«Թատրոն»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՓՈՒՆՋԻՆ ԱՆԿՈՂԻՆԸ

Փունջին ուրբաթ աւուր թերթին մէջ կը կարդանք` որ մարդուն մէկը ան­կողին մ՚է հնարեր: Այս անկողինը իրիկւընէ կը յարդարես եղեր եւ արթննալ ուզած ժամուդ` քեզի վեր վեր նետելով՝ կ՚արթնցնէ եղեր. եւ մինչեւ որ չել­նես նէ` հանգիստ չկենար եղեր:

Ասիկա նոր գիւտ մը չէ, ասանկ անկողիններ մայրաքաղաքիս մէջ եւ այ­լուր շատ կը գտնուին, եւ որոնք ոչ թէ միայն ուզած ժամանակդ` այլ չուզած ժամանակդ ալ քեզ կը ցատկեցնեն եւ թող չեն տար, որ քնանաս:

Ասոնց մէկ աղէկ տեսակն ալ կայ, որ ամենեւին չքնացներ, այս տեսակ անկողիններուն մէջ պառկողները հետեւեալներն են.

Սիրուհիներէն վռնտուած սիրահարներ:

Լրագիրնին դադրած եւ չդադրած խմբագիրներ:

Ամսականնին չառնող վարժապետներ:

Խօսքերնին չքալեցնող երեսփոխաններ:

Իրենց վիճակէն հեռու գտնուող առաջնորդներ:

Ի նպաստ իրենց տրուած ներկայացումներէն վնասուող դերասաններ:

Թրախոմայով աղջիկ առնողներ:

Սնտուկին տակէն ծակած թաղականներ:

Թրամուէյ բանող փողոցները գտնուող տուներուն մէջ նստողներ: