ՀԱՆԳԻՍՏ
ՄՇԵՑԻ
ՊԱՐՈՆ
ՄԿԸՐԻ
Աշխարհի
մէջ
կարի
սակաւաթիւ
եղած
են
այն
մարդիկը,
որ
մասնաւորի
մը
կամ
ընդհանրութեան
մը
բարիք
կ՚ընեն՝
միայն
բարի՛ք
ընելու
նպատակով.
այս
անձանց
է
պահուած
ճշմարիտ
փառաց
ժառանգորդ
ըլլալու
իրաւունքը,
այս
անձանց
է
Աստծոյ
արքայութեան
մէջ
բարձր
աստիճան:
Հայ
ազգը
այս
օրերս
սակաւաթիւ
անձերէն
մէկը
կորոյս.
հայ
ազգը
չճանաչեց
զանի,
բայց
այն
անձը
ո՛չ
միայն
լաւ
ճանաչեց
իր
ազգը,
այլեւ
անոր
համար
մաշեցաւ,
անոր
համար
հիւծեցաւ
եւ
իր
բոլոր
հարստութիւնը
անոր
պիտոյիցը
ծախսեց.
պա՛րզ
ապրեցաւ,
աղքատութեան
մէ՛ջ
ապրեցաւ,
անծանօթ
եւ
աննշան
ապրեցաւ,
վասնզի
փառաց
եւ
պատուոյ
համար
չապրեցաւ.
ազգին
համար
միայն
ապրեցաւ
եւ
ազգին
տանը
մէջ,
Ազգային
Հիւանդանոցին
մէջ
կնքեց
իր
թանկագին
կեանքը:
Մշեցի
պարոն
Մկըրն
էր
ասի,
Մշեցի
Մկըր
կը
կոչէին
ամէն
զինքը
ճանչցողները
եւ
այս
անունով
գոհ
կ՚ըլլար
ինքը.
վասնզի
իր
մեծ
երջանկութիւնը
իր
հայրենեաց
անուան
յաճախ
յեղյեղուիլն
ու
անկորուստ
մնալն
էր,
իր
հայրենեաց`
որուն
համար
նիւթապէս
եւ
բարոյապէս
կարի՛
շատ
աշխատեցաւ:
Տակաւին
աչքներնուս
առջեւն
է
Մշեցի
Մկըրը
ազգային
վարչութեան
ժողովներուն
մէջ,
որ
իր
հայրենակցաց
վիճակին
բարւոքութեան
համար
երեսանկեալ
կ՚աղաչէր
ոտքի
վրայ
կանգնած
այն
էֆենտի,
պէյ,
եպիսկոպոս,
պատրիարք
եւ
այլ
աստիճանաւոր
անձանց
առջեւ,
որոնցմէ
շատ
մեծ
էր
ինքը,
թէեւ
Մշեցի
Մկըր
անունն
ու
կապոյտ
վարտիք
մը
կրելով`
շատ
մեծ
էր
անոնցմէ,
վասնզի
ոչ
ոք
անոնցմէ
իրեն
չափ
սիրտ,
միտք,
ստակ
եւ
կեանք
մաշեցուցած
էին
հայրենեաց
համար:
Արեւելեան
պատերազմի
ատեն
շահու
համար
Խրիմ
գացած
ու
հոն
իր
աչալրջութեամբ
4
հազար
լիրայէն
աւելի
ստակ
շահած
էր.
այս
գումարն
ամբողջ
Մշոյ
գաւառին
մէջ
ցանեց`
ստակին
տեղ
մարդ
բուսցունելու
փափաքով
եւ
իր
այս
հարստութենէն
իր
որդւոցը
միայն
այնչափ
բաժին
հանելով,
որով
միայն
Մշոյ
մէջ
կրնան
ապրիլ,
թերեւս
այն
դիտաւորութեամբ
ըրաւ
ասի,
որ
իր
տղայքը
ստիպուին
իրենց
հայրենիքէն
չհեռանալու:
Ինքն
գրել
կարդալ
չէր
գիտեր,
բայց
բնական
հանճար
ունէր
եւ
անով
հասկցած
էր
թէ,
իր
հայրենակցաց
թշուառութեան
մէկ
գլխաւոր
պատճառն
ալ
տգիտութիւնն
էր.
ուստի
ամէն
ջանք
ըրաւ,
որ
իր
հայրենեաց
ապագայ
զաւակներուն
թշուառութիւնը
հնար
եղածին
չափ
թեթեւցնէ:
Ատեն
մը
Տոլմապահճէի
կազհանէն
պաշտօն
մը
ունէր,
որով
ամիսը
3
հազար
ղուրուշի
չափ
ստակ
կը
վաստկէր:
Արդի
վեհափառ
Գեւորգ
կաթողիկոս
ձանձրացած
ըլլալով
այս
անձին
ստէպ
երթալ
զինքը
անհանգիստ
ընելուն`
Տարնոյ
ժողովրդին
այլ
եւ
այլ
խնդիրներովը,
աղաչեր
էր
զՏատեան
Պօղոս
պէյ,
որ
երթայ
կազհանէին
տնօրէնէն
խնդրէ,
որպէսզի
չթողու
զՄշեցի
Մկըր
ստեպ
պատրիարքարան
երթալուն:
Բաշան
զինքը
կանչեր
եւ
հրաման
ըրեր
էր,
որ
չերթայ
հոն,
թէ
ոչ
զինքը
կը
վռնտէ:
«Քառասունըհինգ
տարի
է
որ
կ՚ապրիմ,
հինգ
տարի
է,
որ
քու
հացդ
կ՚ուտեմ,
անկէ
առջի
քառսուն
տարիներուն
մէջ
իմ
հացս
տուող
Աստուածս
այսուհետեւ
ալ
կու
տայ.
ես
իմ
ազգիս
համար
աշխատելէն
չեմ
կրնար
ետ
կենալ»,
պատասխաներ
էր
Մշեցի
Մկըր
եւ
անմիջապէս
առեր
քալեր
է
հոնէն`
այն
ամսական
3000
ղուրուշ
շահը
իր
ազգին
սիրուն
զոհելով:
Քսանըհինգ
տարիէ
ի
վեր
իւր
բոլոր
հարստութիւնը
եւ
իր
վաստակը
իւր
հայրենեաց
նուիրեց.
ինք
ալ
հոս
հիւրասիրութեամբ,
աղքատասիրութեամբ
եւ
ամենայն
պարկեշտութեամբ
ու
ողջախոհութեամբ
ապրեցաւ:
Ա՛հ,
քանի
անգամ
որ
կը
տեսնէի
այս
մեծ
մարդը,
կը
դիտէի
անոր
բարձր
հասակը,
միայն
աչացաւով
վիրաւորուած
վեհ
դէմքը
եւ
կը
լսէի
անոր
համեղ
այլ
ազդու
ձայնը,
մեծ
մխիթարութիւն
կը
զգար
սիրտս,
զի
անտէրունչ
ազգիս
տէրութիւն
եւ
պաշտպանութիւն
ընելու
անշահադէտ
կամք,
սիրտ
եւ
հոգի
մը
կը
տեսնէի:
Աւա՜ղ,
այս
անհողդողդ
կամքը,
այս
բարի
սիրտը,
այս
վեհ
հոգին
ալ
վերացաւ:
Երանի՜
թէ
հանգուցեալ
Մշեցի
պարոն
Մկըրին
ցանած
սերմերէն
այլ
մշեցիներ
յառնէին
անոր
հոգւովն
ու
սրտովը
ուռճացած: