«Թատրոն»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՐԵԽՆԱՄ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանէն հասած լուրերն վերջապէս կը յայտնեն թէ` հարստահա­րութիւնը Մշոյ կուսակալ կարգուած է, թէ` հարստահարութիւնն է Մուշը կա­ռավարողը:

Չկայ հոն ո՛չ ստացուածքի ապահովութիւն, ո՛չ կենաց եւ ո՛չ ալ պատուոյ երաշխաւորութիւն, այլ կայ հոն յափշտակութիւն, մարդասպանութիւն, պատ­ուոյ բռնաբարում եւ վերջապէս այն ամէն չարիքներն, որ կառավարութիւն չու­նեցող քաղաքի մը մէջ միայն կրնան գործուիլ:

Կարինէն Մասիսի ղրկուած նամակ մը հետեւեալ տեղեկութիւններն կու տայ:

 

«Քաղաքս հասած լուրերն եւ մասնաւոր տեղեկութիւններն զՄուշ մեծ յուզման եւ վտանգի մէջ կը նկարագրեն. անխուսափելի եւ ծանրակշիռ վտանգի ենթարկուած է հոն տեղի ազգայնոց վիճակը: Եկած գիրերն անստորագիր են, որ միայն կը ծանուցանեն թէ` հեռագիրն ու փոսթան մեզ համար արգիլուած են, թէ` այգիները կը կտրեն, կը ճմլեն, կ՚ոչնչացունեն, եւ եթէ հոն անձ մը դիմացնին ելնէ` դանակով կը զարնեն, թէ` հնձանները, դէզերն ու մարագները կ՚այրուին, թէ` ուր որ հայ մը տեսնուի, խաչ եւ հաւատք կը հայհոյեն, թէ` մանուկ տղաքներէն մինչեւ ծեր, այր եւ կին, առ հասարակ կը գանակոծուին տաճիկներէն, թէ` հայ աղաները կառավարութեան ժողովքները երթալէ դադրած են եւ այլն. կարծես կառավարութիւն չկայ Մշոյ մէջ… Մուշէն եւ գեղերէն 300֊400 տնուոր հանրագրութիւն կազմեր են տաճկընալու համար… եւ այլն եւ այլն եւ այլն»:

 

Արդեօք Տպագրական տեսչութիւնը կը ներէ՞ մեզ այս անլուր վայրենու­թեանց, բարբարոսութեանց ու գազանութեանց տակ հեծեծող մեր եղբարց կա­կանաբարձ հառաչանաց արձագանք տալ, անոնց հետ արտասուել, քուրձ զգեն­լով եւ մեր սրտէն արիւն հոսեցնելով մեր տխուր ճակատագիրն ողբալ: Արդ­եօք, կ՚ըսենք, Տպագրական տեսչութիւնն գոնէ այս շնորհն կ՚ընէ՞ մեզ, թէ մեր սրտին, զգացմանց ու արտասուաց վրայ ալ տիրելու իշխանութիւն ու­նենալով` մեր դժբախտութիւնն ողբալն ալ կ՚արգիլէ…

Հայերն ամէն վիշտ ու տառապանք, աքսոր ու հալածանք կրելէն ետքը, այսօր ամենայն յօժարութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը տանին հպատա­կութեան լուծը, եւ ասոր փոխարէն կը բռնաբարուին թէ՛ ստացուածքի, թէ՛ կրօ­նի եւ թէ՛ պատուոյ կողմանէ: Այս լուծն հպատակութեան ըլլալէ դադրած` գե­րութեան լուծ եղած է, ու այնքան ծանրացած` որ անբերելի ըլլալով` Մշոյ հա­յերն ա՛լ անկարող կ՚ըլլան զայն կրելու եւ հարստահարութենէ խալսելու յոյ­սով կրօնափոխութեան դիմել կ՚որոշեն:

Հպատակ ազգ մը, երբ առ կառավարութիւնն ունեցած պարտաւորութիւնները կը կատարէ, լիուլի իրաւունք կ՚ունենայ կառավարութենէն ինչքի, կենաց եւ պատուոյ ապահովութիւն խնդրել. եւ կառավարութիւնն պարտաւոր է անոր այս խնդիրքն կատարել ո՛չ իբրեւ շնորհ, այլ իբրեւ իրեն պարտքը: Գաւառաց հայերը դարերէ ի վեր կը հարստահարուին, դարերէ ի վեր թաքրիրներ կը գրուին ու հարստահարութիւնները դարերէ ի վեր կը շարունակուին. արդ, կամ այն է, որ գաւառաց հայերը միայն տուրք վճարելու եւ հարստահարուելու դատապարտուած են, կամ այն է, որ բարեխնամ կառավարութեան գաւառաց մէջ գտնուած չարախնամ կուսակալներն անկարող ըլլալով հարստահարիչները զսպելու, ոճրագործութեանց տեսարանին առջեւ նարկիլէ քաշելով կը զուարճանան:

Ասոնց ո՛րն ալ հաւանական ըլլայ` սա ճշմարիտ է, որ գաւառաց հայերն զրկուած են այն ամէն իրաւունքներէն, զորս հլու եւ հաւատարիմ հպատակ ազգերն կը վայելեն ամէն տեղ եւ ամէն ատեն:

Լսածնուս նայելով` ս. պատրիարք հայրն Մեծ Եպարքոսին ներկայա­ցեր ու Մշոյ այս վիճակն նկարագրելով ետ դարձեր է գոհացուցիչ խոստում­ներով:

Աղօթենք Աստուծոյ, որ այս խոստումներն իր նախորդաց պէս ապար­դիւն չմնան ու բարձր. Մահմուտ Նետիմ բաշային օրով իսպառ վերնան գաւառներէն այս հարստահարութիւններն, որ հակառակ բարեխնամ կա­ռավարութեան կամացը տեղի կ՚ունենան: