«Մեղու»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹԱՏՐՈՆ ԱԶԻԶԻԷ

Բարով ձեզ, Վարդովեան էֆենտի, դերասանք ու դերասանուհիք, բարեւ ձեզ, յուշարարք, բարեւ ձեզ, դռնապանք եւ պահապանք, եւ վերջապէս բարեւ ձեզ, այն ամէն գոյական անուններ, որ թատրոնի մէջ կը գտնուիք:

Դերասանք եւ դերասանուհիք, արդեօք մտքերնէդ անցա՞ծ է երբեք, որ ես ալ ձեզի արուեստակից եմ:

Դուք ձեր անձին վրայ ուրիշ անձեր կը ներկայացնէք, ես ալ Մեղուին մէջ անձեր կը ներկայացնեմ. դուք երբեմն կը խնդացնէք եւ երբեմն ալ կը լացնէք, ես միշտ կը խնդացնեմ եւ երբեմն ալ կը լացնեմ. դուք մաս գոց կ՚ը­նէք եւ դեր կը կատարէք, ես ալ մաս գոց կ՚ընեմ, եւ երբեք ականջս յուշարարի չեմ ծախեր, ինչպէս որ ձենէ ոմանք կը ծախեն երբեմն. ուրիշները խնդացուցած ատենս ես չեմ խնդար, ինչպէս որ կը խնդան ձենէ ոմանք. եւ եթէ երբեմն Մե­ղուի մէջ իմ կողմէս քահքահ մը տեսնէք, գիտցէք, որ խնդացնելու կանոն­ները պահած ըլլալու համար ստիպուած եմ խնդալու. եւ եթէ երբեմն լա՛մ չհասկնաք, որ սիրտս ելած է եւ անոր համար կու լամ, ոճիս սաստկութի՛ւն տալու համար է, որ կու լամ, ճարտասանական կանոններու համեմատ վար­ուելու համար միայն կու լամ:

Դեր կատարելու կարգը ինձի գալուն պէս վայրկեան մը չկորսնցուցած տեսարան կու գամ <![if !supportFootnotes]>[1]<![endif]>. գործս լմնցնելուս պէս տեսարանէն կը քաշուիմ: Դուք շաբաթը երեք, չորս անգամ կը ներկայանաք, ես երկու անգամ կը ներկայա­նամ, դուք ձեր շրջանը լմնցնելնուդ պէս երկու երեք ամիս թատրոնը կը գո­ցէք եւ հանգիստ կ՚ընէք, ես շրջանս չլրացուցած` անգիտութեամբ տպագրա­կան օրինաց դէմ յօդուած մը կը հրատարակեմ, ես ալ իմ Թատրոնս կը գոցեմ:

Վարդովեա՛ն էֆենտի, ալ այսչափ իրարու նմանելնէս վերջը չեմ գար ձեզի հարցնելու` թէ շատ հանդիսականներ ունի՞ք. իմ ընթերցողացս թիւէն թատ­րոն եկողներուն թիւը կը գուշակեմ, ձեր վիճակը լաւ մը հասկնալու համար պէտք չունիմ ձեր գրպանները նայելու: Թշուառականնե՛ր, ձեռքս գրպանս <![if !supportFootnotes]>[2]<![endif]> խոթելուս պէս` ձեր վիճակը կը գուշակեմ եւ կը ցաւիմ:

Գրպաններնիս ալ երկուորեակներու պէս ասանկ իրարու նմանելէն ետքը, ի՞նչ պէտք ունիմ ձեզի գալ հարցնելու թէ` վհատա՞ծ էք: Ինքզինքի՛ս կը հարց­նեմ եւ կը հասկնամ, որ վհատած չե՛մ. այն ատեն ցաւս ուրախութեա՛ն կը փոխ­ուի, գրիչս կը նետեմ եւ մտքէս կ՚ըսեմ.

Ես չե՛մ վհատած, անո՛նք ալ չեն վհատած:

<![if !supportFootnotes]>

<![endif]>

<![if !supportFootnotes]>[1]<![endif]>        Ձեզի պէս

<![if !supportFootnotes]>[2]<![endif]>        Ձեր գրպաններուն ներողութիւնը կը խնդրեմ։