Ազգային ջոջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՅՈՎՍԷՓ ՇԻՇՄԱՆԵԱՆ

1820 թուականին Քրիստոսէ ետքը, Հասունեանէ առաջ Աբբայեան վարդապետները Հայ եկեղեցին կու գային եւ իրարմէ բաժնուած եղբայրներու մէջ սէր եւ միութիւն քարոզելով հերետիկոսութիւն կը տարածէին: Աբբայաննե­րուն այս ընթացքն, որ թէպէտեւ համաձայն էր Քրիստոսի տեսական աւետա­րանին, բայց տարաձայն ըլլալով սրբազան պապին գործնական աւետարա­նին` կատաղութիւնը հրաւիրեց Քոլեճեաններուն, որոնք Վատիկանու աւե­տարանը կը գործածեն միշտ իբրեւ լաւագոյն դասագիրք… ժողովրդեան մէջ երկպառակութիւն ձգելու: Ուստի Քոլեճեան կուսակիցներէն գաղատացի մը հայ կը ձեւանայ եւ կը սկսի կեսարացի կօշկակարներուն խանութները պտտիլ` ծոցն ունենալով սրբազան պապին մէկ պատկերը: Բայց ոչ այն ծիծաղաշարժ պատկերներէն, որոնք այսօր գրավաճառներու քով կը վաճառուին եւ պապերը կը ներկայացնեն կամ սեղանի մը առջեւ նստած օղի խմելով, կամ պատի մը ծակէն կին մը… խոստովանանք ընելով: «Ինչո՞ւ անհոգ նստած էք, եղբայր­ներ, կը պոռայ անոնց, պատրիարքը Լուսաւորիչն ուրացաւ եւ պապն ընդու­նեց, տեսէք այս պատկերը, Լուսաւորչին կը նմանի՞: Ալ ասկէ ետքը սրբալոյս միւռոն չկայ, մեր զաւակները կամ ձէթով պիտի օծուին կամ ձկան իւղով: Լռելու ժամանակ չէ, ոտք ելէք, ո՛վ կօշկակարներ, եւ պաշտպանեցէք Լուսա­ւորչին… կօշիկները»: Այս բեմբասացութեան վրայ կօշկակարներն ուրիշ ըն­կերներ ալ կը գտնեն, հետեւեալ օրը պատրիարքարան կ՚իջնեն եւ ազգը տակն ու վրայ կ՚ընեն: Խռովայոյզ գաղատացին, որ ամէն տուներ կը մտնէր` գիշեր մը կը գտնուի տան մը մէջ, ուր ներկայ էր նաեւ Շիշմանեանի մայրը: Հոն երբ կը սկսի պատմել իւր ըրած մեծագործութիւնները, եւ ահա ձայն մը կը լսուի, որ կ՚ըսէր, դուրս վռնտեցէք այս մարդը: Ամէնքը շուարած իրարու երես կը նային: Նորէն ձայն: Նորէն շուարում: Երրորդ անգամ լսելի կ՚ըլլայ ձայնն: Այս անգամ ուշադրութիւն ըրած ըլլալով` կը հասկնան, որ ձայնը Շիշմանեանի մօրը նստած կողմէն կու գար եւ կը վճռեն թէ այդ տիկինը որովայնախօս է: Հարկ չէ կարծեմ հերքել այդ վճիռը, ամէնքդ ալ գուշակեցիք արդէն, որ տիկինը որո­վայնախօս չէր, այլ Յովսէփ Շիշմանեանն էր, որ Քոլեճեաններուն ըրածները լսելով սաստիկ յուզուած էր, եւ ահա այն գիշերն աշխարհ կու գայ Յովսէփ եօթն ամիս մօրն արգանդին մէջ մնալէն ետքը: Եթէ այս դէպքը չպատահէր` հա­ւանական էր, որ տասնեւութ ամիսէն ծնէր, վասն զի ամէն զինքը ճանաչողնե­րը գիտեն արդէն, թէ որչափ ծանր կը քայլէ… իւր յօդուածներուն մէջ, կամ բնաւ չէր գար աշխարհ եթէ Հասունեանի մը աշխարհ եկած ըլլալն առաջուց գիտնար, վասն զի շատ անգամ յայտարարած է թէ` Հասունեանի գտնուած տեղը ես գործ չունիմ:

Կարծես Հռովմայ եկեղեցին բարեկարգելու պաշտօնով ղրկուած էր աշ­խարհ, ինչպէս Պեյքըր փաշան Հայաստան ղրկուեցաւ, Հայաստանի քիւրտերն ի կարգ հրաւիրելու համար. վասն զի լոյս տեսնելուն պէս սկսաւ հար­ուածել իւր կրօնքը: Մայրն երբ կը տեսնէր, որ զաւակն այնչափ հակակրու­թիւն կը սնուցանէր կեանքին դէմ, օրհնեալ ջուրով արարոդ կ՚եփէր եւ կը կեր­ցունէր իրեն: Զո՜ւր ջանք: Երբոր չորս տարեկան եղաւ, թաղին բոլոր տղաները ժողվելով անոնցմէ բանակ մը կազմեց Հռովմայ գահը տապալելու համար:

1835֊ին Վենետիկի վանքը ղրկուեցաւ, որ վարդապետ ըլլայ: Յովսէփ ձայն չհանեց եւ պէտք եղած ուսումն եւ գիտութիւնն առնելէն ետքը` յայտնեց թէ վարդապետութեան յարմարութիւն չունէր, թէ աշխարհական մնալ հարկ էր իրեն, որպէսզի դիւրաւ կարենար իւր եղբայրներն ազատել Վատիկանու… Փարաւոնէն:

1844֊ին Կ. Պոլիս Միջագիւղի ս. Լուսաւորչեան վարժարանին մէջ դա­սատու կարգուեցաւ հայերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներու: Այս պաշտօնն առիթ տուաւ իրեն, որ պապերն ամէն օր հարուածէ… աշակերտներու առջեւ: Վար­ժութեան համար ինք կը պատրաստէր օրինակներ, որոնց մէջ անպատճառ պապ մը պիտի ապտակուէր:

1846֊ին դեղագործութիւն սորվելու համար դեղագործի մը քով գնաց: Իւր մտքին այն յատկութեամբն, որով ամէն բան շուտ կ՚ըմբռնէ, քիչ ժամա­նակի մէջ գործնականապէս սորվեցաւ դեղագործութեան արհեստը: Եւ որով­հետեւ մեղք կը համարէր գերապայծառ Հասունեանը հարուածելու համար առիթ փախցունելը, գրգռիչ դեղերու ամաններուն վրայ Հասունեան կը գրէր: Կը պատմուի թէ օր մը բժշկի մը մէկ դեղագիրը կը պատրաստէ եւ հիւանդին կը յանձնէ դեղն, որ զօրաւոր լուծողական էր: Մարդը տուն կ՚երթայ, դեղը կը խմէ եւ արդիւնքին կը սպասէ: Չորս ժամ կ՚անցնին. դեղն իւր զօրութիւնը չցցուներ: Վեց ժամ կը սահին, դեղն անզօր է, կարծես պատրիարքարանէ Բ. Դուռը ղրկուած թաքրիր մ՚է, բնաւ ազդեցութիւն չըներ եւ վերջապէս մարդը կը ստիպուի դեղարան երթալ եւ Շիշմանեանի հարցունել.

—Եղբայր, տուած դեղդ ի՞նչ էր:

—Դեղագրին մէջ գրուածն էր:

—Բնաւ ազդեցութիւն չըրաւ:

—Անկարելի է:

—Բժիշկն ըսած էր թէ այդ դեղը ուժով էր…

—Այո՛, լուծողական դեղերուն մէջ ամէնէն զօրաւորն է:

—Ինչո՞ւ չազդեց ուրեմն:

—Ի՞նչ գիտնամ… Հասունեանի մատն ըլլալու է այս գործին մէջը:

Մարդը ծիծաղելով կը մեկնի: Շիշմանեանը քանի մը ամիս ետքը կ՚իմա­նայ որ լուծողականի տեղ պնդեցուցիչ տուած էր, որ Աննմանի դրութեամբ պէտք էր լուծումն տալ: Վասն զի բժշկական երկու դրութիւններու համեմատ միեւնոյն դեղը թէ՛ քուն բերող է եւ թէ՛ քուն փախցնող, քնացողին քունը կը փախցունէ. օրինակի համար, եթէ մեր Ընդհանուր ժողովին տրուի` իսկոյն կ՚արթննայ, բնաւ չքնացողին ալ քունը կը բերէ, կարծես աւետաբեր մ՚է, այս աստիճան զարմանալի յատկութիւններ ունին այս դեղերը: Բայց մենք թո­ղունք բժիշկներն իրարու գլուխ պատռել եւ դառնանք մեր պատմութեանը: Շիշմանեան քաջալերուելով այս գործած սխալէն` որուն համար պատիժ մը չկրեց, միտքը դրաւ Բարիզ երթալ եւ բժիշկ ըլլալ: Սակայն մարդս մտքին մէջ բան մը դնելով ամէն ուզածը չկրնար ընել, պէտք է գրպանին մէջ ոսկի դնել: Շիշմանեան գրպան ունէր, բայց ոսկի չունէր եւ կը խորհէր թէ ի՛նչ հնարքով կարելի էր հասնիլ առաջադրած նպատակին: Յանկարծ խորհուրդ մը յղացաւ. այն է Բարիզ Մուրատեան վարժարանին մէջ դաս տալ եւ բժշկական դպրոցին մէջ դաս առնել… ճիշտ կրկնատոմարի դրութեամբ: 1848֊ին Բարիզ ուղեւորուե­ցաւ եւ սկսաւ գործադրել ինչ որ առաջադրուած էր: Տուած դասերովը կ՚ապրէր, իսկ առած դասերովն օր մը ուրիշներն պիտի ապրեցունէր:

Քանի մը տարուան մէջ մեծ յառաջադիմութիւն ըրաւ բժշկութեան մէջ. մանաւանդ ջղային ճիւղին մէջ այնչափ յառաջ գնաց, որչափ գացին մեր… փոխառութիւնները: Կատարեալ բժիշկ ըլլալէն ետքը դպրոցէն ելաւ եւ, ինչ­պէս որ սովորութիւն է, թեզ մը գրեց, որուն մէջ խօսեցաւ ազգային միու­թեան վրայ: Վարժարանէն նոր ելած բժիշկի մը բերնէն առաջին անգամ ազգային միութիւն բառերը լսուելուն պէս` շատերն զարմանքով իրարու հարցնել սկսան թէ` առողջաբանութեան հետ ի՛նչ վերաբերութիւն ունի ազգային միութիւնը, սակայն վերջէն համոզուեցան թէ ազգերն ալ ապրելու համար միութեան դեղի պէտք ունին:

Վկայականը ծոցը դնելուն պէս ելաւ Պոլիս եկաւ 1853֊ին: Ոստիկանութեան բժիշկ եղաւ: Ամէն օր մարդասպաններուն գտնուած սենեակը կ՚երթար, եւ անշուշտ քանի մը մարդ ալ ինքը կը սպաննէր… որովհետեւ ամէն հիւանդ չբժշկուիր. եւ ինչո՞ւ չսպաննէ, քանի որ վկայական ունի: Մեր ազգայիններն, որ ամէն օր լրագիրներու մէջ կը կարդային մարդասպան քիւրտերու ըրած սպաննութիւններն` կ՚ըսէին իրենց մտքէն. ահ, թշուառականներ, Շիշմանեանի պէս մէկը ղրկելու է ձեզի: Բայց Շիշմանեան, որ պատմագէտ, գրագէտ եւ ատենաբան էր, բնաւ չէր փափաքեր բժշկական ասպարէզին մէջ փայլիլ, ինքը միայն իրարմէ բաժնուած եղբայրներն ինչ կերպով միացնելու վրայ կը խորհէր: Արդէն 1851֊ին նամակ մը գրելով Հ. Ղեւոնդ վարդապետ Յովհանեանցին, յայտնած էր այս բաժանումը վերցնելու համար իր կարծիքներն, զորս բառ առ բառ կը տառագրենք հոս.

«Նախ ազգին մեծ մասը պզտիկ մասին հետեւցնել, այսինքն բոլոր հայ ազգը պապական ընել.

Երկրորդ` ազգին պզտիկ մասը մեծ մասին հետեւցնել, այսինքն բոլոր հայ ազգը Էջմիածնայ կաթողիկոսի հնազանդեցնել»:

Այս երկու ճամբաները ցոյց տալէն ետքը, ազգին մեծ մասը պզտիկին հետեւցնելու համար անկարելիութիւն կը տեսնէր. վասն զի, կ՚ըսէր, ազգին մեծ մասը ինքնիրեն մնալով ազգ մը կրնայ ձեւացնել, երբ պզտիկ մասը աննշան եւ անանուն ժողովուրդ մը կրնայ մնալ եւ ոչ տապանագրի արժանի: Այս տողերէն կ՚ուզէր հասկցնել Շիշմանեան, որ եթէ ազգին պզտիկ մասը մեծ մասը ըլլար՝ առաջին ճամբան գործադրելի պիտի առաջարկէր, այսինքն բոլոր հայ ազգը տանիլ յանձնել Հռովմայ աթոռին եւ դժբախտ բաժանման պատ­ճառն վերցնելու համար, ամբողջ հայ ազգը վերցնել աշխարհէն… ազգը միաց­նելու համար: Եւ որովհետեւ այս տեսակ միութիւնը շատերու ճաշակին դէմ էր, թող տուաւ առաջին ճամբան եւ փափաքեցաւ, որ պզտիկ մասը առնէ, վրան քիչ մը սոսինձ քսէ եւ բարակ թելով մը մեծ մասին փակցունէ, ինչպէս կը փակցունեն հրէաները կոտրուած հողէ ամանները: Կը վռնտէր Ժամանակն եւ անոր պաշտօնն իր վրայ առնել կ՚ուզէր, եւ երբ կրիայ մնալ հարկ էր իրեն` նապաստակի պէս կը վազէր: Կը կարծէր, թէ համոզումներն մարդերու պէս են եւ թէ քիչ մը նեղուելուն պէս անմիջապէս կրնան ամէնը մէկէն մէկ կրօնքէ ուրիշ կրօնք մը գաղթականութիւն ընել` ինչպէս կ՚ընեն մարդեր մէկ քաղա­քէն միւսը, մինչդեռ ամէն օր կը տեսնենք, որ կաթիլ մը օղի չենք կրնար խմցունել այն մարդուն, որ քոնեաքէն ճաթելու մօտ է եւ այնպէս համոզուած է` թէ քոնեաքով կրնայ… արքայութիւն երթալ: Ազգային միութեան համար ունե­ցած անյաղթ սէրն էր, որ ասանկ կարծիքներու մէջ կ՚առնէր կը նետէր զին­քը, եւ համարձակութիւն կու տար իրեն վատ անունը տալ Թղլեանի, որ հա­կասութեան մէջ գտնուած ըլլալն լրագիրներու մէջ հրատարակելէն ետքը, կու գար հայ պատրիարքարանի իրաւասութեանը ներքեւ կը մտնէր: Մինչեւ մօտ ատեններս կը հաւատար, որ Հռովմայ գահը, որ բողոքականութիւնը ծնած է, Շիշմանեանին ատենաբանութիւններն նկատողութեան առնելով պիտի հա­ճի տիեզերական ժողով գումարել եւ բարեփոխել իւր եկեղեցին` չկորուսելու համար ափ մը ժողովուրդ, որուն անունը Վատիկանու մթերատետրին մէջ անգամ նշանակուած չէ: Որչափ ատեն որ բախտը ժպտեցաւ եւ Հասունեանի վրայ յաղթանակ տարաւ, բոլոր յաղթութիւններն իւր կարծիքներուն առ­գրեց. իսկ երբ բախտը քիչ մը ծամածռեց երեսը` ինքն ալ ստիպուեցաւ հրա­ժարական տալ իր առժամանակեայ կարծիքներուն վասն զի վերջէն հասկցուե­ցաւ, որ մշտնջենաւոր կարծիքներ ալ ունի եւ ազգութիւնը շահելու համար բռնեց այն ճամբան, զոր Թղլեանը բացած էր վերջին տարիներս, եւ զգացուց իր ընկերներուն, որ պաշարումէն փախչիլը վատութիւն չէ:

1874֊ին Միջագիւղի ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյն վարժարանին մէջ տնօ­րէնութեան պաշտօն ստանձնեց, զոր կանոնաւոր կերպով շարունակեց քանի մը տարիներ: Չափազանց ճշմարտախօս ըլլալուն պատճառաւ երբեմն կը վիրաւորէր աշակերտները: Աշակերտին մէկը, օր մը խելօք նստած չըլլա­լուն համար, վարժարանէն արտաքսեց եւ անոր հօրն ալ նամակ մը գրեց գրե­թէ այս իմաստով.

«… աղայ, դուք մարդ չըլլալու համար երդում ըրած էք. մեր վարժարանը յիմարանո՞ց կարծեցիք, հէ… ձեր զաւակը խենդին մէկն է, եւ կարծեմ՝ թէ դուք աւելի խենդ ըլլալու էք, որ ձեր տղան չէք կրցած քիչ մը կրթել: Այս օրէ սկսելով վարժարանին դռները գոց են ձեր տղուն համար, ուստի կը խնդրիմ, որ զայն նորէն ղրկելու անկրթութիւնը չունենաք. հասկցա՞ք:

Ընդունեցէք, կ՚աղաչեմ, խորին յարգանացս հաւաստիքն, որով մնամ ձեր խոնարհ ծառայ եւ այլն»:

Նամակն կը ստորագրէ եւ ուսումնապետին կը յանձնէ, որ տնտեսին հետ ղրկէ: Ուսումնապետը քովը կը պահէ նամակը: Հետեւեալ երեկոյ Շիշմանեան կու գայ եւ կը հարցունէ ուսումնապետին.

—Նամակը ղրկեցի՞ր:

—Ոչ, կը պատասխանէ ուսումնապետն:

—Շատ խոհեմութեամբ վարուած ես, վասն զի գրելէս ետքը ես ալ զղջա­ցի թէպէտեւ վիրաւորիչ խօսք մը չեմ ըսած մէջը, այնպէս չէ՞:

—Այո՛…

—Մնաք բարով:

—Երթաք բարով:

Վարժարանի տնօրէնութիւն ըրած ժամանակն ալ իւր ժամերուն մեծ մա­սը Հասունեան խնդրոյն կը զոհէր: Հակահասունեաններու հրամանատարն ըլլալով` ամէն բան ինքը կը կարգադրէր եւ գլուխ քերելու ժամանակ չէր գտ­ներ: Շատ անգամներ հիւանդները տունը կ՚երթային եւ սպասաւորէն հետեւեալ պատասխանը կ՚առնէին.

—Բժիշկը հոս է, բայց հիւանդ չկրնար ընդունիլ այսօր, վասն զի րեւերսուրուսի դէմ յօդուած շինելու զբաղած է:

Ետ կը դառնային հիւանդներն եւ իրարու կ՚ըսէին.

—Մինչեւ որ Հռովմայ եկեղեցին չբարեկարգուի, այս մարդը հիւանդ նայելիք չունի:

Կը պատմուի, թէ օր մը Հակահասունեան բժշկի մը հետ խորհրդակցու­թեան կը հրաւիրուի հիւանդի մը տունը: Հիւանդը քննելէն ետքը` իւր ընկե­րի հետ ուրիշ սենեակ մը կը մտնէ տրուելիք դեղին վրայ խորհրդակցելու հա­մար. նախ Շիշմանեան խօսք կառնէ.

—Նստէ նայինք:

—Շնորհակալ եմ:

—Ի՞նչ կարծիք ունիք:

—Նախ եւ առաջ հրամանքնիդ ըսէք:

—Ես կարծեմ թէ ա՛լ չյաջողիր րեւերսուրուսը:

—Ես ալ այն կարծիքն ունիմ, բայց չեմ կարծեր որ…

Տան տիկինը ներս կը մտնէ.

—Դեղագիրը գրեցի՞ք:

—Հանգիստ եղէք, տիկին, անոր վրայ կը խորհրդակցինք, կը պատասխանէ Շիշմանեան:

Տան տիկինը դուրս կ՚ելնէ:

—Սակայն ինչ որ ալ ըլլայ, կ՚ըսէ միւս բժիշկը, պարտաւոր ենք Հասուն­եանի դէմ մինչեւ վերջը մաքառիլ:

—Այո՛, մինչեւ որ ամբողջ ժողովուրդը հասկնայ անոր բռնած ընթացքը:

—Սիկար մը կը շինէ՞ք:

—Շնորհակալ եմ, չեմ գործածեր կերակուրի վրայ:

—Ճաշ ըրած է՞ք:

—Այո՛, աղուոր պիֆթեք մը կերայ…

Հիւանդին եղբայրը սենեակին դուռը զարնելով ներս կու գայ.

—Դեղագիրը կու տա՞ք, գլխին ցաւը նորէն բռնեց, կը չարչարուի… կ՚ա­ղաչեմ:

—Հիմա, հիմա, կը պատասխանեն երկու ընկերները:

Այստեղ չպիտի կրնանք խօսիլ, դեղագիր մը տանք ու երթանք: Մատիտն եւ թուղթ հանեցէք, տէր բժիշկ, կ՚ըսէ Շիշմանեան:

—Դուք գրեցէք, քանի որ հիւանդը ձերն է:

—Վնաս չունի, գրեցէք հրամանքնիդ:

—Ինձի չվայլեր:

—Կ՚աղաչեմ:

—Ոտքդ պագնեմ:

—Չեմ ընդունիր:

—Կը բարկանամ:

—Անկարելի է:

Հիւանդին հայրը կը ներկայանայ.

—Քիչ մը շուտ ըրէք, կ՚աղաչեմ, ցաւէն պիտի մեռնի:

—Հիմա, հիմա, կը կրկնեն երկու բարեկամները:

—Տղայութիւն մի՛ ըներ, գրէ, որ երթանք ուրիշ տեղ մը խօսինք:

Վերջապէս ընկերը կը հաւանի դեղագիրը տալու եւ երկուքը մէկէն դուրս կ՚ելնեն, նորէն սկսելով Հասունեանի վրայ շարունակել իրենց խօսակցութիւնը:

Շիշմանեան զգալով, որ ազգային միութեան խնդիրը շատ գրաւած է իր միտքը, կ՚որոշէ Պոլսէն քիչ մը հեռանալ եւ հանգիստ ընել: 1876֊ին Կիպրոս կը մեկնի, ուր տարի ու կէս մնալէն վերջը Պոլիս կը դառնայ, ուսկից Տփղիս կ՚ուղեւորուի, նորէն Պոլիս կը դառնայ, ուր քանի մը շաբաթ մնալէն ետքը դար­ձեալ ճամբայ կ՚ելնէ երթալու համար Տփղիս, ուր կը գտնուի հիմա:

Իբրեւ պատմագէտ մեծ համբաւ կը վայելէ եւ որուն իրաւամբ արժանի է: Միայն թէ պատմութեան կը դիմէ երբեմն այնպիսի խնդիրներու մէջ, ուր պէտք էր թուաբանութեան դուռն ափ առնել: Երբ ջրավաճառն խաբէ զինք եւ յստակ ու մաքուր ջուրի տեղ պղտոր ջուր տայ, Շիշմանեան իսկոյն Պատմութիւնը ձեռք առնելով` գաւաթ մը ջուրի համար ջրհեղեղին պատմութիւնն ընել կը սկսի համոզելու համար ջրավաճառը` թէ Նոյ նահապետին օրով ալ ջրավա­ճառներուն այսպէս վարուելուն համար Աստուած ջուրին մէջ խղդեց զիրենք, թէ եթէ շարունակեն ասանկ պղտոր ջուր ծախել` անկարելի կ՚ըլլայ ազգային միութիւնը, թէ պղտոր ջուր ծախելը Հասունեանի հացին եղ քսել է:

Ոչ նուազ նշանաւոր հանդիսացած է իւր ատենաբանութիւններովն, զորս արտասանած է Միջագիւղի լսարանին մէջ: Ամէն անգամ, որ ատենաբանութիւնը լմնցնէր` լսարանին սպասաւորը օթեակներուն դռները կը բանար եւ կ՚արթնցնէր անոնց մէջ գտնուող ունկնդիրներն, իմացնելով, թէ ատենաբանութիւնն վերջացած է, թէ ազատ են իրենց տուներն երթալու եւ անկողին մտնելով հանգիստ քնանալու: Ունկնդիրներուն քնանալուն պատճառն այն էր, որ Շիշմանեան էֆենտին լակոնական ոճին վարժեցնել կը փափաքէին:

Ազգային թերթերու մէջ ալ երեւցած է, եւ կ՚երեւի երբեմն բուն եւ երբեմն կեղծ ստորագրութեամբ: Լրագիրներն երկար տարիներէ ի վեր մէկ մէկ պարահանդէսներ դարձած են. հոն դիմակով ալ կ՚ընդունուին, առանց դիմակի ալ: Իսկ ես կը զարմանամ, թէ ճշմարտութիւն խօսելու համար ինչո՛ւ ամչնայ մարդ եւ երեսը դիմակ անցունելու հարկադրուի: Թէ՛ հրապարակի, թէ՛ լսարաններու եւ թէ վէպերու մէջ Շիշմանեան էֆենտին աշխատած է եւ կ՚աշխատի երիտասարդներու սրտին մէջ հայրենասիրութիւն արծարծել. ուստի իւր խօս­քերն միշտ սիրով մտիկ ըլլուելու արժանի են:

Շիշմանեան էֆենտին որչափ ալ ծեր կարծէ ինքզինքը` դեռ երիտասարդ է իւր զգացումներով, երիտասարդի պէս կրակոտ, եւ երբ կէտի մը վրայ պնդէ` քար կը կտրի, բնաւ չկակուղնար եւ վայրկեան մը իրաւունք կու տայ մեզի հա­ւատալ Տեւկալիոնեան ջրհեղեղէն ետքը մարդերու քարերէ կազմակերպուելուն: Ծերի հետ ծեր կ՚ըլլայ, տղայի հետ տղայ եւ կնոջ հետ կին: Զուարճախօս է, ընկերութիւններու մէջ կ՚ախորժի կատակներ ընել, իսկ երբ մէկն իր մէկ արարքն հրապարակաւ հեգնէ՝ կրակ կը կտրի:

Քանի մը տարիներէ ի վեր Շիշմանեան էֆենտիին գլուխն իւր արտաքին կարծիքը փոխած է. ֆէսի տեղ գլխարկ կը դնէ: Ասկից հետեւցնելու չէ` թէ ներքինը փոխած չէ, քանի որ Էջմիածնայ գիրկը կը գտնուի այսօր: Մազերն ուսերուն վրայ կը ծածանին եւ բարերարի մը կը սպասեն, որ սանտրուին: Մտաւորական աշխատութիւններն ստիպած են զինքը գլուխը ծռելու, որով միշտ գետինը կը նայի եւ բարձր նիւթերու վրայ կը խորհի: Գրեթէ միշտ ի ձեռին ունի հովանոց մը, զոր անձրեւի ատեն չբանար, որպէսզի չթրջուի հովանոցը. արեւուն ալ չբանար, բայց երբ գիշեր ատեն լապտերով դուրս ելնէ` կը բանայ հովանոցն, որպէսզի լապտերին լոյսն արգելէ, որ վեր չելնէ: Թեւին տակը միշտ ունի լրագիրներ, թուղթեր եւ գրքեր, զորս այնչափ տարիներէ ի վեր կը կարդայ եւ չկրնար լմնցնել:

Շիշմանեան էֆենտին միջին հասակով, ո՛չ ճերմակ եւ ո՛չ թուխ դէմքով մարդ մ՚է: Ձայնը հաստ է, եթէ օբերայի թատրոնի մը մէջ պասոյի դեր կատարէր` հինգ հազար ֆրանկ ամսական կ՚առնէր: Այնպիսի դէմք մը ունի, որ կարծես փռնգտալ կ՚ուզէ եւ չկրնար: