«Թատրոն»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՈՒՂԵՐՁ ԱՌ ՔԱՅՍԵՐԼԻ ԱՀՄԵՏ ԲԱՇԱՅ ԿՈՒՍԱԿԱԼ ԶՄԻՒՌՆԻՈՅ

Լրագիրք պատմեցին Իզմիրի դէպքը, արգոյ հասարակութիւնն ալ կարդաց ու իմացաւ եղածն. մեզ կը մնայ ուղերձ մը հրատարակելով շնորհակալու­թիւննիս յայտնել առ Քայսերլի Ահմետ բաշայ, որ Յովհաննէս Վէմեանն ու ընտանիքն սրօք եւ սուսերօք ծեծել տալով հանել տուաւ իւր հօրմէ ժառան­գած տունէն, որ իւր եղբարցը մէկուն կողմէն պարտքի փոխարէն աւանդ տրուած է եղեր վաճառականի մը:

Ո՜վ Քայսերլի Ահմետ բաշայ, ձեր այս քաջասրտութիւնը բոլոր աշխարհ հիացուց. կանանց վրայ յարձակելու եւ զանոնք նուաճելու համար շատ ուժ եւ քաջութիւն ունենալու է մէկը, եւ դուք ձեր քաջութեամբը շատ դիւրութեամբ յաջողեցաք կնիկները սրով նուաճելու: Ապահով եղի՛ք, որ եթէ կանանց դէմ պատերազմ մը հրատարակուի, բանակին հրամանատարը դուք պիտի ըլլաք: Հասարակութիւնը շատ շնորհակալ է ձեզմէ, որ առանց Պոլիսէն զօրք ուզելու կրցաք քանի մը կնիկներ ու պզտի տղաքներ զսպել, անոնց թեւը, գլուխը կոտ­րելով եւ արեան մէջ թաթխելով: Հասարակութիւնը դարձեալ շնորհակալ է ձեզմէ, որ այդ կնիկները ու պզտի տղաքները կախել չտուիք, որովհետեւ քա­ջութիւն ցցունելու փափաքը կրնար զձեզ դէպի հոն մղել:

Ընդունեցէ՛ք, տէր, մեր յարգանաց ո՛չ այնչափ խորին հաւաստիքը եւ աշ­խատեցէք ուրիշ գաւառաց կնիկներն ու տղաքներն ալ սրօք եւ բրօք գանա­կոծել տալով` ձեր քաջասրտութեան ապացոյցներէն զմեզ չզրկել: