արդ մի մօռանայք զձեր Բարերար,
Լսեցէք ձեր մօր ձայնին վշտահար։

Մեր սեռը ինչո՞ւ տկար կոչուած է.

Սիրելի քոյր իմ,

Գիտելով որ Ազգասիրութիւնը կը յարգէք, հետեւաբար ընկերասիրութիւնը, ըստ որում անշուշտ կուզէք խորհիլ մեր սեռին անշուք վիճակին վրայ եւ քննել անոր պատճառները, այս մասին հետաքրքրութիւնս գոհ ընելու դիտմամբ խորհրդակցութիւնս ձեզ հաղորել կը փութամ։

Չէ՞ որ մարդկանց առաջին եւ գլխաւոր պարտքն է իր սեռին զարգացման եւ կրթութեան հոգ եւ խնամք տանիլ, այսինքն թէ արական եւ թէ իգական սեռի՝ որ միատեղ կանուանի մարդկային սեռ. բայց զարմանքս զիս խիստ կը նեղէ՝ երբ կը խորհիմ թէ ի վաղուց նոյն սեռը իւր կէս մարմինը իբր անպիտան անդամ նկատելով՝ անփոյթ եղած է անոր բնական յատկութիւնները զարգացնելու մասին. այսինքն հրահանգ եւ դաստիարակութիւնը կարեւոր չը համարելով՝ գրեթէ իբրեւ գերի գործածած եւ անարգած է նոյն օգտակար մասը, ուրկէ ընդհանուր սեռին բարւոքումն կսպասուի։ Ցաւալի յիշատակ է, զի ի սկզբանէ անոր ազնիւ կոչումն չճանչուելով՝ իր սուրբ իրաւունքները զոհուած ենի վնաս ընդհանուր սեռին։

Ինչո՞ւ օրինաւոր ազատութիւնը իրմէ կապտած ըլլալով՝ Ամերիկայի սեւերու եւ ճերմակներու հետ տարբերութեան պէս մեծ խտրութիւն տիրած է արական եւ իգական սեռին մէջ, որով իւր բոլոր կարողութիւններէն զուրկ կաշկանդեալ մնացած է անշուք կացութեան մէջ։ Խիստ ցաւ կզգամ երբ կը նկատեմ բնութեան սքանչելիքները զննելով, տունկերը, հանդերը եւայլն որոց էգերը իրենց որոշ յատկութեամբ բնականաբար ճանչցուած, եւ ըստ արժանւոյն յարգուած են, միթէ զարմանալի չէ՞ որ մարդկութեան կարեւոր մասին նոյն խնամքը տարուած չըլլալով, իբր կեղտ եւ անպիտան նիւթ մը համարուած, եւ իւր առանձնական շնորհքէն զուրկ մեքենաբար ապրած է, որով իւր կացութիւնը աւաղելի եղած է տեսակ տեսակ գերութեան տակ։ Ուստի անցելոյն վրայ եթէ ակնարկ մը ընենք՝ կը տեսնենք որ շատ կերպ սոսկալի գաղափարներու զոհուած են մեր իրաւունքները. ոմանք կանանց սեռը իբր գերի նկատելով, ոմանք իբրեւ անասուն առանց ազատ լեզուն անգամ գործածել տալու, ոմանք կէս մը մարդ, այսինքն անձամբ մարդ՝ եւ մտօք անասուն եւայլն եւայլն, եւ այս ատելի գաղափարներու դարերը բռնացած են նոյն փափուկ սեռին բարոյական կարողութեանց վրայ եւ անոր սոսկալի հարուածներ տալով զայն նկուն եւ տկար գործած են։ Արդ եթէ չենք սխրալիր կրնամ ըսել թէ, նոյն գաղափարաց թափթփուքները տակաւին կը տիրէ մեզ... ։ Ապա ցաւակցիլ արժան է սիրելիդ իմ, վասն զի կաղ եւ կոյր ծնելը այնչափ ցաւալի չէ կրնանք ըսել՝ որչափ քստմնելի է չարաչարեւ բռնի պատճառներով այն վիճակին մէջ ինկնալը, մինչդեռ զգուշութեամբ խնամուէր Ազգութեան կրնար օգտակար անդամ ըլլալ։ Ահա մեր ժառանգական ախտին պատճառը չէ թէ բնութենէ՝ այլ մեր հզօր կոչուած մասն է եւ այս համաճարակ ախտէն մեր Ազգն ալ անմասն մնացած չէ որ փոխանակ լուսաւոր Ազգաց օրինակին հետեւելու իր դրացի բարբարոս ազգաց օրինաց հետեւած է. կուզեմ ըսել թէ միթէ երկինք դատապարտա՞ծ են զմեզ, եւ թէ քաղաքական կոյր օրէնքնե՞ր զմեզ նոյն ցաւալի վիճակին մէջ ձգած են։

Թէպէտ այժմ գոհութեամբ բաղդին նոյն բռնաւորական օրէնքները ընկճուած են, եւ զմեզ ճնշող ձեռքերը դադրած, ներկայն մեզի համար արշալոյս մը ըլլալ վստահ եմք, քանի որ ժամանակը մեզ ազատութեան հրաւէր կը կարդայ. այլ մենք դեռ անզօր, դեռ համրաքայլ, առաջնորդի կարօտ ենք եւ ապաստան կը խնդրենք մեր քայլերու զօրութեան, զի վաղեմի կարկամեալ վիճակէն չենք կրնար յառաջադիմութեան դիմել յաջողապէս։ Ըստ որում պիտոյ է մեզ գութ եւ կարեկցութիւն, ապա թէ ոչ, տակաւին կոյր ծառայութիւններու զբաղելով, մեր ողբալի կեանքը պիտի շարունակենք։

Ուստի, սիրելի Քոյր իմ, կը խնդրեմ սոյն կարքիքս նկատողութեան առնելով, մեր վիճակը բարւոքելու մասին ձեր խորհրդածութեամբ ալ զիս գոհ ընել բարեհաճիք. մերսեռին վրայ եթէ սխալ կարծիք մը ունեցած եմ, ձեր ուղիղ դատողութեան կը յանձնեմ զայն ստուգելու եւ նպաստաւոր գաղափար տալ,

Որոյ մնամ անձկանօք

 

Ընկերուհիդ

---------

Վիճակակից Քոյր իմ.

Կը գովեմ կարծիքդ՝ որ մեր սեռին յետադէմ կացութեան վրայ ցաւ զգալով կուզէք պատճառ քննել, եւ անոր ուղղութեան ելք եւ դարմանը խորհիլ, եւ գլխաւոր պատճառ կուզէք տալ արական սեռին մեր վիճակին վրայ անգութ եւ անհոգ ըլլալը. ուստի եւ զգացմանդ կարեկից գտնուելով՝ կուզեմ այս մասին սոյն կարծիքս հաղորդել ուշիմութեանդ։

Բնական եւ ամեն սրբազան օրէնք կը պահանջեն թէպէտ որ՝ մարդիկ միմեանց օգնութեամբ ապրին, եւ հզօրը միշտ պարտաւոր է տկարին նպաստել։ Այս բնականոն զգացումն կարող չէ մարդ ուրանալ, սակայն կը գործուին պարագային եւ պատճառին համեմատ։

Եթէ կամաւ խելագար մը ուզէ մահառիթ վտանգի դիմել կամ իւր ճակտիանգին գոհարը ոտնակոխ ընել, կամ սեպհական հարստութեան գաները աւազի մէջ ցրուելով՝ թշուառ եւ գծուծ կեանք ստանալ, թիթէ իրաւունք ունի՞ ուրիշէ կարեկցութիւն եւ գութ պահանջել. կամաւ վտանգի դիմողը կրնա՞յ օգնութեան ձեռք խնդրել. կոյրը միայն առաջնորդի կարօտ է, եւ կարկամեալը նպաստող ձեռքի. այն որ կամաւ իւր կորուստը զրկած է, իրաւունք չունենար ուրիշէ օգնութիւն պահանջելու։

Միթէ զգացում եւ դատում չունի՞ այն անձը, չարը բարին, անձին շահն ու վնասը գիտնալու. միթէ բանականութեան ձիրքէ զուրկ տարբեր մարդկութի՞ւն կը կրէ, եւ մտաւոր կազմութենէ թերի ստեղծուած է. ո՛չ երբէք, այլ «Կորուստ քո ի քէն է ով դու, եւ ո՛չ ոք այնչափ վնասի յայլոց որչափ յիւր անձնէ»։ Թողուք անցեալը որ կոյր օրինաց սովորութիւններ բռնանալով զմեզ թշուառ կացուցած են. բայց ահա ժամանակիս կենսական ոգին խրախուսելի ձայնը կը հնչէ, արշալոյսը կը ծագի, եւ մենք մեր թմրութեան քնի մէջ աչքերնիս չենք բանալ, եւ անտեղի երազներով զբաղեալ՝ զմեզ երջանկութեան մէջ կը կարծենք։ Ինչո՞ւ մեր սեռը չելլէր սթափելով իրական երջանկութիւնը խնդրել, ինչո՞ւ անտարբեր է իւր իրաւունքները ստանալ, զոր կամաւ ուրանալով նկուն վիճակի մէջ կը կենայ։ Ո՞ւր ճակտին ուսման վայելչազարդ պսակը, ո՞ւր բարոյականութեան շքեղ հանդերձը, եւ ո՞ւր է արդար փառասիրութիւնը՝ որոնք մեզնէ շատերուն մտաց մէջ դեռ ծնունդ առած չեն։

Սիրելի ընկերուհի՛դ իմ, այժմ ի՛նչ պատճառ կրնաք գտնել յառաջադիմութենէ զուրկ մնալու, հին փիլիսոփայից դարերուն մէջ չծնանք, չհասանք աղջկանց կարդալը օրինազանցութիւն կամ ոճիր համարուած ժամանակին, չծնանք նաեւ լեզունիս սանձուած, աչքերնիս փականք դրած, բարբարոս եւ բիրտ օրէնքներուն տակ, ւոր կերպով մը ներելի ըլլար մեր տխուր կացութիւնը։ Ահա անցելոյն հետ բաղդատմամբ ներկայ ժամանակս ոսկեղէն դար համարել արժան է մեր սեռին համար, որով նոր կենաց ճաշակ կրնանք վայելել։

Սոյն ներկայի մէջ արական սեռը կզգայ իւր անդամակցինվիշտը եւ անոր բարոյական կենդանութեան կարեւորութիւնը քաջ ճանչնալով ոչ սակաւ դեղ եւ դարման նուիրել կը ճգնի. որոց աջակից է նաեւ ժամանակիս յարմար պարագայն, զի ուրախ սրտիւ կը տեսնենք օրիորդաց վարժարանները եւ ըստ բաւականին յառաջադիմութեան ջանքերը, պակաս չեն ազգասէր լրագրաց խրախոյսներ, եւ ժամանակիս օրինաւոր ազատութեան հրաւէրը, որ խիստ նպաստաւոր միջոցներ տուտան մեր վիճակը բարւոքելու։

Սակայն չենք կրնար ըսել թէ մեր սեռը բոլորովին անլուր է ազատութեան ձայնին բաց առնելով մասնաւորները), շատերը լսեցին զայն եւ գրկեցին ազատութիւնը. եւ ինչպէ՞ս, երբ խելահեղ եւ մոլեգին աւելի իւր վնասուն դիմելով չէ թէ շահուն. այսինքն բարոյականութեան եւ խոհականութեան սանձը խզելու առիթ սեպելով փոխանակ իւր օրինաւոր պաշտօնը կատարելու՝ իբր պակասամիտ խաղալիք ընելով զայն բարեպատեհ միջոցը անարգութիւն ստացաւ։

Թող ներուի մեզ ըսել թէ՝ ունինք ազատասէրներ՝ որ շատ անպատեհութիւնք իբր ազատամտութիւն կը գործեն, ունինք անխորհուրդ բանագէտներ, իմաստնաձեւ իմաստակներ, թեթեւամիտ աշխոյժներ, սեթեւեթ զարդերով անվայել հտպտանքներով պարծող սնապարծներ, քսակնին Եւրոպացւոց գանձին տուժող կամաւ խելագարներ եւայլն եւայլն, որոց ձեռք կը յաղթահարի ցանկալի ազատութիւնը զոր անպատեհ ընթացից միջոց առած կը գործեն. ազատութեան զայն անգին գանձը՝ որ արժանաւոր ձեռքերով վեհ պաշտօններ կը կատարէ, եւ անարժան անձանց մոլութեան առիթ է։

Ունինք շատեր՝ որ տակաւին անզգայ են ժամանակիս աւետաւոր հնչման, եւ շատեր՝ որ ազատամտութիւնը եւ լուսաւորութիւնը թովչական ձայն կարծելով ականջնին կը գոցեն, իրենց կամակոր օրինաց գայթակղութիւն սպելով, կենսական բաղձանքներէ զուրկ, իրենց աղետալի վիճակացը անտարբեր, թշուառութեանց գոհ, կամաւոր գերի եղած տգիտութեամբ, եւ մեքենաբար կապրին։

Եւ ահա մեր վիճակը թշուառացնող մենք ինքնին եղած ենք ուրիշ շատ կերպ անպատեհ միջոցներով՝ որոնք ուրիշ յօդուածով յիշել կը պարտիմք։

Ուստի, վշտակից Բարեկամս, ժամանակիս պարագաները յաջող նպաստներ կը նուիրեն մեզ՝ եւ ալ գերի չենք բռնաւոր իշխանութեանց տակ, կաշկանդեալ չեն մեր կենսական զօրութիւնները, պէտք չէ մեզ կոյր կացութեամբ դեգերիլ. բաց են յառաջադիմութեան ասպարէզներ, մենք տակաւին յետադէմ կացութեան մէջ կը հեծենք, քանի որ մեր ջանքերը չգործածենք մեր բնական ձիրքերը ուրանալով մարդկութեան յոռի մասն կը կոչուինք, եւ արական սեռին իբր բեռ մը համարուելով, անարգանաց արժանի ենք։

Ահա պատճառները՝ որ արական եւ իգական սեռին մէջ մեծ խտրութիւն կը կազմեն, ընդ որ յոյժ կը վշտակցի ազատասէր ոգիդ, որոց համակարծիք։

Բարեկամուհիդ

-------------

Ճշմարտախնդիր բարեկամուհիս

Մեր սեռին արգահատական վիճակին նկատմամբ կրած տրտմութեանս դարման հանդիսացաւ՝ երբ ձեր խորհրդածութիւնը գրաւոր միջոցաւ ընդունելու պատիւ ունեցայ։ Ա՜հ նա իմ տխուր ձայնիս արձագանք՝ երբ կը տեսնեմ որ բաղդակցուհի Բարեկամս մեր ցաւալի կացութեան վրայ կարեկցութիւն զգալով սրտագին կը բողոքէ շատերու անտարբեր կացութեան վրայ՝ որ ժամանակիս շնորհաց արտօնութիւնը չարաչար գործածելով մեր դժբաղդ կեանքը շրաունակել կուզեն, այսինքն շնչաւոր մեռելութեան մէջ ապրիլ։

Արդ՝ իրաւացի կը գտնեմ խորհրդածութիւններդ՝ զի մարդ իւր արաւանց տէր ըլլալ պէտք է, եւ քանի որ իւր իրաւունքը չպահպանէր՝ ուրիշէ պահանջելու իրաւունք չունի. բայց Սիրելիդ իմ, տակաւին մեր սեռը իւր կատարեալ իրաւունքը չկրնար պահպանել՝ քանի որ բոլորովին օրինաւոր ազատութիւն գտած չէ. զի մէկ կողմը դեռ տգիտութեան սեւադէմ իշխանը եւ մէկ կողմէ բռնութեան սանձ կը կրէ։ Թող ներուի մեզ ըսել թէ՝ արականսեռը գրեթէ կէս մասամբ տգիտութեան մէջ ըլլալով՝ չյարգեր զայն ազատութիւնը՝ որ զինքը մարդկութեան սահմանը կառաջնորդէ, որով իգական սեռը նուաճելով չզօրէր իւր սուրբ իրաւունքը վայելել, քանի որ գերութեան վանդակին բանալին նոյն տեսակ անձերու կծկեալ ափին մէջ է, եւ ազատասէր կինը այն լուծին հպատակելու ստիպեալ է։

Կանայք անազատ եւ տգեղ պահելու գաղափարը շատ հին ըլլալով բոլորովին ուղղուիլը դժուար է, «Զի հնացեալ ախտաւորութիւն դժուարաւ բժշկի» մեր սեռը իբրեւ տարբեր էակ մը նկատուիլը հին եւ արմատական է. բարբարոս ազգերու հնարած, այսինքն Հնդկային, Հրէական եւ հեթանոսական, որոց ապացոյցները աւելորդ է կրկնել, այսինքն ոչ իբրեւ իմացական էակ կատարեալ մարդկութիւն կրող՝ այլ իբրեւ արական սեռին սին ստուերը, եւ անոր կամակատար գերին. ասոր համար էր մեռած այրին հետ ողջ կինը թաղել, կանանց համար աղօթարան հաստատուած չէր, անոնց համար երկինք չկար. անոր համար կիները արանց հետ հաց ուտել, եւ ընկերական կեանք անցունելէ զրկուած էին, եւլն. եւլն։

Եւ ահա այս սոսկալի նախապաշարմանց թափթփուքը դեռ կը տիրէ։ Երթանք Ասիոյ եւ Թրակիոյ նաեւ Հայաբնակ քաղաքներ՝ որ վշտալի Հայուհիք տակաւին բարբարոսական ատելի օրէնքներուն տակ կը հեծեն. եւ ինչո՞ւ հեռուն երթանք, քանի որ լուսաւորեալ կոչուած մայրաքաղաքիս մէջ ապացոյցներ շատ ունինք։ Վասն զիարական սեռին շատերը խիստ հաստատ կերպով համոզուած են թէ՝ կանայք բռնութեան տակ պահելը անհրաժեշտ օրէնք է, եւ թիւր ըմբռմամբ կը կարծեն որ՝ եթէ անոնց ազատութիւն տրուի, իրենց սուրբ իշխանութեան սանձը ձեռքէ կելլէ. ըստ որում խիստ օրինօք կուզեն զանոնք բռնութեան տակ պահել, եւ գերիաբար գործածել. իրենց կոյր տգիտութիւնը չներէր գիտնալ թէ՝ եթէ զանոնք օրինաւոր ազատութեամբ դաստիարակած ըլլան, աւելի անոնցմէ յարգանք եւ պատիւ կրնան ստանալ. անոնք փոխանակ ակամայ կոյր ծառայութիւն ընելու՝ անձնանուիրական սիրով պիտի ծառայեն, զի առաւել մտօք ամուսնական սուրբ իրաւունքը պիտի ճանչնան եւ այրերը չէ թէ իրենց բռնաւոր իշխան, այլ իբր ընտանեաց տէր, գերդաստանաց խնամակալ, անձին շուք եւ փառք ըլլալը ճանչնալու կարողութիւն ունենալով՝ իրենց այրերուն փոխանակ ակամայ հնազանդելու, պիտի պաշտեն զանոնք։ Եւ ահա զայս կարողութիւնը ունեցող այրեր շատ քիչ ունինք դժբաղդաբար, որով մեր սեռը տակաւին դանդաղ կերթայ յառաջադիմութեան մէջ։ Ո՜հ, ողբալ արժան է այնպիսեաց վրայ երբ կը լսենք շատերէն որ կանանց դաստիարակութիւնը կատեն, նոյն կարծիքը շուտ տարափոխիկ կըլլայ համակարծիք մտքերու մէջ, Աղօթագիրք միայն կարդալը բաւական է ըսելով՝ զանոնք երջանիկ կեանքէ կը զրկեն։ Մեր սեռը ցաւակցութեան արժանի է քան թէ մեղադրանաց. անմշակ երկրէն ի՞նչ բարիք կը յուսացուի, քանի որ անոր կարեւորութիւնը զգացող եւ խնամող ջանքեր կը պակսին, եւ մեք յանիրաւի տգէտ եւ ստորին անուն կամ անարգանք ժառանգած ենք, եւ իբրեւ տարբեր մարդ ձայն չունինք ընկերականութեան իրաւանց մէջ։

Շատ անգամ տեսած ենք որ կին մը իր այրէն աւելի խոհական, աւելի նախատես եւ աւելի տնտեսագէտ է, բայց ստիպեալ է կամաւ կուրօրէն հնազանդիլ իւր մոլի այրին. զի պէտք է ըստ կոյր օրինաց լեզուահատ թռչուն ըլլայ, եւ այրը թէպէտ ագռաւ՝ պէտք է ինքը կոչէ եւ խրոխտաբար իշխէ։

Ուստի իմ կարծիքս այս է, սիրելի Քոյր իմ, զի պէտք է մեր մէջ գաղափարներ ծաղկին, որոց պաշտօնեայ ըլլալ պարտին տաղանդաւոր անձինք, օրինաւոր միջոցներով շարժեն թմրեալ միտքեր, խոհեմութեամբ իրենց ազատութիւը պահեն, դաստիարակութեան հրաւէր կարդան, Ընթերցարան եւ Խորհրդարաններ կազմելով սրտի եւ մտքի հետ խօսող ուսմունքներ սորվին, որով կարող ըլլանք յառաջադիմութեան քայլեր շարժել եւ մարդկութեան անուն ժառանգել։

Որոյ նման անձկաւէտ Հայուհիս

------------

Աղետակից մտերմուհիդ իմ,

Աղետից ենթակայ եղող սրտի մը ախորժելի չեն զուարճանաց ձայներ, քաղցր դաշնակներ, այլ համակիր սրտերու կարեկցութիւնը միայն սփոփանք եւ մխիթար են։ Որով սիրտ առած իւր լռիկ ցաւերու յիշատակը նոյն վշտակցին յայտնել միայն կը փութայ, ըստ այնմ ոչ տարբեր մխիթար կընծայուին մտերմուհւոյդ նամակները՝ որ տխուր սրտիս արձագանքն է, եւ թելադրէ զիս աղեացս տխուր շարերով դարձուածել իրեն։

Ազնիւ բարեկամս, չենք կրնար ուրանալ թէ ի վաղուց մեր սեռին բարոյական իրաւունքը բարբարոսական օրէնքներու զոհ եղած է. յայտնի է որ մարդկանց հզօր կոչուած մասը փափուկ սեռին յատկութիւնները չճանչնալով իբր անզօր տկար եւ անպիտան համարած եւ ապօրինաւոր իշխողութեամբ զայն նկուն ըրած եւ ստորնացուցած է։

Մենք չենք ուզեր ըսել որ՝ կանանց սեռը յար եւ նման արանց բոլոր կարողութիւնը ունի, սակայն բնութիւնը ամեն էակաց մէջ որոշ յատկութիւններ սահմանած է, որ մէկզմէկէ տարբերութիւններ կը կազմեն. կանանց սեռն ալ իւր որոշ յատկութիւնն ունի, որ շատերէն չճանցուելով եւ ըստ բնութեան չհրահանգելով անզօր մնացած է. շատերը թիւր տրամաբանութեամբ անտեղի փաստեր կը գտնեն կիները պարսաւելու, զորօրինակ անոնք զինավարժութեան եւ մրցման յարմարութիւն չունին, ինչպէս արք միայն, ուրեմն կիները մարդ չեն. այս թիւր հետեւութիւն է, զի կան այրեր ալ որ երբէք նոյն պաշտօնին կարող չեն, ուրեմն ... ։ Ուստի ասոնք մէկ կողմ թողելով մեր կարեւոր կէտին դառնանք, ահա մեր սեռը տգիտութեան մէջ թմրած ըլլալով չզգար իր վիշտերը, քանի որ չսթափի դարմանը խնդրել, անտարակոյս է որ անարգ նկուն ըլլալով՝ ուրիշները անոր բռնաբար կիշխեն։ Բնութիւնը չէ տուած իրեն հզօր եւ յաղթող բազուկ, բայց շնորհած է ազատ լեզու, ազատ խորհուրդ եւ ազատ կամք, որով կրնայ յիմարական ախտերը բուժել, յաղթահարութիւնք ամոքել, իր բռնութեան լուծը քաղցրացնել, եւ խոհեմութեամբ իր յաղթանակն ստանալ։

Թողլով անցեալը «Պարտ է վարուիլ ըստ ժամանակին» կոյրին համար մեռած է Տիեզերաց վայելչութիւնք, եւ խուլին համար ալ ամեն ախորժելի ձայն. ըստ որում ներելի էր գրեթէ մեր սեռին նախնի վիճակը՝ զի պատճառները խստիւ արգիլած էին զայն վայելից տեսող ըլլելու. բայց ահա ներկային լոյսը նոյն ատելի խաւարը կիսով չափ կը մերժէ, ինչպէս ամպամած երկինք երբ պարզութեան նշան ցոյց կուտայ, թուխ ամպերը կը նրբանան, ուրեք ուրեք արեւու նշոյլներ կարձակեն եւ աչաց տեսութիւնք իրեն կը ձգէ։ Ասանկ ալ այժմ կոշտ գաղափարաց բռնի խաւարը կը մերժի, եւ ազատութեան լոյս կը ծագի. լուսաւորեալ ազգաց օրինակը տարածուելով շարժառիթ կըլլայ շատերու, զի հնասէր Հրէայն, բարբարոս այլազգիք անգամ իրենց հին սովորութեանց արատները նշմարելով՝ ըստ կարի վաղեմի դրութենէն կը փոխին. այն շնորհիւ է որ՝ ներկայ քաղաքականութիւնն մեծ շարժմամբ հինէն կը տարբերի, եւ մեր սեռն ալ իւր պարգեւէն անմասն ձգած չէ։ Նոյն շնորհիւ է որ՝ Արական եւ Իգական սեռի տարբեր եւ բարոյական խտրութիւնը կը վերանայ, եւ կը ճանչցուի թէ բարոյական պատասխանատուութիւն ունեցող էակ՝ չէ թէ արական սեռին սին ստուէրն է, եւ այն շնորհքէն զուրկ ժողովրդոց մէջ է որ տակաւին նոյն սոսկալի բարբարոսութիւնք կը տիրեն։ Ասով է որ այժմ նոր փիլիսոփայութիւնը օրինաւոր արտօնութիւն կուտայ մեզ ազատ լեզու եւ ձայն ունենալ, եւ անով է որ նախապաշարմանց թափթփուքին հասանք՝ չէ թէ ամբողջութեան, որով մեր սեռը կրնայ ազատ շունջ առնելով իւր շահերը վայելել, եթէ սրտով ջանայ եւ աշխատի։

Ահա իմ դիտումս ալ այս է թէ՝ բաւական է որ մեր սեռը զինքը կրթելու զգացմունք ունենայ, որչափ արական սեռըկզգայ իւր դաստիարակութեան վրայ, զի անձին պաշտպանութիւնը նախ իրեն կը վերաբերի՝ յետոյ ընկերին, եւ ամէն ջանք իր սեպհականութիւնը հայթայթելու մասին զօրաւոր է՝ քան թէ ուրիշի մը։ Թող կարդայ, գրէ եւ լուսաւորի. լարախաղին, խեղկատակին նման Եւրոպացւոց շուքին հետեւելուն տեղ՝ թող անոր ճիշդ օրինակին հետեւի. ինչո՞ւ տակաւին կամակոր օրինաց կը հպատակի, ինչո՞ւ անստոյգ իրերու տղայաբար կը հետեւի, ինչո՞ւ դանդաղութեան մէջ լքեալ ուրիշէ ապաստան կը խնդրէ, ինչո՞ւ վայրապար գործերու ծառայութիւնը ազատականէն նախապատիւ կը դասէ, որով այրեր իրաւունք ունին ազատութիւն տալու զգուշանալէ, քանի որ շատերը չարաչար կը գործածեն զայն, որոց փորձերը յայտնի է եւ բացատրելը աւելորդ. Անժխտելի օրէնք է թէ՝ ամեն անհատ իւր իրաւունքը եւ պարտքը պէտք է ճանչնայ, եւ օրինօք գործադրեալ ջանայ, մէկը որ ապօրինաւոր կիշխէ՝ միւսը պարտաւոր չէ կուրօրէն հպատակիլ, եւ բարոյականութեան զէնքով պէտք է իւր բռնութեան սանձը խզէ յաղթահար ձեռքերէ, երկուքը միատեղ խորխորատ չինկնալու համար. թո՛ղ միանայ ընկերասիրութեան ոգւով, զտի դաստիարակութեան բովին մէջ, աջակցի խրախուսանօք եւ յառաջադիմութեան սահմանին մէջ շարժի եւ ազատ քայլեր առնէ։

Ուստի, ընկերասէր Բարեկամուհիս, այս խօսքերով չեմ ուզեր յուսահատ եղերերգու ըլլալ սիրելի Քերցս՝ բարոյականութեան մէջ իբրեւ մեռեալ նկատելով զայն, այլ իբր տկար ախտաւոր տակաւին կենաց ենթակայ՝ որոց կենդանութեան ջերմ իղձը կրելովս՝ կուզեմ սթափելու ոյժը ազդել իրեն. հառաչանքներս նուաղիչ չեն սրտիս՝ այլ կազդուրիչ եւ յուսաբեր մրմունչներս չեմ ուղղեր զգայազիրկ սիրտերու, այլ կենդանի եւ զգայուն. կզգամ յոյժ վշտակրելովս, քան թէ լռութեամբս։ Զի գիտեմ թէ՝ կզգայ այն, եւ բաւական է. զի զգալի ցաւը ընդարմացեալ ցաւէն աւելի առողջութեան ենթակայ է. բաւական է որ օրէ օր անշնչութեան միտում չունենայ, բաւական է որ շարժի եւ իր դարմանը խնդրէ։

Մխիթարուինք, տենչալի Բարեկամուհիս, զի ուր ուրեմն ներկային շնորհիւ մեր սեռը պիտի արթննայ եւ գեղեցիկ միջոցներ պիտի խնդրէ երջանիկ կեանք մը ստանալու՝ որոց ըղձանայ ուշիմութիւնդ,

Ընդ նմին Ձերդ

Բարեկամուհի

--------------

Սիրելի Քոյր իմ.

Յոյժ կը յարգեմ կարծիքդ, որ մեր սեռին տխուր վիճակին վրայ իբր անյոյս եղերերգու չէք ուզեր ըլլալ, այլ խրախուսական ձայն հնչելով, զանոնք կենդանական շարժման կոչելու յոյսը կզգաք, եւ բարոյական կենաց դարմանը կը խնդրէք. ըստ որում եւ ես իբր անդամակից նոյն մարմնոյն կուզեմ զգացած ցաւերս յայտնել, եւ ապագայ յուսով կը բաղձամ մեր փրկութեան միջոցը խորհիլ։

Ահա ցաւօք սրտի կրնամ ըսել որ՝ մեր սեռին մեծագոյն մասը տակաւին մահառիթ քնոյ մէջ՝ ուղիղ կենաց ճաշակը չեն զգար, աչքերնին տգիտութեան մշուշով պատած չեն ուզեր ցանկալի լոյս տեսնել, ազատութեան երջանիկ ձայնը չեն լսեր, կամ չարաչար կը գործածեն զայն։ Ուստի ըսածներուս ապացոյց կուզեմ տալ հետեւեալ պատմութեամբս, որոյ ներկայ էի խնճոյքի մը մէջ գտնուելովս։

Տարեդարձի մը պատճառաւ հիւրընկալութիւն մը տեղի ունեցած էր ազնիւ ընտանեաց տան մը մէջ, ուր օրինաւոր յարգանք եւ զբօսանք հանդիսականաց ընծայուելէն ետեւ՝ բազմութիւնը մասնաւորած էին այլ եւ այլ սենեակներու ըստ հաճոյից զբօսնելու համար։ Տեղ մը խումբ եղած էին բաւական թուով տիկնայք եւ օրիորդք, եւ խօսակցութեան կը պարապէին այն նիւթերու վրայ՝ որք տխուր գաղափար մը ազդեցին ինձ մեր սեռին համար՝ զոր մեծագոյն մասին վրայ կրնար նկատուիլ։

Տեղ մը ծերուհեաց խումբը իրենց երիտասարդութեան եւ նախնի ժամանակաց վրայ կը ճառէին՝ ներկայ դէպքերու հետ բաղդատութիւններ ընելով, ծնողաց խստութիւնք եւ բռնի իշխանութիւնները, իրենց ամենահլու հնազանդութիւնը եւ այժմեան տղայոց եւ երիտասարդաց ապստամբութեան կամ օրինաւոր ազատասիրութեան հետ շփոթելով եւայլն։ Մէկ կողմը օրիորդաց բաւական բազմութիւն մը նրբագոյն զգեստներով թիթեռներու նման կոստոստէին, եւ ուրիշ հանդիսական տիկնանց բաւական բազմութիւն կային հոն։ Երիտասարդուհի մը ներս մտաւ ձեռքը պատկերազարդ տետրակ մը բռնած, «Այս ամսուան (մօտէլը) առի՞ք» ըսաւ։ «Ոչ», ըսին շատերը։ «Ահաւասիկ», ըսաւ, ձեռքի տետրակը ցոյց տալով, եւ բոլոր երիտասարդուհեաց խումբը վրայ դարձան ջերմ համակրութեամբ հիւթաւոր ծաղկանց վրայ հաւաքուող մեղուներու պէս, ո՛չ թէ կենսական մեղր նիւթելու… եւ սկսան խորին զննութիւններ ընել։ Մէկը երկար դիտողութենէն վերջը, գրեթէ տխրելով, «Այս անգամ գլխարկի նոր (մօտա) չկայ, որ անհամբեր կսպասէի. իմս շատ չներ առի՝ բայց կարծեմ հին (մօտան) է եղեր, գոյնն ալ դէմքիս շատ չինկաւ, կուզէի շուտ փոխել, բայց բաղդէս նոր բան մ’ալ չկայ, ետ խաւրեցի չառաւ, եւ շատ վարանման մէջ եմ» ըսաւ հառաչ մը զսպելով։ Միւսը կրկնեց «Հագուստի շատ աղւոր ձեւեր կան, բայց ճիշդ (մօտէլին) յարմարցնող (մօտիսթրա) չգտայ»։ «Մերը շատ աղւոր կը ձեւէ, ըսաւ միւսը, բայց գէշը այն է որ շուտ չհասցնէր, անցեալները (ֆիստան) մը տուի, մինչեւ որ բերաւ, նոր մօտան ելլելով չկրցայ հագնիլ այն»։ «Յիրաւի, ըսաւ միւս մ’ալ, այս մասերուն շատ կը նեղուինք, մեր հոգերը օր օրի խիստ կը ծանրանան, մեր ծախքերը անյարգի կըլլան, եւ սրտերնուս հաճոյից համեմատ հանդերձ չենք կրնար հագնիլ. սիրելիք, ըսաւ, անցեալ օր մէկը տեսայ որ զմայլելու կերպով հագուստը վայլած էր, այնպէս ձեւ մը ունէր՝ որ անկարելի բան է մեր հագնիլը. մոխրագոյն մետաքսեայ (ֆիստան) մը ծանր տանգելներով, այն աստիճանի ձեւաւոր՝ որ շատ գերազանց էր, մէջքին ամենախիստ բարակութիւնը եւ բոլոր ձեւին համեմատութիւնը զմայլելու բան էր. ծանր վալանսի թիկնոց մը ուսերուն վրայ առած՝ որ մէջքին նրբութիւնը եւ բոլոր գողտրիկ ձեւերը առանց արգիլելու շքաւոր կերպով ցոյց կուտար, գլխարկը տեսնելու կարօտ բան էր. կարծես թէ կը թռէր ծաղկանց թարմութեան հետ ժապաւէններու փայլուն գոյնը՝ եւ օդածածան փետուրը՝ հրաշատես պատէզի մը կը նմանէր. այս տեսնելով բոլոր զգեստներս աչքէս ելան, եւ համոզուեցայ որ մենք անոնց քով շատ ստորին եւ կոշտ կերեւանք, եւ այն կինը երեւելի բանքէռի մը կին է եղեր»։

Այս նիւթին վրայ խօսակցութիւնները բաւական երկարեցաւ։ Ուստի եւ ես մտախոհ եղայ, որ մեր տիկնայք զարդարանքի ջերմ հակումէն չէ թէ հաճոյք կզգան, այլ քսակամաշութեան հետ ալ խիստ սրտմաշուք եւ անձկութիւն, որ իբր համաճարակ ախտ մը տարածուելով ընդհանրութեան մէջ թէ անձնական թէ բարոյական մեծ վնասներ կը պատճառէ։ Ներեցէ՛ք Տիկիններ, ըսի, սոյն ընտանեկան խօսակցութեանց մասնակցիլ եւ ինձ, ընտանեկան կըսեմ, որպէս զի ներելի ըլլայ ինձ նաեւ խնդրելով որ պահ մը նկատողութեան առնուի եթէ կը հաճիք։ Շատ անգամ բողոքներ եւ գանգատներ լսուած է մեզնէ որ արանց սեռին քով կատարեալ համարումն եւ յարգանք գտած չենք, ազատ ձայն եւ իրաւունք չունինք խօսելու եւ գործելու, այլ անոնք զմեզ տկար եւ անզօր դատելով մեր ազատութիւնները կը զլանան, եւ զմեզ իբր պակասամիտ նկատելով տղայաբար միայն կը խնամեն, առանց կատարեալ մարդկութեան պատիւ ընծայելու. ասոնք շատ ճիշտ են, սակայն մենք պատճառներ տուած ենք եւ կուտանք անուրանալի կերպով, մեր բանաւոր խորհուրդները եւ բաղձանքները, առանց իրաւացի, կամ օրինաւոր կերպով գործածելու՝ պարապ իրերու վրայ կշեղեցնենք, ամեն իրաւանց յոռի ծայրը ընտրած ենք, որով մեր կեանքը առանց հաճոյից ծանրացուցած ենք։ Քաղաքական կենօք կապրինք, այնպիսի կերպով ուրկէ ծանր բեռն կզգանք առանց չափաւորին հեշտութիւն, եւ պարզ կենաց անմեղութիւնը ե ազատութիւնը վայելելու։ Մենք եթէ արանց խոհականութեան եւ կատարելութեան նմանիլ կուզենք, պէտք է խոհեմութիւն ընտրենք ամեն գործի մէջ. սիրելի Տիկնա՛յք, նախ խորհելու ենք թէ, ի՞նչ կը նշանակեն մեր գոյնզգոյն զգեստները, սեթեւեթ զարդարանքը եւ բոլոր շիկագոյն եւ փալփլուն երեւոյթները որոնք զմեզ հտպիտ մը խաղալիք, կամ տղայ մը կընծայեցնեն, եւ որոնք տղայական գաղափար կամ համոզումն կը յայտնեն։

Խորհինք անգամ մը թէ՝ որքա՞ն խոհական խելքերու դէմ է մեր անպատեհ զարդարուիլը, ի՞նչ նշանակութիւն, կամ կարեւորութիւն ունին արանց քով, ոչ այլ ինչ, բայց միայն խորհրդոց պակասութիւն. մինչեւ ցարդ կատարեալ այր մը տեսնուած չէ որ կին մը արտաքին շինծու երեւութէն հաւնած կամ ընտրած ըլլայ, եթէ եղած է, իմաստակներու գործ է՝ եւ հետեւութիւնը բարի եղած չէ։ Այլ մենք լոկ զմեզ կը խաբենք, եւ պարապ սրտմաշուքներ կը կրենք, մեր անգին կեանքը եւ ժամանակը պարապ կանցնի…։ Եթէ մենք կը բաղձանք արանց հաւասարութիւն ունենալ շատ մասերու մէջ՝ իրաւացի է, նախ պէտք է վեհանձնաբար մեր կերպարանքը նմանեցնել, փոխանակ առասպելեալ թռչունին նման գոյնզգոյն փետուրներով մեր գլուխը զարդարելու, կանանց վայելուչ ձեւով արանց ձեւէն դոյզն տարբեր փեղոյր մը մթագոյն ժապաւէնով մը կամ փոքր փետուրով ձեւաւորած, առանց գարունը ծաղկանց բազմութեամբ վրան բարդելու, եւ փոխանակ Մարգարէին ուխտաւոր բեռնաբարձ ուղտերու նման հարիւրաւոր կանգուն շերտերով եւ հազարաւոր ծոպերով ծանրացած շէկ կերպասները կրելու, պարզ եւ մթագոյն շրջազգեստ մը ամեն աստիճանի արժէքով՝ ըստ տեղւոյն հագնելու համար, որոնք նոյն պարզութեան մէջ աւելի ազնիւ վայելուչ եւ վեհանձնական կերեւին. եւ այն ատեն օրինաւոր հաւասարութիւն պէտք է տիրէ արանց եւ կանանց մէջ։ Եւ վստահ եմ որ այն ատեն արք ալ մեր խոհականութեան նշանը տեսնելով զմեզ պակասաւոր նկատելու կարծիքը պիտի փոխեն, եւ կատարեալ մարդկութեան պատիւ եւ յարգ պիտի շնորհեն»։ «Ծափահարութիւն» ըսին մէկ քանին, ոմանք հեգնութիւն ձեւացուցին, ոմանք լուռ մտախոհութիւն ցոյց տալով ըսին, «Յիրաւի շատերս կը փափաքինք պարզասիրութեան, բայց ընդհանրութիւնը պետք է հաճի, ապա թէ ոչ՝ բացառութիւն չենք ուզեր ըլլալ»։ «Այսպիսի ծիւրական ախտէ մը բուժելու համար, ըսի, (որ ընդհանրութեան, մանաւանդ խոհական մասը ակամայ հետեւելով միշտ կը վշտակցի եւ կը բողոքէ) պատճառ եւ առաջնորդ ըլլալը չէ բացառութիւն, այլ մեծանձնութիւն է, եւ իբր դիւցազնուհիք սարտենեայ պսակներու արժան կյուսանք եւ կմաղթենք։ Ներեցէ՛ք տիկնայք, եթէ կարծեաց դէմ խօսեցայ, գիտէք որ ինչպէս ամեն մարդ ազատ է իւր կարծիքը յայտնել, նոյնպէս ալ ազատ է լսել»։

Ուստի այս նիւթին վրայ քիչ մը հակասական կարծեաց ցոյցեր յայտնուելէն վերջը երիտասարդ մը ներս մտաւ, եւ տիկնանց քաղաքավարական յարգանքը նուիրելէն վերջը ըսաւ, «Ներեցէք, ազնիւ Տիկնայք, ձեր խօսակցութիւնը արգիլեցինք, կերեւեր որ շահաւոր նիւթի վրայ էր՝ եթէ այնպէս է մեզ ալ հաճելի է լսել»։ «Բայց մեզի համար միայն» ըսաւ մէկը գմծիծաղով մը։ «Կերեւի թէ մօտայի վրայ է» ըսաւ երիտասարդը։ «Այո, յարեց ուրիշ մը, մեր գործերը ի՞նչ կրնան ըլլալ, եթէ ո՛չ մեր պիտոյքը հոգալ եւ կատարել»։ Ուրիշ մ’ալ յուզեալ կերպով մը պատասխանեց, որ մինչեւ այն ատեն խօսքի մասնակցած չէր, «Ազնիւ Պարօ՛ն, հարցուցէք թէ ընտանեկան պիտոյից որ մասն է ձեր ընտրածը, նիւթականը թէ բարոյականը»։ «Անշուշտ երկուքն ալ, յարեց երիտասարդը, չենք յուսար որ այժմեան ազատամիտ եւ կրթեալ ազնուուհիք բարոյականի մասին անտարբեր գտնուին, ընտանեկան գլխաւոր պարտքը ճանչնալով. ընտանեկան կըսեմ բոլոր ազգը ընտանիք մը նկատելով եւ յուսալով որ ազգասիրական գործեր ալ կրնան կատարել, եւ կերեւի որ այս կարեւոր կէտին վրայ զբաղած էին ներկայ Ազնուուհիք, եթէ այնպէս է շարունակութիւն կը խնդրեմ»։

«Այո՛, շատ կարեւոր իրաց վրայ, ըսաւ երիտասարդին հետ խօսողը, հեգնական ժպիտով մը, նորաձեւութեան եւ պարզութեան ջերմ փափաքը կարեւոր մասը կը զլանայ մեզնէ, որ մեր իրական բարիքներէն զուրկ՝ կորստականին միայն կը ծառայենք (հեռի մեզնէ) նոյն մոլի եռանդը այն աստիճան գրաւած է մեր երիտասարդուհեաց ոգին՝ որ ազատասիրութեան յոռի ծայրը շեղելով՝ ամեն անպատեհութիւնք իբր լուսաւորութիւն կը գործեն, շիտակը ըսելով մեր կիները խեղկատակ կապիկներ դարձան, խոհեմութիւն վեհանձնութիւն չկայ շատերուն վրայ, այլ ծաղու արժանեն. գոցենք այս խօսքերը», ըսաւ եւ երկար շունչ մ’առնելով լռեց։

Երիտասարդը պատասխանեց, «Տիկին, ամեն բան նախ իւր թերութիւնը կունենայ, ժամանակն ալ այնպէս է, բայց բաղձալին այն է՝ որ ճշմարտութիւնը մեծագոյն մասամբ ճանչցուի, եւ ուղղուի տակաւ. ինչպէս ներկայիս մէջ ձեր մեծագոյն մասը օրինաւոր ազատասիրութեան իղձ զգալով՝ կուզեն լուսաւորութիւն տարածել դաստիարակութեան միջոցաւ, որ ապագային յոյսը կապահովէ»։ Խօսքին վախճանը չառած անդիէն դեռահաս կին մը ջերմ հակումով մը խօսքի նետուեցաւ, եւ կերեւէր որ երիտասարդին հետ խօսող երիցագոյն տիկնոջ հարսն էր։

Այս նորատի կինը խիստ բաց գունով շրջազգեստ մը հագած էր հարիւրաւոր կանգուն շերտերով եւ ժապաւէններով բարդուած, ուսերը բազկաց կիսով չափ բաց էին ամենանուրբ շղարշէ մը զատ. գլուխը մեծ ճգամբ զարդարուած, ուր աշտարակաձեւ մազերուն խռովութեան հետ ճակատին գանգրաձեւ հոպոպիքը առատօրէն շրջապատելով՝ փոքրիկ դէմքը անհեդետ գլխոյն հետ հակապատկեր էին, եւ բոլոր անհաճոյ հտպտանաց խուռն առատութիւնը անձին վրայ կերեւեր. պարզ եւ վայելուչ ազնուակերպութիւնը կարգիլէր, նաեւ իւր անպատեհ պչրանաց հետ, շարժումներն ալ աւելի թեթեւսօլիկութիւն կը յայտնէին քան թէ աշխուժութիւն։ Ուստի խօսքը իւր կեսուրին ուղղելով ըսաւ, «Տիկի՛ն, ձեր կարծիքը կուզէք պաշտպանել ըսելով որ՝ այսինքն ազատութիւնը կանանց մոլութեան կամ պակասութեան առիթ կուտայ, այն ազատութիւնը, այն իրաւունքը կըսեմ, որ նախնի ժամանակը բռնաբար մեզնէ արգիլած էր. այժմ ըստ մասին մեր ստացած ազատութիւնը ձեր ժամանակին հետ բաղդատելով պակասութիւն կը կարծէք. քանի որ մենք այս ժամանակին մէջ կապրինք, պէտք է անոր համեմատ վարուինք։ Կուզէք որ մեր նախորդ վայրենիներու պէս լուռ կենանք, աշխարհիս վայելչութիւնները մերժենք, հին օրինաց կուրօրէն հնազանդինք, եւ մեր ազատ բաղձանքները հերքելով գերիներու պէս բռնութեան տակ ապրինք. անոնք անցան, հիմա անանկ կոշտութիւնները ստակ չընէր ժամանակին եւ բնութեան բարիքները պէտք է վայելենք. հիմայ քաղաքավարութիւն պէտք է, մանաւանդ տիկնանց, ազատ խօսիլ, շարժիլ, գողտրիկ ձեւեր գործածել, ուր որ է զուարճանալ, զարդարուիլ, ասոնք ոչ Աստուած կը սրդողի եւ ոչ քաղաքականութիւնը կարգիլէ. ասոնք չընող կիները՝ ապուշ, յիմար եւ անմիտ են». եւ այս կերպ զրուցուածքներ թութակի պէս կարտասանէր շեշտաւոր ոճերով, եւ շատերը համակրութեան նշաններ ցոյց կուտային ծերոց խումբէն զատ։

«Ահաւասիկ կանանց լուսաւորութեան հետեւութիւնը ըսաւ անոնցմէ մէկը, յուզեազ ձայնով մը. երանի մեզ որ այս ժամանակէն պիտի քաղենք. ուսմունքը քանի որ շատցաւ, ապստամբութիւն տիրեց, անոր համար ընտանեաց մէջ գժտութիւններ, խռովութիւնք պակաս չեն, մեր քսակներ դպրոցներու համար պարապ տեղ կը մաշին. հիմայ կիմանանք որ եթէ մեր զաւակները ուսմունք սորվին, մեր դէմ պիտի յանդգնին, փոխանակ մեծերը իշխելու, իրենք զաւակաց պիտի հնազանդին, զի անոնք պիտի ըլլան անձնասէր, կամապաշտ, անխոհեմ, մսխող եւայլն եւայլն։ Եթէ այսպէս երթայ, Աստուած ողորմի ամեն... »։

Ուստի այն աւուր խումբին մէջ այսպէս անմիտ խօսակցութիւնք տեղի ունեցան, եւ ես նախ անտարբերութեամբ լսելով կը վշտակցէի իւրովի թէ, տակաւին դաստիարակութեան ոգին մեր շատերուն սրտին մէջ տակաւին կենդանութիւն առած չէ, զի ոմանք անոր լոյսէն շլանալով կը քարշին, ոմանք չարաչար կը գործածեն, ինչպէս դանկագին գոհար մը անբանից ոտքին տակ, որը անոր յատկութիւն չզգալով՝ անոր փայլէն կը սոսկայ կը փախչի, եւ որն ալ՝ զգեստներով խաղալիք կընէ։ Եւ ես հարկ զգացի մէկ քանի խօսքեր ուղղել անոնց ըսելով։

«Ազնիւ Տիկնայք, քանի որ այս աւուր խօսակցութեան նիւթը մեր վիճակին բարւոքման կը վերաբերի, մեզ ալ ներելի է մասնակցիլ մէկ քանի խօսքով։ Մինչեւ հիմայ այս խօսքերէն կերեւի որ իրաւունք պաշտպանել կուզէք. անշուշտ կը բաղձաք որ ընտանեաց մէջ սէր եւ միաբանութիւն տիրէ, ձեր զաւակները պարկեշտ, բարի եւ ծնողաց յարգն ու պատիւը ճանչնան, որով ազնիւ սերունդներ ծաղկին, եւ գեղեցիկ զարդ ըլլան գերդաստաններու։

Միթէ կրնա՞ք յուսալ որ՝ առանց ուսման եւ կրթութեան նոյն յատկութիւնները կրնան ստանալ։ Միթէ կրնա՞յ մէկը հմուտ արուեստագործ ըլլալ, առանց նոյն գործին կանոնաւոր աշխատութիւն տալու եւ վարժուելու։ Ապացոյցի կարօտ չէ որ մարդուս ամեն գործածը մտքին խորհուրդէն յառաջ կուգայ, այսինքն ամեն գործեր մարդկան խորհուրդներուն, եւ գաղափարներուն կերպաւորութիւնն է։ Մէկ խօսքով աշխարհիս մէջ եղած մեծագործութիւններն լուսաւոր մտաց ծնունդներ են, որ մարդկային ընկերութեան յոյժ կարեւոր եղած է, այն է ճշմարտութիւն, իրաւունք, եւ ամեն բարոյականութեան ձիրքեր։ Բայց այն միտքը՝ որ մութ կը տեսնէ, տարակոյս չմնար որ թիւր կը գործէ֊, ուրկէ տգէտներու մասը կը կազմուի, որոնցմով ընկերականութեան եւ ընտանեաց բիւրաւոր չարիք յառաջ կուգան։ Իսկ կատարեալ ազատամիտ, ուսեալ եւ բարեկիրթ անձինք երջանկութեանանգին գոհարներ են երկրի, ինչպէս ակնապարար աստեղք՝ երկինքին, որոնցմէ զուրկ թափուր խաւար է աշխարհ։

Միտքը մարդուս գործերուն առաջնորդ ըլլալով, ուսման կարօտ է, ինչպէս աչք լոյսի։ Այն որ ուղիղ տեսութիւն չունի, բնութեան զուարճալի վայելքներէ զատ՝ անձը վտանգի ենթակայ է։ Ցաւալի գաղափար է որ ուսմունքը չարաչար կիրառութեամբ թիւր մոլորութեան առիթ սեպելով, նոյն վսեմ շնորհքէն զրկել ուզէք ձեր զաւակունքը, ինչո՞վ կրնան բարոյականութիւն ստանալ եւ բնական ձիրքերը ծաղկեցնել. եթէ անոնք յիմարական վիճակի մէջ գտնուին, ինչո՞վ կրնան ընտանեկան սէր, ծնողական յարգանք, եւ ամեն մարդկութիւն ճանչնալ. եւ միթէ դուք կրնա՞ք ծնողական տարժանելի պաշտօններուն արդիւնքը վայելլե։ Եթէ կուզէք աչքերնին գոց պահել որ չարը չտեսնեն, կը յուսա՞ք որ բարիէն զրկելով չարէն ալ հեռի կը մնան։ Օդ, հուր, ջուր կրնան մահացուցիչ ըլլալ մեզ, մինչդէռ մարդիկ սնանելու համար անոնց անհրաժեշտ կարօտ են։ Արեգակին տօթագին զօրութիւնը ապօրինապէս վայելելով եթէ կիզիչ ըլլան մեզ, միթէ կրնա՞նք չար համարել զայն, քանի որ նիւթական աշխարհի սքանչելի վայելքն է. այնպէս ալ գիտութիւնը հրաշալի վայելքն է բարոյական աշխարհին։ Երկու հակառակ բնութիւն իրարու քով աւելի իրենց յատկութիւնը կը յայտնեն, ինչպէս լոյսը խաւարին, ճերմակը սեւին եւ բարին չարին քով։ Ուսին ձեր որդիք թէ մանչ եւ աղջկունք, եթէ լաւ դաստիարակուին եւ մտաց լուսաւորութիւն ստանան եւ չարն ու բարին ուղիղ որոշեն, բարոյականութեան ջինջ ոսկին ընտրելով պակասութեան կամ մոլութեան կեղտ նիւթերը պիտի ատեն, եւ իրենց բարիքը պիտի զտուին դաստիարակութեան ընտիր բովին մէջ, եւ ընդհանրութեան փայլ կրնան տարածել, որ այժմ առանց նոյն զօրաւոր հրահանգաց, ընտիր հիւթեր խառն ի խուռն սփռուած են իբր աւազոց հետ, իսկ անով կորոշուին իմաստունները՝ իմաստակներէ, զգաստ եւ ժիր անձինք՝ թեթեւամիտներէ, խոհականները ապուշներէ, եւ բոլոր օրինաւորութիւն ծայրայեղութենէ եւայլն։

Ուրեմն լաւ համոզուելու ենք որ՝ գիտութիւնը լոյս ըլլալով, մոլորութեան առիթ չկրնան ըլլալ, առանց չարաչար գործածելու։ Ոսկին առաքինի ձեռքերու մէջ Աստուածական պաշտօն կը կատարէ, իսկ չարերուն՝ դիւական։ Լոյսը վառելով կրնայ չար եւ բարի գործուիլ, միթէ յանցանքը լուսոյն է՝ թէ գործողին։

Ահա անուրանալի ճշմարտութիւն է որ՝ ուսմունքը լոյս է չարեաց եւ անիրաւութեան պատճառ չը կրներ ըլլալ, այլ անոր պակասութիւնը։

Ուստի մեր ամեն կարեւոր գործերուն նախապատիւը համարելով՝ ջանալու ենք այս սկզբունքը տպաւորելու մեր յաջորդներուն պարզ եւ զուտ մտքին մէջ ինչպէս սպիտակ քարտէզին վրայ տպուած նկարը։ Եւ իբրեւ գլխաւոր զուարճութիւն, ընթերցման ճաշակը քաղցրացելու է մեր ընտանեաց մէջ՝ որով մտաց ծնունդներ եւ լուսաւոր գաղափարներ ծաղկին. ասոնք են ծնողական սրբազան պարտքը, եւ իրենց պաշտընը փառաւոր ընողը։

Մեր այս խօսքերուն դեռ պատասխան մը կրկնուած չէր, երբ երիտասարդը գրպանէն լրագիր մը հանեց ըսելով «Այս աւուր ձեր խօսքերը կը հաւաստեն սոյն լրագրին մէկ յօդուածը՝ որ կանանց դաստիարակութեան վրայ լաւ գաղափար մը կը յայտնէ», եւ սկսաւ կարդալ։ Քիչ մը շարունակելու ատեն ծերուհեաց կողմէն մէկ քանի յօրանչելու ձայն ելաւ, եւ տեսայ որ մէկ քանին ալ ձեռքը ճակատը կը մրաբէ, բայց կային նաեւ անոնց մէջ որք երիտասարդներէ աւելի եռանդեամբ կը լսէին. երիտասարդուհեաց խումբէն շատերը դուրս ելած ոմանք երթեւեկութեամբ կը շրջէին, եւ այս դասէն ալ շատ քիչերը սիրով կը լսէին, եւ շատերը կերեւէր որ անհամբեր կերպով աւարտման կսպասէին. ուստի երիտասարդը անտարբերութեամբ ընթերցումը աւարտելով ժամացոյցը նայեցաւ, «Ներեցէք տիկնայք, պայմանաժամս լրացած է ըսելով» բարեւեց եւ մեկնեցաւ։

«Ախ, ըսաւ մէկը, տղայութեանս ես շատ փափաք ունէի կարդալու, եւ բաւական աշխատեցայ, երբ քիչ մը չափահաս եղայ, մայրս զիս դպրոցէն հանեց տնական պիտոյքներս հոգալու համար, որով գիրս կարդալս մոռցայ, հիմա շատ կը ցաւիմ, եւ նորէն սորվիլս անհնար է»։ Այս ըսողը դեռ քսան տարեկան չկար, եւ յայտնի էր որ ըսածը կեղծ էր, եւ ուսման սէրը զարդարանքի փոխած էր։ Անդիէն ուրիշ մ’ալ իր վսեմութեանթ արժան չը տեսնելով լուռ կենալ՝ ուզեց իւր բարձր գաղափարը յայտնել ըսելով «Յիրաւի, ո՞վ կըսէ որ գիտութիւը գէշ բան է, բայց ամեն մարդու ալ օգտակար չէ, սուրը զինուորին ձեռք կը վայլէ, եւ խորունկ կարդալն ալ մեծ պաշտօն ունեցող մարդերու, չըսենք մինակ կարգաւորներուն. բայց կանանց համար ի՞նչ կրնայ ըլլալ, որ մարդոց պէս վաստակի մէջ չեն կրնար գործածել, փիլիսոփայ ալ ըլլան, դարձեալ իրենց տանը գործերուն պիտի աշխատին, շատ գիտցողներն ալ կը տեսնենք կոր… շիտակը ըսելով տուներնիս լաւ կառավարենք, զաւակնիս շահենք, եւ Աղօթագիրք մը կարդալ գիտնամք, մեզ կը բաւէ. աւելին կանանց համար շատ պիտու չեմ տեսներ», եւ հեգնութեամբ մը լռեց։ «Լաւ խօսեցաք, Տիկին, ըսի, բայց ներեցէք մեզ հարցնել թէ՝ խօսելո՞ւ համար ուզեցիք խօսիլ, կամ թէ կարծիք յայտնելու համար. եթէ լոկ խօսելու համար, դիւրին է լսելի ըլլալ առանց պատասխանելու, իսկ եթէ կարծիք յայտնել ուզեցիք, կը պատասխանեմ թէ՝ մարդս ազատ է իր կարծիքը յայտնել, եւ ամեն կարծիք կը յայտնուի, բայց ամեն կարծիք իրաւացի կամ ստոյգ չկրնար ըլլալ։ Հապա ստոյգ ըլլալու համար բան մը պէտք է, այն է դատողութիւն այսինքն անոր իրաւ ըլլալուն վրայ խորհիլ եւ ուղիղը խօսիլ, եւ այս յատկութիւնը մարդկանց մտքին գլխաւոր մասն է. ինչո՞վ կրնանք զմեզ կենդանիներէն որոշել՝ եթէ դատողութեամբ մեր առանձնաշնորհութիւնները չճանչնանք. կենդանին կուտէ, կը շնչէ, կապրի, նոյնպէս մարդիկ կուտեն կը շնչեն կապրին, ուրեմն առանց դատողութեանց կրնանք ըսել, մարդն ալ լոկ կենդան է. բայց դատելով եւ բաղդատելով մարդկանց յատուկ ձիրքերը՝ անոր առանձնաշնորհութիւնը ճանչնալով միայն կրնանք որոշել մարդը կենդանիէն, իրաւը սուտէն, բարին չարէն եւ այլն։ Մարդուս կարծիքը լոկ ըմբռնումն է, եւ ինքնին ուղիղ չկրնար ըլլալ եթէ վարժութեան բովը չը մտնէ. կարծիքը եթէ աւելորդ համարի կանանց սեռի դաստիարակութիւնը, կամ ուսմունքը, անհիմն պատճառներ տալով, բայց դատողութիւնն ալ կըսէ, ուսմունքը եթէ մնաց լոյս ըլլալով մարդկանց օգտակար է, ըստ որում մեր սեռին ալ իբրեւ մարդ՝ օգտակար եւ շահաւոր է։ Այս մասին տրամաբանել հարկ չէ, այլ միայն պէտք է գիտնալ թէ ինչպէս մարմինը առանց հոգւոյ մեռած է, եւ այնպէս միտքը մեռած կը համարուի առանց գիտութեան։ Միայն բաւ է մեզ գիտնալ թէ՝ խիստ դառն վիճակ է մարդոց՝ որ անձին ամենակարեւոր պիտոյքը՝ անձամբ չկրնալով հայթայթել այլոց կը կարօտի. իմաստուն մը ըսած է որ՝ «Մարդոյս ամենէն դժուար երեւցած գործը խիստ դիւրին է՝ երբ բոլոր ճգամբ կրնայ ձեռք բերել, քան թէ շատ փոլր գրոծ մը՝ զոր ուրիշի կամքէն կսպասէ»։

Ի՞նչու մեր առողջ աչքերը գոցելով կոյր զկուրայն ուրիշի հետեւելու տեղ, մեր աչքերը բանալով չուզենք ազատ քայլեր առնել. միթէ՞ կարող են հարիւրաւոր աչքեր մեր մէկ աչքին չափ լոյս շնորհել մեզ. ո՞վ կրնար արեւին գեղեցիկ պայծառութիւնը եւ աշխարհիս սքանչելի տեսարանը մեզ նկարագրել՝ եթէ մեր աչքերը անլոյս ըլլային. այսպէս մարդոյս ներքին եւ ոգեղէն բարիքները չենք կրնար զգալ՝ եթէ մեր միտքը ուսման չնաշխարհիկ լոյսէն զուրկ ըլլայ։

Ո՜հ, ինչպէս անբացատրելի է կոյրին աղետալի վիճակը, եւ այնէս է մտաւոր կուրութեան վիճակն ալ, որ չէ թէ միայն զուարճալի առարկայից վայելքէն զուրկ՝ այլ անձը եւ հոգին բիւրաւոր վտանգաց ենթակայ է. զի թիւր կը խորհի, մոլարա կընթանայ, բարոյականութեան յատկութենէ զուրկ հոգին ախտաւոր է, միտքը անմշակ մոլութեան փուշերով պատած է, թշնամին բարեկամ կը կարծէ, բարեկամը թշնամի, եւ իւր բոլոր կեանքը թշուառութեան շարունակութիւն է։

Ուստի, մեծարեալ Տիկնայք, ճշմարիտ գիտութիւնը կամ ուսմունքը՝ բարոյականութեան եւ առաքինութեան աղբիւր է. զի հոգւոյն մասունքները եւ խիղճը լուսաւոր պահելով, երջանիկ կընէ զմարդ. վասն զի ըստ իմաստնոյն «Չենք կրնար երջանիկ վիճակ վայելել աշխարհի մէջ, բայց միայն բարոյական առաքինութեան մէջ, զոր անհրաժեշտ կերպիւ դաստիարակութեամբ միայն կրնայ մարդ ստանալ անտիական հասակէն։

Ուստի, Սիրելի քոյր իմ, այս յիշելովս ուզեցի ընդհանուր տեղեկութիւն հաղորդել մեր սեռին մեծագոյն մասին նկատմամբ՝ որ տակաւին կոյր կամ մոլար գաղափարներ կը տիրեն մեր մէջ, սակայն առանց վհատութեան՝ կը յուսամք որ ուսեալ մասը օր օրի շատնալով հաստատ մարմին կազմուի, որ ընդհանրութեան խիստ նպաստաւոր կրնայ ըլլալ, ընդ որ մնամք անձկանօք յաւէտ.

Սրտակից մտերմուհիդ

Մտավարժութիւն

Սիրելի քոյր իմ,

Պէտք չէ ցաւիլ այնչափ մեր սեռին յոռի մասին նկատմամբ՝ որք բթացեալ անդամք կը սեպուին մարմնոյ, խարխուլ նիւթեր՝ առանց կարեւորութիւն ունենալու ազգային շինութեանց՝ որոցմէ ընտանեկան հաստատութիւն չեն յուսացուիր երբէք, կամ թէ բարոյապէս մեռեալ անձինք՝ որոց վրայ ողբ եւ կոծ անօգուտ է, եւ որք անզգայաբար կը ննջեն իրենց շնչաւոր մեռելութեան մէջ։ Այլ պէտք է կարեւոր մասին հոգ եւ խնամք տանիլ, որք լոյս տեսնել եւ իրաւունք լսել կը բաղձան։ Ըստ որում քանի որ ուշիմութիւնդ կը ցանկայ մեր յետսադիմութեան պատճառները քննելով ելք եւ դարմանը խորհիլ, եւ ես ըստ կարի կը փութամ խորհրդածութիւնս յայտնելով գոհ ընել զձեզ։

Յայտնի է որ ամեն իր եւ գոյութիւն իւր սկզբան մէջ անզօր եւ տակր են, որ իրենց խակ աստիճանին մէջ չեն շահաւոր ըլլալ, եթէ բնական կամ գործադրական շարժումն չկրեն, բուսական աճմամբ եւ զարգացմամբ կը շահաբերեն, տարերք նոյն շարժման զօրութեամբ իրենց գեղեցիկ շրջանը կը վարեն, եւ ամեն նիւթեր որչափ ընտիր ալ ըլլան նոյն պաշտօնին կարօտ են առաւել լաւագոյնին փոխուելու։ Ահա բնութիւնը հաստատած է նոյն զօրութիւնը բոլոր առարկայից մէջ՝ սակայն գործադրութեան անհրաժեշտ օրէնքով, յայտնի է Արարչական օրինաց մէջ ուր աշխարհիս վայելուչ կարգադրութիւնը գործել եւ պահելու մէջ այսինքն նիւթը կամ մարմինը ոգեւորել եւ կենդանի պահել, զի անգործ նիւթը մեռեալ է, ինչպէս գեղեցիկ կազմութեամբ մեքենայն, եթէ շարժողակսան ոյժը չունենայ անպիտան կըլլայ. ուստի կրնանք ըսել՝ ամեն նիւթ մարմին է, եւ գործը հոգին։

Այսպէս գեղեցիկ աշխարհ մարդս ստեղծուած է բոլոր վսեմ ձիրքերով, խորհրդաւոր կազմութեամբ եւ բոլոր արարածներէ տարբեր յատկութեամբ, դատելու, խորհելու, չարը բարին որոշելու զօրութեամբ, եւ զայն գործադրելու ոյժը իր ազատ կամաց յանձնելով, որով միայն կարող կըլլայ մտքին ոյժը սրելով, ուղիղ տեսութեամբ մարդկութեան պաշտօնը փառաւորել, այն է՝ դաստիարակութեան հրահանգով իւր ձիրքերը զարգացնել։ Միտքը ինքնին պարզ գոյութիւն մը ըլլալով լաւագոյն վիճակին հակամիտ է, որոց շարժման շրջաններով կրնայ իւր զօրութիւնը պայծառացնել, իբրեւ ջահ մը լուսատուութեան յարմար կազմով՝ առանց ինքնին լոյս տալու. այլ վառման պաշտօնին կարօտ։ Եւ երբ իւր պաշտօնը չգործածուի, կապականի, կաղօտի, եւ կըլլայ անպիտան գործի մը. մարդիկ իբր կենսական էակ՝ գերբնական զօրութեան մինչեւ անգամ ենթակայ են եթէ սեպհական հանճարը սրել աշխատին, իւր խորհրդէն կը ծնին մեծամեծ յիշատականեր, կրնայ կանգնել եւ կարգադրել աշխարհքներ, կը ծնանի արուեստից հրաշալի գիւտեր, միչեւ զօրաւոր եւ ինքնիշխան տարերք անգամ գործակից ընել կամքին, եւ որով միայն կը կազմէ բարոյական աշխարհին շինութիւնը։ Միտքը ոգեղէն զօրութիւն մը ըլլալով իւր փառաւոր առարկայն կը խնդրէ, կը խնդրէ վեհաշուք վայրեր, բնութեան սքանչելիքներով պարարիլ, այն է գաղափարներու ընդարձակութեան, որ իւր ցանկալի նպատակին յաջող ընթացք կը բանան, եւ կենսական ոյժը կզգայ վարժութեան շրջաններով, ինչպէս օդը փոփոխական շրջանով, բակուած տեղերու մէջ կապականի, եւ կենսաւոր զօրութիւնը կը կորսնցնէ։ Այսպէս միտքը եթէ շարժման կարեւոր պատճառը չունենայ, կապականի կը խանգարի եւ բարոյական կենաց մահ կը պատճառէ։ Դանդաղ եւ անշարժ միտքը լիճերու կը նմանին՝ որ առանց հոսանք ունենալուխիստ կապականի, ուր տեղ աղտեղութիւնք կը թանձրանան, եւ ջրին երեսը զազիր մշուշ մը կը ձգեն։ Այսպէս դանդաղ եւ յիմար մտքերու մէջ, փտեալ խորհուրդներ, յամառ կարծիք, նախապաշարմունք, որ ժամանակին, եւ եղանակած ազդեցութենէ զուրկ մեռեալ գետերու նման կըննջեն, որոց զազրալի բուրմունք ընդհանրից վնասակար է։

Մարդկան մտաւոր տեսութիւնը կը զօրանայ միայն գաղափարներու առատութեամբ՝ ինչպէս մեր աչքը թէպէտ լուսաւոր զօրութիւն ունի, բայց առանց բնութեան կամ ճրագին լուսոյն չզօրէր տեսնել, եւ առարկաներու ընդարձակութեան չափ տեսութիւնը զօրաւոր կըլլայ. իսկ եթէ տեսանելի առարկայն նեղ եւ անցուկ է, անոր հաւասար միայն կրնայ տեսնել։ Ահա մտաց վարժութիւնը գաղափարներու ընդարձակ ասպարէզ կը բանայ մտքին դէմ, մտաւոր լոյսը կարծարծէ, տեսութիւնը կուղղէ ճոխ վայրաց վրայ, կը տեսնէ անցեալ դարերու յիշատակներ, հեռի ժամանակաց դէպքեր, ազգաց բարքը վիճակները՝ եւ բոլոր ճոխ առարկաներ իւր դէմ ներկայանալով, միտքը կը սնանի կենսական շրջաններու մէջ։

Մեզ ապացոյց կրնայ համարուիլ Եւրոպիոյ օրինակը՝ որ իւր պայծառ գաղափարներով ամեն օգտակար շահեր, կը տեսնէ ընդհանուր տեսութիւնը ուղղած է ներքին եւ արտաքին բարեմասնութեանց վրայ, որով իւր անմահ տարերքները կը գտնէ. նուրբ տեսութեամբ կը դիտէ ներկայն եւ ապագայն, զանազան արուեստից գիւտերու վրայ կզբաղի, եւ ամեն վայրկեան կը յառաջանայ թէ նիւթական եւ թէ բարոյական փարթամութեանց մէջ. եւ լուսաւորութեան ջահը իւր գաւառներէն ցօլացնելով ընդհանրից տեսութիւնը իրեն կը ձգէ։ Իսկ ցաւալի են այն ազգեր՝ որ նոյն ցանկալի լոյսէն զուրկ՝ խաւարին մէջ կը շրջին իրենց իրաւունքները կորստական վհերու մէջ կընկղմին, քրտանց եւ կենաց գինքը լուսաւոր ազգաց գանձուց վրայ կը բարդեն եւ կը տուժեն. ո՛չ ներկայ վշտալի կացութիւննին կզգան, եւ ո՛չ ապագայն կրնան գուշակել, որոց պատճառը մտքի կուրութիւն է եւ ո՛չ այլ ինչ։

Եւրոպիոյ ազգը իւր լաւագոյն աստիճանին մէջ երբէք կանգ առած չէ, այլ իր օգտաւէտ շարժման միշտ հետամուտ է. նորանոր խորհուրդներ կը հղանայ եռանդը միշտ վառ, ջանքը անդադար գործադիր է. աչքերը չեն ննջեր վատ թմրութեան քնոյն մէջ, եւ միշտ զօրեղ քայլերով կը դիմէ յառաջադիմութեան ասպարէզը։

Եւ ասոր հակառակ աղետալի է բազմադարեան կաղ ազգին վիճակը, որ իւր կացութենէն չշեղիր կենսական շարժումն ընել։ Դարեր իրեն շրջաններով անոր գլխոյն վրայ կը հոլովին, եւ տխուր յիշատակները միայն կը ձգեն. բնութիւն եւ ժամանակ իրենց շարժիչ զօրութիւնը չեն ներգործեր անոր. յետին ազգեր կը ժրանան եւ յաջող քայլեր կառնեն, բայց նա՝ իր վաղեմի կացութենէն երբէք չշարժիր։ Ո՜հ, բողոքել արժան է սեւ ճակատագրին՝ զի ոտքերը կաշկանդած է դժնդակ շղթաներով, եւ միշտ դարանակալ է անոր…։

Իր տկար կացութեան մէջ միշտ ցաւալի յիշատակներ կը նկարեն տխուր աչքերուն. կը տեսնէ իւր սեփհական վայելքները կոչնչանան, կենսական ոյժը կսպառի, եւ անզօր անձամբ չզօրէր ելք եւ դարման հնարելու։ Կը տեսնէ Հայրենի գեղեցկաշէն տունը՝ կործանման ենթակայ, փոթորկալից ամպեր կը կոծեն զայն, ապականարար հեղեղք կարձակեն վրան, ձախողակի հողմունքը կը հարուածեն. ուստի պատուարները քայքայուած, սիւները խաղտուած, տատանման վիճակի մէջ, կը տեսնէ եւ կը լսէ, բայց չը զօրէր այցելել անոր։ Կը տեսնէ հայրենեաց պաշտպան ոգին՝ սգալից աչքերով իւր բարեշուք տանը կորուտը կողբայ, իր պերճ առագաստէն զուրկ տխուր բանտի մէջ արգիլուած է, հարուածալից սիրտը եւ վշտալի դէմքը աղետալից պատկեր է աչքին կը տեսնէ այն ամեն դառն յիշատակներ՝ այլ կարող չէ փրկութեան հնարքը գտնել։

Միթէ նոյն ազգը ի սկզբանէ կա՞ղ ծնած է. ո՛չ երբէք, այլ քաջ արեան ծնունդ է նա, եւ պատճառներ միայն ենթադրած են զայն նոյն վիճակին. թէպէտ կը ճգնի յառաջել եւ փայլեր շարժել, բայց վաղեմի ախտը կարգիլէ զայն, եռանդուն սիրտը կը բաղձայ, կը հառաչէ, եւ ազատասէր հոգւով կուզէ սաւառնիլ Հայրենի սահմանը, այլ լքեալ բազուկները չեն նպաստեր իրեն։

Ուստի մտաւոր շարժման ոյժը կը յառաջացնէ ազգեր, թէ նիւթական եւ թէ բարոյական շահու մէջ եւ կենսական աշխարհը կը կազմէ, ուրկէ զուրկ մեռած է Ազգ կամ Մարդկութիւն։ Ահա մեր սեռն ալ իւր կենսական շարժումէն զուրկ՝ բարոյական ախտաւորութեան մէջ կը հեծէ, զգայուն սիրտը թմրած, եւ կենսական շունջը տկարացած, եւ տասութիւնը աղօտ է իւր վիճակը քննելու եւ դիտելու. եւ այս է շնչաւոր մեռելութիւն, եւ կամ թշուառութիւն կամաւոր։ Այս կերպ անզգայ վիճակի մէջ տեսակ մը ախտաւորութիւն կայ՝ որ բարբարոսական եւ անբանական է, այն է փափկութեան մէջ տարրացող եւ ընկերաց որ եւ իցէ թշուառութեան անտարբեր եղողներ. որոնք թէ նիւթապէս եւ թէ բարոյապէս դոյզն ձեռնտուութիւն կը զլանան նուիրել, իրենց զեղխութեան մէկ դոյզն բաժինը խնայելով։ Ասոնք բաղդին վրայ գոռոզանալով՝ զիրենք տարբեր մարդիկ կը կարծեն այն թշուառ արարածներէն՝ զոր գրեթէ Աստուծմէ դատապարտուած եւ պատժապարտ կը կարծեն, անոնց աղետալի դէպքերը իբր վէպ կը լսեն՝ կամ չեն լսեր։ Այսպիսիները ոսկեշուք տաճարի մէջ բազմող տիեզերակալ իշխաններու կը նմանին, որ մարդազոհութեան հանդէսները իբր զբօսանք, եւ արեան ծովու մէջ ծփացողներու աղաղակին խուլ՝ եւ անտանելի տառապանաց անզգայ կը գտնուին։

Ա՜հ, ինչո՞ւ չըսեմ այնպիսիներուն մահու չափ անգութ, որ իրենց սարսափելի զեղխութենէն ընկերին ամենափոքր մէկ բաժին մը նուիրելու մխիթարութենէն կը զրկեն, եւ եթէ առ երեսս ստիպուին տալ, մեծ ցաւ եւ դժկամութիւն կը կրեն, մինչդեռ առատասրտութեամբ կը վատնեն չնչին հաճոյքներու։ Եթէ ըստ մարդկութեան խորհիլ ուզեն, իբրեւ մարդ նկատելով սոյն եղկելի անձինք, պիտի սոսկան անշուշտ բաղդատելով անոնց վիճակը իրենց հետ, եւ անոնց աղեխորով հառաչանքներուն դէմ կարծր արձաններ պիտի գտնեն իրենց սիրտերը, զի այս դառն ժամանակի մէջ եթէ անգթաբար իրենց լսելիքը գոցեն, որ լոկ հացի մը համար բիւրաւոր Ժան Վալժաններ թշուառութեան մատնուած եւ զոհ կըլլան…։ Եւ ինչո՞ւ չըսեմ անոնց յիմար խելագարներ՝ որ իրենց վսեմ ներքին զարդը մերժելով, կեղծ եւ արտաքին զարդերով կը հրճուին, ինչպէս տղու մը կամ խելագարի գործ՝ արժանաւորը չնչինի հետ փոխել, եւ շլացուցիչ իրերով աչքերը պարարել. համեստութեան անգին մարգարիտները ցրուելով՝ խեղկատակաբար կեղծ նիւթերով զարդարուիլ եւ պարծիլ։

Ուստի, զգաստամիտ Քոյր իմ, ճշմարտութիւն կը յարգենք ըսելով որ մեր ուսեալ մասը ճանչցած է իրաւունք եւ կուզէ հետեւիլ անոր, նոյն արթուն մասը դժկամակ է մեր արդի ձախող կացութեան, եւ կը բաղձայ օրինաւոր ճամբուն հետեւիլ. եթէ ընդհանրութիւնը սթափի եւ միանալով ջանայ ուղղութեան դիմել, որոյ նուաստս տենչաւոր ըլլալով սեռին բարւոքման, իբր ընկերական պարտ համարած եմ նաեւ խորհրդածութիւնս շարունակել հետեւեալ յօդուածով։

 

Ջանք

Սիրելի Ընկերուհիդ իմ

Ինչպէս իղձը վսեմ յատկութիւն մ’է մարդկան՝ որով կը շարժի օգտակար ծառայութեանց, եւ այնպէս ապահով եւ լաւագոյն միջոցաւ կրնայ իւր ամեն բաղձալի առարկային ժամանել՝ երբ ջանքը աջակից ունենայ իւր հետ։ Իղձն է նպաստաւոր շարժառիթ մարդկային խորհրդոյ, ինչպէս յաջողակ հողմն նաւոյն. իսկ ջանքն է գործին եւ թռչարան առաջնորդող իւր շաւղաց։

Ահա այս ամենակարեւոր միջոցին պէտք ունիմք անհրաժեշտ։ Նախասահմանութիւնը մարդոյս հոգւոյն մէջ հաստատեց յառաջադիմութեան եռանդը, որ մարդկան փափաքը մղեց ամեն շահաւոր գործոց կատարման, հարկը եւ ժամանակը անոր նպաստաւոր ըլլալով, եւ տուաւ անոր բնական հանճարը զարգացնելու ազատ իշխանութիւնը։ Որով ուսաւ մարդ տեսակ տեսակ արուեստներ, զանազան հնարքներ, զոր ջանքը ժամանակին հետ գործակից ըլլալով կատերելութեան հասուցին, որոց մէջ մեծ տարբերութիւն կը նշմարուի՝ եթէ բաղդատուին այն ամեն արհեստներ իրենց առաջին վիճակին հետ։ Պարզ ոստայնականութենէ անթիւ զարմանագործ հիւսուածներ ազնիւ բեհեզներ, կերպասներ։ Թռչնոց երգերէն երաժշտական քաղցր դաշնակահարութիւնք (ըստ բանաստեղծից). երկաթից հարուածէն դարբնութիւնք, մետաղագործութիւնք, ազատական եւ թէ ծառայական պէս պէս արուեստագիտութիւններ, որ մարդկային ջանքով յառաջացած, զարգացած եւ օր ըստ օրէ կատարելութեան կը դիմեն։ Ջանքն է զարմանալի շարժառիթ մարդկան. երբ փոքր արտի մը տէր ջանքով աշխարհակալ եղաւ, դղեկները ապարաններ, սահմաններ դարձան, փոքրիկ անդը՝ շքեղ անդաստան եղաւ։ Տերեւներու վրայ գրելու հնարքը՝ ահագին մատեաններ հաստատեց. վերջապէս ամեն արուեստից գիւտեր՝ որք ի սկզբան թերի ու անկատար էին, ջանքը՝ ժամանակը իրեն օժանդակ առնելով կատարելագործեց։ Ահա Հայաստան եղաւ գրեթէ նոյն հրաշալի արուեստներու որրան՝ իւր ժիր նախնեաց խնամօք։ Ցանելով սերմունք ժամանակը բուսցոյց եւ զարգացոյց, ջանքը աջակից ընելով իւր հետ, եւ բնութիւնը հազարաւոր արդեամբ ծաղկեցուց զինքը։

Արգասաւոր բարեօք ծաղկեցան սերմեր, եւ ժիր մշակաց աշխատութեանց վարձը լիապէս հատուցին։ Բայց երբ մեռաւ նոյն հզօր ջանքը՝ այն օրէն մեռաւ եւ Հայաստան իւր հրաշալիքներով. նոյն պանծալի արուեստից հնարումն եւ արմատները տկարանալով՝ պատուաստեցան եւ ծաղկեցան օտար երկիրներու մէջ որով գրեթէ կորեաւ մեր աշխարհի սեպհական բարիքը եւ մնաց քաջ հեղինակաց անունը եւ համբաւը միայն։ Մարեցաւ Հայաստանի ճրագը, եւ ժամանակը սկսաւ խեթիւ հայիլ անոր։ Ժողովուրդը գաղթելու փափաք զգաց եւ իւր ջանքը օտար երկրի մէջ խնդրեց։ Ուրացաւ հայրենիքը, եւ ամօթ համարեց կրել իւր անունը, եւ թափառեալ թշուառ վիճակի մէջ հեծեց դարերով…։ Զի բնութիւնը եւ ժամանակը անհաշտ ակամբ սկսան հայիլ Հայաստանին։ Ջանքը մեռած չէ մարդկանց սրտին մէջ՝ քանի որ կենդանութեան շունչը կը կրէ. յուսանք որ օր մը կարթննայ այն թմրեալ սրտերուն մէջ ժամանակին կենսատու ձայնով. զի ամեն քնացող կարթննայ, սերմունք կը ծաղկին, երբ նպաստաւոր դարման գտնեն, եւ ամեն աղօթք օր մը լսելի կըլլայ երբ ջերմեռանդ սրտի հառաջանքներով բարձրանան եւ մեր օտարացեալ հայրենիքը իր ընտանի բարբառը քաղցրացնէ լսելեաց։

Ջանանք նոյն օտարացեալ պատուաստներէն ճիւղեր քաղելով՝ ծաղկեցնել մեր հարազատ վայր դրախտ Հայաստանը։ Ահա սոյն դարս լոյս կրնանք կոչել եւ իրաւանց ճանաչումն, պէտք է մեր ջանքը հաշտեցնել ժամանակին հետ՝ երբ կիմանանք որ գիշերը անցեր եւ տիւը հասարակած է. ալ պէտք չէ կամովին գիշեր կարծելով մեր աչքերը գոցենք, ելնենք ժրութեամբ մեր ջանից սերմունքը ցանել ապագայ բարեաց յոյսով նոյն պարարտ երկիրներու մէջ՝ որ արդեամբ ծաղկին եւ միոյն հարիւր պարգեւեն։ Այժմ այն պարարտ երկիրներն մարց սրտերն պէտք է ըլլալ՝ որ նախապատրաստութեան պէտք ունին, զի ապագայ սերունդը իւր կաթին հետ կենսական սնունդ ստանայ։ Ժամանակը անգին է, եւ ամեն վայրկեան անսպառ գանձ կը հոսէ՝ երբ մարդիկ կարենան ի կիր առնել զայն։ Յարգենք անոր ամեն րոպէն, քանի որ մեր վիճակը ազատ եւ հանդարտ է. պարտիմք գործակից ընել մեր ջանքերը ազգասէր Տեարց՝ որք այժմ Հայրենեաց սէրը եւ կարեկցութիւնը ի սրտէ կզգան։ Գիտնանք մեր պարտքը, եւ յիշենք մեր ներքին կոչումն՝ որ մեր խղճին անլուռ ձայնը միշտ կը հնչէ. ծնած եմք ոչ թէ փափկութեանց մէջ ապրիլ, այլ ծնած եմք ընկերականութեան հիմունք ըլլալու եւ ընտանեկան հաստատութիւններ կազմելու։ Մենք կրնանք կրկին կենաց եւ կրկին մահու պատճառ ըլլալ, ջանալու ենք կենաց պատճառ ըլլալու։ Ուրեմն գիտնենք որ ջանք եւ ժամանակ ինչպէս զոյգ արմաւինեաց աջակցելով միմեանց կաճին եւ պտղաբեր կըլլան ազգային բիւրաստանին մէջ, որով եւ մեր սեպհական վայելքներով կրնանք երջանիկ ըլլալ, որոց սպասեմք յուսով։

Բարեկամուհիդ

--------------

 

Ճշմարտախնդիր բարեկամուհիս,

Մեր սեռին բարոյական կենաց վիշտերը, եւ երջանիկ կեանքէ զրկող պատճառները փոքր ի շատէ յիշելէ զատ՝ աւելորդ չեմ համարիր գլխաւոր պատճառ մ’ալ յիշել, որ ո՛չ փոքր առիթ է կիները ուղիղ կացութենէ մոլորեցնելու։ Թէպէտ ճշմարիտ է որ՝ մարդ մեծագոյն մասամբ մոլորեցնելու։ Թէպէտ ճշմարիտ է որ՝ մարդ մեծագոյն մասամբ իր անձէն կը վնասի, բայց երբեմն ալ անդիմադրելի պատճառներէ, եւ պարզապես բնութեան բերմունքը կը գործէ. բայց երբեմն ալ բնութեան հակառակը. զի ստացական պատճառները զօաւոր ըլլալով՝ բնութեան կը յաղթեն, եւ օտար սկզբունքի ծառայել կուտան։ Այս բնութեան փոփոխութիւնը շատ պատահական է ամուսնական կենաց մէջ, որ երկու ամուսինք կրնան գաղափար հաղորդել միմեանց։ Երբեմն գտնուած են օրիորդներ՝ որ թէպէտ անփորձ եւ անկատար, եւ ամուսնութենէ ետքը խոհական եւ կատարեալ կին դարձած են, եւ երբեմն ալ խոհուն, համեստ եւ ազնուակերպներ որ ամուսնութենէ վերջը յատկութիւննին պակսած է. եւ ասոնց պատճառը բուն իրենց ամուսիններն են, որք շատ անկանոն վարմունքով կնոջ բարիքը կը խանգարեն։ Ընտանիք մը որչափ ազնիւ եւ կրթեալ ըլլայ՝ իւր փայլը անզօր է ինքնին, որչափ ամուսնոյն չքաւոր խնամքին կամ պաշտպանութեան տակ. որք ընտանեաց փառքը լիապէս կը վարձատրեն, բայց կան այրեր՝ զի ընտանեաց շուք եւ փառք ընծայելու տեղ՝ անոնց պատիւը, եւ յատկութիւնը կը խանգարեն անախորժ բաղեղներու պէս, փափուկ արմատներուն կենսական սնունդը կսպառեն։ Կան տեսաւ մը անձինք՝ որք իրաւանց դէմ կը մեղանչեն յոռի ազատամտութեամբ եւ կիներէն կոյր հնազանդութիւն կը պահանջեն իրենց ծանր պակասութեան լռելու եւ համբերելու։ Ահա կնոջ ճգնաժամը եւ սիրոյ հարուած մը, զի սրտին անարատ սիրոյ տաճարը կը վիրաւորի. եթէ պարզ եւ խիստ պարկեշտ տեսակէն է՝ կրնայ մահաբեր ըլլալ հարուածը. իսկ եթէ յանդուգն տեսակէն՝ բարոյական մահ կը պատճառէ. զի ամուսնոյն վրայ համակրութիւն եւ կարեկցութիւն չզգալով տեսակ-տեսակ ընտանեկան վիշտեր կը ծագին։

Կան տեսակ մը իմաստակներ՝ որք թոյլ եւ վատ մեղկասիրութեամբ, իրենց կիները այն աստիճան փայփայանքներով կը պահեն՝ որ իբրեւ վարդ մը մինչեւ մոլութեան փուշերը աչքերնին մտնէ. չեն տեսներ եւ չեն զգար. կնոջը պակաս եւ անխորհուրդ խօսքերու վրայ խիստ զուարճութիւն յայտնելով, գեղեցկութիւնը եւ ամեն ընթացքը չափազանց գովելով, եւ ուրիշ կնոջ հետ բաղդատելով, անոր ամեն խնդիրը առանց կարեւորը որոշելու կատարելով. եթէ կարեացն ալ վեր ըլլայ՝ իբրեւ պատգամ ընդունելով։ Ասոնց կիները կըլլան գոռոզ, ապստամբ, պակասաւոր, մոլի եւայլն։ Այս կարգէն կը սեպուին նաեւ տեսակ մ’ալ անարի եւ կնատ անձեր որ իրենց օրինաւոր իշխանութեան սանձը թողած են կիներուն, փոխանակ անոնց օրինաւորապէս իշխելու՝ զանոնք իրենց բռնաբար կամ ապօրինաւոր իշխել կուտան, քսակնին անպատեհութեամբ պարպելով, կնոջ ամեն պահանջները թէ կարողապէս թէ անկարողապէս կատարելով, կուզեն զանոնք զայրացնել, որով աւելի ապստամբեցնելու առիթ կուտան յիմարաբար։ Այժմ թո՛ղ ներեն մեզ այրեր եթէ ճշմարտութիւն կը ճանչնան, որ կատարեալ իշխանութիւն վարող, եւ ընտանեաց տէր անձինք շատ քիչերն են, այլ ծայրայեղներ շատ…։ Անոնցմէ շատերուն դատելու կարողութիւննին տկար է, ոմանք արտաքին ցոյցերու խաբուելով կիներու դիցական պատիւներ կուտան, երկնաչափ անոնց ձիրքերը կը բարձրացնեն, եւ կամացը խնկարկու կըլլան, թէպէտ անարժաններու։ Իսկ կան ալ, որք կոյր համոզմամբ թիւր գաղափար ունին ընդհանուր կանանց վրայ, թէ անոնք պակասամիտ, մսխող, խորամանկ մոլի են եւալն. երբէք անոնց ազնիւ սկզբունքներու ուշադրութիւն ընելու կարող չըլլալով։ Եթէ կինը բարի հրեշտակ մ’եղած ըլլայ՝ տգէտ այրին յիմարութիւնը չներէր անոր յատկութիւնները ճանչնալ, այլ իր թիւր կարծիքը ճիշտ ստուգաբանելով, իբր կարծր նիւթ, հաստատ կը պահէ, եւ իւր տգիտական նախապաշարմունքը իբր Աստուածային պատգամ կը յարգէ։ Այսպիսեաց կիները որչափ բարի եւ ազնիւ ըլլան՝ արժանաւոր յարգանք չեն գտներ, որով իրենց բարի յատկութիւնները կը տկարանան, եւ օր ըստ օրէ կսպառին առանց կատարելութեան ժամանելու, եւ կըլլան վհատ, անարի, եւ լքուն, որ շատ Հայ տիկնանց սեպհական է։ Կան կիներ՝ որ իրենց այրերէն աւելի խոհական, չափասէր, տնտեսագէտ եւ նախատես են, եւ այրերնուն թիւր կացութիւնը գիտեն, եւ չեն կրնար անոնց բարբարոսութեան իշխել՝ զի օրինաւոր ազատութիւն տրուած չէ իրենց, այլ պարտքը միայն լռել եւ հնազանդիլ է, եւ իւր կոյր առաջնորդին կուրութեան հետեւիլ պարտք է։ Ուստի ասոնց ամեն տեսակները յիշել անհնար է, այլ գլխաւորները միայն յիշելու հարկը կզգամք։

Կան խիստ ագահներ՝ որոց ոսկիները ընտիր արժէքը կորսնցուցած եւ դալկագոյն դեղնութիւնը իրենց բանտապետին դէմքը պատած են են, զի ագահին դէմքը միշտ տխուր, եւ աչքերը անձկոտ են, ժամերը անձկութեամբ լի են, միշտ դաժան եւ անժպիտ է ընտանեաց հետ, զի դաժանութիւնը ծախսերու մասին ազատութիւն չտալու օրէնք համարած է. ոսկւոյն շլացուցիչ փայլը ընտանեկան վայելուչ փայլէն զրկել կուտայ, օրինաւոր ծախսերկ զլանալով, եւ անպատեհ խնայողութեամբ զաւակաց ապագան կը զոհէ շատ կերպ պատճառներով. ինքը հարուստ վիճակին մէջ խիստ աղքատ եւ թշուառ կապրի որով ընտանեաց եւ իր կեանքը կը դառնացնէ. չ’լսէր, կամ չուզեր լսել ճշմարիտ պատգամը թէ «Զոր պատրաստեցերդ յետ մահուն ո՞ւմ լինիցի» եւ ահա ասոնք նաեւ ընդվզել կուտան կանայք օրինաւոր կացութենէ։

Կան չարագոյն եւս խիստ մոլիներ, այն է՝ արբեցողներ, ծոյլեր, վատ մեղկասէրներ, խիստ մսխողներ, խռովարարներ եւ այլն եւ այլն…։ Արանց այս կերպ պակասութիւնք մարդկութեան խղճի դէմ մեղք կամ մոլութիւն են ինքնին. սակայն ամուսնական կենաց մէջ ոճիր կը դառնան։ Նոյն վիճակին մէջ այսպիսիները մահազոհ գազաններ են, ո՛չ թէ մէկ հարուածով սպաննիչ, այլ գիշատող եւ կեղեքիչ, որոց բիւրաւոր գառներ զոհուած են եւ կը զոհուին. եւ անոնց աւաղելի ծնունդները ողբալի կեանքով պիտի ապրին։ Ասոնք սոսկալի բռնաւորներ են, զի անահ կը գործեն բոլորովին, առանց օրինաց եւ խղճի սանձ ունենալու։ Ո՜հ, ի՞նչու չը համարձակիմ ամուսնական կեանքը փրկութեան եւ մատնութեան միջոց համարել. զի շատ անգամ անօրէն բաղդին բերմամբ լծակցած են գառներ՝ գայլերու հետ, անմեղ տատրակներ՝ խայթիչ կարիճներու հետ, հեզիկ աղաւնիներ՝ թիւնաւոր օձերու հետ, որոց աղետալի վիճակը անկարելի է լիովին յիշել…. որով ընտանեկան մահ եւ կորուստներ կը ծագին միշտ։

Արդեօք նոյն մոլի անձանց կիներուն ի՞նչ անուն տալ պէտք է, երբ մեծ անձնական հոգւով եւ սքանչելի համբերութեամբ կը տանին, զորս հազար անգամ տեսած ենք աչօք։ Եթէ ճշմարտասիրական հոգւով քննենք՝ պիտի ըսենք, ասոնք քաջ դիւցազնուհիներ են թշուառութեան դաշտին մէջ, միշտ մրցող քաջամարտ ախոյաններ՝ անընկճելի բաղդին դէմ։ Աշխարհի կամ մարդկութեան վայելքներէն զուրկ՝ անձնուրաց հոգիք կը համարուին. ամուսնական անմեկնելի օրինաց հպատակելով՝ նոյն դառն լուծը սիրով կը կրեն, տեսանելի բարիքները եւ հաճոյական բաղձանքները մերժած՝ ապագայ յուսով եւ բարեպաշտութեամբ միայն կապրին. կանանց բաղձալի առարկայները վայելելը իբրեւ հրաշք, եւ հաճոյից կամակատար այրեր՝ գերբնական կամ երկնային մարդեր կը կարծեն։ Ասոնք նաեւ խորհրդաւոր անասուններ են, զի ազատ կամքը եւ լեզուն սանձով նուաճած տաժանելի վիճակաց ստիպուած են հպատակիլ, կամ դիակներ կրող բեռնակիրներ՝ որք արանց նեխեալ մարմինները ուսոց վրայ մինչեւ ցմահ կրելու դատապարտուած են։

Ահա ընտանեաց բարգաւաճման ժանտաբեր թոյներ, սպառիչ սուրեր կամ հարուածներ։

Ուստի, սիրեմ զձեզ Ազնիւ Հայուհինե՛ր, բնութիւնը ընտիր յատկութիւններ շնորհած է ձեզ, եթէ բոլոր աշխարհ ուրանայ զայն, եւ զձեզ ստորին կամ տկար կոչէ, ճշմարտութիւնը վկայ է ձեր իրաւանց. եւ աշխարհք կարող չէ ճշմարտութեան յաղթել. դուք այն ազատասուն գերիներն էք, որ դիմաց գիծերը եւ անձին շուքը վկայ են ազնուութեան. ձեր տիտղոսներն կրնան ըլլալ, բնութեան շնորհք, ժրութիւն, խոնարհութիւն, արթնութիւն, համեստութիւն. եւ շատ ազնիւ յատկութեանց ենթակայ էք՝ եթէ զձեզ արգիլող պատճառները մերժուին, եւ ձեր ազնուութեան ձիրքերը կրթութեան հրահանգներով զտին, մեծ գանձեր կրնան ընծայել Ազգին։ Դուք խորհրդւոր ջահեր էք, եթէ զգաստութեան իւղը պատրաստել ջանաք, եւ ջրութեամբ վառէք մտաւոր ջահեր՝ ապագայ սերունդին պայծառ լոյս նուիրելու. ուրեմն Ազնիւ Քոյրերս, լաւ կեանքով ապրինք թողելով մեր տխուր անցեալը, եւ կազմենք մեզ ապագայ. ներկայէն մեր բարեաց բաժինը քաղելով, լսենք ազգութեան անձկասէր հոգւոյն անմահ ձայնը, եւ մխիթարութիւնք ապագայ յուսով զոր ներկայն կաւետէ մեզ։

 

Տարտամ գաղափարներ Ազգային տարերք չեն կազմեր։

Ազգային փառաց տենչաւոր ոգին իւր անցկութեան հետամուտ՝ կը թափառի բնութեան սահմաններուն մէջ, եւ առանց իղձը յագեցնելու անձկութեամբ կը տառապի միշտ։ Կը տեսնէ երբեմն իւր մութ գաւառներուն մէջ լուսատու ջահեր՝ որք պահ ընդ պահ կը փայլին, այլ չեն կրներ իւր աչքերը պարարել, զի թուխ ամպեր վրայ գալով կը ծածկեն զանոնք։ Կը տեսնէ իւր թափուր դաշտերու մէջ ուրեք ուրեք բարեշուք բոյսեր ծաղկած՝ որոց վրայ սիրով կը թառի ոգեպահիկ սնունդը քաղել, բայց խամրիչ խորշակներ տեղալով զանոնք կը մահացնէ, եւ վշտաբէկ կընեն զինքը։ Եդեմեան պարտիզին սիրոյ քաղցր վտակաց կենսական ջրով կուզէ իւր ծարաւը բուժել, բայց թշնամի գազանք դառնութիւն ժայթքած ե հոն, որով յագեցումն չկրնար տալ սրտին, եւ ասով նքթութեան եւ ծարաւոյ մէջ կը տառապի։

Ահա ազգային տենչաւոր սիրտը իւր անմահութեան ճաշակը եւ կենսական տարերքը կը խնդրէ, որք Ազգային տանը մէջ ատեն ատեն կսկսին երեւան գալ, լուսաւոր գաղափարներէ ծնունդ առնելով, այլ տգիտական մոլութիւնք հակասակաբար զանոնք ոչնչացնել կսպառնան։ Իւր տան մէջ սիրոյ լուսածածան Աստղը երբեմն կը փայլի, բայց գժտութեան ամպեր բոլորը դարանելով՝ շիջուցանել կը ճգնին։ Ջանք եւ փոյթ խրախուսական ձայներ կը հնչեն եւ գործունեայ ձեռքեր կը շարժին շահաւէտ գործերու, բայց հակառակ կրից ձայներ հեղձուցանել եւ դադրեցնել կորոտան։ Իրաւունք եւ ճշմարտութիւն աղօթ լուսով կը ծփան միշտ, որոց դէմ անիրաւութեան կամ բռնութեան խաւարը բռնաբար կուզէ տիրապետել։

Այսպէս անիրաւութիւնը՝ ճշմարտութեան դէմ, տգիտութիւնը՝ լուսաւորութեան, եւ թշուառութիւնը՝ երջանկութեան դէմ մաքառելով, ազգային կենսատու ոգին իւր փառքը չկրնար ստանալ, եւ իւր թերի երջանկութեամբը հրճուիլ։ Ըստ որում ըղձալի սրտիւ կը բաղձայ միշտ եւ կը հառաչէ իւր ցանկալի առարկայն գտնել, որոյ դէմ ամեն հակառակ պատճառներ կը ցրուին, պատիր խաւարը կը մերժի եւ ազգը իւր բաղձանքին կրնայ ժամանել։

Ազգային հոգւոյն բաղձալի առարկայն է միաբանութիւնը՝ որ իւր անհատից մասունքները սիրոյ գեղեցիկ յօդիւ կը կազմէ, ինչպէս հմուտ անձինք նախ արհեստին նախատիպարը ունենալով, ընտիր նիւթերը վայելուչ յարմարութեամբ կը կազմեն եւ սքանչելի երեւոյթ կընծայեն գործին, եւ նիւթոց յատկութիւնները խորհրդաւոր կազմութեան մէջ շքեղ կը փայլին։ Ազգութիւնը եթէ մարմին մը նկատեմք, միաբանութիւնն է անոր հոգին, եւ առանց անոր մեռեալ կը համարուի զայն։ Լուսաւորեալ ազգեր անոր կարեւորութիւնը ճանչցած եւ նոյն ցանկալի միջոցաւ յառաջադիմութիւն գտած են, եւ անոր պակասութիւնը մեծ վնասներու հետքեր թողած է։ Նաեւ հին Հայաստան տեսած է միաբանութեան վսեմ արդիւնքը, եւ կրած է անոր պակասութեան մեծամեծ վտանգները։ Ահա ինչպէս երկինք լուսոյ կարօտ է, այնպէս ալ ազգին պայծառութիւնը միաբանութեան, որոյ հրաշալիքները ճանչնալով Ազգը՝ յոյսը հոն հաստատած ե ջերմաջերմ իղձով, կը կոչէ միշտ նորանոր փորձեր ընելու, եւ իւր տան սքանչելի կազմութիւնը վերականգնելու։ Եւ առանց նոյն գեղեցիկ հիմնադրութեան ազգային տարտամ մարմինը այլ եւ այլ տարբեր գաղափարներով ամբողջութիւն չեն կրնար կազմել, որով երկպառակութիւնք կը տիրեն եւ «Երկպառակութիւնը կորստեան առաջնորդ է միշտ» ըսած է իմաստուն մը։ Ազգային շինութիւնը երբ միութեան վսեմ յատակագիծը չունենայ, իւր մասունքները անհիմն եւ խարխուլ նիւթեր են. այլ նա իբրեւ հաստատ օրէնք վայելչութիւն կը կազմէ, գժտութեան ձայներ կը ցրուէ, հակառակ կիրքեր կը հերքէ եւ սիրոյ ցանկալի յօդակապը կը կազմէ։ Վսեմ գաղափարներէ ազգօգուտ գործեր կը ծնանին, որոնք շատ անգամ չեն հասնիր իրենց շահաւոր նպատակին, վասն զի մասնաւոր ջանքեր կը զոհուին ընդհանուրին անտարբերութեան, «Զի ձայն բազմաց ձայն երկնային եւ զօրաւոր է». տարտամ եւ հակառակ կարծիքներ անոր սրտին մահաբեր վէրքեր են, որով ընդհանուրին իրաւունքը կը զոհուի։ Ինքնասէր գաղափարը շլացեալ աչօք զինքը իրաւաց տէր կը ճանչնայ՝ իւր հրամանը իբր պատգամ պաշտուիլ կուզէ եւ կարծիքը իբր օրէնք կը յարգէ։ Իւր վրայ մեծ համարում ունենալով, զինքը բարձր առարկաներու վրայ կը կարծէ. եթէ դոյզն պաշտօնի մասնակցի՝ մեծ յարգանք եւ խնամարկութիւն կը պահանջէ անձին, այլոց խորհրդաւոր գործը պարսաւել եւ ստորին դասելովը՝ իւր ձիրքերը բարձրացնել կը կարծէ։ Նախանձ եւ քսութիւն յարակից են իրեն, եւ բքանալով անձին վրայ՝ առանց ուղիղ տեսութեան յանդգնութիւնը՝ քաջագործութիւն, մեծամտութիւնը՝ մեծանձնութիւն, իմաստակութիւնը՝ իմաստութիւն դասելով, բոլոր բարոյականութեան յոռի ծայրը կը շեղի, որով ընկերականութեան մեծ վնասներ կը ծնանին։

Անզգայից դասը իւր ոգեղէն շարժումներէն դադրած՝ բթացեալ անդամ է Ազգին, ոչ անոր ցաւերը կզգայ եւ ոչ անոր փառքը. ազգութեան կամ մարդկութեան պատիւ, նախատինք իրեն համար մի եւ նոյն են, ոչ ընկերական իրաւոնք կզգայ եւ ոչ անոր պաշտպանութեան կը շարժի. գեղեցիկ փառասիրութեան եռանդ չկրէր, այլ խլուրդի նման իր անձը միայն պահպանել կուզէ։ Եթէ ընկերը ալեաց հոսանքներուն մէջ տեսնէ, չուզէր կարեկցութեան ձեռք շարժել, եւ երկու ձեռք միայն գլխու մը պաշտպան կը կարծէ։ Ուստի տգիտասէր գաղափարը՝ լուսաւորութեան դէմ, անիրաւը՝ արդարասիրին դէմ, դանդաղ անհոգութիւնը՝ ժիր եռանդոտութեան, եւ ապուշը՝ անձնանուէրին կացութեան դէմ կը մաքառի, զի ուղղութեան նշանակէտ չունենալով ազգային բարիք շատ անգամ տարբեր եւ հակառակ կարծեաց կը զոհուին. հակառակ հողմերու նման յուզմունք յարուցանելով ազգային նաւուն վտանգ կսպառնան, նաւաստեաց ձեռքեր կը լքանին եւ ուղղութեան գծէն մոլորելով ալեաց խաղալիք կըլլայ, եւ մթերեալ բարիք կը վատնուին։

Ազգին ոգին իւր կենսական սնունդը կը խնդրէ իւր բուրաստանին մէջ, այլ յուսաբեր տունկեր ոմանք անհաստատ սկզբունքներով խակ գոյութեան մէջ կը խամրին, եւ ոմանք առ երեւոյթս ցոյց մը միայն կընծայեն՝ առանց լիակատար բարիք ընծայելու. շքեղ նիւթական հիմնադրութիւնք եւ սեթեւեթ երեւոյթներ չեն զօրէր իւր բաղձանքը յագեցնել՝ երբ ազգային բարոյականութեան վսեմ կազմութիւն չունի։

Արդ՝ ազգային գեղեցիկ շքաւորութիւնը բոլոր անդամոց միութեան կարօտելէն յառաջ մարդկութեան երկու սեռին միաբանութեան անհրաժեշտ կարօտ է գլխաւորաբար ամուսնական կենաց մէջ, ուր մարդկութեան երջանիկ ապագան կսպասուի. եթէ նոյն փափուկ կէտը ուղիղ նկատողութեան առնուի կարծեմ մարդկանց թշուառութիւնք կրնան թեթեւնալ։ Անկարելի է անմիաբան ամուսնութենէ յառաջ եկած չարիքը յիել, որ նախ անխորհուրդ եւ յիմար ընտրողութենէ կը ծնին. չուզելով դիտել այն նուրբ եւ կարեւոր կէտը՝ այլ շլացեալ փառասիրութեամբ…։

Եթէ երկու լծակցած մէջ առանց միաբանութեան գաղափարաց տարբերութիւն եւ գժտութիւնք տիրեն, անտանելի կըլլայ իրենց որդւոց ապագայն, եւ ընկանեկան վիճակը, զի բնական է որ երկու հակառակ բնութեանց այլակերպ բնութիւն կը ծնին, եւ նոյնպէս հակառակ աբար դաստիարակութիւնն ալ աւելի կրկին տպաւորութիւններ կը գործեն, որոց օրինակները անթիւ են։

Միթէ կրնա՞ն թիւր մշակութեամբ բնութեան բարիք զարգանալ, եթէ հայրեր խոհականութեամբ բարի սերմունքներ տան որդւոյն մտաց, եւ մայրեր տգիտաբար եւ յիմարական օրինակներով խլեն եւ սպառեն զայն. կամ թէ խոհեմ մայրեր ջանան նոյն բարեաց սկզբունքը տալ զաւակաց՝ շատ ապուշ եւ մոլի հայրեր չար տպաւորութիւններ տան անոնց փափուկ մտքերու, որով տղայք կըլլան բնութեան հրէշներ եւ ախտ ազգութեան։ Այսպէս թիւր եւ ապօրինաւոր սկզբունք մանկանց նուրբ զգացման վրայ խիստ տպաւորութիւն ընելով դաստիարակաց ջանքերն ալ գրեթէ ապարդիւն կը մնան։ Ահա պատճառները որ ազգային երջանկութեան գանձը միշտ աւազներու մէջ ցրուած են խառն նիւթերու հետ խանգարուելով չեն կրնար ազգին տունը շքաւորել, որ ճարտար ձեռաց արհեստներու կարօտ է. եւ այն վսեմ պաշտօնին գործադիր նախ ծնողք ըլլալ պարտին ժիր արթնութիւն կրելով, զի անոնք ապագայ սերնդոց բարոյականութեամբ հեղինակ կամ առաջնորդ ըլլալու պարտքը զգալու են, միաբանական սէր հաստատելով ընտանեաց մէջ։ Եթէ մէկը յաջող ընթացքով արշաւէ, եւ միւսը ձախող շաւղաց հետեւի յառաջադիմութեան մեծ արգելք կըլլայ, այլ յաջող քայլերու համար հաւասար ջանք եւ ժրութիւն պէտք է։

Ըստ որում ազգային տարփաւոր ոգին միշտ անձկութեան մէջ կը տառապի՝ երբ իւր անհատները տարտամ եւ ցրուեալ կացութեան մէջ տեսնէ. եւ հակառակ կարծեաց ձայներ դառն վիշտեր են սրտին։ Սակայն յուսով կսպասէ երջանիկ ժամուն, եւ ըղձալի սրտին կենդանի լարերով սիրոյ եւ միաբանութեան ոգին իւր վսեմ բաղձանաց սատար կը կոչէ։