Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ

Երբ կը տեսնենք բնութեան սքանչելիքը՝ որ միաբան ներդաշնակութեամբ գեղեցիկ աշխարհը կը կազմեն, լուսեղինաց պայծառութիւնք, նիւթականաց բարեզարդ վայելչութիւնք, եւ բոլոր առարկայք խորհրդաւոր համաձայնութեամբ իրենց օրինաւոր շրջանը վարելով։ Աշխարհ ամայի հողակոյտ մ’է առանց վայելչութեան, զի իւր գեղեցիկ կազմութիւնը առարկաներու կարօտ է, եւ առարկայք կը խնդրեն զաշխարհ. երկինք կարօտ է աստեղաց, եւ աստեղաց պէտք է երկնից վեհաշուք տաճարը։ Սոյնպէս մարդիկ իբր բանաւոր աշխարհ՝ մարդկային կենցաղավարութիւնը կը կազմեն ընկերականութեամբ. անով միայն կը գտնեն ապրանաց միջոցներ, անձնական շահեր եւ ամեն կարեւոր պիտոյք, եւ այս է բնական ընկերակցութիւն՝ որոյ մարդ հարկադրած է ծննդենէ։

Այս բնական իղձը կը շարժէ զմարդ դժուարակիր պաշտօններու, եւ յօժարութեամբ կը տանի ամեն տարժանութեանց՝ ուրկէ անձնական շահը կսպասէ. բայց նոյն աշխատասիրութիւնք եւ անձնանուիրութիւնք՝ որ առանց անձնական օգտի՝ լոկ ընկերին շահուն կը ծառայեն, է բարոյական ընկերասիրութիւն, նաեւ վեհ եւ փառաւոր պաշտօն մարդկութեան։

Ընկերութիւնը յոյժ օգտակար է՝ իբրեւ լուցկի մարդկանց խորհուրդները միմեանց հաղորդելով, գաղափարաց լուսաւորութիւնը կազմելու. անով մտաւոր տեսութիւնը կարծարծին, օգտակար ձեռնարկութիւնք կը ծնանին, ընդհանրութեան շահաւոր պաշտօններ յաջողականութեամբ կը յառաջանան։ Ընկերական յարաբերութեանց արդիւնքը քաջայայտ կերեւին պայծառացեալ քաղաքաց մէջ. Եւրոպիոյ աշխարհը իր լուսաւորութեան տիտղոսով չէր պարծէր՝ երբ նոյն յարաբերութիւնք նուազ էին իր երկրին մէջ. Ազգաց մերձաորութիւնք եղան գայլախաղներ, վառեցին առաջնորդական ջահը՝ որ այժմ լուսաւորութեան կեդրոն համարուած է համայն քաղաքաց, որոց զօրութիւնը ամեն ուրեք շառաւիղներ արձակելով նախանձելի եղած է բոլոր աշխարհի։ Նոյն զօրութեամբ իւր սահմանակից Ազգեր կերպով մը ազատ երջանկութիւն կը վայելեն, որոյ ապացոյցը մայրաքաղաքիս մէջ կրնամք տեսնել բաղդատմամբ նախնի վիճակին՝ որ ներկայէն տարապայման հեռի կը գտնեմք, Նա՝ զօրացոյց քաղաքականութիւն, հերքեց յայտնի բարբարոսութիւնք... ընկճեց գրեթէ յաղթահարութիւնք, ճանչցուեցան ըստ բաւականի որոշել իշխանութիւնը՝ բռնութենէ, հպատակութիւնը՝ գերութենէ եւլն, որով ազատ շունչ առնելով յառաջադիմութեան շաւիղ կը բանան մեզ։

Ահա մեր քաջարթուն Պատանեաց խումբեր նոյն ահաւոր եռանդը կզգան եւ սոյն բարեպատեհ ժամանակս ազգասիրական եռանդը ծաղկեցնել ազգին մէջ, առաջնորդելով նոյն վեհ պաշտօնին համաձայնութեամբ քաղցր ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն եւ կուզեն հնչեցնել ազգասիրական ձայնը նպաստաւոր ըլլալ թշուառ Հայրենեաց։

Զի ահա մէկ քանի դարերէ ի վեր կենդանի նաւ մը Հայաստանի խաղաղ նաւահանգիստէն բաժնուելով բռնաշունչ հողմոց խաղալիք կըլլայ. ծոցալից բարիքը հետզհետէ կսպառին, վայելուչ կազմութիւնը կը խանգարի, ամբողջութիւնը քայքայման վիճակի ենթակայ կըլլայ, բայց գոյութիւնը տակաւին կորսուած չէ, քաջայոյս է նա, արիական սրտով դէմ կուտայ ալեաց, եւ ակնկալեալ կսպասէ այցելութեան ժամուն։ Նոյն վտանգաւոր պահուն մէջ կարօտակէզ սիրտը Հայրենեաց իղձով կը հառաչէ, աչքերը անոր հորիզոնին վրայ սեւեռած փրկութեան աստղը կը խնդրէ, անզօր թիկունքը չեն դադրիր յուսոյ առասանը խնդրել եւ անվհատ սրտով օգնութեան ձեռքեր կը կոչէ։

Այժմ մխիթարութիւն կզգայ, տեսնելով՝ որ Հայրենեաց հարազատ մանկունք անոր օժանդակելու պէտքը կզգան, ձեռնակցելով միմեանց՝ փրկութեան միջոց կը խորհին, Ազգային նաւը ի խաղաղ նաւահանգիստը վերակոչելու։

Ինչպէս յայտնի է որ մեր Հայրենակից եղբարք անխնամ եւ անպաշտպան ցրուեալ վիճակի մէջ՝ ամեն կերպ վտանգներու հանդիպած են, որոնք ամայի ձորերու մէջ քաղց եւ սովեալ, գազաններու ճարակ կըլլան, իրենց վեհ յիշատակը եւ փառքերը մոռանալով՝ Ազգութիւն եւ կրօնք անգամ կորուսած են, ազատասուն որդիք գերի ինկած բարբարոսաց օրէնքներուն տակ, փափուկ կուսանք եւ հարսունք ազնուաշուք զգեստուց տեղ խափշկանց մորթ զգացած, բոլոր ուղիղ կացութենէ շուարած կամ մոլորած եւ բոլոր աղետալի թշուառութիւնները ճարտար հռետորներու ողբերգութեան արժան է... այժմ Հայկեան որդւոց զգայուն մասը չուզեր անտարբեր ըլլալ Հայրենակցաց դառն վիշտերուն. որոց ըստ կարի բարոյապէս դարման խորհելով ընկերութիւններ կը կազմեն լուսաւորութեան ջահը փայլեցնել նոյն մութ գաւառներու մէջ թշուառ մոլորելոց առաջնորդելու փափաքաւ։ Նոյն ընտրեալ շառաւիղք Եդեմեան դաշտին գարուն կաւետեն, բարոյական պարտէզները մշակելու եւ յառաջադիմութեան արգասիքներ ծաղկեցնելու ջանիւք։

Զի քիչ յառաջ չունէինք գրեթէ նոյն զգացումն կրող պատանիներ, շատերու բերանը օտար էր ազգասիրական հնչումն. ահա ներկայն կը շնորհէ մեզ նոյն եռանդուն ոգիք՝ որ իրենց հարազատ անունը ուրախ սրտէ կը հնչեն, եւ անոր օգնութեան նպաստաւոր միջոցներ կը խորհին։ Ուսման եւ դաստիարակութեան ճաշակը քաղցր է բերաննին, գեղեցիկ փառասիրութիւն կը յարգեն, կը փութան մի սիրտ մի հոգի ըլլալով ազգին տարտամ վիճակը բարոյապէս ամբողջացնել։

Ուստի յոյժ փառաւոր է իրենց պաշտօնը, զի նպատակն է բարերարել ընկերին, եւ բարերարութիւնն է առաքինութեան վեհ եւ գերմարդկային պաշտօն։ Նորածին մանուկը երբ աչքը ի լոյս կը բանայ իւր առաջին անզօր պապաչները բարերար կամ խնամող կը խնդրեն, որ կենաց առաջին վայրկենէն նախասահմանուած է իրեն ապրանաց համար, եւ մարդիկ անհրաժեշտ կարօտ են անոր։ Աշխարհք անհուն բարութեամբ մը կը կառավարուի, որ կը կոչենք բնութիւն, կամ Աստուած. ուստի նոյն անսահման բարութեան մասնակից եւ կամ միջնորդ կրնանք համարել զանոնք, որ բարերարելու պէտքը կզգան. ուստի փառաւոր եւ պանծալի են, «Որոցն փոխարինութիւն ո՛չ այլ ինչ է, բայց նոյն ինքն բարերարութիւն» ըստ իմաստնոյն. այսինքն առաքինութեան անզուգական փառքն է միայն անձին վարձքը։

Այժմ նոյն ընկերասիրաց ոգին նոյն անուան արժանի է, քանի որ ընկերին կարեկցութիւնը կզգայ, ձեռնտու է ազգասիրական ջանից, նախանձախնդիր է Հայրենի փառաց, իրաւասէր ազգային շահուց, եւ անոր բարոյական կենաց տենչաւոր։

Քանի՛ ցանկալի է մարդոյս ազգասիրական կամ բարեսիրական հռչակը որ բիւրաւոր կորստական վտանգներ չեն կրնար չնշել, եթէ անթիւ սպառնալիքներ տեղան, բարեաց յիշատակներ միշտ անկորուստ կը մնան. մարդիկ չեն կրնար նոյն անգին համբաւը ստանալ՝ նիւթական շքեղ երեւոյթներով, ճոխ եւ առատ գանձերով՝ որչափ ազգասիրական եւ ընկերասիրական յիշատակաւ. փառաւոր է Տիգրան առաքինի եւ ազգասիրական գործերով՝ իւր մեծ իշխանական զօրութիւններէն աւելի. թէպէտ պանծալի էին Միհրդատայ մեծամեծ քաջագործութիւնք, այլ պանծալի եւս ընծայուեցաւ հայրենի պատւոյն անձնուէր կեանքը։ Ահա նա է գերմարդկութեան պաշտօն ազնիւ եւ գովելի՝ որ վեհ բնութեան մը տիպարը կը կրէ, եւ վսեմ յատկութեամբ կը տարբերի անզգայ սրտերէ։

Ուստի ազգային տենչաւոր ոգին կը փափաքի որ նոյն ազնիւ սրտերու մէջ ազգասիրական ջահը արծարծելով անխոնջ աշխատութեամբ իրենց ջանքերը շարունակեն եւ խրախուսական ձայնը հնչելով ընդ հանրութեան միաբան ձեռնտուութեամբ աշխատին աւերակ Հայրենեաց բարոյական նորոգութիւնը վերականգնելու։

Նաեւ այժմ ուրախութեամբ կը լսենք, որ նոյն ընկերասիրական իղձը կը ծագի Հայուհեաց մէջ ալ, որոց մէկ ազնիւ փործը կը տեսնենք խումբ մը զգաստամիտ անձանց վրայ, որ նոյն գեղեցիկ պաշտօնին ժիր ջանքերով առաջնորդ ըլլալ կը փութան, գովելի յօժարութեամբ ընկերասիրական պարտքը զգալով կուզեն նպաստաւոր ըլլալ մեր գաւառաբնակ թշուառ Հայուհեաց՝ որք դաստիարակութենէ զուրկ բարերար խնամքներու կարօտ են։ Ահա երախտագիտական սրտիւ կը յիշենք որ՝ բարեսիրական պաշտօնին միջնորդ եւ ազգասիրութեան հեղինակ կը հանդիսանան. տա՛ր երկինք զի առանց փոքր առիթներէ դրդուելով անվհատ սրտիւ աշխատասիրէին իրենց պաշտօնին մէջ։ Կը յուսանք նաեւ ազնուամեծար ընդհանրութենէն, որ ըստ կարի մասնակցելով միաբանասիրութեան խրախոյս տան միմեանց, եւ շարունակեն այսպիսի գեղեցիկ ձեռնարկութիւնք, որ մեր սեռին յառաջադիմութեան յոյժ օգտակար միջոց կրնայ համարուիլ։ Ըստ որում հետեւեալ խորհրդածութիւնս կուզեմ ընծայել, նոյն գովելի իղձը կրող ազնուամեծար խումբին ուրախակցութիւնս յայտնելով։

-------------

Սիրելի Քոյրերս,

Յայտնի որ իղձը մարդկային զգացման մէկ հրաշալի զօրութիւնն է, եւ միշտ իր սահմանէն վեր ցօլանալով իրեն ճարակ կը խնդրէ։ Բնութեան այս շարժառիթ ոյժը թելադիր է անձին եւ կենսական ոգի ազդելով՝ մինչեւ հրաշալիքներ գործել կուտայ, եթէ ուզէ մարդ ի բարին գործածել զայն։ Նա խրախոյս կուտա խորհուրդներուն, կարծարծէ յոյս կամ ակնկալութիւն վաստակոց, եւ չվհատիր թէպէտ իր նպատակին տարժանութիւններն ալ տեսնէ. այլ պասքեալ եղջերուի նման կուզէ անձնիլ դժուարին վայրեր, մինչեւ քաղցր վտակաց իւր տենջը յագեցնէ. պէտք չէ աւելի խօսքերով սահմանել զայն, այլ բաւ է ըսել թէ իղձն է մարդկան կենսական հոգի տարբեր անզգայ մեռելութենէ։

Թէպէտ իղձը զօրաւոր յատկութիւն մ’է շահաւոր գործեր կատարելու, սակայն կը կարօտի նպաստաւոր առարկաներու, ինչպէս ամեն պաշտօն իր յարմար միջոցին. ամեն ջանք շահաւոր չեն կրնար ըլլալ միեւնոյն պարագային մէջ, այլ պատեհութեան կսպասէ, ահա ժամանակն է գլխաւոր նպաստիչ ամեն բարեգործական ըղձից՝ ինչպէս ապահով շաւիղ սուրհանդակին՝ որ առանց կասելու եռանդմամբ կրնայ դիմել նպատակին։ Ժրաջան մշակը իղձ ի սիրտ կսպասեն, երբ օդոց բռնութիւնք կը մեղմանան, եւ երբ գարնան զեփիւռներ սկսկին հնչել, այն ատեն կելլէ աշխատութիւնը նուիրել անդոյն։ Սիրելի Հայուհիք, այս բնատուր շնորհքէն օտար չէք եւ դուք, եռանդալից իղձ կը կրէք ձեր զգայուն սրտից մէջ. զգաստութեամբ կը ճանչնանք անոր ոյժը, եւ կարող էք ի սէր ազգին գործածել զայն։ Ահա ժամանակը նպաստաւոր է ձեզ. յաջողակ շաւիղ բանալով կրնաք դուք ձեր եռանդը արդիւնաւորել։ Ալ մի թափառիք յուսահատ նարկիզի նման թափուր դաշտերուն մէջ, եւ զգայուն սրտիցդ տխուր հառաչանքը ամայի ձորերու մէջ հնչեցնել, ներկայ կենսական ոգին ձայն կուտայ ձեզ չվարանիլ յուսաբէկ սրտով, այլ կազդուրիլ եռանդեամբ ըղձից ձեր ցանկալի ապագայն վայելելու յուսով։

Գիտենք որ մեր սեռը արդէն իւր հին սովորութեան մէջ ազատութենէ զուրկ վանդակի մէջ արգիլուած թռչնոց նման էր՝ որ անձուկ սահմանին մէջ կաշկանդուած չէր կրնար իր ազատ բաղձանաց հասնիլ, թռուցիչ բազուկները անզօր կարգիլէին ծաղկունակ դաշտեր ճախրելու, ձայնին եղանակը կորսնցուցած, գրեթէ լեզուահատ եղած բաղձանքը յայտնելու, անկարող աչքերը տկարացած զուարճալիա առարկաներ հեռատեսելու։ Բայց ներկային նոր լոյսը կը տեսնէ, որով անհրաժեշտ կրնայ կազդուրիլ, եւ յառաջադիմութեան քայլեր շարժել։ Սակայն տակաւին անզօր, դեռաքայլ մանկանց նման չկրնար ինքնին յառաջել։ Ահա ընկերականութիւնը միայն կարող է ապաստան եւ զօրաւիգ ըլլալ իրեն՝ երբ փութան աջակցիլ միմեանց, եւ ձեռնակցելով շարժեն իրեն բազուկները, ձայնակցութեամբ հնչեն խրախուսական ձայներ, եւ ճախրել յառաջադիմութեան շքեղ բուրաստանը։

Աւելորդ է կրկնել մեր վաղեմի կացութեան ամեն մէկ տխուր պարագայները՝ զոր ձեր ուշիմութեամբ կրնանք դիտել. մենք խորհրդաւոր անձինքս զգայուն արձաններ դարձած, կամաւոր համր եղած, ազատածնունդ գերիներ կենդանութեան մէջ մեռած, տգիտութիւնը եւ անզգայութիւնը զմեզ բարոյական մահուան ենթարկած էր. դուք Միւնետիկներ կրնաք ըլլալ երջանիկ կոչումի մը ազդելով խրախուսական ձայն ընդհանրից՝ եւ օրինաւոր միջոցներ գործածելով, մեր կարկամեալ կացութենէ սթափիլ եւ կազդուրիլ առողջ կենաց մէջ։ Ահա մեր զգայուն մասը պէտք է յուսով յառաջդիմէ իւր ազգասիրական ձեռնարկութեան մէջ, որ ի մօտուստ կզգայ իւր վիշտերը եւ կարեկցութեան պարտքը ճանչնալով օժանդակութիւն նուիրէ եւ սիրով իւր ապագան բարւոքել։ Սակայն ուսեալ խումբը չը կրնար տարտամ վիճակի մէջ գաղափար հաղորդել, առանց ընկերականութեան կեդրոն կազմելու, զի մասնաւորը միշտ անզօր է, ընդհանրութեան դէմ այլ ընկերական մարմինը կրնայ դարմաններ խորհիլ եւ լուսաւոր գաղափարներ հաղորդել միմեանց։

Ուստի մեծարեալ տիկնայք երբ ձեր գովելի եռանդը եւ իղձը վառ պահէք սրտից մէջ, կրնանք յաջողականութեամբ ազգօգուտ գործեր կատարել, ձեր ժամերը ազատ եւ միտքերը հանդարտ են, ժամանակիս ոգին կօժանդակէ ձեզ։ Գիտէք սիրոյ զօրութիւն մեծ եւ անհամեմատ է, երբ Հայրենեաց եւ Ազգայի սրբազան սէրը հաստատ ըլլայ սրտից մէջ՝ կրնանք օգտակար ըլլալ ազգին. հրահանգ տալով մտաց բնական ձերքերը փայլեցնել եւ հնացեալ մեր վաղեմի կեղտերը հերքելով նոր կենաց ճաշակ վայելել։

Ահա Հայրենաց ոգին կը տարփայ ձեր բարոյական կենդանութեան, եւ կը յուսադրէ զձեզ այսուհետեւ ձեր գաղափարները թող զտին եւ փայլին Եդեմեան ակնափայլ վտակներու պէս. ձեր առաքինական պարկեշտ գործերը թող ծաղկին անոր հեշտաբոյր եւ քրքմանոյշ ծաղիկներուն հետ, Հայրենեաց դաշտին հեշտաձայն սոխակներուն նման խորհրդաւոր ներդաշնակութեամբ Ձեր սիրալիր գեղգեղանքը հնչեն հեշտութիւն եւ երջանկութիւն ձօնելու անոր՝ որ անձկանօք կսպասէ իւր երանաւէտ ժամուն։